SHARE:  
15 Օգոստոս, 2019
ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆՆ Է 
Այսօր ժողովեալ սրբոցն ի միասին երանելի առաքեալքն եւ սուրբ կուսանքն ջահազգեստուք պայծառացեալք լուցանէին զլապտերս իւրեանց. եւ միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

Այսօր դնելով զսուրբ կոյսն առ դրանն գերեզմանին, սպասէին եւ ակն ունէին տեառն իսկ ինքնին գոլով, գեր ի վերոյ տեսեալ զարարիչն եկեալ բազում հրեշտակօք. եւ նոցա միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

Այսօր տեսեալ զսուրբ կոյսն թռուցեալ յօդս, եւ ամպեղէն կառօքն ի վեր համբարձեալ յերկինս. մտանելով յերկնային խորանսն ընդ իմաստուն կուսանսն. եւ նոցա միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

Այսօր ընդ բազմաչեայ քրովբէսն եւ ընդ վեցթեւեան սրովբէսն մտանելով եօթնաստեղեան խորանսն. տեսանելով զանազան աթոռսն զոր պատրաստեալ է քեզ տէրունւոյդ. երգեմք եւ մեք ասելով. օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։
(Այսօր սուրբերը՝ երանեալի առաքեալներն ու սուրբ կոյսերը՝ միասին հաւաքուած՝ լուսաւոր զգեստներով պայծառացած՝ իրենց լապտերները կը վառէին եւ միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։

Այսօր սուրբ կոյսը գերեզմանին առջեւ դնելով կը սպասէին եւ կ՚ակնկալէին Տիրոջ անձամբ հոն ըլլալը, բայց տեսան որ Արարիչը վերէն բազում հրեշտակներով կու գար. եւ անոնք միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։

Այսօր տեսան սուրբ կոյսին օդին մէջ թռչիլը եւ ամպեղէն կառքով երկինք համբառնալը եւ երկնային խորաններու մէջ մտնելը իմաստուն կոյսերու հետ. եւ անոնք միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։

Այսօր բազմաչեայ քերովբէներուն եւ վեցթեւեան սերովբէներուն հետ եօթնաստեղեան խորանները մտնելով տեսար զանազան աթոռներ, զոր Տէրը քեզի համար պատրաստած է. մենք ալ կ՚երգենք ըսելով՝ օրհնեալ ես դուն կիներու մէջ ամէնօրհնեալ)։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ
Այս շաբաթավերջին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս պիտի ճամբորդէ Ուայթընզվիլ (Մասաչուսեթս), ուր Կիրակի օր պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի կատարէ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ տարածքին վրայ, Նիւ Ինկլընտի հոգեւոր հովիւներու մասնակցութեամբ։

ՈՒԽՏԻ ԱՐՇԱՒ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՊԻՔՖԱՅԱ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, ուխտի արշաւ մը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Ուրբաթ, 16 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6:00ին՝ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն մինչեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնի վանքը։ Տօնին նշումը պիտի աւարտի աւանդական խաղողօրհնէքով եւ հաւաքական ընթրիքով։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԸ ՆՇԷ
ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ
Կիրակի, 11 Օգոստոսին, Վերափոխման տoնի Բարեկենդանին առիթով, Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Ս Ստեփանոս եկեղեցին իր տարեկան դաշտահանդէսը ունեցաւ Քէմփ «Հայաստան»ի մէջ։ Համադամ ուտեստեղէններու եւ հիանալի ընկերային հանդիպման կողքին, օրուան ակնառու բաժինը աւանդական Անդաստանն էր (դաշտերու ու բերքի օրհնութիւնը), որուն յաջորդեցին Խաղողօրհնէքն ու մատաղը, զորս կատարեց թեմիս բարեջան առաջնորդ` Անուշաւան արքեպիսկոպոսը: Սրբազան Հօր կ՚ընկերանային Ս Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Անդրանիկ Ա. քահանայ Պալճեանը, Նորթ Անտովըրի Ս Գրիգոր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ Ստեփան քհնյ. Պալճեանը, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ  Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեանը եւ Ուայթընսվիլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ՝Տ Միքայէլ քհնյ. Տէր Խոսրովեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շեշտը դրաւ մեր աւանդութիւնները պահպանելու մեր պարտաւորութեան վրայ, որպէսզի մեր եկեղեցին մնայ շէնշող հայ եկեղեցի եւ իրաւամբ վայելենք Տիրոջ Աստուծոյ ներկայութեան ոյժը մեր կեանքէն ներս։

Ան յորդորեց, որ ներկաները ամուր կառչին մեր հայկական ու քրիստոնէական ժառանգութեան, որպէսզի ըմբռնեն աշխարհի վրայ մեր առաքելութիւնն ու ինքնութիւնը որպէս մարդ արարածներ: Ապա ուրախ եւ օրհնեալ օր մաղթեց դաշտահանդէսին մասնակցողներուն:

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ
Անցեալ Կիրակի, Անուշաւան արքեպիսկոպոս նաեւ գտնուած է Ուստըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր նախագահած է Ս. Պատարագին ու քարոզած։ Այնուհետեւ նախագահած է Խաղողօրհնէքին, որ տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէսին ընթացքին։ Արարողութեան նաեւ մասնակցած են Նիւ Ինկլընտի շրջանէն հետեւեալ հոգեւորականները. Տ. Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեան, Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան, Տ. Ստեփան քհնյ. Պալճեան եւ Տ. Միքայէլ քհնյ. Տէր Խոսրովեան։

ԵՐԻՏԱՐԴԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական խտացեալ դասընթացքը իր երկրորդ շաբաթը թեւակոխած է։ Դասընթացքին կը մասնակցին Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու ուսանողներ եւ երիտասարդ համալսարանաւարտներ։ Դասերուն կողքին, երիտասարդները կը մասնակցին Ս. Աստուածածնի տօնին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումներու կողքին կլոր սեղաններու, եւ կ՚ այցելեն տեսարժան վայրեր։

Արեւելեան թեմի տարբեր ծուխերէ մասնակցող 13 երիտասարդներն են՝ Շանթ Եղեան , Թալին Տօնոյեան , Անահիտ Տօնոյեան , Լոռի Սիմոնեան , Միշէլ Գոլանճելօ , Անուշ Քրաֆեան , Անի Չօպանեան , Իզապէլ Յակոբեան , Ճուլիէթ Յակոբեան, Մարի Պիճիմենեան, Վրէժ Տաուլի , Քնար Թոփուզեան եւ Վիոլէթ Տէքիրմէնճեան ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՕԳՈՍՏՈՍ
ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 2:1-7
Այդ օրերուն, Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց՝ իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր բնակիչներուն մարդահամարը կատարելու: Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն: Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ’երթար՝ իր անունը արձանագրել տալու համար: Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն ելաւ եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին ծննդավայրը: Իրեն կ’ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր:

Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար:


ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 15:1-8
– Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ Հայրս մշակն է: Անիկա կը կտրէ վրաս հաստատուած բոլոր այն ճիւղերը որոնք պտուղ չեն տար, իսկ բոլոր անոնք որոնք պտուղ կու տան՝ յօտելով կը մաքրէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլան: Դուք արդէն իսկ մաքրուած էք այն խօսքին համար՝ որ ձեզի խօսեցայ: Ինծի միացած մնացէք եւ ես ձեզի միացած պիտի մնամ: Ինչպէս որ ճիւղը ինք առանձինը պտուղ չի տար՝ եթէ որթատունկին միացած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար պտուղ տալ՝ եթէ ինծի միացած չըլլաք:

Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը: Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ, որովհետեւ առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել: Ով որ ինծի միացած չի մնար՝ կտրուելով դուրս կը նետուի եւ կը չորնայ, նման այն ճիւղերուն՝ որ կը հաւաքեն եւ կրակը նետելով կ’այրեն: Եթէ ինծի միացած մնաք եւ խօսքերս ձեր մէջ մնան, խնդրեցէք Աստուծմէ ինչ որ ուզէք, եւ պիտի տայ ձեզի: Իմ Հայրս կը փառաւորուի, երբ դուք առատ պտուղ տաք եւ այսպիսով իմ աշակերտներս ըլլաք:
 
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Երգ. 4:9-15, 8:14. Ես.7:10-16. Գաղ. 3:29-4:7

Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՇՈՂԱԿԱԹԻ ՏՕՆ
Շաբաթ, 17 Օգոստոսին, Ս. Էջմիածնի Շողակաթի տօնն է, որ միշտ կը զուգադիպի Վերափոխման տօնի նախորդ Շաբաթ օրուան։ Շողակաթը կ՚ակնարկէ լոյսի ճառագայթներու տեսիլքին, որուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ականատես եղաւ, երբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի տեղը ընտրեց։ Տօնը Վերափոխման ժամանակ կը նշուի, որովհետեւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը անուանուած է Ս. Աստուածածնի անունով, թէեւ տարիներու ընթացքին ծանօթ դարձած է Էջմիածին անունով, իսկ Շողակաթ անունը կիրարկուած է մօտակայ Ս. Շողակաթ եկեղեցւոյ համար, որ հիմնադրուած է, ըստ աւանդութեան, հոն՝ ուր Հռիփսիմեանց նահատակներուն վրայ «շող կաթած է»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
Մարիամ՝ օրհնեալ կոյսը, բարձր տեղ մը կը գրաւէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ՝ Քրիստոսի կողքին։ Ս. Պատարագը կը սկսինք դիմելով Տիրոջ՝ Սուրբ Աստուածամօր միջնորդութեամբ։ Առաքելական եկեղեցիները մայր խորանին վրայ կը ներկայացնեն Աստուածածնի նկարը՝ Յիսուս մանուկը գրկած։ Աւետարանները կը սորվեցնեն մեզի, որ Մարիամ օրհնուեցաւ՝ Աստուծոյ կողմէ կանչուելով Անոր աստուածային փրկութեան ծրագիրը կատարելու։ Մարիամը պատուաւոր առաջնահերթ տեղ մը կը գրաւէ, որովհետեւ անոր միջոցով եւ Սուրբ Հոգիի մասնակցութեամբ՝ Աստուած մարմին առաւ ու մարդեղինացաւ։

Կիրակի, 18 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ մեր կրօնական տօնացոյցի հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է, եւ Խաղողօրհնէքը։ «Վերափոխում» բառը «վեր փոխադրել» կը նշանակէ գրաբարի մէջ։ Ըստ աւանդութեան, Աստուածածնի մահէն ետք, առաքեալները զայն թաղեցին Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ։ Բարդուղիմէոս, որ ներկայ չէր յուղարկաւորութեան, փափաքեցաւ գերեզմանը այցելել։ Երբ աշակերտները գերեզմանաքարը բարձրացուցին, զարմանքով տեսան, որ մարմինը անհետացած էր։ Ենթադրեցին, որ Քրիստոս իր մայրը տարած էր դէպի Երկնային Արքայութիւն, պարապ գերեզմանը փաստ նկատելով, որ Տիրամայրը մահացած չէր, այլ՝ քնացած, եւ մեր Տէրը արքայութիւն տարած էր զայն։ Այս իրադարձութեան վրայ հիմնուելով, Եկեղեցւոյ Հայրերը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը հաստատեցին։ Տօնին կը նախորդէ հինգօրեայ պահք եւ կը յաջորդէ՝ մեռելոցի օր։
 
Բարդուղիմէոսը շատ կը սիրէր Աստուածամայրը, որ իր պատկերը տուած էր Յովհաննէս առաքեալին։ Վերջինս այդ պատկերը յանձնած է Բարդուղիմէոսին։ Առաքեալը պատկերը բերած է Հայաստան՝ Անձեւացիք գաւառի (Վասպուրական) Դարբնոց քար վայրը, ուր Հոգեաց վանքը շինուած է՝ յարակից կուսանոցով, ու այդ սրբապատկերը պահպանուած է հոն։ Բարդողիմէոսի նկարները յաճախ զինք ցոյց կու տան՝ այդ պատկերը բռնած։
 
Աստուածածնի Վերափոխման գաղափարը հին է, ինչպէս ցոյց կու տայ Աստուածամօր նուիրուած արձակն ու բանաստեղծութիւնը։ Սակայն, ան եկեղեցական հիմնական վարդապետութիւն չէ դարձած մինչեւ 9րդ դար, իսկ միայն 12րդ դարուն է, որ տօնը «Վերափոխում» անունը ստացած է։

Կիրակի օր անուանակոչման տօնն է բոլոր անոնց, որոնք կը կոչուին Մարիամ, Մարօ, Մարի, Մաքրուհի, Մայրենի, Մարուշ, Սրբուհի, Տիրուհի, Թագուհի, Լուսիկ, Լուսնակ, Արուսեակ, Արփինէ, Մարգարիտ, Նազիկ, Ազնիւ, Սեդա, Ծաղիկ, Վերժին, Արշալոյս։

ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ
Խաղողօրհնէքը տեղի կ՚ունենայ Վերափոխման տօնին օրը, թէեւ երկու իրադարձութիւնները աղերս չունին իրարու հետ։ Այս արարողութիւնը հիմնուած է աստուածաշնչական աւանդութեան վրայ. Աստուած պատուիրած է իսրայէլացիներուն՝ Մովսէսի միջոցով, որ նուիրեն իրենց երախայրիքը գոհութեամբ, որպէսզի այս ձեւով բոլոր պտուղները Տիրոջ օրհնութիւնը ստանան։ Այս առիթով, «Փառք Սուրբ Խաչի» շարականը կ՚երգուի եւ կը կարդացուին աստուածաշնչական դրուագներ, որոնց կը հետեւի Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսի յատուկ աղօթքը։ Աղօթքէն ետք, խաղողները երեք անգամ կ՚օրհնուին եւ ապա կը բաժնուին հաւատացեալներուն, որոնցմէ շատեր հրաժարած են խաղող ուտելէ մինչեւ Խաղողօրհնէք։

Կրնանք ըսել, թէ Խաղողօրհնէքը երկրի պտղաբերութեան խորհրդանշական տօնակատարութիւն մըն է։ Որթատունկը աշխարհի հնագոյն մշակուած բոյսերէն մէկն է։ Նոյ որթատունկ մը տնկած է տապանէն ելլելէ անմիջապէս ետք (Ծննդոց գիրք, գլ. 9)՝ Նախիջեւանի մէջ։ Անշուշտ՝ Ս. Պատարագի գինին խաղողէն կու գայ։

«Օրհնէ նաեւ, Տէր, այն որթատունկերը որոնցմէ փրցուած են այս խաղողները եւ ըրէ զանոնք բարեբեր եւ բազմաբեղուն եւ պարարտ։ Տէր, բոլոր այգեստանները անփորձ պահէ. փրկէ զանոնք կարկուտէ, սառնամանիքէ եւ տաք հովերէ, վնասակար միջատներէ, որպէսզի մենք, քու արարածներդ, շարունակենք վայելել անոնց պտուղները այս աշխարհի վրայ զոր Դուն մեզի տուիր եւ արժանի ըլլանք քեզի հետ ուտելու եւ խմելու քու Հօրդ արքայութեան սեղանին՝ ըստ Քու խոստումիդ ի պատիւ եւ ի փառաբանութիւն համագոյ Ս. Երրորդութեան, Հօր եւ Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն» (Հատուած՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի Խաղողօրհնէքի աղօթքէն)։ 

ՄԵՌԵԼՈՑ
Երկուշաբթի, 19 Օգոստոսին, մեռելոց է։ Ըստ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աւանդութեան, տաղաւար հինգ տօներուն յաջորդող օրը մեռելոց կը նկատուի։ Աւանդաբար, մեռելոցին Ս. Պատարագ տեղի կ՚ունենայ, որուն ընթացքին հոգեհանգիստ կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն, ինչպէս եւ անոնց համար, որ յատուկ խնդրանքով կը յիշուին։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հոգեւորականներն ու հաւատացեալները գերեզմանատուն կ՚երթան, ուր հանգուցեալներու գերեզմանները կ՚օրհնուին։

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ԵՐԵՔ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՑՈՒՄ՝ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ
Ուստըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ամառնային եռօրեայ առանձնացման շրջան մը՝ 14 մանուկներու մասնակցութեամբ։ Այս առանձնացման շրջանը կազմակերպուած ու ղեկավարուած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեանի կողմէ, ծնողներու եւ ուսուցիչներու գործակցութեամբ։ Երեք օրերը յագեցած էին աղօթքներով, աստուածաշնչական պատմութիւններով, բնութեան մասին դասաւանդումով, պարի դասերով եւ արուեստի տարբեր ծրագիրներով։ 

ՀՐԱՉ ԲԱՐԹԻԿԵԱՆ (մահ՝ 17 Օգոստոս, 2011)

Հետաքրքրական իրողութիւն մըն է, որ խորհրդային ժամանակներու հայոց պատմութեան եւ բանասիրութեան լաւագոյն մասնագէտներէն մէկ քանին հայրենադարձներ էին, որոնք երբեմն օգտուած են իրենց կալուածի գլխաւոր լեզուի իմացութենէն (յունարէն, արաբերէն, թրքերէն, պարսկերէն, եւ այլն)։ Անոնց մասնագիտացումը ո՛չ միայն նշանակալից նպաստ մը բերած է յատուկ կալուածի մը, այլեւ օգնած է պատրաստել գիտնականներու յաջորդ սերունդները։

Այդ մասնագէտներէն մէկը՝ Հրաչ Բարթիկեանն էր։ Ծնած է 7 Յուլիս, 1927ին, Աթէնքի մէջ։ Հայրը՝ Միքայէլ Բարթիկեան, բանասէր ու հրապարակագիր էր։ Սորված է տեղական հայկական վարժարանի մը եւ ապա՝ յունական երկրորդական վարժարանի մը մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1945ին։ Յաջորդ տարին իր ընտանիքով Հայաստան հաստատուած է՝ ինչպէս յունահայ համայնքի շատ մը ուրիշ անդամներ, 1946-1948ի ներգաղթի ընթացքին։

Հրաչ Բարթիկեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն, 1953ին գերազանցութեամբ՝ պատմութեան ճիւղէն շրջանաւարտ ըլլալով։ Այնուհետեւ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի հայցորդ (ասպիրանտ) դարձած է, սորվելով Լենինկրատի (Ս. Փեթերսպուրկ) մէջ՝ նշանաւոր հայագէտ՝ Յովսէփ Օրբելիի ղեկավարութեան տակ։ Իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը՝ «Պաւլիկեան շարժման պատմութեան ուսումնասիրութեան աղբիւրներ» ն էր, որ ռուսեր1նով լոյս տեսած է Երեւանի մէջ երեք տարի ետք։ 1971ին պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւնը՝ «Բիւզանդական Դիգենիս Ակրիտաս էպոսը եւ նրա նշանակութիւնը հայագիտութեան համար» նիւթով:

Մինչ այդ, 1957էն մինչեւ 2010, Պատմութեան հիմնարկին մէջ աշխատած է իբրեւ կրտսեր գիտաշխատող (1957-1961), աւագ գիտաշխատող (1961-1980) եւ միջին դարերու պատմութեան բաժնի վարիչ (1980-2010)։ Իր մահկանացուն կնքած է 84 տարեկանին, 17 Օգոստոս, 2011ին։ 

Շուրջ կէս դար, Հրաչ Բարթիկեանի անունը հայ-բիւզանդական ուսումնասիրութիւններու հոմանիշ դարձած է Հայաստանի մէջ։ Շուրջ 150 գիտական յօդուածներու կողքին, ան հրատարակած է 17 հատոր, ներառեալ հայերէն թարգմանութիւնները՝ ուսումնասիրութեամբ եւ ծանօթագրութիւններով, զանազան նշանաւոր բիւզանդացի պատմիչներու (Պրոկոպիոս Կեսարացի, Կոստանդին Ծիրանածին, Յովհաննէս Սկիլիցես, Թէոփանոս Խոստովանող, եւ ուրիշներ), «Դիգենիս Ակրիտաս» բիւզանդական դիւցազներգութեան հայերէն թարգմանութիւնը, Մատթէոս Ուռհայեցիի «Ժամանակագրութեան» աշխարհաբար թարգմանութիւնը եւ փաստաթուղթերու ժողովածու մը՝ «Յունական արխիւային փաստաթղթեր հայ-յունական յարաբերութիւնների մասին Առաջին Հանրապետութեան շրջանում (1918-1920)»։

Բարթիկեան իր գիտական կեանքը սկսած է պաւլիկեան շարժման ուսումնասիրութեամբ եւ այնուհետեւ ինքզինք նուիրած է հայ-բիւզանդական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան՝ Բագրատունեաց շրջանի ընթացքին ու անկէ ետք՝ էական նպաստ մը բերելով այս կալուածին։ Նաեւ եղած է վիմագրական արձանագրութիւններու եւ կնիքներու բեղուն հետազօտող մը։

Պատմաբանը նաեւ ծանօթ մասնագէտ մըն էր Կիլիկիոյ հայկական պետութեան եւ Բիւզանդիոնի յարաբերութիւններուն։ Այս պատճառով, ան հրաւիրուած էր մասնակցելու Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած ու լուսահոգի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Աշճեանի նախաձեռնած 1993ի գիտաժողովին, որ նուիրուած էր Կիլիկիոյ պատմութեան։

Հ. Բարթիկեանի լայնատարած ու հմտալից գիտական վաստակը բազմաթիւ պատիւներու արժանացուցած է զինք։ Այսպէս, ան ընտրուած անդամ գիտական շարք մը մարմիններու՝ Աթէնքի ակադեմիա (1980), Հռոմի «Թիպերինա» արուեստի, գրականութեան ու գիտութիւններու ակադեմիա (1987) եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա (1996)։ Ստացած է Հայաստանի Գիտ. Ակադեմիայի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը (1980), Սելանիկի համալսարանի «Արիստոտէլ» մետալը (1981) եւ Հայաստանի նախագահի մրցանակը (2005), վերջինս՝ եռահատոր «Հայ-բիւզանդական ուսումնասիրութիւններ» աշխատութեան համար։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org    
ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Նամակներէն նմոյշներ ներկայացնելով, անոնց անունները միայն կը յիշենք՝ ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Այս շաբթուան նամակը գրած է հինգերորդ դասարանցի Մարիամը, որ զայն ուղղած է իր հովանաւորներուն՝ տէր եւ տիկ. Լեւոն եւ Թամար Տէր Օհաննէսեանին (Փենսիլվենիա)։ 

Յարգելի հովանաւոր,

Ես Մարիամ ……..ն եմ։ Ապրում եմ պապիկիս ու տատիկիս հետ։ Սովորում եմ 5-րդ դասարանում, ցաւօք ծնողներիս չեմ յիշում։ Սիրում են նկարչութիւն, կար ու ձեւ, սիրում եմ ֆիզկուլտուրա որպէսզի առողջ մեծանամ, սիրում եմ նաեւ պարել, քանի որ գիւղում չկայ համապատասխան դպրոց եւ խմբակներ, ուստի այդ ամէնով զբաղւում եմ տանը։ Յարգելի հովանաւոր, ուզում եմ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել Ձեզ եւ Ձեր կազմակերպութեանը Ձեր բարեգործութեան համար։ Պապիկիս ու տատիկիս կողմից շնորհակալութիւն Ձեզ։
Սիրով՝ Մարիամ
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք որբ մը հովանաւորել, հաճեցէք կապուիլ Առաջնորդարանին հետ՝ Սոֆիին դիմելով կա՛մ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) եւ կա՛մ հեռաձայնով (212-689-7810)։  

ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓ
Խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները յղեցէք crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։ Հաճոյքով կը հրատարակենք մեր ստացած նամակները։

Կը յիշեցնենք, որ Crossroadsին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը Չորեքշաբթի կէսօր է։

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս տարուան սկիզբը, Ազգ. Առաջնորդարանը լուսանկարներ եւ կարեւոր փաստաթուղթեր թուայնացնելու խիստ անհրաժեշտ գործընթացի մը ձեռնարկեց։ Պարբերաբար մեր արխիւներուն մէջ գտնուող հետաքրքրական նիւթեր պիտի բաժնեկցինք ընթերցողներուն հետ։

Այս լուսանկարը հանուած է 27 Մայիս 1923ին Հալէպի մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի Միւռոնօրհնութեան առիթով։ Սահակ Բ. իբրեւ կաթողիկոս ծառայած է 1902-1939 թուականներուն՝ հայ ժողովուրդի ամենադժուարին օրերուն։ Երկարակեաց կաթողիկոսը երեք տարի աւելի ապրած է, քան Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսը (1878-1936), որ աթոռակից ընտրուած էր 1930ին։

Ա. շարք, նստած, ձախէն առաջ՝ Ներսէս քհնյ. Թաւուքճեան, Խադ Ծ. վրդ. Աջապահեան, Խաչատուր Ծ. վրդ. Տէր Ղազարեան, Սահակ Բ. Կաթողիկոս, Փառէն Ծ. վրդ. Մելքոնեան, Սուրէն վրդ. Քեմհաճեան, Յարութիւն Ա. քհնյ. Եսայեան։

Բ. շարք, ոտքի ձախէն աջ՝ Սարգիս քհնյ. Գալուստեան, Վարդան քհնյ. Վարդերեսեան, Բաբգէն քնհյ. Յակոբեան, Մամբրէ Ծ. վրդ. Սիրունեան, Մկրտիչ քհնյ. Մուրատեան, Գրիգոր քհնյ. Խաչատուրեան, Յովհաննէս Չէօփճեան (բարապան)։

Գ. շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Մկրտիչ քհնյ. Մարտոյեան, Ներսէս քհնյ. Պապայեան, Յովհաննէս քհնյ. Էքմէքճեան, Մովսէս քհնյ. Յովհաննէսեան, Նշան քհնյ. Մարգարեան։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
16-18 Օգոստոս —Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիու, Իլինոյ) Armenian Fest 2019։ Ուրբաթ՝ երեկոյեան 6:00էն 10:00, Շաբաթ՝ երեկոյեան ժամը 5:00էն 11:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Խաղողօրհնէք՝ Կիրակի օր, կէսօրէ ետք ժամը 4:00։

18 Օգոստոս —Ուայթընզվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէս եւ խաղողօրհնէք՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ եւ Նիւ Ինկլընտի հոգեւոր հովիւներուն մասնակցութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար՝ 508-234-3677։

7 Սեպտեմբեր —Նուարքի Արուեստի թանգարանը կը ներկայացնէ երգահան Միշէլ Էքիզեանի «Կորքիի երազային պարտէզը»՝ սիրոյ, քաջութեան եւ արդի արուեստի երաժշտա-թատերական օփերան, հիմնուած՝ Արշիլ Կորքիի կեանքին վրայ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին։ Հասցէ՝ Newark Museum of Art, 49 Washington Street, Newark, New Jersey։ Օփերային մուտքի սակը ներառեալ է թանգարանի մուտքի վճարումին մէջ։ Տեղեկութիւններու համար՝  www.newarkmuseum.org կամ 973-596-6550։

8 Սեպտեմբեր —Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս)։ Տարեկան դաշտահանդէս՝ կէսօրէն մինչեւ ժամը 5:30, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաչի թափօր՝ ժամը 2:30ին։  

28 Սեպտեմբեր —Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը կը ներկայացնէ երգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ՝«Նայիրի» պարախումբի յատուկ ելոյթ։ Երեկոյեան ժամը 8:00ին, Felician University, Breslin Hall, Lodi, New Jersey։ Տոմսակները միայն առցանց կը վաճառուին՝ yap.events/lilithovhannisyan։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
 
12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
 
19 Հոկտեմբեր —Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակ եւ ծննդեան 80րդ տարեդարձ։ Theatre in the Park, Flushing Meadows, Queens, New York, երեկոյեան ժամը 7:05ին։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 
                                                           
9-10 Նոյեմբեր —Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։

17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
 
13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։  
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/