SHARE:  
6 Փետրուար, 2020
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
«Հաւատով Խոստովանիմ» ԻԱ․ աղօթք

Կը կարդայ՝ Անի Մանճիկեան
Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարանի
12րդ դասարանի աշակերտուհի

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ
ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ԴԻՏՈՐԴԻՆ ՄԱԿ-Ի ՄՕՏ
Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿԻ մօտ Վատիկանի մշտական դիտորդ՝ Կապրիէլէ արք. Գաչիայի հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եկեղեցականը, որ վերջերս նշանակուած էր այդ պաշտօնին, յաջորդելով Սպանիոյ պապական նուիրակ նշանակուած` Պերնարտիթօ արք. Աուզան։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, որ CAMECTի (արաբական եւ միջին արեւելեան եկեղեցիներու ընկերակցութիւն) նախագահն է, կ՚ընկերանար նոյն կազմակերպութեան քարտուղար՝ Արեւելեան ԱՄՆի մարոնի առաջնորդ՝ Կրեկորի եպս. Մանսուր։ Երեք եկեղեցականները շինիչ զրոյց մը ունեցան Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու կապերուն մասին, որոնք խորացած են երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի եւ ներկայիս՝ Փռանկիսկոս Պապի օրերուն։ Անոնք նաեւ քննարկեցին քրիստոնեաներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՀԵՏ
Դոկտ. Վարդան Գրիգորեան եւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ ամերիկահայ գրագէտ
Ուիլիըմ Սարոյեանի նկարչական մէկ գործին առջեւ
Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այցելեց Նիւ Եորքի Գառնըկի հիմնարկութեան նախագահ՝ դոկտ. Վարդան Գրիգորեանին։ Տեղի ունեցաւ շահեկան խօսակցութիւն մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան ամերիկահայ համայնքի ու ընդհանրապէս հայութեան առնչուող հարցեր։ Դոկտ. Գրիգորեան իր ներկայ պաշտօնը կը վարէ 1997էն ի վեր։ Համալսարանական ասպարէզին մէջ աչքառու գործունէութենէ ետք, ան ծառայած էր իբրեւ Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի (1981-1989) եւ Պրաուն համալսարանի (1989-1997) նախագահ։ 2004ին, ստացած է նախագահական «Ազատութեան շքանշան»ը՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական բարձրագոյն պատիւը։

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
31 Յունուարէն մինչեւ 3 Փետրուար, Ն . Ս . Օ . Տ . Տ . Արամ Ա . Վեհափառ Հայրապետ նախագահեց միջ-եկեղեցական համագումարի մը, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, մասնակցութեամբ 30 աստուածաբաններու ու միջ - եկեղեցական շարժումի փորձագէտներու՝ Հարաւային Գորէայէն , Ինտոնեզիայէն , Հնդկաստանէն , Յորդանանէն , Քենիայէն , Կանայէն , Պուրունտիէն , Ռուսաստանէն , Զուիցերիայէն , Վատիկանէն , Շուէտէն , Ֆինլանտայէն , Գանատայէն , Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն :
 
Համագումարին նպատակն էր միջ - եկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել՝ համահունչ ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն : Համագումարին յայտարարութիւնը պատրաստող յանձնախումբը ներկայացուց ընդհանուր ուրուագիծ մը , որ երկար քննարկումէ յետոյ որդեգրուեցաւ : Նկատի ունենալով կատրուելիք յայտարարութեան յոյժ կարեւոր բնոյթը , որոշուեցաւ զայն պատրաստել ու հրապարակել յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին :   

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՁԵՐ ՏՈՄՍԱԿՆԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎԵՑԷՔ
« Միւզիքըլ Արմինիա » յի 37 րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15 ին , կէսօրէ ետք ժամը 2:00 ին , աշխարհահռչակ « Գառնըկի » համերգասրահի « Ուէյլ » սրահին մէջ։ Երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիներ այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն , շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը ։

« Միւզիքըլ Արմինիա », որ 1982 ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք . Աշճեանի եւ Ազգ . Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով , նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու մեկնաբանութեան սատարելու։ Անցնող 38 տարիներուն , ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են ։

Համերգին ելոյթ պիտի ունենան՝ դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան , սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան։  

Ինչպէս անցեալին , « Միւզիքըլ Արմինիա » յի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն ), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար ), ոսկի (300 տոլար ) եւ արծաթ (200 տոլար ) ։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։

Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար , հաճեցէք կապուիլ Ազգ . Առաջնորդարան՝ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։ 
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Դ. ԿԻՐԱԿԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:22-38

Յաջորդ օր, ժողովուրդը՝ որ մնացած էր լիճին միւս կողմը, տեսաւ թէ հոն միայն մէկ նաւակ կար, որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտան եւ առանձինն գացին. իսկ Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ չմտաւ: Յետոյ Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ ալ եկան հոն, ուր Յիսուս Աստուծոյ գոհութիւն տալով բազմացուցած էր հացը եւ տուած ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն: Ժողովուրդը տեսնելով թէ Յիսուս հոն չէր, ոչ ալ իր աշակերտները, նաւակները առին եւ Կափառնաում եկան Յիսուսը փնտռելու համար: Երբ զինք գտան լիճին միւս կողմը, հարցուցին.
Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկար հոս:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
Կ’ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք: Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ: Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ:
Անոնք հարցուցին.
Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց:
Անոնք ըսին.
Ի՞նչ հրաշք պիտի գործես, որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք. ի՞նչ պիտի ընես: Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, ինչպէս գրուած է. «Անոնց երկինքէն հաց տուաւ ուտելու համար»:
Յիսուս անոնց ըսաւ.
Ճշմարտութիւնը կ’ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր: Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը: Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ’իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին:
Անոնք ըսին.
Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
Ես եմ կեանքի հացը: Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ: Բայց նախապէս ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար: Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. որովհետեւ ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց:

Բ. ԹՈՒՂԹ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻՆ 3:1-12

Սա՛ եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան, որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող, տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի, մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ, եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած: Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան: Զգուշացի՛ր անոնցմէ: Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները, որոնք միշտ կ’ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր: Այնպէս ինչպէս Եանէս եւ Եամբրէս մոգերը Մովսէսի հակառակեցան, միտքով ապականած եւ հաւատքով սնանկ այս մարդիկն ալ ճշմարտութեան կը հակառակին: Բայց իրենց յաջողութիւնը երկար չի տեւեր, որովհետեւ իրենց անմտութիւնը շուտով յայտնի պիտի ըլլայ բոլորին, ճիշդ ինչպէս այն երկուքինը եղաւ:
 
Բայց դուն կառչա՛ծ մնա իմ ուսուցումիս, կեանքի օրինակիս, յօժարութեանս, հաւատքիս, համբերատարութեանս, սիրոյս եւ յարատեւութեանս, որոնք ցուցաբերեցի՝ նոյնիսկ հալածանքներուս եւ չարչարանքներուս մէջ: Գիտես թէ ի՛նչ պատահեցաւ ինծի Անտիոքի, Իկոնիոնի եւ Լիստրայի մէջ. թէ ի՛նչպիսի հալածանքներ կրեցի, եւ այդ բոլորէն Տէրը զիս ազատեց: Նոյնպէս, բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ Քրիստոս Յիսուսի միացած ապրիլ, անպայման հալածանքներու պիտի ենթարկուին:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 63:7-18
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ
Շաբաթ , 8 Փետրուարին , Հայց . Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս . Սարգիս զօրավարը , անոր Մարտիրոս որդին եւ 14 հաւատացեալ զինուորները։ Այս շարժական տօնը կ՚իյնայ 11 Յունուարի եւ 16 Փետրուարի միջեւ։ Կը հետեւի Առաջաւորաց պահքին , որ Ս . Սարգիսի հետ կապ չունի , բայց այս սուրբին հետ կապակցուած է , եւ նոյնիսկ կը յիշուի յաճախ իբրեւ Ս . Սարգիսի պահք։

Սարգիս 4 րդ դար ապրած հռոմէացի զինուոր մըն էր , որ քրիստոնեայ դարձաւ։ Քաջաբար մարտնչելով Կոստանդին կայսեր համար, զինուորական աստիճաններէն բարձրացաւ։ Յուլիանոս կայսեր գահակալութեամբ , Սարգիս եւ իր որդին ապաստանեցան Հայաստան , ուր քրիստոնէութիւնը արդէն պետական կրօնք դարձած էր։ Այնուհետեւ , Պարսկաստան անցան՝ պարսից բանակին միանալով ընդդէմ Յուլիանոսի, եւ բացառիկ քաջութեամբ կռուեցան։ Սակայն , պարսից Շապուհ Բ . թագաւորը փորձեց զանոնք համոզել , որ քրիստոնէութիւնը լքէին եւ զրադաշտական դառնային։ Հայր ու որդի մերժեցին եւ նահատակուեցան։ Տասնչորս հաւատարիմ քրիստոնեայ զինուորներ , որոնք ներկայացան դիակները պահանջելու , նոյնպէս սպաննուեցան։ Ի վերջոյ , քրիստոնեաները ապահովեցին աճիւնները եւ Ասորեստան ղրկեցին։ 5 րդ դարուն , Ս Մեսրոպ Մաշտոց   աճիւնները փոխադրել տուաւ Վասպուրականի Կարպի քաղաքը , ուր վանք մը կառուցուեցաւ գերեզմաններու վայրին վրայ ։  

ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Այս շաբաթ խորհրդածութեան մէջ, Թրոյի (Նիւ Եորք) այցելու հովիւ՝ Տ. Կոմիտաս Ա. քհն. Պաղսարեան, այս Կիրակի օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներու նիւթին կ՚անդրադառնայ. «Ես եմ կեանքի հացը» (Յովհ. 6:22-38)։ 

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԵՐԻԶՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՇԱՐՔ
Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը ձեռնարկած է ուսուցողական կարճ տեսերիզներու շարքի մը, որ մկրտութեան խորհուրդի իմաստին պիտի անդրադառնայ։ Երկշաբաթեայ շարքը պիտի վարէ բաժանմուքի տնօրէն՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան։  

Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
 
Այս շաբթուան նամակը գրած է Վիկտորիան, որուն հովանաւորը Վըրճինիա Զուրեքին է։ 
«Բարեւ, սիրելի հովանաւոր,

Ես Վիկտորիան եմ, սովորում եմ 4րդ դասարանում։ Շատ լաւ եմ սովորում բոլոր առարկաները, յատկապէս շատ եմ սիրում մայրենի լեզուն, մաթեմատիկա, անգլերէն առարկաները։ Երբ դպրոցից տուն եմ գալիս դասերս եմ սովորում եւ օգնում եմ մայրիկիս տնային գործերում, մաքրում եմ յատակը, ջրում ծաղիկները, զբաղւում փոքր եղբօրս հետ։
Ազատ ժամանակ սիրում եմ նկարել, քանի որ առանց նկարելու չեմ պատկերացնում օրս։

Սիրելի հովանաւոր, ես իմ ընտանիքի հետ յաճախ գնում եմ եկեղեցի, միշտ Աստծուն աղօթում եմ, որ առաջին հերթին մեզ բոլորիս տայ առողջութիւն։ Ես Ձեզ համար նոյնպէս աղօթում եմ, որ Աստուած ձեզ օրհնի ու յաջողութիւններ տայ կեանքում, որովհետեւ Դուք մեզ համար շատ մեծ բան էք անում։ Շատ եմ ուզում ձեզ տեսնել, գրկել եւ համբուրել։

Ձեզ շատ սիրող եւ յարգող՝

Վիկտորիա»

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,   սեղմեցէք այստեղ  արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org)    կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը այժմ ընդլայնած է իր ծրագիրը, ընդգրկելով բոլոր այն որբերը, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Տարեկան գումարը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։

Ինչպէս հայրենիք այցելուները կրնան վկայել, Հայաստանի յուսահատութեան մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են։ Երեւանը ներկայիս ծաղկուն քաղաքն է, ուր ամբողջ աշխարհէն այցելուներ կը ժամանեն։ Բայց բոլորս ալ գիտակից ենք, որ երկրի ու Արցախի երկայնքին բազում մարտահրաւէրներ կան։ Յաճախ՝ կրթութիւնը բանալի է զանոնք յաղթահարելու համար։

Հայաստան այժմ ծանօթ է շրջանին մէջ իբրեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կեդրոն մը, ինչ որ բազմաթիւ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ, որոնց համար կարող ու անհրաժեշտ դաստիարակութեամբ մասնագէտներու պէտքը կայ։ «Մեծն Ներսէս»ի կողմէ հովանաւորուած որբերը այժմ տնտեսութեան պէտք ունեցած աշխատուժը դառնալու ճամբուն են։

Բազմաթիւ նուիրատուներու յանձնառութեան շնորհիւ, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը «Մեծն Ներսէս»ի գործունէութեան գլխաւոր կէտերէն մէկը եղած։ Նուիրատուները երեխաներու աճին վկայ եղած են եւ յաճախ ուժեղ կապեր հաստատած՝ անոնց հետ։ Հովանաւորները այժմ կրնան շարունակել երէկուան մանուկներուն օգնել, որ հասուննան իբրեւ երիտասարդ մասնագէտներ։

