Volume 22- November 30, 2022
Հաղորդակցութիւն թիւ 3
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Հ.Հ. Դեսպանատուն
Նոյեմբեր 20, 2022


Կիրակի, 20 Նոյեմբեր, 2022-ի միջօրէին ժամը 12:00-ին, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ ՀՕՄ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչական կազմի կարգ մը անդամներու պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան։ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան բարի գալուստ մաղթեց ՀՕՄուհիներուն եւ դրուատեց ՀՕՄ-ի ունեցած գործունէութիւնը հայրենիքէն ներս, թէ դուրս:
ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկերուհի Լուսին Փալանճեան յայտնեց, թէ ՀՕՄ-ը իր բարեսիրական գործունէութիւնը կը կատարէ ի սէր հայ ազգին ու հայրենիքին: Ապա աւելցուց, որ ՀՕՄ-ը աւելի քան 110 տարիներէ ի վեր ողջ կազմակերպական իր ներուժը ի սպաս դրած է Հայ ժողովուրդին։ Տէր կանգնած է հայ զինուորին, պատերազմի պատճառով որբացած հայ երեխաներուն, բարձրագոյն ուսման հետեւող ծնողազուրկ երիտասարդներուն եւ Արցախէն տեղահանուած հայ ընտանիքներուն։ Ներկայիս հակառակ անոր որ ան լուրջ մտահոգութիւններ ունի շարք մը քաղաքական իրադարձութիւններու մասին, սակայն, վճռած է շարունակել սկսուած ծրագիրները օգտակար հանդիսանալու հայ երեխային, հայ ընտանիքին եւ հայ զինուորին:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումը առիթ դարձաւ խօսելու գանատահայ կեանքի, կամաւոր աշխատանքի, եւ ընդհանրապէս Հայաստանի մասին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Հանդիպման ընթացքին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը նամակ մը յանձնեց դեսպանին, որուն մէջ ամփոփուած էին վարչութեան բոլոր մտահոգութիւնները՝ Հայրենիքի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ հայութեան գոյութենական այսօրուան ճգնաժամին մասին։

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան այցելութիւններ
Օթթաուայի "Սեւան" Մասնաճիւղի Վարչութեան
Նոյեմբեր 20, 2022
Թորոնթոյի "Ռուբինա" Մասնաճիւղի Վարչութեան
Նոյեմբեր 26, 2022
ՄԻսիսոկայի "Առագաստ" Մասնաճիւղի Անդամներու հետ
Նոյեմբեր 27, 2022
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան
Միջ-վարչական առցանց հանդիպում
14 Հոկտեմբեր, 2022

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Միջ-վարչական առցանց հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբեր, 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:45-էն սկսեալ հետեւեալ ժամանակացոյցով:

1) "Ժողովավարական կանոններ, քուէարկութիւն եւ ընտրութիւն"
ներկայացուց՝ ընկհ․ Նայիրի Տէրտէրեան
"Meeting Rules, Voting and Election"
Presenter: Ungh. Nyree Derderian

2) "Ժողովավարական կանոններու գործնական կիրարումը մեր գաղութային եւ միութենական կեանքէն ներս"
ներկայացուց՝ ընկհ․ Հուրի Նաճարեան
"The Practical Implementation of Meeting Rules within Our Community and Organization"
Presenter: Ungh. Houri Najarian

3) "Ընդհանուր կանոններ"
ներկայացուց՝ ընկհ․ Աննա Պուլկարեան
"General Rules"
Presenter: Ungh. Anna Boulgarian
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկ․ Լուսին Փալանճեան
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկ․ Նայիրի Տէրտէրեան
ՀՕՄ-ի Թորոնթօ "Ռուբինա" մասնաճեւղի անդամ՝ ընկ․ Հուրի Նաճարեան
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալ "Սօսէ"մասնաճեւղի անդամ՝ ընկ․ Աննա Պուլկարեան
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 2022 թուականի
համալսարանական Եւ գոլէճի
Կրթաթոշակ ստացող ուսանողներ
ARS Canada 2022 University and College
Scholarship Recipients
Vancouver scholarship recipients, Arshag Zakarian (3rd from left) and Tigran Hakopyan (4th from left) with ARS Vancouver "Araz" chapter board members

