SHARE:  
ARS International Women's Day 2024

«ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ» ՈՒԱՆ
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ


Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղեր:
Կազմակերպութեամբ՝ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ «Կանանց Միջազգային Օր»ուան տօնակատարութիւնը, նախագահութեամբ՝ ընկհ․ Նոյեմի Եաղճեանի։
  Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի հանդիսավար՝ ընկհ․ Կարին Գասապեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա, անդրադարձաւ Մարտ 8-ին, որ արդէն 49-րդ տարին է, որ կը նշուի որպէս «Կանանց Միջազգային Օր», լոյս սփռելով պատմութեան ընթացքին եւ աշխարհի տարածքին կանանց արձանագրած նուաճումներուն եւ անոնց դրսեւորած աննկուն կամքի արտայայտութիւններուն վրայ։
  Օրուան հանդիսավար ընկերուհին, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց «Կանանց Միջազգային Օր»ուան տօնակատարութեան պատգամաբեր՝ ընկհ․ Անի Թորիկեան Պապիկեանի կենսագրականը։
  Մեկնակէտ ունենալով Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի 2024 տարուան համար Հայրապետական Կոնդակին բովանդակութիւնը, ընկհ․ Անի Թորիկեան Պապիկեան մարդուժի պատրաստութիւնը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն նկատեց, ապահովելու համար մեր կազմակերպութիւններու գոյատեւումը,
    Սոյն ձեռնարկի ընթացքին, գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ Քէպէքի Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբը:
     Ընկհ․ Անի Թաշճեան բեմ բարձրանալով, յաջորդաբար յայտարարեց երեք ՀՕՄ-ուհիներու անունները՝ Սիլվա Էհրամճեան Պաշըքճեան, Թամար Շահինեան Փօլատեան եւ Լալէ Մանճիկեան Եափուճեան եւ առանձնաբար ներկայացուց իւրաքանչիւր ընկերուհիի մանրամասն կենսագրութիւնը։ Ապա, զոյգ մասնաճիւղերու ատենապետուհիները ընկերուհիներուն յանձնեցին գնահատանքի յուշանուէրներ։
    Ձեռնարկի աւարտին, միացեալ յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ․ Լիւսի Շահինեան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով բոլոր անոնց, որոնք անսակարկ նուիրումով սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան։
Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղ:

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի՝ Կանանց Միջազգային Օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Մարտ, 2024-ին, Parkview Manor շքէղ սրահէն ներս, ճաշկերոյթին ներկայ էին աւելի քան 215 ՀՕՄ-ուհիներ, համակիրներ եւ բարեկամներ: Օրուան բանախօսն էր գեղանկարիչ Արփի Գրիգորեանը, որ իր գծագրութիւներուն ընդմէջէն կեանքի պատմութիւնն ու փորձարութիւնը փոխանցեց ներկաներուն, ապրեցնելով անոնց հաճելի եւ յուզիջ պահեր:
Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրը եղաւ Հայկական ասեղնագործութիւններու ներկայացում ինչպէս նաեւ պարի եւ երգի կատարումներ:      

 Կը շնորհաւորենք բոլոր հայ կիներուն եւ մասնաւորաբար՝ մեր ընկերուհիներուն տօնը, այն հաստատ համոզումով, որ ՀՕՄ-ը կը մնայ անկաշկանդ եւ անշահախնդիր պաշտպանը հայ ժողովուրդի շահերուն։