SHARE:  
28 Մայիս, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
«ԱՌԱՒՕՏ ԼՈՒՍՈՅ» ԺԱ․ ԱՂՕԹՔ
Կը կարդայ՝ Վանայ Գասարճեան
(Ս. Խաչ եկեղեցի, Պեթեստա, Մէրիլէնտ)

Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ
Ի խորոց սրտի խօսք՝ Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ,
Ազգային Առաջնորդարանի Ծխականներուն ու Բարեկամներուն

Յառաջիկայ Կիրակի պիտի տօնախմբենք Հոգեգալուստի տօնը, ծանօթ՝ Պենտեկոստէ անունով, ոգեկոչելով Սուրբ Հոգիին էջքը առաքեալներուն վրայ, որ կանխաւ յայտնուած էր մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի կողմէ: Իրա՛ւ է որ Սուրբ Յարութեան տօնին զրկուեցանք աւանդական կերպով եկեղեցիներուն մէջ միասնաբար տօնելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական յարութիւնը, ի հետեւումն համավարակի ստեղծած ներկայ կացութեան: Այնուամենայնիւ, հաստատ մնացինք մեր հաւատքին մէջ եւ հաւատարիմ՝ մեր սուրբ եկեղեցւոյ: Մեր սրտազգաց շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր Հովիւներուն, սարկաւագներուն, դպրաց դասի եւ հոգաբարձութեանց անդամներուն, որոնք առցանց եւ Դիմատետրի վրայ Սուրբ Պատարագի կանոնաւոր սփռումով հաւատացեալներուն հոգեւոր կեանքը սնուցին:

Փա՜ռք կուտանք Ամենակալ Աստուծոյ որ կը գործէ բժիշկներու ու հիւանդապահուհիներու հերոսական յանձնառութեանց ու բժշկական հաստատութեանց ընդմէջէն, հանրային սպասարկուներուն միջոցաւ, որոնք մեր կարիքները կը հոգան երբ մեր տուներուն մէջ ապահով առանձնացած ենք, նաեւ գիտական աշխարհի հետազօտողներուն միջոցաւ, որոնք պետական շրջանակներու քաջալերանքով իրենց առաքելութեան մէջ լծուած են համաշխարհային ներկայ տագնապի դարմանը գտնելու:  

2020 համավարակը հաստատ որ աննախընթաց է: Բայց եւ այնպէս, մարդկային կեանքի դէմ ցցուած իւրաքանչիւր սպառնալիք զօրաշարժի ենթարկած է ներքին կարողականութիւնները մարդ արարածին՝ որ կը կրէ պատկերը Արարիչին, յաղթահարելու ամէն տագնապ: Կասկած չկայ որ երկար ճամբայ ունինք կտրելիք համավարակի ձորին մէջէն դուրս գալու համար: Մինչ այդ, սակայն, կ՚ողջունենք երկու ամսուան տնային առանձացումէ ետք իշխանութեանց որոշումը՝ հիմնուած առողջապահական հաստատութեանց լուրջ առաջադրանքներու վրայ, աստիճանական կերպով դառնալու բնականոն կեանքի, ընդ որս եւ վերաբանալու մեր եկեղեցւոյ դռները հաւատացեալներուն առջեւ:  

Որպէս Քրիստոնեաներ մեր սրտերը լի են առաւել գոհունակութեամբ, որովհետեւ այս ուրախալի լուրը կը զուգադիպի Հոգեգալստեան տօնին: Սուրբ Հոգին ստեղծագործութեան մէջ միշտ ներկայ է եւ անոր բարիքները անհուն են: Ան Հովիւները մարգարէ ու թագաւոր դարձուցած է, ձկնորսները՝ փառաց թագաւորին պատգամաւորներ, Խոր Վիրապի մէջ բանտարկեալները՝ Լուսաւորիչներ, մեղաւորները՝ սուրբեր, երկրաւորները՝ երկնաւորներ: Ուստի կը հաւատանք որ Սուրբ Հոգին՝ աստուածային էութեան կենսունակեցուցիչ ոյժը, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր կը ներգործէ մարդկային բարօրութեան համար, եւ կ՚ուղղէ մեզ երբ խնդրենք իր իմաստութիւնը, առաջնորդութիւնը եւ զօրութիւնը:    

Որպէս համայնք, մեր առաջնահերթութիւնը ըլլալով ֆիզիքական, մտաւոր ու հոգեւոր առողջութիւնը մեր հաւատակիցներուն ի մասնաւորի, եւ ընկերութեան՝ առհասարակ, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ լրջութեամբ կը հետեւինք քաղաքական իշխանութեանց, առողջապահական հաստատութեանց, Սուրբ Գրքի եւ Եկեղեցւոյ հայրերու ցուցմունքներուն եւ ուսուցումներուն: Առ այդ, խորհրդակցելէ ետք Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետին, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարաններու Առաջնորդներուն, Թեմիս հոգեւոր Հովիւներուն եւ Ազգային իշխանութեան հետ, կը յայտնենք որ յառաջիկայ Կիրակիէն սկսեալ մեր եկեղեցիները իրենց դռները վերստին կը բանան հաւատացեալներուն առջեւ, միշտ հետեւելով իւրաքանչիւր նահանգի ե՛ւ բնականոնացման ժամանակացոյցին, ե՛ւ առաջադրուած ուղեցոյցին:

Նկատի ունենալով նահանգային վերաբացման գործընթացքը, Հովիւ եւ Հոգաբարձութիւններ պարտին հետեւիլ տեղական իշխանութեանց հականեխումի եւ առողջապահական բոլոր ցուցմունքներուն՝ եկեղեցւոյ, գրասենեակներու, դասարաններու եւ սրահներու առնչութեամբ: Չմոռնանք որ մաքրութիւնը միշտ զուգահեռ կ՚ընթանայ բարեպաշտութեան: Ահա թէ ինչու որպէս օրինակ, եկեղեցականը միշտ՝ Պատարագի սկիզբը կը լուայ իր ձեռքը, որպէսզի մարմնի եւ հոգիի մաքրութեամբ բարձրանայ Խորան՝ մատուցանելու Սուրբ Պատարագը:   

