SHARE:  
16 Ապրիլ, 2020
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
«Առաւօտ Լուսոյ» Զ․ աղօթք

Կը կարդայ՝ Վահան Տէր Խոսրովեան
(Ս․ Աստուածածին եկեղեցի, Ուայթինզվիլ, Մասաչուսեթս)
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԵՑԷ՛Ք, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ
ԵՍ ՅԱՂԹԵՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ»
Աստուծոյ Որդին դէպի Գողգոթա ուղղուելէ առաջ, իր աշակերտներուն վախն ու անորոշութիւնը տեսնելով կ’ըսէ՝ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33)։

Աստուծոյ Որդին մարդեղացած էր երկրաւոր նպատակներու ու նիւթական շահերու վրայ հիմնուած աշխարհի մարդակեդրոն համակարգը քանդելու եւ հաստատելու՝ երկնային ճշմարտութիւններուն վրայ հիմնուած Աստուածակեդրոն համակարգը։ Ան աշխարհ եկած էր անառակ դարձած մարդը վերադարձնելու իր Երկնաւոր Հօր։ Քրիստոս իր խաչով ու յարութեամբ իրագործեց իր առաքելութիւնը՝ յաղթեց աշխարհին ու երկրի վրայ հիմնեց երկինքի թագաւորութիւնը։

Աստուծոյ Որդւոյն աշակերտները՝ Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած ճշմարտութիւններով ու արժէքներով զինուած եւ Քրիստոսի խաչով ու յարութեամբ հզօրացած յաղթահարեցին աշխարհի տագնապներն ու չարիքները՝ մարդկային կեանքին մէջ ցանելով սերմերը երկնքի արքայութեան։

Քրիստոսի Աւետարանը աշխարհ տանելու հաւատքի յանձնառութենէն մղուած, եկեղեցւոյ հայրերն ու սուրբերը փոթորկալից աշխարհին մէջ քաջօրէն վկայեցին զՔրիստոս, Փրկիչը աշխարհին՝ դառնալով յաւիտենական ճշմարտութիւններու պատգամախօսները նո՛յնիսկ արեան նահատակութեամբ։

Ահաւոր հալածանքներու ենթարկուած եկեղեցին, իր ողջ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ ներկայ ժամանակները, Քրիստոսի խաչին ու յարութեան յաղթանակով գօտեպնդուած մնաց հզօր՝ Աւետարանի յաւիտենական պատգամը աշխարհին տանելու իր առաքելութեամբ։

Նոյնպէս նա՛եւ հայ եկեղեցին. վկա՛յ արիւնով ու տառապանքով լեցուն իր դարաւոր պատմութիւնը։ Արդարեւ, իր ժողովուրդի կեանքին մէջ կենդանի ներկայութիւն դարձած, անոր տագնապներուն ու երկունքներուն հետ ինքզինք նոյնացուցած, աքսորի ու ցեղասպանութեան ճամբէն քալած մեր եկեղեցին լսեց ձայնը Քրիստոսին՝ մի՛ վախնաք, քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին։

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Այսօր, ճգնաժամի մէջ գտնուող աշխարհին մէջ, Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթանակով հզօրացած հայ եկեղեցին նո՛յն պատգամը կը փոխանցէ մեր ժողովուրդին.-

Քաջալերուեցէ՛ք, մի՛ յուսահատիք, որովհետեւ Քրիստոս մեր Տէրը յաղթե՛ց աշխարհի չարին, մեղքին ու մահուան։

Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրեցէ՛ք ձեր կեանքին մէջ՝ բարին մտածելով ու բարիք կատարելով, ձեր նմանին օգնելով։

Չմոռնաք երբեք, որ Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մեզի՛ համար, որովհետեւ սիրեց մեզ (Յհ 3.16)։ Քրիստոս հրաշագործեց, քարոզեց, խաչուեցաւ ու յարութիւն առաւ մեր փրկութեան համար։

Զօրացուցէ՛ք ձեր հաւատքը ու ամրացուցէք ձեր յոյսը, որովհետեւ երբ Աստուծոյ հետ ենք՝ Աստուած մեզի հետ է մեր կեանքի բոլոր օրերուն եւ բոլոր պայմաններուն մէջ։

Յիշեցէք, որ Քրիստոս իր արիւնով մեզ գնեց (Գրծ 20.28) ու մեզ Աստուծոյ որդեգիր զաւակը դարձուց։ Ըլլանք հնազանդ զաւակը մեզի պաշտպան ու պահապան մեր Երկնաւոր Հօր։

Յարուցեալ Քրիստոս աշխարհի չարին յաղթելով, մեր առջեւ բացաւ յաւիտենական կեանքի ու փրկութեան ճամբան։ Քալե՛նք այս ճամբէն՝ հեռու մնալով մեզ դէպի աշխարհի մոլութիւնները առաջնորդող ճամբաներէն։ Քալե՛նք այս ճամբայէն՝ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով։

*
* *

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանը ու Վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեանը, մաղթելով իրենց հայրենանուէր իրագործումներով լեցուն ծառայութիւն։

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն։ Կ’ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով իրենց բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, աղօթելով առ Յարուցեալ Քրիստոս, որ իրենց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր առաքելութիւնը արդիւնաւորէ նոր յաջողութիւններով։

Սիրելի՛ զաւակներ հայ ժողովուրդի,

Եկէք Սուրբ Զատկուան առաւօտուն աղօթենք միասին, որ չարին ու մեղքին դէմ իր հրաշափառ յարութեամբ յաղթանակ տարած մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս աշխարհէն հեռացնէ չար ու չարիք, հիւանդներուն առողջութիւն ու գործոց յաջողութիւն պարգեւէ եւ մեր կեանքը լեցնէ երկնային շնորհներով ու բարիքներով։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ 2020
Անթիլիաս, Լիբանան
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՔԱՐՈԶԸ

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ
Սիրելի հաւատացեալներ,
 
Մեր Տիրոջ մատնութեան, Չարչարանքներուն, Խաչելութեան ու Թաղման ճնշիչ եռօրեայ փորձառութենէն ետք, այսօր եկած ենք ընկերանալու իւղաբեր երեք կիներուն, որոնք Մեծ վարդապետին սէրը իրենց սրտերուն, Թաղեալին հանդէպ իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու աւանդութեան նախանձախնդրութիւնը իրենց հոգիներուն եւ գերեզմանի մուտքէն մեծ ժայռը գլորելու հաւանականութեան կասկածը իրենց մտքերուն կ՚ընթանային յառաջ, լռելեայն իրենց մտքերուն մէջ հարց տալով. «Ո՞վ պիտի գլորէ ժայռը գերեզմանէն»: Արդարեւ, չկար իրենց կողքին Պետրոսը, որ յախուռն կերպով յայտարարած էր, որ «եթէ ամէնքն իսկ ուրանային, ինք Վարդապետին կողքին պիտի մնար». ո՛չ ալ Թովմասը, որ Յիսուսի Երուսաղէմ երթալու նախօրեակին քաջալերած էր աշակերտները ըսելով՝ «եթէ պէտք է մեռնիլ, օ՛ն երթանք հետը». եւ ո՛չ ալ Յովհաննէսը՝ սիրելի աշակերտը Յիսուսին, որ համարձակած էր մինչեւ Գողգոթայի խաչը հետեւիլ: Արդարեւ, ի՞նչն էր որ կը մղէր այս երեք անզօր կիները դէպի առաջ, եթէ ոչ խորհրդաւոր ոյժը կեանքի պարգեւիչին որ լուռ եւ անտես կ՚ընկերակցի եւ կը զօրացնէ իրենց երթին մէջ բոլոր անոնք, որոնք կը դիմեն դէպի աղբիւրը Լոյսին:

Եւ ո՛վ հրաշք, իրենց աչքերուն առջեւ կը պարզուի անհաւատալի տեսարան մը, որ զիրենք կը պատէ առաւել յուզումով, վախով ու նոր անակնկալներու շփոթանքով, մինչեւ որ կը լսեն հրեշտակին կենսաբեր աւետիսը. «Ինչո՞ւ ողջը կը փնտռէք մեռելներուն մէջ, հոս չէ Ան, յարութիւն առաւ»: Ուրախութի՞ւն, անորոշութի՞ւն, վա՞խ. այո՛, ամէնքը միախառնած հոգեկան անբացատրելի իրավիճակ մը, որ պիտի բիւրեղանար միայն Յարուցեալին երեւումով եւ վերջապէս Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ:

Ահա յարութեան այս աւետիսն է, որ պարզ ձկնորսներն ու անոնց հետեւորդները հաւատքի ախոյեաններ դարձուց, արհամարհելով ամէն սպառնալիք չարչարանքներու, բանտի եւ մահուան, որովհետեւ Քրիստոսի շնորհքով զօրացած անոնք կ՚աղօթէին ո՛չ թէ զերծ մնալ տառապանքէն, այլ յաղթել տառապանքին, եւ Քրիստոսական խաչի ճամբով դէպի յաւերժական կեանք ընթանալ:

Յարութեան կենարար այս զօրութեամբ է որ քրիստոնեաներ դարէ դար ընթացան խաղաղութեան մարգագետիններու, բայց առաւելաբար հալածանքի ու մահուան հովիտին ընդմէջէն, միշտ վստահ ըլլալով որ Տէրն է հովիւը, որ իր խաչի ցուպով իրեն հաւատացողները կ՚առաջնորդէ խաւարի մէջէն լոյսի, տառապանքներու մէջէն ուրախութեան, եւ մահուան ընդմէջէն Կեանքի:

Յարութեան այս հաւատքով է, որ Քրիստոնեայ Հայը քալեց դարեր շարունակ: Յարութեան հաւատքը կեանքի՛ վերածելով՝ մագաղաթները դարձուց մշակոյթի անսպառ գանձարան, անշունչ քարերուն իր հաւատքը միախառնելով՝ զանոնք դարձուց արուեստի հոյակերտ խաչքարեր, եւ «եղիցի լոյս»ին արձագանքները վերծանելով, ընծայաբերեց առ Աստուած «Սուրբ Սուրբ»երով ու խաղաղութեան «հորովել»ներով: Հակառակ ստեղծագործ այս ոգիին, անհամար մահաշունչ քամիներ միշտ փորձեցին մթագնել Հայու երկնակամարը, տրորել Հայու դաշտի ցորենը, խեղդել Հայու երգը եւ ամայացնել դրախտավայր Հայաստանը, սակայն միշտ ալ մնացին ապարդիւն, նոյնիսկ անցեալ դարադարձին, երբ սադայէլական աննկարագրելի ծրագրումով գործադրուեցաւ Հայու բնաջնջման Ցեղասպանութեան ճիւաղային հրամանագիրը:

Եւ այսօր, երբ Իւղաբեր կանանց նման՝ որոնք եռօրեայ սուգը իրենց սրտին, ժայռը գլորելու կասկածը իրենց մտքին դէպի գերեզման կ՚ընթանային, համայն աշխարհը, ընդ որս եւ քրիստոնեաներ, երեք ամիսներէ ի վեր մահասփիւռ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած սարսափը առօրեային գլխաւոր մտահոգութիւնը դարձուցած, ի տես եւ ի լուր պետութիւններու եւ գիտական աշխարհի շփոթութեանց, անկարողութեանց եւ ահազանգերուն, հարց կու տանք իրարու, ո՞վ պիտի թաւալէ համաշխարհային ծանրութիւն ունեցող այս անտեսանելի ժահրային ժայռը: Իրա՛ւ որ մարդկային ընկերութիւնը վկայ եղած է անպատում սարսափներու եւ կորուստներու, սակայն իր բնոյթով ու տարողութեամբ այս աննախընթաց ժահրը կը գերազանցէ ամէնքը, միաժամանակ նոր հունի մէջ կը դնէ մարդկութիւնը: Արդարեւ, փոխուած են անհատներու, հաւաքականութեանց եւ պետութիւններու առաջնահերթութիւնները: Անզօրութեան ու անորոշութեան մէջ աստիճանաբար խոնարհութեան ալիք մը ծայր սկսած է առնել, եւ մենք շնորհակալ կ՚ըլլանք իւրաքանչիւր օրուան բարիքներու համար, զորս վարժ էինք անտեսել առհասարակ: Մեր ինքնութիւնը կորսնցուցած ըլլալով երկրաւոր իմաստութեանց ու առօրեայի նիւթական մտահոգութեանց տիղմին մէջ, հետզհետէ մեր վերականգնումը կը վերագտնենք Արարիչին մէջ:

Այո՛, որքան որ պսակաձեւ ժահրը սարսափազդու է, միաժամանակ, կը հաւատամ որ սպառնալիքի կողքին ազդանշան մըն է յաւիտենական կորուստին: Ազդանշան մըն է հոգալու ո՛չ միայն ժամանակաւոր ու անցողակի ֆիզիքական բարիքները, այլ Աստուծոյ պարգեւած այս երկրաւոր կեանքին ընդմէջէն հոգեւորն ու մնայունը: Նաեւ ազդանշան մըն է բիւրեղացնելու մեր կեանքի իմաստը եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան գրաւականը եղող Թափուր գերեզմանին ընդմէջէն տեսնելու երաշխիքը՝ մեզի սպասող յաւիտենական կեանքին:           

