Volume 28 - May 31, 2023
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի
Բացառիկ սեմինար
Ապրիլ 15-16, 2023
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած 27-րդ սեմինարը՝ «Ոգեկոչել, ներշնչել եւ հեղինակութիւն տալ հայ կնոջ» տեղի ունեցաւ 15-16 Ապրիլ, 2023-ին Քինկըսթըն քաղաքի «Տէլթա» պանդոկի լիճեզերեայ սրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ 70 ընկերուհիներու եւ ՀՕՄ-ի բարեկամներու, որոնք եկած էին Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Լաւալէն, Օթթաուայէն եւ Գէմպրիճէն: Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Արմինէ Կարապետեան եւ Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ՝ ընկերուհի Սեդա Թոփուզեան Գուշեան:
15 Ապրիլ Շաբաթ առաւօտ ժամը 10:00-ին Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկերուհի Լուսին Փալանճեան ներկաները հրաւիրեց սեմինարին բացումը կատարելու ՀՕՄ-ի քայլերգով, ապա բարի գալուստի խօսքը փոխանցելէ ետք, հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան անդամ՝ ընկերուհի Արփի Սանոսեանը ներկայացնելու սեմինարի առաջին դասախօս՝ Տոքթոր Սեդրակ Իսհակի կենսագրականը:

Տոքթոր Սեդրակ Իսհակ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց «Քաղուած դասեր՝ եօթը հոգեբուժական ըմբռնումներու շուրջ» նիւթը, որ գնահատանքի արժանացաւ յստակ եւ սպառիչ բացատրութիւններուն եւ անթերի հայերէնին համար:
Որմէ ետք, ընկերուհի Լուսին Փալանճեան զեկուցեց ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան գործունէութեան մասին սահիկներու ընկերակցութեամբ: Յետոյ, ընկերուհի Արմինէ Կարապետեան բացատրութիւններ տուաւ 2024 թուականին ՀՕՄ-ի ԿՎ կազմակերպած նաւապտոյտին մասին:
Սեմինարի երկրորդ բաժնով, Շրջանային վարչութեան անդամ՝ընկերուհի Ազգանուշ Հատիտեան ներկայացուց Դոկտոր եւ ընկերուհի Տանիա Օհանեանի կենսագրականը, ապա զինք հրաւիրեց դասախօսելու «Ղեկավարման մշակոյթը եւ ղեկավարին ինքնութիւնը» նիւթին մասին:
Ընկերուհի Օհանեան հաճելի մթնոլորտի մը մէջ փոխանցեց իր նիւթը, ներկաները մասնակից դարձնելով աշխատանոցի մը:
Երրորդ դասախօս՝ Պարոն Ժօզէ Բիրանեանի կենսագրականը ներկայացուց Շրջանային վարչութեան անդամ՝ ընկերուհի Անի Հոթոյեան-Ժոլի:

Պարոն Բիրանեան «Յաղթահարել վախը՝ ձեւաւորելով ճկունութիւն եւ թռիչքային ներուժ» նիւթին ընդմէջէն անդրադարձաւ իր անձնական կեանքի դժուարութեան մասին, խրախուսելով, թէ կամքի ուժով , յարատեւ աշխատանքով ու մարզումով կարելի է յաղթահարել դժուարութիւններու:
Սեմինարի աւարտին տեղի ունեցած վիճակահանութենէն, կարգ մը ընկերուհիներ բախտաւորուեցան արժէքաւոր նուէրներով:
 
Հետաքրքրական եւ օգտաշատ դասախօսութիւններուն յաջորդեց երեկոյեան հաճելի եւ անմոռանալի խրախճանքը, որուն ընթացքին թամատանը՝ ընկհ.Սեդա Մանկասարեանը, կատակներով ու խաղերով մթնոլորտը շէնցուց եւ D.J. Արեգը պարերգներով եւ ազգային-յեղափոխական երգերով ներկաները ոգեւորեց:
Յաջորդ օրը, Կիրակի առաւօտ, ընկերային մտերմիկ նախաճաշէն ետք, ընկերուհիները երկու օրերու ընթացքին վայելելով օգտակար ու հաճելի պահեր հրաժեշտ տուին իրարու դարձեալ հանդիպելու յոյսով:
Տոքթոր Սեդրակ Իսհակ, ընկհ․ Արփի Սանոսեանի եւ ընկհ․ Լուսին Փալանճեանի հետ
Դոկտոր եւ ընկերուհի Տանիա Օհանեան, ընկհ Ազգանուշ Հատիտեանի եւ ընկհ․ Լուսին Փալանճեանի հետ
Պրն․ Ժօզէ Բիրանեան, ընկհ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի եւ ընկհ․ Լուսին Փալանճեանի հետ
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան
«Կանչ» Հաղորդում
ARS Canada Podcast
"Ganch" Podcast
starting January 1, 2023
Please Listen anytime and Share with Others