Դարձեալ, իւրաքանչիւր Ծուխի պատկան Մարմին մնայուն կերպով պարտի հետեւիլ նահանգային վերատեսուած օրէնքներուն եւ զանոնք ծանուցանել ծխականներուն, որպէսզի չվտանգուի անոնց առողջութիւնն ու ապահովութիւնը: Այս ուղղութեամբ կը խնդրենք մեր հաւատացեալներէն որ կապի մէջ ըլլան հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ եկեղեցւոյ գրասենեակին հետ, մօտէն ծանօթ մնալու որոշումներու այժմէականացման: Եկեղեցին ամբողջ համայնքին հոգեւոր տունն է, ուստի իւրաքանչիւր ծխական իր սեփական տան պէս ապահով եւ հանգիստ պէտք է զգայ:

Աստուծոյ նախախնամութեան ապաւինելով կը յուսանք որ աստիճանաբար հոգեւոր կեանքը իր բնականոն ընթացքը պիտի վերագտնէ: Մինչ այդ, Սուրբ Պատարագը պիտի շարունակուի առցանցի վրայ սփռուիլ, որպէսզի անոնք որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չեն կրնար Սուրբ Խորհուրդին անձամբ ներկայ ըլլալ, գէթ կարենան ի հոգեւորս մասնակցիլ իրենց բնակարանէն:   

Յանդորրամտութիւն մեր հաւատացեալներուն, կ՚ուզենք յայտնել որ առողջապահական նախանձախնդրութենէ մեկնելով, ժամանակաւոր բարեփոխումներ կատարած ենք մեր աւանդական Սուրբ Պատարագի մատուցման մէջ, հետեւեալ ձեւով.-

Ա. ՍԿԻԶԲ: Սուրբ Պատարագը կը սկսի Տէրունական աղօթք՝ «Հայր մեր»ով, «Զսաղմոսերգութիւնս եւ զաղաչանս» մաղթանքով, եւ անմիջապէս ետք քահանային «Օրհնեալ թագաւորութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ...» օրհնաբանութեամբ:

Բ. ՈՂՋՈՅՆ: Խուսափելու համար հաւատացեալներու միջեւ «Ողջոյն»ի փոխանակումէն, Սարկաւագի «Ողջոյն տուք միմեանց» երգէն ետք, պատարագիչը դառնալով ժողովուրդին կ՚ըսէ՝ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», հաւատացեալները միաբերան կը պատասխանեն՝ «Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի», ապա դպիրները կ՚երգեն «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ»:

Գ. ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ:  Սուրբ Հաղորդութիւնը պիտի մատակարարուի յընթացս Սուրբ Պատարագի: Որպէս Հայ եկեղեցւոյ զաւակներ, գիտենք ու կը հաւատանք որ Սուրբ Հաղորդութիւնը լիիրաւ, կենդանի եւ կենդանարար Մարմինն է եւ սրբազնագոյն Արիւնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին, որ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը մատակարարուի: Անկախ ներկայի օրէնքներէն, պատարագիչը կանոնական բծախնդիր մաքրութեամբ միշտ զայն հրամցուցած է հաւատացեալներուն: Լիովին կը հասկնանք ու կր բաժնենք այն հաւատացեալներուն մտահոգութիւնները որոնք կրնան տատամսիլ Սուրբ Սեղանին մօտենալ: Վստահ եղէք, բոլոր հաւատացեալներուն ներկայութիւնը նոյն սիրով կ՚ողջունուի եկեղեցիէն ներս:

Բաժնեկցելով առողջապահական մտահոգութիւնները, ցնոր տնօրինութիւն Սուրբ Հաղորդութիւնը տեղի պիտի ունենայ փոքր շեղումով աւանդական ձեւէն, ըստ որում պատարագիչը Սրբութիւնը հաւատացեալին բերանը կը դնէր: Ներկայիս, պատարագիչը Սրբութիւնը պիտի դնէ հաւատացեալին ափին մէջ, հաղորդուողը ուղղակի զայն ճաշակէ եւ անմիջապէս ետք՝ յարգելով Հաղորդութեան սրբութիւնը, իր ձեռքը մաքրէ:

Դ. ԱՐՁԱԿՈՒՄ : Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հաւատացեալները առանց համբուրելու Աւետարանը, «Մաս»ը բանկալէն վերցնելով ուղիղ կը մեկնին, նկատի ունենալով որ հաւաքները զեղչուած են:

Սուրբ Պատարագի եզրափակիչ սաղմոս - երգ՝ «Օրհնեսցուք զՏէր յամենայն ժամ»ով, միշտ գոհութիւն կը յայտնեք Ամենակալ, Բարերար, Գթառատ մեր երկնաւոր Հօր, որ մեզ կ՚առաջնորդէ խաւարէն՝ լոյս: Բարձրօրէն կը գնահատենք բոլոր մակարդակներու վրայ մեր համայնքներուն մէջ ծառայող հոգեւոր եւ աշխարհական սպասարկուներուն աչալուրջ գործակցութիւնը, ի խնդիր մեր հաւաքական կեանքի առողջ եւ զօրաւոր պահպանման: Սրտբաց կ՚ողջունենք Քրիստոսի սուրբ արեամբ փրկուած մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը, որ հանգրուանային զարգացումով աներկիւղ յաճախեն եկեղեցի՝ Սուրբ Պատարագին մասնակցելու, իրենց մոմը վառելու եւ աղօթելու, մէկ խօսքով Եկեղեցիանալու՝ վերազարթնեցնելով քրիստոնէական կեանքը իր հաւատքով, յոյսով ու սիրով: Միաժամանակ, անխտիր ամէնքս զգուշութեամբ հետեւինք առողջապահական ցուցմունքներու, որպէսզի բացուին դռներն յուսոյ եւ փախ տայ (փախչի) ձմեռ՝ թագաձեւ համավարակը մեր երկրագունդէն, եւ գիտակցաբար գնահատելով մեզի պարգեւուած կեանքը, երախտապարտ ըլլանք եւ միշտ փառաւորենք նախախնամող Արարիչը:

Առաջնորդ Արեւելեան ԱՄՆ-ի Թեմի

ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԴՐՕՇԱԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Մայիս 28, 1918ին, հայ ժողովուրդի վճռակամութիւնն ու հերոսական ոգին կերտեց անոր հրաշալի յարութիւնը` Աստուծոյ հովանաւորութեամբ եւ խիզախ ու նուիրեալ աշխարհական եւ եկեղեցական առաջնորդներու շնորհիւ։ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութիւնը ապահովեց հայ ազգին վերապրումը ցեղասպանութենէն ետք։

Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հրահանգով, այս Կիրակի, 31 Մայիսին, Արեւելեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գոհաբանական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի պիտի ունենայ: Հոգեհանգիստ պիտի մատուցուի Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն ինկած հերոսներուն եւ Արցախի պայքարի մերօրեայ նահատակներուն համար։  Նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրի համավարակին պայմանները, աղօթք պիտի ըլլայ նաեւ ի խնդիր Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ համայն աշխարհի ժողովուրդներու առողջութեան ու միասնականութեան։   
 
«Օրհնէ՛, Տէ՛ր, այս եռագոյն դրօշը։ Եւ այնպէս ինչպէս ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան վրայ ծիրանի գօտիով քու եւ մարդկութեան միջեւ ուխտ հաստատեցիր, հիմա ալ, սուրբ եւ հերոսական արիւնի հեղումէ ետք այս գեղեցիկ գոյներով դրօշը քեզի հետ կնքուած մեր ուխտին թող նշանը ըլլայ։
 
Օրհնէ՛, ո՜վ Տէր, մեր երկիրը, մեր Հայրենի երկիրը, ուր երանութեան դրախտը հաստատեցիր աշխարհի ստեղծագործութեան ժամանակ։ Դարերու ընթացքին անողոք թշնամին աւերակի վերածեց զայն, բայց այժմ քու ողորմութեամբդ եւ շնորհքի առատութեամբդ առաւել ծաղկեցուցիր զայն։ Մեր եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները եւ բարեսիրական հաստատութիւնները զարդարէ՛ յառաջդիմութեամբ եւ սրբութեամբ, եւ պահպանէ՛ զանոնք թշնամիներէն։ Օրհնէ՛ ինչ որ բարի է հոն, յատկապէս անուններուն առաջինը՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ անունը» (Գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան համար, հատուած)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ 
Մեր առաջին հանրապետութիւնը ծնած էր ամենէն դժխեմ պայմաններուն մէջ՝ ցեղասպանութեան մոխիրէն։ Սովի ու հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ տուայտող եւ աղքատութեան դէմ պայքարող Հայաստանը միաժամանակ ստիպուած էր կռիւ մղել ամէն ռազմաճակատի վրայ՝ կարճատեւ անկախութեան ընթացքին իր գոյութիւնն իսկ պահպանելու համար։
                                                                                                                         
Անցեալը կարելի չէ անտեսել, երբ կը նայինք դէպի ապագայ։ Երբ մեր առաջին հանրապետութիւնը ծնունդ կ՚առնէր 102 տարի առաջ, երաշխաւորուած չէր, որ գերիշխան պետութիւն մը պիտի ունենայինք՝ վեց դարու թրքական տիրապետութենէ ետք։ Սակայն, եթէ հայկական պետականութիւնը գոյացած չըլլար, այսօր, լաւագոյն պարագային, ոչ-պետական քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն մը պիտի ըլլայինք՝ մեր աշխարհագրական գօտիի քաղաքական յարափոփոխ վիճակին ու թշնամի ուժերու քմայքներուն ենթակայ։ 
 
Այս բոլոր հաստատումները գոյութենական արժէք ունին մեր ազգի յարատեւութեան համար։ Պէտք չէ թերագնահատել այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա միշտ հետամուտ է Հայաստանի գոյութիւնը վտանգելու, եւ հետեւաբար մեր սեփական անկախ երկիրը ունենալը ամենէն ուժեղ պաշտպանական գիծը կը հաստատէ ընդդէմ թշնամիի մը, որ 11րդ դարէն սկսեալ, երբ առաջին թրքական հորդաները ներխուժած էին մեր հողերը, աշխատած է մեր ազգը նուաստացնել ու բնաջնջել։

Հետեւաբար, մեր հանրապետութեան ծնունդը պատմական ուղենիշ մըն էր՝ հայ ազգի ինքնահաստատումը ընդդէմ դարաւոր թշնամիի բռնութեան։ Անկախութեան նուաճումով, թօթափեցինք օսմանեան բազմադարեան լուծը՝ անոր ցեղասպան կամեցողութեան ենթարկուելէ երեք տարի ետք։  
 
Ասիկա, սակայն, միայն մէկն է այն պատճառներէն, որոնք մեզ կը մղեն մեր հարիւրամեայ հանրապետութեան վրայ գուրգուրալու։ Անոր քաղաքական համակարգը, ղեկավարները եւ, մինչեւ որոշ տեղ, սահմաններն անգամ պատմական դիպուածներ են։ Նոյնիսկ եթէ հասարակ տեղիք թուի, անհրաժեշտ է շեշտել, որ մեր հայրենիքի ամբողջականութիւնը մեր ազգի հիմնաքարերէն մէկն է՝ մեր ժողովուրդի, մեր լեզուի ու մեր հաւատքի կողքին։

Այո՛, մեր թշնամիներուն սպառնալիքին գիտակցիլը մեր յարատեւութեան մղիչ ուժերէն մէկն է, նոյն ձեւով, ինչպէս որ ախտի ու մահուան անմիջական փորձառութիւնը ունենալով՝ մարդ աւելի ուժգին կը փարի կեանքին։

Այսուհանդերձ, աւելի խոր բան մը կայ, որ կը բացատրէ գոյատեւելու մեր կամքը, ո՛չ միայն իբրեւ մարդ էակներ, այլ իբրեւ հայեր, հազարաւոր տարիներ առաջ սկսած մեր ուղեւորութեան մէջ, կառչած մնալով մեր լեզուի գործածութեան եւ մեր վերապրելու անպարտելի ոգիին՝ այդ ջահը փոխանցելով ապագայ սերունդներուն։ Մաղթենք որ մեր շառաւիղներն ալ, հազարաւոր տարիներ ետք, կարողանան պահպանել հայրենիք մը, ուր շարունակեն գտնել մեր բառերն ու ձայները, մեր եկեղեցիները, մեր Արարատը (թերեւս սահմանի ճիշդ կողմը) եւ կեանքի անսանձ ծարաւը որ մեր ո՞վ ըլլալը կը ձեւաւորէ։  


ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻՆ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

Կիրակի, Մայիս 24ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։

Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն այսօր, Սուրբ Յարութեան եօթներորդ Կիրակին, ծանօթ է Երկրորդ Ծաղկազարդ անունով , երբ կ՚ոգեկոչենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մուտքը երկնաւոր Երուսաղէմ : Այո՛, երկնաւոր Երուսաղէմ , որովհետեւ երկրաւոր Երուսաղէմը ինչ-ինչ պատճառներով եթէ զրկուած է խաղաղութենէ , երկնաւոր Երուսաղէմի մէջ միայն խաղաղութիւն կը տիրէ , որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է միայն որ կը գործէ : Այս տօնը կու գայ անգամ մը եւս շեշտելու Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ մեր եկեղեցւոյ ինքնուրոյն դիմագիծը , որովհետեւ յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ , հիմնուելով մեր հաւատոյ հօր Գրիգոր Լուսաւորիչի մեզի փոխանցած աւանդութեան վրայ : Գրիգոր՝ մարդոցմէ անարգուած եւ Խոր Վիրապի մէջ որպէս մահուան դատապարտուած խլեակ մը , Աստուծոյ աչքին առանձնաշնորհուած ըլլալով , ամէն օր կը վայելէր հրեշտակի մը այցելութիւնը , որ զինք կը մխիթարէր ու կը զօրացնէր :

Կը պատահի որ մեր Տիրոջ Համբարձման չորրորդ օրը , հրեշտակը կը բացակայի , ինչ որ Սուրբին մտատանջութիւն կը պատճառէ , մտածելով որ գուցէ իր վարքով վշտացուցած էր զայն : Յաջորդ օր, սակայն, հրեշտակը դարձեալ կ՚այցելէ , եւ երբ Սուրբը երկիւղածութեամբ հարց կուտայ իր երկնաւոր պահապանին , եթէ որեւէ ձեւով վշտացուցած էր մեղքի կամ այլ որեւէ պատճառաւ , հրեշտակը հետեւեալը կը պատասխանէ իրեն . Քրիստոս՝ Փառաց Թագաւորը , Համբարձումէն ետք երբ յաղթական մուտք կը գործէ երկինք , կը դիմաւորուի Հրեշտակներու ինը դասերուն կողմէ : Եւ որովհետեւ Սուրբ Գրիգորի պահապան հրեշտակը կը պատկանէր չորրորդ խումբի հրեշտակներուն , հետեւաբար այդ օր մասնակից եղած էր իր Զօրակիցներու ցնծութեան :

17 դարերէ ի վեր սերունդէ սերունդ փոխացուած այս հոգեւոր գողտրիկ աւանդը կը պարունակէ հետեւեալ երեք պատգամները .-

ա . Ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ , ուր   նախախնամութեան բացարձակ դերը կը մնայ անառարկելի ճշմարտութիւն , Փրկագործութեան Խորհուրդը կը կազմէ կորիզը աստուածային անհուն սիրոյն եւ յաւիտենական ծրագրին : Ըստ այնմ , այդ շրջագծին մաս կազմող իւրաքանչիւր մասնիկ որքան որ ոմանց համար կրնայ մանկական պատում կամ առասպել թուիլ , հաւատացեալներուս համար կը մնայ նուիրական մասունք մը , որովհետեւ Պօղոս Առաքեալի բառերով՝ երբ դէմ առ դէմ գտնուինք Աստուծոյ ներկայութեան ( Ա Կոր . 13.12) , այն ատեն պիտի վայելենք մեր հաւատքի բարիքները , մինչ անհաւատները ափսոսանքով ապարդիւն պիտի զղջան :
 
բ Սուրբ Լուսաւորիչի աւանդութեան   առնչութեամբ երբ առաջնորդուինք   Սուրբ Գիրքով , ակնյայտ կերպով այդտեղ պիտր հանդիպինք հրեշտակներու գործօն մասնակցութեան ե՛ւ Հին ե՛ւ Նոր Կտակարաններուն մէջ : Երբ Յակոբ նահապետ կ՛օրհնէր Յովսէփի զոյգ մանչերը՝ Եփրեմը եւ Մանասէն , ան կ՛ըսէ . «Իմ հրեշատկս որ զիս փրկեց բոլոր չարիքներէն , թող օրհնէ այս մանուկները» ( Ծն. 48.16)։ Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն , ի՜նչ թանկագին անկորնչելի նուէր՝ մեծ հօրմէ մը իր թոռնիկներուն : Մեր Տէրը Յիսուս յստակ կերպով ըսաւ. «Զգո՜յշ , մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը . գիտցէք , որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս»  ( Մտ 18.10): Սուրբ գրային Նահապետին եւ մեր Տիրոջ այս զոյգ հաստատումները շատ բան կը պատգամեն մեզի հրեշտակ - մարդ յարաբերութեան , ինչպէս նաեւ նախախնամութեան մեզի տածած սիրոյն մասին :

գ . Երկնաւոր մեր Հօր տիեզերական ընտանիքին մաս կը կազմեն բիւրաւոր հրեշտակներ , սուրբեր , ինչպէս նաեւ զինուորագրեալ եկեղեցւոյ անդամներ : Աստուծոյ ընտանիքի անդամներուն միջեւ այս ներքին անտեսանելի կապի ուրացումը , պարզապէս կը կուրցնէ , կ՚աղքատացնէ եւ կը զրկէ մեզ վայելելու Երկնային Զօրքերու եւ Յաղթական Եկեղեցւոյ անդամներու ընկերակցութիւնը :

Ուստի , առաջնորդուելով Սուրբ Գրքի ճշմարտութեամբ , որ փորձարկուած է Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեամբ , մերօրեայ կեանքին համար կրնանք հետեւեալ երեք պատգամները քաղել .- 

