ԱՅՍ ՓՈՐՁԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՆՔ
|
|
Այս պատմութիւնը գիտա-երեւակայական շարժանկարներու եւ հեռատեսիլի հաղորդաշարքերու նիւթը եղած է, բայց այլեւս երեւակայութիւն չէ։ 1918ի H1N1 համավարակի (այսպէս կոչուած «սպանական կրիփ»ը) յիշողութիւնը՝ 500 միլիոն վարակուածներով եւ 50 միլիոն զոհերով աշխարհի տարածքին, միայն մնացած է պատմաբաններու եւ գիտնականներու աշխատութիւններուն մէջ։ Առաջին անգամ ըլլալով մեր կենդանի յիշողութեան մէջ (թերեւս երբեւէ), աշխարհի մեծ հատուած մը մեկուսացումի ենթարկուած է։ Մարդկութիւնը, որ իր անկասելի ըլլալը հաւատացած է՝ հազարամեակներու փորձառութենէն մղուած, յանկարծ կանգ առած է։ Մանրադիտակային չափերու, սակայն մահացու վարակ մը մեզ փակած է մեր տուներու մէջ, ուրկէ դուրս կու գանք միայն էական բաներ գնելու՝ յաճախ պաշտպանական դիմակներ ու ձեռնոցներ դրած։
Եւ սակայն, իբրեւ եկեղեցի ու ազգ, այս քննութենէն դուրս պիտի գանք աւելի զօրացած մեր հաւատքին մէջ։ «Ամէն
տեսակ
նեղութիւն
ունինք
,
բայց
ընկճուած
չենք
.
տագնապի
մատնուած
ենք
,
բայց
յուսահատ
չենք»,
ինչպէս կը կարդանք կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոս Առաքեալի Բ. թուղթին մէջ (4:8)։
Եթէ պատմութիւնը կը ծառայէ իբրեւ ուղեցոյց ներկային, հայերս սորված ենք դժբախտութենէն ուժ քաղելու գաղտնիքը։ Հաւատքը մեր անկործանելի ժայռն է։ Ան մեր անհատական ու ազգային վերածննդեան աղբիւրը եղած է մեզի պատահած իւրաքանչիւր աղէտին։
Եւ այժմ պսակաձեւ ժահրը կամ թագավարակը ամբողջ աշխարհը միեւնոյն վիճակին կը մատնէ։ Այս աղէտը մարդկութեան կրնայ դաս մը սորվեցնել. որքա՜ն անկարեւոր են մեր ստեղծած արուեստական բաժանումները, երբ միեւնոյն վտանգը կը սպառնայ մեր կեանքերուն։ Աստուածաշունչը բանալին կ՚ընծայէ իրականութիւն մը հասկնալու, որ երբեմն անըմբռնելի կրնայ երեւիլ եւ ճնշիչ դառնալ. «Բայց
ինչ
որ
սկիզբէն
Սուրբ
գիրքին
մէջ
գրուեցաւ՝
մեր
դաստիարակութեան
համար
գրուեցաւ
,
որպէսզի
համբերութեամբ
եւ
Սուրբ
գիրքերուն
մեզի
պարգեւած
քաջալերանքով՝
յոյս
ունենանք» (Հռոմ. 15:4)։
Ինչպէս կ՚ըսէ սպաներէն խօսքը, յոյսը վերջին բանն է, որ կը կորսուի։ Այս փորձանքն ալ պիտի յաղթահարենք։
|
|
ՀՈՎԻՒ՝ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ
|
|
Այսու
կը
ծանուցանենք
հաւատաւոր
մեր
ժողովուրդին,
որ
Ազգային
Առաջնորդարանի
հովանին
վայելող
բոլոր
ծուխերու
հոգեւոր
հովիւ
ու
հոգաբարձութիւնները
,
թագաձեւ
ժահրի
աննախընթաց
սպառնալիքին
դիմաց
լծուած են
ծառայութեան
արշաւի
:
Վստահ
ըլլալով
հանդերձ,
որ
առհասարակ
մեր
տարեց
հայրերն
ու
մայրերը
կը
վայելեն
իրենց
անմիջական
հարազատներուն
սէրն
ու
գուրգուրանքը
,
այնուամենայնիւ,
այն
պարագային,
որ
անոնք
առանձին
կ՚ապրին
եւ
կարիքը
ունին
ուտեստեղէնի
,
դեղօրայքի
եւ
կամ
այլ
գնումի
օժանդակութեան
,
թող
բարեհաճին
հեռաձայնել
տեղւոյն
եկեղեցւոյ
:
***
Արեւելեան թեմի
հոգեւոր
հովիւները
մեր
բարեպաշտ
ժողովուրդին
պիտի
մատակարարեն
հոգեւոր
սնունդ՝
առօրեայ
խորհրդածութեամբ
,
որ
պիտի
սփռուի
մեր
կայքէջէն
,
ամէն
օր
ժամը
12:05
ին
:
(Բոլոր ժամերը ԱՄՆի արեւելեան ժամով են)։
Ցարդ հեռասփռուած խորհրդածութիւնները կրնաք դիտել
այստեղ
։
***
Նկատի
ունենալով,
որ
Սուրբ
Պատարագը
եւ
եկեղեցական
արարողութիւնները
դռնփակ
տեղի
կ՚ունենան
եւ
հոգեւոր
դաստիարակութեան
մեր
յայտագիրները
դադրած
են
տեղի
ունենալէ
,
ուրախ
ենք
յայտնելու
որ՝
ա)
Արժանապատիւ
Տ
.
