29 Օգոստոս, 2019
Ս. ԵՐԵՄԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷ
Ըստ մեր տօնացոյցին, այսօր Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Երեմիայի տօնը։ Երեմիա՝ Աստուածաշունչի մեծագոյն մարգարէներէն մէկը, իր կոչումը ստացած է հրեայ ժողովուրդի հոգեւոր վերանորոգման մէկ շրջանին։ Սակայն, Յուսիա թագաւորի մահը եւ անոր յաջորդներուն տկար քաղաքականութիւնը պատճառ դարձան Երուսաղէմի գրաւումին եւ հրեայ ազգի աքսորին։ Այս պատմութիւնը նկարագրուած է «Մարգարէութիւն Երեմիայի» եւ «Ողբք Երեմիայի» գիրքերուն մէջ։ Երեմիայի խօսքերը, թէեւ ցաւով լեցուն (Երեմիա ծանօթ է «լացող մարգարէ» անունով), աստուածահաճոյ եւ յուսատու են, դառնալով ժամանակը զանցող դաս մը բոլորիս համար։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Հ.Ե.Դ.Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Շիքակոյի շրջանը։ Կիրակի, 2 Սեպտեմբերին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի պատարագէ ու քարոզէ Կլենվիւի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ։ Այնուհետեւ, բացումը պիտի կատարէ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 86րդ տարեկան ողիմպիականներուն, որոնք այս տարի կը կազմակերպուին Հ.Ե.Դ.ի Շիքակոյի մասնաճիւղին կողմէ։ Տասնամեակներու աւանդութեան հետեւելով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ո՛չ միայն պիտի նախագահէ խաղերու պաշտօնական բացման, այլ նաեւ պիտի հանդիպի Հ.Ե.Դ.ի ներկայ եւ նախկին անդամներու՝ ամերիկահայ համայնքի ամենէն սիրուած ու բազմամարդ ձեռնարկներէն մէկուն ընթացքին։
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ Կ՚ԱՒԱՐՏԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական խտացեալ դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտեցաւ։ Դասընթացքին մասնակցեցան Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու ուսանողներ եւ երիտասարդ համալսարանաւարտներ։ Ծրագիրը կը ներառնէր դասախօսութիւններ, կրօնական արարողութիւններ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումներ, կլոր սեղաններ եւ տեսարժան վայրերու այցելութիւններ։

Արեւելեան թեմի տարբեր ծուխերէ մասնակցող 13 երիտասարդներն էին՝ Շանթ Եղեան , Թալին Տօնոյեան , Անահիտ Տօնոյեան , Լոռի Սիմոնեան , Միշէլ Գոլանճելօ , Անուշ Քրաֆեան , Անի Չօպանեան , Իզապէլ Յակոբեան , Ճուլիէթ Յակոբեան, Մարի Պիճիմենեան, Վրէժ Տաուլի , Քնար Թոփուզեան եւ Վիոլէթ Տէկիրմէնճեան:

Յառաջիկայ շաբաթներուն, Արեւելեան թեմի մասնակիցներուն տպաւորութիւնները պիտի ներկայացնենք։ Ստորեւ կու տանք Ճուլիէթ Յակոբեանի գրութենէն հատուածներ.
«Կ՚ուզեմ խորին գնահատանքս եւ շնորհակալութիւն յայտնել այս առիթին համար՝ այսպիսի ծրագրի մը մասնակցելու, որ բազմաթիւ ձեւերով իմ տեսակէտներս ընդլայնած է։ Կրնամ սրտանց ըսել, թէ այս փորձառութիւնը զիս բարեփոխած է՝ հոգեւոր, կրօնական եւ մշակութային իմաստներով։ Ո՛չ միայն առիթը ունեցայ յարգարժան հոգեւորականներու հանդիպելու, այլեւ կարողացայ առօրեայ կերպով անոնց հետ յարաբերիլ՝ միւս մասնակիցներուն կողքին։ Ամէն օր արթնցայ՝ գրաւիչ դասախօսութիւններուն յաճախելու եւ մասնակցութիւնս բերելու պատրաստ, ինչպէս եւ կապեր հաստատելու արեւելեան, արեւմտեան ափերու եւ Գանատայի մասնակիցներուն հետ։ Ընդհանրապէս երկու շաբաթ վանքը ապրելու կարելիութիւնը անզուգական է։

