7 Մայիս, 2020
Ի ՅԻՇԱՏԱԿ
ԱՐԱՔՍ ՍԱՐԱՃԵԱՆԻ
Յունուար 9, 1928 - Ապրիլ 29, 2020
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը խոր ցաւով ստացան տիկ. Արաքս Սարաճեանի մահուան տխուր լուրը։ Հայ Եկեղեցին ու համայնքը կորսնցուցած են բոլորանուէր անդամ մը՝ երկար տասնամեակներու վաստակով։

Արաքս Քաջունի ծնած էր Նիւ Եորք, Յունուար 9, 1928ին։ Երեք զաւակներէն մէկն էր Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ Եղիշէ եւ Սաթենիկ Քաջունիի։ Մեծցած էր Օրէնճ (Նիւ Ճըրզի) եւ յաճախած՝ Նիւ Եորքի «Փաքըրտ» քոլէճը։ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ձեռնարկի մը ընթացքին, հանդիպած էր ապագայ ամուսնոյն՝ Տիգ Սարաճեանին, որուն հետ իր կեանքը նուիրած է եկեղեցիին ու համայնքին։ Տէր եւ տիկին Սարաճեանները եղած են Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ անոր Տիկնանց Միութեան եւ Արանց Ակումբին հիմնադիր անդամներ։ Անոնք նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցի նուիրեալ աջակիցներ եղած են, արժանանալով իրերայաջորդ սերունդներու ճանաչումին իբրեւ Aunty Arax եւ Uncle Dick։ Անոնց գործունէութեան կարեւոր մէկ մասը դարձած է երիտասարդական ծրագիրներու շուրջ, ինչպէս պասքէթպոլի խումբը եւ Հ.Ե.Դ.ն։ Ազգային Առաջնորդարանին իրենց մնայուն օժանդակութիւնը բերած են՝ սերտ յարաբերութիւններ պահելով մեր բոլոր առաջնորդներուն հետ։ Արաքս Սարաճեան աւելի քան վաթսուն տարի նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան «Արմենուհի» մասնաճիւղի անդամ եղած է։ Ծանօթ էր իր սուր մտքով, կազմակերպչական ձիրքերով եւ արտակարգ յիշողութեամբ։
 
Իր ամուսնոյն մահէն ետք, տիկ. Սարաճեան գուրգուրանքին առարկան եղած է իր զաւակներուն՝ տէր եւ տիկ. Ռիչըրտ եւ Նորա Սարաճեաններուն, տէր եւ տիկ. Քէն եւ Թրիշ Սարաճեաններուն, տէր եւ տիկ. Գարոլ եւ Ճիմ Քենըլիին, թոռներուն, եւ այլ ընտանեկան պարագաներուն։

Անուշաւան Արքեպիկոպոսի նախագահութեամբ, թաղումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Մայիս 4ին, «Ճորճ Ուաշինկթըն» գերեզմանատան մէջ (Փարամըս, Նիւ Ճըրզի)։
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն։ Աստուած հոգիին լուսաւորէ։ 

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, Մայիս 3ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Նիւ Պրիթընի (Քընեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։  
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տօնակարգին համաձայն, Յարութեան չորրորդ Կիրակին կը յատկանշուի՝ Կարմիր Կիրակի անունով, որ կը բացայայտէ հետզհետէ աճող ու տարածուող եկեղեցւոյ խորհուրդը։ Կարմիր գոյնը ընդհանրապէս խորհրդանիշ է սիրոյ եւ զոհողութեան, իսկ մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար կը յուշէ Խաչին վրայ աստուածային անհուն սէրն ու զոհաբերումը, ի խնդիր մարդկութեան փրկութեան։

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս պարզագոյն ձեւով, բնութեան ընդմէջէն այս մասին մեզի սորվեցուց, թէ ինչպէս ցորենի հատիկը հողին մէջ իյնալով ու մեռնելով բազում արդիւնք կու տայ, նմանապէս իրեն հետեւողները Իր օրինակով պարտին գիտակցաբար իրենց Խաչը կրել: Ահա թէ ինչու մեր Հայրերը, երախտագիտութեամբ յիշելով բոլոր դարերու հաւատքի ախոյեանները, սկսեալ քրիստոնեայ առաջին նահատակ Սուրբ Ստեփանոսէն, այս օրը անոնց արեան գոյնով օծած են՝ կոչելով Կարմիր Կիրակի: 

