23 Ապրիլ, 2020
ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ
Սիրելի հաւատացեալներ,
 
Տէրունական 2020 տարին պիտի յիշուի իբրեւ պատմութեան տարեգրութեան ամենէն մթին թուականներէն մէկը՝ պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով։

Իբրեւ ամերիկեան քաղաքացիներ, զոհերու եւ հիւանդներու թիւին ամէնօրեայ աճը կը սարսափեցնէ մեզ։

Փառք Աստուծոյ, բոլորս համախմբուած ենք այս համավարակը յաղթահարելու համար։

Այս տարի կ՚ոգեկոչուի Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան ծրագրած ու գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակը։ Ամբողջ ազգ մը ոչնչացումի ենթարկուեցաւ աննկարագրելի վայրագութեամբ ու առանց ափսոսանքի արտայայտութեան։
 
Այս տարի նաեւ կը նշուին Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակը, ինչպէս եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարական վճիռը, որ ճշդած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները։ Իրօք, Հայաստան ազատ եւ անկախ երկիր մըն է, բայց տակաւին բաժնուած է։ Մեր պատմական հայրենիքի ինը տասներորդը՝ Արաքս գետի միւս կողմը, ներառեալ Արարատը, տակաւին կը գտնուի միեւնոյն ցեղասպան պետութեան տիրապետութեան տակ։

Իբրեւ շառաւիղներ Եղեռնէն վերապրողներու, որոնք մոխիրներէն յարութիւն առած են փիւնիկի նման, հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ այսօր իրենց ձայնը կը բարձրացնեն ի խնդիր արդարութեան։ 

Կը հաւատանք, որ այս անմարդկային գազանութեան ամբողջական պատասխանատուութեան ստանձնումը եւ հատուցման համաձայնութիւնը Թուրքիոյ հանրապետութեան կողմէ պիտի ծառայեն իբրեւ բնատիպ՝ ապագայ ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու բարգաւաճում ստեղծելու համար։

Կ՚աղօթենք ջերմեռանդօրէն եւ, կրկնելով Սաղմոսի խօսքը, կ՚ըսենք. «Սէրն ու հաւատարմութիւնը իրարու պիտի հանդիպին, արդարութիւն ու խաղաղութիւն պիտի համբուրուին» (Սղ 85:10)։
 
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի

ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՊԱՅՔԱՐԻԼ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ցաւի եւ մահուան այս օրերուն, այպանելի չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկատել վերածնունդի պատմութիւն մը։ Նմանօրինակ բաներ կարելի է ըսել որեւէ այլ եղեռնագործութեան (20րդ դարը անոնցմէ կարեւոր բաժին մը ունեցած է), համաճարակի կամ ողբերգութեան մասին, որմէ անհատ մը կամ խմբաւորում մը յաջողած է վերապրիլ։ Այդ բոլորը այժմ համընդհանուր տարողութիւն ունի, քանի որ համավարակը զատորոշում չի դներ հարուստ կամ աղքատ ազգերու եւ անհատներու միջեւ։ Պսակաձեւ ժահրի մթին ամպը անտեսանելիօրէն կախուած է բոլորիս վրայ։

Սակայն, նմանութիւնները հոս կանգ կ՚առնեն, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային կը խօսինք մարդկային գործօնի, ո՛չ թէ ժահրի մը մասին։

Չենք խօսիր միայն երիտթուրքերու Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կոմիտէին մասին, որ կազմակերպեց մեր ազգի բնաջնջումը իր սեփական հայրենիքին մէջ։ Կը խօսինք նաեւ մարդասպան աւազակներուն մասին, որոնք անզօր հայեր սպաննեցին երբ կը տեղահանուէին իրենց տուներէն ու հողերէն՝ անոնց մնացած ունեցուածքը խլելու, անոնց կիները առեւանգելու եւ բռնաբարելու, անոնց զաւակները խողխողելու համար։ Անոնց ետին գտնուող եղեռնագործ թրքական պետութիւնը միեւնոյն պետութիւնն է, որ այսօր կը ժխտէ իր օսմանեան նախորդին ոճիրները։   
 
Ասիկա ահաւոր ծանրութիւն մը կը ներկայացնէ վերապրողներուս համար, որովհետեւ երկու ճակատներու վրայ պէտք է կռուինք։ Պէտք է մղենք հոգեւոր կռիւը, որ ասպարէզ կը կարդայ մեզի՝ մեր Տիրոջ պարգեւած կեանքի խորհուրդներով զբաղելու, եւ մարդկային կռիւը։   
 
2015ին, երբ Հայաստանեայց Եկեղեցին մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները կը սրբադասէր, անոնք արդէն իսկ սրբացուած էին դար մը ամբողջ, քանի որ մերժած էին յանձնել կեանքի ամենէն թանկագին արժէքը՝ մեզ սահմանող ինքնութիւնը։ Անոնք ապրեցան ու նահատակուեցան իբրեւ հայ ու քրիստոնեայ, եւ իրենց զոհաբերումով փոխանցեցին այն ջահը, որ մեր ազգն ու հաւատքը կենդանի կը պահէ։
 
105ամեակը ոգեկոչելով, մենք տակաւին հանգիստ ու դադար չենք գտած, որովեհետւ մարդկային արդարութիւն չունինք այժմ սրբացած մեր նահատակներուն համար։ Պիտի շարունակենք Թուրքիան հաշուետու նկատել մեր ազգի սպանութեան համար։ Իսկ մեր զոյգ պայքարներուն, ինչպէս Պօղոս Առաքեալը կ՚ըսէ, «Ուստի Աստուծոյ սպառազինութիւնը առէք, որպէսզի երբ չար օրը գայ՝ կարենանք ետ մղել Չարին հարուածները եւ ամէն ինչ ընել՝ կանգուն մնալու համար» (Եփ. 6:13)։ Տակաւին չենք կրնար մեր զրահը հանել մեր վրայէն. արդարութեան ի խնդիր մեր պայքարը կը շարունակուի։ Հետեւաբար, պէտք է կառչինք մեր հաւատքին, որուն հիմքը սէրն է. «Սէր ունեցող միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա. Կորնթ. 13:7)։
Ո՞ՒՐ ԵՆ ՄԵՐ ՈՒՆԵՒՈՐՆԵՐԸ...
Տագնապի այս օրերուն, խոր գոհունակութեամբ ու յուզումով կը դիտեմ, թէ ի՛նչ անսահման նուիրումով մեր առաջնորդարանները, համայնքները, ծուխերը, կազմակերպութիւնները, միութիւնները, ամէ՛ն տեղ, լծուած են մեր ազգի կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան անյետաձգելի ու հրամայական աշխատանքին։ Սէր ու գնահատանք անոնց նկատմամբ պարզապէս քիչ է։ Սովորական ծառայութիւն չէ անոնց կատարածը, այլ գերազանցօրէն Աստուածահաճոյ գործ է։

Արդարեւ, մեր նուիրեալները դռներ կը թակեն օժանդակութիւն խնդրելու, որպէսզի կարենան աւելիո՛վ օգտակար ըլլալ մեր զաւակներուն. իսկ ոմանք կամաւոր կերպով իրենց օժանդակութիւնը կը կատարեն։

Այս Աստուածահաճոյ գործին դիմաց ինծի խոր ցաւ ու վրդովում կը պատճառէ բացակայութիւնը նիւթական լայն կարելիութիւններ ունեցող մեր ազգայիններուն, յայտնի թէ անյայտ, մօտաւոր թէ հեռաւոր։ Ես չեմ կրնար լուռ ու անտարբեր մնալ անոնց բացակայութեան նկատմամբ։

Ո՞ւր էք դուք. Աստուծոյ ձեզի տուած բարիքներէն չէ՞ք կրնար բաժին մը տրամադրել մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն՝ յատկապէս տագնապի այս ծանր օրերուն։ Սա մեր բոլորին բարոյական, հոգեւոր, մարդկային ու ազգային պարտաւորութիւնն է։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Այն մարդը, որ նիւթական ամէն բարիք ունի, եւ տեսնելով հանդերձ թէ իր մէկ եղբայրը օգնութեան կարօտ է՝ իր գութը չի շարժիր, ինչպէ՞ս կրնայ ըսել՝ թէ Աստուծոյ սէրը ունի իր մէջ» (Ա. Յհ 3.17)։

Չմոռնանք, որ բոլորս ալ հաշուետու ենք Աստուծոյ առջեւ մեր դրական թէ բացասական գործերուն համար։
ԱՐԱՄ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻՆ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը
Այսօր , մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան ութերորդ օրն է , Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն ծանօթ՝ Նոր Կիրակի անունով : Այս Նորութեան աղբիւրը նոյնինքն թափուր գերեզմանով խորհրդանշող յարուցեալ Քրիստոսն է , որուն պատարագեալ անհուն սէրը կը նորոգէ ամբողջ ստեղծագործութիւնը , կը հաշտեցնէ Աստուած մարդկութեան հետ , եւ որպէս Ճշմարիտ Ճանապարհ կ՛առաջնորդէ մարդկութիւնը դէպի յաւերժական կեանք :

Այսօր կ՚ոգեկոչուի նաեւ պատմական դէպք մը , որ կը ցոլացնէ աստուածային սիրոյն անհունութեան դիմաց մարդկային տկարութեան հարազատ պատկերը : Յիսուս իր յարութեան օրը երեւցաւ նախ Մարիամ Մագթաղենացիին , ապա Եմմաուս գացող զոյգ աշակերտներուն , նոյն երեկոյ տասը Առաքեալներուն, որոնք հաւաքուած էին Վերնատան մէջ , ուրկէ կը բացակայէր Թովմաս Առաքեալ : Իր վերադարձին երբ Առաքեալները կը փոխանցեն իրեն բարի լուրը , ան սառն սրտով կը պատասխանէ . « Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը , եւ ձեռքս չդպցնեմ անոր կողին՝ չեմ հաւատար » ( Յհ 20.25): Ի՜նչ սառնասիրտ եւ ահաւոր վերաբերում : Չենք գիտեր, թէ Միածինը իր անհաւատ առաքեալին խօսքէն աւելի՛ տառապեցաւ քան իր ձեռքերը գամող եւ կողը գեղարդով խոցող զինուորներէն : Այդ մէկը մաս կը կազմէ «Խորհուրդ խորին»ին , որուն միայն Սուրբ Հոգին տեղեակ է , ինչպէս Առաքեալը կ՛ըսէ . « Սուրբ Հոգին , որ ամէն ինչ կը քննէ , գիտէ Աստուծոյ նոյնիսկ ամենածածուկ ծրագիրները » ( Ա Կր 2.10): Առ այժմ շարունակենք Յովհաննու Աւետարանի ընթերցումը , ծանօթանալու համար լրիւ պատմութեան : Ութը օր ետք , աշակերտները դարձեալ ներսը հաւաքուեր էին եւ Թովմաս իրենց հետ էր : Հակառակ որ դռները գոց էին , Յիսուս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ ու ըսաւ . – Խաղաղութիւն ձեզի : Յետոյ ըսաւ Թովմասին . – Մատդ բեր՝ հո՛ս դիր եւ տե՛ս ձեռքերս . բե՛ր ձեռքդ եւ դպցուր կողիս եւ անհաւատ մի՛ ըլլար , այլ՝ հաւատացեալ : Թովմաս բացագանչեց . – Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս : Յիսուս ըսաւ անոր . – Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր , չէ՞ . երանի՜ անոնց, որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան :  



Ի ՅԻՇԱՏԱԿ
ԵՐԷՑԿԻՆ ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ՎՐԹԱՆԷԵԱՆԻ
1926-2020
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը ցաւով իմացան, որ այսօր՝ Հինգշաբթի, 23 Ապրիլին, իր մահկանացուն կնքած է երէցկին Արմենուհի Վրթանէսեան (ծնեալ՝ Քաթմարեան), Համտընի մէջ (Մասաչուսեթս)։
 
Արմենուհի Քաթմարեան ծնած էր 1926ին, Լաթաքիա (Սուրիա)։ Ծնողքը՝ Ստեփանոս եւ Զարուհի (Լեւոնեան) Քաթմարեան, Մեծ Եղեռնի օրերուն վերապրած էին Քէօթահիայի եւ Այնթապի տեղահանութենէն։ Ան ուսուցչական պաշտօն վարած է տեղւոյն հայկական դպրոցին մէջ, ուր հանդիպած է ապագայ ամուսնոյն՝ Սահակ Ա. Քհն. Վրթանէսեանին, որ նոյնպէս ուսուցիչ էր։ Ունեցած են երեք դուստրեր՝ Մարօ, Նորա եւ Ծովիկ։ Կիպրոս ապրելէ ետք, փոխադրուած են Միացեալ Նահանգներ։ 1963ի քահանայական ձեռնադրութենէն ետք, հոգելոյս Տէր Սահակ եւ երէցկին Արմենուհի ծառայած են Ուայթընզվիլի (Մասաչուսեթս), Շիքակոյի (ԻՖ-*Ջլինոյ), Ուաշինկթընի եւ Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) ծուխերուն, հանգստեան կոչուելով՝ Սփրինկֆիլտի (Մասաչուսեթս) մէջ։ Երէցկինը միշտ զօրավիգ կանգնած է Տէր Հօր, մանաւանդ՝ հայկական խոհանոցի ու մշակոյթի իր գիտելիքներով, ինչպէս եւ աշխոյժ գործունէութեամբ եկեղեցւոյ մէջ։ Ան արենոյշներու խմբապետ եղած է երիտասարդ տարիքին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան երկարամեայ անդամ։
 
Արժ. Տ. Սահակ Ա. Քհն. Վրթանէսեանի մահէն ետք, երէցկինը եղած է իր զաւակներուն՝ տէր եւ տիկ. Ժագ եւ Մարօ Նալպանտեանի, Դանիէլ Վարուժան եւ Նորա Սանթուրեանի, Պրայըն եւ Ծովիկ Փեթերքին Վրթանէսեանի, եւ թոռներուն հոգածութեան ու գուրգուրանքին առարկան։
 
Թաղումը մասնաւոր բնոյթ պիտի կրէ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրուատուութիւններ կարելի է կատարել «Հայաստան ծառատունկ ծրագրին» (Armenia Tree Project), Հայ Օգնութեան Միութեան կամ որեւէ եկեղեցւոյ՝ ըստ նախասիրութեան։
 
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն, թոռներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։   
ԴԵՍՊԱՆ ՌՈՒԲԷՆ ՇՈՒԳԱՐԵԱՆԻ ՄԱՀԸ
(1962-2020)
Ազգային Առաջնորդարանը ցաւով իմացաւ, որ Երկուշաբթի, Ապրիլ 20ին, Պոստընի մէջ, 58 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպանը Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ դոկտ. Ռուբէն Շուգարեան։

Հանգուցեալը ծնած էր Երեւան, 1962ին։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Վալերի Բրիւսովի անուան լեզուաբանական եւ Երեւանի պետական համալսարաններուն մէջ։ 1993-1999ին Ամերիկայի մէջ ծառայելէ ետք, ուր իր օրով բացուած է Ուաշինկթընի դեսպանատունը, Ռ. Շուգարեան նշանակուած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց փոխնախարար (1999-2005) եւ այնուհետեւ վերադարձած դիւանագիտական ծառայութեան իբրեւ դեսպան Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ (2005-2008)։ 2008էն ի վեր, դասաւանդած էր Պոստընի «Թաֆց» համալսարանի «Ֆլեչըր» դիւանագիտական դպրոցին մէջ։ Հեղինակած է երկու անգլերէն հատորներ։ Ամուսնացած էր դաշնակահարուհի Լիլիթ Կարապետեան-Շուգարեանին հետ եւ ունէր երեք զաւակ։

Իր ցաւակցականին մէջ, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան գրած է. «Տոհմական մտաւորական ընտանիքից սերած կիրթ ու պատրաստուած անձն իր անուրանալի հետքն է թողել Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ»: Իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձանագրած է «Թուիթըր»ի մէջ. «Պարոն Շուգարեանը մարմնաւորել է մտաւորականի լաւագոյն գծերը` լայն աշխարհայեացքով, ակտիւ քաղաքացիական դիրքորոշմամբ ու հայրենասիրութեամբ»։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին եւ պաշտօնակիցներուն։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 26 ԱՊՐԻԼ
ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ
 
Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 20 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (31 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ղուկ. 6:12-45, Գործ. 9:23-31, Մատթ. 8:18-9:8, Մարկ. 3:6-12  

1 ՊԵՏՐՈՍ 2:1-10
Հետեւաբար, մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակի չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն: Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ, Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք: «Անգամ մը որ Տիրոջ խօսքին համը առնէք, պիտի տեսնէք թէ քաղցր է ան»:
 
Մօտեցէ՛ք անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարդոցմէ մերժուած, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է: Այսպիսով դո՛ւք ալ, որպէս կենդանի քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք՝ իբրեւ հոգեւոր տաճար. իւրաքանչիւրդ կը դառնաք անարատ քահանաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հոգեւոր ընդունելի պատարագ կը մատուցանէք Աստուծոյ: Որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.-

«Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ ընտրուած վէմ մը, պատուական անկիւնաքարը մը. անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»:

Քանի դուք հաւատացիք Քրիստոսի, անիկա ձեզի համար պատուական վէմը եղաւ. մինչդեռ չհաւատացողներուն համար, անիկա «Այն քարն է, որ թէպէտ շինողները մերժեցին գործածել, բայց ինք անկիւնաքարը եղաւ», կամ՝ «Այն քարն է, որ գլորումի եւ գայթակղութեան առիթ» պիտի ըլլայ անոնց համար, որոնք Աստուծոյ խօսքը անհամոզիչ գտնելով կը գայթակղին, ինչպէս որ Աստուած նախատեսած էր:

Գալով ձեզի, դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց: Որովհետեւ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք, մինչ նախապէս չէիք. հիմա իր ողորմութիւնը կը վայելէք, մինչ նախապէս զրկուած էինք անկէ:
 
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 2:23-3:12  

Զատիկի տօնին, մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կը գտնուէր, շատեր հաւատացին իրեն, երբ տեսան անոր գործած հրաշքները: Սակայն Յիսուս ինքզինք չէր վստահեր անոնց, որովհետեւ բոլորն ալ կը ճանչնար եւ պէտք չունէր ոեւէ մէկուն մասին ուրիշին վկայութեան, քանի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդոց սիրտին մէջ:

Նիկոդեմոս անունով Փարիսեցի մարդ մը կար, Հրեայ  իշխան մը, որ գիշերով Յիսուսի քով եկաւ եւ ըսաւ անոր.

– Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ:

Յիսուս պատասխանեց անոր.

– Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը:

Նիկոդեմոս հարցուց անոր.

– Ծեր մարդ մր ինչպէ՞ս կրնայ ծնիլ: Կարելի՞ բան է որ ան կրկին մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի:

Յիսուս պատասխանեց.
– Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի: Դուն մի՛ զարմանար, որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք: Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ’երթայ: Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին:

Նիկոդեմոս հարցուց.

– Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ ատիկա:

Յիսուս պատասխանեց.

– Դուն որ Իսրայէլի ժողովուրդին վրայ ուսուցիչ կարգուած ես, ատիկա չե՞ս գիտեր: Լաւ գիտցիր, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ անոր մասին կը վկայենք, բայց մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր: Եթէ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս պիտի հաւատաք ինծի, եթէ երկնաւոր բաներու մասին խօսիմ:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՏՕՆ
Վաղը՝ Ապրիլ 24, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց տօնը, որ հաստատուեցաւ տօնացոյցին մէջ հինգ տարի առաջ՝ Ապրիլ 23, 2015ին, նահատակներու սրբադասման առիթով։

Ինչպէս բոլոր սուրբերը, նահատակներուն կը դիմենք, որպէսզի բարեխօսեն մեզի համար, իսկ Եկեղեցին այլեւս հոգեհանգիստ չի կատարեր նահատակներուն համար։ Եկեղեցւոյ բոլոր տօնական օրերը կը նշուին շարականներու երգեցողութեամբ եւ Սուրբ Գիրքէն հատուածներու ընթերցումով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամ՝ հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը, 1990ին գրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց նուիրուած շարականները ու անոնց երաժշտութիւնը յօրինած։

ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ՝ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Զատկուան Կիրակիին կը յաջորդէ յիսուն օրուան շրջան մը (Յինունք)՝ Յարութենէն մինչեւ Հոգեգալուստ, որ նուիրուած է Յարութեան փառաբանման։ Յինունքի եօթը Կիրակիներէն իւրաքանչիւրը յատուկ անուն մը ունի։ Կիրակի, 5 Մայիս, Կանաչ Կիրակի է, որ նաեւ կը կոչուի Աշխարհամատրան Կիրակի, որովհետեւ կը նշուի առաջին քրիստոնէական եկեղեցւոյ հաստատումը Երուսաղէմի վերնատան մէջ, հոն ուր Քրիստոս հանդիպեցաւ Առաքեալներուն։ 
 
Կանաչ Կիրակին , ամենայն հաւանականութեամբ , իր ծագումը առած է գարնանային հինաւուրց տօնակատարութենէ մը։ Մեր նախահայրերը , տեսնելով մայր հողի ծաղկումը երկար ձմեռէն ետք , Արարիչը փառաբանած են գոհաբանութեան արարողութեամբ՝ կանաչութեամբ զարդարելով եկեղեցին ու իրենք զիրենք։ Բնութեան զարթօնքը կը խորհրդանշէ Յարութիւնը։ Կանաչը կեանքի , թարմութեան ու խոստումի գոյնն է։ Յարութիւնը մեզ կը պարուրէ յոյսով , կեանքով ու սիրով, յաջորդելով ձմրան։
 
Կանաչ Կիրակին լաւագոյն ժամանակն է , որ յիշենք եւ զօրացնենք մեր պարտաւորութիւնը իբրեւ երկրի բարի տնտեսներ ու Աստուծոյ պարգեւներու պահապաններ։
 
« Որք արժանաւորեցայք ի կոչումն փառաւորութեան Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ . եկայք ժողովուրդք երգեցէք տեառն երգ նոր . երգեցէք զանուն նորա ձայնիւ ցնծութեամբ յօրհնութիւն ի նոր։
Զօրացեալքս ի քեզ Քրիստոս ժողովուրդք հաւատացելոց , ճշմարիտ խոստովանութեամբ օրհնեմք զխորհուրդ աստուածային կենսաբեր տնօրէնութեան քո . փառաւորելով զահաւոր եւ զսքանչելի անուն քո , Տէր տէր մեծ ի վերայ ամենայն երկրի։
Ուրախ լեր եկեղեցի սուրբ հարսն երկնաւոր խորհրդոյն ի փառս ամենասուրբ երրորդութեանն . որ համագոյ իշխանութեամբն իւրոյ զարդարեաց ծագմամբ լուսոյ , պսակէ զքեզ ի պատիւ ամենայն սրբովք իւրովք » ։

( Ժողովուրդներ , դուք որ մեր Քրիստոս Աստուծոյ փառաւորութեան կոչին արժանացաք , եկէ՛ք Տիրոջ նոր երգ երգեցէք , անոր անունը ցնծութեան ձայնով նոր օրհնութեամբ երգեցէք։
Քրիստոս , քեզմով զօրացած հաւատացեալներու բազմութիւններս ճշմարիտ խոստովանութեամբ կ՚օրհնենք քու մարդեղութեանդ աստուածային կենսաբեր խորհուրդը , փառաւորելով ահաւոր եւ սքանչելի անունդ Տէ՛ր , մեծ տէր ամբողջ երկրի վրայ։
Սուրբ եկեղեցի՝ երկնաւոր խորհուրդին հարս , ուրախացիր փառաւորելով ամենասուրբ Երրորդութիւնը որ իր համագոյ իշխանութեամբ կը զարդարէ քեզ լոյսին ծագումով եւ կը պսակէ պատուելով իր բոլոր սուրբերով ) ։

ԱՂՕԹՔԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն, կը շարունակէ իր անգլերէն լեզուով դաստիարակչական առցանց շարքը՝ “Exploring Tools for Prayer” («Աղօթքի միջոցներու հետազօտութիւն»), քննելով Տէրունական Աղօթքը նախադասութիւն առ նախադասութիւն։ Առաջին հերթին քննարկելէ ետք «Հայր մեր» դիմումը, ընդգծելով Աստուծոյ իբրեւ Հայր դիմելու իմաստը, ան անդրադարձաւ առաջին խնդրանքին՝ «Սուրբ եղիցի անուն քո»։ Այս շաբաթ, Շանթ Աւագ Սարկաւագ կը խօսի երկրորդ խնդրանքին մասին՝ «Եկեսցէ արքայութիւն քո»։ Նախորդ շարքերը ունկնդրելու համար, սեղմեցէք այստեղ։

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ ԼՍԱՐԱՆԸ ԱՌՑԱՆՑ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Պսակաձեւ ժահրի՝ ներկայ համավարակի (pandemic) ստեղծած աննախադէպ տագնապին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանի «Տաթեւ» լսարանի աւանդական դասընթացքը, որ տեղի կ՚ունենայ Փենսիլվանիոյ մէջ, իր ձեւաչափը պիտի փոխէ եւ արհեստագիտութեան ընձեռած Zoomի միջոցով տեղի պիտի ունենայ:
 
Երկուշաբթի, 29 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս, ամէն առաւօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ, ժամը 11-12ին պիտի ունենանք խտացուած յայտագիր մը՝ ժամերգութեամբ, Աստուածաշունչ մատեանի ծանօթացումով, հայոց պատմութեամբ ու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ ներկայ հարցերու հաւաքական քննարկումով (panel discussion):
 
Ներկայ յայտարարութեամբ կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր Տաթեւացիներուն: Անոնք, որոնք կ՚ուզեն մասնակցիլ, շուտով պէտք է հարկ եղած ծանօթութիւնը՝ անուն, մականուն, բջիջային հեռաձայնի թիւ, ե-նամակի հասցէ, ուղարկեն Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին՝ skazanjian.sk@gmail.com հասցէին։ Հեռաձայն՝ (212) 689-7810:
 
Դիմում կրնան կատարել անցեալ տարուան եւ նորեկ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներու շրջանաւարտներ: Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին հետագային:

“SALT & LIGHT”Ի ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ԱՊԱԳԱՅ ՔԱՅԼԵՐ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Այս շաբաթ, “Salt & Light” երիտասարդական խումբերու համակարգողները եւ երիտասարդական առաքելութեան վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Անի Օվաննէսեան, Zoomի միջոցով հանդիպում մը ունեցան։ Ժողովին նպատակն էր կապ հաստատել եւ մեկուսացման այս օրերուն մեր պատանիներուն կարիքներուն հասնելու՝ անհրաժեշտ նիւթեր յարմարցնելով։ Թեմիս տարբեր ծուխերու մէջ գործող համակարգողները իրենց առաջին հանդիպումը ունեցան՝ առողջապահական այս արտակարգ վիճակի սկզբնաւորումէն ի վեր, եւ բաժնեկից եղան իրենց խումբերուն մարտահրաւէրներուն եւ յաջողութիւններուն։ Անոնք քննարկեցին զանազան գործնական միջոցներ՝ Աստուծոյ սէրն ու երիտասարդութեան հանդէպ մեր յանձնառութիւնը ցուցաբերելու համար։ Ժողովը քաջալերեց բոլոր մասնակիցները՝ աշխատանքը շարունակելու, այն գիտակցութեամբ, որ գործակիցներու լայն ցանցի մը զօրակցութիւնը կը վայելեն։ 

«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  

Այս շաբթուան նամակին հեղինակը՝ Աստղիկը, կը հովանաւորուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն համար։   

«Բարեւ ձեզ, սիրելի հովանաւոր, ,
 
Ես Աստղիկ .... եմ, 12 տարեկան, ծնուել եմ 2007 Դեկտեմբեր 13ին։

Յաճախում եմ Գիւմրու թիւ 25 հիմնական դպրոց։ Արդէն 6րդ դասարանում եմ։ Հարուածային եմ։ Առողջական խնդիրների պատճառով երկար պառկեցի հիւանդանոց ու դասերից յետ ընկայ։

Ես նաեւ յաճախում եմ Ն. Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոցի վոկալ ի 2րդ դասարան։

Դեկտեմբերի 2ին դասական վոկալ ի 1ին-4րդ դասարանցիների համերգը։ Ես նոյնպէս մասնակցում էի համերգին։ Դա իմ առաջին համերգն էր բեմի վրայ որպես ապագայ երգչուհի։ Առաջին անգամ բեմը բարձրացայ, շատ յուզուած էի, բայց շատ գեղեցիկ ելոյթ ունեցայ։ Աւելի յուզումնալից էր լսել հանդիսատեսի ծափողջոյնները։ Դա գնահատումն էր իմ կատարման։
   
Նաեւ յաճախում եմ մանրանկարչութեան, որտեղ պէտք է մասնակցեմ բելառուսական մրցոյթի։ Ես մէկ ու կէս տարի յաճախեցի պարի, բայց քանի որ դասերը շատացան ես հրաժարուեցի պարից։ Մայրս 32 տարեկան է, ուսանողուհի է, սովորում է ՇՊՀում [Շիրակի պետական համալսարան] ։ Եղբայրս շուտով կը դառնայ 6 տարեկան։
 
Ես եւ եղբայրս սիրում ենք միասին խաղալ Լեգօ, Լոտօ եւ շատ զարգացողական խաղեր։

Ես այս տարի Ձմեռ պապից ուզել եմ դաշնամուր կամ սինթեզ, քանի որ ես յաճախում եմ վոկալ ի մեզ շատ պէտք է։ Յետոյ ես ուզել եմ 2 “Lego Friend” եւ երկու կարեւորագոյն գրքեր, մէկը փոխադրութիւնների համար, միւսը թելադրութիւնների։

Շնորհակալութիւն մեզ հովանաւոր լինելու համար»։

ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՈՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ
Որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։     
 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել, սեղմեցէք այստեղ   արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, անչափահաս թէ չափահաս որբերու հովանաւորութեան համար, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԵՐԿԼԵԶՈՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՀԱՐՎԸՐՏ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ ԱՅԺՄ ՏԵՍԵՐԻԶՈՎ ԿԱՐԵԼԻ Է ԴԻՏԵԼ
Անցեալ Մարտ 5ին երկլեզուութեան մասին Հարվըրտ համալսարանի մէջ տեղի ունեցած հաւաքական քննարկումին տեսերիզը այժմ տրամադրելի է համացանցէն։ Քննարկումը միասնաբար հովանաւորուած էր Հայագիտական Ուսմանց եւ Հետազօտութեան Ազգային Ընկերակցութեան (NAASR)/«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ժամանակակից հայկական հարցերու մասին դասախօսութիւններու շարքին, Հարվըրտի Հայ Ուսանողական Ընկերակցութեան եւ Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանին կողմէ։ Քննարկողներն էին դոկտ. Լիզա Կիւլէսէրեան (Հարվըրտ համալսարան), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Ազգ. Առաջնորդարան) եւ դոկտ. Մարիա Լուիզա Փառա-Վելասքօ (Հարվըրտ համալսարան), իսկ համադրողը դոկտ. Աննա Օհանեանն էր (Սթոնհիլ համալսարան)։
 
Տեսերիզը, որ NAASRի կողմէ վերջերս բեռնուած (upload) է, կարելի է դիտել այստեղ՝ https://youtu.be/2TXw8CSHzho .
 
Յայտագիրը մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուցած էր եւ անոր յաջորդ բաժինը արդէն ծրագրումի փուլի մէջ էր, երբ պսակաձեւ ժահրի համավարակը հարուածեց իր ամբողջ ուժով։ Քննարկումին ընթացքին, նոյնպէս ցուցադրուած էին հատուածներ Ս. Ստեփանոս վարժարանի փաստագրական ժապաւէնէն՝ «Հայկական երկլեզուութիւն Ամերիկայի մէջ. լեզուի եւ ինքնութեան պահպանում»։ Վերջինս կարելի է դիտել այստեղ՝ https://youtu.be/a04TOB-Su2Q.

«ՎԵՐԱՊՐՈՂԻ ՄԸ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ»
ՍՈՒՐԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Սուրէն Փափազեան 14 տարեկան պատանի մըն էր, երբ Մեծ Եղեռնի հարուածեց Բալուի Հաւաւ գիւղը։ Ան իր ընտանիքի միակ վերապրողը եղաւ։ Յաջորդ տարիներուն, ծառայ մը եղաւ քրտական եւ թրքական տուներու մէջ, մինչեւ որ ի վերջոյ յաջողեցաւ ապաստան գտնել Խարբերդի որբանոցի մը մէջ։ Այնուհետեւ, գաղթեց Միացեալ Նահանգներ, ուր ամուսնացաւ, ընտանիք կազմեց եւ յաջող գործարար մը եղաւ։ Բայց երբեք չմոռցաւ իր ոդիսականը։ Առ ի ծանօթութիւն, Սուրէն Փափազեան քեռին էր թեմիս նախկին առաջնորդ՝ հոգելոյս Մեսրոպ Արք. Աշճեանին։ 
Այս գիրքը տրամադրելի է  Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք  books@armenianprelacy.org  հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
 (Ապրիլ 24, 1965)
1926ին սգոյ զանգակները վերջին անգամ հնչեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան (ՀՀԿ) Կեդր. Կոմիտէն այդ տարի որոշում առաւ՝ դադրեցնել Ապրիլ 24ի որեւէ յիշատակութիւն, հետեւելով 1925ի Դեկտեմբերին ստորագրուած թուրք-խորհրդային դաշինքին։

1920ական թուականներէն մինչեւ 1960ական թուականները, բացառելով քանի մը գրական գործեր, Մեծ Եղեռնի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մոռացութեան տարիներ պիտի ըլլային։ 1945-1947ին Կարսի ու Արտահանի վերադարձ պահանջը դնելէ ետք, 1953ին Խորհրդային Միութիւնը՝ Հայաստանի ու Վրաստանի անունով, պաշտօնապէս հրաժարած էր Թուրքիոյ հանդէպ որեւէ տարածքային պահանջէ։

Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի նախօրեակին, Սփիւռքի մէջ խմորուող ոգեկոչման ու Թուրքիոյ նկատմամբ գործօն պահանջատիրութեան անցնելու հրամայականի արձագանգը, ինչպէս եւ Նիկիտա Խրուշչեւի «ձիւնհալ»ի շրջանը, որուն անդրադարձը ուշացումով հասած էր Հայաստան, պատճառ պիտի դառնային պետական մակարդակով Երեւանի մէջ ոգեկոչելու 1915ի զոհերու յիշատակը։ Այս գործին մէջ մեծ դեր խաղացած է ՀՀԿ Կեդր. Կոմիտէի առաջին քարտուղար Եակով Զարոբեանը (1911-1980)։

1964 ին ՀՀԿ Կեդր. Կոմիտէին մէջ քանի մը խորհրդակցութիւն կազմակերպելէ ետք՝ ականաւոր պատմաբաններու եւ այլ մտաւորականներու մասնակցութեամբ, Զարոբեան հանդիպումներ ունեցած է խորհրդային բարձրագոյն աւագանիին հետ, ստանալով համաձայնութիւնը՝ ոգեկոչումը կազմակերպելու համար։ 

Գիրքերու եւ յօդուածներու հրատարակութեան, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումներու, հանդիպումներու կազմակերպութեան կողքին, Փետրուար 1965ին Կեդր. Կոմիտէն հաստատած է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կառուցման նախագիծը։ Մարտ 1965ին յայտարարուած էր ճարտարապետական մրցոյթ։

Ապրիլ 24- ի առաւօտեան Լենինի հրապարակը (ներկայիս՝ Հանրապետութեան հրապարակ) լեցուած է բազմահազար երիտասարդներով, որոնք անակնկալի բերած են իշխանութիւնները՝ չարտօնուած ցոյցի սկսելով։ Ի զուր անցած են ցրուելու կոչերը, որ կարգ մը մտաւորականներ ուղղած են ցուցարարներուն, ինչպէս եւ ոստիկանութեան փորձը՝ ցոյցը ցրուելու։ Այնուհետեւ, ցուցարարները քայլարշաւի սկսած են Երեւանի կեդրոնի փողոցներուն մէջ, հայրենասիրական կոչերով՝ «Մեր հողերը, մեր հողերը», եւ պաստառներով, որոնք կը պահանջէին հայկական բռնագրաւուած հողերու վերադարձը։ Իշխանութիւնները չեն հակադարձած խաղաղ ցոյցին։ Ցուցարարները ծաղկեպսակ զետեղած են Կոմիտաս վարդապետի գերեզմանին՝ պանթէոնի մէջ։ Անոնց թիւը, ըստ տարբեր աղբիւրներու, գնահատուած է 20.000ի եւ 100.000ի միջեւ։

Երեկոյեան, բազմաթիւ ցուցարարներ շարժած են դէպի Օփերա, ուր ոգեկոչական պաշտօնական նիստ մը տեղի պիտի ունենար՝ հրաւիրատոմսով։ Բռնի ուժով ներս մտնելու փորձը յանգած է անկարգութեան եւ ոստիկանութեան հակադարձելու փորձին։ Քանի մը երիտասարդներ յաջողած են ներս մտնել եւ պաշտօնական ձեռնարկը խանգարել ու ի վերջոյ՝ խափանել։

Ապրիլ 24ին, իշխանութիւնները թոյլատրած էին, որ Ս. Պատարագ մատուցուէր Ս. Էջմիածնի մէջ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուէր ի յիշատակ զոհերուն։ Հոկտեմբեր 1965ին տեղի ունեցած է Եղեռնի յուշարձանի պաշտօնական բացումը Ս. Էջմիածնի շրջափակին մէջ։

Ապրիլ 1965ի ցոյցին հետեւանքով, Փետրուար 1966ին խորհրդային նոր ղեկավարութիւնը, որուն գլուխը 1964ի վերջաւորութեան անցած էր Լէոնիդ Բրեժնեւը, պաշտօնանկ ըրած է Զարոբեանը, որ նոր պաշտօնով փոխադրուած է Մոսկուա, ինչպէս եւ կարգ մը կուսակցական ղեկավարներ։

1950ական թուականներու վերջերէն հետզհետէ բարձրացող ազգային ալիքը իր գագաթնակէտին հասնելով Ապրիլ 24ին, այնուհետեւ ազգային զարթօնքը տարբեր դրսեւորումներով արտայայտուեցաւ հետագայ տարիներուն։ Նոյեմբեր 1967ին տեղի ունեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին բացումը։

ՆԱՄԱԿՆԵՐ “CROSSROADS”ԻՆ
Չնայած այս փորձանաւոր ժամանակներուն, Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ ուղիղ հեռասփռումներն ու առօրեայ խորհրդածութիւնները խրախուսանքի մնայուն եւ շարունակական աղբիւր մը եղած են։ Գնահատելի է Անուշաւան Սրբազան Հօր եւ մեր բոլոր հոգեւորականներուն ուղեցոյցը։ Խորապէս շնորհակալ ենք։
Տոքթ. Ալթա Միքայէլեան

Խորապէս շնորհակալ ենք առօրեայ խորհրդածութիւններուն համար։ Հոգեպէս բարձրացնող են եւ շատ անհրաժեշտ, յատկապէս այս անհանգիստ օրերուն։

Թող Աստուած ձեզ բոլորդ առողջ ու ապահով պահէ։
Սառա Միքայէլեան
Ռէյսին (Ուիսքանսըն)

ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը Երեքշաբթի երեկոյ է։
 
Հաճոյքով կը հրատարակենք “Crossroads”ի խմբագրութեան ուղղուած ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները։
 
Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։
ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻ ՄԱՍԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾ
Պսակաձեւ ժահրին նուիրուած իր անգլերէն նոր յօդուածին մէջ, Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան կ՚անդրադառնայ այս համավարակին քրիստոնէական վաւերական տեսանկիւնէ մը։ Ընթերցելու համար, սեղմեցէք այստեղ ։
ԱՊՐԻԼ 24՝ ԿՈՉ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
24 Ապրիլ — Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակի ոգեկոչում Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Կը պատարագէ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան, հովիւ, եւ կը քարոզէ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Պատարագը ուղղակի պիտի սփռուի Դիմատետրի մեր էջէն եւ մեր կայքէջէն։
 
25 Ապրիլ «Սիամանթօ» լսարանի առցանց յաջորդ հանդիպումը, ժամը 10:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
 
13-16 Մայիս (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
 
17 Մայիս (ՋՆՋՈՒԱԾ) Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։
 
31 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
 
29 Յունիս—3 Յուլիս —Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագիր՝ ԱՌՑԱՆՑ։  
 
26-27 Սեպտեմբեր —  Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
17 Հոկտեմբեր Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ»ու կողմէ։
 
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/