Ինչ կը վերաբերի դասախօսութիւններուն, շատ սիրեցի, որ կարողացանք լսել Հայր Սուրբերուն, ինչպէս եւ շարք մը յարգուած դասախօսներու։ Բոլոր խօսողները խորութեամբ անդրադարձան այնպիսի նիւթերու, ինչպէս՝ պատմութիւն, ազգային ինքնութիւն, միջավայր, երաժշտութիւն, եւ այլն։ (…)

Գալով շրջապտոյտներուն, Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասին մէջ խորասուզումը շատ սիրեցի։ Առանձնայտուկ բան մըն էր լսել, որ գրեթէ ամէն մարդ հայերէն կը խօսէր ու ամէն տեղ։ (…)։ Ամենաշատ սիրածս Ս. Աստուածածնի տօնի ուխտագնացութիւնն էր։ Գեղեցիկ փորձառութիւն մըն էր, որ միշտ պիտի արձագանգէ իմ մէջ։ Խաղաղ երաժշտութենէն մինչեւ ջահեր ու մոմեր կրելը, ինչպէս եւ բազմաթիւ հայերու հետ քալելը, ո՛չ մէկ բանի հետ կը փոխէի։ Երբ Պիքֆայա հասանք, առաջին բացօթեայ եկեղեցական արարողութեան փորձառութիւնը ունեցայ՝ բացօթեայ խորանին առջեւ, ինչպէս եւ լսելու Արամ Ա. Վեհափառի քարոզը։

Ո՛չ միայն առիթը ունեցանք Նորին Սրբութեան հետ ճաշելու՝ առաջին օրը, այլեւ լսելու ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթի ու լեզուի հետ կապին մասին անոր քննարկումը։ Վեհափառը խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս Եկեղեցին սրբազան ընտանիք մըն է եւ թէ ինչպէ՛ս իր սեփական առաքելութիւնը ունի։ Ըսաւ նաեւ, թէ Եկեղեցին պէտք է ժամանակակից ընկերային հարցերու հետ կապ պահէ։ Մշտապէս շեշտեց, որ մեր սորվածը պէտք է տանինք ու բաժնեկցինք մեր համայնքին հետ»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԳՕՏԻԻ ԳԻՒՏԻՆ ՏՕՆԸ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 4:35-41
Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք:

Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր: Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային: Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը: Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար: Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին.
Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք:
Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.
Դադրէ՛,- եւ լիճին ըսաւ.- Հանդարտէ՛:
Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց: Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք:

Բ. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-12
Ես՝ Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը, կը գրենք ձեզի՝ Կորընթոսի մէջ հաստատուած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ ամբողջ Աքայիայի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուդ: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:

Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ հայրաբար կը գթայ եւ որպէս Աստուած կը մխիթարէ ու կը զօրացնէ մեզ՝ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի մենք կարենանք Աստուծմէ մեր վայելած օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը տալ անոնց՝ որոնք ամէն տեսակի նեղու­թեանց մէջ են: Որովհետեւ, որքան շատ բաժնեկից կ’ըլլանք Քրիստոսի չար­չարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի: Մենք նեղութեանց կ’ենթարկուինք՝ ձեզի օգնելու եւ Աստուծոյ փրկու­թիւնը ձեզի բերելու համար. եւ եթէ Աստուած կ’օգնէ մեզի՝ կրկին ձեզի օգնե­լու համար է, որպէսզի մեր օրինակով սորվիք, թէ Աստուած ձեզ ալ պիտի զօրացնէ՝ որ համբերութեամբ կարենաք տանիլ այն չարչարանքները, որ մենք հիմա կը կրենք: Ուստի ձեր վրայ հաստատուն յոյս ունինք, գիտնալով որ՝ քանի մեր չարչարանքներուն մասնակից էք, մեր ունեցած մխիթարութեան ալ մասնակից պիտի ըլլաք:

Եղբայրնե՛ր, կ’ուզեմ որ գիտնաք՝ թէ ի՜նչ նեղութիւն կրեցինք Ասիա նահանգին մէջ: Մեր կարողութենէն ա՛յնքան վեր էր բեռը, որ գրեթէ ապրելու յոյսը կորսնցուցինք: Զգացինք որ մահուան վճիռը կախուած է մեր վրայ: Բայց ատիկա եղաւ, որպէսզի սորվինք մենք մեզի չապաւինիլ, այլ՝ Աստուծոյ, որ կը յարուցանէ մեռելները: Ա՛ն էր որ այդպիսի ահաւոր մահուընէ մը փրկեց մեզ, կը փրկէ, եւ վստահ ենք որ յառաջիկային եւս պիտի փրկէ՝ մեզի համար ձեր կատարած աղօթքներուն օգնութեամբ: Եւ ձեր աղօթքները, որոնց շնորհիւ Աստուած իր հովանին անպակաս պիտի ընէ մեր վրայէն, պատճառ պիտի ըլլան որ շատեր մեզի համար գոհութիւն տան Աստուծոյ:

Պարծանքով կրնամ ըսել, եւ խիղճս ալ կը վկայէ, որ բոլորին հանդէպ ու մանաւանդ ձեզի հանդէպ եղած եմ պարզ ու անկեղծ, ինչպէս Աստուած կը կամենայ. ո՛չ թէ մարդկային իմաստութենէ մղուած, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքովը:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 9:8-19
ՏՕՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԳՕՏԻԻ ԳԻՒՏԻՆ
Աստուածամօր պատկանող իրերու գիւտին առթած ուրախութիւնը միայն կարելի է երեւակայել։ Այս Կիրակի, Սեպտեմբեր 1, Վերափոխման յաջորդող երկրորդ Կիրակին, Ս. Աստուածածնի գօտիի գիւտին տօնն է։ Տրուած ըլլալով, որ Աստուածամայրը երկինք փոխադրուած ըլլալով, երկրային մարմինէն նշխարներ գոյութիւն չունէին, անոր անձնական իրերը պաշտամունքի առարկայ դարձան։ Վաղ Եկեղեցւոյ շրջանին, երբ քրիստոնեաները հալածանքի ենթարկուած էին, անոր իրերը թաքուն ու գաղտնի պահպանուեցան։ Անոր գօտին առաջին յայտնաբերուած առարկան եղաւ Երուսաղէմի մէջ՝ 5րդ դարուն։ Այս գիւտը Ս. Աստուածածնին նուիրուած ութը տօներէն մէկն է մեր տօնացոյցին մէջ։
ԵԶԵԿԻԷԼ, ԵԶՐԱՍ ԵՒ ԶԱՔԱՐԻԱ ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐԸ 
Երեքշաբթի, 3 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Եզեկիէլ, Եզրաս եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի հայր Զաքարիա սուրբ մարգարէները։ Եզեկիէլ մարգարէացած է շուրջ 28 տարի։ Եզեկիէլի գիրքը, որ բաղկացած է 48 գլուխներէ, երրորդ տեղը կը գրաւէ մեծ մարգարէութիւններու շարքին։ Օժտուած է հարուստ պատկերներով, մարգարէական տեսիլքներով եւ այլաբանութիւններով։ Եզրասը գիտուն եւ բարեպաշտ քահանայ մըն էր Բաբելոնի մէջ։ Եզրասի գիրքը կը նկարագրէ դէպի Սիոն վերադարձը՝ բաբելոնեան կալանքէն ետք։ Զաքարիա՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի հայրը, ամուսնացած էր Եղիսաբէթի հետ, իսկ Յովհաննէս ծնած է անոնց ծերութեան շրջանին։ Հրեշտակ մը Զաքարիային հաղորդած է որդիի մը Տիրոջ խոստումը։ 
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՒ ՅՈԲ ԵՐԱՆԵԼԻ
Հինգշաբթի, 5 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս. Յովհաննէս Կարապետը եւ Յոբը։ Ս. Յովհաննէս Կարապետը, որ նաեւ ծանօթ է Յովհաննէս Մկրտիչ անունով, Աւետարաններու կարեւոր դէմք է։ Ծանօթ է իբր Մեսիայի կարապետը։ Որպէս ճգնաւոր ապրած է Յուդայի երկրի անապատին մէջ։ Երեսուն տարեկանին սկսած է ժամանակի չարիքներուն դէմ քարոզել եւ կոչ ուղղած է ապաշխարութեան ու մկրտութեան, որովհետեւ «երկնային թագաւորութիւնը մօտ է»։

