Այս շաբթուան "Crossroads"ին համար, Ուայթինզվիլ, Մասաչուսեթսի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխականներէն` Գոհարիկ Առաքելեան կ՛ընթերցէ Ս․ Ներսէս Շնորհալիի
«Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի ութերորդ տունը։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԽՈՐԱՆԻ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐ
ԿԸ ՁԵՌՆԱԴՐԷ` ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ
|
|
Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ
․
Տ
․
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ կատարեց դպիրներու ձեռնադրութեան արարողութիւն
․
թեկնածուներն էին՝ Վարուժ Գոգուզեան, Տիգրան Գալայճեան, Ալեք Յովսէփեան, Ռաֆայէլ Թովմասեան, Կարէն Փափազեան, Սեւան Գարակէօզեան, Անդընի Օլմօ եւ Մասիս Յարութիւնեան։
Նոյն երեկոյեան Սրբազան Հայրը հովանաւորեց եկեղեցւոյ 76-ամեակի պաշտօնական ընթրիքը ու օրհնութեան վկայագիրերով պատուեց տիկին Արաքսի Պիպեռեանը, որ տարիներով եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան որպէս ատենապետուհի իր ծառայութիւնը բերած է
․
Տիկին Սիւզըն Չիթճեան Էրիքսընը, որ ըլլայ Տիկնանց Միութեան մէջ, ըլլայ որպէս հոգաբարձու եւ երեսփոխան, իր ամուսնոյն՝ Տէյվիտ Էրիքսընի հետ բարերարութեամբ նաեւ գաղութին բերած է իր անսակարկ նուիրումը
․
Յակոբ Սոլաքեանը, որպէս հոգաբարձու եւ երեսփոխան գաղութին անշահախնդիր ծառայութիւնը մատուցած է եւ Արփի Տէկիրմէնճեանը, որ Դանիէլ Վարուժան շաբաթօրեայ դպրոցին միջոցաւ իր բազմամեայ ծառայութիւնը ի սպաս դրած է գաղութէն ներս։
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, Ս
․
Պատարագի ընթացքին սարկաւագ ձեռնադրեց՝ Յարութիւն Կէնտիմեանը, Վարուժ Գոգուզեանը եւ Տիգրան Գալայճեանը։ Ապա Աւագ Սարկաւագութեան տիտղոսը շնորհեց Թովմաս Օհանեանին։ Ապա, Շահնազարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։
|
|
ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ ՕՐԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ
ԿԻԶԱԿԷՏԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
|
|
17 Նոյեմբերի Գոհաբանութեան Օրուան տոմսակներու եւ նուիրատուութիւններու ժամկէտը շատ մօտ է։ Վերջին վայրկեանին մի՛ սպասէք, որովհետեւ կ՚ակնկալուի, որ ճաշկերոյթին տոմսակները սպառին։
|
|
Ամէն տարի, «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ը շեշտը պիտի դնէ Ազգ. Առաջնորդարանի բազմակողմանի առաքելութեան մէկ երեսին վրայ։ Այս նոր աւանդութեան հիմքը պիտի դրուի Կիրակի, 17 Նոյեմբերին։ Որպէս օրուան սկիզբ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն), առաւօտեան ժամը 10:30ին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ՝ Terrace on the Parkի մէջ (Քուինզ, Նիւ Եորք)։ Հիւրասիրութիւնը պիտի սկսի ժամը 2:00ին, իսկ ճաշկերոյթն ու յայտագիրը՝ ժամը 3:00ին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ը յղացուած է «մեր ժողովուրդին, առանց բացառութեան, շնորհակալութիւն յայտնելու՝ Առաջնորդարանի հովանաւորած ծրագիրներուն՝ անոր բերած անսակարկ նուիրումին համար։ Հետեւաբար, ամէն տարի յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք տարբեր ծրագրի մը։ Առաջին ձեռնարկին որոշած ենք մեծարել հայրենիքի մէջ, Առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած «Մեծն Ներսէս» Բարեգործական ու Ընկերային Կազմակերպութեան բերած ծառայութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդին։ Թէեւ այս աշխատանքին արմատները կը հասնին մինչեւ 1988ի երկրաշարժը, բարեգործական գրասենեակին պաշտօնական հաստատումը տեղի ունեցաւ աւելի քան 25 տարի առաջ։ Արդարեւ, «Մեծն Ներսէս» պաշտօնապէս նշած է իր 25ամեակը։ Հետեւաբար, Նոյեմբեր 17ին պիտի նշենք անոր 25 + 1 տարեդարձը, այսինքն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ 26 տարուան սիրոյ գործը»։