Ուստի բոլոր դարերու հաւատքի հերոսներու նման անդադար աղօթենք, ըլլանք խոհեմ եւ ըլլանք համբերատար։ Մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք բոլոր անոնք, որոնք կը տառապին այս ժահրէն, բժիշկները, հիւանդապահները եւ իրենց անձնակազմերը, որոնք պսակաձեւ ժահրի ստեղծած աշխարհամարտի առաջին գծին վրայ պայքարող հերոսներ են, շատ յաճախ իրենց վսեմ առաքելութեան մէջ վտանգելով իրենց իսկ կեանքը: Յիշենք հանրային կեանքի բոլոր սպասարկուները: Աղօթենք բոլոր այն պետութեանց համար, որոնք անշահախնդիր կերպով լծուած են գիտական շրջանակները քաջալերելու՝ որպէսզի շուտափոյթ դարմանը գտնուի հրէշային այս ժահրին:

Իւղաբեր կանայք, հակառակ իրենց անհուն ցաւին եւ յուսահատութեան, անվհատ կերպով դիմեցին Գերեզմանը եւ արժանացան ականատես եւ ականջալուր ըլլալու հրաշքներու հրաշքին՝ ո՛չ միայն ժայռի տապալման, այլ աներեւակայելի` բարի լուրին. «Հոս չէ Ան, այլ յարութիւն առաւ»: Ուստի, հինգհազարամեայ Հայկեան ցեղի ազատատենչ ու մարտունակ ոգիի եւ երկհազարամեայ քրիստոնէական հաւատքի ժառանգորդ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեր դարաւոր գոյատեւման հրաշքներու փորձառութեամբ զօրացած, աներկիւղ եւ անկասկած հաւատքով ներկայ տագնապի ծանրութեան տակ չկքինք, այլ իւղաբեր կանանց նման յառաջ ընթանանք Հաւատքով, խոհեմութեամբ եւ համբերութեամբ, որպէսզի խոստացուած «կեանք եւ առաւել կեանք»ով լեցուինք, եւ զիրար ողջունենք ու կրկնենք կենսաբեր եւ յուսաբեր աւետիսը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»: Ալէլուիա, ալէլուիա, ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան... 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Ինչպէս յայտնի է, Մարտի կէսերուն իր դռները փակելէ ետք՝ պսակաձեւ ժահրի վտանգին տակ, Ազգային Առաջնորդարանը շարունակած է իր աշխոյժ գործունէութիւնը առցանց կերպով, աշխատելով ամէնօրեայ ներկայութիւն ըլլալ մեր հաւատացեալներու կեանքին մէջ ու հոգեւոր մխիթարութիւն բերել անոնց՝ այս դժուար օրերուն։ 

Այս գործունէութիւնը յատկապէս զգալի էր Աւագ Շաբթուան ընթացքին, ուր առօրեայ խորհրդածութիւններու կողքին, շարունակուեցան աղօթքի դասընթացքը, Ս. Գիրքի սերտողութիւնը, Ս. Գիրքէն մանկական պատումները, ինչպէս եւ ներկայացուեցան նաեւ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցումները։ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, սկսան մանկական պատմութիւններու ընթերցումները ուսուցիչներու կողմէ, ինչպէս եւ Ս. Զատկուան երգերու ներկայացումը։

Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Աւագ Շաբթուան ընթացքին նախագահեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) Ապրիլ 9, 10 եւ 11ին տեղի ունեցած Ս. Պատարագներուն, Ոտնլուայի, Խաւարման եւ Թաղման արարողութիւններուն։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Ս. Զատկուան տօնին, Կիրակի, Ապրիլ 12ին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Բոլոր այս արարողութիւնները ուղիղ կերպով հեռասփռուեցան Դիմատետրի ճամբով։

Գոհունակութեամբ պէտք է նշել, որ Ազգային Առաջնորդարանի այս նախաձեռնութիւնները կ՚արժանանան լայն գնահատանքի, ինչպէս կրնանք դատել մեր ստացած նամակներէն ու մեկնաբանութիւններէն, ու նաեւ՝ դիտողներու թիւերէն։  

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ» ՌԱՏԻՈԿԱՅԱՆԻՆ ՀԵՏ
Սեղմեցէք վերի նկարին վրայ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հարցազրոյցը մտիկ ընելու համար
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հեռաձայնային հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի «Վանայ Ձայն» հայկական ռատիոկայանի տնօրէն՝ տիար Վիգէն Աւագեանին հետ, ԱՄՆի Արեւելեան շրջանին մէջ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած մահասփիւռ կացութեան, ինչպէս նաեւ ձեռք առնուած միջոցառումներուն մասին: Հարցազրոյցը վարեց տիկ. Հուրի Փափազեան Էմմիեան:

Սրբազան Հայրը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ռատիոկայանին, որ կղզիացումէ դուրս կը հանէ եւ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ ընտանիքներ եւ գաղութներ, որպէսզի բաժնեն իրենց մտահոգութիւնները, բայց մանաւանդ իրենց փորձառութիւնը, հաւաքական հաւատքն ու կամքը։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, «որ ըմբռնելով կացութեան հրամայականը, խորհրդակցելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ, ամենայն իմաստութեամբ շրջանցելով ծիսական օրէնքները, միասնաբար պատուիրեցին դռնփակ Պատարագ կատարել եւ ըստ կարելւոյն զայն սփռել, իսկ խորհրդակատարութիւնները ըստ կարիքի կատարել: Ո՛չ մէկ կասկած, որ այս տնօրինումը լաւագոյնս կը ցոլացնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ըմբռնումը, որ ըսած է. “Օրէնքը մարդուս համար է եւ ո՛չ մարդը Օրէնքին համար”»:

Սրբազան Հայրը, ներկայացնելով անցնող չորս ամիսներու պատկերը, ըսաւ.