Նարեկ
քահանայ
Թրթռեան
,
հովիւ՝
Սուրբ
Սարգիս
եկեղեցւոյ
(
Տակլըսթըն
,
Նիւ Եորք
),
սկսած է
Սուրբ
Գրքի
սերտողութեան
առցանց
դասընթացքի՝ իւրաքանչիւր Երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 7:00ին
:
Կրնաք հետեւիլ
այստեղ
։
բ) Բարեշնորհ Տ. Շանթ Ա. սարկաւագ Գազանճեան՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն, Ապրիլ 2ին պիտի սկսի դաստիարակչական նիւթեր ներկայացնել միասնաբար աղօթելու համար՝ իւրաքանչիւր Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 7:00ին։
***
Կը յայտնենք նաեւ որ «Աղ ու Հաց»՝ Salt and Light երիտասարդական խմբակցութիւնը սկսած է առցանց հաւաքներու: Կը քաջալերենք, որ մեր շրջաններու բոլոր երիտասարդները, օգտուելով արհեստագիտութեան ընծայած սոյն բարիքէն, ամենայն խանդավառութեամբ մասնակցին այս հաւաքին եւ հաւատքով վերանորոգուին:
***
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ օր. Հայկան Չոլաքեան (Միշիկըն) սկսած է աստուածաշնչական պատմութիւններու պահ մը՝ մանուկներու յատուկ, ամէն օր, ժամը 3:00-3:15ին։ Պիտի հեռասփռուի նաեւ մեր Դիմատետրի (Facebook) էջէն։
***
Առանց
բացառութեան
ամէնքս
կարիքը
ունինք
աղօթքի
:
Այնուամենայնիւ
,
բոլոր
անոնք,
որոնք
կը
փափաքին
առանձնակի
աղօթք
,
թող
բարեհաճին
իրենց
խնդրանքը
ե
-
նամակով
ուղարկել
aghotk@armenianprelacy.org
հասցէին
:
Աստուծոյ
օրհնութեամբ
,
մեր
Տիրոջ
Յիսուս
Քրիստոսի
Յարութեան
պատգամով
եւ
բոլորիս
անվերապահ
գործակցութեամբ
պիտի
յաղթահարենք
մահասփիւռ
այս
աղէտը
:
Հայրական
սիրոյ
ջերմ
ողջունիւ
,
Աղօթարար՝
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Առաջնորդ
ԱՄՆ Արեւելեան թեմի
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 7 ԱՊՐԻԼ
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ Զ. ԿԻՐԱԿԻ
ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 66:1-24
ԿՈՂՈՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:8 – 3:17
Զգո՛յշ եղէք, որ ոեւէ մէկը ձեր միտքը չգրաւէ իմաստասիրական տեսութիւններով եւ խաբեբայական սին խօսքերով, որոնք մարդկային աւանդութիւններու եւ բնութեան ոյժերուն վրայ կը հիմնուին եւ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ վարդապետութեան վրայ: Որովհետեւ մարդացած Քրիստոսի մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան ամբողջ լիութիւնը: Եւ դուք ձեր կեանքին լիութիւնը գտաք՝ միանալով անոր, որ գլուխն է ոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն: Հաւատքի ճամբով երբ Քրիստոսի միացաք, դուք ձեր մեղքերը թօթափեցիք եւ Քրիստոսի թլփատութեամբ ստացած եղաք սրտի թլփատութիւնը: Մկրտուելով՝ անոր հետ միասին թաղուեցաք, եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք, քանի հաւատացիք Աստուծոյ զօրութեան, որ զայն մեռելներէն յարուցանեց: Քրիստոսի հետ Աստուած ձե՛զ ալ կենդանացուց, քանի դուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր մեղքերուն պատճառով, որովհետեւ անթլփատ հեթանոսներ էիք: Այո՛, Աստուած ներեց մեր բոլոր յանցանքները եւ իր իշխանութեամբ ջնջեց մեր օրինազանցութեան համար մեզի դէմ արձակուած դատապարտութեան վճիռը, զայն խաչափայտին գամելով: Այսպիսով անիկա զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու պետութիւնները, յայտնապէս խայտառակելով ու պարտութեան մատնելով զանոնք Քրիստոսի ձեռքով, անոր յարութեան ատեն:
Կարեւորութիւն մի՛ տաք անոնց՝ որոնք ձեզ կը քննադատեն, թէ ինչո՛ւ չէք պահեր ուտելու եւ խմելու, տօնակատարութեանց, ամսամուտերու եւ Շաբաթ օրերու վերաբերող կանոնները. որովհետեւ այդ բոլորը գալիք իրականութեանց շուքն են, իսկ իրականութիւնը Քրիստոսի մէջ է:
Չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը իր կեղծ խոնարհութեամբ, հրեշտակներուն ընծայուած պաշտամունքով եւ զանազան տեսիլքներով ձեզ մոլորեցնէ եւ մրցանակէն զրկէ. որովհետեւ այդպիսիները մարդկային հպարտութենէ տարուած են եւ կ’ուզեն իրենք զիրենք պարտադրել ձեզի: Անոնք կապ չունին Գլուխին՝ Քրիստոսի հետ. մինչդեռ մարմինը՝ Քրիստոսի եկեղեցին, իր բոլոր յօդերով ու կապերով Գլուխին կապուած ու միացած, անկէ՛ կ’առնէ իր աճումը՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն:
Քանի Քրիստոսի հետ մեռաք եւ բնութեան ոյժերու տիրապետութենէն դուրս եկաք, ինչո՞ւ կը շարունակէք ապրիլ այնպէս՝ որպէս թէ ձեր կեանքը աշխարհէն կախում ունենար, եւ կը հնազանդիք մարդոց կողմէ տրուած պատուիրաններու, ինչպէս՝ «Մի՛ մօտենար, մի՛ ուտեր, մի՛ դպչիր»: Ասոնք բոլորն ալ բաներ են՝ որոնք գործածութեամբ կը փճանան: Այդպէս պատուիրողները իմաստուն կրնան թուիլ՝ իրենց բարեպաշտական ինքնակամ արտայայտութիւններով, կեղծ խոնարհութեամբ եւ անխնայ կերպով մարմինը ճնշելով, բայց այս բաները ոեւէ արժէք չունին եւ միայն մարմինը բաւարարելու կը ծառայեն:
Քանի որ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, այսուհետեւ ձեր ուշադրութիւնը երկինք դարձուցէք, որովհետեւ հո՛ն է Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած: Երկնաւոր բաներու մասին խորհեցէք եւ ո՛չ թէ երկրաւոր բաներու. որովհետեւ դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ միասին ապրիք այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի: Իսկ երբ Քրիստոս՝ ձեր կեանքը՝ յայտնուի, այն ատեն դուք ալ փառքով պիտի յայտնուիք անոր հետ:
Հետեւաբար մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ինչ որ կռապաշտութիւն է. որովհետեւ այդ բոլորը Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց գործերն են, եւ Աստուած պիտի պատժէ զանոնք: Նախապէս դո՛ւք ալ այդ բոլորը կ’ընէիք, երբ տակաւին այդ ցանկութիւններով կ’ապրէիք: Բայց հիմա ձեզմէ դուրս նետեցէք այդ բոլորը.- բարկութիւնը, զայրոյթը եւ չարութիւնը: Ձեր բերանէն ոեւէ հայհոյութիւն կամ լկտի խօսք չլսուի: Սուտ մի՛ խօսիք իրարու: Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ: Անգամ մը որ նորոգուեցաք, ա՛լ չկայ Հրեայ կամ հեթանոս, թլփատուած կամ անթլփատ, բարբարոս, վայրենի, ծառայ կամ ազատ. կայ միայն Քրիստոս, որ ամէն ինչ է եւ բոլորին մէջ:
Հետեւաբար, իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ու սրբուած եւ իր սէրը վայելող մարդիկ՝ գթասիրտ եղէք. եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար: Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք: Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք: Եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է: Ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ, որովհետեւ Աստուած այդ խաղաղութեան կանչեց ձեզ՝ մէկ մարմինի մէջ, որ Քրիստոսի եկեղեցին է: Ուստի շնորհակալ եղէք Աստուծոյ:
Թող Քրիստոսի խօսքը ձեր մէջ բնակի իր ամբողջ հարստութեամբ, որպէսզի կատարեալ իմաստութեամբ սորվեցնէք իրարու եւ իրար խրատէք, եւ սաղմոսներով, օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սիրտերուն մէջ շնորհակալութեամբ զԱստուած օրհներգէք: Եւ ինչ որ ալ ընէք, խօսքով թէ գործով, միշտ Տէր Յիսուսի անունով ըրէք, անոր միջոցաւ գոհութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ:
ՄԱՏԹԷՈՍ 22:34-23:39
Երբ Փարիսեցիները լսեցին թէ Յիսուս Սադուկեցիները պապանձեցուց, իրարու քով եկան: Անոնցմէ մէկը, Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտ մը, Յիսուսը փորձելու համար հարցուց.
– Վարդապե՛տ, Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը:
Յիսուս ըսաւ անոր.
– «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ»: Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը: Երկրորդը ատոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները:
Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց.
– Ի՞նչ կը խորհիք Քրիստոսին մասին: Որո՞ւն որդին է ան:
Անոնք պատասխանեցին.
– Դաւիթի:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ուրեմն ինչպէ՞ս Դաւիթ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ զայն Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ.-
«Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ.-
Աջ կողմս նստէ,
մինչեւ որ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ
որպէս պատուանդան»:
Արդ, եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս Քրիստոս անոր որդին կ’ըլլայ:
Ոչ ոք կրցաւ պատասխան տալ Յիսուսի, եւ այդ օրէն սկսեալ՝ ոեւէ մէկը չէր համարձակեր իրեն հարցում ուղղել:
Ապա Յիսուս ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն ըսաւ.
–
Մովսէսի աթոռը նստան Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները: Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէք զանոնք, սակայն մի՛ ընէք ինչ որ իրենք կ’ընեն
․
որովհետեւ անոնք կը սորվեցնեն, բայց չեն կատարեր: Անոնք ծանր եւ դժուարակիր բեռներ կը դնեն մարդոց ուսերուն, մինչ իրենք նոյն բեռները կրելու նուազագոյն ճիգն իսկ չեն ըներ: Ինչ որ կ’ընեն, մարդոց երեւելու համար կ’ընեն: Իրենց գրապանակները կը լայնցնեն եւ իրենց հագուստներուն ծոպերը կ’երկնցնեն: Ընթրիքներու ընթացքին պատուոյ տեղերը գրաւել կը սիրեն եւ ժողովարաններու մէջ՝ առաջին աթոռները: Կը սիրեն հրապարակներու վրայ մարդոցմէ բարեւներ ընդունիլ եւ «վարդապետ», այսինքն «ուսուցիչ» կոչուիլ: Բայց դուք ոեւէ մէկը «վարդապետ» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք բոլորդ եղբայրներ էք եւ մէկ ուսուցիչ ունիք: Երկրի վրայ ոեւէ մէկը «հայր» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է: «Առաջնորդ» մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է: Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ: Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:
– Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ երկինքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ. դուք չէք մտներ եւ թոյլ չէք տար նաեւ անոնց՝ որ կ’ուզեն մտնել:
Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ այրիներուն տուները իրենց ձեռքէն կը յափշտակէք, միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ ձեր աղօթքը կ’երկարէք. ասոր համար աւելի խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունիք:
Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ ծով ու ցամաք կը շրջիք մէկը նորահաւատ ընելու համար, իսկ երբ յաջողիք՝ զայն ձեզմէ կրկնապատիկ աւելի դժոխքի արժանի կ’ընէք:
Վա՜յ ձեզի, կո՛յր առաջնորդներ: Կ’ըսէք. «Ան որ տաճարին վրայ կ’երդնու՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ տաճարին ոսկիին վրայ կ’երդնու՝ պարտաւոր է կատարելու»: Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը կարեւոր է, ոսկի՞ն թէ տաճարը, որ կը սրբագործէ ոսկին: Կամ կ’ըսէք. «Ան որ զոհարանին վրայ երդում կ’ընէ՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ կ’երդնու զոհարանին դրուած զոհին վրայ՝ պարտաւոր է կատարելու»:
19
Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է. զո՞հը թէ զոհարանը, որ կը սրբագործէ զոհը: Հետեւաբար, ով որ կ’երդնու զոհարանին վրայ, կ’երդնու թէ՛ զոհարանին եւ թէ՛ հոն եղածներուն վրայ: Ով որ կ’երդնու տաճարին վրայ, կ’երդնու թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը բնակի: Նոյնպէս, ով որ կ’երդնու երկինքին վրայ, կ’երդնու թէ՛ Աստուծոյ գահին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը նստի:
Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ անանուխին, սամիթին ու չամանին տասանորդը կու տաք եւ կ’անտեսէք Օրէնքին կարեւոր պարտաւորութիւնները, այսինքն՝ արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը: Ասոնք պէտք էր գործադրել, առանց միւսները անտեսելու: Կո՛յր առաջնորդներ, մէկ կողմէ մըժղուկը կը քամէք, միւս կողմէ սակայն ուղտը կը կլլէք:
Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ պնակին եւ գաւաթին արտաքինը կը մաքրէք, մինչ գիտէք թէ ներսիդին եղող ուտելիքն ու խմելիքը ի՜նչ յափշտակութեամբ եւ աղտեղութեամբ ձեռք բերած էք: Կո՛յր Փարիսեցի, նախ գաւաթին եւ պնակին ներսը մաքրէ. այսպիսով դուրսն ալ մաքուր կ’ըլլայ:
Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը նմանիք կիրով ճերմկցուած գերեզմաններու, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ կ’երեւին, բայց ներքնապէս լեցուն են մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակի պղծութեամբ: Նոյնպէս էք դուք. արտաքնապէս մարդոց արդար կ’երեւիք, բայց ներքնապէս լեցուն էք կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ:
Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մարգարէներու շիրիմները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք ու կ’ըսէք. «Եթէ մենք մեր հայրերուն ժամանակը ապրած ըլլայինք, մարգարէներու սպանութեան մասնակից պիտի չըլլայինք»: Ահաւասիկ դուք արդէն իսկ կը վկայէք թէ որդիներն էք անոնց, որոնք մարգարէները կոտորեցին: Գացէք ամբողջացուցէ՛ք ձեր հայրերուն կիսատ ձգած գործը: Օձե՛ր, իժերո՛ւ ծնունդներ, ինչպէ՞ս պիտի կարենաք փախուստ տալ դժոխքի դատապարտութենէն: Ահա ես ձեզի մարգարէներ, իմաստուններ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ պիտի ղրկեմ, դուք անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննէք, ոմանք խաչէք, ուրիշներ ժողովարաններու մէջ պիտի գանակոծէք եւ հալածէք քաղաքէ քաղաք: Այսպիսով, բոլոր արդարներուն սպանութեան մասնակից եղած պիտի ըլլաք, սկսեալ անմեղ Աբէլի արիւնէն մինչեւ արիւնը Բարաքիայի որդիին՝ Զաքարիայի, որ սպաննեցիք տաճարին եւ զոհարանին մէջտեղ: Հաստատ գիտցէք, թէ այս բոլոր ոճիրներուն պատիժը պիտի կրէք:
– Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր Աստուծոյ քեզի ղրկած մարդիկը. քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ, բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի բնակիչներ, չուզեցիք: Ահա «աւերակ պիտի ըլլայ ձեր տունը»: Բայց կ’ըսեմ նաեւ, ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ որ ըսէք. «Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»:
|
|
Կիրակի, Մարտ 29, Մեծ Պահքի վեցերորդ ու վերջին Կիրակին է, որ ծանօթ է Գալստեան Կիրակի անունով։ Այս Կիրակի կ՚անդրադառնանք Քրիստոսի առաջին գալուստի խորհուրդին եւ յատկապէս՝ երկրորդ գալուստին, որ քրիստոնէական մեր հաւատքի հիմնաքարերէն է եւ կը յիշուի կարդացուած աղօթքներուն մէջ։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդկութեան փրկութեան համար։ Մեզի կ՚ըսուի, թէ պատրաստ ըլլանք որեւէ ատեն, որովհետեւ Ան դարձեալ պիտի գայ մեղաւորներու դատաստանին համար, երբ արդարները արժանի պիտի ըլլան Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնելու։ «
Այն
ատեն
պիտի
տեսնեն
Մարդու
Որդին
,
որ
կու
գայ
ամպերու
վրայ՝
մեծ
զօրութեամբ
եւ
փառքով
:
Այն
ատեն
իր
հրեշ
տակները
պիտի
ղրկէ
,
որպէսզի
աշխարհի
չորս
կողմերէն
իր
ընտրեալները
հաւաքեն
,
աշխարհի
մէկ
ծայրէն
մինչեւ
միւս
ծայրը»
(Մարկ. 13:26-27):
Գալստեան Կիրակին իր սեփական շարականը ունի, որ կը հռչակէ, թէ մարգարէները գիտէին Քրիստոսի գալստեան խորհուրդը։ Դրախտէն արտաքսումի պատմութիւնը կը կրկնուի եւ Քրիստոսի կոչ կ՚ըլլայ, որ Երկնային Հօրմէն խնդրէ երկրային խաղաղութեան հաստատումը։ Գալստեան Կիրակին նախապատրաստութիւնն է յաջորդ Կիրակի օրուան՝ Ծաղկազարդին, երբ կը տօնուին Տիրոջ փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ եւ Աւագ Շաբթուան սկիզբը։
«Զահեղ փառաց քոց երեւումն որ լինելոց է յերկրորդումն, ետես Դաւիթ յառաջագոյն ծանոյց կանխաւ ազդմամբ Հոգւոյն. թէ յայտնապէս Աստուած գայցէ հուր առաջին իւր բորբոքէ. յայնժամ Յիսուս ի մեզ խնայեա գթա Քրիստոս եւ ողորմեա։
Աստուածածին անհարսնացեալ յերկրէ յերկինս հարս ընծայեալ. յայնժամ բազմիս լուսոյ նման քո միածնիդ յաջակողմեան. յայնժամ մաղթեա ընդ մեր զնոյն փրկել զմեզ յահեղ բոցոյն, համադասիլ ընդ արդարոց երգել զփառս ընդ երկնայնոցն»։
(Քու ահեղ փառքիդ երեւումը, որ պիտի ըլլայ երկրորդ գալուստիդ, Դաւիթ սկիզբէն տեսաւ, եւ Հոգիին ներգործութեամբ կանխաւ ծանուց, թէ յայտնապէս Աստուած պիտի գայ եւ իր առջեւ հուր պիտի բորբոքէ, այն ատեն խնայէ մեզի Յիսուս Քրիստոս եւ ողորմէ։
Աստուածածին Կոյս, երկրէն երկինք հարս ընծայուած, երբ լոյսի նման Միածնիդ աջ կողմը բազմիս, այն ատեն, մեզի հետ խնդրէ որ մեզ ահեղ բոցէն փրկէ, որպէսզի արդարներուն հետ համադասուինք եւ երկնայիններուն հետ փառք երգենք)։
|
|
Ս. ԳՐԻԳՈՐԻ ՄՈՒՏՔԸ ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԻ ՄԷՋ
|
|
Մեծ Պահքի ընթացքին, սուրբերը միայն Շաբաթ օրերուն կ՚ոգեկոչուին։ Տարուան մնացեալ օրերուն, կարելի է սուրբերը պատուել Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի կամ Շաբաթ օրերուն։
Շաբաթ, Մարտ 28ին, Հայաստանեայց Եկեղեցին Խոր Վիրապ մուտքի տօնը կը նշէ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած երեք օրերէն մէկն է տօնացոյցին մէջ։ Միւս երկու տօներն են` Խոր Վիրապէն Ելքը եւ նշխարներուն Գիւտը։
Ինչպէս յայտնի է, Գրիգոր իր հաւատքը պահեց եւ մերժեց ուրանալ Քրիստոսը։ Իբրեւ արդիւնք, բազմաթիւ չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, իսկ վերջին պատիժը խոր վիրապի մը մէջ բանտարկութիւնն էր, ուր մնաց տասներեք կամ աւելի տարիներ։ Ան հրաշքով վերապրեցաւ, շնորհիւ իր հաւատքին եւ, ըստ աւանդութեան, անծանօթ հրեշտակատիպ կնոջ մը շնորհիւ, որ ուտելիք եւ ջուր կը նետէր վիրապին մէջ։
Խոր Վիրապի վանքը Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու եւ ուխտաւորներու ժողովրդական հասցէ մըն է։ Վանքը շինուած է Ս. Գրիգորի բանտարկութեան ճիշդ վայրին վրայ։ Վիրապը այցելողները պէտք է իջնեն 27 ուղղաձիգ աստիճաններով սանդուխէն։ Ս. Աստուածածնի եկեղեցին շինուած է 17րդ դարուն։ Շրջանը Հայաստանի ամենէն գեղեցիկ վայրերէն մէկն է եւ Մասիս լերան հիանալի տեսարաններ կը մատուցէ։ Խոր Վիրապի շրջակայքին կը գտնուին հայոց հինաւուրց Արտաշատ մայրաքաղաքին աւերակները։
«Այսօր զիմանալի լուսոյն ծագողն ի խաւարի նստելոցս. զԳրիգորիոս սուրբ հայրապետն եկայք վերապատուեսցուք։
Այսօր զանապական հոգւոյն պարգեւս բաշխող որդւոց Թորգոմայ, յորդիս լուսոյ նովաւ ծնեալք, եկայք վերապատուեսցուք։
Այսօր զաստուածային բանին պատմող ի Հայաստան աշխարհի, աշակերտեալ նմա մանկունք, եկայք վերապատուեսցուք»։
(Այսօր վերապատուենք Գրիգոր սուրբ հայրապետը, որ իմանալի Լոյսը ծագեցուց խաւարի մէջ նստողներուս։
Այսօր վերապատուենք Թորգոմի որդիներուն եւ անկէ ծնած լոյսի որդիներուն՝ Հոգիին անապական պարգեւները բաշխողը։
Անոր աշակերտած զաւակներ՝ եկէք այսօր Հայաստանի աշխարհին մէջ Աստուածային Բանը պատմողը վերապատուենք)։
|
|
ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿԸ
|
|
Նկատի ունենալով, որ դպրոցական բոլոր աշխատանքները պարտադիր դադարի ենթարկուած են, Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակը կազմած ու մեր դպրոցներու տրամադրութեան տակ դրած է հայեցի դաստիարակութեան սատարող շարք մը յաւելուածներու (app) ցուցակ մը։ Այդ ցանկը կ՚ընդգրկէ խաղով հայերէն ուսուցանող, գրել սորվեցնող, քերականութեամբ զբաղեցնող, ընդհանուր զարգացման վրայ բան աւելցնող յաւելուածներ, պատմութիւն, երգարան ու բառարաններու կայքէջեր, գրականութիւն մատակարարող յաւելուած եւ YouTube-ի հասցէներ։
Մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք ոչ-սպառիչ այդ ցանկին մաս կազմող յաւելուածները.
1) Gus on the Go
Գիրերն ու լեզուն բոլորովին չճանչցողին համար։
Հայերէնի ուսուցում՝ գոյներու, ձեւերու, չափերու եւ տառերու մասին:
Արեւելահայերէն ուսուցանող ցանց (հայերէնի դասեր, գիրքեր, աշխատանքային թերթիկներ, ձայնային գիրքեր եւ տարբեր խաղեր), ամսական վճարումով։
Արեւմտահայերէն ուսուցողական յաւելուած (կարճ պատմութիւններ, առակներ, կատակներ, հանելուկներ, կրթական խաղեր՝ լեզուական, թուաբանական եւ տրամաբանութիւնը սրող բովանդակութեամբ):
Արեւմտահայերէն ուսուցողական յաւելուած (խաղեր, հարցումներ, ձայնային եւ քերականական խորհուրդներ)։
Հայերէն տառերուն ծանօթանալու եւ սորվելու միջոց։
Հայերէն տառերը գրել սորվեցնող յաւելուած։
Արեւմտահայերէն բառախաղ՝ մանուկներու եւ մեծերու համար։
Թուայնացած կամ ձայնային գիրքեր
1)
YouTube—ի միջոցաւ մանկագիր եւ Ս
․
Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի (Ուոթըրթաուն) ուսուցչուհի Ալիք Արզումանեան կարճ պատմութիւններու առցանց ընթացքի մը սկսած է։
Օրինակ մը.
2)
VLUME
ել-գիրքեր եւ ձայնագրքեր
VLUME ձայնային եւ թուայնացած գիրքերու ամենէն մեծ առցանց գրադարանը, ընդառաջելով ստեղծուած իրավիճակին, մանկական բոլոր ել-գիրքերն ու ձայնագիրքերը անվճար կը տրամադրէ՝ արդէն իսկ հոն գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ այլ անվճար գիրքերու շարքին։
Բառարաններ
«Նայիրի»ն կը պարունակէ 122 հայերէն, հայերէնէ անգլերէն, անգլերէնէ հայերէն, հայերէնէ ֆրանսերէն, ֆրանսերէնէ հայերէն եւ այլ բառարաններ։
Երգեր
|
|
«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
|
|
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» կրօնական դաստիարակութեան ամառնային ծրագրի կազմակերպումը ընթացքի մէջ է։ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ, 28 Յունիսէն մինչեւ 5 Յուլիս։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել
այստեղ
։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
Այս
շաբթուան
նամակը
գրած
է
Անգելինայի կողմէ, որուն հովանաւորներն են տէր եւ տիկ. Նուպար եւ Անի Մկրեանները։
|
|
«Իմ սիրելի հովանաւոր,
Ձեզ գրում է Անգելինայի մայրը։ Մենք շատ ուրախ ենք, որ դուք կաք մեր կեանքում։ Շատ շնորհակալ ենք ձեր աջակցութեան համար։
Անգելինան շատ գեղեցիկ եւ աշխոյժ աղջիկ է։ Նա մեր ընտանիքի ամենափոքրն է։ Նա ունի երեք քոյր եւ երեք եղբայր։ Անգելինան գնում է մանկապարտէզ։ Նա շատ խելացի աղջիկ է։ Շատ է սիրում նկարել, հեքիաթներ լսել ու իր քոյր-եղբայրների հետ խաղալ։ Շատ շնորհակալ ենք ձեր բարեգործութեան համար։
Թող Աստուած ձեզ շատ օրհնի եւ հազարապատկի ձեր ունեցուածքը։
Մենք ձեզ շատ ենք սիրում։
Ձեզ շատ յարգող՝
Անգելինա եւ ընտանիք»։
|
|
ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
|
|
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել,
սեղմեցէք այստեղ
արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, անչափահաս թէ չափահաս որբերու հովանաւորութեան համար, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով
(
sophie@armenianprelacy.org
)
կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
|
|
|
Ամերիկացի մանկագիր Արնոլտ Լոպէլի «Գորտ ու դօդօշ»ի չորս հատորներու այս նշանաւոր շարքը, որ նոր լոյս տեսած է հայերէն թարգմանութեամբ, յանձնարարելի է 6 տարեկանէն վեր մանուկներու համար։ Անոր հետ նաեւ լոյս տեսած է նոյն հեղինակէն «Բուն տունը» մանկական հատորը։ Բոլոր հատորները ունին հեղինակի բնագրային նկարազարդումները։
|
|
Այս գիրքերը տրամադրելի են
Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
|
|
ԲԱՐՍԵՂ ԹՈՒՂԼԱՃԵԱՆ (ծնունդ՝ Ապրիլ 1, 1933)
|
|
Բարսեղ Թուղլաճեան հայ եւ թրքական լեզուաբանութեան ու բանասիրութեան մէջ լայնատարած գործունէութիւն տարած է, իբրեւ բառարաններու եւ հանրագիտարաններու հեղինակ, յատկապէս՝ ի յայտ բերելով արեւմտահայութեան մշակութային ու հանրային կարեւոր դերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։
Ծնած է Պոլիս, Ապրիլ 1, 1933ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Յովհաննէս Հինդլեանի հիմնած Նոր դպրոցին մէջ եւ ապա ուսումը շարունակած՝ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ 1951ին շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, բարձրագոյն ուսումը ստացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1955ին աւարտելով Միշիկընի համալսարանը։ Նոյն տարին գործի անցած է Անգարայի զինուորական ակադեմիային մէջ իբրեւ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի ուսուցիչ։
Թուղլաճեան, որ թրքական իրականութեան մէջ ծանօթ էր Բարս Թուղլաճը անունով, 1960ական թուականներէն սկսած է հրատարակել բազմալեզուեան բառարաններ՝ գիտութեան տարբեր ճիւղերու համար, որոնք մեծ ընդունելութեան արժանացած են ու երբեմն քանի մը հրատարակութեան արժանացած։ 1971-1973ին լոյս ընծայած է “Okyanus” 10 հատորնոց հանրագիտարանային բառարանը, որ թրքերէն լեզուի սահմանումներու ամենէն ծաւալուն բառարանն էր (1982ին հասած է վեցերորդ հրատարակութեան)։
Թրքական նիւթերով գրուած այլ աշխատութիւններու կողքին, Թուղլաճեան իր ամենէն մնայուն աշխատանքները իրագործած է հայկական բանասիրութեան մէջ։ Ընդհանրապէս գրած է թրքերէն, երբեմն՝ հայերէն ու անգլերէն։ Կարեւոր գործերէն մէկն է «Օսմանեան
ճարտարապետութեան
արեւմտականացման
ժամանակաշրջանն
ու
Պալեան
ընտանիքը
» (1982)
ծաւալուն
թրքերէն աշխատութիւնը (անգլերէն տարբերակ՝ 1990)