Ձեր տեղերը պահելու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար,
սեղմեցէք այստեղ։
Եթէ կը նախընտրէք, կրնաք հեռաձայնել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակ (212-689-7810)։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ
|
|
Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ՝ Արժանապատիւ Տէր Նարեկ Քհն
․
Թրթռեանի, Տէր Մեսրոպ Քհն
․
Լագիսեանի, եւ Բարեշնորհ Շանթ Աւագ Սարկաւագի, մասնակցեցաւ միջ-եկեղեցական յատուկ արարողութեան մը, որ տեղի ունեցաւ Մարոնի համայնքի "Լիբանանի Աստուածամայր" մայր եկեղեցւոյ մէջ, Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր, 2019, երեկոյեան ժամը 7
․
30ին, Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Արարողութեան ներկայ էին Յոյն Ուղղափառ, Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու Առաջնորդներ, ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ՄԱԿ-ի դեսպան՝ մեծարգոյ Տիար Մէճտի Ռամատան։ Արարողութիւնը կազմակերպուած էր Christian Arab Middle Eastern Churches Together (CAMECT) Արեւելեան Եկեղեցիներու ընկերակցութեան կողմէ, որուն նախագահն է Թեմիս Առաջնորդը։
Հիւրընկալ Առաջնորդը՝ Կրէկըրի Եպիսկոպոս Մանսուր, բարի գալուստ մաղթեց ներկայ եկեղեցական եւ աշխարհական հիւրերուն, շեշտելով որ Միջին Արեւելքի մէջ Քրիստոնէութեան խորհրդանիշ երկիրը՝ Լիբանան, որեւէ ժամանակէ աւելի ներկայիս կը կարօտի սփիւռքացեալ իր ժողովուրդի աղօթքներուն։
Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հեռատեսիլին ընծայուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Անուշաւան Սրբազան յայտնեց որ Հայ համայնքը, ինչպէս միշտ, այսօր եւս զօրավիգ կը կանգնի Լիբանանի ամբողջականութեան եւ միութեան։ Ներկայ տագնապի տուն տուող պատճառներու առնչութեամբ ան մէջբերելով մեր Տիրոջ Յիսուոս Քրիստոսի խօսքը, թէ՝ "ես եկայ ո՛չ թէ ուրիշներու կողմէ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելու" (Մտ
․
20
․
28), շեշտեց այս պատգամին ամէականութիւնը , աւելցնելով թէ՝ եկեղեցական կամ աշխարհական ղեկավարներ երբ Տէրունական օրինակով ծառայութեան նախանձախնդրութեամբ հոգատրութիւն ցուցաբերեն իրենց վստահուած ժողովուրդին հանդէպ, Ժողովուրդը միշտ վստահութեամբ ու հպարտութեամբ կը հետեւի իր առաջնորդներուն, ի շինութիւն եւ հզօրացումն տուեալ հաւաքականութեան։
Յաւարտ արարողութեան տեղի ունեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 10 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Թ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ
8:49-57
Մինչ Յիսուս կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ եւ անոր ըսաւ.
–
Աղջիկդ մեռաւ, այլեւս մի՛ յոգնեցներ Վարդապետը:
Յիսուս ասիկա լսելով, ըսաւ ժողովրդապետին.
–
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի:
Երբ Յիսուս ժողովրդապետին տունը հասաւ, չձգեց որ ոեւէ մէկը ներս մտնէ՝ բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն, Յովհաննէսէն եւ աղջկան հօրմէն ու մօրմէն: Ներս գտնուողները բոլորն ալ կու լային ու կ’ողբային: Յիսուս ըսաւ անոնց.
–
Մի՛ լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ:
Անոնք զինք կը ծաղրէին, որովհետեւ գիտէին որ աղջիկը մեռած է: Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց, ապա բռնեց աղջկան ձեռքէն եւ բարձրաձայն ըսաւ.
