Դեկտեմբեր 5, 2019
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
Այս շաբաթ, Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ փոքրիկ ծխականներէն Նշան Պալճեան կր կարդայ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»ի 11րդ աղօթքը։ 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԱՌԱՋԻՆ «ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ»Ը
ՖԼՈՐԱՆՍ ԱՒԱԳԵԱՆ

Երախտապարտութեան այս եղանակին, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 17 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ տօնական ու ներշնչող ձեռնարկ մը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ։ Անոր տօնական բնոյթը զուգընթաց էր անոր լրջութեան՝ ապագայ յանձնառութեան նկատմամբ։

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր ծխականներուն, որոնք հաւատարմօրէն մեզի զօրավիգ կանգնած են վերջին վեց տասնամեակներուն, օգնելով որ իրագործենք մեր ծառայութեան առաքելութիւնը՝ հայութեան բարօրութեան ի խնդիր, Ամերիկայի մէջ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։

Ահա այս էր Ազգային Առաջնորդարանի առաջին «Գոհաբանութեան Ճաշկերոյթ»ի հիմնական նիւթը։ Այս յատուկ ձեռնարկը մեծարեց «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան «25 + 1 տարեդարձ»ը՝ Ֆլաշինկի (Նիւ Եորք) Terrace on the Park համալիրի մէջ։ Ան կը յաջորդէր Գոհաբանութեան Ս. Պատարագին, զոր մատուցած էր Անուշաւան Սրբազան Հայրը Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։

Այս չափազանց գնահատելի առաքելութիւնը՝ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան, որ կը կրէ անունը մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան յայտնի դէմքերէն մէկուն՝ Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի (353-373), իր ծագումը ունեցած էր 31 տարի առաջ՝ 1988ի երկրաշարժէն ետք, օրուան Առաջնորդ՝ Մեսրոպ արք. Աշճեանի գլխաւորութեամբ անոր առաջնահերթութիւնը՝ երկրաշարժի վերապրողներուն անմիջական օգնութիւն հասցնելն էր։ Շուտով որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը երեւան եկաւ իբրեւ առաջնահերթութիւն՝ հազարաւոր մանուկներու նպաստելով։ Օշական արք. Չօլոյեանի առաջնորդութեան ընթացքին, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը երեւանեան սեփական գրասենեակով օժտուեցաւ։

Ծրագիրնեըը մեծապէս ընդարձակուած են, ու այժմ կ՚ընդգրկեն որբանոցներ, դպրոցներ, կրթաթոշակներ, տարեցներ, հաշմանդամ զինուորներ եւ ամառնային ճամբար մը։

Ճաշկերոյթէն առաջ, շուրջ 200 մասնակիցներ խանդավառ մթնոլորտի մէջ զիրար ողջունեցին շքեղ հիւրասիրութեան ընթացքին, նորոգելով իրենց ծանօթութիւնը եւ նոր բարեկամութիւններ ստեղծելով։

Յայտագրի բացումին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի խորհրդածութենէն ետք, առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը։

Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Ճէք Մարտոյեան, որպէս ձեռնարկին հանդիսավար, ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, իսկ կազմակերպիչ յանձնախումբի ժրաջան ատենապետուհին՝ Սիւզըն Չթճեան-Էրիքսըն, իր գնահատանքը յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին ձեռնարկի իրագործման։

Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Մհեր Մարգարեան, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հայրենիքի խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստան որբերուն հանդէպ Ազգային Առաջնորդարանին ցուցաբերած նուիրումին եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան միւս ծրագիրներուն համար։ 



Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան բացման աղօթքը կը կատարէ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ հիւրերու եւ Ազգային Առաջնորդարանի աջակիցներու հետ 
Ս. Պատարագէն տեսարան մը՝ Գոհաբանութեան ճաշկերոյթի առաւօտուն
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Արեւելեան թեմի եկեղեցականներու խումբ մը։ Ձախէն աջ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան եւ երէցկին Օժէն Լագիսեան, երէցկին Անի Թրթռեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, Արժ. Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան եւ երէցկին Մակի Գույումճեան։ 
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ երիտասարդ ու տաղանդաւոր կատարողները։ Ձախէն աջ՝ Քարինա Վարդանեան, Սիրան Չորպաճեան, Անուշաւան Սրբազան Հայր, Անահիտ Ինճիկիւլեան եւ Արէն Առաքելեան։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Արեւելեան թեմի Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անցեալ ու ներկայ անդամներու հետ
Ճաշկերոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ 70,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ
ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ
Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հաւաք մը:
 
Վեհափառ Հայրապետը նախ պարզեց ներկաներուն Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ դէմ Կաթողիկոսարանին բացած դատին վերջին զարգացումները, որոնց մասին անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Իրաւական Յանձնախումբի անդամներէն՝ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Սփիւռքի կացութեան, յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպման աշխատանքը ընթացքի մէջ է եւ շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման հրամայականը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ ազգային պահանջատիրութեան առաւել հզօրացման ի խնդիր: Վեհափառը յայտնեց, որ այս իմաստով ինք նախնական աշխատանքներու լծուած է։
 
Հաւաքին երրորդ նիւթը Լիբանանի ներկայ տնտեսական տագնապն էր, յատկապէս՝ անոր հետեւանքները լիբանանահայութեան կեանքին մէջ: Այս հարցին շուրջ Վեհափառ Հայրապետին պարզած մտահոգութենէն ետք, տեղի ունեցաւ տեսակէտներու փոխանակում: Հաւաքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
 
Ա) Լիբանանահայութիւնը, որպէս Սփիւռքի կարեւոր համայնքներէն մէկը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս առանցքային դեր ունի ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Սփիւռքի կեանքին մէջ: Հետեւաբար, այս գաղութը պէտք է զօրեղ ու աշխոյժ պահել կարելի բոլոր միջոցներով:
 
Բ) Լիբանանահայութիւնը եւս, բնականաբար, երկրի տնտեսական տագնապին հետեւանքները կը կրէ: Հետեւաբար, մեր բոլորին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է օժանդակութեան ձեռք երկարել մեր համայնքային կառոյցներուն ու ընտանիքներուն: Ուստի, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած է՝
 
- Լիբանանահայ գործարարներուն , որ ներկայ դժուար պայմաններուն գործէ չարձակեն իրենց հայ աշխատաւորները: Այս ձեւով օժանդակած կ’ըլլան անոնց ընտանիքներուն:
 
- Լիբանանահայ ունեւորներուն , որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն:
 
- Լիբանանահայ հոգեւոր, համայնքային, կուսակցական, կրթական, բարեսիրական   ու ընկերային կառոյցներուն՝ խորհրդակցելու ու հաւաքական մօտեցումներ ճշդելու մեր համայնքը յուզող մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ:
 
- Մեր գաղութներուն , որպէսզի նիւթապէս օժանդակեն Լիբանանի հայութեան կարիքներուն՝ փոխանակ հեռուէն միայն դիտելու ու մտահոգուելու:
 
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի աւարտին յայտարարեց.
 
1) Կաթողիկոսարանը 70,000 տոլար (100 միլիոն լիբանանեան ոսկի) Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ կը դնէ, որպէս անմիջական օժանդակութիւն՝ յատկացուելու համար մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն:
 
2) «Արարատ», «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն կը յատկացնէ 7,000ական տոլար (10ական միլիոն լիբանանեան ոսկի)՝ առ ի գնահատանք ու զօրակցութիւն իրենց կատարած աշխատանքներուն:
ԿՈՉ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէութեան Դաստիարակութեան բաժանմունքը՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեամբ, այս տարի եւս կը ծրագրէ նիւթապէս օժանդակել լիբանանահայ շուրջ 200 կարիքաւոր ընտանիքներու, որոնք, յատկապէս երկրի ներկայ անորոշ պայմաններուն մէջ, կեանքի ամենատարրական պէտքերը հոգալու դժուարութիւն ունին։

Գրասենեակը կը ձգտի իւրաքանչիւր ընտանիքի պահածոյ ուտեստեղէնէ, ընդեղէնէ, մսեղէնէ, մաքրութեան դեղերէ եւ այլ տարրական պէտքերէ բաղկացած նպաստ մատակարարել։ Այս նպաստը պիտի բաշխուի Նոր Տարուան օրերուն՝ Ս. Ծննդեան առիթով յատուկ ուրախութիւն պարգեւելով մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Ինչպէս անցեալ տարի, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը դիմած է Արեւելեան թեմին, որպէսզի մեր հաւատացեալները իրենց օժանդակութիւնը բերեն այս մարդասիրական նախաձեռնութեան, ինչ որ միեւնոյն ժամանակ պիտի խորհրդանշէ մեր զօրակցութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին, որ կ՚անցնի դժուարին օրերէ։ Նկատի ունեցէք, որ 100 տոլարի նուիրատուութիւն մը պիտի ծառայէ վերոյիշեալ նպաստը հայթայթելու ընտանիքի մը համար, այլապէս՝ կրնաք ձեր ուզած գումարը նուիրել։

Տօնական օրերու առթիւ այս նուիրատուութիւնը մեծապէս պիտի գնահատուի։ Հաճեցէք ուղարկել ձեր վճարագրերը հետեւեալ հասցէին՝ Armenian Prelacy, 138 East 39 th   Street, New York, NY 10016։ Չէքերը պէտք է գրուին Armenian Apostolic Church of Americaի անունին, իսկ memoի բաժինին մէջ պէտք է արձանագրուի՝ Gift for the Needy։ Ձեր նուիրատուութիւնը տուրքերէ զերծ է՝ ըստ օրէնքի արտօնած չափին։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻ
Այս շաբաթավերջին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի այցելէ Կրանիթ Սիթի (Իլինոյ), ուր պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, յատուկ ճաշկերոյթով պիտի նշուի եկեղեցւոյ 65ամեակը։  
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 31ԱՄԵԱԿ
Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերին, Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի 31ամեակն է։ 1988ի այդ օրը, բնութեան շղթայազերծ ուժերը աւերի ենթարկեցին Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսային շրջանը, տասնեակ հազարաւոր զոհեր, մեծաթիւ վիրաւորներ եւ նիւթական հսկայ վնասներ պատճառելով շրջանի գլխաւոր քաղաքներուն՝ Լենինական (այժմ՝ Կիւմրի), Կիրովական (այժմ՝ Վանաձոր), Սպիտակ, Ստեփանաւան, եւ շրջակայ բնակավայրերուն։ Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հրամանով, Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Արեւելեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի, ի յիշատակ երկրաշարժի բոլոր զոհերուն։ 
ՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 1 Դեկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Տակլըսթընի Ս ․ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Ս․ Պատարագի ընթացքին, ան սարկաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագ Ռոլանտ Թէլֆէեանը։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝
Ս․ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Անուշաւան Սրբազան Հայրը եւ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ․ Մեսրոպ քհն․ Լագիսեան, սարկաւագներու, դպիրներու եւ երգչախումբի անդամներու հետ
Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագին ու ապա՝ Գոհաբանական ճաշկերոյթին նախագահեց։ 

Սուրբ Պատարագէն ետք, հաւատացեալներոն ու հիւրերը լեցուցին «Ճան Բաշալեան» սրահը՝ վայելելու Գոհաբանական ճաշկերոյթը, որ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ։

Արժ․ Տ․ Մեսրոպ քհն․ Լագիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդին իր օժանդակութեան համար։
Անուշաւան Սրբազան Հայրը բացման աղօթքը ըրաւ եւ տուաւ իր պատգամը։
Կոկիկ յայտագիրին մէջ, Գագիկ Գինոսեան մանրամասնօրէն բացատրեց հայկական աւանդական պարի տարրերը։ Ապա, պարի քայլերու օրինակներ տալով, ներկաները հրաւիրեց իրեն միանալու։ Պրն. Գինոսեան հայկական ազգագրական պարի մասնագէտ է եւ «Կարին» ազգագրական երգ ու պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը։

Յայտագրի աւարտին, հաւատացեալները, Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տիկին Անի Փիրանեանի գլխաւորութեամբ, շնորհաւորեցին Տ. Մեսրոպ քհն․ Լագիսեանի քահանայական օծման 14ամեակը։ Տէր Մեսրոպ քահանայ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց սուղ ժամերը ի սպաս դրած են Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ եւ ծուխին ծառայութեան, եւ մաղթեց բոլորին երջանիկ, առողջ ու օրհնաբեր Գոհաբանութեան Տօն։

Անուշաւան Սրբազան Հայրը կու տայ Գոհաբանութեան իր պատգամը ընկերակցութեամբ Տէր Մեսրոպ քահանային
Տէր Մեսրոպ Քահանայ, երէցկին Օժէնի եւ Տիկնանց Յանձնախումբի անդամներէն ոմանց հետ՝ 14ամեակի կարկանդակը կտրելէ առաջ
Անուշաւան Սրբազան Հայրը եւ Տ․ Մեսրոպ Քահանայ սեղանին՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներու հետ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ
ՏԻԱՐ ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆԸ 
Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի, ընդունեց այցելութիւնը Թուֆէնքեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն տիար Րաֆֆի Տուտագլեանի, որուն կ՚ընկերանար Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան։ Հիմնադրամի կատարած աշխատանքները Արցախի մէջ եւ այլ հարցեր արծարծուեցան շահեկան խօսակցութեան ընթացքին։ 
«ԿՈՄԻՏԱՍ-150» ԳՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ԱՅՍՕՐ
Այս գիշեր, 5 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7։00ին, տեղի պիտի ունենայ նոր հրատարակուած «Կոմիտաս-150» գիրքի ներկայացումը՝ Ազգային Առաջնորդարանիս շէնքին մէջ (138 E. 39 th Street, New York City)։

«Կոմիտաս-150» Առաջնորդարանիս հրատարակութիւնն է, որ կ՛ընդգրկէ Հայ Երաժշտութեան Հօր մասին յօդուածներու, նամակներու եւ յուշերու կոկիկ հաւաքածոյ մը, երկու լեզուներով։ Նիւթերու ընտրութիւնը, ծանօթագրումն ու անգլերէնի թարգմանութիւնը գործն են՝ դոկտ․ Վարդան Մատթէոսեանին։ Այս նիւթերը մեծ մասամբ առաջին անգամն է որ կ՛ամփոփուին գիրքի մէջ եւ անգլերէնով։

Եթէ չկարենաք ձեռնարկին ներկայ ըլլալ, գիրքը կրնաք ստանալ Առաջնորդարանիս գրախանութէն, հեռաձայնելով տիկին Ռիթա Կիրակոսեանին (212-689-7810) կամ գրելով books@armenianprelacy.org հասցէին։
ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 19ԻՆ
Ազգ. Առաջնորդարանը պիտի հովանաւորէ Մայքլ Փափազեան նոր գիրքին՝ “The Doctor of Mercy: The Sacred Treasures of St. Gregory of Narek”ի ներկայացումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Առաջնորդարանին մէջ։

Հեղինակը ներկայ պիտի ըլլայ ու պիտի խօսի Հայց. Եկեղեցւոյ հանճարեղ բանաստեղծ սուրբի ու աստուածաբանի կեանքին հանդէպ իր հետաքրքրութեան ծնունդին մասին, յատկապէս այն պահէն ետք, երբ Ֆրէնսիս Պապը Գրիգոր Նարեկացին նշանակած է իբրեւ Եկեղեցւոյ Վարդապետ։ Նարեկացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարդապետներու ցանկին մէջ միակն է, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ չէ պատկանած։

“The Doctor of Mercy” ներածութիւն մըն է Նարեկացիի գրական գործերուն, աստուծաբանութեան ու հոգեկանութեան, եւ ցոյց կու տայ անոր գործերուն մերօրեայ կարեւորութիւնը։  