Հետեւաբար, այս օրուան խորհուրդին ընդմէջէն, առհասարակ ամէնքս հրաւիրուած ենք առաջին հերթին վերապրելու Եկեղեցւոյ աճման ու զարգացման հոյակապ ընթացքը՝ ոռոգուած Նահատակներուն արեամբ։ Եւ երկրորդ՝ այդ ընթացքը իմաստաւորելու այսօրուան մե՛ր կեանքին մէջ, մե՛ր յանձնառութեամբ։ Առ հասարակ ազատ երկիրներու մէջ ապրող հաւատացեալներ կրնան ժամանակավրէպ նկատել նահատակութեան մասին խօսիլը, սակայն չեն անդրադառնար որ հարցը նահատակուիլը չէ միայն, այլ Քրիստոսի սիրոյն հաւատարիմ մնալն է, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը մատնանշէ։ Այս ուղղութեամբ խիստ հետաքրքրական է մեր այսօրուան Առաքելական նամակի ընթերցումը, ուր Պետրոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը կը շրջի, եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ։ Հաստատուն հաւատքով դէմ դրէք անոր» (Ա Պտ 5.8-9)։ Առաքեալը ո՛չ թէ գեղեցիկ պատկեր մը կը գործածէր, ընդհակառակը՝ այս խօսքին խորութիւնը ի՛նք ապրած էր անձնապէս։ Որովհետեւ, երբ ինք կը կարծէր, թէ մեռնելու աստիճան կը սիրէր իր Տէրը եւ յայտարարած էր, որ պատրաստ էր զոհուելու Անոր համար, այնքան դիւրին կերպով երեք անգամ ուրացած էր զԱյն:

Ահա թէ ինչու իր կեանքի օրինակով կը սորվեցնէ մեզի սատանային նուրբ թակարդները, որովհետեւ ան կրնայ ամենէն զօրաւորն անգամ այնքան դիւրին կերպով կործանել։ Արդարեւ, սատանան նահատակութեան կողքին, այլազան ծածուկ փորձութիւններ կը պատրաստէ հաւատացեալին ամէնօրեայ կեանքին մէջ, որովհետեւ իր նպատակը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ տարբեր միջոցներով մեզ թակարդել եւ հեռացնել Աստուծմէ, մոռցնել տալ եւ ուռանալ զԱստուած։ Եւ զգոյշ ու արթուն ըլլանք, որովհետեւ սատանան, եթէ մինչեւ վերջին պահը Խաչին վրայ մեր Տէրը ուզեց փորձութեան մատնել, նոյնքան եւ աւելի՝ մինչեւ մեր վերջին շունչը ան չի հրաժարիր պայքար մղելէ, որպէսզի մեր հոգին թակարդէ։
 
Արդարեւ, այսօրուան խորհուրդը եւ Առաքեալին պատգամը մեր առօրեայ կեանքին շաղկապելով, կ՛ուզեմ մէջբերել մեր Եկեղեցւոյ 12-րդ դարու Հայրերէն Սարգիս Շնորհալիի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Ո՛վ հաւատացեալ, եթէ դուն երանի կու տաս նահատակներուն, որոնք իրենց արեան գնով արժանի եղան փառաց պսակին, լաւ գիտցիր, որ դուն անոնցմէ աւելի երանելի ես։ Որովհետեւ, մինչ անոնք մէկ անգամ նահատակուեցան, իսկ դուն ամէնօրեայ կենդանի նահատակ մըն ես»։
 
Մեր Տիրոջ երանիները արձագանգող՝ Շնորհալի վարդապետին այս խօսքը, որքա՜ն այժմէական կը հնչէ մանաւանդ մեր օրերուն, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ բառին ամբողջական իմաստով, մէկուկէս ամիսէ ի վեր համաշխարհային անորոշութեան մթնոլորտին մէջ կ՚անցընէ իր իւրաքանչիւր օրը: Արդարեւ, ամէն օր մեռնելու սպառնալիքին դիմաց կը տկարանանք ու կը հիւծինք, երբ կը կարդանք կամ կը լսենք բազմահազար մարդոց կամ բարեկամներու եւ հարազատներու անդառնալի կորուստը՝ պսակաձեւ ժահրին պատճառաւ: Իրաւ, որ յուսահատութեան մշուշը կը մթագնէ մեր Հաւատքը եւ Յոյսը որ ճառագայթեց Խաչին վրայ:
 