Կրթաթոշակ ստացողներ՝ Արշակ Զագարեան եւ Տիգրան Յակոբեան, Վանգուվըր "Արազ" մասնաճիւղի վարչական անդամներու հետ
Արշակ Զագարեան կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Arshak Zakarian, 2022 University Scholarship Recipient, Vancouver Chapter, with Ungh. Azo Movsessian.
Տիգրան Յակոբեան կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Tigran Hakopyan, 2022 University Scholarship Recipient, Vancouver Chapter, with Ungh. Azo Movsessian.
Կրթաթոշակ ստացողներ՝ Սերլի Ահարոնեան, Սարգիս Ղազարեան եւ
Շանթ Շահինեան ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչական անդամներու հետ

Montreal and Laval scholarship recipients, Serli Aharonian (first from left), Sarkis Kazarian (2nd from left) and Chant Chahinian (5th from left) with ARS Canada Executive Board members
Սերլի Ահարոնեան կը ստանայ
Գոլէճի կրթաթոշակ

Serli Aharonian, 2022 College Scholarship Recipient, Montreal Chapter, with Ungh. Suzy Boyamian.
Շանթ Շահինեան կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Chant Chahinian, 2022 University Scholarship Recipient, Laval Chapter, with Ungh. Suzy Boyamian.
Սարգիս Ղազարեան կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Sarkis Kazarian, 2022 University Scholarship Recipient, Laval Chapter, with Ungh. Suzy Boyamian.
Սարին Չարշաֆեան կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Sareen Karshafian, 2022 University Scholarship Recipient, Toronto Chapter, with Ungh. Ani Hotoyan-Joly.
Զարեհ Մագարեան կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Zareh Makarian, 2022 University Scholarship Recipient, Toronto Chapter, with Ungh. Ani Hotoyan-Joly.
Արմէն Արդին կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Armen Artin, 2022 University Scholarship Recipient, Toronto Chapter, with Ungh. Ani Hotoyan-Joly.
Տանիէլ Այիգ կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Daniel Ayik, 2022 University Scholarship Recipient, Toronto Chapter, with Ungh. Ani Hotoyan-Joly.
Լոռի Պէրպէրեան կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Lorie Berberian, 2022 University Scholarship Recipient, Toronto Chapter, with Ungh. Ani Hotoyan-Joly.
Նարօտ Զագարեան կը ստանայ համալսարանի կրթաթոշակ

Narod Zakarian, 2022 University Scholarship Recipient, Toronto Chapter, with Ungh. Ani Hotoyan-Joly.
Կրթաթոշակ ստացողներ՝ Տանիէլ Այիգ, Արմէն Արդին եւ Լոռի Պէրպէրեան Թորոնթօ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկ․ Մարալ Միսիրեանի եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ ընկ․ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի հետ

Group photo with Toronto scholarship recipients, Daniel Ayik, Armen, Artin and Lorie Berberian with Toronto "Roubina" Chapter Chair, Ungh. Maral Misirian and ARS Canada Regional member, Ani Hotoyan-Joly.
Կրթաթոշակ ստացողներ՝ Անդօնի Ադալեան Գեմպրիճի "Մեղրի" մասնաճիւղի վարչական անդամներու հետ

Anthony Atalian, 2022 University Scholarship Recipient, Cambridge Chapter, with "Meghri" Chapter varchagan members.
Կրթաթոշակ ստացողներ՝ Ռոզալին Կիրակոսեան Գեմպրիճի "Մեղրի" մասնաճիւղի վարչական անդամներու հետ

Rozalin Draghosian, 2022 University Scholarship Recipient, Cambridge Chapter, with "Meghri" Chapter varchagan members.
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան
Կանչ Հաղորդում
ARS Canada Podcast
"Ganch" Podcast
starting January 1, 2023


Սիրելի՛ ընկեր-ընկերուհիներ,

Ուրախութեամբ կ՛ուզենք փոխանցել ձեզի, թէ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեանս նախաձեռնած «Կանչ» հաղորդման անդրանիկ յայտարարութիւնը պատրաստ է արդէն եւ կը կարօտի լայն տարածման եւ ծանօթացման: Ինչպէս միշտ այս անգամ եւս վստահելով ձեր քարոզչական արշաւին պիտի յաջողինք մեր ձայնը լսելի դարձնել մեր հայրենակիցներուն: Այժմ, «Կանչ» հաղորդման առաջին պաշտօնական յայատարարութինը կարելի է ունկնդրել մեր ընկերային ցանցերու զանազան հարթակներու վրայ:

Dear Friends,

It is with great happiness that we write to let you know that the ARS Canada Regional Executive Committee’s “Ganch” program’s inaugural announcement is ready. We are looking to distribute this widely, and reach as many people as possible. As always, we are relying on your abilities to distribute this messaging among our community members. You can now listen to the inaugural announcement regarding “Ganch” on our different social media platforms.
We are sure that with your support and ideas, we will be able to successfully communicate our message.
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան
Կազմակերպութեամբ՝ Զեկուցական հաւաք
"Ջաւախքը այսօր"
Դեկտեմբեր 12, 2022
Հայ Հորիզոնի տեսակցութիւն
Անահիտ Մեսրոպեանի եւ Կեդրոնական Վարչական անդամ՝
ընկհ․ Արմինէ Կարապետեանի հետ
Hay Horizon Interview with Anahit Mesrobian and
ARS Central Executive Board member Ungh. Arminee Karabetian
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի Մասնաճիւղերու
անցեալի ձեոնարկներ
ARS Canada Chapters'
Past Events
October and November 2022
Վանգուվըր "Արազ" մասնաճիւղի թէյասեղան
ARS Vancouver "Araz" Chapter
High Tea
November 12, 2022
Հաւաքոյթէն խմբային նկար մը
Հաւաքոյթէն խմբային նկար մը
ՀՕՄ-ի Միսիսոկա "Առագաստ" մասնաճիւղի
Պարտիզագնացութիւն
ARS Mississauga "Arakasd" Chapter
A Day in the Park
October 23, 2022
ՀՕՄ-ի Համիլթըն "Արեւ" մասնաճիւղի
Գինի համտեսման հաւաքոյթ
ARS Hamilton "Arev" Chapter's
Wine Tasting Event
November 13, 2022
Հաւաքոյթէն խմբային նկար մը
Գինիներու տեսակներ
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալ "Սօսէ" Մասնաճիւղ
Մանթի պատրաստելու երեկոյ
ARS Montreal "Sosse" Chapter
Manti Madness
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալ "Սօսէ" Մասնաճիւղի
Գոհաբանական Տօնի Հաւաքոյթ
ARS Montreal "Sosse" Chapter's
Thanksgiving Event
October 11, 2022
Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, կ՛օրհնէ սեղանը, Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եւ Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ Վրդ.Եագուպեանի ընկերակցութեամբ
Ձեռնակէն խմբային նկար մը
Ձեռնակէն խմբային նկար մը
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալ "Սօսէ" Մասնաճիւղի
տարեկան տoնավաճառ
ARS Canada Montreal "Sosse" Chapter's
Annual Bazaar
November 12 and 13, 2022
Այս տարի ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառի 60-ամեակն էր:

Վարչութիւնն ու իր յառաջացուցած տօնավաճառի յանձնախումբը, ընկերային յանձնախումբի հետ զուգահեռ, ամիսներ առաջ արդէն իսկ սկսած էին աշխատանքի:

Երկօրեայ տօնավաճառի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 12 Նոյեմբերի առաւօտեան, Հայ Կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս ՀՕՄ-ի քայլերգով: Ներկայ էին՝ Գերաշնորհ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ Վրդ.Եագուպեան, Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Ա. քահանայ Գոյունեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մօտ Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Արմինէ Կարապետեան, ՀՕՄ-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Փալանճեան եւ վարչական ընկերուհիներ, Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Նելլի Համալեան Պարսէմեան եւ վարչական ընկերուհիներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր, որոնց կարգին էին, Քէպէք Նահանգի խորհրդարանի անդամ տիկին Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ՝ ընկհ.Մարի Տերոս, ընկհ.Վանա Նազարեան եւ Տիկ. Էֆֆի Ճիանու. 

«Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Զաքարեան բացման իր խօսքով, նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի եւ ընկերային յանձնախումբերու անդամուհիներուն՝ իրենց անձնուիրութեան, համագործակցութեան եւ համերաշխ աշխատանքին, ի նպաստ տօնավաճառի յաջողութեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, օժանդակներուն եւ կամաւորներուն, որոնք կը քաջալերեն ՀՕՄ-ի ձեռնարկները: Ընկերուհին դրուատեց երիտասարդ ընկերուհիները, որոնք փորձառու ընկերուհիներու կողքին աշխատեցան եւ սորվեցան անոնց փորձառութենէն: Շհորհակալական խօսք ուղեց նաեւ Սրբ. Յակոբ Ազգային Վարժարանի աշակերտներուն, ԳԵՄ-ի Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ ընկեր-ընկերուհիներուն եւ ՀՄԸՄ- Կամք սկաուտներուն, որոնք նաեւ իրենց օգնութեամբ նպաստեցին այս ծրագրին: Ընկերուհի Զաքարեան ներկայացուց տօնավաճառի կնքամայր ընկհ. Սիլվա Սայլիքի կենսագրականը եւ գովաբանեց անոր երկար տարիներու նուիրումն ու ներդրումը ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքէն ներս: Ընկհ. Սայլիք եղած է ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի առաջին վարչութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը եւ միշտ հաւատարիմ մնացած է ու կը մնայ մինչեւ օրս՝ իր սիրած միութեան նպատակներուն: Ապա տեղի ունեցաւ տօնավաճառի ժապաւէնի հատումը:

Գերաշնորհ Սուրէն Արք.Գաթարոյեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ հայրական աղօթքով օրհնեց ներկաները: Սրբազանը բարձր գնահատեց նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներու զոհաբերութեան ոգին, միշտ պատրաստ օժանդակութեան ձեռք երկարելու եւ ծառայելու հոն ուր որ հարկաւոր է: Սրբազան հօր խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Տօնավաճառը կ'ընդգրկէր զանազան կրպակներ՝ հագուստեղէնի, կաղանդի զարդարանքներու, կանացի զարդեղէններու, հայկական ձեռագործներու, Հայաստանեան արտադրութիւններու, Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի գրադարանի գիրքերու, մրգեղէններու եւ զանազան տեսակի համեղ ճաշերու ու անուշեղէններու՝ պատրաստուած անդամներու եւ համակիրներու կողմէ:

Տօնավաճառի երկու օրերուն ընթացքին, պաստառի վրայ ցուցադրուեցան ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի արխիւներէն քաղուած 60 երկար տարիներու տօնավաճառներու պատկերները: 

Տեղին է յիշել, որ երկօրեայ սոյն տօնավաճառի հասոյթը ամբողջովին պիտի յատկացուի Մոնթրէալի Սրբ. Յակոբ Ազգ. վարժարանին: Բոլոր ընկերուհիները իրենց ճիգերը ի սպաս դրին յաջողցնելու այս նպատակը:

Վարձքերնիդ կատար նուիրեալ ընկերուհիներ :


This year, once again, the Armenian Relief Society Montreal “Sosse” chapter was able to hold its traditional annual bazaar, on November 12 and 13, 2022.

The official opening ceremony took place on the morning of Saturday, November 12, with the ARS anthem. Amongst the guests present at the opening, was His Grace Archbishop Souren Kataroyan, Very Rev. Hagop Yaacoubian. Father Karnig Koyounian, ARS Central Executive Board’s Canada representative ungerouhi Arminée Karabetian, ARS Canada Regional Executive Board’s chairperson ungerouhi Lucine Palandjian and members, chairperson of ARS Laval "Shushi" chapter ungerouhi Nelly Barsemian as well as representatives of sister organizations, members, volunteers and friends. We also had the pleasure to have amongst us ungerouhi Sona Lakhoyan Olivier, Member of the National Assembly of Quebec, ungerouhi Vana Nazarian, City Counselor, Côte-de-Liesse district, Effie Giannou, City counselor, Ahuntsic-Cartierville district, and ungerouhi Mary Deros, City Councilor Ensemble Montreal.
·         
In her opening remarks, ARS Montreal "Sosse" chapter’s chairperson ungerouhi Houry Zakarian, welcomed the guests, participants and volunteers. To commemorate the 60th anniversary of the ARS annual bazaar, ungerouhi Zakarian mentioned the hard work the ARS members have accomplished throughout the years while successfully accomplishing milestones within the Armenian Community. She thanked the elder members for devoting their time and becoming exemplary role models to the younger generation.
 