Դոկտ. Մայքլ Փափազեան փիլիսոփայութեան դասախօս է Պերրի Գոլէճի ն մէջ (Ռոմ, Ճորճիա) 1998էն ի վեր։ Հոն կը դասաւանդէ փիլիսոփայութեան տարբեր դասընթացքներ, ինչպէս եւ Նոր Կտակարանի յունարէն։ Ուսանած է Ճոնզ Հոփքինզ եւ Վըրճինիայի համալսարանները, վերջինէն ստանալով իր դոկտորականի տիտղոսը։ Յունարէն փիլիսոփայական գրութիւններու հայկական թարգմանութիւններն ու մեկնութիւնները ուսումնասիրելու համար, գրաբար սորված է Օքսֆորտ համալսարանին մէջ, ուր ստացած է գրաբարի մագիստրոսի տիտղոս՝ 1995ին։ Հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ հին յունական փիլիսոփայութեան եւ միջնադարեան հայկական աստուածաբանութեան մասին։

Դոկտ. Փափազեանի նոր գիրքէն օրինակներ վաճառքի պիտի դրուին։ Տրամադրելի պիտի ըլլան անոր երկու նախորդ գիրքերը՝ “ Light from Light: An Introduction to the History and Theology of the Armenian Church” , եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի «Չորս Աւետարանիչներու մեկնութեան» թարգմանութիւնը։

Տեղեկութիւններու եւ տեղ ապահովելու համար, հաճեցէք հեռաձայնել 212-689-7810 թիւին։ 
  ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ
(ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՊԱՀՔԻ)

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (1:39-56)

Ապա Յիսուս տանտիրոջ ըսաւ.
Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան: Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը, եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին: Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ:
Երբ սեղանակիցներէն մէկը այս խօսքերը լսեց, ըսաւ Յիսուսի.
Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ:
Յիսուս անոր հետեւեալ առակը պատմեց.
Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց: Ընթրիքի ժամուն իր ծառան ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ. «Եկէք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն»: Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ: Առաջինը ըսաւ. «Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»: Միւսը ըսաւ. «Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»: Ուրիշ մը ըսաւ. «Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ»: Ծառան վերադարձաւ եւ իր տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները: Այն ատեն տանտէրը վրդոված, ըսաւ ծառային. «Անմիջապէս քաղաք գնա՛ եւ հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր»: Քիչ ետք ծառան վերադառնալով իր տիրոջ ըսաւ. «Տէ՛ր, հրամանդ կատարեցի, բայց տակաւին տեղ կայ»: Տէրը ծառային հրամայեց. «Քաղաքէն դո՛ւրս գնա եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի: Կ’ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ»:
 
* * *

Բ. ԹՈՒՂԹ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-12
 
Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձեզի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ մեր Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի: Թող Աստուած՝ մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:

Եղբայրնե՛ր, պարտք կը զգանք եւ արդար կը գտնենք ձեզի համար միշտ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, որովհետեւ ձեր հաւատքը հետզհետէ աւելի կ’աճի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ աւելի կը խորանայ: Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ մենք կը պարծենանք ձեզմով, այն համբերութեան եւ հաւատքին համար, որ դուք ցուցաբերեցիք ձեր կրած բոլոր հալածանքներուն եւ նեղութիւններուն մէջ:

Ձեր համբերութիւնն ու հաւատքը ապացոյցը պիտի ըլլան Աստուծոյ արդար դատաստանին, որովհետեւ դուք արժանի պիտի ըլլաք Աստուծոյ արքայութեան, որուն համար այդքան կը տանջուիք: Արդարեւ, Աստուծոյ համար արդարութիւն պիտի ըլլայ ձեզ չարչարողները տանջանքով պատժել, իսկ ձեզի՝ տանջուածներուդ, հանգիստ պարգեւել մեզի հետ միասին, երբ մեր Տէրը` Յիսուս, հրեշտակներու իր բանակով երկինքէն յայտնուի: Անիկա բոցավառ կրակով պիտի պատժէ անոնք՝ որոնք կը մերժեն զԱստուած ճանչնալ եւ հնազանդիլ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին: Այն օրը, այդպիսիները յաւիտենական մահուամբ պիտի պատժուին, զրկուելով Տիրոջ ներկայութենէն եւ անոր փառաւոր զօրութենէն, երբ անիկա գայ իր սուրբերուն մէջ փառաւորուելու եւ բոլոր իրեն հաւատացողներուն հիացումին առարկան ըլլալու:

Այն օրը դո՛ւք ալ անոնց մէջ պիտի ըլլաք, որովհետեւ հաւատացիք մեր տուած վկայութեան: Ահա թէ ինչու՝ միշտ կ’աղօթենք ձեզի համար, որպէսզի Աստուած ձեզ արժանի ընէ այդ կոչումին, իր զօրութեամբ կատարէ ձեր բոլոր բարի փափաքները եւ արդիւնաւորէ ձեր հաւատքը, որպէսզի ձեզմով փառաւորուի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունը, եւ դուք փառաւորուիք իրմով, մեր Աստուծոյն եւ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւած շնորհքովը:
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 37:14-38
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, Ս. Աստուածածնի Յղութեան տօնը կը նշուի, որ Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ, Աստուածամօր նուիրուած ութը տօնական օրերէն մէկն է ։ Այս տօնը միշտ կը նշուի 9 Դեկտեմբերին ու մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյ նախապատրաստութեան Ս. Ծննդեան տօներուն։ Հաւատացեալները կը ցնծան այս տօնին առթիւ, երբ կը յիշուի Մարիամ Աստուածածնի յղութիւնը՝ ի լրումն անոր ծնողներու աղօթքներուն, որ յետագային Աստուծոյ Որդիի ծնունդը պիտի դառնար։ Այս տօնին աստուածաշնչական ընթերցումներն են՝ Երգ Երգոց 6:3-8, Մաղաքիա 3:1-2, Գաղատացիներ 3:24-29, Ղուկաս 1:39-56։ 
Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՊԱՀՈՑ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Ս. Յակոբ Մծբնացիի պահոց բարեկենդանն է։ Այս հնգօրեայ պահքը՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, մեզ կ՚առաջնորդէ Ս. Յակոբի տօնին, որ յաջորդ Կիրակին է։ Աւանդաբար, Յիսնակի ամբողջ յիսնամեայ ժամանակաշրջանը, մինչեւ Ծնունդ ու Աստուածայայտնութիւն՝ Յունուար 6ին, պահքի շրջան մըն էր՝ Մեծ Պահքի նման։ Արդի ժամանակներուն, երեք շաբաթական (Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ) պահք կը նշուի Յիսնակի ընթացքին՝ Յիսնակաց Պահք, Սուրբ Յակոբի Պահք եւ Ծննդեան Պահք։ 
ՅԻՍՆԱԿԻ Գ. ԿԻՐԱԿԻ
Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Յիսնակի երրորդ Կիրակին է, նախատեսելով Քրիստոսի գալուստը, որ մեզի ապրելու նպատակ կը պարգեւէ՝ հակառակ մեր դէմ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն։ Յիսնակի մեծագոյն դէմքը՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչն է (կարդացէք Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարաններու 3րդ գլուխները)։ 
Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾ
Շաբաթ, 8 Դեկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործը, որ 4րդ դարուն Լիկիոյ (Փոքր Ասիա) Զմիւռին քաղաքի եպիսկոպոսն էր։ Ան ուղղափառութեան ջերմ պաշտպան մըն էր եւ Սքանչելագործ մականունը ստացած է իր միջամտութեան վերագրուած շատ մը հրաշքներու պատճառով։ Գաղտնի կերպով առատօրէն նուէրներ բաշխած է, եւ այս պատճառով ոմանք զինք կը համարեն Կաղանդ Պապայի նախատիպարը։
ԱՅՍ ՇԱԲԱԹ ԿԸ ՅԻՇՈՒԻ ՆԱԵՒ 
Ս. Կուռնելիոս հարիւրապետ եւ Ս. Պօղիկարպոս Զմիւռնիացի (Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբեր)
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
«ՀԱՄԱՍՏԵՂ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ԴԱՍԱՐԱՆԸ
Ուաշինկթընի «Համաստեղ» վարժարանը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ այս տարուան աշակերտութեան թիւը հասած է հարիւր տասի։

Տնօրէնութիւնը կը գրէ. «Մեր խանդավառ կազմը ունի գոհունակութեան այլ երկու առիթ եւս, մին՝ որ մեր սիրելի ընտանիքներու շատ մանր ձագուկները՝ չորս տարեկան եւ աւելի փոքր, ալ չեն լար իրենց աւագ քոյրերուն ու եղբայրներուն ետեւէն, երբ անոնք դասարան կը մտնեն։ Իրե՛նք եւս ունեցան իրենց յատուկ դասարան մը՝ որ "Ծիլ" կը կոչուի։ Երկրորդ՝ մեր աշակերտութիւնը կը վայելէ հայկական պարերու մասնագէտի՝ պրն Ալեքս Աւանեսի Զատէի ուսուցանելու հմտութիւնը»։ 
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՈՒ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ՝ ՌԷՅՍԻՆԻ ՄԷՋ
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխականներ ու հիւրեր՝ Գոհաբանութեան ճաշկերոյթին 
Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբերին, Ռէյսինի Armenian Coalitionը՝ Գոհաբանութեան Օրուան առիթով, համայնքին համար կազմակերպած է ճաշկերոյթ մը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, որուն ներկայ էին աւելի քան 50 ծխականներ ու հիւրեր։ Յայտագիրը կազմակերպուած էր Ճան Պչաքլեանի, տոքթ. Նիք Ագկիւլեանի եւ Մելանի Պչաքեանի կողմէ, մասնակցութեամբ՝ Ստեփան Ա. սրկ. Ֆրունճեանի։
Տօնավաճառը Ռէյսինի համայնքէն հարիւրաւոր այցելուներ ունեցաւ
Նոյն շաբթուան սկիզբը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը, քանի մը տարուան ընդմիջումէ ետք, իր տարեկան տօնավաճառը մեծ յաջողութեամբ կազմակերպած էր։ Շաբաթ, 23 Նոյմբերին տեղի ունեցած տօնավաճառը հարիւրաւոր այցելուներ ունեցաւ, որոնք վայելեցին ճաշը, անուշեղէնները եւ զանազան սեղաններու վաճառքի դրուած նիւթերը։ Վաճառքի դրուած էր նաեւ “Cooking Like Mama”՝ Տիկնանց Միութեան հրատարակած հատորը, որ հիմնադիր ընտանիքներու առաջին սերունդի կենսագրականներ ու ճաշի բաղադրատոմսեր կը պարունակէ։ 
ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ
ԱՌԱՋԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ 
Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առաջին Գոգաբանութեան ճաշկերոյթէն տեսարաններ 
Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբերին, Ուայթընզվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցին կազմակերպած էր իր առաջին Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը՝ կիրակնօրեայ դպրոցի ընտանիքներու հիւրասիրութեամբ։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Միքայէլ քհն. Տէր Խոսրովեանի գոհաբանական աղօթքէն ետք, իւրաքանչիւր ներկայ խօսեցաւ այն բաներուն մասին, որոնց համար երախտապարտ էր, եւ նուիրատուութիւն մը կատարեց, որ յատկացուեցաւ 2019ի «Հայաստան» հիմնադրամի թելեթոնին։ 
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՊԱԶԱՐԸ
Ուստըրի Ս. Երրոդութիւնը եկեղեցին 22-23 Նոյեմբերին կազմակերպած էր իր տարեկան պազարը, որ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ։ Երկու ամիս շարունակ, ծուխի տիկինները ամէն շաբաթավերջ եկած ու աշխատած էին՝ պազարին վաճառուելիք ուտեստեղէնն ու անուշեղէնը պատրաստելու համար։ Պազարը գեղեցիկ առիթ եղաւ ճաշի սեղանին շուրջ բոլորուելու եւ հին բարեկամներու հետ վերստին հանդիպելու։  
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրած է Ալիկը, որ հովանաւորուած է Քէօսէեան ընտանիքին կողմէ։ 
Բարեւ Ձեզ, տիկին Դալար։

Ես շատ լաւ եմ, յուսով եմ Դուք նոյնպէս։ Տանը ամէն ինչ լաւ է, տնեցիները նոյնպէս բարեւում են Ձեզ։

Ես սովորում եմ 11-րդ դասարանում։ Երէկ մեր բասկէտբոլի թիմով մեր դպրոցական խաղերում գրաւել ենք 2-րդ տեղը։ Մեր գիւղի դպրոցը վերանորոգել են եւ բացել են ծանրաձողի ու ֆուտբոլի խմբակներ, եւ արդէն աւելի հաճոյքով եմ յաճախում։

Արդէն վերջացրինք խաղողի բերքահաւաքը եւ արդէն գինի եւ օղի ենք պատրաստում։

Ձմռան առաջին օրը՝ Դեկտեմբերի 1-ին կը լրանայ 17 տարեկանս եւ արդէն միւս տարի ես կը զօրակոչուեմ հայոց բանակ։

Ջերմագին մաղթանքներով

Ալիկ

4.10.2019
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,  սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։    
ԱՐՏԵՄ ՄԻԿՈՅԵԱՆ
(մահ՝ 9 Դեկտեմբեր, 1970)
Անոնք կոչուած էին դառնալու երկու հռչակաւոր եղբայրներ։ Օդանաւերու նշանաւոր նախագծող Արտեմ Միկոյեան կրտսեր եղբայրն էր՝ պետական գործիչ Անաստաս Միկոյեանի, որ խորհրդային վարչակարգի կարեւոր դէմքերէն մէկը եղած է շուրջ կէս դար։

Արտեմ (Անուշաւան) Միկոյեան ծնած է Սանահին (Լոռի), 5 Օգոստոս, 1905ին։ Տարրական կրթութիւնը ստանալէ ետք գիւղական դպրոցին եւ ապա՝ Թիֆլիսի մէջ, Ռոստովի մէջ գործի անցած է իբրեւ մեքենագործ, եւ 1924-1928ին աշխատած է Մոսկուայի «Տինամօ» գործարանին մէջ՝ զինուորական ծառայութիւնը ընելէ առաջ։ 1931ին մտած է օդուժի «Ժուկովսկի» ակադեմիան, ուր նախագծած է իր առաջին օդանաւը։ 1937ին շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, աշխատած է Նիկոլայ Պոլիկարպովի հետ, իսկ յետոյ օդանաւային նախագծումի նոր գրասենեակի մը տնօրէն նշանակուած՝ Դեկտեմբեր 1939ին։ Միխայէլ Գուրեվիչի հետ, Միկոյեան կազմած է «Միխայիլ-Գուրեւիչ» նախագծման գրասենեակը՝ ռազմական օդանաւերու շարք մը ստեղծելով։ Առաջին «ՄիԳ» օդանաւերը այդքան յաջող չէին։ Սակայն, 1941ին Միկոյեան շահած է առաջինը իր վեց «Ստալին» մրցանակներէն (յաջորդները պիտի ստանար 1947ին, 1948ին, 1949ին, 1952ին եւ 1953ին։

Յետպատերազմեն առաջին նախագիծերը հիմնուած էին գերմանական գրաւուած ռազմական օդանաւերու եւ Մեծն Բրիտանիոյ ու Միացեալ Նահանգներու հայթայթած տեղեկութիւններու վրայ։ Արտադրուած առաջին բնորդը 1946ի «ՄիԳ-9»ն էր։ I-270 նախատիպը, որ հիմնուած էր գերմանական գաղափարներու ու բրիտանական շարժիչի մը վրայ, դարձաւ «MiG-15»ը։ Հակառակ խառն ծագումին, վերջինը գերազանց օդանաւ մը դարձած է եւ հիմքը՝ ապագայ ռազմական օդանաւերու։ 1953ին, «ՄիԳ-17»ը ձայնի արագութիւնը նուաճած, իսկ այնուհետեւ «ՄիԳ-19»ը առաջին զանգուածային արտադրութեամբ խորհրդային գերձայնային ռազմական օդանաւը եղած է ։