Ահա թէ ինչու հրամայական է մեր աչքերը չհեռացնելը Խաչեալ եւ Յարուցեալ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն եւ Իր օրինակով մահը արհամարհող նահատակներէն, եւ հոգեպէս սնանիլ՝ զօրացնելու համար՝ ո՛չ միայն մեր հոգին, այլ նաեւ միտքն ու մարմինը, յուսալով, որ ո՛չ միայն գեղեցիկ ապագայի, այլ նաեւ ներկայի ամէն տեսակի երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներ ու պսակաձեւ ժահրեր յաղթահարելու:  
  
Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան թեմի

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ «ՍՓԻՒՌՔԻ ՁԱՅՆ»Ի ՀԵՏ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այս շաբաթ հարցազրոյց մը կատարեց «Սփիւռքի ձայն» հեռատեսիլի հաղորդումին հետ, զոր կը վարէ տիկ. Կարինէ Քոչարեան։ Հարցազրոյցը պիտի սփռուի այս Կիրակի, 10 Մայիսին։ Կրնաք դիտել  www.voiceofarmenians.com  կայքէջին մէջ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
10 ՄԱՅԻՍ
ԵՐԵՒՈՒՄՆ Ս. ԽԱՉԻ

Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 20 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (31 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ա. Յովհ. 1.1-10 
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 17.1-15
Ամփիպոլիս եւ Ապոլոնիա քաղաքները շրջելէ ետք, Պօղոս եւ Շիղա Թեսաղոնիկէ եկան, ուր Հրեաներու ժողովարան մը կար: Պօղոս ըստ իր սովորութեան ժողովարան գնաց եւ երեք Շաբաթ օրեր անոնց խօսեցաւ: Կը բանար ու կը բացատրէր Սուրբ գիրքերը, անոնցմով կ’ապացուցանէր, թէ ի՛նչպէս Քրիստոս պիտի չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր, եւ կ’ըսէր.
Այն Յիսուսը, որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ա՛ն է Քրիստոսը՝ խոստացուած Փրկիչը:
Թեսաղոնիկեցի Հրեաներէն ոման հաւատացին եւ Պօղոսի ու Շիղայի յարեցան: Նոյնպէս անոնց յարեցան շատ մը աստուածապաշտ Յոյներ եւ նկատառելի թիւով երեւելի կիներ:
Հրեայ ղեկավարները նախանձեցան եւ փողոցներէն քանի մը դատարկապորտ անօրէններ հաւաքելով՝ ամբոխ կազմեցին, ամբողջ քաղաքը խռովեցին եւ Յասոնի տան վրայ խուժեցին՝ Պօղոսն ու Շիղան բռնելու եւ ժողովուրդին առջեւ հանելու համար: Բայց երբ զանոնք չգտան, Յասոնն ու քանի մը ուրիշ հաւատացեալներ քաշեցին տարին քաղաքի իշխաններուն առջեւ, պոռալով.
Այս մարդիկը, որոնք ամբողջ աշխարհը իրար անցուցին, հիմա մեր քաղաքը եկեր են, եւ Յասոն իր տունը առեր է զիրենք: Ասոնք բոլորը կայսրին հրահանգներուն հակառակ կը գործեն, որովհետեւ ուրի՛շ թագաւոր մը կը ճանչնան՝ Յիսուս անունով:
Այս խօսքերով անոնք խռովեցուցին ամբոխը եւ քաղաքի իշխանները: Սակայն իշխանները Յասոնէն եւ միւս քրիստոնեաներէն երաշխաւորութիւն առնելով՝ ազատ արձակեցին զանոնք:
Հազիւ գիշերը վրայ հասած՝ քրիստոնեաներ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք երբ հոն հասան՝ Հրեաներու ժողովարանը գացին: Բերիայի Հրեաները աւելի ազատամիտ էին քան Թեսաղոնիկեցիները, ուստի մեծ յօժարութեամբ ընդունեցին Աստուծոյ խօսքը եւ ամէն օր Սուրբ գիրքերը կը քննէին, տեսնելու համար թէ ճշմարի՞տ են Պօղոսի քարոզածները: Անոնցմէ շատեր հաւատացին: Նմանապէս հաւատացին բազմաթիւ ազնուական Յոյն կիներ եւ այրեր: Բայց երբ Թեսաղոնիկէի Հրեաները իմացան թէ Պօղոս Բերիայի մէջ եւս Աստուծոյ խօսքը քարոզեց, հոն ալ եկան՝ ժողովուրդը գրգռելու եւ խռովութիւն ստեղծելու համար: Ուստի հաւատացեալները անմիջապէս Պօղոսը մինչեւ ծովեզերք ղրկեցին, իսկ Շիղա եւ Տիմոթէոս հոն մնացին: Պօղոսի ընկերացողները զինք մինչեւ Աթէնք հասցուցին եւ ապա Բերիա դարձան, Շիղայի եւ Տիմոթէոսի համար Պօղոսէն պատուէր առնելով՝ որ շուտով գան իր մօտ:
 