ա . Իւրաքանչիւր տօն ո՛չ որպէս ժամանց կամ սովորութիւն պէտք է նշենք , ընդհակառակը տօնին ընդմէջէն Աստուծոյ ծրագրին մէջ մեր գոյութեան նպատակը խնդրենք Իրմէ , որպէսզի ամօթով չմնանք երբ դէմ առ դէմ գանք մեր սիրոյն համար խաչուած ու թաղուած , յարուցեալ եւ համբարձեալ Քրիստոսին :   

բ . Ամէնքս , առհասարակ , ամենայն երկիւղածութեամբ խնդրենք Աստուծմէ որպէսզի մեզի յայտնէ , ծանօթացնէ մեր պահապան հրեշտակին : Կրնանք շատ ծանօթներ ունենալ , շատ բարեկամներ ունենալ , բայց բախտաւոր ենք եթէ մէկ սրտակից ընկեր ունենանք , որուն հետ կրնանք բաժնել մեր ներքին աշխարհը՝ իր ուրախ ու տխուր , փայլուն ու մութ , լաւ կամ վատ , յաջող կամ ձախող երեսներով , ինչպէս հայկական տոհմիկ երգը կը նկարագրէ. «Բարի գեղեցիկ , առաքինի ընկերը մարդուն , փայլեցնում է արեւի պէս պատկերը մարդուն» : Վստահ ըլլանք որ մեր Բարերար հրեշտակը այս բոլորը եւ աւելին է , որ ո՛չ միայն երկրի վրայ , այլ նաեւ երկինք մեր ճամբորդութեան կ՚ընկերակցի մեզի , ինչպէս Շնորհալի Հայրապետը «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքին մէջ կ՛ըսէ . «Բարերար Տէր , քու սուրբ հրեշտակիդ յանձնէ հոգիս որպէսզի անխռով անցնիմ երկրի ու երկնքի միջեւ գտնուող չարի բոլոր ոյժերուն մէջէն»։
 
գ . Հրեշտակները որպէս Աստուծոյ պատգամաբերները , միշտ մեզ զգուշացնող , մխիթարող , զօրացնող , ուրախացնող լուրերով կը միանան մեզի , ինչպէս Խոր Վիրապի մէջ Սուրբ Լուսաւորչին : Բայց ինչո՞ւ մեծ սուրբը միայն յիշել , երբ Ղուկասու Աւետարանին մէջ իսկ կը կարդանք , թէ ինչպէս   Քրիստոս , Գեթսեմանիի մէջ երբ ճգնաժամաի աղօթքը   կ՛ընէր , հրեշտակը կ՛երեւի եւ կը զօրացնէ Զինք ( Ղկ 22.42)։

Ուստի Քրիստոսով, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, սրտանց տօնախմբենք Հայ Քրիստոնեայի յատուկ երկրորդ Ծաղկազարդի այս տօնը , հաւատքի ներքին անտեսանելի կապով եւ յոյսով ծաղկազարդուինք ու զօրանանք , որպէսզի մեր պահապան ու բարերար հրեշտակին եւ մեծ Սուրբին հետ դիմագրաւենք մեր առօրեայ կեանքի , մանաւանդ թագաձեւ համավարակի մարտահրաւէրները   եւ արժանի ըլլանք ուրախութեամբ շարունակելու այս կեանքի մեր ուխտագնացութիւնը՝ որ կ՚առաջնորդէ յաւերժութիւն :

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ
Կիրակի, Մայիս 31ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին Ուստըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագը պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։ 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12ԻՆ
Տասնամեակներէ ի վեր, Ազգ. Առաջնորդարանը կը հովանաւորէ տարեկան վիճակահանութիւն մը՝ ի նպաստ իր դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։ Սովորաբար, թիւերը կը քաշուին Մայիսին՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի աւարտին։ Այս տարի, սակայն, պսակաձեւ ժահրի համավարակը բռնկեցաւ, երբ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքը ընթացքի մէջ էր, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը, որ սկզբնապէս Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած էր, յետաձգուեցաւ։
 
Ուրախ ենք յայտնելու, որ վիճակահանութեան նոր թուականը ճշդուած է Սեպտեմբեր 12ին։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլար արժողութեամբ։ Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի ծրագիրներուն։ Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ կապուիլ Առաջնորդարանի գրասենեակին հետ ( email@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810) ։  
ՆԱՄԱԿ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԵՐԱԽՏԻՔԻ
Սիրելի Սրբազան Հայր, Կրօնական Ժողով եւ Ազգային Վարչութիւն,
 
Հաճեցէք շարունակել բաժնեկցիլ մեր գեղեցիկ եկեղեցական երգեցողութիւնը, աղօթքները եւ հաւատքը մեր համայնքին հետ։
 
Ճիշդ այսօր (Հինգշաբթի, Մայիս 21) մայրս թաղեցի՝ պսակաձեւ ժահրի պատճառով, եւ աղօթքներուն ու շարականներուն մտիկ ընելը զիս մխիթարեց մինչ կը սգամ անոր կորուստը։ Եկեղեցական արարողութիւնը թոյլատրուած չէր, ինչ որ ճնշիչ էր, ուրեմն այս կարճ տեսերիզը ինծի թոյլ տուաւ աղօթել Աստուծոյ՝ Իր արքայութեան դռները բանալու անոր առջեւ։

Թող Աստուած մեզ բոլորս ապահով ու առողջ պահէ։
 
Յարգանքներով՝
 
ԿՐԷԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս) երեսփոխան 

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՅԻՍ
ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ 
 
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 2:1-21
 
Երբ Պենտէկոստէի օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին: Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին: Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար:
Այն օրը Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ Հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին: Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի: Ամէնքն ալ սքանչացումով եւ զարմանքով կ’ըսէին իրարու.

Այս խօսողները բոլորն ալ Գալիլեացիներ չե՞ն միթէ. ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք: Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ Պարթեւներ, Մարեր, Ելամացիներ, Միջագետացիներ, Հրէաստանցիներ, Կապադովկիացիներ, Պոնտացիներ, Ասիացիներ, Փռիգիացիներ եւ Պամփիլիացիներ, Եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն Լիպիացիներ, Հռոմէն եկած Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբիացիներ: Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին:
Ապշահար, եւ շփոթի մատնուած՝ կը հարցնէին իրարու.

Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել ասիկա:

Իսկ ոմանք ծաղրանքով կ’ըսէին.