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի
մարմնին կողմէ հրապարակուեցաւ
«Շտապ օգնութեան խօսուն պատկերներ»
տեսերիզը



ՀՕՄ-ի Գանատայի Ծրջանային Վարչութեան
2023 Կրթաթոշակ
Deadline: August 31, 2023
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան

2023 Կրթաթոշակ եւ Կրթանպաստ ծրագիր

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան
Ջաւախքի հետ Ջաւախքի համար


ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի Մասնաճիւղերու
երկամսեայ ձեոնարկներ
ARS Canada Chapters'
Past Events
April and May 2023
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու
ՀՕՄ-ի Օրուայ տօնակատարութիւն
Մայիս 7, 2023
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
գնահատագիր եւ զարդասեղ ստացողներ
Ընկհ․ Արմինէ Կարապետեան՝ Կեդրոնական Վարչութեան Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ, կը յանձնէ ընկհ․ Ռոզա Պուլկարեանի 75 ամեայ զարդասեղը եւ գնահատագիրը իր աղջկան՝ ընկհ․ Նայիրի Բաբախեանին
Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, կը յանձնէ 60 ամեայ գնահատագիրը ընկհ․ Անթուանէթ Պալապանեանին
Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, կը յանձնէ 50 ամեայ զարդասեղը եւ գնահատագիրը ընկհ․ Մարօ Ֆրունճեանին
Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, կը յանձնէ 50 ամեայ զարդասեղը եւ գնահատագիրը ընկհ․ Նազիկ Արթինեանին
Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, կը յանձնէ 50 ամեայ զարդասեղը եւ գնահատագիրը ընկհ․ Նայիրի Ֆրունճեանին
Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, կը յանձնէ 50 ամեայ զարդասեղը եւ գնահատագիրը ընկհ․ Սիրվարդ Զուռիկեանին
Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, կը յանձնէ 50 ամեայ զարդասեղը եւ գնահատագիրը ընկհ․ Մարգրիտ Մելքոնեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Արփի Տոլմաճեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Մարի Հալլաճեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Սեդա Դանիէլեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․Սիւզըն Աշգարեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Պիայնա Քաթխոտազատէին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Արփի Տօլմաճեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Սոնա Աչանեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ,կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Սեդա Թաւրիզեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ,կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Սօսի Պետրոսեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 15 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Սօսի Խարապոյեան-Քիւրթիւքեանին
Ընկհ․ Հուրի Զագարեան՝ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 15 ամեայ զարդասեղը ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ ընկհ․ Արփի Սանոսեանին
Հետեւեալ ընկերուհիները՝ Ռինա Ստեփանեան, Անահիտ Մարքարեան, Մարի Խաչատուրեան ու Ովսաննա Լիպարեան այլեւայլ պատճառներով չկարողացան ներկայ գտնուելու սոյն ձեռնարկին։
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի գնահատագիր եւ զարդասեղ ստացողներ
Մայիս 7, 2023
Ընկհ․ Սիւզի Պոյամեան՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, կը յանձնէ 35 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Սեդա Թոփուզեան Գուշեանին
Ընկհ․ Սիւզի Պոյամեան՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, կը յանձնէ 35 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Էլիզապէթ Մաթեանին
Ընկհ․ Վալերին Յարութիւնեան՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, կը յանձնէ 35 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Զուարթ Վառվարեան
Ընկհ․ Նելլի Համալեան՝ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 25 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Մարիա Ճէրէճեանին
Ընկհ․ Նելլի Համալեան՝ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 15 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Տալիտա Պալիոզեանին
Ընկհ․ Նելլի Համալեան՝ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 15 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Ալին Հատիտեանին
Ընկհ․ Նելլի Համալեան՝ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 15 ամեայ զարդասեղը ընկհ․Անի Զարուկեանին
Ընկհ․ Նելլի Համալեան՝ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 15 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Թամար Շահինեանին
Ընկհ․ Նելլի Համալեան՝ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 15 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Աստղիկ Խաշընձեանին
Ընկհ․ Նելլի Համալեան՝ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 15 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Ծովիկ Թերզեանին
Ընկհ․ Նելլի Համալեան՝ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ, կը յանձնէ 15 ամեայ զարդասեղը ընկհ․ Քնար Պէշիրեանին