–
Աղջի՛կս, ոտքի՛ ել:
Անմիջապէս անոր հոգին վերադարձաւ եւ ոտքի կանգնեցաւ: Ապա Յիսուս հրամայեց որ ուտելիք տան աղջկան, մինչ ծնողները ապշահար եղած էին: Յիսուս անոնց պատուիրեց որ պատահածին մասին ոեւէ մէկուն բան չըսեն:
ԹՈՒՂԹ ԵՓԵՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
5:15-33
Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք: Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս: Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են: Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ’ուզէ Տէրը ձեզմէ: Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով:
Քրիստոսի հանդէպ ձեր պատկառանքը արտայայտեցէք՝ իրարու հնազանդելով:
Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, իր մարմինին, որուն Փրկիչն է ինք: Հետեւաբար, ինչպէս եկեղեցին Քրիստոսի կը հնազանդի, այնպէս ալ կիները ամէն բանի մէջ իրենց ամուսիններուն թող հնազանդին:
Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ իր կեանքը տուաւ անոր համար, որպէսզի ջուրի լուացումով զայն մաքրէ եւ իր խօսքով սրբէ, այնպէս մը՝ որ եկեղեցին իրեն ներկայանայ ամբողջական փառքով, առանց ոեւէ արատի կամ խորշոմի կամ ուրիշ թերութեան, այլ՝ ըլլայ սուրբ եւ անարատ: Ճիշդ նոյն ձեւով, ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ’ըլլայ, եւ չկայ մէկը որ իր մարմինը անտեսէ. ամէն մարդ ալ կը սնուցանէ եւ կը խնամէ իր մարմինը, ինչպէս Քրիստոս կը սնուցանէ եւ կը խնամէ եկեղեցին՝ իր մարմինը, որուն անդամներն ենք բոլորս, անոր մարմինէն ու ոսկորներէն: Սուրբ գիրքին մէջ գրուած է. «Ահա այս պատճառով այրը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Աստուծոյ ծրագրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ըստ իս՝ Քրիստոսի եւ եկեղեցիին կը վերաբերի: Բայց նոյնը կը վերաբերի նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը:
ՃՇ․ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես
24:1-13
|
|
Ս
․
ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏՆԵՐ՝ ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՒ ԳԱԲՐԻԷԼ
|
|
Այս Շաբաթ օր` Նոյեմբերի 9-ին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Միքայէլ եւ Գաբրիէլ հրեշտակապետները: «Հրեշտակ» բառը կը նշանակէ՝ սուրհանդակ: Հրեշտակապետ տիտղողը կը տրուի երկնային նուիրապետութեան մէջ բարձր կարգի հրեշտակներուն: Միքայէլ եւ Գաբրիէլ միակ հրեշտակներն են, որոնք «հրեշտակապետ» տիտղոսը ստացած են:
Միքայէլ
(եբրայերէն կը նշանակէ «Ով որ Աստուծոյ պէս է») բոլոր հրեշտակներուն իշխանն է եւ երկնային զօրքերու առաջնորդը: Ան ընդհանրապէս կը համարուի քրիստոնեաներու պահապանը, եւ զինուորներունը՝ մասնաւորապէս, ինչպէս եւ ուղղափառ հաւատքի պահապանն ու հերձուածներու դէմ պաշտպանը:
Գաբրիէլ
(եբրայերէն կը նշանակէ «Աստուծոյ ոյժ») Աստուծոյ գլխաւոր սուրհանդակներէն մէկն է։ Ան Աստուծոյ պատգամաբերն էր Դանիէլին՝ անոր տեսիլքը (Դանիէլ 8:16-26) եւ մարգարէութիւնը բացատրելու համար (Դանիէլ 9:21-27)։
Ան կանխատեսած է Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդը եւ Քրիստոսի յառաջիկայ ծնունդը յայտարարող սուրհանդակը եղած է(Ղուկաս 1:11-21)։
«Մի՛ մոռնաք հիւրասէր ըլլալ, որովհետեւ այդպիսով ոմանք առանց գիտնալու հրեշտակներ հիւրասիրեցին» (Եբր 13։2)։
|
|
Այս շաբաթ նաեւ կը յիշատակուին՝
|
|
7 Նոյեմբեր
․
– Ս
․
Հայրապետներ՝ Մետրոփանոս, Աղեքսանդրոս, Պօղոս Խոստովանող եւ նօտարներ՝ Մարկիանոս եւ Մարտիրոն։
11 Նոյեմբեր
․
– Ս
․
Մելիտոս Անտիոքացի եւ Ս
․
Մինաս Եգիպտացի
12 Նոյեմբեր
․
– Ս
․
Դեմետրիոս
|
|
ՖԻԼՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցան «Եւա» ֆիլմին երեք առանձին ցուցադրութիւն՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ Ճան Փաշալեան սրահէն ներս, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ եւ Վեներա Ֆիլմի ընկերութեան: Առաջին ցուցադրութեան խօսք առին՝ Արժ․ Տ․ Մեսրոպ քհն․ Լագիսեան, տիկ. Նորա Արմանի եւ տիկ. Արփի Նազարեան-Կեթինկզ, ապա հարց-պատասխանի առիթ տրուեցաւ բեմադրիչ՝ տիկ. Անահիտ Ապատին հետ Skype-ի միջոցով, Հայաստան: Տաթեւ Եղիազարեանը եւ Խաժակ Զէյթլեանը երաժշտական կատարումով հանդէս եկան։