 
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 7.14-23
 
Տաղաւարահարաց տօնակատարութեան մօտաւորապէս կէսին, Յիսուս տաճար ելաւ եւ սկսաւ ուսուցանել: Հրեաներ կը զարմանային եւ կ’ըսէին.
– Ի՞նչպէս այս մարդը Սուրբ գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք:
Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Ինչ որ ձեզի կ’ուսուցանեմ՝ իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ անորը՝ որ զիս ղրկեց: Ով որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը, թէ ես իմ հեղինակութեամբս կը խօսիմ: Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ: Մովսէս ձեզի Օրէնքը չտուա՞ւ. սակայն ձեզմէ ո՛չ ոք կը հնազանդի Օրէնքին: Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել:
Ժողովուրդը պատասխանեց.
– Դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել:
Յիսուս պատասխանեց.
– Հրաշք մը գործեցի եւ բոլորդ վրդովեր էք: Մովսէս հրահանգեց թլփատել ձեր զաւակները –թէեւ Մովսէս չէր սկսողը, այլ ձեր նախահայրերը– եւ դուք ձեր զաւակները կը թլփատէք Շաբաթ օրով: Եթէ մէկը կը թլփատէք Շաբաթ օրով, որպէսզի չբեկանուի Մովսէսի Օրէնքը, ինչո՞ւ զայրացած էք ինծի դէմ, որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով:

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ԵՐԵՒՈՒՄ
Այս Կիրակի, 10 Մայիսին, Ս. Խաչին նուիրուած առաջին տօնն է մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ՝ Երեւումն Ս. Խաչի, երբ կը յիշատակուի խաչի նշանին քանի մը ժամ երեւումը Երուսաղէմի վրայ, 351 թուականին։ Արեւէն աւելի փայլուն խաչի նշանը տարածուած է Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռը (շուրջ երկու մղոն), եւ ամէն ոք տեսած է զայն Երուսաղէմի մէջ։ Կիւրեղ Երուսաղէմացի պատրիարքը այս առիթով Բիւզանդիոնի Կոստանդ կայսեր յիշեցուցած է անոր հօր՝ Կոստանդին Մեծի ուղղափառ հաւատքին մասին։ Կիւրեղ պնդած է, որ Երեւումը ուղղափառութեան վերադառնալու յաւելեալ պատճառ մըն էր։ 
 
Աւանդաբար, այս տօնին կը կարդացուի Կիւրեղի ուղերձին հայերէն թարգմանութիւնը՝ Աւետարանի ընթերցումին կանխող Անդաստանի արարողութեան ժամանակ։ Երեւումը կը տօնուի Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներուն կողմէ։ Յոյն Եկեղեցին զայն կը նշէ 7 Մայիսին, իսկ հայկական թուականը շարժական է, հետեւելով Զատկուան թուականին։ Կը համապատասխանէ Զատկուան հինգերորդ Կիրակիին։

Կիւրեղ Երուսաղէմացի՝ տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետներէն մէկը, նաեւ մեր Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յիշուած է։ Ահա հատուած մը անոր նամակէն՝ երեւման մասին.
 
