11 Յունիս, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ՝ ԱՌՑԱՆՑ
Արեւելեան թեմի Ազգային Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ այս տարուան Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, որ սկզբնապէս նախատեսուած էր Մայիս 13-16ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվենիա), Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ պիտի կազմակերպուի տեսաժողովի ձեւաչափով, Շաբաթ, 12 Սեպտեմբերին։

Երկրի որոշ շրջաններ սկսած են թեթեւցնել պսակաձեւ ժահրի համավարակի առիթով հաստատուած սահմանափակումները։ Սակայն, Ազգային Վարչութիւնը որոշեց այս տարի ժողովը հեռակայ կարգով գումարել։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ պայմանները տակաւին հեռու են մեծաթիւ հաւաքոյթի մը համար գոհացուցիչ ըլլալէ, իսկ ժողովը շատ մը երեսփոխաններէ երկար ճամբորդութիւն կը պահանջէ։

Մինչ կարգ մը մանրամասնութիւններ տակաւին մշակումի մէջ են, որոշուած է այս տարուան ժողովը միօրեայ ընել։ Անոր օրակարգին գլխաւոր կէտերը պիտի ըլլան Ազգային Վարչութեան նոր անդամներու ընտրութիւնը եւ պիւտճէի որդեգրումը՝ ներկայ տնտեսական տարուան մնացեալ ամիսներուն համար։ Մօտ ատենէն, Արեւելեան թեմի բոլոր եկեղեցիներն ու երեսփոխանները պիտի ստանան յուշագիր մը, որ պիտի ներկայացնէ այս տարուան ժողովին առաջարկուած օրակարգն ու ընթացակարգը։ 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12ԻՆ
Տասնամեակներէ ի վեր, Ազգ. Առաջնորդարանը կը հովանաւորէ տարեկան վիճակահանութիւն մը՝ ի նպաստ իր դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։ Սովորաբար, թիւերը կը քաշուին Մայիսին՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի աւարտին։ Այս տարի, սակայն, պսակաձեւ ժահրի համավարակը բռնկեցաւ, երբ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքը ընթացքի մէջ էր, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը յետաձգուեցաւ։
 
Ուրախ ենք յայտնելու, որ վիճակահանութեան նոր թուականը ճշդուած է Սեպտեմբեր 12ին։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլարի արժողութեամբ։ Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի ծրագիրներուն։ Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ կապուիլ Առաջնորդարանի գրասենեակին հետ ( email@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810) ։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ
Կիրակի, Յունիս 14ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին Ֆիլատելֆիայի (Փենսիլվենիա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագը պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Ներսէս Ա. քհն. Մանուկեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։ 
ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, Յունիս 7ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։
Այսօր, Հոգեգալուստի ութերորդ օրը, ըստ Հայց. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, նուիրուած է Սուրբ Երրորդութեան, նաեւ ծանօթ է որպէս Եղիա մարգարէի յիշատակի օր, որովհետեւ օրուան Աւետարանի ընթերցումին համաձայն՝ Քրիստոս յետ Մկրտութեան անապատին մէջ քառասնօրեայ պահեցողութենէն ետք կը վերադառնայ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր։ Սինակոկ մտնելով, երբ իրեն կ՚առաջարկուի օրուան սուրբ գրային ընթերցումը կատարել, կը բանայ զայն, եւ կը կարդայ Եսայի մարգարէի հետեւեալ խօսքը. «Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է, որովհետեւ զիս օծեց ու ղրկեց՝աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու» (Ղկ 4.18-19): Ընթերցումի աւարտին ան կ՚ակնարկէ Եղիա մարգարէին, եւ իր խօսքը կ՚աւարտէ ըսելով, թէ ինք եւս անոր նման պիտի մերժուի իր ժողուրդէն:

Եղիա մարգարէ որեւէ գրաւոր ժառանգ չէ թողած միւս մարգարէներուն նման, այնուամենայնիւ իր նախանձախնդրութեամբ Աստուծոյ սէրն ու պատուիրանները մարմնաւորելով, ան կը հանդիսանայ Հին Կտակարանի մեծագոյն մարգարէներէն մին, ծանօթ որպէս ո՛չ միայն հրաշագործ, այլ պարզ ժողովուրդին սիրտը գրաւած «Աստուծոյ մարդը» (Գ Թգ 17.24): Մատթէոսի Աւետարանէն կ՚իմանանք որ Քրիստոսի այլակերպութեան ժամանակ Առաքեալները զինք տեսան Մովսէս մարգարէին հետ (Մտ 17.3): Իսկ Հայց. Եկեղեցին քայլ մը եւս առաջ երթալով, Հոգեհանգիստի շարականին մէջ զայն կը յիշէ Ենովք նահապետին հետ, հրեշտակներու բնակարան՝ ի վերինն Երուսաղէմի մէջ աղաւնակերպ վիճակով, որովհետեւ Հին Կտակարանին մէջ միայն Ենովքն ու Եղիան կը յիշուին որ մահ չճաշակեցին:

Եղիա մարգարէին հանդէպ բացառիկ յարգանքը ի զուր չէ, որովհետեւ ան ապրեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջան մը, երբ իր ժողովուրդը մոռնալով զԱստուած՝ հեթանոսներու չաստուածներ կը պաշտէր։ Աւելի՛ն. օրուան թագաւորը՝ Աքազ, Յեզաբէլ թագուհիին հետ, ոգի ի բռին կը հալածէր Ճշմարիտ Աստուծոյ հաւատարիմ մարգարէները: Ահա թէ ինչո՛ւ Եղիա փախստական կեանք ապրեցաւ մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը պատուիրեց իրեն, որ Գարմէլ լեռան վրայ մարտահրաւէր կարդայ թագաւորին եւ բոլոր սուտ մարգարէներուն, որոնք թիւով 850 էին: Երբ կը ժամանէ լեռը, անվախ կերպով այդտեղ հաւաքուած ժողովուրդին հարց կու տայ. «Մինչեւ ե՞րբ երկուութեան մէջ պիտի տարուբերիք, եթէ Տէրն է Աստուածը, հետեւեցէք իրեն, այլապէս եթէ Բահաղն է, ուրեմն հետեւեցէք անոր»: Ժողովուրդը բացարձակապէս լուռ կը մնայ: Ապա, նախապատուութիւնը տալով Բահաղի սպասարկուներուն, կ՚առաջարկէ, որ իրենց զոհը պատրաստեն եւ երկինքէն խնդրեն, որ կրակ թափուի զոհերուն վրայ: Ապարդիւն կը մնան անոնց կանչերը: Այնուհետեւ, Եղիա իր զոհը կը պատրաստէ եւ Ստեղծագործ Կենդանի Աստուծոյ կ՚աղօթէ, որ իր զօրութիւնը յայտնէ մտքով ու սրտով կոյր՝ Բահաղի մարգարէներուն: Խնդրանքը չ՚ուշանար եւ երկինքէն ղրկուած կրակը կը լափէ զոհը: Ժողովուրդը՝ ի տես այս հրաշքին, ծունկի եկած կը բացագանչէ՝ «Տէրը իրաւ որ Աստուած է»: Կ՚արժէ կարդալ Գ Թգ 18:19-39, լրիւ վայելելու համար մանրամասնութիւնները: 

Եղիա մարգարէի կեանքէն հետեւեալ չորս պատգամները կը քաղենք.-

ա. Իրաւ եւ սուտ մարգարէները իրարմէ կր զանազանուին ո՛չ միայն հրաշագործութեամբ, այլ Աստուծոյ հանդէպ իրենց լիիրաւ հաւատարմութեամբ: Մարգարէն, կամ Աստուծոյ որեւէ ծառան միայն ու միայն Աստուծո՛յ պատգամաբերն է, որ չի փորձեր հաճոյանալ մարդոց, այլ միայն՝ Աստուծոյ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. Միթէ ես մարդիկը սիրաշահելու համա՞ր կ’աշխատիմ: Եթէ մարդիկը սիրաշահելու ետեւէ ըլլայի՝ Քրիստոսի ծառայ ըլլալէ կը դադրէի: (Գղ 1.10)

բ. Եղիա, երբ ժողովուրդին հաւատքը հարցաքննեց, թէ Տիրոջ կամ Բահաղի կ՚ուզէք հետեւիլ, անոնք լուռ մնացին: Այո՛, որովհետեւ երկմտութիւնը ինչպէս անհատներ, նմանապէս հաւաքականութիւններ շփոթի կը մատնէ եւ անպատասխան կը թողու:

գ. Աստուծոյ օրէնքներուն ու պատուիրաններուն նախանձախնդիր ըլլալ՝ կը նշանակէ նաեւ պատրաստ ըլլալ մերժումի ու հալածանքի: Աստուծոյ նախախնամութիւնը անմիջական կերպով թերեւս երեւելի չ՚ըլլար, սակայն ան միշտ կ՚առաջնորդէ: Եղիան ձորերու, անապատներու եւ դրացի երկիր՝ Փիւնիկէի մէջ (այսօրուան՝ Լիբանան) ապաստանեցաւ, բայց ի վերջոյ Տէրը յաղթանակի ականատես դարձուց զինք:

դ. Աստուծոյ հետ ըլլալով յաճախ կրնանք առանձնացուիլ, սակայն Աստուած երբե՛ք ամօթով չի թողուր Իրեն յուսացողները: Արդարեւ, Եղիան Աստուծմով զօրացած, առանձին դիմակալեց եւ յաղթահարեց մեծամասնութիւն կարծուած արքային եւ անոր շուրջ հաւաքուած 850 քուրմերուն:

Ծանօթանալէ ետք Աստուծմով խարսխուած ու ամրացած Եղիա մարգարէի օրինակին, տեսնենք թէ ի՞նչ ձեւով կրնանք մեր առօրեային մէջ՝ մենք եւս նոյն ձեւով ապրիլ:

ա. Աստուծոյ յանձնուած ծառան կամ հաւատացեալը պէտք չունի մտահոգ ըլլալու, հրաշագործ կամ ճարտասան ըլլալու: Կը բաւէ, որ խոնարհաբար իր կեանքին մէջ մարմնաւորէ զԱստուած: Շողշողուն պատգամներէ աւելի, աշխարհը՝ մանաւանդ մեր օրերուն, պէտք ունի սիրոյ արտայայտութիւն եղող մարդկային փոխադարձ հասկացողութեան եւ յարգանքի: Այս մօտեցումով ամէն մէկս հրաւիրուած ենք Աստուծոյ պատգամաբերը ըլլալու:

բ. Եղիայի երկմտութեան մարտահրաւէրը՝ ուղղուած ժողովուրդին, նոյնքան այժմէական է այսօր: Առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք ինքնավստահութեան հիւանդութենէն կը տառապին. փոխանակ օրինակ դառնալու այլոց, ուրիշները ընդօրինակող կը դառնան, սկզբունքի տէր ըլլալու փոխարէն՝ փոփոխամիտ կ՚ըլլան, եւ նման վիճակներով կը կորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը: Այն անձը, որ արմատաւորուած է Աստուծոյ մէջ, իր առօրեայ կեանքին մէջ կը վայելէ անոր մշտական արդիւնքները:

գ. Նախանձախնդիր ըլլալ՝ չի նշանակեր ծափողջոյններով դիմաւորուիլ մարդոց կողմէ, այլ պատրաստ ըլլալ անհաճոյ կացութեանց: Շատ յաճախ նորընծայ քարոզիչներ կամ նորադարձ հաւատացեալներ կը զարմանան եւ յուսախաբ կ՚ըլլան, երբ տեսնեն, որ իրենց շրջապատը չի բաժներ հաւատքի վերաբերեալ իրենց խոր համոզումները: Մովսէսի, Եղիայի եւ բոլոր սուրբերու նախանձախնդրութեան բոցը երբեք չմարեցաւ: Անոնք սուղ գին վճարեցին եւ ըստ այնմ արժանի դարձան փառաց պսակին: Ուստի, մե՛նք եւս պէտք չունինք աճուրդի հանել մեր նախանձախնդրութիւնը:   

դ. Աստուծոյ հետ ըլլալ եւ Անոր հետ քալել կրնայ մեզ հեռացնել ու առանձնացնել մեր անմիջական շրջապատէն, պատճառ դառնալով երբեմն ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան խանգարումներու: Նման վիճակներ լաւագոյն ախտանշաններն են, որ մենք ամբողջական կերպով զԱստուած չենք ապրիր: Այս մասին լսենք Դաւիթ մարգարէն. «Տէ՜ր, որքան շատ են զիս նեղողները, շատեր իմ դէմ ելան, եւ շատեր իմ մասին կ՚ըսէին, թէ Աստուած պիտի չփրկէ զինք: Սակայն Դուն, իմ Տէրս, իմ օգնականս ես, իմ փառքս եւ զիս բարձրացնողը»: Այո, անհատաբար կամ հաւաքաբար կրնանք փոքրամասնութիւն ըլլալ, սակայն Աստուծմով միշտ մեծամասնութիւն ենք:

Եղիա մարգարէի յանձնառութեամբ, իմաստութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ զինուած, հաւատքով քալենք մանաւանդ ներկայ կեանքի առողջապահական, թէ ընկերային ահաւոր տագնապներուն ընդմէջէն, որպէսզի յաղթահարենք օրուան փորձութիւնները եւ ապրինք Աստուծոյ սիրոյն նախանձախնդրութեամբ կեանք մը, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն:   

Արեւելեան ԱՄՆի Թեմի Առաջնորդ  
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՅՈՒՆԻՍ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ
ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Առակ 9:1-6, Զք 3:7-4:9
 
ԹՈՒՂԹ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 9:1-10
Արդարեւ, առաջին Ուխտը եւս իրեն յատուկ պաշտամունքի կանոններ եւ երկրաւոր սրբարան մը ունէր, երկու մասերէ բաղկացած: Նախ կար վրանին առաջին սրահը, Սրբութիւն կոչուած, ուր կային աշտանակը եւ առաջաւորութեան հացերուն սեղանը: Ապա, երկրորդ վարագոյրին ետին՝ կար վրանին միւս սրահը, Սրբութիւն Սրբութեանց կոչուածը, ուր կային ոսկեայ սեղանը՝ խունկ ծխելու համար, եւ Ուխտի Տապանակը՝ ներսէն ու դուրսէն ոսկեպատ: Այս Տապանակին մէջ կը պահուէին մանանայով լեցուն ոսկեայ սափորը, Ահարոնի ծաղկած գաւազանը եւ Ուխտի Տասնաբանեայ Պատուիրաններուն քարէ տախտակները: Տապանակին վրայ կային Աս­տուծոյ փառքը ներկայացնող քերովբէները, որոնք իրենց թեւերով հովանի կ’ընէին Քաւութիւն կոչուած կափարիչին վրայ: Ուրիշ մանրամասնութիւններու մասին խօսիլ չեմ ուզեր հիմա:
Սրբարանը այդպէս յարդարուած էր ուրեմն: Քահանաներ պաշտամունքը կատարելու համար մշտականօրէն կը մտնէին վրանին առաջին սրահը: Բայց երկրորդ սրահը միայն քահանայապետը կը մտնէր, տարին մէկ անգամ, այն ալ, իր եւ ժողովուրդին անգիտութեամբ գործած մեղքերուն փոխարէն՝ զոհի արիւնը մատուցանելու համար Աստուծոյ: Այդ բոլորով Սուրբ Հոգին ցոյց կու տար, թէ որքան ատեն որ վրանին առաջին սրահը կանգուն կը մնար՝ բուն Սրբարանին մուտքը մեր առջեւ փակ էր, ինչ որ խորհրդանշականօրէն ցոյց կու տայ՝ թէ ներկայիս այդ Սրբարանը բաց է մեր առջեւ: Այնտեղ մատուցուած նուէրներն ու զոհերը չէին կրնար մաքրել պաշտամունքը մատուցանողին խղճմտանքը, որովհետեւ միայն ուտելիքի, խմելիքի եւ ծիսական պէս-պէս լուացումներու կապուած էին: Եւ այդ մարմնական կարգերը ի զօրու էին մինչեւ ուղղութեան, այսինքն նոր կարգերու հաստատման ժամանակը:
 
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:22-30
Ձմեռ էր. Երուսաղէմի մէջ տաճարին նաւակատիքի տօնակատարութիւնը տեղի կ’ունենար: Յիսուս տաճարին Սողոմոնի սիւնագաւիթին մէջ կ’երթեւեկէր, երբ իր շուրջ հաւաքուեցան Հրեաները եւ հարցուցին.
Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես. եթէ դուն ես Քրիստոսը՝ յստակ ըսէ մեզի:
Յիսուս պատասխանեց.
Արդէն իսկ ձեզի ըսած եմ, սակայն չէք հաւատար: Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ ես: Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք: Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին: Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս: Հայրս այդ ոչխարները ինծի տուաւ, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք իմ Հօրս ձեռքէն, որովհետեւ Հայրս բոլորէն աւելի մեծ է: Ես եւ Հայրս մէկ ենք:

ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏ
Այսօր, 11 Յունիս, Ս. Յովհաննէս Կարապետի տօնն է։ Ս. Յովհաննէս Կարապետ կարեւոր դեր մը կը խաղայ չորս Աւետարաններուն մէջ։ Ան կապուած է Յիսուսի առաքելութեան սկզբնաւորութեան հետ ու կը համարուի Մեսիա Յիսուսի «նախակարապետ»ը։ Մկրտած է իրենց մեղքերէն ապաշխարողները եւ քարոզած գալուստը անոր, որ իրմէ աւելի մեծ պիտի ըլլար եւ որ պիտի մկրտէր ո՛չ թէ ջուրով, այլ Սուրբ Հոգիով։ Մատթէոսի Աւետարանի երրորդ գլուխին մէջ կը կարդանք, թէ Յովհաննէս կը դժուարանայ մկրտել Յիսուսը, բայց կը խոնարհի Անոր կամքին առջեւ։ Հայց. Եկեղեցին Ս. Յովհաննէս Կարապետը կը նկատէ Յիսուսի առջեւ երեք գլխաւոր միջնորդներէն մէկը՝ Աստուածամօր եւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի հետ։ 
ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԵԼՔԸ ՎԻՐԱՊԷՆ
Այս Շաբաթ, 13 Յունիս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելքը կը յիշուի։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանաւոր սուրբն է, Մեր տօնացոյցը չորս տօնական օրեր վերապահած է իրեն՝ վիրապ մուտքը, վիրապին մէջ հրեշտակի իրեն տուած այցելութիւնը, վիրապէն ելքը, նշխարներու գիւտը։ Անոնցմէ զատ, ան սերտօրէն կապուած է Ս. Հռիփսիմեանց եւ Ս. Գայիանեանց կոյսերու, Շողակաթի, Ս. Էջմիածնի եւ Տրդատ թագաւորի տօներուն։ Ս. Լուսաւորիչ, որ կը նկատուի վաղ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ հայրերէն մէկը, ճանչցուած է արեւելեան ու արեւմտեան եկեղեցիներուն կողմէ ու յիշուած՝ անոնց տօնացոյցերուն մէջ եւս։

287 թուականին Գրիգոր վիրապ նետուելու դատապարտուեցաւ Տրդատ թագաւորին կողմէ, ինչ որ ծայր տուաւ քրիստոնեաներու հալածանքին։ Վիրապին մէջ անցուցած երկար տարիներուն, Գրիգոր հրաշքով ողջ մնաց, ըստ աւանդութեան, շնորհիւ հրեշտակի մը ամէնօրեայ այցելութեան։ Հռիփսիմէի ու Գայիանէի գլխաւորութեամբ՝ Հռոմէն ժամանած խումբ մը կոյսերու նահատակութենէն ետք, Տրդատ տարօրինակ ախտերով բռնուեցաւ։ Քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ, երազի մէջ տեսաւ, որ Գրիգոր միակ անձն էր, որ կրնար թագաւորը բուժել։ Ան դուրս բերուեցաւ խոր վիրապէն եւ թագաւորը բուժեց ու մկրտեց։ Այնուհետեւ, Տրդատ թագաւոր քրիստոնէութիւնը հռչակեց Հայաստանի պետական կրօնք։
 
Գրիգոր Լուսաւորիչէն առաջ, Թադէոս ու Բարդողիմէոս առաքեալները Հայաստան աշխարհին մէջ քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչները եղած էին Ա. դարուն։ Ահա այդպիսով է, որ Հայ Եկեղեցին կ՚անուանուի Առաքելական Եկեղեցի։ Այսուհանդերձ, Գրիգոր Լուսաւորիչ կը մեծարուի եւ հայ ժողովուրդին կողմէ կը նկատուի իր հաւատքին հայրը։ Հարիւրաւոր եկեղեցիներ շինուած ու կոչուած են անոր անունով ամբողջ աշխարհին մէջ։ 

ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ
Այս Կիրակի, 14 Յունիս, Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնն է։ Ս. Էջմիածինը կառուցած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ վիրապէն ելլելէ ետք, ըստ տեսիլքի մը, այն վայրին վրայ, որ ոսկեայ մուրճով նշուած էր Տիրոջ կողմէ։ Տօնը կը նշէ Հայ Եկեղեցւոյ հաստատումն ու հեթանոսութեան վերջը։ Աւելի քան 1700ամեայ Էջմիածինը ցարդ իր գոյութիւնը պահած հայ քրիստոնէական ամենահին վայրն է եւ չորս խորաններով, չորս սիւներով, գմբէթաւոր ու խաչաձեւ եկեղեցւոյ հնագոյն օրինակը՝ քրիստոնէական ճարտարապետութեան մէջ։ Արտաքին պատերու քանդակները հայ քրիստոնէական քանդակագործութեան ամենահին օրինակներէն են։ 

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՌՑԱՆՑ
Շաբաթ օրերուն, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-2:30, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, վեց մասերէ բաղկացած Սուրբ Գիրքի առցանց սերտողութիւն մը կը վարէ։ Սերտողութիւնը նուիրուած է Քրիստոսի Յարութեան յաջորդող երեւումներուն, ըստ Նոր Կտակարանի նկարագրութիւններուն։ Վերջին նիստին արձանագրուելու համար, հաճեցէք ձեր անունը, ել-նամակի հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը ղրկել Շանթ Սարկաւագին։
«ՏԱԹԵՒ» ԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԷՔ՝ ԱՌՑԱՆՑ
Ազգային Առաջնորդարանի «Տաթեւ» լսարանը Zoom-ով տեղի պիտի ունենայ այս ամառ՝ Երկուշաբթի, 29 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս, ամէն առաւօտ ժամը 11:00-12:00 (արեւելեան ժամով):
 
Այս անվճար դասընթացքը 13-18 տարեկան պատանիներու համար պիտի ներառնէ խտացուած դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ կրօնական նիւթերու շուրջ։
 
Հետաքրքրուողները կրնան արձանագրուիլ հարկ եղած տեղեկութիւնները (անուն, մականուն, բջիջային հեռաձայնի թիւ, ել-նամակի հասցէ եւ ծննդեան թուական) ղրկելով shant@armenianprelacy.org հասցէին, որպէսզի ստանան Zoom-ի անհրաժեշտ կապը՝ նիստերուն հետեւելու համար։
 
Հարցումներու պարագային, գրեցէք Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին վերի հասցէին կամ հեռաձայնեցէք (212) 689-7810 թիւին։

«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
 
Այս շաբթուան նամակին հեղինակը՝ Կարմէն, կը հովանաւորուի Ճոանն Մուրաճեանի կողմէ։     

«Բարեւ Ձեզ, սիրելի հովանաւորներ,

Ցանկանում եմ ամենայն բարիք։ Ես արդէն 7րդ դասարանում եմ սովորում։ Ունեմ ուսման մեծ առաջադիմութիւն։ Ես առաջուայ նման չեմ յաճախում պարի եւ լրացուցիչ դասերի պարապմունքներին։ Մայրիկս չի հասցնում լրացուցիչ պարապմունքներին համար վճարելու։ Ուստի փորձում եմ ինքնուրոյն սովորել։ Հիմա դասերս աւելի են բարդանում ու ինձ թւում է ես պէտք է նորից յաճախեմ լրացուցիչ պարապմունքների։

Ես ու մայրիկս առաջուայ նման ապրում ենք վարձով տանը։

Ունեմ շատ սովորելու ցանկութիւն։ Ուզում եմ ամէն ինչ իմանալ։

Մայրիկս մտածեց, որ ես արդէն մեծացել եմ եւ իմ խաղալիքներից տուեց մանկապարտէզին ու բարեկամներիս երեխաներին, բայց ես հիմա ուզում եմ փափուկ խաղալիք, ոը գրկեմ ու քնեմ։

Յոյսով եմ մայրիկս կը գնի։

Բարեւներով Ձեր՝ Կարմէն»։

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ՍՊԱՍՈՂ ՈՐԲԵՐ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։           
 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել (այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ), կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել վարի կապին վրայ։      

«ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀՆԴԿԱՀԱՅ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ»
Յ. ԻՐԱԶԵԿ 
Յ. Իրազեկի (Յակոբ Տէր Յակոբեան) բանասիրական այս աշխատութիւնը կը ներկայացնէ Հնդկաստանի փոքր, սակայն իր մշակութային գործունէութեամբ ազդեցիկ համայնքի հրատարակչական աշխատանքը, որուն ամենէն աչքառու երեւոյթները արձանագրուած են 18րդ դարուն՝ Մատրասի խմբակի հրատարակութիւններով եւ հայ մամուլի առաջին խմբագիր՝ Յարութիւն քհն. Շմաւոնեանի «Ազդարար»ի տպագրութեամբ։ 
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք   books@armenianprelacy.org    հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ԱՐՇԱԿ ԱԼՊՕՅԱՃԵԱՆ (ծնունդ՝ 14 Յունիս, 1962)
Պատմաբան ու բանասէր Արշակ Ալպօյաճեան շուրջ 60 տարուան բեղուն վաստակ մը կտակած է մեր մշակոյթի ուսումնասիրութեան, ու անոր երկերը մինչեւ այսօր լայնօրէն կը վկայակոչուին ու կը գործածուին հայ թէ օտար հայագէտներու կողմէ։

Ծնած է 14 Յունիս, 1879ին, Սկիւտարի շրջանը ( Պոլիս)։ Յաճախած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը , իսկ այնուհետեւ՝ Կեդրոնական վարժարանը։ Թերաւարտ, 1895 ին առեւտրական ասպարէզ մտած է, իսկ տարի մը ետք Բիւզանդ Քէչեանի « Բիւզանդիոն » օրաթերթին վարչական պատասխանատու դարձած է, իսկ այնուհետեւ՝ նաեւ յօդուածագիր։

Ալպօյաճեան կանուխ տարիքէն աշխատակցած է Պոլսոյ եւ արտասահմանի մամուլին։ Առաջին բանասիրական գործը կենսագրական աշխատանք մըն է՝ « Ուսումնասիրութիւն Սրբուհի Տիւսաբի » (1901)։ Մասնակի ժամանակով դասաւանդած է Պոլսոյ վարժարաններուն մէջ։ Ձեռնարկած է հայ գաղթավայրերու ուսումնասիրութեան, որ իր տեւական ուշադրութեան նիւթը պիտի ըլլար մինչեւ կեանքին վերջը։ 1905 ին «Հայք ի Ռումելի» անտիպ մնացած հատորը « Իզմիրլեան » գրական մրցանակին արժանացած է։

1909ին ամուսնացած է ու զաւակ մը ունեցած։ 1910- ին Պոլսոյ Ազգային Ժողովի երեսփոխան ընտրուած է եւ նոյն տարին դարձած՝ Պատրիարքարանի արխիւի տնօրէնը։ Անդամ եղած է Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան։

Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Ալպօյաճեան ինքզինք սահմանափակած է   Պատրիարքարանին մէջ։ 1919ին, լոյս ընծայած է «Անհետացող դէմքեր. Գրիգոր Զօհրապ (իր կեանքը եւ գործը)» հատորը, իսկ 1919-1922ին, գլխաւորած է Պատրիարքարանի Տեղեկատու Դիւանը, որ աշխատած է մեծ պետութիւններուն ստոյգ տեղեկութիւններ հաղորդելու համար՝ թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան հայերուն մասին ընդհանրապէս եւ թէ՛ Մեծ Եղեռնի մասին յատկապէս։

1922 ին, լքած է Պոլիս ու անցած՝ Գորֆու կղզի (Յունաստան) , ուսուցչական պաշտօն վարելու հոն հաստատուած հայկական որբանոցին մէջ։ 1923 ի աւարտին , հաստատուած է Եգիպտոս ու մասնակի ժամանակով դասաւանդած՝ Գահիրէի Ազգային Գալուստեան վարժարանին մէջ։ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետի պաշտօնը վարած է (1924-1935)։ Հրատարակած է « Ազատ Միտք » շաբաթաթերթը (1936-37) , «Գրասէրի Առաջնորդ » պարբերաթերթը (1938-1949 ) եւ « Կեանք եւ Գիր » տարեգիրքը (1 948) ։

1941- ին իր սեփական տպարանը հիմնած է՝ իր գիրքերն ու պարբերականները տպելու համար։ Նոյն տարին , կորսնցուցած է իր կողակիցը, երկարամեայ հիւանդութենէ ետք։

1955- ին անդամ ընտրուած է Եգիպտոսի թեմական ժողովին ու դարձած՝ փոխ-ատենապետ։ Նոյն տարին ներկայացուցած է Եգիպտոսի թեմը 1955 ի Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսական ընտրութեան։

Հայաստան այցելած է 1959ին եւ մեծ պատիւի արժանացած իբրեւ բանասէր։ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա . Կաթողիկոսը զինք գնահատած է Ս . Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով ու հայրապետական յատուկ կոնդակով։ Ալպօյաճեան իր մահկանացուն կնքած է   Գահիրէի մէջ, 24 Յունիս, 1962ին։

Ալպօյաճեանի տպուած 22 աշխատասիրութիւններէն « Պատմութիւն հայ գաղթականութեան » եռահատոր գործը (1941, 1955 եւ 1961) դարձած է հայկական գաղթավայրերու առաջին ամբողջական պատմութիւնը։ Չորրորդը հատորը , ուր ներառնուած է Բ. Աշխարհամարտի հետեւանքով գաղթական վայրերու պատմութիւնը, անտիպ մնացած է։ Այլ մեծարժէք գործերու շարքին, հրատարակած է արեւմտահայութեան նուիրուած շարք մը մեծածաւալ աշխատութիւններ՝ «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» (1937-1938), «Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց» (1952), «Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց» (1961), «Յուշամատեան Կուտինահայերու» (1961)։

Ալպօյաճեան անտիպ ձգած է աւելի քան 15 գործեր։ Անոր արխիւը տեղափոխուած է հայրենիք ու կը պահուի Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ (կարգ մը գործեր հրատարակուած են յետ մահու)։ 

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ՀԱՒԵՐ

Անգլերէն uncle («մօրեղբայր, հօրեղբայր») բառը, ինչպէս շատ ուրիշներ, ֆրանսական ծագում ունի։ Հին ֆրանսերէն oncle, իր կարգին, լատիներէն avunculus («մօրեղբայր») բառէն կու գայ, որ բառացիօրէն «փոքր պապ» կը նշանակէ եւ փաղաքշական ձեւն է լատիներէն avus («պապ, մեծ հայր»)։

Հայերէնի հետ կապը կը գտնենք այն իրողութեան մէջ, որ վերոյիշեալ լատիներէն avus բառը իր ակունքները ունի հնդեւրոպական արմատի մը մէջ՝ *awo- («պապ, այր ազգական, որ մէկուն հօրմէն տարբեր է»)։ Լատիներէնէն բացի, այս արմատը տարբեր շառաւիղներ ունեցած է՝ հիթիթերէնի, լիթուաներէնի, կալլերէնի, սլաւոներէնի եւ... հայերէնի մէջ։ Հայերէն բառը հաւ է՝ «մեծ հայր»։

Այստեղ, կարգ մը ընթերցողներ թերեւս հարց տան, թէ արդեօք «հաւ»ը մեր գիտցած հաւը չէ՞։ Հարկաւ, թէեւ հաւ բառի ճշգրիտ իմաստը «թռչուն» է։ Սակայն, ինչպէս յայտնի է, նոյն հնչիւնը ունեցող բառեր կան, որոնք տարբեր իմաստներ ունին։

Այս հաւ բառը արդէն ներկայ էր Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան մէջ, 5րդ դարուն։ Ելից գիրքին մէջ, երբ Ահարոն եւ Մովսէս կ՚երթան ու Փարաւոնին կը յայտնեն, թէ Տէրը մարախը պիտի բերէ Եգիպտոս եւ բոլոր տուները պիտի լեցնէ, ինչպէս «ո՛չ ձեր հայրերը եւ ո՛չ ալ ձեր հայրերուն հայրերը տեսած են» (10:6), գրաբարի ձեւը « հարք ձեր ... հաւք ձեր» է, ուր հարք «հայր» բառի յոգնակին է, իսկ հաւք՝ «հաւ» բառի յոգնակին։

Տարբեր մատենագիրներ գործածած են հաւ բառը, բայց անծանօթ պատճառներով, ան գոյատեւած չէ աշխարհաբարի կամ բարբառներուն մէջ «մեծ հայր» իմաստով, ու փոխարինուած է պապ կամ մեծ հայր բառերով։ Հետաքրքրական է, որ որեւէ բարդ բառ չէ մնացած մեր արդի լեզուին մէջ, որ կապ ունենայ այդ արմատին մէջ։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ).  

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս շաբթուան արխիւային լուսանկարը կը յիշեցնէ, որ Մարտ 2, 1992ին, Հայաստան ընդունուեցաւ իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամ։ Լուսանկարին մէջ, Արտաքին Գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Արզումանեան կը մասնակցին նիստին՝ դրօշակի բարձրացման արարողութենէն ետք։ Արեւելեան թեմի օրուան առաջնորդ՝ Մեսրոպ արք. Աշճեան, յաճախ նկարագրած էր այդ օրը որպէս իր կեանքի ամենէն երջանիկներէն մէկը։ 

ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։  

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
9 Մայիս-13 Յունիս —Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ Zoomի միջոցով։ Կը ներկայացնէ՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն, Շաբաթ օրերը, ժամը 2:00-2:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք shant@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
 
13 Յունիս «Սիամանթօ» լսարանի առցանց հանդիպում, ժամը 10:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ ( anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
 
29 Յունիս—3 Յուլիս —Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագիր՝ առցանց։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք shant@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
 
12 Սեպտեմբեր —Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ առցանց, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի։  

26-27 Սեպտեմբեր — (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
17 Հոկտեմբեր (ՋՆՋՈՒԱԾ) Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ»ու կողմէ։
 
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/