“Crossroads”ի այս սրբագրուած տարբերակին մէջ, «Սկսինք աղօթք» նիւթին յղումը (link) նորոգուած է։
19 Սեպտեմբեր, 2019
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
“Crossroads”ի ընթերցումի ձեր փորձառութեան սկսելէ առաջ, ահա Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»էն ընթերցում մը՝ Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեր պատանի ծխականներէն մէկուն կողմէ։

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Շաբաթ, 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ անկախութեան 28ամեակը կը նշենք։ 1988ին ղարաբաղեան շարժման սկզբնաւորութենէն ետք, 23 Օգոստոս, 1990ին հրապարակուած անկախութեան հռչակագիրը իր բնական աւարտին կը յանգէր աւելի քան տարի մը ետք՝ անկախութեան ժողովրդային հանրաքուէով։
 
Ազգի մը կեանքին, ինչպէս անհատի մը կեանքին մէջ, հանգրուաններ կան, որոնք կարեւոր դէպքեր կը նշեն՝ յաղթական թէ ողբերգական, բարենպաստ թէ ահաւոր։ Մինչ նման հանգրուաններ սովորական են բազմաթիւ ազգերու կեանքին մէջ, պատմութեան վերիվայրումները կարգ մը նշանակալից թուականներ ու դէպքեր դրոշմած են հայ ազգի կեանքին մէջ, որոնցմէ մէկը՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, անկախութեան հռչակագիրն է։
 
Անկախութիւնը թոյլ պիտի տար, որ հայ ժողովուրդը կարողանար որոշել իր ճակատագիրը՝ պատեհութիւնը ունենալով իր ինքնութեան մայր գիծերուն համաձայն կազմակերպուած ընկերութիւն մը հաստատելու, հիմնուելով քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքներու վրայ, ինչպէս՝ խօսքի, մամուլի եւ խղճի ազատութիւնը։ 1918-1920ի կարճատեւ անկախութենէն ետք, 1991ին վերագտնուած անկախութիւնը կը վերահաստատէր մեր ժողովուրդին իրաւունքը՝ կեանքի սեփական հայեացքով, սեփական հաւատալիքներով եւ իր սեփական հողին վրայ ապրելու։

Յաջորդող տարիները դիւրին չեն եղած (մարդ չէ ըսած, թէ դժուար պիտի չըլլային), իսկ յառաջիկայ տարիները ա՛լ աւելի մեծ ու սպառնալից մարտահրաւէրներով յղի պիտի ըլլան։ Թող Արարիչը բարի աչքով նայի եւ Իր հովանաւորութիւնն ու իմաստութիւնը ընձեռէ հայ ժողովորդին՝ իր պատմութեան այս ճակատագրական պահուն։

ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ՍԱՐԳԻՍԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, պիտի պատարագէ ու քարոզէ Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սարկաւագ պիտի ձեռնադրէ կիսասարկաւագներ՝ Պերճ Յակոբեանը, Ռաֆֆի Նէնէճեանը եւ Ռազմիկ Նէնէճեանը։ 

ՈՒՍՏԸՐԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
85ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ շրջապատուած Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ծխականներով
Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Ուստըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետելով Խաչվերացի տօնին ու ռեհանի օրհնութեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ծուխի 85ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ։ 
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Անցեալ շաբաթ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր առաջնորդական ընտրութեան (8 Սեպտեմբեր, 2018) առաջին տարին բոլորելուն առիթով՝թեմիս հաւատացեալներուն պատգամ մը ուղղեց։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ առաջնորդութեան առաջին տարին յաջողութեամբ ամբողջացնելուն համար։ «Ուրախ եմ յայտնելու Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, Երեսփոխանական Ժողովի պատգամաւորներուն, Ծխական Հոգեւոր Հովիւ ու Հոգաբարձութեանց եւ յարակից Մարմիններուն, Քոյր Կազմակերպութեանց, Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան` որ ձեր գործակցութեամբ ու զօրակցութեամբ բոլորեցինք յաջող եւ արդիւնաւէտ տարի մը», աւելցուց ան: Այնուհետեւ, կատարեց հակիրճ անդրադարձ մը այն նոր գործունէութիւններուն ու ծրագիրներուն, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին հարստացուցին Առաջնորդարանի առաքելութիւնը։ Եզրափակելով իր պատգամը, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ ձեր անվերապահ աջակցութեամբ՝ յաջողեցանք կատարել այս բոլորը, եւ կը յուսանք այս եւ աւելին ընել յառաջիկային: Ինչպէս մենք կ՚աղօթենք ձեզի համար, դուք ալ մեզի համար աղօթեցէք, որպէսզի ծառայենք՝ Աստուծոյ շնորհքով եւ հայու շունչով առլցուն»: 

Ուղերձին ամբողջութիւնը կարելի է կարդալ այստեղ՝ հայերէնով եւ անգլերէնով ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ
Ամէն տարի, «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ը շեշտը պիտի դնէ Ազգ. Առաջնորդարանի բազմակողմանի առաքելութեան մէկ երեսին վրայ։ Այս նոր աւանդութեան հիմքը պիտի դրուի Կիրակի, 17 Նոյեմբերին։ Որպէս օրուան սկիզբ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն), առաւօտեան ժամը 10:30ին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Terrace on the Parkի մէջ (Քուինզ, Նիւ Եորք)։ Հիւրասիրութիւնը պիտի սկսի ժամը 2:00ին, իսկ ճաշկերոյթն ու յայտագիրը՝ ժամը 3:00ին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ը յղացուած է «մեր ժողովուրդին, առանց բացառութեան, շնորհակալութիւն յայտնելու՝ Առաջնորդարանի հովանաւորած ծրագիրներուն՝ անոր բերած անսակարկ նուիրումին համար։ Հետեւաբար, ամէն տարի յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք տարբեր ծրագրի մը։ Առաջին ձեռնարկին որոշած ենք մեծարել հայրենիքի մէջ Առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած «Մեծն Ներսէս» Բարեգործական ու Ընկերային Կազմակերպութեան բերած ծառայութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդին։ Թէեւ այս աշխատանքին արմատները կը հասնին մինչեւ 1988ի երկրաշարժը, բարեգործական գրասենեակին պաշտօնական հաստատումը տեղի ունեցաւ աւելի քան 25 տարի առաջ։ Արդարեւ, «Մեծն Ներսէս» պաշտօնապէս նշած է իր 25ամեակը։ Հետեւաբար, Նոյեմբեր 17ին պիտի նշենք անոր 25 + 1 տարեդարձը, այսինքն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ 26 տարուան սիրոյ գործը»։
CAMECTԻ ԺՈՂՈՎ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ հոգեւորական եւ աշխարհական ղեկավարներու հետ
CAMECTի ժողովին 
CAMECT կազմակերպութեան (Քրիստոնեայ Արաբ եւ Միջին Արեւելեան Եկեղեցիներ Միասին) կիսամեայ ժողովը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Սեպտեմբերին, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կեդրոնատեղիին մէջ (Սթէյթըն Այլընտ, Նիւ Եորք)։ CAMECT ը հասարակաց ճիգ մըն է՝ Միացեալ Նահանգներու 14 կրօնական համայնքներու, որոնք կը պատկանին կամ կապուած են իրենց համապատասխան եկեղեցիներուն՝ Միջին Արեւելքի մէջ։ Հանդիպումները տեղի կ՚ունենան տարին երկու անգամ կամ աւելի՝ ըստ կարիքի։ Վերջին ժողովին մասնակցած էին, ի շարս այլոց, Անուշաւան արք. Դանիէլեան՝ ատենապետ, Կրեկըրի եպս. Մանսուր՝ ատենադպիր, Դաւիթ Եպիսկոպոս (Ղպտի Ուղղափառ թեմ), Ճոզէֆ Արքեպիսկոպոս (Անտիոքեան Ուղղափառ թեմի մետրոպոլիտ), Թոմըս վրդ. Զային՝ ատենադպիր։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԷՔԶԱՐՔԸ 
Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց ԱՄՆի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ թեմի էքզարք Միքայէլ եպս. Մուրատեանի այցելութիւնը։ Երկու հոգեւորականները քննարկեցին համայնքը շահագրգռող տարբեր խնդիրներ։ 

ՀՕՄ-Ի ՎԱՐՉԱԿԱՆՆԵՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ
Նոյնպէս Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Անի Աթթարի եւ փոխատենապետուհի Սանտրա Վարդանեանի հետ։ Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ տիկ. Մարի Կիւլիւմեան, որ վերջերս նշանակուած է Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի։ Հանդիպումին ընթացքին, տեղի ունեցաւ մտքերու արդիւնաւէտ փոխանակում՝ մեր համայնքի հայկական դպրոցներուն, ինչպէս եւ կարգ մը ծրագիրներու մասին, որոնք կրնան գործադրուիլ դպրոցներու առաքելութեան նպաստելու համար։ 

ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԷՆ
Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, Արեւելեան թեմի տարբեր ծուխերէ 13 երիտասարդներ մասնակցեցան անցեալ Օգոստոսին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկութեան կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական դասընթացքին, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերէ մասնակիցներու կողքին։ Մեր թեմի մասնակիցներն էին՝ Շանթ Եղեան, Թալին Տօնոյեան, Անահիտ Տօնոյեան, Լոռի Սիմոնեան, Միշէլ Գոլանճելօ, Անուշ Քրաֆեան, Անի Չօպանեան, Իզապէլ Յակոբեան, Ճուլիէթ Յակոբեան, Մարի Պիճիմենեան, Վրէժ Տաուլի , Քնար Թոփուզեան եւ Վիոլէթ Տէկիրմէնճեան։
Մասնակիցներու տպաւորութիւններու մեր հրատարակած շարքը կ՚եզրափակենք Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիէն՝ Անահիտ Տօնոյեանի գրութեամբ։ 
Երբ օդանաւը Լիբանան իջաւ, մարմինս կը յորդէր յուզումով։ Հասած էի ծնողքիս ծննդավայրը, հոն ուր ընտանիքիս արմատները դրուած էին։ Ծնողներէս ոեւէ մէկը Լիբանան վերադարձած չէր՝ մեկնելէ ետք, եւ առիթը ունէի ընտանիքիս մէջ առաջինը ըլլալու, որ կ՚այցելէր այդ երկիրը՝ շնորհիւ ամառնային դասընթացքին։ Մեր բոլոր դասերէն սկսեալ մինչեւ Արամ Վեհափառի հետ հանդիպումները, շատ մը բաներ սորվեցայ, որ հարստացուցին իմ հոգեկան ու անձնական կեանքս։
           
Ամէն օր միասին նստեցանք շարք մը դասերու համար։ Նիւթերը կ՚ընդգրկէին մեր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութենէն մինչեւ Պատարագի ու Աւետարանի հիմքերը, եւ մեր Եկեղեցւոյ կապերը աշխարհի ուրիշ եկեղեցիներու հետ։ Տարբեր դասախօսներու լսեցինք եւ առիթը ունեցանք մեր մտածումները բանաձեւելու եւ հարցումներ տալու։ Իմ ամենասիրած դասերս անոնք էին, ուր առաջին հերթին հարց մը կը դրուէր մեր առջեւ եւ պատասխանը պէտք է տայինք՝ մեր սեփական կարծիքը յայտնելով եւ մեր մտածումները սեղանին վրայ դնելով, դասի սկսելէ առաջ իսկ։ Այս մօտեցումը առիթը կու տար, որ սեփական մտածումներս ձեւակերպէի, եւ ապա տեսնէի, թէ ինչպէ՞ս փոխուած էին՝ նիւթին մասին յաւելեալ գիտելիքներ ստանալէ ետք։

Մեր մտածումները ամենէն աւելի թարմացնող քննարկումները ունեցանք, երբ Արամ Վեհափառին հետ կը հանդիպէինք։ Վեհափառ Հայրապետը մեր բոլոր հարցումներուն պատասխանեց եւ մեր փնտռած պատասխանները տուաւ մեզի։ Ան խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս ներգրաւել երիտասարդութիւնը եկեղեցիին մէջ եւ ինչպէ՛ս աւելի հոգեւոր մակարդակի մը վրայ ընդգրկուիլ Պատարագին մէջ։ Վեհափառի ամենէն համոզիչ խօսքերը լսեցի Ս. Աստուածածնի տօնին իր քարոզին ընթացքին։ Ան խօսեցաւ հայ լեզուի կարեւորութեան եւ զայն մանուկ հասակին սորվեցնելու մասին։ Այս քարոզը միտքս մնաց, քանի որ ուսուցիչԱեմ «Մուրատ» ազգային վարժարանին մէջ (Փրաւիտընս)։ Փոքր տարիքիս սկսայ հայկական դպրոցք յաճախել եւ, շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ուսուցիչի օգնական եղայ, իսկ հիմա Կոկոն դասարանի ուսուցչուհի եմ։ Վեհափառին մտածումները եւ իմիններս նոյնն էին։

Փորձառութիւնը միայն դասերու եւ քննարկումներու մասին չէր։ Առիթը ունեցանք նաեւ տարբեր շրջապտոյտներ ընելու եւ մեր միջոցներով երկիրը ճանչնալու։ Իրապէս գնահատելի էր այս առիթը՝ այս տարուան երիտասարդական լսարանին մասնակցելու։  
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑ
(ՎԱՐԱԳԱՅ ԽԱՉԻ ՊԱՀՔԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ (10:1-12)

Յիսուս հոնկէ ելլելով, եկաւ Հրէաստանի սահմանները, Յորդանան գետին դիմացի կողմը, եւ դարձեալ ժողովուրդը խռնուեցաւ իր շուրջ, եւ ինք իր սովորութեան համաձայն նորէն անոնց կ’ուսուցանէր:
Փարիսեցիները Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.
Մեր Օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի:
Անոնք պատասխանեցին.
Մովսէս մեզի արտօնութիւն տուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց:
Տան մէջ աշակերտները դարձեալ նոյն նիւթին շուրջ հարցուցին Յիսուսի: Անիկա պատասխանեց.
Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ առաջինին դէմ: Կինն ալ, եթէ իր ամուսինէն արձակուելէն ետք ուրիշի մը հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ:
 
* * *

Բ. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ (10:18-11:10)

Իսկապէս ընտրուածը ան չէ՛ որ ինքզինք կը գովէ, այլ ան՝ որ Տիրոջ կողմէ կը գովուի:
 
Սակայն կը յուսամ քիչ մը ներողամիտ կ’ըլլաք, եթէ անմտօրէն ես ալ պարծենամ, ըրածներս յիշեցնելով ձեզի: Իսկ դուք համբերութեամբ լսեցէք: Ես ձեզի հանդէպ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ լեցուած՝ կ’ուզեմ որ միայն Քրիստոսը սիրէք, ինչպէս մաքուր կոյս մը որ իր սէրը կը վերապահէ անոր՝ որ իր ամուսինը պիտի ըլլայ: Բայց կը վախնամ որ ձեր միտքը ապականի եւ հեռանաք Քրիստոսի հանդէպ ամբողջական եւ
մաքուր նուիրումէն, ճիշդ ինչպէս Եւան խաբուեցաւ օձին խորամանկ սուտերէն: Կը վախնամ որ նոյնքան դիւրութեամբ ընդունիք ո՛եւէ մէկը՝ որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, ձեր ստացած Հոգիէն տարբեր հոգի մը, կամ ձեր ընդունած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը կը քարոզէ ձեզի:
 
Չեմ գիտեր թէ ես ձեր այդ նշանաւոր «առաքեալ»ներէն բանով մը ետ կը մնա՞մ: Թէպէտ ճարտար խօսող մը չեմ, բայց խօսածս գիտեմ: Եւ կարծեմ ատիկա ապացուցանեցի ձեզի ամէն ինչով: Արդեօք մե՞ղք գործեցի, որ Աստուծոյ Աւետարանը ձրիօրէն քարոզեցի ձեզի եւ ինքզինքս խոնարհեցուցի՝ ձեզ բարձրացնելու համար: Ձեւով մը միւս եկեղեցիները կողոպտած եղայ, ապրուստս անոնցմէ առնելով, որպէսզի ձեզի ծառայեմ ձրիօրէն: Ձեր քով եղած ատենս նոյնիսկ երբ կարիքի մէջ եղայ, ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չեղայ. Մակեդոնիայէն եկած եղբայրները հոգացին պէտքերս: Եւ ինչպէս անցեալին զգուշացայ, ասկէ ետք եւս ամէն կերպով պիտի զգուշանամ ձեզի բեռ ըլլալէ: Բայց Քրիստոսի ճշմարտութեամբը, որ իմ ներսիդիս է, կ’ըսեմ՝ թէ այս բաներով պիտի պարծենամ ամբողջ Աքայիայի մէջ, բոլորին պատմելով: 
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 14:3-17
ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին, Վարագայ Ս. Խաչ Պահքի Բարեկենդանն է։ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրերը պահքի օրեր են, որոնք կը կանխեն Կիրակի, 29 Սեպտեմբերի Վարագայ Ս. Խաչի տօնը։ 

ՓԵԲՐՈՆԷ, ՄԱՐԻԱՆԷ ԵՒ ՇՈՒՇԱՆ ՍՈՒՐԲ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՏՕՆԵՐԸ
Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Փեբրոնէն, Մարիանէն եւ Շուշան սուրբ կոյսերը։ Ամենէն ծանօթը Շուշանն է՝ Վարդան Մամիկոնեանի դուստրը եւ Սահակ Պարթեւի ծոռը։ Ան դաստիարակուած էր մօր՝ Սահականոյշի, եւ Ս. Սահակի շունչին տակ։ Անոր հօր կեանքն ու նահատակութիւնը ներշնչած էին զայն՝ նուիրեալ ու հաւատացեալ քրիստոնեայ մը դառնալու։ Աւազանի անունը Վարդենի էր, բայց կոչուած էր Շուշան՝ արտակարգ բարեպաշտութեան պատճառով։ Ամուսնացած էր Վրաստանի թագաւորի որդիներէն մէկուն՝ Վազգէնին հետ, եւ ունէր երեք որդի ու դուստր մը։ Աներոջ մահէն ետք, իշխանատենչ ամուսինը մեկնած էր Պարսկաստան, հրաժարած՝ քրիստոնէութենէ, եւ Վրաստան վերադարձած՝ ուրիշ կնոջ մը հետ, փորձելով, որ Շուշանը հրաժարէր իր քրիստոնէական հաւատքէն։ Բանտարկութեան ու չարչարանքի տարիներէ ետք, ան մերժեց հրաժարիլ այն հաւատքէն, որուն համար իր հայրը քաջաբար կռուած ու զոհուած էր։
 
Փեբրոնէ արտակարգ գեղեցկութեամբ կոյս մըն էր, որ Մծբին (Միջագետք) կ՚ապրէր եւ որուն առաջարկուեցաւ հրաժարիլ իր կրօնքէն՝ հալածանքէ ու չարչարանքէ զերծ մնալու համար։ Ան մերժեց ու չարաչար նահատակուեցաւ։
 
Քրիստոնեայ կին մը թաքուն մեծցուցած էր կռապաշտներու դուստր Մարիանէն, որ տասներկու տարեկանին մկրտուելէ ետք, տասնհինգ տարեկանին հօրը խոստովանած էր իր քրիստոնեայ ըլլալը։ Մերժած էր թէ՛ հրաժարիլ իր կրօնքէն եւ թէ՛ ամուսնանալ տեղական պաշտօնատարի մը հետ, որուն յայտնած էր, թէ «ամուսնացած էր Քրիստոսի հետ»։ Այդ պատճառով ան եւս իր կեանքը աւարտած էր չարչարանքով ու նահատակութեամբ։
 
Այս շաբաթ նաեւ կը յիշուին՝
Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր՝ Ս. Սիմէոն Սիւնակեաց,
Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր՝ Բարաղամ, Անթիմոս եւ Երանոս հայրապետները։
ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Նամակներէն նմոյշներ ներկայացնելով, անոնց անունները միայն կը յիշենք՝ ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Այս շաբթուան նամակը գրած է Դաւիթը, որուն հովանաւորն է՝ Վարուժան Գալուստեանը։ 

«Բարեւ Ձեզ իմ յարգելի բարերար,

Ես Դաւիթ …… եմ, ծնուել, Տաւուշի մարզի Արճիս համայնքում։ Ես արդէն 18 տարեկան եմ, մանկուց տառապում եմ արեան Հեմոֆիլիա “A” հիւանդութեամբ։ Հայրս մահացել է 2005 թուականին եւ իմ խնամակալութեամբ զբաղւում է մայրս։ Ես Արճիսի միջնակարգ դպրոցի IX դասարանը աւարտելուց յետոյ ընդունուելու եմ Երեւանի Պետական ֆինանսատնտեսագիտական համալսարանի քոլէջի ապահովագրութեան բաժինը, այս տարի ես վերջացնում եմ քոլէջը։ Ես անչափ գոհ եմ Ձեզնից, Աստուած Ձեզ այնքան առողջութիւն եւ ուժ տայ, որ օգնում էք իմ նման կարիքաւոր երեխաներին։ Ձեր ուղարկած գումարով մայրս հոգում է մեր հագուստի եւ տրանսպորտի հարցերը։ Եւ անչափ շնորհակալ եմ Մեծն Ներսէս կազմակերպութիւնից, որ իմ նման երեխաների խնդիրները հասցնում են Ձեզ՝ Ձեր նման մեծահոգի մարդկանց։

Թէկուզ աշխարհի որ ծայրում էլ լինենք, հայը հայի հանդէպ ունեցած սէրն ու յարգանքը երբեք չի կորում։ Ես անչափ շնորհակալ եմ Ձեզնից։ Ձեր՝ Դաւիթ»։

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել, սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանինս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ԽԱՉՎԵՐԱՑ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 14 Սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ մատաղօրհնութիւն։ Հարիսայի աւանդական մատաղը նուիրուած էր Մուսա Տաղի ինքնապաշտպանութեան 104ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80ամեակին։ 

ԽԱՉՎԵՐԱՑ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ
Անցեալ Կիրակի գեղեցիկ օր էր Մասաչուսեթս նահանգի Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիէն ներս: Սուրբ Պատարագի աւարտին, Տէր Անդրանիկը, կիսասարկաւագներն ու սարկաւագները խորանի մնացեալ ծառայողներուն հետ միասին թափօր մը կազմեցին, որ Անդաստանի արարողութիւնը կը կատարէր՝ օրհնելով ժողովուրդին եւ աշխարհի չորս անկիւնները`ռեհանով զարդարուած Սուրբ Խաչով: Միջոցին, Տէր Հայրը հաւատացեալներուն վարդագոյն ջուրով կը ցօղէր իբրեւ Աստուծոյ օրհնութեան նշան, որ կը թափուի հաւատացեալներուն վրայ Սուրբ Խաչին միջոցով: Ամէն տարի Խաչվերացի տօնին կը նշուի Կիրակնօրեայ դպրոցի նոր ուսումնական տարուան սկիզբը, եւ ուսանողները անհամբերութեամբ կը մտնեն եկեղեցի, որպէսզի Տէր Հայրը իրենց վրայ ջուր «ցօղէ»: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցի տարեկան դաշտահանդէսը։

ԽԱՉՎԵՐԱՑ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՌէՅՍԻՆԻ ՄԷՋ
Խաչվերացի տօնին առիթով, Ռէյսինի (Իլինոյ) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ Անդաստանի արարողութիւնը կատարուեցաւ։
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
ՀՕՄ֊ի Զաւարեան միօրեայ վարժարանի վերամուտը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 5֊ին։ Ամառնային եռամսեայ արձակուրդէն ետք, աշակերտները, լիցքաւորուած ու կազդուրուած, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ վերադարձան դպրոց։

Երեք դասարաններէ բաղկացած մեր դպրոցը ունի գրեթէ երկու տասնեակի հասնող աշակերտներ՝ 5-13 տարեկան։ Դասընթացքը տեղի կ՚ունենայ Ուրբաթ երեկոյեան (5։30-7։30), համեմատաբար հայահոծ արուարձանի մը վարձակալուած դպրոցի դասարաններուն մէջ։

2019-֊2020 տարեշրջանին ՀՕՄի Զաւարեան դպրոցը ունեցաւ երկրորդ մասնաճիւղ մը եւս, որուն դասընթացքները տեղի պիտի ունենան Շաբաթ առաւօտեան ժամը 10։00էն 12։00։ Շաբաթ օրուան դասընթացքը կը միտի նորանոր աշակերտներ ներգրաւել, որոնք հեռաւորութեան պատճառով ցարդ առիթը չեն ունեցած ՀՕՄի Զւարեան վարժարան յաճախելու։

Յոյսով ենք, որ այս նախաձեռնութիւնը անարձագանք չի մնար եւ սակաւաթիւ աշակերտներուն շարքերը շուտով կը համալրեն նորեկներ։

Տարեշրջանը կը սկսինք լաւատեսութեամբ եւ մայրենիին խնկարկելու վճռակամութեամբ։
 ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ (ծնունդ՝ 19 Սեպտեմբեր, 1869)
Մէկուկէս դար առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կը ծնէր վիպասան Շիրվանզադէի խօսքերով՝ «ծիծաղի համար ծնուած մեծագոյն հայ երգիծաբանը» Յակոբ Պարոնեանէն ետք։ Երուանդ Օտեան պիտի գերազանցէր հայոց երգիծաբանութեան հայր Պարոնեանը իր արտադրութեան թիւով ու տեսականիով։ Ան ունէր որեւէ պահու արտադրելու իւրայատկութիւնը։ Օտեանի գործերը յաճախ հրատարակուած են օրաթերթերուն մէջ որպէս թերթօն, ֆրանսական  feuilleton -ի օրինակով. շատերը լոյս տեսած են առանձին գիրքով, իսկ ուրիշներ՝ երկար տասնամեակներ անտիպ մնացած։

Օտեան ծնած էր 19 Սեպտեմբեր 1869ին ու հասակ առած՝ քաղաքական գործիչ ու պետական պաշտօնատար հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի յարկին տակ, ուր ականատես եղած է գրական յայտնի անուններու զրոյցներուն, բանավէճերուն։ Մէկ տարի (1882-1883) Պէրպէրեան վարժարան յաճախելէ ետք, իր ֆիզիքական տկարութեան պատճառով կը ձգէ ու կ՚անցնի տնային անձնական դասերու եւ անյագուրդ ընթերցանութեան՝ հայերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով։

Գրական ասպարէզ նետուած է 1887ին թարգմանութեամբ եւ գրական ուսումնասիրութիւններով։ Հինգ տարի ետք, Պոլսոյ յայտնի «Հայրենիք» օրաթերթին օգնական խմբագիրը դարձած է՝ Արփիար Արփիարեանի օրով։ Ան յարատեւօրէն քրոնիկ արտադրած է, պատմուածքներ եւ վիպակներ ու վէպեր, իր նիւթերը վերցնելով ընկերային եւ քաղաքական կեանքէն։ 1896ին Օտեան դարձած է «Հայրենիք»ի խմբագիր, սակայն նոյն տարին, երբ հալածանքն ու ջարդը սկսած էին Պոլսոյ մէջ, ստիպուած է լքել Օսմանեան կայսրութիւնը։ Յաջորդ տասներկու տարիները տարագրութեան մէջ ապրած է՝ Յունաստան, Փարիզ, Անգլիա, Աւստրիա, Հնդկաստան ու Եգիպտոս, ինչ որ յետագային նկարագրած է «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս» (1912-1913) յուշագրութեան մէջ։ Հրատարակած է քանի մը թերթեր Յունաստանի, Փարիզի եւ Եգիպտոսի մէջ, եւ գրած քանի մը գործեր, ինչպէս նաեւ՝ պատմուածքներու շարք մը «Յեղափոխութեան մակաբոյծները» անունին տակ (1899)։

Օսմանեան յեղափոխութենէն ետք, Օտեան 1909ին Պոլիս վերադարձած է։ Շարունակած է գրական գործը, հրատարակելով բազմաթիւ երգիծական թերթեր։ 1909-1915 շրջանին արտադրած է իր քաղաքական եւ ընկերային-երգիծական գլուխ գործոցներէն մէկ քանին. «Ընկեր Փանջունի»ի առաջին երկու բաժինները (1910 եւ 1914), «Ընտանիք, պատիւ, բարոյական» (1910), «Վաճառականի մը նամակները» (1914), «Թաղականին կնիկը»   (1915), երկու արկածախնդրական վէպեր Ապտուլ Համիտի բռնապետական կառավարութեան մասին՝ «Ապտուլ Համիտ եւ Շերլոք Հոլմս   (1911) եւ «Սալիհա Հանըմ կամ բանակը բռնաւորին դէմ» (1912), եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու երգիծական դիմաստուերները՝ ««Մեր երեսփոխանները» (1913) խորագրով։ Օտեան նաեւ ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է Լէոն Թոլսթոյի «Յարութիւն»ը (1910) եւ «Աննա Քարանինա»ն (1911), ինչպէս նաեւ Էմիլ Զոլայէն, Ֆէոտոր Տոսթոյեւսքիէն, Մաքսիմ Կորքիէն, Մարք Թուէյնէն եւ ուրիշներէ գործեր։