«Արդարեւ , Ս . Պենտեկոստէի օրերուն , Ահեկան ամսուան սկիզբը, երրորդ ժամուն, լոյսէ կազմուած ամենայաղթ Խաչը , երկինքին վրայ Ս . Գողգոթային վերեւէն մինչեւ Ձիթենեաց սուրբ լեռը ցոլալով կ երեւէր : Ո՛չ թէ մէկ կամ երկու հոգիներու կողմէ միայն տեսնուեցաւ , այլ քաղաքիս ամբողջ բազմութեան յայտնապէս կ երեւէր : Ո՛չ թէ հարեւանցի եւ արագ անցնող տեսիլքի պէս , այլ ժամերով ակնյայտնի կերպով երկինքի երեսը տեսանելի էր : Ու իր բոցաճաճանչ փայլով արեգակի ճառագայթներուն կը յաղթէր : Եւ այն աստիճան ուժգին էր դիտողներուս համար անոր ճառագայթումը , որ առհասարակ քաղաքի ամբողջ բազմութիւնը սուրբ եկեղեցի փութաց , եւ աստուածային այս տեսիլքէն ուրախութեամբ լեցուած մանուկներ եւ ծերեր , այրեր եւ կիներ եւ ամէն տարիքի մարդիկ , ըլլան բնիկ եւ ըլլան դուրսէն եկած քրիստոնեաներ , միահամուռ եւ միաբերան կ օրհնէին եւ կը գովաբանէին մեր Տէրը եւ Աստուծոյ Միածին Որդին : Քանզի փորձով եւ գործնականապէս ապացուցուեցաւ թէ քրիստոնէական կրօնքը ո՛չ միայն խօսքի իմաստութեամբ կը հաստատուի , այլ նաեւ Հոգիին յայտնութեամբ եւ Անոր զօրութեամբ : Մարդոցմէ չէ միայն որ կը պատմուի , այլ նաեւ երկինքէն կը վկայուի»

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԵՐԱԽՏԻՔԻ ՆԱՄԱԿ
Կ՚ուզեմ երախտագիտութիւնս եւ խորին գնահատանքս յայտնել մեր եկեղեցիներու հովիներուն կողմէ ներկայացուող՝ Ազգ. Առաջնորդարանի առօրեայ խորհրդածութիւններու ծրագրին առիթով։ Ամէն օր, անհամբերութեամբ կը սպասեմ անոր պատգամին՝ համակարգի միջոցով լսելու համար։ Անորոշութեամբ լեցուն այս դժուար ժամանակներուն, շատ սրտապնդիչ է անձնական եւ հոգեկան հաղորդակցութիւն մը ունենալ իւրաքանչիւր խօսողի հետ, ինչ կը վերաբերի հաւատքի, յոյսի եւ կեանքիս մէջ Աստուծոյ ներկայութեան ապահովումին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս նախաձեռնութեան մասնակցող բոլոր անձերուն։ Թող Աստուած օրհնէ բոլորդ։

Յարգանքներով՝
ՄԱՐԻ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, Մայիս 9ին, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, պիտի սկսի Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն մը՝ առցանց։ Սերտողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ վեց Շաբաթ օրերուն, ժամը 2:00-2:30ին, եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Քրիստոսի Յարութեան ու Անոր յաջորդող երեւումներուն։ Արձանագրութեան համար, հաճեցէք ձեր անունը, ել. նամակի հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը ղրկել Շանթ Սարկաւագին, գրելով skazanjian.sk@gmail.com հասցէին։ 
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ ԼՍԱՐԱՆԸ՝ 29 ՅՈՒՆԻՍ-3 ՅՈՒԼԻՍԻՆ, ԱՌՑԱՆՑ
Պսակաձեւ ժահրի՝ ներկայ համավարակի (pandemic) ստեղծած աննախադէպ տագնապին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանի «Տաթեւ» լսարանի աւանդական դասընթացքը, որ տեղի կ՚ունենայ Փենսիլվանիոյ մէջ, իր ձեւաչափը պիտի փոխէ եւ արհեստագիտութեան ընձեռած Zoomի միջոցով տեղի պիտի ունենայ:
 
Երկուշաբթի, 29 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս, ամէն առաւօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ, ժամը 11-12ին պիտի ունենանք խտացուած յայտագիր մը՝ ժամերգութեամբ, Աստուածաշունչ մատեանի ծանօթացումով, հայոց պատմութեամբ ու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ ներկայ հարցերու հաւաքական քննարկումով (panel discussion):
 
Ներկայ յայտարարութեամբ կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր Տաթեւացիներուն: Անոնք, որոնք կ՚ուզեն մասնակցիլ, շուտով պէտք է հարկ եղած ծանօթութիւնը՝ անուն, մականուն, բջիջային հեռաձայնի թիւ, ե-նամակի հասցէ, ուղարկեն Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին՝ skazanjian.sk@gmail.com հասցէին։ Հեռաձայն՝ (212) 689-7810:
 
Դիմում կրնան կատարել անցեալ տարուան եւ նորեկ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներու շրջանաւարտներ: Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին հետագային:

«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգային Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
 
Լիւսի՝ այս շաբթուան նամակին հեղինակը, կը հովանաւորուի տիկ. Լուիզ Քանեանի կողմէ։    

«Ես Լիւսին եմ։ Տառաճանաչ չլինելու պատճառով իմ փոխարէն նամակ կը գրի մայրս՝ Գեղանոյշը։  
 
