Volume 24- Special Edition - Կոչ / Plea
Հաղորդագրութիւն

Սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ,


Ինչպէս գիտէք Փետրուարի 6, 2023-ին ահաւոր երկրաշարժ մը ցնցեց Թուրքիոյ հարաւը և Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը ներառեալ հայաշատ Հալէպ քաղաքը։ Երկրաշարժը տապալեց բազմաբնակ շէնքեր և ծանրակշիռ աւերներ պատճառեց, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան հազարաւոր վիրաւորներ եւ հարիւրաւոր մահեր: Պատերազմի եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն տակ ապրող սուրիահայը կրկին մատնուեցաւ նոր տեսակի սարսափի, անորոշութեան եւ վտանգի: Այսօր, իր ֆիզիքական գոյութիւնը եւ կենցաղային անհրաժեշտ պէտքերը ապահովելու տագնապի մատնուած սուրիահայը բազմաթիւ նոր ու անմիջական կարիքներու դէմ հանդիման կը գտնուի, ինչպիսին են՝ քանդուած տուներու նորոգում, քանդուած ապակիներու նորոգում, դեղորայքի ապահովում, եւ այլ բազմաթիւ կարիքներ:

Սուրիան հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով վտանգուած սուրիահայ ժողովուրդը ձեր աջակցութեան եւ զօրակցութեան անհրաժեշտ կարիքը ունի: Ուրախ ենք յայտնելու ձեզի, որ արդէն իսկ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը անցած է գործի եւ իր առաջին նիւթական օգնութիւնը ուղարկած է վնասուած շրջանին: Այսուհետեւ, Գանատայի մէջ կատարուած օժանդակութիւնները հանգրուանային կերպով պիտի փոխանցուին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով Սուրիոյ Օգնութեան Խաչին:

Արդ, կը խնդրենք ձեզմէ ձեր նիւթական օժանդակութեամբ աջակցիլ Սուրիոյ այս աղէտի տուժածներուն և համայնքային կարիքներուն: Բոլոր անոնք, որոնք մարդասիրական օժանդակութեամբ իրենց նիւթական նուէրները կը փափաքին կատարել, կրնան իրենց դրամը փոխանցել ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան կամ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան սեղմելով հետեւեալ կապը: 



կամ

ե-փոխանցումով՝ ars-canada@bellnet.ca

կամ

Ձեր վճարագիրը կրնաք գրել ARS Foundation անունով նշելով տակը Aid to Syria:

Լիայոյս ենք, որ իւրաքանչիւր ազգային իր մասնակցութիւնը բերելով կը նպաստէ այս հանգանակային արշաւին յաջողութեան: 

Հայ Օգնութեան Միութեան 
Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
 7 Փետրուար, 2023


Dear Friends,

On the night of February 6, 2023, a magnitude 7.8 earthquake struck southern Turkey and northern Syria, and it was felt as far as Aleppo. The earthquake brought down whole apartment blocks in different cities and piled more devastation on millions of Syrians displaced by years of war. Our Deepest condolences to the families of the victims of the horrible earthquake, including those Armenian families, in & around the epicenter zone, who lost their beloved ones.
 
To provide urgently needed support, ARS Inc. started a fundraising event and already sent its first donation to Armenian Relief Cross of Syria. To continue helping those effected by this catastrophe and for the ongoing activities of the community as they continue to struggle with the devastation left by the war, we need your help!

You can help by making your donations to ARS Canada by visiting our website and choosing "Aid to Syria" Fund.


or

by e-transfer to ars-canada@bellnet.ca

or

Make your cheques payable to ARS Foundation, indicating that it is for "Aid for Syria".

All donations received will be sent to Armenian Relief Society of Syria via ARS Inc.

We are confident that each member will participate in this fundraising initiative to make it a success.

ARS Canada Executive Board