She thanked the members of the bazaar committee and the members of the social committee for their perseverance, cooperation and solidarity, which contributed to the success of the bazaar. Additionally, she acknowledged all the donors, sponsors and volunteers who have supported the organization’s mission throughout many years and continue to stand by the organization under the current situation. Ungerouhi Zakarian noted the contribution of younger members who worked alongside experienced members and learned from their knowledge and skills during this tremendous task.

ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի
ոսկեայ տարիքի հանդիպում
ARS Laval "Shoushi" Golden Years Event
November 1, 2022

ՀՕՄ- ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի Ոսկեայ տարիքի հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, նոյեմբեր 1, 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10։30 ին Պարոնեան սրահէն ներս։ Աշնանային այս գեղեցիկ օրը ներկայ էին մօտաւորապէս 65 անդամներ եւ համակիրներ, միասնաբար անցնելու գեղեցիկ ժամեր։
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի
Ջաւախքի նուիրուած ձեռնարկ
ARS Laval "Shoushi" Event
Javakh Event
October 21, 2022

Ամէն տարի ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը սովորութիւն դարձուցած է կազմակերպել Ջաւախքի նուիրուած ձեռնարկ մը: Այս տարի եւս այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր, 2022-ին, Լաւալի հայ կեդրոնի Պարոնեան սրահէն ներս։

Ձեռնարկին Ներկայ էին ՀՕՄ- ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գանատայի ներկայաուցիչ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան, Շրջանային վարչութեան անդամներ, Լաւալի կեդրոնէն ներս գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ, Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ ընկհ. Սեդա Թոփուզեան եւ ութսուն ՀՕՄ-ի անդամներ եւ համակիրներ։

Օրուան հանդիսավար ընկհ.Էլիզապէթ Երեմեան հրաւիրեց ներկաները երգելու ՀՕՄ-ի քայլերգը: Ջաւախքի օրհներգը մեներգեց ընկհ.Հիլտա Լիպարեան-Օգումուշեան: Ապա ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը հայրենի զոհուած նահատակներուն։

Տիրամայր Չարեանի ճաշակեսցու աղօթքէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան պատրաստուած համեղ ճաշերով ու անուշեղէններով։
Կիլիկիա պարախումբէն երեք անդամներ հայկական պարերով ելոյթ ունեցան: Ընկհ. Հիլտա լիպարեան-Օգումուշեան մեներգեց « Կռունկներ» եւ «Կապոյտ Մանուշակ» երգերը։

Հանդիսավարը հակիրճ ձեւով ներկայացուց եւ ապա բեմ հրաւիրեց օրուան դասախօս ընկհ.Թամար Շահինեանը: Ընկերուհին լայնօրէն խօսեցաւ Ջաւախքի պատմութեան, Ջաւախքահայութեան կեանքի, աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին: Ան տեսահալովակի մը ցուցադրութեամբ ներկայացուց Ջաւախք այցելութենէն պատառիկներ։
 
Մասնաճիւղի ատենապետ ընկհ.Նելլի Պարսեմեան շնորհակալաութիւն յայտնեց ներկաներուն, պատգամաբեր ընկերուհիին եւ յայտագիրի մաս կազմողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց պատրաստած համեղ ճաշերով ճոխացուցին ճաշասեղանը։

ՀՕՄԻ Թորոնթօ "Ռուբինա" մասնաճիւղի
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
Annual Bazaar
Տարեկան Պազար
Նոյեմբեր 5 եւ 6, 2022


Leadership Development Program 
Organized by ARS Toronto "Roubina" Chapter

Leadership development programs are offered by several big organizations, and leading Canadian universities, but what they lack in these program offerings is the unique cultural lens, as they’re offered to a diverse group of leaders.

Eight months ago a group of ARS members came together to imagine what leadership development for women in the ARS community can look like while thinking about it from a cultural lens.
What does it mean to be an Armenian in the community, and the workplace; and how does our Armenian culture have an impact on the decisions we make and the path we take?

This has been eight months of volunteer work in the background as the team brainstormed, designed and developed this new leadership program.

The group brainstormed the overall objectives of creating a women leadership program:
1) Improve their leadership abilities in the Armenian community and out in the workforce / wider community.
2) Find ARS as a place where they feel a sense of belonging: and
3) Build personal relationships and have fun

Over the course of the fall months, the committee executed on the 3-day program. We piloted this new program with 14 women. During day 1, on September 24, 2022, we talked about all things related to leading the self: values, passions, strengths and purpose. We need to do self reflection on who we are as a leader, otherwise it's challenging to think about how to lead others in the workplace and the community.