1952էն սկսեալ, Միկոյեան նաեւ նախագծած է հրթիռային համակարգեր իր օդանաւերուն, յատկապէս հռչակաւոր «ՄիԳ-21»ին համար։ Ան շարունակած է բարձր արդիւնաւէտութիւն ունեցող օդանաւեր արտադրել 1950-1960ական թուականներուն, ներառեալ ամենէն արագ ու ամենաբարձր թռչող «ՄիԳ-25»ը»։ Անոր օդանաւերը 55 մրցանիշ կոտրած են։ Ի մասնաւորի՝ «ՄիԳ-15»ը եւ «ՄիԳ-29»ը արագութեան եւ բարձրութեան մրցանիշեր պահած են երկար ժամանակ։ «ՄիԳ-15» յատկապէս նշանաւոր դեր խաղացած է Գորէայի պատերազմին (1950-1953)։

Միկոյեան երկու անգամ ստացած է «Սոցիալիստական աշխատանքի հերոս»ի պատուոյ կոչումը եւ խորհրդային Գերագոյն Խորհուրդի վեց անգամ անդամակցած։ Նաեւ ստացած է ուրիշ պատիւներ, ինչպէս՝ Լենինի շքանշանը (վեց անգամ), Կարմիր դրօշի շքանշանը, Հայրենական պատերազմի շքանշանը, Կարմիր Աստղի շքանշանը (երկու անգամ) եւ Լենինի անուան մրցանակը (1962)։

Կաթուածահար ըլլալէ ետք 1969ին, Արտեմ Միկոյեան մահացած է 9 Դեկտեմբեր, 1970ին ու թաղուած՝ Նովոտեվիչի գերեզմանատունը (Մոսկուա)։ Նախագծման գրասենեակի անունը փոխուած է անոր մահէն ետք, կոչուելով պարզապէս «Միկոյեան», որ շարունակած է արտադրել «ՄիԳ» օդանաւերը։

Միկոյեանի անունը Սան Տիէկոյի (ԱՄՆ) օդի եւ անջրպետի թանգարանի միջազգային հռչակաւոր մարդոց սրահը ընդունուած է 1996ին։ Հայաստանի մէջ շարք մը վայրերու մէջ կը յիշատակուի ան. Երեւանի երկրորդական վարժարան մը եւ կոթող մը՝ «Էրեբունի» օդակայանին մէջ, Կիւմրիի զինուորական միաւորում մը, Սանահինի Միկոյեան եղբայրներուն նուիրուած թանգարանին մէջ կոթող մը եւ նոյն քաղաքին մէջ առանձին յուշարձան մը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ     ( www.armenianprelacy.org ). 
ՀՈԳԱՏԱՐ ԽՆԱՄԻՆԵՐԸ
Ընթերցող մը գրած է օրեր առաջ.
«Ի՞նչ է խնամի բառին հայերէնը»։
Դժուար է ըսել, թէ ինչո՞ւ խնամի բառը օտար կրնայ համարուիլ։ Թերեւս մարդիկ այնքան վարժուած իրենց խօսակցական լեզուին մէջ օտար (թրքերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, կամ՝ արեւելահայերէնի պարագային, ռուսերէն) բառեր խառնելու, որ երբեմն կրնան շուարիլ, թէ ի՞նչ կը խօսին։
Քանի որ խնամի ի հայերէնը... խնամի է։
Խնամի ն աւելի լայն հասկացողութիւն մըն է, քան անգլերէն համարժէք՝in-law անուանումը։ Վերջինը արուեստական կառոյց մըն է (հայերէն-անգլերէն բառարանները այս բառը չունին իբրեւ խնամի ի ուղղակի թարգմանութիւն մը), որ կը բխի անոր գործածութենէն՝ ազգականական բառերու մէջ (father-in-law, daughter-in law, եւ այլն)։ Աւելի կարեւորը այն է, որ խնամի բառը կրնանք գործածել մէկուն դիմելու համար։
Օրինակ՝ «Խնամի, ե՞րբ պիտի հանդիպինք»։
(Այս նախադասութեան ճիշդ անգլերէն թարգմանութիւնը կը ձգենք ձեր հայեցողութեան)։
Անցնինք խնամի ի ծագումին։ Հայերէն գիտցող ոեւէ մէկը, նոյնիսկ մեր ընթերցողը, պէտք է անդրադառնայ, որ այս բառը շատ կը նմանի խնամք բառին։
Եթէ անդրադառնայ, ուրեմն կը նշանակէ, որ ճիշդ ճամբու վրայ է։ Արդարեւ, թէեւ խնամ արմատին ծագումը անյայտ կը մնայ, անկէ բխած շարան մը բառեր ունինք, որոնք գոյութիւն ունեցած են գրաւոր լեզուին մէջ գիրերու գիւտէն ի վեր ( խնամել, խնամակալ, նախախնամութիւն )։ Նոյնպէս 5րդ դարուն վկայուած խնամի բառէն ունին խնամութիւն եւ խնամախօս բառեր։ Տասնհինգ դար ետք, դժուար է ըսել, թէ խնամ արմատը, ի՞նչ ալ ըլլայ անոր ծագումը, հայերէն բառ մը չէ։
Ի՞նչ կապ ունին խնամքը եւ խնամիները։ Գաղափարը հետեւեալն է. եթէ հոգ կը տանիք անձի մը մասին (այսինքն՝ կը խնամէք), ուրեմն հոգ կը տանիք նաեւ անոնց մասին, որոնց հետ կապուած էք ամուսնութեան ճամբով։
Արեւելահայերէնը շահեկան զուգահեռ մը կը մատակարարէ։ Բարեկամ բառը, որ տառացիօրէն «բարի կամ(ք)» կը նշանակէ, խօսակցական լեզուի մէջ կը գործածուի «ազգական» իմաստով։
Ով որ իրօք հոգ կը տանի, բարի կամեցողութիւն ցոյց կու տայ։ Արիւնակցական կամ իրաւական յարաբերութիւնը մէկ կողմ ձգելով, ահա ա՛յս է, որ պէտք է կարեւորութիւն ունենայ։  
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ     ( www.armenianprelacy.org ). 
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս շաբթուան արխիւային նկարով կ՚երթանք 7 Դեկտեմբեր, 1988ի աղէտալի երկրաշարժի օրերուն։ Արեւելեան թեմը՝ 31 տարի առաջ այս օրերուն, օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ, անմիջապէս գործի լծուեցաւ՝ օժանդակութիւն հասցնելու եւ համաշխարհային գիտակցութեան բերելու աղէտին տարողութիւնը, որ աւերած էր հիւսիսային Հայաստանը՝ աւելի քան 25,000 զոհերով եւ անհամար տուժածներով։