«Եւա» ֆիլմի բեմադրիչը՝ Անահիտ Ապատն է, իսկ գլխաւոր դերակատարը՝ Նարինէ Գրիգորեանը: «Եւա»ն դժբախտացած կին մըն է, որ իր դստեր հետ կը հեռանայ կեղծ մեղադրանքի պատճառով, ապահով ապաստան գտնելու համար՝ այլուր։
|
|
ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ (ՌԷՅՍԻՆ, ՈՒԻՍՔԱՆՍԸՆ)
ՍԵՄԻՆԱՐ ՄԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ
|
|
Շաբաթ, Նոյեմբեր 2-ին, Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Գրասենեակի Տնօրէն Բարեշնորհ Շանթ Աւագ Սարկաւագ, Ուիսքանսընի Ս
․
Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ վարեց 3 ժամուայ տեւողութեամբ սեմինար «Մկրտութիւն-Դրոշմ՝ մեր Քրիստոնէական կեանքի հիմքը»: Տէր Տարօն Քհն
․
Ստեփանեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հրաւէրն էր այս, որուն մասնակցեցան աւելի քան 25 ծխական:
Շանթ Աւագ Սարկաւագ քայլ առ քայլ յառաջացուց ներկաները Մկրտութեան-Դրոշմի հետքերով բացայայտելով ընդհանուր կառուցուածքը առանձնայատուկ մասերու, մեկնաբանելով աղօթքները, բացատրելով արարողութեան հարուստ խորհրդանիշներն ու պատկերները, մեկնաբանելով արարողութեան ընթացքին կարդացուած Սուրբ Գրային հատուածները։ Այս բոլորին միջոցով մասնակիցները ունեցան յստակատեսութիւն՝ թափանցելու Մկրտութեան իմաստին խորքը:
Դասախօսը ներկաները հաղորդակից դարձուց Աստուածաշնչական որոշ հիմնական յատկանիշներու՝ ինչպէս որ ներկայացուած է Սուրբ Գիրքին մէջ, ինչպէս՝ մեղքը եւ չարը մերժելը, մեր հաւատքն ու վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դնելը, Աստուծոյ որպէս զաւակ որդեգրուիլը, Աստուծոյ ընտանիքի լիիրաւ անդամ դառնալը, արդարացուած ըլլալը, վերէն ծնունդ առնելը, օծուիլ եւ դրոշմուիլ Սուրբ Հոգիով, Քրիստոսի պատկանիլը, մեր ինքնութիւնը գտնելը «Քրիստոսի մէջ», Քրիստոսի արեամբ ազատագրուած ըլլալը, եւ փրկութեան ճամբուն վրայ ըլլալը, պայմանաւ որ մինչեւ մեր վերջին շունչը ապրինք Աստուծոյ կամքին համաձայն, հետեւելով Սուրբ Գրքի հրահանգներուն եւ ուսմունքներուն։
|
|
ԱՒԱԳ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՇԱՆԹ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ
|
|
Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Գրասենեակի Տնօրէն՝ Բարեշնորհ Շանթ Աւագ Սարկաւագ իր նոր հրատարակուած «Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church» գրքին ներկայացումը պիտի կատարէ այս Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, յաւարտ Ս
․
Պատարագի։ 100 էջանի գիրքը, որուն թարգմանութիւնը գրաբարէ կատարած է Շանթ Ա
․
Սարկաւագ, կը մէկտեղէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԺԱՄԱԳԻՐՔէն աղօթքներ։
Աղօթագիրքի հրատարակութիւնը մեկենասեց՝ Տէր Ներսէս Հրատարակչական Հիմնադրամը՝ Երջանկայիշատակ Տ
․
Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Աշճեանի անմառ յիշատակին։
|
|
ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ «ՄՈՒՐԱՏ» ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 85ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ
|
|
Փրաւիտընսի համայնքը, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Շաբաթ, 26 Հոկտեմբերին, տօնեց «Մուրատ» ազգ. վարժարանի 85ամեակը։ Այս շաբաթօրեայ վարժարանը, իր բոլոր աջակիցներով, մեր լեզուի ու մշակոյթի պահպանման դերակատար մը եղած է համայնքին մէջ։
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գաբրիէլ քհն. Նազարեանի բացման աղօթքէն ետք, Ալիշա Ֆիլիփս երգեց ամերիկեան եւ հայկական օրհներգները։ Հանդիսավար Կարօ Թաշեան, որ յոբելինական յանձնախումբի ատենապետն էր ու դպրոցէն շրջանաւարտ, բարի գալուստ մաղթեց աւելի քան 250 հիւրերուն։ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Յակոբ Տօնոյեան շնորհաւորեց դպրոցին յոբելեանը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց՝ կրթական գործունէութեան մէջ։ ՀՕՄի Արեւելեան շրջանի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Ճոհաննա Չիլինկիրեան կազմակերպութեան շնորհաւորական ուղերձը կարդաց։
Դպրոցի Խնամակալ Մարմինի ատենապետ Յակոբ Խաչատուրեան, խօսք առնելով շեշտեց, որ «իւրաքանչիւր հայ բոց մըն է, իսկ եթէ կառչած չմնանք մեր պատմութեան, լեզուին, հաւատքին ու հայրենիքին, այդ բոցը պիտի մարի», խրախուսելով, որ բոլորը աշխատին այդ բոցը վառ պահել։
Այնուհետեւ, աշակերտները դպրոցի քայլերգը եւ «Ով եմ ես» երգը մեկնաբանեցին՝ երգի ուսուցիչ Րաֆֆի Ռշտունիի դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Շրջանաւարտներ՝ Թալին Տօնոյեան եւ Շանթ Եղեան կատարեցին «Տուն իմ հայրենի» զուգերգը՝ Ռոստոմ Մկրտչեանի կիթառի եւ Րաֆֆի Ռշտունիի դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, շրջանաւարտ ու ներկայ աշակերտներ հայկական պար կատարեցին՝ դպրոցի երկարամեայ պարի ուսուցչուհի Մարալ Խաչատուրեանի ղեկավարութեամբ։
Իր հովուական պատգամին մէջ, Տ. Գաբրիէլ յիշեց հանգուցեալ համատնօրէնուհի Ռոքսան Արզումանեանը, որ հանգստեան կոչուելէ ետք, իր տարիները նուիրեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ յատկապէս՝ «Մուրատ» վարժարանին։
Խնամակալ Մարմինի ատենադպրուհի եւ դպրոցի երկարամեայ ուսուցչուհի Մակի Նալպանտեան՝ դպրոցի ամբողջ ընտանիքին անունով Հրայր Բազէ Խաչերեանի գեղատիպ «100» հատորէն օրինակ մը նուիրեց Յակոբ Խաչատուրեանին՝ գնահատելով անոր տասնամեակներու անխոնջ ջանքերը իբրեւ Խնամակալ Մարմինի ատենապետ։
Խօսք առնելով Անուշաւան Արքեպիսկոպոս յայտնեց, թէ Ազգ. Առաջնորդարանը կը մեծարէ տասնամեակներով դպրոցին ծառայած ուսուցիչները յատուկ գնահատագիրներով։ Մեծարեալներն էին՝ Զեփիւռ Տօնոյեան, Մարալ Խաչատուրեան, Անժէլ Գոզինեան, Տիգրանուհի Մինասեան, Մակի Նալպանտեան, Զուարթ Թահմասեան եւ Մենար Դարբինեան
․
իսկ Գարոլ Մեսրոպեան գնահատուեցաւ իր աւելի քան 40 տարիներու ծառայութեամբ՝ իբրեւ Խնամակալ Մարմինի գանձապահուհի։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտարարեց նաեւ, թէ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ հայրապետական Օրհնութեան Գիր մը ղրկած էր ի գնահատում տիկ. Անահիտ Գիպարեանի տասնամեակներու նուիրումին՝ «Մուրատ» ազգ. վարժարանին։ Անուշաւան Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Փրաւիտընսի համայնքի եզակի բնոյթին, ինչպէս ցոյց կու տար այս տօնախմբութիւնը։ Ան հիացումով արտայայտուեցաւ յոբելինական գրքոյկին մէջ տեղ գտած աշակերտներու գրութիւններուն մասին, խրախուսելով համայնքին անդամները, որ ըլլան «
․․․
դպրոցի անունը կրողին՝ Սեբաստացի Մուրատի արժանի հետեւորդները»։
|
|
Ս
․
ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՄԸ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ
|
|
Էտի Հազարեանը, Ս
․
Սարգիս եկեղեցւոյ Սիւզըն եւ Յովսէփ Յակոբեան Շաբաթօրեայ վարժարանի 7րդ կարգէն է, ան ՀՕՄի կազմակերպած շարադրական մրցումին առաջին տեղը գրաւողն էր՝ 14 մասնակիցներու մէջ։
Դպրոցը շնորհաւորեց Էտին եւ իր ընտանիքն ու մեծ մայրը, որ զօրավիգ կանգնած ու քաջալերած էր զինք տարիներու ընթացքին։ Վարձքը կատար Էտիին ուսուցիչներուն։
|
|
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2ԻՆ
|
|
Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, Ազգ
․
Առաջնորդարանիս շէնքին մէջ կայացաւ Սիամանթօ Լսարանի ա
․
հանդիպումը։
Աշակերտները ծանօթացան Առաջնորդարանի առաքելութեան ու գրասենեակներուն տարած աշխատանքին։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ճամբորդութեան մէջ ըլլալուն՝ օդակայանէն skype-ի միջոցաւ ողջունեց պատանիները, բարի տարեշրջան մաղթեց ու բացման աղօթքը ըրաւ։ Տէր Նարեկ քհն
․