«Պատկան Մարմինները եթէ աւելի կանուխ հրամայական ազդու քայլեր առած ըլլային եւ ժողովուրդը գործակցէր ազդանշաններուն, վստահաբար որ պատկերը լրիւ տարբեր կ՚ըլլար, սակայն ինչպէս պատմական խօսք մը կ՛ըսէ՝ «Աննիբալը դուռը հասած է», այսինքն՝ վտանգը շատ մօտ է, այս պարագային համավարակը (pandemic) ո՛չ միայն մօտեցած, այլ ընկերութեան բոլոր շերտերուն մէջ ներթափանցած էր, տրուած ըլլալով որ աներեւոյթ թշնամի մըն է»:

Սրբազան Հայրը, ժահրէն վարակուածներու եւ կորուստներու այժմէական պատկերը ներկայանելէ ետք Միացեալ Նահանգներու եւ Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի մէջ, ըստ օրուան պաշտօնական վիճակագրութիւններուն, յայտնեց, թէ «Արեւելեան ափին Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը վայելող 10 նահանգներու մէջ մեզի ծանօթ ժահրէն վարակուած 41, իսկ մահացած՝ 10 պարագաներ ունինք (4՝ Նիւ Եորք, 1՝ Նիւ Ճըրզի, 4՝ Մասաչուսեթս, 1՝ Միշիկըն): Այս թիւին վրայ Էջմիածնական Թեմի ծխականներու կորուստը եւս եթէ նկատի ունենանք, մահերու թիւը կրնայ 20ի բարձրանալ»։ Ուրախ լուր մը բաժնեկցնելով, աւելցուց, թէ «Նիւ Ճըրզիի մէջ հայ բժիշկ մը, որ վարակուած էր ժահրէն եւ վերագտնելով իր առողջութիւնը քանի մը օր առաջ վերադարձած էր իր առաքելութեան։ Ան80 հիւանդներու կեանքը փրկած էր»։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, անդրադառնալով Առաջնորդարանի գործունէութեան, ըսաւ.

«Ուրախ եմ յայտնելու, թէ Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքը, Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամներու գլխաւորութեամբ եւ հոգեւոր հովիւներու ու հոգաբարձութեանց գործակցութեամբ, նոր պայմաններու լոյսին տակ արդէն իսկ սկսած է արտասովոր ժամանակներու համաձայն հոգեւոր խնամատարութեան նոր փորձառութեան մը: Այլ խօսքով, որքան որ պսակաձեւ ժահրը ընկերութիւնը մեկուսացուց, միւս կողմէ արհեստագիտութեան բարիքները մեզ աւելի մօտեցուցին եւ խթանեցին աշխատանքային նոր մեթոտներ որոնելու եւ գործադրելու․-

Ա. Առաջին հերթին ամենայն կանոնաւորութեամբ հոգեւոր հովիւները ամէն Երկուշաբթի տեսաժողով կ՚ունենան եւ կը փոխանակեն իրենց միաշաբաթեայ փորձառութիւնը, նաեւ ժահրէն վարակուածներու եւ զոհերու թիւերը եւ կիրակնօրեայ Պատարագին մէջ յատուկ աղօթք կ՛ընծայեն անոնց, նաեւ բժիշկներու եւ իրենց անձնակազմերուն եւ հանրային կեանքի բոլոր սպասարկուներուն համար, ինչպէս նաեւ ժահրին շուտափոյթ դարմանը գտնուելուն համար:
 
Բ. Դռնփակ Պատարագի եւ ամբողջ Աւագ Շաբթուան արարողութեանց սփռումներու կողքին, Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջին եւ Դիմատետրի էջին վրայ՝
ա. Հոգեւոր Հովիւները ամէն օր, միջօրէին, հերթաբար խորհրդածութիւններ կը կատարեն:
բ. Շաբաթօրեայ դրութեամբ Սուրբ Գրոց սերտողութիւն կը կատարեն:
գ. Դարձեալ շաբաթօրեայ դրութեամբ՝ դաստիարակչական լսարան տեղի կ՚ունենայ աղօթքի եւ այլ նիւթերու մասին:
դ. Մանուկներու համար մանկական Ս. Գրքի ամէնօրեայ ընթերցում կը կատարուի:
ե. Դարձեալ մանուկներու համար մանկապատանեկան հայ գրականութենէն ընթերցումներ կը կատարուին:
զ. Ընկերային ծառայութեան գծով հովիւներ անձամբ կապի մէջ են առանձին ապրող տարեցներու հետ, ուտեստեղէնի եւ դեղօրայքի օժանդակութեան համար»:

Սրբազան Հայրը նաեւ անդրադարձաւ ԱՄՆի Արեւելեան ափի քոյր կազմակերպութեանց շտապ օգնութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու կացութեան: Իր խօսքի աւարտին, ան խնդրեց մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներէն, որ «Առաջին հերթին անձանձրոյթ աղօթեն առ Բարեգութն Աստուած: Երկրորդ, ծայր աստիճան զգոյշ ըլլան եւ հետեւին պետական եւ բժշկական հաստատութեանց ցուցմունքներուն: Երրորդ, համբերատար ըլլան, չկորսնցնեն իրենց խաղաղութիւնը եւ խուճապի չմատնուին»: Ապա, աւելցուց. «Խտացնելով այս գործնական փորձառութիւնը երեք բառերու մէջ, մեր ծխականներուն անգլերէնով հետեւեալ դեղագիրը հրամցուցած ենք. Prayer, Prudence, Patience – Աղօթք, Խոհեմութիւն, Համբերութիւն»։

Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց «Վանայ Ձայն»ի անձնակազմին, որպէսզի անձնուիրաբար շարունակեն իրենց վսեմ առաքելութիւնը՝ մեր ժողովուրդը կամրջելով Գալիֆորնիայէն մինչեւ Աւստրալիա: Ի պատասխան տիկ. Հուրիին Սրբազան Հօր առողջութեան մաղթանքին եւ հարցազրոյցին ժամանակը տրամադրելու շնորհակալութեան, Անուշաւան Սրբազան եզրափակելով իր խօսքը, ըսաւ. «Հայկական առածը կ՚ըսէ. “Աստուած լերան համաձայն ձիւն կուտայ”: Երախտապարտ եմ Ամենակալ Աստուծոյ, որ այս օրերուն առաւել առողջութիւն, համբերութիւն եւ եռանդ կը պարգեւէ, արդարացնելու համար մեր ծառայութիւնը, որովհետեւ “մեր ժամանակը լաւագոյնս կ՚արժեւորուի՝ ժողովուրդին ծառայութեամբ»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
ԿԻՐԱԿԻ, 19 ԱՊՐԻԼ
ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐ 5:31-6:7
Աստուած իր աջով զայն բարձրացուց, որպէսզի մեր Առաջնորդն ու Փրկիչը ըլլայ, եւ Իսրայէլին ապաշխարութեան առիթ եւ մեղքերուն թողութիւն տայ: Այս իրողութիւններուն վկաներն ենք մենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգին, որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդողներուն:

Երբ անոնք այս խօսքերը լսեցին՝ կատաղութեամբ լեցուեցան, եւ կ’ուզէին սպաննել զանոնք:

Այն ատեն Ատեանին մէջ ոտքի ելաւ Գամաղիէլ անունով մէկը, որ Փարիսեցիներէն էր եւ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ յարգուած Օրէնքի ուսուցիչ մը, եւ հրամայեց որ նախ առաքեալները դուրս տանին, եւ ապա ժողովականներուն ըսաւ.