Նոր գինիով գինովցած են:

Այն ատեն, Պետրոս տասնըմէկ առաքեալներուն հետ ոտքի ելաւ եւ բարձրաձայն սկսաւ անոնց խօսիլ.

Ո՜վ Հրէաստանցիներ եւ դուք բոլորդ որ հիմա Երուսաղէմ կը գտնուիք. իրականութիւնը գիտնալու համար՝ լսեցէք ինչ որ պիտի ըսեմ: Դուք կը կարծէք թէ ասոնք գինով են. բայց այդպէս չէ, որովհետեւ առտուան ժամը ինն է դեռ: Մինչդեռ ասիկա կատարումն է Յովէլի մարգարէութեան, որ կ’ըսէ.-
«Այնուհետեւ երբ վերջին օրերը գան,-
կ’ըսէ Աստուած,-
իմ Հոգիս պիտի թափեմ բոլոր մարդոց վրայ.
ձեր տղաքն ու աղջիկները
իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի,
ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան
եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն:
Այն օրերուն իմ Հոգիս պիտի թափեմ նաեւ
իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ,
եւ անոնք եւս
իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի:
 
Երկինքի բարձունքին վրայ
հրաշքներ պիտի ցոյց տամ,
եւ նշաններ՝ վարը երկրի վրայ.
աշխարհ արիւնով, կրակով եւ թանձր ծուխով
պիտի լեցուի
արեւը պիտի խաւարի,
եւ լուսինը արիւնի գոյն պիտի առնէ,
նախքան Տիրոջ մեծ եւ փառահեղ օրուան գալը:
Այն ատեն ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝
պիտի փրկուի»:
 
***
 
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 14:25-31
 
Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ: Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի:

Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք: Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ՝ «Ահա կ’երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի»: Եթէ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ’երթամ, որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է: Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախքան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք: Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի: Բայց աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ: Ելէ՛ք, երթանք այստեղէն:  

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆ
Կիրակի, 31 Մայիսին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Հոգեգալուստը՝ Սուրբ Հոգիի էջքը առաքեալներուն վրայ եւ Եկեղեցւոյ ծնունդը։ Յիսուս պատուիրած էր իր Առաքեալներուն. «Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք» (Մտ 28:19)։ Հասկնալով այս մեծ պարտաւորութեան դժուարութիւնը, Քրիստոս իր աշակերտներուն խորհուրդ տուած էր իրենց դաստիարակչական առաքելութեան չսկսիլ մինչեւ «Սուրբ Հոգիին էջքը»։
 
Առաքեալներու Գործերուն մէջ, կը կարդանք, որ Հոգեգալուստի այդ օրը Առաքեալները տեղ մը հաւաքուեցան, եւ յանկարծ ուժեղ քամի մը կարծես լեցուց այն տունը, ուր հաւաքուած էին, զանոնք համակելով Սուրբ Հոգիով (տե՛ս վերի ընթերցումը՝ Գրծ 2:1-21)։ Հրէական Պենտէկոստէ ( Շապուոթ ) տօնն էր, որ կը նշէ Սինա լերան վրայ օրէնքի տախտակներուն յանձնումը։ Տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ մարդիկ եկած էին Երուսաղէմ։ Անոնք հիացան, որ Առաքեալներուն խօսքերը կրնային հասկնալ։ Այս օր, երբ Սուրբ Հոգին իջաւ Առաքեալներուն վրայ, սկսաւ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ Բարի Լուրը տարածելու ամբողջ աշխարհին մէջ։
 
Ձեւով մը, Պենտէկոստէն հակառակն է Բաբելոնի աշտարակի՝ Հին Կտակարանի պատմութեան, երբ Աստուած, դժգոհելով երկինք հասնելու կոչուած աշտարակի շինութենէն, շփոթ ստեղծեց՝ աշխատաւորները տարբեր լեզուներով խօսեցնելով, ու այսպէս՝ անոնք անկարող եղան զիրար հասկնալ։ Իսկ Պենտէկոստէին, Ան աշակերտներուն կարողութիւնը տուաւ ուրիշ լեզուներ խօսելու եւ բոլորին կողմէ ամէնուրեք հասկցուելու։ 
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՌՑԱՆՑ
Շաբաթ օրերուն, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-2:30, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, վեց մասերէ բաղկացած Սուրբ Գիրքի առցանց սերտողութիւն մը կը վարէ։ Սերտողութիւնը նուիրուած է Քրիստոսի Յարութեան յաջորդող երեւումներուն, ըստ Նոր Կտակարանի նկարագրութիւններուն։ Յառաջիկայ՝ չորրորդ նիստին արձանագրուելու համար, հաճեցէք ձեր անունը, ել-նամակի հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը ղրկել Շանթ Սարկաւագին։
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ ԼՍԱՐԱՆԸ ԱՌՑԱՆՑ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Պսակաձեւ ժահրի՝ ներկայ համավարակի (pandemic) ստեղծած աննախադէպ տագնապին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանի «Տաթեւ» լսարանի աւանդական դասընթացքը, որ տեղի կ՚ունենայ Փենսիլվանիոյ մէջ, իր ձեւաչափը պիտի փոխէ եւ արհեստագիտութեան ընձեռած Zoomի միջոցով տեղի պիտի ունենայ:
 
Երկուշաբթի, 29 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս, ամէն առաւօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ, ժամը 11:00-12:00, տեղի պիտի ունենայ խտացուած յայտագիր մը՝ ժամերգութեամբ, Աստուածաշունչ մատեանի ծանօթացումով, հայոց պատմութեամբ ու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ ներկայ հարցերու հաւաքական քննարկումով (panel discussion):
 
Ներկայ յայտարարութեամբ կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր Տաթեւացիներուն: Անոնք, որոնք կ՚ուզեն մասնակցիլ, շուտով պէտք է հարկ եղած ծանօթութիւնը՝ անուն, մականուն, բջիջային հեռաձայնի թիւ, ե-նամակի հասցէ, ուղարկեն Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին՝ shant@armenianprelacy.org հասցէին։ Հեռաձայն՝ (212) 689-7810:
 