Ծնուել եմ 2018 թ. Ապրիլի 25ին։ Միակողմանի ծնողազուրկ եմ։ Հայրս՝ Վազգէնը, 2018 թ. Սեպտեմբերի 3ին զոհուել է։ Ապրում եմ Շիրակի մարզի Հառիճ գիւղում՝ մայրիկիս, աւագ քրոջս եւ տատիկիս հետ։   Իմ խնամքով զբաղւում եմ մայրս ու տատիկս, մանկապարտէզ չեմ յաճախում դեռ։ Աշխոյժ եմ, հետաքրքրասէր, մարդամօտ, ընկերասէր»։  

ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՈՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ
ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։     
 
Սպասման ցանկին մէջ գտնուող անչափահաս թէ չափահաս որբերու հովանաւորութեան համար, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org )   կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել վարի կապին վրայ։  
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱՐԱՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ ՀԵՌԱՎԱՐ ՈՒՍՄԱՆ 
Համավարակի պատճառով դպրոցներու փակումէն ետք, Ս Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը յառաջացուցած է մանրակրկիտ կերպով սերտուած դասացոյց մը իր աշակերտներուն համար։ Այսպէս, նախակրթարանի ուսուցիչները հեռակայ կերպով կը դասաւանդեն ընդհանուր դասարանին կամ փոքր խմբակներու, ինչպէս նաեւ Zoom-ով իւրաքանչիւր աշակերտի հետ անհատաբար կը հանդիպին։ Անոնք նաեւ դասին մասին նախօրոք արձանագրուած թելադրանքներ կ՚ուղարկեն ամէն շաբաթ։ Մանկամսուրի ուսուցիչները շաբաթական երկու լիակատար դասարանային հանդիպում կ՚ունենան եւ նախօրօք արձանագրուած դասերու երեք առաքում կ՚ընեն։

Հիմնուելով հաւաքական փորձառութեան վրայ, որոշում տրուած է դասընթացքը կառուցել անկախ ժամերու ուսանելու մօտեցումին վրայ։ Աշակերտները նոյն ժամուն հեռակայ կերպով դասարան հաւաքելը ճիշդ պիտի չըլլար։ Հետեւելով դասախօսութեանց (webinar), խորհրդակցելով նմանօրինակ դպրոցներու հետ եւ սերտողութիւն ընելով ուսուցչական ժողովին եւ Ուսումնական Մարմնի անդամներուն հետ, ուսուցիչները հասած են այն եզրակացութեան, որ այս մօտեցումը յարմարագոյնն ու գործնականն է՝ ըստ աշակերտութեան տարիքին։

Ըստ դասախօսութիւններէն մէկուն, հեռակայ ուսուցման ծրագիրները յաճախ մանկապարտէզէն սկսած մինչեւ հինգերորդ կարգ, հիմնուած են անկախ ժամերու ուսանելու մօտեցումին վրայ։ Անոնք համաժամ ուսուցում կը կատարեն Զ  կարգէն սկսեալ, օգտագործելով բազմապիսի միջոցներ՝ կանխօրօք արձանագրուած տեսերիզներ, պարտականութիւններ Google Classroom-ի միջոցաւ եւ համացանցային այլ գործունէութիւններ։ Հեռակայ ուսուցման ծրագիրները Զ. կարգէն առաջ համաժամ ուսուցումը չեն որդեգրեր այն պատճառաբանութեամբ, որ անյարմար է աստիճանական զարգացման համար։ Ս. Ստեփանոս վարժարանի փորձառութիւնը աշակերտներուն հետ կը վկայէ այդ պատճառաբանութեան ի նպաստ, քանի որ ոմանք կրնան որոշ չափով ընթանալ այդ ուսուցման ձեւով, իսկ մնացեալը կը տուժէ։

MIT-ի մէջ համացանցային ուսուցման գիտաշխատող Ճասթին Ռիչ՝ ամերիկեան հանրային ձայնասփիւռի հետ վերջին տեսակցութեան ընթացքին, յայտնած է. «Երիտասարդները կեդրոնացումն ու արթուն աշխատունակութեան կարողութիւնը չունին՝ ամէն օր, համացանցով երկար ժամերով նստելու եւ սորվելու»։ Անոր փոխարէն, Ռիչի առաջարկած մօտեցումը երբեմն ծանօթ է “hybrid”, “blended learning” կամ “flipped classroom” անուններով։ Ասիկա կը բաղկանայ նախօրօք կատարուած արձանագրութիւններէ, տեսաժողովներէ եւ անձնական թափին յարմարող աշխատանքներէ, երբեմն նոյնիսկ ուսուցիչներու միջամտութեամբ՝ email-ով կամ Google classroom-ով եւ կամ այլ միջոցով։