Թրթռեան պատանիներուն մատչելի ոճով անդրադարձաւ այս օրերուն տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան Ամերիկայի կողմէ ճանաչման։ Ճարտարարուեստի օժանդակութեամբ աշակերտները փոխադրուեցան Հայաստան, Էրեբունիի 2801րդ տարեդարձին առիթով, AVC-ի պատրաստութեամբ տեսաերիզով մը շրջեցան հին ու նոր Երեւանը ու մտան Էրեբունի թանգարան, ընթացքին Անի Տեկիրմենճեան հասկնալի ոճով կ՛ընէր բացատրականը վայրերուն եւ իրերուն։ Հանդիպումը փակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Էրեբունի-Երեւան քաղաքի համանուն երգով, որ 2004 թուին որոշուած է որպէս մայրաքաղաքի օրհներգը։
Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք հեռաձայնել Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակի տնօրէնուհի Մարի Կիւլիւմեանին՝ 212-689-7231 թիւին։ Ել-նամակ՝ ANEC@armenianprelacy.org
|
|
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՑԱՅ 7 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
Այս շաբթուան նամակը գրած է 11 տարեկան Անահիտը՝ Դրախտիկ գիւղէն, որուն կը հովանաւորէ Անեթ Հինքլը։
|
|
Բարեւ ձեզ։ Ես Անահիտ
․․․
ն եմ։ Ծնուել եմ 2008 թ
․
Մայիսի 25ին։ Ապրում եմ Գեղարքունիքի մարզի Դրախտիկ գիւղում։ Ես ապրում եմ՝ մայրիկիս եւ եղբօրս հետ։ Հայրիկս մահացել է երբ ես ընդամէնը 3 տարեկան էի։ Ես շատ եմ կարօտում հայրիկիս։ Մայրիկս ունի առողջական բազմաթիւ խնդիրներ։ Տունը որտեղ մենք ապրում ենք տրամադրել է համայնքապետարանը։
Առարկաներից սիրում եմ մաթեմատիկան եւ մայրենի լեզուն։ Սիրում եմ պարել ժողովրդական պար։ Եթէ ունենայինք ֆինանսական հնարաւորութիւն սիրով կը յաճախէի Ճամբարակի պարի խմբակ։ Երազանքս է հանդիպել երգչուհի Սիրուշոյին։ Ուզում եմ մայրիկս, եղբայրս եւ ես ապրենք առողջ եւ լինենք միշտ միասին։
|
|
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,
սեղմեցէք այստեղ
արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով
(sophie@armenianprelacy.org)
կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։
|
|
ԱՐՄԷՆ ԹԱԽՏԱՋԵԱՆ (մահ՝ 13 Նոյեմբեր, 2009)
|
|
Խորհրդահայ բուսաբան Արմէն Թախտաջեան 20րդ դարու երկրորդ կէսի ամենէն ազդեցիկ կարգաբաններէն (taxonomist) մէկը եղած է։ Բարձրակարգ բոյսերու դասակարգման «Թախտաջեան համակարգ»ը, որուն կը հետեւի, օրինակ՝ Մոնթրէալի բուսաբանական այգին, ստեղծուած է անոր կողմէ։
Թախտաջեան՝ երեք եղբայրներու աւագը, ծնած է Շուշի, 10 Յունիս 1910ին, մտաւորական ընտանիքի մէջ։ 1918ին, ընտանիքին հետ թաթարական ջարդերէն փախուստ տուած է դէպի հիւսիսային Հայաստան։ Մանկութեան ընթացքին, մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է բնական պատմութեան հանդէպ։ Կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի մէջ, ուր կրած է իր ուսուցիչներէն մէկուն՝ երկրագործութեան երբեմնի դասախօս եւ բուսանուններու բառարանի հեղինակ Ալեքսանդր Մակաեւի (Մակաշվիլի) ազդեցութիւնը։
1928ին երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք, Արմէն Թախտաջեան ճամբորդած է Լենինկրատ (այժմ՝ Սուրբ Փեթերպուրկ), ուր կամաւոր աշխատած է տեղւոյն համալսարանին մէջ եւ բուսաբան Վլատիմիր Կոմարովի դասախօսութիւններուն հետեւած։ 1929-1930ին սորված է Երեւանի պետական համալսարանի կենսաբանութեան ճիւղին մէջ, իսկ 1932ին աւարտած՝ Թիֆլիսի մերձարեւադարձային մշակումներու համամիութենական հիմնարկը։
1932-1935ին Թախտաջեան եղած է Հայաստանի բնապատմական թանգարանի գիտաշխատող, 1935-1943ին՝ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի հայկական մասնաճիւղի կենսաբանութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող։ 1936ին սկսած է դասաւանդել Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, իսկ 1938-1948ին` ԵՊՀ ձեւաբանութեան եւ կարգաբանութեան ամպիոնի վարիչ նշանակուած։ 1944-1948ին Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի բուսաբանութեան հիմնարկի տնօրէն հանդիսանալէ ետք, 1949ին անցած է Լենինկրատ, ուր 1949-1961ին պետական համալսարանի բարձրակարգ բոյսերու ամպիոնի վարիչ եղած է։ Այնուհետեւ իր գիտական ու դաստիարակչական գործունէութիւնը շարունակած է նոյն համալսարանին մէջ։
1943ին Թախտաջեանը պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւն, իսկ տարի մը ետք ստացած՝ փրոֆեսորի կոչում։ 1945ին ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ, 1971ին՝ ակադեմիկոս, 1966ին՝ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ, իսկ 1972ին՝ ակադեմիկոս։
1940ական թուականներուն, Թախտաջեան զարգացուցած է բարձրակարգ բոյսերու դասակարգման իր սկզբունքները։ Տարիներով, անոր գործը ենթարկուած է պաշտօնական սեղմումներու, որովհետեւ ան դէմ եղած է Թրոֆիմ Լիսենկոյի՝ ծինագիտութեան հիմնարկի ազդեցիկ տնօրէնի (1940-1965) առաջադրած պատմական գիծին, որ կ՚անտեսէր Կրեկոր Մենտէլի գիտականօրին հիմնաւորուած ծինագիտութիւնը՝ միջավայրէն ձեռք բերուած ժառանգականութեան հակագիտական գաղափարներու ի նպաստ։ Թախտաջեանի համակարգը արեւմտեան բուսաբաններուն միայն ծանօթ դարձած է 1950էն ետք։
Ան գլխաւորաբար ծանօթ է բարձրակարգ բոյսերու ծագման եւ հնէաբուսաբանութեան նուիրուած գործերով։ Աշխատած է «Հայաստանի բուսաբանութիւն» (հատոր 1-6, 1954-73, ռուսերէն) եւ «Խորհրդային Միութեան բրածոյ բարձրակարգ բոյսեր» (հ. 1, 1974, նոյնպէս ռուսերէն) գործերուն վրայ։ Անոր գործերէն մէկ քանին թարգմանուած են գերմաներէնի եւ անգլերէնի։
Թախտաջեան Միացեալ Նահանգներու Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ եւ Ֆինլանտիոյ Գիտութեան եւ Գրականութեան Ակադեմիայի անդամ (1971), ինչպէս նաեւ՝ Խորհրդային Միութեան Բուսաբանական Ընկերութեան (1973) եւ Բոյսերու Կարգաբանութեան Միջազգային Ընկերակութեան (1975) անդամ։ 1993ին աշխատած է Նիւ Եորքի բուսաբանական այգիին մէջ։
Այս նշանաւոր գիտնականը իր մահկանացուն կնքած է 99 տարեկան հասակին, 13 Նոյեմբեր 2009ին, Ս. Փեթերպուրկի մէջ, երբ նոր աւարտած էր իր ամենէն կարեւոր գործը՝ “Flowering Plants”, որ նոյն տարին հրատարակուած է Նիւ Եորքի մէջ։
|
|
Այս լուսանկարը կը պատկանի 1963ի Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, Լիբանան, այն ժողովը, որ ընտրեց Խորէն Ա
․
որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ յաջորդելու՝ Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա
․
Կաթողիկոսը։ Նկարին մէջ Հիւսիսային Ամերիկայի երեսփոխաններն են․ Վեհափառ Հայրապետի Կաթողիկոսական ձեռնադրութեան կնքահայրներն էին՝ Ճորճ Մարտիկեան (Գալիֆորնիա), Եղիշէ Մելիքեան (Ֆիլատելֆիա) եւ Խաչիկ Պապիկեան (Լիբանան)։
Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Երեսփոխանները ձախէն աջ՝ Եղիա Քիմաթեան, Լեւոն Թիւֆէնքճեան, Եղիշէ Մելիքեան, Տէր Արսէն Քհն
․
Յակոբեան, Արքեպիսկոպոս Հրանդ Խաչատուրեան, Լիբանանի Ամերիկեան հիւպատոսը, Ճորճ Մարտիկեան, Միհրան Կիւզէլեան, Եդուարդ Սահակեան, Տքթ
․
Լեւոն Տաղլեան, Յովակ Յակոբեան, Յակոբ Պաստրմաճեան։
|
|
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ «ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐՈՒ ՕՐ» է
|
|
Այս Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12-ին, «Վեթերաններու Օր»ը պետական տօն է, (նախապէս ճանչցուած էր որպէս՝ Զինադադարի Օր), որը աւարտ դրաւ Մեծ Պատերազմին (յետագային՝ Առաջին Աշխարհամարտ անուանուած):
|
|
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
|
|
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք
crossroads@armenianprelacy.org
հասցէին պէտք է յղուին։
“Crossroads”ին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
|
|
9-10 Նոյեմբեր
—Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։
10 Նոյեմբեր
—Գոհաբանութեան Օրուան ճաշկերոյթ, կազմակերպութեամբ՝ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին կողմէ (Նիւ Եորք), ի նպաստ՝ Արցախի Մեծ Թաղերի ՀՕՄի մանկապարտէզին։ Byblos ճաշարան, 80 Madison Avenue, New York City, կէսօրէ ետք ժամը 2:00էն մինչեւ 5:30։ Տեղեկութիւններու համար՝ Մինա (917-741-2966) եւ Անայիս (917-225-4326)։