Դիմում կրնան կատարել անցեալ տարուան եւ նորեկ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներու շրջանաւարտներ: Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին հետագային:
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
 
Այս շաբթուան նամակին հեղինակը՝ Մարիամը, կը հովանաւորուի տէր եւ տիկ. Մարք եւ Յասմիկ Ֆիլիփսի կողմէ։  

«Բարեւ ձեզ, սիրելի հովանաւոր ,

Շնորհակալութիւն որ դուք ընտրեցիք ինձ։ Ես կ՚ուզէի պատմել իմ մասին։ Ես ...... Մարիամն եմ, Փետրուարի 7ին կը դառնամ 13 տարեկան, սովորում եմ 6րդ դասարանում։ Սիրում եմ կարդալ շատ գրքեր։ Ազատ ժամանակ օգնում եմ մայրիկին։ Սովորում եմ գերազանց եւ ուզում եմ դառնալ բժշկուհի։ Ունեմ մայրիկ եւ երեք քոյր։ Ես շատ եմ սիրում իմ ընտանիքը։ Երբ վերջացնում եմ դասերս գնում եմ խաղալու քոյրիկիս հետ։ Ցաւօք սրտի այս տարի ես չստացայ գովասանագիր, հիմա սովորում եմ 2 անգամ շատ։ Նաեւ սիրում եմ նկարել եւ լսել երաժշտութիւն։ Սիրում եմ մաթեմատիկա եւ ռուսերէն դասերը։ Նաեւ սիրում եմ պարել ժամանակակից երաժշտութեան տակ։ Սիրում եմ կարդալ Աստուածաշունչ եւ ամէն Կիրակի յաճախում եկեղեցի։

Յարգանքներով՝ Մարիամ»

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ՍՊԱՍՈՂ ՈՐԲԵՐ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։           
 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել (այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ), կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել վարի կապին վրայ։    

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
«ՆԱՐԵԿ»Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Նիւ Ճըրզիի «Նարեկ» Շաբաթօրեայ Վարժարանի աշակերտները կը շնորհաւորեն Հայաստանի Անկախութեան տօնը : Առաջին տեսերիզը պատրաստած են 6- րդ եւ 7- րդ դասարանի, իսկ երկրորդը՝  1 էն մինչեւ 5 րդ դասարանի աշակերտները : Խնամակալ մարմինը մեծապէս գնահատած է բոլոր   աշակերտները , ուսուցիչները եւ ծնողները որոնք մասնակցեցան այս խմբային աշխատանքին , ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած   վարժարանի շրջանաւարտներէն Ալէքս Վարժապետեանին, որ իրականացուցած է   այս տեսերիզները պատրաստելու թեքնիք   աշխատանքը։
«ԵՐԿԵՐ»

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ
Մեծ Եղեռնի զոհ երիտասարդ բանաստեղծներէն՝ Ռուբէն Սեւակի (1885-1915) նուիրուած այս հատորը ցարդ լոյս տեսած ամենէն ամբողջականն է։ Ան կ՚ընդգրկէ մամուլի մէջ մնացած բազմաթիւ բանաստեղծական ու արձակ գործեր, եւ կը պարունակէ նաեւ մատենագիտութիւն մը։


Այս գիրքը տրամադրելի է    Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք  books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ԱՐԼԻՆ ՖՐԷՆՍԻՍ ( մահ՝ Մայիս 31, 2001 )
Ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի ռահվիրայ Արլին Ֆրէնսիս 1950ական «Միացեալ Նահանգներու երրորդ ամենէն ծանօթ կինն» էր, ըստ «Նիւզուիք» եւ «Թիվի Կայտ» պարբերաթերթերուն, եւ խաղի յայտագիրներու ամենաշատ դրամ վաստակող անձը։

Արլին Ֆրէնսիս Գազանճեանի (Arline Francis Kazanjian) մեծ հայրերը սպաննուած են 1895-1896ի համիտեան ջարդերուն, երբ անոր 16ամեայ հայրը՝ Արամ Գազանճեան, արուեստ կ՚ուսանէր Փարիզի մէջ։ Գաղթելով Միացեալ Նահանգներ, դարձած է դիմանկարող լուսանկարիչ, իր արուեստանոցը բանալով Պոստընի մէջ, ուր ամուսնացած է Լիա Տէյվիսի հետ։ Ապագայ դերասանուհին ծնած է Հոկտեմբեր 20, 1907ին, Պոստընի մէջ։ Եօթ տարեկանին, ընտանիքը փոխադրուած է Նիւ Եորք։

Ուսումը Ֆինչ գոլէճի մէջ ստանալէ ետք, հայրը իր աղջկան արգիլած է թատերական ճիւղին հետեւիլ։ Սակայն, շուտով ան փոխած է անունը, դառնալով Arlene Francis, եւ նետուած է թատերական ասպարէզին մէջ։ Իր բնական ձիրքերը բազմաթիւ դերեր պարգեւած են ձայնասփիւռի թատերական հաղորդաշարքերու մէջ, որոնցմէ շատերը միաժամանակ կը տրուէին։ 1938-1949 առաջին անգամ խաղերու յայտագրի (“What’s My Name”) վարիչ եղած է ձայնասփիւռի մէջ։ Ուրիշ յայտագիր մը՝ “Blind Date”, զոր սկսած է 1943ին ձայնասփիւռի մէջ, 1949-1952 շարունակուած է հեռատեսիլի մէջ, եւ Արլին Ֆրէնսիս եղած է առաջին կինը, որ երբեւէ վարած է հեռատեսիլի խաղի յայտագիր մը Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Ան հռչակաւոր դարձած է իբրեւ շաբաթական "What’s My Line" խաղի յայտագրի չորս մասնակիցներէն մէկը, ուր կանոնաւորապէս երեւցած է 1950-1975։ «Նիւզուիք» հայազգի դերասանուհին կոչած է «հեռատեսիլի առաջին տիկինը»։ Իր ասպարէզի գագաթնակէտին, ան միաժամանակ երեք շաբաթական յայտագիրներու ներկայ էր՝ երեք հեռատեսիլի կայաններուն մէջ։ 1950-1960ական թուականներ շարունակած է աշխատակցիլ ձայնասփիւռին, ուր 1961-1990, հարցազրոյցներու մէկ ժամուան յայտագիր մը վարած է։