Օտեան յաջողած է խուսափիլ Ապրիլ 24, 1915ի ձերբակալութիւններէն, բայց Օգոստոսին թուրք ոստիկանութեան ձեռքը ինկած ու աքսորուած է։ Սակայն, երեք ու կէս տարի վերապրած է աքսորականի կեանքին, զոր նկարագրած է իր յուշագրութեան մէջ՝ «Անիծեալ տարիներ»   (1918-1919)։ Պոլիս վերադարձած է Հոկտեմբեր 1918ի զինադադարէն ետք եւ վերսկսած՝ գրական գործունէութեան, վերստին աշխատակցելով թերթերու —միաժամանակ քանի մը թերթերու մէջ ամէնօրեայ սիւնակներ լեցնելով— մինչ կարգ մը թերթեր կը խմբագրէր եւ վէպեր կը գրէր, ինչպէս՝ «Թիւ 17 խաֆիէն» (1919-1921) եւ այլն։

Այլ մտաւորականներու օրինակով, Օտեան լքած է Կոստանդնուպոլիսը 1922ին քեմալական շարժումի յաղթանակէն ետք եւ փոխադրուած՝ Պուքրէշ (Ռումանիա)։ Երկու տարի ետք, անցած է Թրիփոլի (Լիբանան), ապա՝ Գահիրէ (Եգիպտոս)։ Իր մահկանացուն կնքած է 3 Հոկտեմբեր 1926ին ու թաղուած՝ Մար Մինայի գերեզմանատան մէջ։ Օտեանի գործերը թարգմանուած են քանի մը լեզուներու՝ թրքերէն, ֆրանսերէն, պուլկարերէն, յունարէն, սպաներէն եւ այլն։ «Ընկեր Փանջունի»ն եւ «Անիծեալ տարիներ»ը թարգմանուած են նաեւ անգլերէնի։

1964ին Օտեանի «Կեղծ լրտեսը» պատմուածքը Հենրիկ Մալեանի բեմադրութեամբ դարձած է «Մսիօ Ժագ եւ միւսները»   ֆիլմաշարի մէկ բաժինը՝ Հայֆիլմի արտադրութեամբ։ Մօտաւորապէս երեք տասնամեակ ետք, 1992ին, Արման Մանարեան բեմադրած է «Ընկեր Փանջունի» ժապաւէնը, որ կրկին Հայֆիլմի արտադրութիւնն էր, Հայաստանի մէջ։ Երեւանի փողոց մը եւ դպրոց մը կը կրեն Երուանդ Օտեանի անունը։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (   www.armenianprelacy.org
ԱՆՑԱԾ ՕՐԵՐԷ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈՒՆՋ ՄԸ
Արական ու իգական անուններ ժամանակավրէպ կը դառնան բազմաթիւ պարագաներու բերումով։ Հայաստանի իրականութեան մէջ (բայց նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի ու նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ), շարան մը անուններ ունինք, որոնք գործածական էին մինչեւ 1990ական թուականներուն սկիզբները, բայց խորհրդային պետութեան անկումը զանոնք շրջագայութենէ դուրս դրաւ։

Առնենք  Կառլեն, Մառլեն  եւ  Վիլեն  եռեակը։ Ինչպէս կրնաք երեւակայել,  -լեն  վերջաւորութիւն կու գայ Վլադիմիր Լենինի անունէն։ Առաջին մասին աղբիւրը, սակայն, տարբեր էր. առաջին երկուքը Կարլ Մարքսի անունէն ծնունդ առած են, իսկ երրորդը՝ Լենինի անունին ու հայրանունին համադրութիւնն էր ( Վ լադիմիր  Ի լիչ)։ Ի դէպ, միայն Մառլեն անունը ունեցած է իր իգական համազօրը՝  Մառլենա ։

Աւելի համապարփակ համադրութիւն մը ծնած է այն տասնամեակներուն, երբ Ստալինն էր խորհրդային ժողովուրդներու տէրն ու տիրականը։ Մարքս, Էնգելս, Լենին ու Ստալին անուններուն համադրութիւնը ծնունդ տուած է արական  Մելս  անունին,  Մելսիկ  փաղաքշականին եւ իգական  Մելսիդա  անունին։

Սովորական ունկնդիրը պիտի կարծէ, որ  Նինել  անունը կապուած է ռուսական  Նինա  անունին։ Սակայն, աւելի մօտէն դիտելով, պիտի նկատէք, որ այդ կապը, իրականութեան մէջ, զուտ ձեւական է։ Երբ այրերը իրենք զիրենք  Լենիկ  կը կոչէին («Լեն-ին»ի փաղաքշական ձեւը), կիներն ալ իրաւունք ունէին «մեծ առաջնորդ»ին անունը որդեգրելու։ Այսպէս է, որ  Լ-ե-ն-ի-ն էն ծնած է…  Ն-ի-ն-ե-լ  անունը։

Աւելի չնաշխարհիկ անուններ երեւան եկան, երբ մարդիկ սկսան իրենց զաւակները «Լենինեան դրօշ» կոչել, կրճատ ձեւով՝  Լենդրօշ,  որ աւելի ուշ դարձաւ  Լենդրուշ ՝ հայերէն փաղաքշական - ուշ  ( Սիրանուշ > Սիրուշ)  ձեւի ազդեցութեամբ։ Նուազ գործածական էր  Լենսեր  անունը, որ «Լենինեան սերունդ» բառերու կրճատումն էր։

Առաջին հայեացքով, ա՛լ աւելի չնաշխարհիկ գործածութիւն մըն էր արական  Կիմ  անունը։ Մէկը կրնայ կարծել, որ գորէական  Kim  անունէն փոխ առնուած է, բայց խորքին մէջ, պէտք չկայ Հեռաւոր Արեւելք երթալու։ Կը բաւէ աչքերը դէպի հիւսիս դարձնել՝ նկատելու համար, որ ասիկա ռուսական  Կոմունիչեսկիյ Ինտերնացիոնալ Մոլոդեօժի ն   (Համայնավար Միջազգային Երիտասարդութիւն) է։

Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան իրականութեան մէջ, դժուար թէ երեսուն տարեկանէն պակաս մէկը գտնէք, որ Կառլեն, Լենդրուշ կամ Նինել կոչուի։ Փոփոխութեան քամին դանդաղօրէն այս եւ այլ արուեստականօրէն ստեղծուած անուններ կը հրէ դէպի պատմութեան աղբամանը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (   www.armenianprelacy.org          
ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք պէտք է յղուին  crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։ 

Յիշեցէք, որ Crossroadsին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս շաբթուան արխիւային լուսանկարը առնուած է 3 Յունուար, 1978ին, երբ Մեսրոպ եպս. Աշճեան ժամանած է Միացեալ Նահանգներ՝ Արեւելեան ԱՄՆի եւ Գանատայի թեմի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնելու համար։ Նկարը առնուած է Հրաշափառի արարողութեան ընթացքին՝ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Մեսրոպ Եպիսկոպոսի աջին կը գտնուի Օշական վրդ. Չօլոյեան, իսկ ձախին՝ Արամ վրդ. Քէշիշեան ։ Օշական վրդ. Չօլոյեան առաջնորդական տեղապահի պաշտօնը վարած էր Մայիս-Դեկտեմբեր 1977ին, թեմիս օրուան առաջնորդին՝ Գարեգին արք. Սարգիսեանի ընտրութենէն ետք, իբրեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Կաթողիկոս։ Արամ վրդ. այժմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ն է։ Մեսրոպ Եպիսկոպոս ընտրուած էր Ազգային Երեսփոխական Ժողովի յատուկ գումարումի մը ընթացքին՝ Դեկտեմբեր 1977ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Ան պիտի բոլորէր շատ արդիւնաւէտ քսանամեակ մը իբրեւ թեմիս առաջնորդ՝ 1978-1998 թուականներուն։  

ԿԱՐԴԱՑԷՔ
Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պետրոս քհնյ. Շիթիլեան, յօդուած մը հրատարակած է «քրիստոնէական մարդաբանութեան» մասին։ Կրնաք կարդալ այստեղ՝
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
22 Սեպտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէս եւ գնդ. Չարլզ Ալեքսի 100րդ տարեդարձի անակնկալ տօն՝ եկեղեցւոյ սրահին եւ տարածքին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00էն մինչեւ ժամը 4:00։
 
28 Սեպտեմբեր —Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը կը ներկայացնէ երգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ՝«Նայիրի» պարախումբի յատուկ ելոյթ։ Երեկոյեան ժամը 8:00ին, Felician University, Breslin Hall, Lodi, New Jersey։ Տոմսակները միայն առցանց կը վաճառուին՝ yap.events/lilithovhannisyan։
 
9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
 
12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։  Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
 
16 Հոկտեմբեր —«Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. զրոյց մը՝ մարտահրաւէրներու եւ նոր մօտեցումներու մասին»։ Բազմաձայն զրոյց, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի, «Զօհրապ» Տեղեկատուական Կեդրոնի եւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան կողմէ։ Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00ին։ Ներածութիւն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեան։ Զրուցավար՝ դոկտ. Քրիսթոֆըր Շխլեան։ Զրուցողներ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, պրն. Ճեսի Արլէն եւ տիկ. Կիլտա Քիւփէլեան։ Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնեցէք (212) 689-7231 թիւին կամ գրեցէք anec@armenianprelacy.org հասցէին։

19 Հոկտեմբեր —Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակ եւ ծննդեան 80րդ տարեդարձ։ Theatre in the Park, Flushing Meadows, Queens, New York, երեկոյեան ժամը 7:05ին։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։
 
19 Հոկտեմբեր Հայկական պազար, Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս), առաւօտեան ժամը 11։00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00։

26 Հոկտեմբեր —Հայ Մամուլի տարուան, «Հայրենիք»ի 120ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի 85ամեակի առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանը եւ «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար կը կազմակերպեն միօրեայ գիտաժողով մը՝ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

1-3 Նոյեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Տարեկան կերակուրի փառատօն։ Շաբաթ օր՝ Օննիկ Տինքճեանի ելոյթ։ Տեղեկութիւններ համար՝ 201-943-2950։ 

9-10 Նոյեմբեր —Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։

17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Պիտի մեծարուի Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 26 տարուան աշխատանքը Հայաստանի ու Արցախի մէջ։  
 
31 Դեկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։

15 Մարտ, 2020 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։  

13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/