,
ուր ընդգծած է Պալեան գերդաստանի բերած նպաստը Օսմանեան
կայսրութեան
ճարտարապետական
արուեստի
զարգացման
պատմութեան
մէջ, անոր շուրջ գոյութիւն ունեցող ուրացման պատը քանդելով։
Հայկական նիւթերով գրած է նաեւ ուրիշ գործեր՝ «Այվազովսկի Թուրքիոյ մէջ» (1983) (թրքերէն), «Պոլսոյ Իշխանաց կղզիները պատմութեան ընթացքին» (1989) եւ «Իսթանպուլի հայոց եկեղեցիները» (1991) (հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն)։
2000ական թուականներուն, Թուղլաճեան հրատարակած է քառահատոր աշխատութիւն մը թրքերէնով՝ «Արեւմտահայերը պատմութեան ընթացքին» խորագրով, որուն իւրաքանչիւր հատորը՝ 900 էջերու սահմաններուն մէջ, մանրամասնած է հայութեան դերը 289 թուականէն մինչեւ 1966, յատկապէս ընդգծելով անոր դերակատարութիւնը 1915էն առաջ եւ անոր բացակայութիւնը՝ 1915էն ետք։ Վերջին հատորը (1923-1966) լոյս տեսած է 2009ին, սակայն վերահաս հիւանդութիւնը թոյլ չէ տուած, որ հեղինակը իրականացնէ իր վերջին հատորը, որ պիտի ընդգրկէր 1966-2010 թուականները։
Թուղլաճեան ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ կատարած է (Փրոսփէր Մերիմէ եւ Կի տը Մօփասան) եւ հրատարակած է վիպակներ ու պատմուածքներ պոլսահայ մամուլին մէջ։
Բարսեղ Թուղլաճեան մահացած է Դեկտեմբեր 13, 2016ին, Պոլսոյ մէջ։
|
|
1977ի ամրան, Շառլ Ազնաւուր միջազգային արուեստի առաջին դէմքերէն էր (թերեւս նոյնիսկ առաջինը), որ Պէյրութ վերադարձած էր երգելու՝ քաղաքացիական պատերազմի յարաբերական դադարի մը ընթացքին։ Ան կը յուսար, որ ուրիշներ պիտի հետեւէին իր օրինակին՝ Լիբանանի նախապատերազմեան կարգավիճակը վերականգնելու իբրեւ աշխարհի զուարճալիքի ամենէն աշխոյժ կեդրոններէն մէկը։ Քանի մը ամիս առաջ, Գարեգին արք. Սարգիսեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Կաթողիկոս ընտրուած էր։ Իր ճամբորդութեան ընթացքին, Ազնաւուր այցելեց Կաթողիկոսարանը եւ հանդիպեցաւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի եւ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի հետ։ Այս նկարը առնուած է Անթիլիաս այցելութեան ժամանակ։ Ազնաւուր եւ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. կը բաժնեկցին իրենց յոյսերը վերանորոգ Լիբանանի մը համարկը շրջագային մայրավանքի տարբեր բաժինները։
|
|
ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐ
|
|
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ “Crossroads”ի խմբագրութեան հասցէին (
crossroads@armenianprelacy.org
) թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը, այսուհետեւ,
Երեքշաբթի երեկոյեան է։
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։
|
|
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
|
|
25 Ապրիլ
– Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, Քընեթիքըթի House of Chamberի-ի մէջ, State Capitol, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ դոկտ
․
Արմէն Տէր Կիւրեղեան, պատուոյ նախագահ՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA), որ պիտի խօսի «Ուսումը որպէս անկիւնաքար՝ հայ երիտասարդութեան դիմացկունութիւնը կառուցելու եւ Հայաստանը զարգացնելու համար»։
(ՋՆՋՈՒԱԾ)
13-16 Մայիս
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
17 Մայիս
—Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։
31 Մայիս
—Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
28 Յունիս—5 Յուլիս
—Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել
այստեղ
կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանին հետ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով
arec@armenianprelacy.org
հասցէին։
26-27 Սեպտեմբեր —
Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։
4 Հոկտեմբեր
—Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
17 Հոկտեմբեր
—
Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ “Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ”ու կողմէ։ Կը մասնակցին՝ Սթիւ Ոսպիկեան Jr., Մալ Պարսամեան, Ճան Պէրպէրեան, Արա Տինքճեան եւ Ճէյսըն Նարոյեան։ DoubleTree պանդոկ, Անտովըր, Մասաչուսեթս։ Այցելեցէք ArmenianFriendsofAmerica.org կամ հեռաձայնեցէք Շաքէին՝ 978-808-0598 թիւին։
15 Նոյեմբեր
—Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
28 Նոյեմբեր
—Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|