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝
Մայրերու Օր
Մայիս 7, 2023

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
տարեկան Garage Sale
Մայիս 20-21, 2023
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
Ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝
Համբարձման Տօնի ճաշկերոյթ
Մայիս 23, 2023
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի
Մայրերու Օրուայ տօնակատարութիւն
Մայիս 12, 2023
Տիրամայր Ժագլին Չարեան, ընկհ․ Նելլի Համալեան, Մանան Ապրագեան եւ Գոհար Թորիկեանի հետ
Ընկհ․ Հայարփի Մէնէշեան իր ընտանիքին հետ
Ընկհ․ Մարի Կիրակոսեան իր դուստրերուն եւ ընկհ․ Ֆլորա Կիրակոսեանին հետ
Ընկհ․ Սիմա Մարունեան իր ընտանիքին հետ
Ընկհ․ Սեդա Համալեան, ընկհ․ Նելլի Համալեանին հետ
ՀՕՄ-ի Միսիսոկայի «Առագաստ» մասնաճիւղ
ՀՕՄ-ի Օրուայ տօնակատարութիւն
Մայիս 12, 2023
Ընկհ․ Իռէն Թիլիմեան՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ, 15 տարուայ զարդասէղ ստացող ընկերուհիներու հետ՝ Ագնէս Սարւարեան, Ալինա Զալիմխանեան, Ասիկ Շահմիրեան, Լիլի Սարեան, Ռոզիկ Իսաղուլեան եւ Աննիկ Աղազարեան։ Նկարէն կը բացակային ընկերուհիներ՝ Շաքէ Աղազարեան եւ Ալենուշ Մատիկեան։

ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղի
Մայրերռւ Օրուայ տօնակատարութիւն
Մայիս 7, 2023

Ընկհ․ Հուրի Գասամանեան (կնքամայր), Մարալ Պետուրեան՝ ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղի ատենապետ, եւ ընկհ․ Մարլէն Կարպուշեան, նորագրեալ ընկերուհիներու հետ՝ Նէնսի Ճիւելէկեանի, Մարիա Պետրոսեանի եւ Ծովիկ Պալճեանի
Մայրերու Օրուայ յանձնախումբի անդամներ
Օրուայ բանախօս՝ ընկհ․ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան, յատկապէս հրաւիրուած Թորոնթոյէն
Ընկհ․ Անի Հոթոյեան-Ժոլի՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ, եւ ընկհ․ Մարալ Պետուրեան՝ ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղի ատենապետ, յանձնեցին 15 եւ 25 ամեայ զարդասեղները ընկերուհիներ՝ Մարլէն Կարպուշեանի, Զէփիւռ Գէորգեանի, Ազիկ Գէորգեանի եւ Վերա Թիթիզեանի

ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղի
Պարահանդէս
Նուիրուած ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ դպրոցին
Ապրիլ 8, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղ
60 ամեակի տօնակատարութիւն
Ապրիլ 30, 2023


ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 60 ամեակի տօնակատարութեան ներկայ գտնուող խումբ մը հօմուհիներ
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 60 ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբի անդամներ
Օրուայ բանախօս՝ ընկհ․ Մայտա Մելքոնեան, ՀՕՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան փոխ-ատենապետ
Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, կը յանձնէ 60 ամեայ գնահատագիրը ընկհ․, Արմէնուհի Գոլոլեանին եւ ընկհ․ Եփրաքսի Գույումճեանի գնահատագիրը իր աղջկան՝ ընկհ․ Անի Իպրահիմիին։ Ընկհ․ Սօնա Արթինեան ներկայ չկրցաւ գտնուիլ սոյն ձեռնարկին
ՀՕՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան անդամներ՝ ընկհ․ Արմինէ Կարապետեան եւ ընկհ․ Մայտա Մելքոնեան՝ կը յանձնեն ընկհ․ Մարի Սարգիսեանի 75 ամեակի զարդասեղը եւ գնահատագիրը իր թոռնուհիին՝ ընկհ․ Լորիկ Սարգիսեանին
Ընկհ․ Արմինէ Կարապետեան՝ ՀՕՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան անդամ, կը յանձնէ 50 տարուայ զարդասեղը եւ գնահատագիրը ընկհ․ Մարի Միքայէլեանին
Ընկհ․ Արմինէ Կարապետեան՝ ՀՕՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան անդամ կը յանձնէ 50 տարուայ զարդասեղը եւ գնահատագիրը ընկհ․ Սեդա Մասմանաճեանին
Ընկհ․ Իռէն Թիլիմեան՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, կը յանձնէ 35 տարուայ զարդասեղները ընկհ․ Անահիտ Պապայեանին եւ ընկհ․ Նորա Յովսէփեանին
Ընկհ․ Իռէն Թիլիմեան՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, կը յանձնէ 35 տարուայ զարդասեղը ընկհ․ Հերմինէ Նաճարեանին
Ընկհ․ Իռէն Թիլիմեան՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, կը յանձնէ 35 տարուայ զարդասեղը ընկհ․ Սօսի Միքաjէլեանին
Ձեռնարկէն կը բացակայէր ընկհ․ Ալիս Պապօշեան։
Ընկհ․ Անի Հոթոյեան-Ժոլի՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, 25 տարուայ զարդասեղ ստացող ընկերուհիներու հետ՝ Ագիլեան Վոլքա, Պատիկեան Սօսի, Պետրոսեան Անահիտ, Տէմիրճեան Անահիտ, Տէրտէրեան Սօսէ, Քէչէճեան Շաքէ, Խշուաճեան Յովհաննէսեան Սօսի, Սաֆարեան Արմիկ, Սալիպեան-Անդէպի Արփի, Շարապխանեան Յասմիկ, Սարգիսեան-Ներսէսեան Շողեր, Շահինեան Քրիսդին, Շմաւոնեան Մարի, Զաքարեան Արշօ եւ Զաքարեան Բանիկեան Ալիս
Ընկհ․ Մարալ Միսիրեան՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ, 15 տարուայ զարդասեղ ստացող ընկերուհիներու հետ՝ Աճէմեան Թամար, Պարտաքճեան Լալա, Ֆրանքեան Այտա, Գալուստեանց Աննա, Կարապետեան Կասիա, Կարապետեան Սալբի, Ղորղորեան Քաթիա, Փափազեան Սիրվարդ, Սադուրեան Իպրահիմեան Դէնի, Շահինեան Էլիզապէթ, Դապրիզի Աստղիկ, Զաքարեան Եղիսաբէթ
Ընկերուհիներ՝ Իռէն Թիլիմեան, Արփի Աճէմեան, Արմէնուհի Գոլոլեան, Անի Իպրահիմի, Նայիրի Շահինեան, Անի Հոթոյեան-Ժոլի եւ Մարալ Միսիրեան
Չորս սերունդի պատկանող ընկերուհիներ՝ Մարի Նախնիկեան, Գեղուհի Պաստաճեան, Թամար Մակարեան եւ Ալիք Մակարեան
Ընկհ․ Սեդա Թաշճեան՝ (կնքամայր), նորագրեալ ընկերուհիներու հետ՝ 
Վանիա Տօնոյեան, Լորիկ Սարգիսեան, Ալիք Մակարեան, Նարօտ Տիշոյեան, Ատրինէ Արթին, Էլիզ Արթին, Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան, Սիրուն Տ․Վարդանեան, Ալիք Ֆարրա,
Մարիամ Փօլատեան, Թալին Չագուճեան Գրիգորեան, Մարինէ Ալէքսանեան, Սեւան Սալիպեան Լճմպարտի
ARS Roubina Chapter scholarship winners: Emma Matossian, Siena Margorian, Daron Hallajian, Alik Kargotzian, Antranig Minasian and Lora Donoian
Գանհատանք՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 60 տարուայ
վարչական կազմերու ատենապետներուն

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Brain Story- Ուղեղի Պատմութիւնը
May 12, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղ
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Lecture about Javakhk- Ջաւախք
Presented by ungh. Tamar Chahinian
May 13, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղ
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Մայրերու Օրուայ տօնակատարութիւն
Մայիս 13, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղ
ARS Toronto "Roubina" Chapter seminar
Well-Spoken Woman
May 27, 2023

ARS Toronto Roubina chapter's ARS Inspire + Connect + Empower ("ICE") committee's inaugural event took place on Saturday, May 27th from 10 to noon. The guest speaker was ungh. Natalie Gokchenian who spoke about the book Well-Spoken Women by Christine K. Jahnke. Over 50 members and non-members attended this extremely successful event.
Ungh. Alik Farra, co-chair of ICE committee, making opening remarks and introducing ungh. Natalie Gokchenian, Keynote Speaker
Ungh. Natalie Gokchenian during her presentation
Ungh. Hasmig Zarokian,
co-chair of ICE committee, making closing remarks and thanking the participants for attending

ՀՕՄ-ի Համիլթընի «Արեւ» մասնաճիւղ
Մայրերու Օրուայ եւ Համբարձումի տօնակատարութիւն
Մայիս 14, 2023
ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղ
Մայրերու օրուայ եւ Համբարձումի ձեռնարկ
Մայիս 20, 2023
ՀՕՄ-ի Սէնթ Գաթրինզի «Արազ» մասնաճիւղ
Մայրերու Օրուայ տօնակատարութիւն
Մայիս 7, 2023
Mother of the year, Alice Kelechoghlou
Ambassador of the year, Ariana Okajian selected to represent the Armenian Community Centre during the Folk Arts Festival.
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Նաւապտոյտ
Ապրիլ 20-27, 2024

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի մասնաճիւղերու
յառաջիկայ ձեռնարկներ
ARS Canada Chapters' Future Events

ՀՕՄ-ի Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղի
Քայլարշաւ-դրամահաւաք
ARS Laval "Shoushi" Chapter
Walkathon
June 3, 2023

ARS Toronto "Roubina" Chapter's
2023 Summer Camp