«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ թեկնածուներ գտնել եւ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել։

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
Այս հատորը կ՚ամփոփէ 2017ին Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած համանուն համագումարին ներկայացուած զեկուցումները՝ թէ՛ գիտական եւ թէ՛ հրապարակագրական բովանդակութեամբ։ Սփիւռքի մերօրեայ ինքնութեան հարցերուն նուիրուած համագումարը անդրադարձած է բազմաթիւ այժմէական հարցերու՝ վերջին 30ամեակի իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Ինչպէս յայտնած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր ուղերձին մէջ, «ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ, ի՞նչ են հայ մարդուն հա՛յ ըլլալու ցուցանիշերը ու հայ նկատուելու չափանիշերը, ի՞նչ է հայ մարդուն ինքնահասկացողութիւնը»։
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք   books@armenianprelacy.org   հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ԱՇԽԱՐՀԲԷԿ ՔԱԼԱՆԹԱՐ ( ծնունդ՝ 11 Փետրուար, 1884 )

Աշխարհբէկ Քալանթար Հայաստանի հնագիտութեան հիմքը դնող գիտնականներէն մէկը եղաւ, որ, իր ժամանակաշրջանի շատ մը մտաւորականներու նման, զոհ գնաց ստալինեան մաքրագործումներուն։

Քալանթար ծնած է 11 Փետրուար, 1884ին, Լոռիի Արդուի գիւղին մէջ։ Շառաւիղ մըն էր Լոռիս-Մելիք եւ Արղութեան ազնուական ընտանիքներուն։ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանէն (1903) եւ ռուսական գիմնազիոնէն (1907) շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, մտած է Ս. Փեթերպուրկի համալսարանը՝ լեզուաբանութիւն եւ Կովկասի լեզուները ուսումնասիրելու համար։ Իբրեւ ուսանող, մասնակցած է Անիի պեղումներուն՝ Նիկողայոս Մառի ղեկավարութեան տակ։ 1911ին աւարտելով իր ուսումը, Ս. Փեթերպուրկի հնագիտութեան հիմնարկի անդամ դարձած է։ Մասնակցած է հնագիտական բազմաթիւ առաքելութիւններու Հայաստանի մէջ։

1914 ին Հնագիտական Կայսերական Ընկերութեան անդամ ընտրուած է, Ս. Փեթերպուրկի գիտական աւանդապահ նշանակուած, ղեկավարելով Անիի 13րդ շրջանի պեղումները։ Ա. Աշխարհամարտին մասնակցած է՝ իբրեւ թարգման ու խորհրդատու զօր. Անդրանիկի կամաւորական առաջին գունդին մէջ, փոխգնդապետի աստիճանով, եւ ճամբուն վրայ ուսումնասիրած է Խոյի (Իրան) շրջանի հայկական պատմական յուշարձանները։

1917 ին մասնակցած է Վանի երկրորդ հնագիտական արշաւին՝ հայագէտ Նիկողայոս Ադոնցի հետ։ Ապրիլ-Մայիս 1918ին, թրքական յառաջխաղացքի ժամանակ, փրկած է շուրջ 6,000 առարկաներ Անիի թանգարանէն, որոնք ներկայիս Հայաստանի պատմութեան թանգարանը կը գտնուին։ 1918-1919ին Թիֆլիսի Անդրկովկասեան համալսարանի դասախօս եղած է, հանդիսանալով Երեւանի համալսարանի եօթը հիմնադիր անդամներէն մէկը՝ 1919ին։ Ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի եւ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի հետ հիմնած է Հնութիւնների Պահպանութեան Կոմիտէն, որուն գիտական քարտուղարը նշանակուած է։

Քալանթար Անիի շրջանի կարգ մը յուշարձանները նկարագրող վերջին գիտնականը եղած է Օգոստոս-Սեպտեմբեր, 1920ին։ Այդ յուշարձանները այնուհետեւ փճացուած է թուրք կառավարութեան կողմէ։ 2013ին, միջազգային գիտարշաւ մը Քալանթարի 1920ի քայլերով գացած է՝ փաստագրելու Անիի շրջանի աւելի քան տասնեակ մը յուշարձաններու (Ալաման, Արճօ-Առիճ, Բագարան, Խծկոնկ, Մրէն, եւ այլն) յուսահատական վիճակը։