Հայրենի ժողովուրդի դժբախտութեան հրապարակային ճանաչում բերող յայտագիրներէն մէկը «Մանուկներ՝ մանուկներու համար» գիրի ու բանաստեղծութեան մրցոյթն էր։ Նիւ Եորքի «Գոնգորտ» երկրորդական վարժարանի տնօրէն՝ Մայքլ Միրաքեանի ջանքերով, Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս եւ Առաջնորդարանէն ու Ազգային Ուսումնական Խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ Նիւ Եորք քաղաքի դպրոցներու դիւանապետ՝ դոկտ. Ռիչըրտ Կրինի հետ, խնդրելով օգնութիւնը՝ գրեթէ մէկ միլիոն աշակերտ ունեցող քաղաքի է 1200 դպրոցներուն մէջ դրամահաւաքի ծրագիր մը կազմակերպելու համար։ Դիւանապետը իր խանդավառ աջակցութիւնը բերաւ եւ ծրագիրը ծայր տուաւ Վուտսայտի (Քուինզ) թիւ 11 հանրային դպրոցին մէջ։ Ամբողջական ծրագիրը կը ներառնէր եռօրեայ դաս մը Հայաստանի մասին, բանաստեղծութեան ու նամակագրութեան մրցոյթ մը եւ 24 էջնոց ուսումնական ուղեցոյց մը, որ մրցանշային արագութեամբ պատրաստուեցաւ ու բաժնուեցաւ քաղաքի բոլոր դպրոցներուն։

Լուսանկարին մէջ, դոկտ. Կրին կը կատարէ ծրագրի բացումը՝ Մեսրոպ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Մուշեղ Ա. քհն. Տէր Գալուստեանի եւ հայկական աւանդական զգեստներ հագած Նիւ Եորքի աշակերտներու հետ։ 
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ “CROSSROADS”Ի ՀԱՄԱՐ
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք  crossroads@armenianprelacy.org  հասցէին պէտք է յղուին։

 “Crossroads”ին թղթակցութիւններ, լուսանկարներ, եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
5 Դեկտեմբեր- «Կոմիտաս-150» գիրքի ներկայացում, հրատարակութիւն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

7 Դեկտեմբեր— Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս) տարեկան պազար (Pleasant Street Christian Reform Church Hall, 25 Cross Street, Whitinsville), առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30։ Ընթրիքը պիտի սպասարկուի ժամը 11:30ին։

7 Դեկտեմբեր— «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Առաջնորդարանի շէնքին մէջ, առաւօտեան ժամը 10։00էն 12։30։
Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք հեռաձայնել Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակի տնօրէնուհի Մարի Կիւլիւմեանին՝ 212-689-7231 թիւին։ Ել-նամակ՝ ANEC@armenianprelacy.org

15 Դեկտեմբեր— Նորատիպ "Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church" գիրքի ներկայացում Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի կողմէ, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք։

19 Դեկտեմբեր— Մայքլ Փափազեանի “The Doctor of Mercy: The Sacred Treasures of St. Gregory of Narek” նոր գիրքի (The Liturgical Press) ներկայացում՝ երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ (138 E. 39th Street, New York City), հեղինակին ներկայութեամբ։

22 Դեկտեմբեր —Ծննդեան երգահանդէս, ժամը 2։00ին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Ելոյթ կ՚ունենան՝ Անահիտ Զաքարեան (երգ), Հայկ Արսէնեան (դաշնակ) եւ Անահիտ Ինճիկիւլեան (երգ)։

31 Դեկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։

 15 Մարտ, 2020 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 

 28 Մարտ, 2020 —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

 13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 

31 Մայիս, 2020 —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։ Մանրամասնութիւնները յետագային։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/