SHARE:  
Volume 25- Special Javakhk Edition - May 2, 2023
Կոչ

Ջաւախքի հետ Ջաւախքի համար

Սիրելի Հայրենակիցներ,

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Ջաւախք» Հիմնադրամի յանձնախումբը, լաւատեղեակ ըլլալով Ջաւախքի լեզուական, կրթական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային հարցերուն եւ լաւապէս ըմբռնելով ջաւախքահայութեան կարեւորութիւնը Մայիս ամիսը հռչակած է «Ջաւախքի ամիս»: Ամիսը պիտի յատկանշուի քարոզչական, հանգանակային եւ այլ ծրագիրներով, որոնց ընթացքին մեր թերթերու, ընկերային ցանցերու եւ հեռատեսիլի ճամբով ձեզի պիտի ներկայացուին ՀՕՄ-ի հովանաւորած երեք երիտասարդական կեդրոններուն եւ Ախալքալաքի TUMO-ի ծրագիրներուն սատար հանդիսանալու կարեւորութիւնը: 

ՀՕՄ-ը կը հաւատայ, որ ջաւախքահայութեան գոյատեւման գլխաւոր առանցքը հանդիսացող երիտասարդութիւնը կառչած պէտք է մնայ իր հողին եւ տէր կանգնի իր պապենական ժառանգին: 

ՀՕՄ-ը կը հաւատայ նաեւ, որ համատեղ ճիգերով այս երիտասարդական կեդրոնները ամուր պէտք է պահուին, ազգային դաստիարակութեան նպատակով նորահաս սերունդները պէտք է շարունակեն մէկ յարկի տակ համախմբուիլ եւ մասնագիտական դասընթացքներու հետեւիլ: Սակայն, այս բոլորը կը կարօտին մեծ նիւթական նպաստի: 

Ուստի, ձեզի կը դիմենք, որպէսզի նշանակալից հանգանակութեամբ սատարէք այս կեդրոններուն պահպանման եւ զարգացման: 

Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն զօրակցիլը ազգային անյետաձգելի պարտականութիւն մըն է: 

Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-

1) Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Relief Society of Canada 
3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

2) Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/ սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Javakhk fund-ը՝

3) Ե-փոխանցումով (E-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ ars-canada


Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել, թէ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Ջաւախքի Օժանդակութեան (Aid to Javakhk), որուն դիմաց պիտի ստանաք տուրքէ զերծ ստացագիր:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն


Dear Fellow Armenians,

ARS Canada’s Javakhk Fundraising Committee understands the educational, economic and cultural challenges facing the Armenians in Javakhk, Georgia and has declared the month of May “Javakhk Month”. 

During this month, we will share with you, via social media, special videos and articles to showcase the three Youth Centres, which are sponsored by Armenian Relief Society, and Akhalkalaki’s TUMO Box's educational programs.  

It is important to support the youth of Javakhk to help them stay on their ancestral lands. These centres and educational programs need our financial support. 

To make your financial donation, please visit https://ars-canada.ca/donations/ and choose “Aid to Javakhk” fund.

ARS Canada Executive Committee