Հաղորդագրութիւն
Սիրելի ՀՕՄ-ի անդամներ,
2019-ի Լիբանանի մէջ սկիզբ առած ճգնաժամէն եւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնս ճիգ չէ խնայած հոգալու Սփիւռքի եւ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի անմիջական կարիքները։
Ի տես Լիբանանի անկայուն իրավիճակին, կոչ ուղղեցինք համայն գանատահայութեան, «Լիբանանի Կողքին» հանգանակութեամբ իրենց նիւթական աջակցութեամբ օգնեն Լիբանանի հայահոծ գաղութի զաւակներուն, որոնք երկրի վատթարացող ճգնաժամին հետեւանքով, կորսնցուցին իրենց օրապահիկը։ $100,000 USD հանգանակութեամբ անոնց տրամադրուեցաւ շաբաթական դրութեամբ տաք ճաշ, բժշկական անվճար ծառայութիւններ, ուտեստեղէն, կենցաղային հիմնական իրեր եւ տնային անհրաժեշտ պիտոյքներ։
Օգոստոս 2020ի ահաւոր պայթումէն ետք, երկու իրերայաջորդ առիթներով, մեր գաղութը ամէն ջանք ի գործ դրաւ կրկին կանգնելու Լիբանանահայութեան կողքին:
Անցնող Նոյմբերին Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն հետ համատեղուած ճիգերով, $100,000 USD աջակցութիւն ցուցաբերեց, Նոր Տարուայ առթիւ $100 ամերիկեան տոլար նուիրելով Լիբանանահայ 1000 ընտանիքներու, որոնք օր ըստ օրէ աւելի՛ կը մխրճուէին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ։
Նոր Տարուայ սեմին, $5,000 USD նուիրեցինք կարիքաւոր երեխաներուն եւ պատանիներուն կոշիկ եւ բաճկոն նուիրելով։
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին տարեկան դրութեամբ $12000 գանատական տրամադրելով՝ աւելի քան 400 աշակերտներ տաքուկ բաճկոններ կը ստանան, որոնք կը կարուին ՀՕՄ-արհեստանոցէն ներս։
Արցախեան պատերազմի օրերուն, ՀՕՄը ինչպէս միշտ պատնէշի վրայ, անմիջապէս գործի լծեց իր վարչութիւններն ու անդամները եւ երկարաժամկետ հանգանակութիւններով անմիջապէս $100,000 USD փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան, անմիջական օգնութիւն հասցնելու տարագիր Արցախահայութեան։ Իսկ 2021ի Յունուարին, կրկին $100,000 USD փոխանցեցինք, տեղահանուած 100 ընտանիքներու $1000-ական ամերիկեան տոլար տրամադրելով։
Նոյն այդ շրջանին, տարբեր ծրագիր մը որդեգրեցինք, Նոր Տարուայ առթիւ ժպիտ մը ապահովելու Արցախի երեխաներուն։ Հանգանակութենէն գոյացաւ $85,000, որ 1700 երեխայի համար նոր տարուայ նուէրներ ապահովեց։
Ծրագիրը երկու հանգրուաններով ընթացաւ։ Առաջին հերթին՝ 2020 ի Դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ ապաստան գտած 250 երեխաներու եւ Ստեփանակերտի Սօսէ մանկապարտէզի 130 երեխաներու նուէրներ բաժնուեցան, իսկ երկրորդ հանգրուանին՝ 2021 Դեկտեմբերին Հայաստանի մերձակայ եւ սահմանամերձ շրջաններու մէջ կայք հաստատած 350 եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերու մէջ գնուող 1200 երեխաներու ամանորի նուէրներ իսկ անոնց ծնողներուն $20 ական ամերիկեան տոլար բաժնուեցան։
Այս բոլորը կը պարտինք մեր վարչութիւններու եւ անդամներու անվերապահ աջակցութեան, մեր յանձնախումբերու անխոնջ աշխատանքին եւ ՀՕՄ-ի համակիրներու եւ բարերարներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն։ Հանգանակուած գումարնեըը ամբողջութեամբ յատկացուեցան մեր ծրագիրներու գործադրման։
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք իրենց ժամանակն ու լուման նուիրեցին ի խնդիր մեր ազգի եւ հայրենիքի բարօրութեան եւ վերելքին:
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
Press Release
Dear ARS Members,
Since the crisis in Lebanon began in 2019 and the 44-day war in Artsakh, the ARS Regional Office has spared no effort to address the immediate needs of the displaced people of the Diaspora and Artsakh.
In view of the volatile situation in Lebanon, we called on all Armenians in Canada to donate to the Lebanese-Armenian community, who lost their livelihood as a result of the deteriorating crisis in the country. With a $ 100,000 USD fundraiser, they were provided with weekly hot meals, free medical services, meals, basic necessities, and household items.
After the terrible explosion of August 2020, on two consecutive occasions, our community made every effort to stand by the Lebanese-Armenians again.
In November 2021, the Armenian Relief Society of Canada, in a joint effort with the ARF Central Committee and affiliates, provided $ 100,000 USD as donations to 1,000 Lebanese-Armenian families for the New Year, who are increasingly struggling socially and economically.
On December 31, 2021, we donated $ 5,000 USD worth of shoes and jackets to the needy children and teenagers.
We also made an annual donation of $ 12,000 to the Syrian-Armenian Relief Cross, where more than 400 students received warm jackets, which are sewn inside the ARS workshop.
During the 44 days of Artsakh war, ARS Canada immediately mobilized its chapters and members, and through generous donations, immediately transferred $100,000 USD to the Central Executive to provide immediate assistance to the Artsakh Armenians. In January 2021, we transferred $ 100,000 USD again, providing
$1,000 USD each to 100 displaced families.
On the occasion of the New Year, we adopted a different program to “Provide a Smile to the Children of Artsakh”. We raised $ 85,000 to provide New Year gifts for 1,700 children.
The program went through two stages. In December 2020, gifts were distributed to 250 children who found refuge in Armenia and 130 to the children of Sosse kindergarten in Stepanakert. In December 2021, Christmas presents were distributed to 350 children who are relocated in border regions of Armenia and 1200 to children in border villages of Artsakh. The parents of these children also received $20 USD each to buy other needed items for their children.
We owe all this to the unconditional support of our chapters and members, the tireless work of our committees, and the generous donations of our members, supporters and benefactors. The funds raised were fully allocated for the implementation of our programs.
Thank you to all those who dedicated their time and efforts to the well-being and prosperity of our nation and homeland.
Armenian Relief Society Regional Office of Canada