26 Դեկտեմբեր, 2019
Կը մաղթենք, որ 2020 թուականը բոլորին պարգեւէ երջանկութիւն, առողջութիւն եւ խաղաղութիւն մեր Փրկիչի ոգիով, որուն Ծնունդն ու Մկրտութիւնը պիտի տօնենք Երկուշաբթի, Յունուար 6ին։

ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
Հաւատով Խոստովանիմ ԺԵ․ աղօթք

Կը կարդայ՝ Լիլի Գարակէօզեան
Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ եւ օգնական
(Ս․ Խաչ եկեղեցի, Թրոյ, Նիւ Եորք)

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 29 Դեկտեմբերին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին՝ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագութեան կարգ պիտի շնորհէ եկեղեցւոյ խորանի ծառայողներ՝ Արամ Գույումճեանին, Անդրանիկ Էսէնտիրին, Արման Չարխուտեանին, Շանթ Տողրամաճեանին եւ Արթիւր Քեսենճիին։ Այնուհետեւ, ան ներկայ պիտի գտնուի նաեւ նորատիպ “Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church” հատորի ներկայացումին՝ Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանին կողմէ, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին, Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, նախագահեց Ս. Պատարագին, զոր մատուցեց Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագի աւարտին, նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայ սարկաւագի տօնը։ Այս արարողութեան ընթացքին, Հայ Եկեղեցւոյ սարկաւագները իրաւունք ունին կրելու սաղաւարտը։

Աւարտին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս օրհնեց Մայր Եկեղեցւոյ սարկաւագները՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան, Յակոբ սրկ. Հատտատ, Գրիգոր սրկ. Եսայեան եւ Տիգրան սրկ. Գապարաճեան, անոնց մաղթելով Աստուծոյ եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երկար տարիներու ծառայութիւն։ 
ԿԱՂԱՆԴԻ ՀԱՄԵՐԳ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
Ձախէն աջ՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Հայկ Արսէնեան, Անահիտ Զաքարեան, Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Անահիտ Ինճիկիւլեան, Խորէն Մէյխանէճեան եւ Արմէն Մորեան
Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին կազմակերպած էր իր առաջին Ս. Ծննդեան համերգը եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։ Սրբազան եւ աշխարհիկ՝ Ծննդեան յատուկ երաժշտութեան այս ձեռնարկը կը ներկայացնէր զանազան հայ թէ օտար երգահաններու (Շառլ Կունօ, Քրիստոֆէր ֆոն Կլիւք, Ռիչըրտ Ռոճըրզ, Կոստանդին Պետրոսեան, Խորէն Մէյխանէճեան, եւ այլքի) գործեր, Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետուհի, տաղանդաւոր սոփրանօ՝ Անահիտ Զաքարեանի, եւ խոստմնալից երիտասարդ սոփրանօ՝ Անահիտ Ինճիկիւլեանի մեկնաբանութեամբ։ Անոնց կ՚ընկերանար յայտնի դաշնակահար եւ երգահան Հայկ Արսէնեան, որ նաեւ Փիոթր Չայկովսկիի, Ֆրանց Շուպէրթի եւ Էնրիքէ Կրանատոսի գործեր կատարեց։

Ձեռնարկը, զոր կը վարէր հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Արմէն Մորեան, կը վայելէր թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութիւնը։ Անուշաւան Սրբազան Հօր եւ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեանի հետ, ներկայ էր նաեւ երգահան Խորէն Մէյխանէճեան։ Համերգէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը «Բաշալեան» սրահին մէջ։

ՄԱՅՔԼ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ «ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ»
ԳԻՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ 
Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ դոկտ. Մայքլ Փափազեանի նոր հրատարակուած "The Doctor of Mercy: The Sacred Treasures of St. Gregory of Narek"ի («Ողորմութեան վարդապետը. Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրբազան գանձերը») գիրքին ներկայացումը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։

Դոկտ. Փափազեան խօսեցաւ հանճարեղ բանաստեղծին ու աստուածաբանին հանդէպ իր հետաքրքրութեան ակունքներուն մասին, որ յատուկ իմաստ ստացաւ՝ Փրանկիսկոս Պապի կողմէ անոր «Եկեղեցւոյ Վարդապետ» հռչակումէն ետք՝ 2015ին։ Նարեկացի միակ Եկեղեցւոյ Վարդապետն է՝ 36 դէմքերու շարքին, որ երբեւէ կապ ունեցած չէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ։ «Ողորմութեան վարդապետը» հատորը ներածութիւն մըն է անոր գրական գործերուն, աստուածաբանութեան ու հոգեկանութեան, միաժամանակ ցոյց տալով Նարեկացիի գաղափարներուն այժմէականութիւնը։ Բանախօսը ուրուագծեց Գրիգոր Նարեկացիի կեանքն ու ժամանակը եւ յատկապէս անդրադարձաւ անոր աշխարհահայեացքի երեք յատկանիշներու, զայն բնորոշելով իբրեւ վերանորոգիչ, աւանդապահ եւ համամարդկայնապաշտ (universalist)։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ աշխոյժ հարց ու պատասխանի բաժին մը։

Հեղինակին ներկայացուց Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Երգչուհի Անահիտ Զաքարեան ճոխացուց երեկոյթը Նարեկացիի «Տաղ Աստուածածնայ» եւ «Տաղ Յարութեան» գործերու մեկնաբանութեամբ։ Թեմիս առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս փակեց ձեռնարկը անդրադառնալով Նարեկացիի խոհերուն այժմէականութեան։

Դոկտ. Փափազեանի այս նոր գիրքը, ինչպէս եւ անոր նախորդ գիրքերը տրամադրելի են Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Այցելեցէք www.prelacybooks.com պատուիրելու համար ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի հայաստանեան գրասենեակը՝ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը, շուտով պիտի շարունակէ հովանաւորութեան իր ծրագիրը բոլոր այն որբերուն համար, որոնք 18 տարեկանը կը բոլորեն եւ կ՚արձանագրուին բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ՝ իրենց կրթութիւնը շարունակելու համար։
 
Համալսարանականներու հովանաւորութեան այս ծրագիրը պիտի սկսի գործադրուիլ 2020ին։ Տարեկան գումարը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու անոնց կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։
 
Ասիկա վերջին նորութիւնն է ծրագրի մը, որուն սկիզբը դրած էր 31 տարի առաջ թեմիս օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեան, 1988ի աղէտալի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք։ Այն ատեն, առաջնահերթութիւնը երկրաշարժի վերապրողներուն օժանդակութիւնն էր։ Շուտով, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը արդէն հազարաւոր մանուկներու իր նպաստը բերաւ ու կը շարունակէ։ Օշական արք. Չօլոյեանի պաշտօնավարութեան շրջանին, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը օժտուեցաւ իր սեփական նոր գրասենեակով։
 
Ծրագիրները աճած ու ծաղկած են, ներառնելով՝ մանկատուներու, դպրոցներու, աշակերտներու, երէցներու, հաշմանդամ ազատամարտիկներու օժանդակութիւն, եւ ամառնային ճամբար մը։
 
Այս բոլորը բաւարար չէ։ Ինչպէս հայրենիք այցելուները կրնան վկայել, Հայաստանի յուսահատութեան մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են, յատկապէս՝ թուրք-ազերի շրջափակման եւ Արցախի պատերազմի ամենադաժան տարիները։ Երեւանը ներկայիս ծաղկուն քաղաք մըն է, ուր ամբողջ աշխարհէն այցելուներ կը ժամանեն։ Բայց երկրի ու Արցախի երկայնքին, բոլորս ալ գիտակից ենք, որ բազում մարտահրաւէրներ կան։ Յաճախ՝ կրթութիւնը բանալի է զանոնք յաղթահարելու համար։
 
Հայաստան այժմ ծանօթ է շրջանին մէջ, իբրեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կեդրոն մը, ինչ որ բազմաթիւ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ, որոնց համար կարող ու լաւապէս դաստիարակուած մասնագէտներու պէտքը կայ։ «Մեծն Ներսէս»ի կողմէ հովանաւորուած որբ երեխաները այժմ Հայաստանի տնտեսութեան պէտք ունեցած աշխատուժը դառնալու ճամբուն են։
 
Տասնամեակներէ ի վեր, բազմաթիւ նուիրատուներու յանձնառութեան շնորհիւ, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը «Մեծն Ներսէս»ի գործունէութեան կեդրոնական մասերէն մէկը հանդիսացած է։ Նուիրատուները երեխաներու աճին վկայ եղած են եւ յաճախ ուժեղ կապեր հաստատած անոնց հետ։
 
Ինչպէս միշտ, ձեր աջակցութիւնը մեծ դեր կը կատարէ։
 
Այն հովանաւորները, որոնք տարիներու երկայնքին առատաձեռն կերպով օժանդակութիւն բերած են, այժմ կրնան շարունակել իրենց դերակատարութիւնը՝ երէկուան մանուկներուն օգնելով։
 
Նախապէս հովանաւորուած որբերը այժմ համալսարանական ուսանողներ են եւ նոր հովանաւորներու կարիքը պիտի ունենան։ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը, թափանցիկ ու բարձր մակարդակի իր գործունէութեամբ, պիտի շարունակէ հնարաւոր թեկնածուներ գտնել եւ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել։
 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը կամ Որբերու ծրագրով երեխայ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։  

ԿՈՉ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Կամաւորները ուտելիքի ծրարներ կը պատրաստեն կարիքաւոր ընտանիքներու համար։ Այս ծրագիրը կը ղեկավարուի կամաւորներու կողմէ, ուստի բոլոր նուիրատուութիւնները ուտելիքներու եւ ապրանքներու բաշխումին կը յատկացուին։ 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէութեան Դաստիարակութեան բաժանմունքը՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեամբ, այս տարի եւս կը ծրագրէ նիւթապէս օժանդակել լիբանանահայ շուրջ 200 կարիքաւոր ընտանիքներու, որոնք, յատկապէս երկրի ներկայ անորոշ պայմաններուն մէջ, կեանքի ամենատարրական պէտքերը հոգալու դժուարութիւն ունին։

Գրասենեակը կը ձգտի իւրաքանչիւր ընտանիքի պահածոյ ուտեստեղէնէ, ընդեղէնէ, մսեղէնէ, մաքրութեան դեղերէ եւ այլ տարրական պէտքերէ բաղկացած նպաստ մատակարարել։ Այս նպաստը պիտի բաշխուի Նոր Տարուան օրերուն՝ Ս. Ծննդեան առիթով, յատուկ ուրախութիւն պարգեւելով մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Ինչպէս անցեալ տարի, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը դիմած է Արեւելեան թեմին, որպէսզի մեր հաւատացեալները իրենց օժանդակութիւնը բերեն այս մարդասիրական նախաձեռնութեան, ինչ որ միեւնոյն ժամանակ պիտի խորհրդանշէ մեր զօրակցութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին, որ կ՚անցնի դժուարին օրերէ։ Նկատի ունեցէք, որ 100 տոլարի նուիրատուութիւն մը պիտի ծառայէ վերոյիշեալ նպաստը հայթայթելու ընտանիքի մը համար, այլապէս՝ կրնաք ձեր ուզած գումարը նուիրել։

Տօնական օրերու առթիւ այս նուիրատուութիւնը մեծապէս պիտի գնահատուի։ Հաճեցէք ուղարկել ձեր վճարագրերը հետեւեալ հասցէին՝ Armenian Prelacy, 138 East 39 th   Street, New York, NY 10016։ Հաճեցէք ձեր չէքերը գրել Armenian Apostolic Church of Americaի անունին, իսկ memoի բաժինին մէջ արձանագրել՝ Gift for the Needy։ Ձեր նուիրատուութիւնը տուրքերէ զերծ է՝ ըստ օրէնքի արտօնած չափին։ 
ԱՊԱՀՈՎԵՑԷՔ ՁԵՐ ՏՈՄՍԱԿՆԵՐԸ «ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՀԱՄԱՐ
«Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, աշխարհահռչակ «Գառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ 2020ին երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիներ այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։

«Միւզիքըլ Արմինիա», որ 1982ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով, նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու մեկնաբանութեան սատարելու։ Անցնող 38 տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։

2020ի համերգին ելոյթ պիտի ունենան դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան։

Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար), ոսկի (300 տոլար) եւ արծաթ (200 տոլար)։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։

Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Զ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ ԵՒ Ա. ՕՐ ՊԱՀՈՑ ԾՆՆԴԵԱՆ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ (22:24-30)

Աշակերտներուն մէջ վէճ ծագեցաւ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի նկատուի մեծը: Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Ազգերու թագաւորները կը տիրեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ եւ իշխողները բարերար կը կոչուին իրենց հպատակներուն կողմէ: Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս: Ո՞վ է մեծը. սեղան բազմո՞ղը թէ սպասաւորը: Անշուշտ որ սեղան բազմողը: Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ: Դուք միշտ քովս մնացիք փորձութիւններուս ընթացքին, եւ ես ահա կը խոստանամ թագաւորութիւն տալ ձեզի, ինչպէս Հայրս ինծի տալ խոստացաւ: Իմ թագաւորութեանս մէջ իմ սեղանէս պիտի ուտէք ու խմէք եւ պիտի բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասնըերկու ցեղերը:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 13:18-25

Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ մեր խիղճը մաքուր է, եւ կ’ուզենք ամէն բանի մէջ ուղիղը գործել: Մանաւանդ կ’աղաչեմ որ աղօթէք ինծի համար, որպէսզի կարենամ աւելի շուտ ձեզի վերադառնալ:
Թող խաղաղութեան Աստուածը ձեզի կարողութիւն տայ՝ ամէն տեսակ բարեգործութեամբ իր կամքը կատարելու, որովհետեւ ի՛նքն էր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, ան՝ որ իր արիւնով կնքուած յաւիտենական ուխտով Հովուապետ եղաւ ամբողջ հօտին: Աստուած ինչ որ կը կամենայ՝ թող ներգործէ մեր մէջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որուն փա՜ռք յաւիտեանս: Ամէն:
Եղբայրնե՛ր, կ’աղաչեմ որ լսէք այս կարճ նամակով տուած յորդորներս: Կ’ուզեմ որ գիտնաք, թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս, բանտէն արձակուած է հիմա: Եթէ շուտով մօտս գայ, միասին կու գանք ձեզ տեսնելու:
Ողջոյններս հաղորդեցէք ձեր բոլոր առաջնորդներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն: Իտալիայի եղբայրները կ’ողջունեն ձեզ: Աստուծոյ շնորհքը բոլորիդ հետ ըլլայ: Ամէն:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 51:15-52:3

Ս. ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՔԵԱԼ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ
Շաբաթ, 28 Դեկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ Ս. Յակոբ Առաքեալը եւ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչը՝ Որդիք Որոտման։ Երկուքն ալ կարեւոր պաշտօններ ունեցած են տասներկու առաքեալներու շարքին, եւ Յիսուսի կողմէ «Որդիք Որոտման» կոչուած են (Մարկոս 3:17), հաւանաբար որովհետեւ բուռն խառնուածք մը ունէին, ինչպէս Ղուկաս (9:54) եւ Մարկոս (10:35-41) կը հաղորդեն մեզի։ Յակոբ գալիլեացի ձկնորս մըն էր, որ իր եղբօր՝ Յովհաննէսի հետ կանչուած է՝ տասներկու առաքեալներուն մաս կազմելու։ Պետրոսի հետ միասին, անոնք առաքեալներու կորիզը կազմած են, ականատես ըլլալով Յայրոսի աղջկան յարութեան, Այլակերպութեան եւ Գեթսեմանի պարտէզի մատնութեան։ Յակոբը առաքեալներէն առաջինն էր, որ նահատակուեցաւ՝ Հերովդես Ագրիպասի հրամանով (Գործք 12:1-2)։ Սպանիոյ հովանաւոր սուրբն է եւ, ըստ աւանդութեան, անոր մարմինը Երուսաղէմէն տարուած է Սանթիակօ տէ Գոմփոստելա, որ մօտ հազարամեակէ մը ի վեր ուխտագնացներու ժողովրդական հասցէ մը եղած է։ «Աստուածային» մակդիրով ծանօթ՝ Յովհաննէսին վստահուած է Աստուածամօր խնամքը խաչեալ Յիսուսի կողմէ։ Պօղոս Առաքեալը յիշած է Պետրոսը, Յովհաննէսը եւ Յակոբը իբրեւ Եկեղեցւոյ «սիւները» (Թուղթ Գաղատացիներուն 2:9)։ 

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ՝ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ ՆԱԽԱՎԿԱՅ
Շաբաթ, 29 Դեկտեմբերին, Պահոց Ծննդեան Բարեկենդանն է, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի մեր Տէր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան ու մկրտութեան տօնը՝ 6 Յունուարին։
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ԿՆՈՋԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ՔԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ
Բոլոր ծուխերու կիները հրաւիրուած են մասնակցելու “Faith Building Women 2020 Symposium” համաժողովին, որ առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20 Մարտին, Քէմպրիճի (Մասաչուսեթս) Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Գլխաւոր բանախօսներն են՝ դոկտ․ Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։ Միօրեայ համաժողովին արձանագրութիւնը կը սկսի 15 Յունուարին, իսկ տեղերը սահմանափակ են։ Պահքի ճաշեր պիտի հիւրասիրուին։