Ո՛վ Իսրայէլացիներ, լաւ մտածեցէք եւ ապա որոշում առէք այս մարդոց մասին: Կը յիշէք թէ ժամանակ մը առաջ Թեւդաս անունով մէկը ելաւ, որ ինքզինք երեւելի մէկը կը յայտարարէր, եւ շուրջ չորս հարիւր հոգիներ իրեն միացան. բայց ինք սպաննուեցաւ եւ բոլոր իրեն միացածները քայքայուեցան ու ցրուեցան: Իրմէ ետք Գալիլեացի Յուդա մը ելաւ մարդահամարի օրերուն եւ բազմաթիւ ժողովուրդ ապստամբութեան մղեց իրեն հետ. սակայն ան ալ կորսուեցաւ, եւ բոլոր անոնք որ իրեն յարած էին՝ ցրուեցան: Գալով ասոնց, կ’ըսեմ ձեզի.- Այդ մարդոցմէ ձեռք քաշեցէք եւ ձգեցէք զիրենք: Որովհետեւ, եթէ անոնց խորհուրդն ու գործը մարդոցմէ է՝ պիտի խափանուի. իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար խափանել, եւ թերեւս այդ ձեւով Աստուծոյ դէմ պայքարած կ’ըլլաք:

Ժողովականները հաւանեցան Գամաղիէլի խօսքերուն, եւ առաքեալները կանչել տալով՝ ծեծել տուին. ապա պատուիրելով անոնց՝ որ ա՛լ Յիսուսի անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք: Իսկ առաքեալները Ատեանէն հեռացան, ուրախանալով որ Տիրոջ անունին համար անարգանքի արժանացան: Ամէն օր, թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ իրենց տուներուն մէջ, անդադար կը սորվեցնէին՝ Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով:
 
Ժամանակ մը ետք, երբ Յիսուսի հետեւորդները շատցան, յունախօս Հրեաները սկսան տրտնջալ եբրայախօս Հրեաներուն դէմ, որովհետեւ ամենօրեայ նպաստի բաշխումին մէջ իրենց այրիները կ’անտեսուէին: Այն ատեն, տասնըերկու առաքեալները կանչեցին բոլոր հաւատացեալները եւ ըսին.

Մենք չենք ուզեր Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը ձգել եւ ուտելիք մատակարարելով զբաղիլ: Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի ընտրեցէք, որոնք Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան: Զանոնք այս անհրաժեշտ գործին համար կարգենք, իսկ մենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մատակարարման նուիրուինք:

Հաւատացեալները ուղիղ գտան առաջարկը եւ հետեւեալները ընտրեցին.- Ստեփանոսը, որ հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մըն էր, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանորը, Տիմոնը, Պարմենասը եւ Նիկողայոսը, որ հրէութեան դարձած Անտիոքացի մըն էր: Ապա զանոնք բերին առաքեալներուն առջեւ, որոնք աղօթեցին եւ իրենց ձեռքը դրին անոնց վրայ:

Ահա այսպէս, Աստուծոյ խօսքը կը տարածուէր եւ Երուսաղէմի մէջ հաւատացեալներու թիւը մեծապէս կը շատնար: Նոյնիսկ քահանաներէն շատ-շատեր հաւատքը կ’ընդունէին:
 
 
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 1:1-17
Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր: Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց: Կեանքը անով սկիզբ առաւ: Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է, որ խաւարին մէջ կը փայլի. բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն:

Յովհաննէս, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մըն էր, եկաւ Լոյսին համար վկայութիւն տալու, որպէսզի ամէն մարդ անոր միջոցաւ հաւատայ: Ինք Լոյսը չէր, այլ՝ Լոյսին համար վկայ մը: Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը: Աշխարհի մէջ էր անիկա, աշխարհը իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զինք չճանչցաւ: Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց իր իսկ ստեղծած մարդիկը զինք չընդունեցին: Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով:
Եւ Բանը մարմին եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը.
փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն:

Յովհաննէս անոր մասին վկայեց, յայտարարելով.
Ասիկա է ան՝ որուն մասին կ’ըսէի. «Ան որ ինձմէ ետք պիտի գայ՝ ինձմէ մեծ է, որովհետեւ ինձմէ առաջ գոյութիւն ունէր»:

Անոր լիառատ շնորհքէն է որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք. որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ:

ԵՐԵՔ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԶԳԵՍՏԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ
Սիրելի Անուշաւան Արքեպիսկոպոս,

Երբ կը դիտէի Ս. Զատկուան Պատարագը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, զգացի, որ ձեր զգեստը կարող հանգուցեալ Տիրամօրս հոգին կը թեւածէր խորանին վրայ։

ՏԱՐՕՆ Ա. ՔՀՆ. ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ (Տիթրոյթ)
Սիրելի Անուշաւան Արքեպիսկոպոս,

Այս առաւօտեան «Զատկուան նուէր»ներէն ամենէն մեծը քահանայական ձեր հագուստով ցուցաբերուած համեստութիւնն էր՝ Յիսուս Քրիստոսի պարապ Գերեզմանը երկիւղածօրէն ներկայացնող խորանին առջեւ։

Սրբազան Հայր, իսկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ անկեղծօրէն կը հիանամ ձեր ներքին համոզումին՝ իբրեւ քահանայ հագուելու, ո՛չ թէ իբրեւ եպիսկոպոս, այս առաւօտեան տօնակատարութեան համար։ Չեմ գիտեր քանի՞ հոգի մեկնաբանած են, կամ եթէ նոյնիսկ կը հասկնան ձեր ըրածին զօրաւոր իմաստը, բայց կը զգամ, որ պէտք է ձեզի յայտնեմ, ամենայն անկեղծութեամբ, որքա՛ն խոնարհեցուցած էք աշխարհը այս արարքով։ Թող երկնային Հայրը, որ լռելեայն ընդունած է ձեր Պատարագը այս առաւօտ, ձեզ հատուցէ բազմաթիւ նոր ձեւերով։

Անձնական բնոյթի հարցում մը. ով որ կարմիր շուրջառը կարած է պէտք է գնահատուի վարի եզրի նուրբ զարդարանքին համար։ Երբեք չեմ տեսած այդպիսի մանրամասնութիւն։ Արդեօք աւանդական հագո՞ւստ մըն է, թէ՞ խնդրած էք որ եզրը զարդարուի։ Շատ հանդիսաւոր է։
 
Շնորհաւոր Սուրբ Զատի՛կ,

ԴՈԿՏ. ՃՈՐՃ ԼԷՅԼԷԿԵԱՆ (Պահամաս)
Վստահ չեմ, թէ ինչու այդքան ճոխութիւն կայ հայ հոգեւորականներու հագուածքին մէջ, երբ կարիք ու աղքատութիւն կայ բոլոր համայնքներուն, ինչպէս եւ հայ համայնքին մէջ։ Յատկապէս Զատիկի առիթով, կը մտածեմ, թէ արդեօք աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր այդ դրամը ծախսել անօթի մարդիկ կերակրելու համար։

ՇԱՔԷ ԹՈՓԱԼԵԱՆ (Դիմատետր)
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք դիտեցին Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցիէն հեռասփռուած Ս. Պատարագը եւ աղօթակից եղան իրեն։ Սրտի ամենայն պարզութեամբ, կը գնահատէ բոլոր մեկնաբանութիւնները՝ Տիթրոյթէն, Պահամասէն եւ Դիմատետրէն։ Հոգելոյս Տիրամայր Քնարիկ Ստեփանեան Պատարագի այս զգեստը նուիրած էր 30 տարի առաջ Անուշաւան Հայր Սուրբին՝ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի բարձրացման առիթով։ Եթէ ոեւէ մէկը պատրաստ է զայն գնելու, Սրբազան Հայրը հաճոյքով դրամը պիտի յատկացնէ անօթի մարդիկ կերակրելու համար։  
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԵՐԱԽՏԻՔԻ ՆԱՄԱԿ
Սիրելի Սրբազան Հայր,

Կեանքիս մէջ առաջին անգամն է, որ եկեղեցի չեմ գացած Ծաղկազարդին ու Զատիկին, եւ ես ինծի կը զգամ խաբուած ու ցաւած, որովհետեւ չկարողացայ երգել ու վայելել մեր գեղեցիկ Պատարագը միւս ծխականներուն հետ։ Աւագ Շաբթուան ընթացքին արարողութիւններու ուղիղ սփռումը, սակայն, իսկապէս մեղմացուց այդ կարօտն ու ցաւը ե՛ւ ինծի ե՛ւ հազարաւոր եկեղեցի յաճախողներու։ Երբ արարողութիւնները կը դիտէի համակարգիչին առջեւ, չէի կրնար Պատարագը չերգել՝ ձայնիս առաւելագոյն ուժով։ Անձամբ հոն ըլլալու պէս չէր, բայց կարեւոր դեր կը կատարէր հոգեւոր ծարաւս յագեցնելու համար։ Շնորհակալ եմ, որ մարդկօրէն կարելի ամէն միջոցով թոյլ կու տաք մեզի՝ տունը փակուածներուս, առիթ մը ունենալ Աստուծոյ հետ հաղորդուելու այս փորձանաւոր ժամանակներուն, նոյնիսկ եթէ համակարգչային պաստառի մը միջոցով ըլլայ։

Միեւնոյն ձեւով, թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի եւ մեր թեմի ամբողջ հոգեւորական դասուն՝ բազմաթիւ «Առօրեայ խորհրդածութիւններ»ուն եւ Ս. Գիրքի ընթերցումներուն համար։ Կը կարծէի, որ Աստուածաշունչի պատմութիւնները գիտէի, բայց անոնց վերընթերցումը Աւագ Շաբթուան օրերուն մանրամասնութիւններ բացայայտեց, որոնց ծանօթ չէի։ Դուք ինծի տուած էք այն հոգեկան հանդարտութիւնը, որուն այնքան պէտք ունէի այս ծանր ժամանակներուն։

Աւագ Շաբաթը շատ պահանջկոտ ժամանակ մըն է մեր հոգեւորականներուն համար, թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ մտաւորապէս, քանի որ որոշ օրերու ցերեկ ու գիշեր արարողութիւններ կը կատարէք։ Շատ յուսահատեցուցիչ ըլլալու է արարողութեան կատարումը պարապ եկեղեցիի մը մէջ, բայց դուք բոլորդ իրագործեցիք ատիկա, ցուցաբերելով շնորհք, վճռակամութիւն եւ նուիրում։ Դիմատետրի ցուցանիշին ակնարկ մը ցոյց պիտի տայ, որ քանի մը հազար հոգի հետեւեցան սփռումին։ Յայտնապէս, դուք ո՛չ միայն իմ կարիքներս գոհացուցիք, այլեւ բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք վստահաբար միացան տարբեր երկիրներէ։ 

Շնորհակալութիւն եւ թող Աստուած օրհնէ ձեզ եւ Արեւելեան թեմի սքանչելի հոգեւորականութիւնը։

Յարգանքներով՝

ՄԱՅՔԼ ՄԻՐԱՔԵԱՆ
ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ ԼՍԱՐԱՆԸ (ՏԱԹԵՒ) ԱՌՑԱՆՑ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ներկայ համավարակի (pandemic) ստեղծած աննախադէպ տագնապին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանի «Տաթեւ» լսարանի աւանդական դասընթացքը, որ տեղի կ՚ունենայ Փենսիլվանիոյ մէջ, իր ձեւաչափը պիտի փոխէ եւ արհեստագիտութեան ընձեռած Zoomի միջոցով տեղի պիտի ունենայ:

Երկուշաբթի, 29 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս, ամէն առաւօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ, ժամը 11-12ին պիտի ունենանք խտացուած յայտագիր մը՝ ժամերգութեամբ, Աստուածաշունչ մատեանի ծանօթացումով, հայոց պատմութեամբ ու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ ներկայ հարցերու հաւաքական քննարկումով (panel discussion):

Ներկայ յայտարարութեամբ կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր Տաթեւացիներուն: Անոնք որոնք կ՚ուզեն մասնակցիլ, շուտով պէտք է հարկ եղած ծանօթութիւնը՝ անուն, մականուն, բջիջային հեռաձայնի թիւ, ե-նամակի հասցէ, ուղարկեն Շանթ Աւագ Սարկաւագին՝ skazanjian.sk@gmail.com հասցէին։ Հեռաձայն՝ (212) 689-7810:

Դիմում կրնան կատարել անցեալ տարուան եւ նորեկ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներու շրջանաւարտներ: Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին հետագային:
Որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  
«Սիրելի հովանաւոր,

Բարեւ ձեզ։ Ձեզ կրկին գրում է՝ Ասեա... ։ Ես 7 տարեկան եմ, փոխադրուել եմ 2րդ դասարան։ Ուսումնական տարին շատ լաւ եմ սկսել։ Իմ դասերը շատացել են եւ ես շատ եմ յոգնում, բայց իմ քոյրիկը չի թողնում, որ ես առանց դասը սովորելու գնամ դպրոց։ Դասերի պատճառով ես չեմ կարող դուրս գնալ եւ խաղալ։