15 Նոյեմբեր
— Հայկական գինիի, քոնիաքի եւ ճաշի համտեսում, կազմակերպութեամբ Ս
․
Լուսաւորի Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ, Նիւ Եորք, Ուրբաթ՝ կ
․
ե
․
7էն 10։00։ Այս առիթով նաեւ կրնաք ձեռք ձգել նաեւ գալիք տօներու յատուկ զարդեր։ Մուտքը՝ $25.00։
16 Նոյեմբեր
—Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի 35ամեակի տօնակատարութիւն, թեմիս առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ, Westin Waltham պանդոկին մէջ։ Ընդունելութիւն՝ երեկոյեան ժամը 6:30ին, ընթրիք եւ յայտագիր՝ ժամը 7:30ին։ Տոմսերու առցանց ապահովում՝
https://mkt.com/ssaes
։
16 Նոյեմբեր
—Նիւ Ինկլընտի սարկաւագներու շրջանային սեմինար (Holy Trinity Church, 635 Grove Street, Worcester, Massachusetts) առաւօտեան ժամը 9:00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, Արեւելեան թեմի շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող բոլոր սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն համար։
17 Նոյեմբեր
—Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Պիտի մեծարուի Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 26 տարուան աշխատանքը Հայաստանի ու Արցախի մէջ։
23 Նոյեմբեր
—
Գոհաբանութեան Օրուան ընթրիք, կազմակերպութեամբ Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի, կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Տեղեկութիւններու/տեղ պահելու համար՝ 508-234-3677։
24 Նոյեմբեր
—
Գոհաբանութեան Օրուան ճաշ, կազմակերպութեամբ Ս
․
Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին, Կիրակի, ժամը 1։00ին, Ճան Բաշալեան սրահէն ներս։ Սակ՝
$30 (12 տարեկանէն վար՝ անվճար), կը ներառնէ՝ ճաշ, գինի եւ ոչ-ալքոլային խմիչքներ։ Տեղի պիտի ունենայ նաեւ երաժշտական յայտագիր եւ վիճակահանութիւն։
5 Դեկտեմբեր-
«Կոմիտաս-150» գիրքի ներկայացում, հրատարակութիւն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
7 Դեկտեմբեր—
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս) տարեկան պազար (Pleasant Street Christian Reform Church Hall, 25 Cross Street, Whitinsville), առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30։ Ընթրիքը պիտի սպասարկուի ժամը 11:30ին։
7 Դեկտեմբեր—
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ ԼՍԱՐԱՆ»ի յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Առաջնորդարանի շէնքին մէջ, առաւօտեան ժամը 10։00էն 12։30։
Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք հեռաձայնել Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակի տնօրէնուհի Մարի Կիւլիւմեանին՝ 212-689-7231 թիւին։ Ել-նամակ՝ ANEC@armenianprelacy.org
14 Դեկտեմբեր—
Club 27
. Օննիկ Տինքճեան, Ռաֆֆի Մասոյեան, Սթիւ Ոսպիկեան, Ճիմ Գզիրեան եւ Արա Տինքճեան, Ճան Բաշալեան սրահէն ներս, Ս
․
Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցի, Նիւ Եորք։ Մուտք՝
$25.00։
19 Դեկտեմբեր—
Մայքլ Փափազեանի “The Doctor of Mercy: The Sacred Treasures of St. Gregory of Narek” գիրքի (The Liturgical Press) նոր հրատարակութիւն։ Ներկայացումը տեղի կ՚ունենայ երեկոյեան ժամը 7:00ին Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ (138 E. 39th Street, New York City), հեղինակի ներկայութեամբ։
22 Դեկտեմբեր
—Ծննդեան Երգահանդէս, Կիրակի, ժամը 2։00ին, կազմակերպութեամբ՝ Ս
․
Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ, Նիւ Եորք, կատարողութեամբ՝ Անահիտ Զաքարեանի, Անահիտ Պօղոսեանի եւ Անահիտ Ինծիկուլեանի։
31 Դեկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։
15 Մարտ, 2020
— Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։
28 Մարտ, 2020
—“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։
13-16 Մայիս, 2020
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|