Կեցութեան համար ապահովուած են խմբային գինով սենեակներ, Freepoint Hotelի (Cambridge, Massachusetts) մէջ «Faith Building Women 2020 Symposium»ի անուան տակ։ 27 Փետրուարը վերջին թուականն է զեղչեալ սակագինով սենեակ ապահովելու համար։

Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք հեռաձայնել (518) 727-3311 թիւին կամ գրել հետեւեալ հասցէին՝ faithbuildingwomen@gmail.com ։
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրած է Լուիզան, որուն հովանաւորներն են տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեանները.
«Բարեւ, հովանաւոր,

Ձեզ գրում է Լուիզան։ Ես սովորում եմ արդէն 2-րդ դասարանում։ Շատ սիրով եմ գնում դպրոց, շատ եմ սիրում սովորել, սիրում եմ պարել, երազում եմ մեծանամ, պարուհի դառնամ, շատ կոնֆետներ եմ սիրում։ Տօներից սիրում եմ իմ ծննդեան տօնը, որը ամսի 12-ին դառնամ 7 տարեկան, էդ օրը մայրիկս, եղբայրներս եւ քոյրիկներս ինձ շատ են ուրախացնում։

Շատ շնորհակալ եմ ձեզ որ մեզ օգնում էք»։

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,  սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։   
«ՎԿԱՅԱՐԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ» (գիրք Ա.-Բ.-Գ.-Դ.-Ե.)
Յարութիւն Իսկահատեան
1915ի ցեղասպանութեան մասին լաւ պատկերացում ունենալու համար, պէտք է անպայման կարդալ անոր վերաբերեալ յուշագրութիւնները։ Անոնք ընդհանրապէս տեղեկութիւններ կու տան բռնագաղթէն առաջ տիրող տնտեսական եւ ընկերային կացութեան, բռնագաղթի ընթացքին, ինչպէս նաեւ զինադադարին յաջորդող հանգրուանին մասին։

Այս ժողովածուները կ՚ընդգրկեն ո՛չ միայն սովորական պատումները, այլեւս անոնց՝ գեղարուեստական գրականութեան տեսքով անդրադարձները, քանի որ վերջինները եւս վաւերագրութիւններ են, թէկուզ արտայայտուած գրականութեան միջոցով։ Ընդգրկուած են 1894-1923 ժամանակաշրջանին վերաբերող պատումները։

Այս շարքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Ստանալու համար, դիմեցէք books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ԳԷՈՐԳԻ ԵԱԿՈՒԼՈՎ (մահ՝ 28 Դեկտեմբեր, 1928)
Նորարար նկարիչ եւ բեմական ձեւաւորող, Գէորգի Եակուլով իր կեանքին մեծ մասը ապրած է Մոսկուայի մէջ, բայց չէ խզած էր կապերը հայ մշակոյթին հետ։

Ծննդեան անունով՝ Գէորգ Եակուլեան, ծնած է Թիֆլիս, 14 Յունուար, 1884ին։ 1893ին, տեղափոխուած է Մոսկուա, ուր ուսանած է Լազարեան ճեմարանին (1893-1900) եւ ապա՝ Մոսկուայի Գեղանկարչութեան, Քանդակագործութեան ու Ճարտարապետութեան ուսումնարանին մէջ (1901-1903)։ Ուսումը աւարտելէ ետք, 1903ին մտած է իբրեւ կամաւոր՝ ռուսական բանակի կովկասեան զօրագունդին մէջ ու մասնակցած՝ 1904-1905ի ռուս-ճափոնական պատերազմին։

Եակուլովի առաջին գործերէն ոմանք, ինչպէս «Ձիարշաւ» (1905) եւ «Աքաղաղներ» (1907), ընդգրկուած են մոսկովեան ցուցադրութիւններու մէջ։ 1908ին Մոսկուայի ամառնային թատրոնի բեմանկարիչ դառնալով, նոյն տարին եւ ապա 1911-1912ին այցելած է Իտալիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա, հանդիպած է ժամանակի մեծ արուեստագէտներուն եւ արուեստի պատմութիւն ուսումնասիրած։ Ամփոփած է իր տեսական եզրակացութիւնները «Երկնագոյն արեւ» (1914) փորձագրութեան մէջ։ 1911-1921ին կանոնաւորապէս մասնակցած է «Արուեստի աշխարհ» ընկերակցութեան ցուցահանդէսներուն։

Իր նկարներուն մէջ, Եակուլով համադրած է արեւելեան ու արեւմտեան մշակութային աւանդութիւնները։ Գծի ու լոյսի փոխյարաբերութեան, գոյներու տեղաշարժման եւ ոճերու ծագման մասին անոր տեսութիւնը լայնօրէն օգտագործուած է թատրոններու մէջ։ Անոր բեմանկարչական աշխատանքները՝ «Փոխանակութիւն» (Փօլ Գլօտէլ, 1918), «Իշխանուհի Պրամպիլլա» (Թէոտոր Ամատէուս Հոֆման, 1920) թատերախաղերուն եւ Շառլ-Լըքոքի «Ժիրոֆլէ-Ժիրոֆլա» կատակ-օփերային համար մեծապէս գնահատուեցան Փարիզի մէջ։ «Արուեստի աշխարհ» ընկերակցութեան արուեստագէտներուն հակառակ ուղղութիւն մը որդեգրած է, ընդգծելով ճարտարապետական բեմայարդարումներու եւ գեղանկարչութեան համադրումի անհրաժեշտութիւնը, զայն համարելով կառուցողական ոճ մը։ Անոր ձեւաւորումները յատկանշուած են վիպապաշտ ոգիով եւ կոթողական ոճով։

1914-ին Եակուլով՝ Ալեքսանդր Միասնիկեանի եւ հայազգի պատմաբան Ալեքսէյ Ջիւելեգովի հետ, հանդէս եկած է հայ մշակոյթի պաշտպանութեամբ՝ վանտալականութեան փորձերու դէմ։ 1917ին հինգ կտաւներով մասնակցած է Թիֆլիսի Հայ Արուեստագէտներու Միութեան ցուցահանդէսին։

Եակուլով հիմնադիրներէն մէկն էր Մոսկուայի Հայ Դրամատիկական Ստուդիային, դառնալով անոր ձեւաւորման բաժնի վարիչը։ Ան ձեւաւորած է Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ» (1924) եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ» թատերախաղերը (1925)։ Ռուս բանաստեղծներ Սերկէյ Եսենինի, Անատոլի Մարիենհոֆի եւ Վատիմ Շերշենեւիչի հետ, 1918ին Եակուլով գրած ու ստորագրած է իմաժինիստ ներու առաջին յայտարարութիւնը։ Այս գրական խմբակը փորձած է հեռաւորութիւն պահել ապագայապաշտներէն, բայց ի վերջոյ լուծուած է 1925ին։ Ձեւաւորած է նաեւ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Վենետիկի վաճառականը» (1926) եւ Ալեքսանդր Շիրվանզատէի «Մորգանի խնամին» (1927) թատերախաղերուն բեմադրութիւնը Երեւանի Առաջին թատրոնին համար (այժմ՝ Սունդուկեանի անուան թատրոն), ինչպէս եւ Սերկէյ Փրոքոֆիեւի «Պողպատեայ քայլը» (1927), զոր Սերգէյ Տիակիլեւ պատուիրած էր համբաւաւոր “Les Ballets Russes”ի համար։

Արուեստագէտը մահացած է Մոսկուայի մէջ, 28 Դեկտեմբեր, 1928ին, եւ թաղուած՝ Նովոտեւիչ գերեզմանատան մէջ։ Յետմահու ցուցադրութիւններ ունեցած է Երեւանի (1959, 1967, 1975 եւ 1984) եւ Մոսկուայի (1975) մէջ։ Անոր նկարներէն շատերը մնացած են Ֆրանսա եւ մինչեւ 1970ական թուականները Խորհրդային Միութիւն վերադարձած չեն։ Գործերէն շատերը կը գտնուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ Մոսկուայի շարք մը պատկերասրահներու մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ    ( www.armenianprelacy.org ). 
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՈՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք  crossroads@armenianprelacy.org   հասցէին պէտք է յղուին։

 “Crossroads”ին թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
29 Դեկտեմբեր— Նորատիպ "Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church" գիրքի ներկայացում Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի կողմէ, յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ռիճֆիլտ (Նիւ Ճըրզի)։

31 Դեկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։

11 Յունուար, 2020 — «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։

 15 Մարտ, 2020 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 

 28 Մարտ, 2020 —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

 13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 

31 Մայիս, 2020 —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։ Մանրամասնութիւնները յետագային։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/