During day 2, on October 22, 2022, we took it one step further: we talked about the importance of goal setting, resilience and mental health, and diversity inclusion and belonging. What does it mean to belong?

During our last day of the program, on November 19, 2022, we brought it all together to focus on the personal brand we have in the context of leadership. We talked about the support that we need as leaders, whether that’s from a coach, mentor and sponsor. All three play a critical role in helping us grow as leaders. We ended the day with the discussion of various types of leadership styles.

At the end of day 3, We held a graduation ceremony where 14 graduates received their Certificates of Completion. The cake cutting took place afterwards where participants shared their appreciation of the program and how they will apply what they learned in their personal and professional lives. Our invited guests, also ARS Toronto "Roubina" chapter members, shared their experiences being a member of ARS and what being an ARS member means to them.

ARS Toronto "Roubina" Chapter is grateful to the six organizing committee members and facilitators of this program: Jackline Ajamian, Catherine Dorna, Ani Hotoyan-Joly, Dr.Garni Tatikian, Reena Khesroof and Hasmig Zarokian. Thank you for your commitment and dedication to ARS and leadership development.

Written by: Ungh. Reena Khesroof
ARS Canada Toronto "Roubina" Chapter's
Heritage Day dedicated to Armenians in Syria
Տոհմիկ Օր Ձօնուած Սուրիոյ Հայ Գաղութին
November 26 and 27, 2022
Թորոնթոհայ գաղութի ազգապահպանման կարեւոր հիմնաքարերէն մէկը համարուող ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մանաճիւղի կազմակերպած «Տոհմիկ Օր»-ուան 28-րդը՝ «Հիւրընկալ Սուրիան, Հայաշունչ Հալէպը» տեղի ունեցաւ երկու օրերու տեւողութեամբ, 26-27 Նոյեմբեր 2022-ին։ Առաջին օրը՝ խրախճանքին, լիառատ սեղաննեու շուրջ համխմբուած, «Կիլիկիա» Նուագախումբի եւ մեներգողներ՝ Լեւոն, Դալար, Գէորգ եւ Մհերի երգերով եւ հաճելի անակնկալներով յագեցած երեկոյթին ընթմէջէն մտովի ուղղուեցանք ծննդավայր՝ Սուրիա։ Մուտքի սեղանը կը զարդարէր՝ ամիսներու երկարատեւ աշխատանքներու արդիւնքը եղող եւ այդ երեկոյթին կրկնակի փայլք տուող «Տոհմիկ Օր»-ուան առիթով յատուկ խնամքով հրատարակուած գիրքերը, որոնք նուրիրուեցան ներկաներուն։

Աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Գէորգ Մուրատին բացառիկ գործերով, Սուրիական արտադրութիւններով զարդարուած ցուցդրական սեղաններով, պատերուն պաստառներով, գեղեցիկ համադրութեամբ զարդարուած սեղաններով ու Հալէպի Հին շուկաներու մեծածաւալ նկարներով՝ Հայ Կեդրոնի սրահին իւրաքանչիւր անկիւնէն կը բուրէր Սուրիոյ յուշերու քաղցրութիւնը։

Հանդիսավարներ՝ Սարին Փօլատեան-Աբիկեան եւ  Անդօ Խշուաճեան «Բարի գալուստ» մաղթեցին ներկանորուն։ Բացման Խօսքով հանդէս եկաւ «Տոհմիկ Օր»-ուան փոխ ատենապետուհի՝ Վարդուհի Պարտագճեան, ապա՝ «ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ» խորագիրով կենդանի պատկերին ընթմէջէն Սուրիոյ հայ գաղութին անցեալէն այսօր երկարող յաղթական ճանապարհը կենդանացաւ։  Ռուպինա Սարգիսեանի հայկական պարի կատարողութենէն ետք, Սարին Փօլատեան-Աբիկեան ասմունքեց  Զարմիկ Պօղիկեանի՝  «Հեքիաթային Իմ Հալէպ»ը, որմէ ետք Լեւոն Գարակիւլէեան կատարեց Սայաթ Նովա։      
             