Ինչպէս Մասաչուսեթս նահանգի Ուսումնականի Յանձնակատարը մամլոյ ասուլիսին նկատել տուաւ անցնող քանի մը օրերուն, «հեռակայ ուսումը նոյն համացանցային ուսումը չէ։ Հեռակայ ուսումը կրնայ տեղի ունենալ բազմաթիւ տեղերու մէջ, ներառեալ աշակերտութեան օգնելու հնարաւորութիւնը, որ աղբիւրներու դիմեն իրենց առօրեայ կեանքին եւ զիրենք շրջապատող բնութեան մէջ։ Հեռակայ ուսումը նաեւ իւրայատուկ առիթներ կ՚ընձեռէ՝ աշակերտը այնուհետեւ արուեստի կամ բազմակի դաշտերու մղելու։ Վերջապէս, պէտք է ուշադիր ըլլանք անոր պաստառին ծառայելու ժամանակի տեւողութեան, եւ ջանանք հաւասարակշռել ճարտարագիտութեամբ եւ հեռակայ՝ անցանց (offline) կերպով ուսումը, որպէսզի օգտակար ըլլանք աշակերտներուն հետաքրքրութեան եւ ըմբռնումին»։
 
Այս տեղեկութիւնները հաղորդելուն առընթեր, Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Հուրի Պոյամեան շեշտեց. «Մեր աշխատանքին մէջ ճիգ չենք խնայեր մեր աշակերտութեան բարձրագոյն մակարդակի ուսում մատակարարելու»։

«ԱՆԿԵՂԾ ԱՍԱԾ»
Պարոյր Սեւակ
Եղերաբախտ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի այս հատորը լոյս տեսած է անոր մահէն աւելի քան երեք տասնամեակ ետք, թեմիս նախկին առաջնորդ՝ հոգելոյս Մեսրոպ Արք. Աշճեանի ջանքերով։ Ան հատընտիր մըն է իր 1940-1950ական թուականներու բանաստեղծութիւններէն, մասամբ՝ տպագիր, մասամբ՝ անտիպ։ Անոր յայտնաբերման պարագաներուն մասին, Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս գրած է.

«Այս ծրարը նկուղ նետուած էր Երեւանի մէջ, յամի Տեառն 1993 թ., ժամանակի գլավլիտ ի աշխատող մէկի տանը։ Պատահական անցորդ մը, 70-ը անց ճարտարապետ մը, պր. Կ. Արզրումցեան, կը նշմարէ այդ, կը վերցնէ, կ՚իմանայ գրին արժէքը, եւ խնամքով իր մօտ կը պահէ ծրարը։

Օր մըն ալ ինծի ներկայացաւ եւ յաջողեցայ իր ձեռքէն վերցնել ծրարը, եւ ապա նուիրել Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին։

(...) Ահա հրատարակութեան կու տանք այս հատընտիրը, որու գլխաւոր արժանիքն է այն, որ տարաբաղդ բանաստեղծը ինքն իսկ պատրաստեր էր, համադրեր, յուսալով, որ թոյլտուութիւն կը ստանայ եւ իր հատընտիրով անգամ մը եւս կը խօսի իր ժողովուրդին»։ 
Այս գիրքերը տրամադրելի են   Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք    books@armenianprelacy.org   հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ՌՈՒԲԷՆ ՕՐԲԵԼԻ (մահ՝ Մայիս 9, 1943)

Օրբելի երեք եղբայրները՝ Լեւոն, Յովսէփ եւ Ռուբէն, խորհրդային եւ հայ գիտութեան տարբեր բնագաւառներու կարեւոր նպաստներ բերին։ Աւագը՝ Ռուբէն Օրբելի, իրաւաբանութեան երկարամեայ ասպարէզէն ետք պիտի անցնէր հնագիտութեան, դառնալով ստորջրեայ հնագիտութեան հիմնադիրը Խորհրդային Միութեան մէջ։