Յոբը բարի եւ ուղղամիտ անձ մըն է, որ կը դիմագրաւէ իրերայաջորդ աղէտներ։ «Յոբի համբերութիւն» խօսքը մեր լեզուն մտած է իբր պատկերաւոր խօսք։ Յոբի գիրքը Աստուածաշունչի հինգ «բանաստեղծական գիրք»երէն մէկն է։ Գլխաւոր նիւթը տառապանքի խորհուրդն է։ Ի վերջոյ, Յոբ կը վարձատուի, որովհետեւ «Տէրը օրհնեց Յոբի վերջին օրերը աւելի քան առաջինները» եւ «այսուհետեւ, Յոբ ապրեցաւ հարիւր քառասունչորս տարի, եւ տեսաւ իր զաւակները, եւ իր զաւակներուն զաւակները՝ չորս սերունդ։ Եւ Յոբ մեռաւ՝ ծերացած եւ օրերը լեցուած» (Յոբ, գլուխ 42)։

Այս շաբաթ կը յիշուին նաեւ հետեւեալ սուրբերը
Շաբաթ, 31 Օգոստոս՝ Սուրբ Առաքեալներ Թովմա, Յակոբ եւ Շմաւոն։
Երկուշաբթի, 2 Սեպտեմբեր՝ Սուրբ Ստեփանոս Ուլնեցի եւ վկաներ՝ Գոհարինոս, Ռատիկոս, Ծամիդոս եւ Տուքիկոս։

ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Նամակներէն նմոյշներ ներկայացնելով, անոնց անունները միայն կը յիշենք՝ ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Այս շաբթուան նամակը գրուած է ութը տարեկան Ալեքսին կողմէ, որ տակաւին հովանաւոր չունի, բայց առժամաբար օժանդակութիւն կը ստանայ Առաջնորդարանի «Փօլա Հարթ» հիմնադրամին միջոցով։ 


Բարեւագիր
Բարեւ իմ անծանօթ բարեկամ։

Ես Ալեքսն եմ, ապրում եմ Երեւանում, 8 տարեկան եմ, սովորում եմ 3-րդ դասարանում։ Ապրում եմ մայրիկիս եւ եղբօրս հետ։ Շատ եմ ուզում ծանօթանալ ձեր հետ։

Բարեւներ մեր քաղաք Երեւանից
                                                                                   
Ալեքս 
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք որբ մը հովանաւորել, հաճեցէք կապուիլ Առաջնորդարանին հետ։ Կրնաք Սոֆիին դիմել ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։  

ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ “ARMENIAN LANGUAGE MATTERS”
Տարիներու ընթացքին, մեր ընթերցողները վայելած են այն անգլերէն սիւնակները (վերջին շուրջ մէկ տարուան ընթացքին՝ նաեւ հայերէն տարբերակով), որոնք Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ կը հրատարակուին “Crossroads”ի մէջ։ Այդ սիւնակներուն հեղինակը՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ վերջերս ստանձնած է Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետութիւնը՝ Ուս. Խորհուրդի գործավարութիւնը երկար ժամանակ վարելէ ետք, վերջերս խմբած ու հրատարակած է լեզուական սիւնակներէն ընտրանի մը՝ “Armenian Language Matters” խորագրով։ Անգլերէն հրատարակութիւնը կատարուած է մեկենասութեամբ Շիքակոյէն տոքթ. եւ տիկ. Արամ եւ Սեդա Սէմէրճեաններու ։

Թղթակազմ հատորիկը կը ներառէ 51 յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են Մայիս 2013-Յուլիս 2018 ժամանակաշրջաին եւ կ՚անդրադառնան հայերէնի քերականութեան եւ բառապաշարի հարցերու։ Նախաբանին մէջ, հեղինակը կը գրէ. «Յօդուածները գրուած են ի մտի ունենալով սովորական ընթերցողը, ինչպէս եւ երկու նպատակներ. հայոց լեզուի հարցերով զբաղիլ, փորձելով ուղղակի եւ յստակ պատասխաններ տալ յաճախ կատարուող հարցումներու, եւ ցոյց տալ, որ հայերէնը… կարեւորութիւն ունի»։

Դոկտ. Մատթէոսեան դիտել տուած է, որ լեզուական սիւնակներուն նիւթ դարձած ու հայերէն բառերու ստուգաբանութեան նուիրուած յօդուածները ապագային նմանօրինակ հատորի մը նիւթ պիտի ըլլան։ Սոյն հատորը, որ կրնայ նոյնպէս օգտակար ըլլալ հայախօս ընթերցողին, կարելի է ապահովել Առաջնորդարանիս գրախանութէն՝ Ռիթային դիմելով ելեկտրոնային նամակով ( books@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
ՌՈԲԵՐՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆՑ ( ծնունդ՝ 30 Օգոստոս, 1950 )
Խորհրդային եւ յետ-խորհրդային ժամանակներուն, Ռոբերտ Սահակեանց հայկական բազմանկարներու (animation film) աստղերէն մէկը եղած է։

Ծնած է Պաքու (Ատրպէյճան), 30 Օգոստոս, 1950ին, եւ 1964ին Երեւան փոխադրուած՝ ընտանիքին հետ։ Միջնակարգը աւարտելէ ետք, մտած է Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական ինստիտուտը (այժմ՝ համալսարան)։ 1970ին սկսած է աշխատիլ «Հայֆիլմ» աշխատանոցին մէջ՝ իբր նկարիչ ու բազմանկարիչ։ Երկու տարի ետք, բեմադրած է իր առաջին ժապաւէնը՝ «Լիլիթ»ը։ Այդ ժամանակ, ինստիտուտէն հեռացուած է՝ դասերուն բաւարար չափով չյաճախելուն համար։ Հինգերորդ բազմանկարը՝ «Աղուէսագիրք»ը, որուն բեմագիրը գրած է՝ Վարդան Այգեկցիի ու Մխիթար Գօշի առակներուն հիմամբ, որ առաջին խորհրդային ռոք-օփերան եղած է։ Իր բեմադրած ժապաւէններուն մեծ մասին բեմագիրներն ալ ինք գրած է։ 1987ին ստացած է Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի տիտղոսը, իսկ 2008ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտի կոչումը։

1972-2009 ժամանակաշրջանին, Սահակեանց բեմադրած է 54 շարժանկար եւ գրած՝ 48 բեմագիր։ Ան նաեւ «Հայֆիլմ»ին արտադրած ուրիշ ժապաւէններու համահեղինակը եղած է։ 1980ական թուականներուն իր ամենէն ժողովրդական բազմանկարներէն մէկ քանին բեմադրած է, ինչպէս՝ «Մորու գոյնի երեք կապոյտ–կապոյտ լճակ…» (1981), «Ով էնպիսի սուտ ասի» (1982), «Խօսող ձուկը» (1983), «Կապոյտ ծովում, սպիտակ փրփուրի մէջ…» (1984), «Բարեկենդանը» (1985)։ Անոր շարժանկարները մրցանակի արժանացած են Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Գերմանիոյ, Ճափոնի, ինչպէս եւ Ուքրանիոյ, Ռուսաստանի եւ Էստոնիոյ մէջ։

Սահակեանց իր որոշ բազմանկարներու նիւթերը քաղած է Յովհաննէս Թումանեանի հէքեաթներէն, ինչպէս՝ «Կիկոսի մահը», «Քաջ Նազար», «Մորու գոյնի երեք կապոյտ-կապոյտ լճակ», «Ով էնպիսի սուտ ասի», «Խօսող ձուկը» եւ «Բարեկենդանը»։ Բեմադրիչ-բեմագիրը ո՛չ միայն վերակենդանացուցած է, այլեւ թարմացուցած է դասական պատմութիւնները, անոնց տալով արդիական հնչեղութիւն մը՝ մանուկներու համար։ Ստեղծած է յիշատակելի կերպարներ, որոնք ներկայացուած են գոյնզգոյն «հրավառութեամբ» եւ իր սեփական մեկնաբանութեամբ։

Ռոբերտ Սահակեանց մահացած է 24 Սեպտեմբեր, 2009ին, Երեւանի մէջ, երկար հիւանդութենէ ու բարդ սրտի վիրահատութենէ ետք։ Անոր անունը կրող ընկերութիւն մը, որդիի՝ Դաւիթ Սահակեանցի գլխաւորութեամբ, կը շարունակէ բեմադրիչին ժառանգութիւնը վառ պահել բազմանկարներու կալուածին մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org    
ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓ
Խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները յղեցէք crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։ Հաճոյքով կը հրատարակենք մեր ստացած նամակները։

Կը յիշեցնենք, որ Crossroadsին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս տարուան սկիզբը, Ազգ. Առաջնորդարանը լուսանկարներ եւ կարեւոր փաստաթուղթեր թուայնացնելու խիստ անհրաժեշտ գործընթացի մը ձեռնարկեց։ Պարբերաբար մեր արխիւներուն մէջ գտնուող հետաքրքրական նիւթեր պիտի բաժնեկցինք ընթերցողներուն հետ։
Այս շաբթուան արխիւային լուսանկարը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Արեւելեան թեմ կատարած առաջին հովուապետական այցելութեան հետ առնչուած է։ Այցելութիւնը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 1-Նոյեմբեր 12, 1997ին։ Այդ ժամանակ, Արեւելեան թեմը կ՚ընդգրկէր Արեւելեան Միացեալ Նահանգներն ու Գանատան։ Վեհափառ Հայրապետը ընտրուած էր Յուլիս 1995ին, յաջորդելով Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ Ապրիլ 1995ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուած ու գահակալած էր Ս. Էջմիածնի մէջ։ Թեմիս եկեղեցական դասը համախմբուած էր Նիւ Եորքի մէջ՝ Արամ Կաթողիկոսը ողջունելու համար։ Այս նկարը առնուած է Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ՝ Հոկտեմբեր, 1997ին։ 
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Խորէն Ա. քհն. Հապէշեան, Մեսրոպ Ա. քհն. Թաշճեան, Մուշեղ Ա. քհն. Տէր Գալուստեան, Վահրիճ Ա. քհն. Շիրինեան, Մեղրիկ վրդ. Բարիքեան, Շահէ Ծ․ վրդ. Փանոսեան, Խաժակ եպս. Յակոբեան, Մեսրոպ արք. Աշճեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Սուրէն արք. Գաթարոյեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Անուշաւան Ծ. վրդ. Դանիէլեան, Նարեկ Ծ. վրդ. Ալիեմեզեան, Խորէն Ծ․ վրդ. Տողրամաճեան, Արշակ Ա. քհն. Տաղլեան, Տ. Անդրանիկ Ա. քհն. Պալճեան։

Ծունկի, ձախէն աջ՝ Խաչատուր քհն. Պօղոսեան, Տ. Խաչիկ քհն. Մկրտիչեան, Տ. Գրիգորիս քհն. Քէշիշեան, Տ. Ներսէս քհն. Մանուկեան, Արմէն Ա. քհն. Իշխանեան, Վազգէն քհն. Պէքիարեան, Կոմիտաս քհն. Պաղսարեան, Տարօն քհն. Ստեփանեան, Էմմանուէլ քհն. Վարդանեան։
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՕՐ
Երկուշաբթի, 2 Սեպտեմբերին, Աշխատանքի Օրը կը նշուի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ ամրան անպաշտօն աւարտին հետ։ Տօնը, որ միշտ կը նշուի Սեպտեմբերի առաջին Երկուշաբթի օրը, ստեղծուած է աշխատաւորական շարժման կողմէ աւելի քան 130 տարի առաջ։ Տեսականօրէն նուիրուած է աշխատաւորներու ընկերային ու տնտեսական իրագործումներուն եւ անոնց բերած նպաստին՝ երկրի հզօրութեան, բարգաւաճման ու բարօրութեան։ Տարիներու ընթացքին, դարձած է ամրան անպաշտօն աւարտը (Յիշողութեան Օրը անպաշտօն սկիզբը կը համարուի), եւ կը տօնուի ընտանեկան հաւաքոյթներով, դաշտահանդէսներով եւ, անշուշտ, վերջին 86 տարիներուն, ժողովրդային մագնիս հանդիսացող Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ողիմպիականները, որոնք այս տարի տեղի կ՚ունենան Շիքակոյի մէջ։ Բարի վայելում։ 

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
7 Սեպտեմբեր —Նուարքի Արուեստի թանգարանը կը ներկայացնէ երգահան Միշէլ Էքիզեանի «Կորքիի երազային պարտէզը»՝ սիրոյ, քաջութեան եւ արդի արուեստի երաժշտա-թատերական օփերան, հիմնուած՝ Արշիլ Կորքիի կեանքին վրայ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին։ Հասցէ՝ Newark Museum of Art, 49 Washington Street, Newark, New Jersey։ Օփերային մուտքի սակը ներառեալ է թանգարանի մուտքի վճարումին մէջ։ Տեղեկութիւններու համար՝  www.newarkmuseum.org կամ 973-596-6550։

8 Սեպտեմբեր —Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս)։ Տարեկան դաշտահանդէս՝ կէսօրէն մինչեւ ժամը 5:30, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Խաչի թափօր՝ ժամը 2:30ին։  

22 Սեպտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէս եւ գնդ. Չարլզ Ալեքսի 100րդ տարեդարձի անակնկալ տօն՝ եկեղեցւոյ սրահին եւ տարածքին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00էն մինչեւ ժամը 4:00։

28 Սեպտեմբեր —Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը կը ներկայացնէ երգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ՝«Նայիրի» պարախումբի յատուկ ելոյթ։ Երեկոյեան ժամը 8:00ին, Felician University, Breslin Hall, Lodi, New Jersey։ Տոմսակները միայն առցանց կը վաճառուին՝ yap.events/lilithovhannisyan։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
 
12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
 
19 Հոկտեմբեր —Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակ եւ ծննդեան 80րդ տարեդարձ։ Theatre in the Park, Flushing Meadows, Queens, New York, երեկոյեան ժամը 7:05ին։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 
                                                           
9-10 Նոյեմբեր —Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։

17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Պիտի մեծարուի Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 26 տարուան աշխատանքը Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ 

15 Մարտ, 2010 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։
 
13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/