Ան առաջին կիներէն եղած է, որ հեռատեսիլի յայտագիր մը վարած է, որ ո՛չ երաժշտական եւ ո՛չ ալ թատերական էր։ 1954-1957, վարած է յատկապէս կիներու ուղղուած լրատուական առաջին յայտագիրը (“Home”), NBC կայանին վրայ։

Պրոտուէյի մէջ, թէ դուրս՝ բազմաթիւ թատերախաղերու մէջ դեր ստանձնած է, ներառնելով Պրոտուէյի 25 թատերախաղեր, մինչեւ 1975։ Նաեւ խաղացած է Հոլիվուտի քանի մը շարժանկարներու մէջ, 1932-1978ին։

1978ին հրատարակած է իր ինքնակենսագրութիւնը, որմէ առաջ լոյս ընծայած է ինքնօգնութեան հատոր մը՝ «Այդ որոշ բանը. գրաւչութեան կախարդանքը» (1960) եւ խոհանոցի բաղադրատոմսերու հատոր մը՝ «Եփելու ժամանակ չկայ» (1961)։ Ամուսնացած է երկու անգամ։ Երկրորդ ամուսնութենէն ծնած որդին՝ Փիթըր Կէյպըլ, հիմնած է «Արլին Ֆրէնսիս» կեդրոնը Սան Ֆրանսիսքոյի մօտերը։

1993ին Արլին Ֆրէնսիս Նիւ Եորքէն փոխադրուած է Սան Ֆրանսիսքոյի ծերանոց մը, ուր մահացած է Մայիս 31, 2001ին, 93 տարեկան հասակին։ Թաղուած է Թրեվոզի մէջ (Փենսիլվէնիա)՝ Ֆիլատելֆիայէն 20 մղոն հեռու դէպի հիւսիս-արեւելք։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ՊՈՉՈՎ ՎԱԶՈՂ ԿԵՆԴԱՆԻՆ

Երկուքուկէս դար առաջ, Ապրիլ 1770ին, տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ յայտնագործումը՝ բրիտանացի նաւապետ Ճէյմզ Քուքի կողմէ։ Աշխարհը ծանօթացաւ բազմաթիւ տարաշխարհիկ բոյսերու եւ կենդանիներու։ Ամենէն ժողովրդականը դարձաւ տեղաբնիկներու մէկ ցեղախումբին կողմէ gangurru անունով ծանօթ կենդանին էր, որ անգլերէնով ճանչցուեցաւ kangaroo անունով։

Այս անունը, զանազան տարբերակներով, աշխարհի բազմաթիւ լեզուներ որդեգրեցին։ Սակայն, հայերէնը (ամենայն հաւանականութեամբ՝ արեւմտահայերէնի ճամբով) իր սեփական անուանումը հնարեց, թերեւս 19րդ դարու առաջին կէսին։ Ագեվազ բառը կու գայ ագի («պոչ», յատկապէս մազոտ տեսակէն) եւ վազ («վազել» բայի արմատը) բառերէն։

Հաւանաբար, ամէն բարդ բառի արմատին առարկողներ պիտի գտնուին, որ ըսեն, թէ ագեվազները իրենց պոչով չեն վազեր (իսկ թիթեռնիկները... «թռչող կարագ» չեն, բայց մարդ անգլերէն butterfly բառը խնդրոյ առարկայ չի դարձներ)։ Սակայն, հիմա գիտենք, որ պոչը իբրեւ յաւելեալ ոտք կը գործածեն ցատկելու ժամանակ, մինչ գիտնականները առաջ կը կարծէին, որ կը ծառայէր իբրեւ յենարան։ Հետեւաբար, ձեւով մը կը գործածեն վազելու համար։ Հայերէն բառը հնարողը, իսկապէս, այդքան սխալ չէր։

Արդի աշխարհաբարը Oxford Etymological Dictionary չունի, հետեւաբար այդ անձին ինքնութիւնը յայտնի չէ (Հրաչեայ Աճառեանի կոթողական բառարանը միայն գրաբարի աղբիւրները ունի)։ Սակայն, ագեվազ ը մնացած է արեւմտահայերէնի ծիրին մէջ, հիմնականին։ Արեւելահայերէնը կը գործածէ կենգուրու բառը, որ ռուսերէն кенгуру ( kenguru ) բառի ընդօրինակութիւնն է եւ ընդգրկուած է Էդուարդ Աղայեանի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի արդի հայերէնի մեծածաւալ բառարաններուն մէջ։ Ի դէպ, Մայիս 26, 2020ի տուեալներով, համացանցի մէջ կենգուրու յիշուած է 164.000 անգամ, իսկ ագեվազ՝ 4.340, ըստ Googleով որոնումի մը։

Ամէն պարագայի, շահեկան է նշել, որ համացանցի մէջ կարգ մը արեւելահայ գրողներ ագեվազ կը գործածեն։ Կարելի է ակնկալել, թէ ինչպէս պատահած է համացանց եւ կայքէջ բառերուն պարագային, օր մը թերեւս արեւելահայերէնը պիտի լքէ իր բառապաշարը «հարստացնող» կարգ մը օտարաբանութիւններ, ինչպէս կենգուրու, եւ որդեգրէ հայերէն բառը՝ ագեվազ ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Նկատի ունեցէք, որ տուեալ շաբաթը հրատարակուելիք նիւթերը՝ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր, պէտք է մեր ձեռքը հասած ըլլան մինչեւ Երեքշաբթի երեկոյ։  
 
Ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները հաճոյքով կը հրատարակենք։ Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
9 Մայիս-13 Յունիս —Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ Zoomի միջոցով։ Կը ներկայացնէ՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն, Շաբաթ օրերը, ժամը 2:00-2:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք skazanjian.sk@gmail.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
13-16 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը։
30 Մայիս «Սիամանթօ» լսարանի առցանց յաջորդ հանդիպումը, ժամը 10:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
31 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
 
29 Յունիս—3 Յուլիս —Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագիր՝ առցանց։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք shant@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
 
26-27 Սեպտեմբեր —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
17 Հոկտեմբեր (ՋՆՋՈՒԱԾ) Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ»ու կողմէ։
 
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/