Ռ. Օրբելի ծնած է Փետրուար 7, 1880ին, Նախիջեւանի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քութայիսի (Վրաստան), ապա՝ Թիֆլիսի 3րդ գիմնազիոնին մէջ։ 1903 թուականին աւարտած է Ս. Փեթերպուրկի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը, իսկ այնուհետեւ աշխատանքի անցած է նոյն համալսարանի քաղաքացիական իրաւունքի ամպիոնին մէջ։ 190 5-1907ին, ուսանած է Գերմանիոյ Ենայի եւ Պոննի համալսարանները, ուր ստացած է իրաւունքի դոկտորի գիտական աստիճանը։ Վերադառնալով Ռուսաստան, Ս. Փեթերպուրկի կայսերական համալսարանի իրաւաբանական ընկերութեան լիիրաւ անդամ ընտրուած է եւ աշխատանքի անցած՝ Ծերակոյտին մէջ, վճռաբեկ յանձնաժողովի աւագ քարտուղար նշանակուելով։

1918 ին, Ռուբէն Օրբելի գործի անցած է Թամպովի պետական հիմնարկի   մանկավարժութեան ճիւղի բարոյագիտութեան ամպիոնին մէջ, դասաւանդելով իրաւունք եւ փիլիսոփայութիւն։ 19 21ին վերադառնալով Փեթրոկրատ, Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի գրադարանը սկսած է աշխատիլ։ Այս տարիներուն աշխատելով արխիւներուն եւ գրադարաններուն մէջ, կատարած է թարգմանութիւններ եւ դարձած՝ գրադարանային եւ արխիւային գործի յայտնի մասնագէտ։ Այդ ժամանակ իր կոչումն ու կեանքի գործը գտած է՝ ստորջրեայ հետազօտութիւններու բնագաւառը։

1934 էն սկսեալ, Օրբելի ղեկավարած է Խորհրդային Միութեան ծովերու եւ գետերու ստորջրեայ աշխատանքներու յատուկ նշանակութեան արշաւախումբը։ Ասորեստանեան հարթաքանդակներու , ջրա սուզակներու պատկերներով կնիքներու , յունական հեղինակներու երկերու ուսումնասիրութեամբ պարզած է ջրա սուզակներու ընկերային պատկանելութիւնը , խնդիրները , աշխատանքի պայմանները , հանդերձանքն ու թեքնիք ը։ Այս նիւթին առնչութեամբ ուսումնասիրած է նաեւ Լէոնարտօ տա Վինչիի գրականութիւնը եւ 18րդ դարու Ստորջրեայ հնագիտութեան գործի հսկայական գրականութեան եւ արխիւային նիւթերու ուսումնասիրութեան հետեւանքով Օրբելի գիտութեան նոր ճիւղ մը հիմնեց՝ ջրահնագիտութիւնը։

Օրբելի ընդամէնը տասնհինգ տարի զբաղած է սուզակային գործի գիտական ուսումնասիրութեամբ՝ սկզբնաղբիւրներու առաջնահերթ օգտագործումով, որուն նպաստած է 12 լեզուներու (ռուսերէն, վրացերէն, հայերէն, լատիներէն, յունարէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, շուէտերէն, արդի եւ հին իտալերէն)։ Անոր ղեկավարած արշաւախումբերը յայտնաբերած են ստորջրեայ յունական քաղաքի մնացորդներ Ղրիմի մէջ։ Ան տուած է ստորջրեայ կառոյցները պաշտպանելու նպատակով ծովեզերքները ամրացնելու գաղափարը եւ առաջարկած՝   հնագոյն առարկաները ջուրէն հանելու եւ պահպանելու եղանակներ։

Օրբելի ռուսերէնով հեղինակած է իրաւաբանական շարք մը աշխատութիւններ , ջրահնագիտական քանի մը հատորներ եւ գերմաներէնէ ու ֆրանսերէնէ թարգմանութիւններ։

Մահացած է Մոսկուայի մէջ, Մայիս 9, 1943ին, ու թաղուած՝ հայկական գերեզմանատան մէջ։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը Երեքշաբթի երեկոյ է։
 
Հաճոյքով կը հրատարակենք “Crossroads”ի խմբագրութեան ուղղուած ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները։
 
Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
13-16 Մայիս (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
 
17 Մայիս (ՋՆՋՈՒԱԾ) Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։
 
31 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
 
29 Յունիս—3 Յուլիս —Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագիր՝ ԱՌՑԱՆՑ։  
 
26-27 Սեպտեմբեր —  Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
17 Հոկտեմբեր (ՋՆՋՈՒԱԾ) Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ»ու կողմէ։
 
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/