Ես ապրում եմ իմ ընտանիքի հետ՝ մայրս, քոյրս, եղբայրս եւ ես։ Եղբայրս ծառայում է հայոց բանակում, մայրս տնային տնտեսուհի է, քոյրս սովորում է 11րդ դասարանում, լաւ է սովորում։ Ես ուզում եմ մեծանամ եւ լաւ մարդ դառնամ։ Ես սիրում եմ պարել, երգել։

Շնորհակալ եմ ձեզ որ իմ կողքին էք։ Թող Աստուած ձեզ առողջութիւն տայ եւ գործերին յաջողութիւն»։
ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՈՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ 
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։     
 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել,   սեղմեցէք այստեղ   արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, անչափահաս թէ չափահաս որբերու հովանաւորութեան համար, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։          
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ԵՐԳԵՐ՝ ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ ՄԷՋ
Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի իրաւասութեան տակ գտնուող դպրոցներու տնօրէնութիւնները անցեալ շաբաթ արագ նիստ մը գումարեցին Ուս. Խորհուրդի   գրասենեակի վարիչ տնօրէնուհի տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ։ Հեռաձայնային ժողովին ընթացքին, մասնակիցները որոշեցին ուսուցիչներու կողմէ ընթերցուած մանկական գրականութեան կտորներ զետեղել Առաջնորդարանիս դիմատետրին վրայ՝ շաբաթական երկու անգամ, եւ շօշափել մեր մանուկներուն հետաքրքրութիւնը եւ անոնց ծնողներուն հետապնդումը ։

Ս Յարութեան տօնին նախօրեակը ըլլալուն, Առաջնորդարանիս Դիմատետրին վրայ նախընտրաբար զետեղուեցան Ս Զատկուան հետ առնչուող երկու երգեր , ղեկավարութեամբ՝ Ս Ստեփանոս Ամենօրեայ վարժարանի ուսուցչուհի՝   Մարօ Առաքելեանին , եւ երկու պատմութեան գիրքերու ընթերցումներ՝ նոյն վարժարանէն ուսուցչուհի՝ Վիքի Աշճեանին կողմէ։ Շուտով պիտի վայելենք նաեւ այլ կատարումներ ։

Կը թելադրենք մեր ընթերցողները, որ հետեւին եւ քաջալերեն իրենց զաւակները եւ իրենց ծանօթ մանուկները, որ այս առիթէն օգտուին։

Ընթերցումները կը գտնէք «Կ՚ընթերցեն - Մեր ուսուցիչները մեր մանուկներուն համար» (անգլերէնով՝ “O ur Teachers Read to Our Children”), իսկ երգերը՝ «Երգեր Մեր ուսուցիչներէն՝ մեր մանուկներուն համար» խորագիրներուն տակ։ 
«ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՎԱՅՐԸ. ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»

ՖԻԼԻՓ ՄԱՐՍՏԸՆ
«Հանդիպման վայրը» հայկական ջինջ ապրումնեըով շնչող գործ մըն է, ուր հայը կ՚երեւի բիւրեղ պարունակի մէջ: Անգլիացի ճանապարհորդ Ֆիլիփ Մարստընի պարզած հայելիին մէջ դիտողը ինքզինք սովորականէն քիչ մը աւելի հայ կը զգայ։ «Անատոլուէն հեռացայ կիսապատասխան հարցումներու տրցակով մը. ո՞վ էր այս ժողովուրդը եւ ի՞նչ պատահած էր անոր։ Շատերուն պէս միայն գիտէի, թէ թուրքերը սարսափելի բան մը գործած էին Ա. Աշխարհամարտին, թէ՝ Հայաստան, քրիստոնեայ առաջին երկիրն էր, թէ՝ դարեր շարունակ թեւածած էր դասական աշխարհի եզրերուն վրայ։ Սակայն ասիկա բացատրութիւն մը չէր։ Ինչ որ գիտցայ հայերուն մասին, միայն ծառայեց խորացնելու խորհրդաւորութիւնը եւ զանոնք աւելի՛ զարմանալի ու աւելի՛ առեղծուածային դարձուց իմ աչքերուս»։
Այս գիրքը տրամադրելի են   Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք    books@armenianprelacy.org   հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ՇԻՐՎԱՆԶԱԴԷ (ծնունդ՝ 18 Ապրիլ, 1858)
Հայ իրապաշտ վիպագրութեան ու թատերագրութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը՝ Շիրվանզադէ, բուն անունով՝ Ալեքսանդր Մովսիսեան, ծնած է 18 Ապրիլ, 1858ին, Շամախի հայաշատ քաղաքը, որ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուի։ Քանի մը տարի տեղւոյն հայոց թեմական ու ռուսական գաւառական դպրոցները ուսանելէ ետք, հօր անսպասելի սնանկացման պատճառով 1875ին ուսումը ձգած եւ ընտանիքին օգնելու նպատակով մեկնած է Պաքու։ Ութ տարի աշխատած է նահանգային վարչութեան, նաւթային գրասենեակներու եւ զանազան ընկերութիւններու մէջ իբրեւ գրագիր, հաշուապահի օգնական եւ հաշուապահ։

1878ին սկսած է հայ եւ ռուսական մամուլին թղթակցիլ։ 1883ին փոխադրուելով Թիֆլիս, նոյն տարին լոյս ընծայած է առաջին գեղարուեստական երկը՝ «Հրդեհ նաւթագործարանում» պատմուածքը, որուն հետեւած է «Գործակատարի յիշատակարանից» վիպակը։

1885ին, Շիրվանզադէ ներկայացուցած է գաւառական քաղաքի մթնոլորտը իր «Նամուս» վէպին մէջ, որ զինք յայտնի դարձուցած է։ 1886-1891ին իբրեւ քարտուղար աշխատած է Թիֆլիսի «Արձագանք» շաբաթաթերթին մէջ, ուր հրատարակած է զանազան վիպակներ ու վէպեր։ Իր լաւագոյն երկերը ստեղծած է 1890-1905ին՝ ընկերային ու քաղաքական վերելքի տարիներուն։ Անոնց շարքին պէտք է յիշել «Արսէն Դիմաքսեան» վէպը (1893), «Չար ոգին» վիպակը (1895), «Քաոս» վէպը (1898), որ կը նկատուի հայ իրապաշտ վէպի գլուխ-գործոցը՝ գեղարուեստական ու գաղափարական իմաստով, եւ ուրիշներ, ուր շարունակած է ժամանակաշրջանի տարբեր երեւոյթներու ներկայացումը։ 

Անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան եւ 1895-1896ի համիտեան կոտորածներուն ժամանակ իր յօդուածներով ու գործունէութեամբ պաշտպանած է արեւմտահայութեան դատը՝ Ռուսաստան մեկնելով նիւթական աջակցութեան գործը կազմակերպելու համար։ Սակայն, ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ եւ բանտարկուած՝ Թիֆլիսի Մետեխի բանտը։ 1898-1901ին Օտեսա աքսորուած է։

Շիրվանզադէ բացառիկ դեր խաղացած է հայ թատրոնի եւ թատերագրութեան պատմութեան մէջ։ Բեմ հանած է նոր շրջանի հայ կեանքը, ընկերային հակասութիւնները, քաղաքական հակամարտութիւնները եւ կենցաղային–բարոյական յարաբերութիւնները։ 20րդ դարու սկիզբէն գրած անոր թատերական գործերը կ՚ընդգրկեն կենցաղային, ընկերային, հոգեբանական ու քաղաքական բովանդակութեամբ թատերախաղեր՝ «Իշխանուհի», «Եւգինէ», «Ունէր իրաւունք», «Նամուս», «Պատուի համար», «Կործանուածը», «Արհաւիրքի օրերին», եւ կատակերգութիւններ՝ «Շառլատանը», «Մորգանի խնամին»։

1905-1910ին Շիրվանզադէ ապրած է Փարիզ, այնուհետեւ վերադառնալով Կովկաս։ Ա. Աշխարհամարտի մղձաւանջը եւ Մեծ Եղեռնը ծանր տպաւորութիւն ձգած են անոր վրայ։ Բազմաթիւ յօդուածներու, նամակներու եւ գրական երկերու մէջ անդրադարձած է Եղեռնի բուն պատճառներուն ու թրքական իշխանութիւններու անմարդկային արարքներուն, ինչպէս եւ մեծ պետութիւններու քաղաքական խաղերուն։

1919ին Շիրվանզադէ վերստին մեկնած է արտասահման, Փարիզ հաստատուելով՝ բուժուելու նպատակով։ 1926ին հաստատուած է Երեւան եւ շարունակած գրական գործունէութիւնը։ Արժանացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովրդական գրողի եւ Անդրկովկասի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչումներուն։ Մահացած է 7 Օգոստոս, 1935ին, Կիսլովոդսկի մէջ (Հիւսիսային Կովկաս), ուր մեկնած է բուժուելու։ Թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։

Շիրվանզադէի երկերու հիմամբ, Հայֆիլմը նկարահանած է «Նամուս» (1925), «Չար ոգի» (1927), «Պատուի համար» (1956), «Մորգանի խնամին» (1970) եւ «Քաոս» (1973) շարժանկարները։ Երեւանի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ, դպրոցներ ու փողոցներ կը կրեն գրագէտին անունը, ինչպէս եւ Կապանի պետական թատրոնը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ 

Համավարակը կտրուկ դադար մը պատճառած է մեր առօրեայ վազվզուքին եւ մեզմէ շատերս միջոցներ կը փնտռենք՝ օգտակար ձեւով ժամանակը անցընելու։ Հապա՞ եթէ քանի մը հիմնական գիտելիքներ իւրացնենք կամ թարմացնենք։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, ամէն անգամ որ ամուսնացած հոգեւորական մը՝ քահանայ մը կամ աւագ քահանայ մը կ՚ողջունենք, անձամբ կամ հեռաձայնով, Աստուծոյ օրհնութիւնը կը խնդրենք։ Սակայն, ցաւալի է տեսնել, որ անգլերէն նամակներու կամ Դիմատետրի լատինատառ հայերէն գրառումներու պախարակելի սովորութիւն դարձած է գրել ortnootyoon ( օրդնութիւն ) կամ ordnootyoon ( օրտնութիւն ), որոնք պարզապէս գոյութիւն չունեցող բառեր են։

Ինչպէս բոլորս գիտենք, կ՚ըսենք Օրհնեցէք, Տէր Հայր , իսկ քահանան Աստուծոյ օրհնութիւն կու տայ իր միջնորդութեամբ. Աստուած օրհնէ։

Ի դէպ, եթէ սխալ արտայայտութեամբ ըսած ըլլաք Օգնեցէք, Տէր Հայր , իմացէք որ՝ շփոթած էք, քանի որ քահանայի օգնութեան չէ, որ դիմած էք։

Արդարեւ, Աստուծոյ օգնութեան կը դիմէք, երբ կ՚ողջունէք կուսակրօն հոգեւորական մը։ Այսպէս.

1) Աբեղայի մը, վարդապետի մը կամ ծայրագոյն վարդապետի մը պարագային, կ՚ըսենք՝ Աստուած օգնական, Հայր Սուրբ, այսինքն՝ Աստուած օգնական ըլլայ քեզի։

2) Եպիսկոպոսի մը կամ արքեպիսկոպոսի մը պարագային, կ՚ըսենք՝ Աստուած օգնական, Սրբազան Հայր ։

3) Կաթողիկոսի մը պարագային, կ՚ըսենք՝ Աստուած օգնական, Վեհափառ Տէր ։

Երեք պարագաներուն, պատասխանը մէկ է՝ Աստուած պահապան ։

Քանի որ Աստուծոյ օգնութեան կը դիմէք, ուրեմն այս պարագային Աստուծոյ օրհնութեան դիմում չէք ըներ։ Հետեւաբար, եթէ կուսակրօն հոգեւորականին ըսէք կամ գրէք՝ Աստուած օրհնական, պարզապէս հնարովի բանաձեւ մը կը գործածէք։

Այս օրերուն, եթէ տունը փակուած էք, հաւանաբար աւելորդ ժամանակի պակաս չունիք։ Հաւանաբար պիտի չզղջաք, եթէ հայերէնի ձեր գիտելիքները փորձէք ճոխացնել։  

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը Երեքշաբթի երեկոյ է։
 
Հաճոյքով կը հրատարակենք “Crossroads”ի խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։

Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։

ԱՊՐԻԼ 24՝ ԿՈՉ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
24 Ապրիլ — Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակի ոգեկոչում Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Կը պատարագէ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան, հովիւ, եւ կը քարոզէ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Պատարագը ուղղակի պիտի սփռուի Դիմատետրի մեր էջէն եւ մեր կայքէջէն։

25 Ապրիլ «Սիամանթօ» լսարանի առցանց յաջորդ հանդիպումը, ժամը 10:30ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
 
13-16 Մայիս (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
 
17 Մայիս (ՋՆՋՈՒԱԾ) Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։
 
31 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
 
29 Յունիս—3 Յուլիս —Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագիր՝ ԱՌՑԱՆՑ։  

26-27 Սեպտեմբեր —  Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։

17 Հոկտեմբեր Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ»ու կողմէ։

15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։   
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/