Ականաւոր անձնաւորութիւնները ներկայացուց ընկերուհի՝ Հուրի Նաճարեան ու պարգեւատրուեցան՝ տիկ. Սոնա Օհաննէսեան, տիար Գրիգոր Հոթոյեան եւ Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, որուն սրտի խօսքը յուզեղ եւ ոգուորեց բոլոր հալէպահայերը։       
                         
Սրտի խօսք եւ Սեղանի օրհնութիւն կատարեց՝   Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, որմէ ետք տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ «Հայերը Սուրիոյ Մէջ»-ը կենդանացուց Սուրիոյ պատկերները մեր աչքին առաջ եւ խրախճանքը շարունակուեցաւ երգ ու պարով, վիճակահանութեամբ եւ ճոխ մթնոլորտով, ուր բոլոր ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ վայելեցին «Տօհմիկ Օր»-ուան յանձնախումին, ամիսներ շարունակ երկարող, մեղուջան աշխատանքի արգասիքը։
 

Երկրորդ օրը, Կիրակի, 27 Նոյեմբեր 2022-ին, «Տոհմիկ օր»-ուան դասախօսական ցերեկոյթը անցկացնելու նպատակով թորոնթոհայերը համախմբուած էին Հայ Կեդրոնի հայաբոյր սրահէն ներս, ուր ներկաները ցուցադրուած պատկերներուն, իրերուն եւ զարդերուն կողքին ըմբոշխնեցին արուեստագէտ Գէորգ Մուրատի արուեստի անգին նմոյշներէն մի քանին։
Բարի Գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար՝ Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեան եւ օրուան պատգամն ու խորհուրդը ներկայացնելէ ետք ասմունքեց Համաստեղի՝ «Հայու Ոգին», որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Տոհմիկ Օ»-ուան յանձնախումբի ատենապետ՝  Կարօ Միսիրեան։

Դասախօսները ներկայացուց հանդիսավար՝ Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեան, ապա՝ Դասախօս՝ Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան ներկայացուց՝ «Հալէպ Հնոց Հայապահպանման» նիւթը, որմէ անմիջապէս ետք, Կոմիտասի «Վաղարշապատի Պար» եւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»ը կատարեցին Նշան Փափազեան՝ Ջութակով եւ Դաշնամուրով՝ Մարիա Տաւուտեան։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ՝ Մարալ Միսիրեան ընթերցեց Օնթարիոյ նահանգի խորհրդարանի անդամ, Տիար Արիս Պապիկեանի գնահատական խօսքը։ Դասախօսութեան երկրորդ նիւթը՝ «Սուրիոյ Հայ Գաղութի Իւրայատկութիւնը», դասախօսեց Մոնթրէալէն ժամանած՝ Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, ապա՝ Հրայր Թաշճեանի համադրած տեսերիզի ցուցադրութենէն՝ «Պատկերներ Սուրիահայ Կեանքէն» ետք ԱՄՆ-էն ժամանած աշխարհահռչակ արուեստագէտ՝ Գէորգ Մուրատ ներկայացուց՝ «Արուեստը Մշակոյթի Պահպանման Միջոց» նիւթը, ուր նկարչական կենդանի կատարումով, Յովհաննէս Մուպայէտի նուագակցութեամբ, եւ իր արուետի իւրայատուկ ոճով հիացուց բոլոր ներկաները։

Հասած էր դասախօսները պարգեւատրելու պահը, որմէ ետք փակման խօսքը կատարեց՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան, ապա՝ «Կիլիկիա» երգը միաբերան երգեցին բոլոր ներկաները, ու իւրասիրութեամբ մը աւարտին հասաւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած 28-րդ «Տոհմիկ Օր»ը։

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Տոհմիկ Օրուայ Կազմակերպիչ Յանձնախումբ եւ Վարչութիւն

Մեծարեալներու Գնահատանք

Գերշ․ Տէր Սուրէն Արք․ Գաթարոյեան
Տիկ․ Սոնա Օհաննէսեան
Տիար Գրիգոր Հոթոյեան

Հօմուհիներ խրախճանքի ընթացքին
ՀՕՄ-Ի Գեմպրիճի "Մեղրի" Մասնաճիւղի
Տարեկան Պազար
ARS Cambridge "Meghri" Chapter's
Annual Bazaar
November 26, 2022
Շաբաթ Նոյեմբեր 26-ին, ՀՕՄի Գեմպրիճ "Մեղրի" մասնաճիւղը ունեցաւ Ամանորի Տօնավաճառ:

Սոյն տօնավաճառը սկսաւ ընկ. Մարկօ Թագուշեանի բացման խօսքով, ապա Արժանապատիւ Հայր Գեղարդ Քիւսպէկեան արտասանեց իր սրտի խօսքը և օրհնեց բոլոր մասնակցողները և նա մանաւանդ այս ձեռնարկը համադրողները և շատ համեղ ճաշերը պատրաստողները:

Տօնավաճառի կնքամայր ընկերսւհի Անժէլ Պալճեան հատեց ժապաւէնը և պաշտօնապէս սկսաւ տօնավաճառը:
Այս մեր առաջին նախաձեռնութիւննէ և յոյսով պիտի շարունակուի տարուէ տարի:

Շնորհակալութիւն բոլոր մասնակցողներուն, նուիրատուներուն և բոլոր անոնց որոնք անխոնջ աշխատեցան և յաջողցուցին այս տօնավաճառը:

Բոլորիդ վարձքը կատար սիրելի ընկերուհիներ:

The ARS Cambridge "Meghri" Chapter Christmas Bazaar took place on Saturday, November 26, 2022.

Ungerouhi Margo Takouchian provided a brief opening speech, followed by heartfelt words and blessings from Father Keghart Kosbakian. Ung. Angel Baljian' the bazaar's godmother, cut the ribbon to officially start the Bazaar.

Thank you to all those who attended and supported this successful event! Grateful thanks as well to all the vendors and volunteers for their participation and hard work! There were a lot of wonderful products, services, and delicious foods available, and everyone had an enjoyable time!

Hopefully this will become an annual event that we can all look forward to!
Ձեռնակէն նկար մը
Ձեռնակէն խմբային նկար մը
ARS Chapters' Future Events

ՀՕՄ-ի Լաւալ "Շուշի" Մասնաճիւղի
Թալին եւ իր ընկերները
ARS Canada Laval "Shoushi" Chapter's
Taline et Ses Amis
December 17, 2022
ՀՕՄ-ի Համիլթըն "Արեւ" մասնաճիւղի
Ամանորի Տօնավաճառ
ARS Hamilton "Arev" Chapter's
Christmas Bazaar
December 11, 2022
ՀՕՄ-ի Օթթաուա "Սեւան" մասնաճիւղի
Տարեկան Պազար
ARS Ottawa "Sevan" Chapter's
Annual Bazaar
December 10, 2022
ՀՕՄ-ի Վանգուվըր "Արազ" Մասնաճիւղ
Տօնածառի լուսաւորում
ARS Canada Vancouver "Araz" Chapter's
Tree Lighting Event
December 3, 2022
ՀՕՄ-ի Վանգուվըր "Արազ" Մասնաճիւղի
Նոր Տարուայ Խրախճանք
ARS Canada Vancouver "Araz" Chapter's
New Year's Party
December 31, 2022
ՀՕՄ-ի Լաւալ "Շուշի" Մասնաճիւղի
Տարեկան տօնավաճառ
ARS Canada Laval "Shoushi" Chapter's
Bazar et Arts
December 3 and 4, 2022
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալ "Սօսէ" Մասնաճիւղի
շաքարներու աշխարհ
ARS Montreal "Sosse" Chapter's
Aux Pays Des Bonbons
December 11, 2022
ՀՕՄ-ի Գեմպրիճի "Մեղրի" Մասնաճիւղի
կաղանդի հաւաքոյթ
ARS Cambridge "Meghri" Chapter's
Ladies' Christmas Party
December 11, 2022
ՀՕՄ-ի Թորոնթօ "Ռուբինա" Մասնաճիւղի
Ամանորի խրախճանք
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
Christmas Party
December 9, 2022
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղ
ARS Montreal "Sosse" chapter's
«Գրքի ակումբ»ի ձեռնարկի ՆՈՐ ԹՈՒԱԿԱՆ,
Book club NEW DATE
December 14, 2022
Սիրելի՛ Հօմուհի,

Կ՛ուզե՞ս Կաղանդի նուէր մը տալ ՀՕՄ-ին:

Ահաւասիկ մեր հասցէն՝


Կրնաս նաեւ e-transfer կատարել


Շնորհակալութիւն

Dear ARS Canada member,

Would you like to make a donation to ARS

Here is how:


or you can e-transfer to

ars-canada@bellnet.ca

Thank You