Սիրելի ընկերուհիներ,
Աւանդութեան համաձայն, այս տարի ևս ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը իր 10 մասնաճիւղերով նշեց յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած նուիրեալ ՀՕՄ-ի հիմնադրիրներուն, բարերարներուն եւ մահացած ընկեր-ընկերուհիներուն հոգւոյն ի յիշատակ։
Հոգեհանգստեան պաշտօնները տեղի ունեցան Կիրակի՝ 25 Փետրուար 2024-ին Գանատայի տարածքին զանազան եկեղեցիներու մէջ՝ Համլթնի Սբ. Մարիամ, Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին Հայոց Առք․ Եկեղեցւոյ, Մոնթրէալի Սբ. Յակոբ եւ Լաւալի Սբ. Գէւորգ եկեղեցիներուն մէջ:
Այս առթիւ յատկապէս հոգեհանգիստ խնդրուեցաւ հետեւեալ բարերարներուն հոգւոյն ի յիշատակ՝ ։
Խաչատուր Մալումեանի
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեանի
Արաքսի Բրուտեանի
Սամուէլ եւ Աղաւնի Երեմեանի
Հայկանուշ Կարապետեանի
Նուպար Ճէսուրեանի
Բաստրմաճեան եղբայրներու
Մաննիկ Տայլէրեանի
Պօղոս Քէլեան Լինթեանի
Յարութիւն Եսայեանի
Անի Տէմիրճեանի
Վանուհի Իսաջանեանի
Ընկերական բարեւներով՝
Հ.Օ.Մ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն