ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ
“IN DEFENSE OF CHRISTIANS” ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ՝ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
|
|
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ ԱՄՆի միջազգային կրօնական ազատութեան դեսպան Սէմ Պրաունպէքի, Գալիֆորնիոյ 14րդ վարչաշրջանի ներկայացուցիչ Ճէֆի Սփայըրի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանի հետ
|
|
Այս շաբաթ, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, մեկնեցաւ Ուաշինկթըն մասնակցելու
“In Defense of Christians” (Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու) կազմակերպութեան՝ Միջին Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւններու վեցերորդ տարեկան
համերաշխութեան ընթրիք
ին եւ
պաշտպանութեան օր
ուան։ Այս ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեան առաքելութիւնն է՝ ապահովել Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան եւ քրիստոնեայ մշակոյթի պաշտպանութիւնն ու պահպանումը։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը գլխաւոր հովանաւորներէն էր “In Defense of Christians”ի ազգային ղեկավարութեան համաժողովին, ուր հաւատքի առաջնորդներ ու մարդկային իրաւանց պաշտպաններ քով-քովի եկան՝ կոչ յղելով պետական պաշտօնատարներու, որպէսզի Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան պաշտպանութեան ուղղուած քայլերու ձեռնարկեն։ Ժողովը նաեւ կոչ ուղղեց վաւերացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը (Ծերակոյտի որոշումնագիր թիւ 150 եւ Ներկայացուցիչներու Տան որոշումնագիր թիւ 296)։
«Հաւասարութեան, ազատութեան եւ ապահովութեան ի խնդիր պայքարելով» նշանաբանին տակ՝ համաժողովը սկսաւ Սեպտեմբեր 10ին, հիւրասիրութեամբ եւ համերաշխութեան ընթրիքով։ Սեպտեմբեր 11ին, համաժողովին մասնակիցները հանդիպումներ ունեցան Քոնկրէսի անդամներու հետ։
“In Defense of Christians”ի ծնունդը կու գայ 2014էն, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ առաջնորդներու հետ միասին, միասնութեան ուժեղ կոչ մը ըրած էր՝ շրջանի քրիստոնէական պատմական համայնքներուն դէմ ուղղուած սպառնալիքը դիմագրաւելու համար։
|
|
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Նեպրասքայի առաջին վարչաշրջանի ներկայացուցիչ Ճէֆրի Ֆորթընպերրիի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներու հետ
|
|
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Վըրճինիայի 10րդ վարչաշրջանի նախկին ներկայացուցիչ Ֆրէնք Ուոլֆի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներու հետ
|
|
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ “In Defense of Christians”ի նախագահ եւ ատենապետ Թուֆիք Պաաքլինիի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներու հետ
|
|
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս “In Defense of Christians”ի 6րդ տարեդարձի համերաշխութեան ընթրիքի բացման աղօթքը կը կատարէ
|
|
ՈՒՍՏԸՐԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 85ԱՄԵԱԿ
|
|
Այս շաբաթավերջին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի ճամբորդէ Մասաչուսեթս, ուր Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի եւ Խաչվերացի արարողութեան, ծուխը պիտի նշէ եկեղեցւոյ 85ամեակը՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունենալիք ճաշկերոյթով։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ
|
|
Սրբազան Հայրը կ՚ողջունէ ծխականները
|
|
Կիրակի, 8 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց եւ քարոզեց Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ շաբաթ մը աւելի կանուխ, որուն հետեւեցաւ ծուխի տարեկան դաշտահանդէսը։
|
|
Խաչվերացը տօնուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ
|
|
Բոլոր ներկաները դաշտահանդէսը վայելեցին։ Նկարին մէջ՝ Սրբազան Հայրը վիճակահանութեան տոմսեր կը գնէ երիտասարդ ծխականներէն։
|
|
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ՝
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
|
|
Անկախութեան օրուան ընդունելութեան, ձախէն աջ՝ պրն. Դաւիթ Կնեազեան՝ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ, Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, պրն. Մհեր Մարգարեան, Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեան եւ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան
|
|
Հայաստանի անկախութեան 28ամեակը նշուեցաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին, ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեամբ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Մհեր Մարգարեանի կողմէ։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի անունով, ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեան, եւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան, որոնք շնորհաւորեցին ու յաջողութիւն մաղթեցին դեսպան Մարգարեանին։
|
|
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԷՆ
|
|
Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական խտացեալ դասընթացքը՝ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու ուսանողներու եւ երիտասարդ համալսարանաւարտներու մասնակցութեամբ, յաջողութեամբ պսակուած էր։ Ծրագիրը կը ներառնէր դասախօսութիւններ, կրօնական արարողութիւններ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումներ, կլոր սեղաններ եւ տեսարժան վայրերու այցելութիւններ։
Արեւելեան թեմի տարբեր ծուխերէ մասնակցող 13 երիտասարդներն էին՝ Շանթ
Եղեան
,
Թալին
Տօնոյեան
,
Անահիտ
Տօնոյեան
,
Լոռի
Սիմոնեան
,
Միշէլ
Գոլանճելօ
,
Անուշ
Քրաֆեան
,
Անի
Չօպանեան
,
Իզապէլ
Յակոբեան
,
Ճուլիէթ
Յակոբեան, Մարի
Պիճիմենեան, Վրէժ
Տաուլի
,
Քնար
Թոփուզեան
եւ
Վիոլէթ
Տէկիրմէնճեան։
|
|
Շարունակելով մասնակիցներու տպաւորութիւններուն հրատարակութիւնը, ստորեւ կու տանք Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիէն Թալին Տօնոյեանի գրութիւնը.
|
|
Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Պէյրութ երկար ու յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ մը ետք, պէտք է խոստովանիմ, որ վստահ չէի, թէ ի՞նչ պէտք է ակնկալէի Լիբանանէն։ Վստահ չէի, թէ ո՞վ պիտի ընդունէր մեզ, ինչի՞ պիտի նմանէր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը կամ ի՞նչ պիտի պատահէր յաջորդ երկու շաբաթներուն, բայց յետադարձ հայեացքով՝ Աստուծոյ երախտապարտ եմ, որ այս փորձառութիւնը շատ աւելին եղաւ, քան պարզ «ամառնային դասընթացք» մը։
Անոր ընթացքին, օրհնուած էինք չորս նուիրեալ ու հաճելի Հայր Սուրբեր ունենալով մեր կողքին՝ Զարեհ, Պօղոս, Հրանդ եւ Աւետիք վարդապետները, որ մեզ ո՛չ միայն հոգեպէս առաջնորդեցին, բայց նաեւ մեր բոլոր կարիքներուն հասան, մեզ խնամելով, մեզի հետ խնդալով, ու այս փորձառութիւնը կիսելով ո՛չ միայն դասարանին մէջ, բայց նաեւ ընկերական շրջանակ մը ստեղծելով։ Անոնց դասերը մեզ գերեցին, արդէն մեր սրտին մօտ նիւթերէ սկսեալ, ինչպէս՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ կրօնական հարցերու մասին վիճաբանութիւններ, մինչեւ աւելի նոր ու նուազ ծանօթ նիւթերու, ինչպէս՝ էքիւմէնիզմը եւ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս Հայ Եկեղեցին կը տեղաւորուի այլ եկեղեցիներու շարքին մէջ։ Անոնց մնայուն ներկայութիւնը մեր դասերուն, նոյնիսկ երբ չէին դասաւանդէր, ընտանիքի եւ հանգստաւէտութեան զգացում մը կը ստեղծէին, ինչպէս՝ Արամ Վեհափառը մեզ վստահեցուցած էր մեր ժամանումին, յայտնելով, թէ ան չէր կրնար բարի գալուստ մաղթել մեզի, որովհետեւ արդէն մենք կը համարուէինք անոնց եկեղեցական ընտանիքին մէկ մասը։
Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումները իմաստալից ու անսովոր էին, եւ անդրադարձանք, թէ որքա՛ն բախտաւոր էինք բազմաթիւ առիթներ ունենալու՝ Վեհափառին հետ փոքր ու հաճելի հանդիպումներու ընթացքին խօսելու։ Ան պատասխանեց մեր դժուար հարցումներուն Հայ Եկեղեցւոյ ապագային, մեր աւանդութիւններն ու հայեցի ընտանիքները պահպանելու, եւ Սփիւռքի կացութեան մասին։ Մեր համատեղ ճաշերը լեցուն էին ծիծաղով, խինդով ու եռանդով։
Մեր ճամբորդութիւնները դէպի Ճիպէյիլ, Ճիւնի, Այնճար, Ազունիէ եւ այլուր կարելիութիւն տուին Լիբանանի իսկական հոգին փորձարկելու, բայց նաեւ հասկնալու, թէ երկիրը ի՛նչ տուած է Սփիւռքին եւ ինչպէ՛ս լիբանանահայութիւնը պահպանած է իր ինքնութիւնը։ «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, «Արամ Պէզիկեան» Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցին միայն մէկ քանին են մեր այցելած հրաշալի տեղերէն։
Այնքան հրաշալի փորձառութիւններու կողքին, պէտք է յիշատակեմ Անթիլիասէն մինչեւ Պիքֆայա մեր ուխտագնացութիւնը՝ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին։ Թէեւ յոգնած էինք ու մեր ոտքերը կը ցաւէին, մեզ շրջապատող հաւատացեալներուն ոգին մեզ կը քաջալերէր յառաջ երթալու եւ ուխտագնացութեան ոգեւորութիւնը պահպանելու։ Երիտասարդ հոգեւորականները մեր կողքին էին՝ երիտասարդ ու տարեց բազմաթիւ ուխտաւորներուն շարքին, ինչ որ աւելցուց մեր գոհացումն ու ըմբռնումը՝ այս տօնի կարեւորութեան։ Անմոռանալի եւ անզուգական առիթ մըն էր իսկապէս։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
ԽԱՉՎԵՐԱՑ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 3:13-21
Ո
՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է: Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ անոր, չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր, արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար:
–
Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին: Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ’ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են:
***
ԹՈՒՂԹ ԳԱՂԱՏԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:14-18
Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար: Կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ, այլ՝ նոր արարած ըլլալը: Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը ըլլան բոլոր անոնց հետ, որոնք այս սկզբունքին համաձայն կ’ապրին. բոլոր անոնց՝ որոնք իր ընտրեալ ժողովուրդը կը կազմեն:
Այսուհետեւ, խնդրեմ, ոեւէ մէկը աշխարհիկ հոգերով թող զիս չնեղէ, որովհետեւ ես Յիսուսի կը պատկանիմ, ինչպէս մարմնիս վրայ վէրքերուն սպիները կը վկայեն:
Եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ: Ամէն:
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 49:13-23
|
|
Այս Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Խաչվերացի տօնը, որ մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներ տօներէն վերջինն է։ Խաչվերացը կը տօնէ խաչի վերափոխումը, այսինքն՝ թէ ինչպէ՞ս պատժական գործիք մը ըլլալէ անցած է ու դարձած՝ կեանքի ու յաղթանակի պաշտելի կրօնական սրբազան խորհրդանիշը, որ այժմ փառաբանուած է։
Քրիստոնեայ եկեղեցիներու մեծ մասը Սեպտեմբեր 14ին կը նշէ այս սուրբ օրը, մինչ՝ Հայ Եկեղեցին զայն կը նշէ ամենամօտ Կիրակին։ Մահուան վրայ յաղթանակի խորհրդանիշ խաչին նուիրուած՝ հնագոյն տօնն է։ Քրիստոսի աշակերտներէն Յակոբը՝ Երուսաղէմի պատրիարք, Սուրբ Խաչը բարձրացուցած է կրօնական արարողութեան մը ընթացքին, մինչ կ՚երգէր «Խաչի ով Քրիստոս երկիր պագանեմք» շարականը, այսպէս ընդունելով խաչը իբրեւ փրկութեան խորհրդանիշ եւ գերագոյն պաշտամունքի առարկայ։ Յակոբ աւելի ուշ նահատակուած է Երուսաղէմի մէջ, եւ անոր գերեզմանին վրայ բարձրացած է Սրբոց Յակոբեանց լայնատարած հայոց վանքը։
Մեր տօնացոյցը խաչին նուիրուած չորս տօներ ունի, որոնցմէ ամենէն կարեւորը՝ Խաչվերացն է։ Միւս տօներն են՝ Երեւում Ս. Խաչի, Վարագայ Ս. Խաչ եւ Խաչի Գիւտ։ Ս. Խաչին նուիրուած այս տօներէն իւրաքանչիւրը կապուած են մեր Տիրոջ կեանքին ու փրկարար գործին։
Խաչվերացի արարողութեան սկիզբը կը կազմէ՝ Խաչին յարդարումը ռեհանով, ինչ որ թագաւորական նշան մըն է, բայց նաեւ խորհրդանիշ մը՝ կենդանի խաչին, որ եկեղեցւոյ շուրջ թափօրով կը տարուի։ Աստուածաշունչի ընթերցումներէն ետք, պատարագող հոգեւորականը խաչը կը բարձրացնէ եւ խաչի նշանը կը կատարէ՝ օրհնելով աշխարհի չորս ծագերը (Անդաստանի արարողութիւն), հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնն ու առատութիւնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ բարգաւաճման ու հողի պտղաբերման համար, ինչպէս եւ անոր բոլոր վայրերուն ու բնակիչներուն։
Խաչվերացի արարողութիւնը պատրաստուած է Կաթողիկոս Սահակ Ձորափորեցիի (677-703) կողմէ, որ նաեւ յօրինած է տօնին երգուող շարականը։ Այլ տաղաւար տօներու պէս, Խաչվերացին կը նախորդէ պահքի շրջան մը (Երկուշաբթի օրէն մինչեւ Ուրբաթ) եւ կը հետեւի Մեռելոցի օրը։ Այս տօնին նախօրեակը (նաւակատիք) նաեւ կը տօնուի։ Մեռելոցին յաջորդող Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը տօնական են ու նուիրուած՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Այս Կիրակի յիշատակուող անուններն են՝ Խաչատուր, Խաչիկ, Խաչերես, Ռեհան, Խաչխաթուն, Խաչուհի, Խաչբերուհի, Խոսրով, Խոսրովանոյշ, Խոսրովիդուխտ եւ Նշան։
|
|
Ինչպէս ըսուեցաւ, տաղաւար տօներուն հետեւող օրը՝ Մեռելոց է մեր տօնացոյցին մէջ։ Աւանդականօրէն, այս օր Ս. Պատարագ կը մատուցուի եւ հաւատացեալները գերեզմանատուները կ՚երթան՝ իրենց հանգուցեալներուն գերեզմանները օրհնել տալով։ Մեռելները յիշելը կարեւոր ծէս մըն է, ձեւով մը՝ հաւատքի ու սիրոյ արարք մըն է, որ անպայման ըմբռնում կամ բուժում չի բերեր ողջերուն։ Պարզապէս յիշատակում մըն է, ինչպէս ըրինք երէկ՝ Սեպտեմբեր 11, 2001ի Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի եւ Փենսիլվենիայի ահաբեկչական յարձակումներուն յիշատակումով։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Նամակներէն նմոյշներ ներկայացնելով, անոնց անունները միայն կը յիշենք՝ ինքնութիւնը պահպանելու համար։
Այս շաբաթ կը ներկայացնենք Գայիանէի նամակը։ Գայիանէն հովանաւորուած է տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեաններու կողմէ։
|
|
Բարեւագիր
Բարեւ Ձեզ, յարգելի բարերար, ես Գայիանէն եմ, 17 տարեկան։ Ես ապրում եմ սահմանամերձ Խնձորուտ գիւղում։ Սովորում եմ 12-րդ դասարանում։ Միւս տարի աւարտելուց յետոյ ես ուզում եմ սովորել որպէս դեղագործ։
Մասնագիտութիւնս ստանալուց յետոյ որոշել եմ, որ պէտք է մեր գիւղում բացել իմ սեփական դեղատունը, քանի որ իմ համագիւղացիները դեղ գնելու համար գնում են շրջկենտրոն։ Ես շատ էի սպասում Ձեզ։ Յուսով եմ որ շուտով կը տեսնեմ Ձեզ Հայաստանում։
Յարգելի բարերար, շնորհակալութիւն ձեր բարի գործի համար։
Յարգանքներով՝
Գայիանէ
|
|
Երեխաներ կան, որոնք հովանաւորի կը սպասեն Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեան ցուցակին մէջ։ Եթէ կ՚ուզէք որբ մը հովանաւորել,
սեղմեցէք այստեղ
արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանինս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով
(sophie@armenianprelacy.org)
կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։
|
|
Մեր դպրոցներուն մեծ մասին մէջ վերամուտը տեղի ունեցած է արդէն։ Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի նախակրթարանի դասարաններու օրուան վերամուտը տեղի ունեցաւ 4 Սեպտեմբերին՝ տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեանի եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք առաւօտեան ժողովին։ Յաջորդ օրը, մանկապարտէզի դասարաններու վերամուտն էր։
Մեր դպրոցներու աշակերտներուն ոգեւորիչ եւ յաջող ուսումնական տարեշրջան մը կը մաղթենք։
|
|
ԾԵՐԵՆՑ (ծնունդ՝ 16 Սեպտեմբեր, 1822)
|
|
Ինչպէս Րաֆֆին՝ արեւելահայերու մէջ, Ծերենց ժողովրդական վիպագիր մը եղած է արեւմտահայերու մէջ, որուն պատմավէպերը, հեռու անցեալին մէջ ընթանալով հանդերձ, շատերը ներշնչած են հայրենասիրական գաղափարներով։
Բուն անունով՝ Յովսէփ Շիշմանեան, ծնած է 16 Սեպտեմբեր, 1822ին, Պոլիս, կաթողիկէ ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Տասը տարեկանին, ծնողները զինք ղրկած են Ս. Ղազար, բայց Մխիթարեան վանքին մէջ հինգ տարուան ուսումէ ետք, մերժած է կուսակրօն քահանայ դառնալ, ու 1837ին վերադարձած՝ իր ծննդավայրը։ Հայերէնի, հայոց պատմութեան ու գրականութեան ուսուցչութեամբ զբաղած է քանի մը տարի, եւ 1843ին Թիֆլիս ճամբորդած, սկսելով երկար շրջագայութիւն մը Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ հայրենի հողին ու ժողովուրդին ծանօթանալու նպատակով։ Աւելի ուշ, իր տպաւորութիւնները պիտի հրատարակէր պոլսահայ մամուլին մէջ, որդեգրելով Ծերենզ գրչանունը։
1848ին, ապագայ վիպասանը որոշած է բժշկական ուսման հետեւիլ, մեկնելով Փարիզ։ Հոն, միաժամանակ ուսանած է Սորպոնի մէջ եւ դասաւանդած՝ Մխիթարեաններու Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին մէջ։ 1848ի ֆրանսական յեղափոխութիւնը, որուն ալիքները սփռուած են Եւրոպայի տարածքին, եւ իտալական ազատագրական շարժումը մեծապէս ներգործած են գրագէտի աշխարհահայեացքին վրայ։ Ան բարեկամական կապեր հաստատած է Փարիզ ուսանող այլ պոլսահայ մտաւորականներու հետ, ինչպէս Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ Ստեփան Ոսկան, որոնք կարեւոր դեր պիտի ունենային Զարթօնքի շարժումին մէջ։
Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1853ին Ծերենց վերադարձած է Պոլիս ու իր ասպարէզով զբաղած, միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերելով հայ հանրային կեանքին։ Յօդուածներ գրած է կրթական հարցերու շուրջ, Ազգային Սահմանադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն մասնակցած է, եւ պայքարած է հայ կաթողիկէ համայնքի դաւանական վիճաբանութիւններուն դէմ։
Զէյթունի ապստամբութեան (1862) նախօրեակին, Ծերենց մեկնած է Կիլիկիա՝ կրթական կալուածին մէջ աշխատելու համար, նպատակ ունենալով՝ բանալ երկրագործական դպրոց մը։ Սակայն, քաղաքական հետապնդումները զինք ստիպած են Պոլիս վերադառնալ։
Գրիգոր Օտեանի միջամտութեամբ, Ծերենց Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն կողմէ գործի ընդունուած է 1872ին։ Երկու տարի ետք, անոր կինը մահացած է, զինք առանձին ձգելով 14ամեայ աղջկան՝ Թագուհիին հետ, իսկ 1875ինն քանի մը ֆրանսացի կաթողիկէ մայրապետներու բանսարկութիւնները ստիպած են հիւանդանոցի տնօրէնը՝ Ծերենցը գործէ հեռացնելու։ 1876ին, օսմանեան կառավարութիւնը զինք ղրկած է Կիպրոս, որ այն ատեն աքսորավայր մըն էր, իբրեւ բժիշկ աշխատելու։
1878ին, Ծերենց հաստատուած է Թիֆլիս իր աղջկան հետ, որ հոն ամուսնացած էր։ Իր կեանքի վերջին տասնամեակին, ան շատ ժողովրդական վիպասան մը պիտի դառնար՝ պատմավէպի ծագման ու զարգացման կարեւոր նպաստ բերելով։ 1877ին, լոյս տեսած էր անոր առաջին ու ամենէն յաջող վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի», ուր կը նկարագրէ Կիլիկիոյ Թորոս Բ. իշխանապետի (1145-1169) կեանքն ու քաջագործութիւնները։ Թիֆլիսի մէջ, Ծերենց դասաւանդած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, իսկ 1877-1878ին ճամբորդած է Վան, Ալաշկերտ ու Բասէն՝ ռուս-թրքական պատերազմէն տուժած բնակչութեան բժշկական օժանդակութիւն մատուցելու համար։
Ծերենց ետեւ-ետեւի հրատարակած է իր յաջորդ վէպերը՝ «Երկունք Թ. դարու» (1879) եւ «Թէոդորոս Ռշտունի» (1881)։ Առաջինը՝ Յովնան Խութեցիի արաբական տիրապետութեան դէմ ապստամբութիւնը կը նկարագրէ (852-853), իսկ երկրորդը՝ 7րդ դարու բիւզանդա-պարսկական պատերազմներու շրջանին Հայաստանի վիճակը։ Վիպասանին ժողովրդականութիւնը երկարաձգուած է մինչեւ մեր օրերը։
1884ին, գրագէտը կորսնցուցած է իր մէկ հատիկ աղջիկը։ Այս ահաւոր հարուածը պատճառ դարձած է անոր առողջութեան կտրուկ վատթարացումին, որուն հետեւանքով ան կաթուածահար մահացած է Թիֆլիսի մէջ, 17 Փետրուար 1888ին, 66 տարեկանին։ Անոր ժողովրդականութիւնը, սակայն, հասած է մինչեւ մեզի։
|
|
ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
|
|
Crossroadsին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք պէտք է յղուին crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանը լուսանկարներ եւ կարեւոր փաստաթուղթեր թուայնացնելու խիստ անհրաժեշտ գործընթացի մը ձեռնարկեց այս տարուան սկիզբը։ Շաբաթէ շաբաթ մեր արխիւներուն մէջ գտնուող հետաքրքրական նիւթեր կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։
|
|
Այս շաբթուան լուսանկարը ճիշդ կէս դար ունի։ Ապրիլ 1969ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Խորէն Ա., կը կատարէր իր առաջին հայրապետական այցելութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներ ու Գանատա։ Վեհափառ Հայրապետը կը ժամանէր Նիւ Եորք՝ 10 Ապրիլին, ընկերակցութեամբ Յունաստանի թեմի առաջնորդ՝ Սահակ արք. Այվազեանի, եւ տէր եւ տիկ. Ճորճ Մարտիկեանի, որոնք մեկնած էին Լիբանան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի անունով Վեհափառին ընկերակցելու, իր ճամբորդութեան ընթացքին։ Պրն. Մարտիկեան Առաջնորդարանի ընդունելութեան յանձնախումբի ատենապետն էր։
Իր ժամանման առթիւ, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց. «Մեծ ուրախութեամբ եւ սրտի գոհունակութեամբ՝ ոտք կը դնենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այս օրհնուած հողին վրայ։ Կը հաւատանք, որ մեր այս առաջին հայրապետական այցելութիւնը՝ իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռի Կաթողիկոս, արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, թէ՛ դարաւոր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ թէ՛ այս ափերու ամերիկահայ համայնքին համար…»։ Հայրապետական այցելութիւնը ընդգրկեց Արեւելեան ափը, Միջին Արեւմուտքի շրջանը, Գալիֆորնիան ու Գանատան։ Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ 10 Ապրիլէն մինչեւ 30 Յուլիս, 1969։
Այս լուսանկարը առնուած է, երբ Խորէն Ա. Վեհափառի թափօրը կը քալէր Նիւ Եորքի 27րդ փողոցէն՝ դէպի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի։ 27րդ փողոցի երկու մայթերը լեցուն էին ծխականներով, բարեկամներով եւ դրացիներով, որոնք եկած էին Կաթողիկոսը տեսնելու։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի առաջնորդ՝ Հրանդ արք. Խաչատուրեան (ձախին), Սահակ արք. Այվազեան (աջէն երկրորդը) եւ Արսէն վրդ. Աւետիքեան։
|
|
7 Սեպտեմբեր
—Նուարքի Արուեստի թանգարանը կը ներկայացնէ երգահան Միշէլ Էքիզեանի «Կորքիի երազային պարտէզը»՝ սիրոյ, քաջութեան եւ արդի արուեստի երաժշտա-թատերական օփերան, հիմնուած՝ Արշիլ Կորքիի կեանքին վրայ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին։ Հասցէ՝ Newark Museum of Art, 49 Washington Street, Newark, New Jersey։ Օփերային մուտքի սակը ներառեալ է թանգարանի մուտքի վճարումին մէջ։ Տեղեկութիւններու համար՝
www.newarkmuseum.org
կամ 973-596-6550։
8 Սեպտեմբեր
—Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս)։ Տարեկան դաշտահանդէս՝ կէսօրէն մինչեւ ժամը 5:30, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Խաչի թափօր՝ ժամը 2:30ին։
22 Սեպտեմբեր
—Նիւ Պրիթընի (Քընեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէս եւ գնդ. Չարլզ Ալեքսի 100րդ տարեդարձի անակնկալ տօն՝ եկեղեցւոյ սրահին եւ տարածքին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00էն մինչեւ ժամը 4:00։
28 Սեպտեմբեր
—Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը կը ներկայացնէ երգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ՝«Նայիրի» պարախումբի յատուկ ելոյթ։ Երեկոյեան ժամը 8:00ին, Felician University, Breslin Hall, Lodi, New Jersey։ Տոմսակները միայն առցանց կը վաճառուին՝ yap.events/lilithovhannisyan։
9-12 Հոկտեմբեր
—Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
12 Հոկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
16 Հոկտեմբեր
—«Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. զրոյց մը՝ մարտահրաւէրներու եւ նոր մօտեցումներու մասին»։ Բազմաձայն զրոյց, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի, «Զոհրապ» Տեղեկատուական Կեդրոնի եւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան կողմէ։ Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00ին։ Ներածութիւն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեան։ Զրուցավար՝ դոկտ. Քրիսթոֆըր Շխլեան։ Զրուցողներ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, պրն. Ճեսի Արլէն եւ տիկ. Կիլտա Քիւփէլեան։ Տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնեցէք (212)689-7231 թիւին կամ գրեցէք
anec@armenianprelacy.org
հասցէին։
19 Հոկտեմբեր
—Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակ եւ ծննդեան 80րդ տարեդարձ։ Theatre in the Park, Flushing Meadows, Queens, New York, երեկոյեան ժամը 7:05ին։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։
19 Հոկտեմբեր
—Հայկական պազար, Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս), առաւօտեան ժամը 11։00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00։
26 Հոկտեմբեր
—Հայ Մամուլի տարուան, «Հայրենիք»ի 120ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի 85ամեակի առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանի եւ «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար կը կազմակերպեն միօրեայ գիտաժողով մը՝ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
9-10 Նոյեմբեր
—Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։
17 Նոյեմբեր
—Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Պիտի մեծարուի Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 26 տարուան աշխատանքը Հայաստանի ու Արցախի մէջ։
15 Մարտ, 2020
— Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։
13-16 Մայիս, 2020
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|