1922 ին, Քալանթար հիմնած է Երեւանի պետական համալսարանի արեւելեան պատմութեան եւ հնագիտութեան ամպիոնը։ Նոյն տարին, հրատարակած է հնագիտութեան առաջին հայերէն դասագիրքը։ Շարունակած է իր հնագիտական հետազօտութիւնները, կազմակերպած ցուցահանդէսներ, եւ մասնակցած՝ միջազգային գիտողովներու։ Կազմակերպած է աւելի քան 30 հնագիտական գիտարշաւներ։ 1930ականներուն, Թամանեանի հետ միասին, փորձած է փրկել Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին (այժմու «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին տեղը), որ քանդուած է խորհրդային վարչակարգին կողմէ։ 1935ին, Քալանթար Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի հայկական մասնաճիւղի (Արմֆան) գիտական խորհուրդի անդամ նշանակուած է։

Այս բեղուն գիտնականին կեանքը կանգ առած է Մարտ, 1938ին։ Ձերբակալուած է իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի»՝ այլ պաշտօնակիցներու հետ։ Աքսորուած է Ռուսաստան, ուր մահացած է Յունիս , 1942ին։

Աշխարհբէկ Քալանթարի աւելի քան 80 գիտական յօդուածներուն մէկ հատընտիրին անգլերէն թարգմանութիւնը երեք հատորով լոյս տեսած է Փարիզի մէջ (1994, 1999, 2004)։ Անոր կիսանդրին զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի մուտքի սրահին մէջ, Փետրուար, 2015ին։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ    ( www.armenianprelacy.org ). 
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Յունիս 1983ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ. 80 օրուան հայրապետական այցելութիւն մը տուաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մեր բոլոր համայնքներուն։ Յունիս 5, 1983ին, Հայրապետական Պատարագ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորք՝ Սէնթ Պարթոլոմիւ եկեղեցւոյ մէջ, որուն հետեւեցաւ հիւրասիրութիւն մը՝ Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի «Ասթոր» սրահին մէջ (տե՛ս վերի նկարը)։ Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը «Ուալտորֆ-Ասթորիա» պանդոկին մէջ։ 

ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ԿԷՍՕՐ
“Crossroads”ի խմբագրութեան հասցէին (crossroads@armenianprelacy.org) թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը՝  Չորեքշաբթի կէսօր է։

Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։

ԱՐՁԱԳԱՆԳ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԷ
Մեր հաւատարիմ ընթերցողներէն մէկը կը գրէ.

« “Crossroads ” օրինակելի եւ հրաշալի տեղեկատու մըն է։ Կը բաժնեկցիմ ընտանիքիս եւ բարեկամներուս հետ։ Հոգեւոր, մշակութային, տեղեկատուական եւ աշխարհիկ նիւթերու հոյակապ համադրութիւն մըն է։ Ամէն շաբաթ անոր կը սպասեմ։ Հոյակապ գաղափար եւ հոյակապ գործադրութիւն»։ 

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
8 Փետրուար — «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, ժամը 10:00էն 12:30։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուս. Խորհուրդի վարիչ տնօրէն տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7231)։
 
9 Փետրուար —Ս. Սարգիսի տօնակատարութիւն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պիտի պատարագէ ու քարոզէ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին, տեղի պիտի ունենայ Ս. Վարդանանցի սրբապատկերի մը օծումը։
 
18 Փետրուար —Ս. Ղեւոնդեանցի տօնակատարութիւն Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս), նախագահութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, որ պիտի կատարէ Ս. Վարդանանց սրբապատկերի մը օծումը։
 
 4 Մարտ —ԱՄՆի Հայաստանի դեսպանատունը եւ PostClassical համոյթը կը ներկայացնեն «Հայկական ոդիսական մը. նուռերու գոյնը»՝ հայ երաժշտութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան բազմամիջոցային կատարում մը, մասնակցութեամբ՝ Ջիւան Գասպարեանի եւ ուրիշներու, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Washington National Cathedral, 3101 Wisconsin Avenue, NW, Washington, DC։
 
15 Մարտ — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 
 
 28 Մարտ —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

29 Մարտ —ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղը կը ներկայացնէ Գեւ Օրգեանը։ Կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ «Ապաճեան» սրահին մէջ։

 13-16 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 
 
31 Մայիս —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։

28 Յունիս—5 Յուլիս —Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանին հետ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով arec@armenianprelacy.org հասցէին։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/