SHARE:  
13 Փետրուար, 2020
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
«Հաւատով Խոստովանիմ» ԻԲ․ աղօթք
 
Կը կարդայ՝ Ուիլիըմ Չափանեան
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ֆիլատելֆիա)
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Կիրակի, 16 Փետրուարին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, պիտի նախագահէ ու մասնակցի արարողութեան Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։

Երեքշաբթի, 18 Փետրուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի ճամբորդէ Ուոթըրթաուն (Մասաչուսեթս), ուր Նիւ Ինկլընտի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, պիտի նախագահէ Ս. Ղեւոնդեանցի տօնակատարութեան Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ան պիտի կատարէ նաեւ Ս. Վարդանանց նուիրուած սրբապատկերի մը օծումը։ 

Ս ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 9 Փետրուարին, Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս Սարգիս եկեղեցւոյ համայնքը տարբեր օր մը ապրեցաւ՝ եկեղեցւոյ անուան տօնը ըլլալով ։ Ս. Պատարագը մատուցեց թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Իր քարոզին մէջ, ան կեդրոնացաւ Ս Սարգիս Զօրավարի առաքինութիւններուն վրայ՝ հաւատք, քաջութիւն եւ անձնազոհութիւն, յորդորելով, որ խորհրդածենք ու ներառնենք զանոնք մեր կեանքէն ներս։

Ապա տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Ռուտիկ Պետրոսեանի պատրաստած Սրբոց Վարդանանց նոր սրբապատկերի օրհնութիւնը։
 
Եկեղեցին այլ նորութիւն մըն ալ ունէր ծուխին համար՝ նորոգուած գլխաւոր սրահին բացումը։ Ժողովուրդը վայելեց զայն ճաշկերոյթով մը, կազմակերպուած՝ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ հոգաբարձուներէն՝ պրն. Սիմոն Պարտիզպանեան։ Ճաշկերոյթի կոկիկ գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին Գարինա Վարդանեան՝ հայկական ու միջազգային երգերու փունջով մը, եւ ջութակահար Արսէն Կէտիկեան։ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Հէրի Սէօյլէմէզեան, ջատագովեց եկեղեցւոյ տարբեր ծրագիրները ու հրաւիրեց ներկաները մասնակցելու ընթացիկ Աստուածաշունչի սերտողութեան ու նոր սկիզբ առած պարի դասերուն, զանոնք նախապատրաստելով եկեղեցւոյ 30ամեակի տօնախմբութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիսին։

Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց Յանձնախումբին՝ ճաշկերոյթի պատրաստութեան համար, տէր եւ տիկ. Գառնիկ եւ Ալիս Ալաճաճեաններուն՝ որպէս բարերարները նոր սրբապատկերին, եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որ անխոնջ աշխատանք տարած էր եկեղեցւոյ կառոյցի նորոգութեան համար։ Տէր Հայրը յատուկ շնորհակալութեան արժանացուց պրն. Գառնիկ Մինասեանը, որ ղեկավարեց ու մօտէն հետեւեցաւ սրահի նորոգութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պրն. Մինասեանը գնահատեց պատուոյ գիրով։ Վերջինս իր կարգին շնորհակալութեան խօսք ըսաւ ու յիշեց, որ եկեղեցւոյ իր նուիրուածութիւնը ժառանգած է իր մօրմէն, ու երախտապարտ է յատկապէս անոր համար, որ իր երկու զաւակները հասակ առած են եկեղեցւոյ մէջ։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր քաջալերական խօսքերով ու յորդորներով, որ ծխականները շարունակեն զօրաւոր կանգնիլ իրենց հայ քրիստոնեայի հաւատքին վրայ՝ Ս  Սարգիս եկեղեցիէն ներս։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Նարեկ քհն. Թրթռեան, սրբապատկերի բարերարներ՝ տէր եւ տիկ. Գառնիկ եւ Ալիս Ալաճաճեան, նկարիչ Ռուտիկ Պետրոսեան եւ եկեղեցւոյ խորանի ծառայողներ
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Տէր Հայրը՝ պրն. Գառնիկ Մինասեանի եւ իր ընտանիքին հետ

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգ «Չատրճեան» սրահի բացումը

Առաջնրոդ Սրբազան Հայրն ու հոգեւոր հովիւը՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. «ԱՐՄԷՆ ԿԱՐՕ» ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ
Այսօր՝ Հինգշաբթի, 13 Փետրուարին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Արմէն Կարօ» կոմիտէի նորընտիր անդամները։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  շնորհաւորութիւն  յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։ Հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան համահայկական բնոյթի տարբեր հարցեր։

ԱՐԹՈՒՐ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ
ՆՈՐ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐ
Դոկտոր Արթուր Մարտիրոսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան նախկին անդամ ու Նիւ Եորքի երբեմնի բնակիչ, 12 Փետրուարին նշանակուած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար։ Պրն. Մարտիրոսեան Հայաստան վերադարձած էր 2018ին, ուր «Դասաւանդիր Հայաստան» ծրագրի զարգացման տնօրէնն էր։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ նոր փոխնախարարին ուղղուած նամակով, շնորհաւորեց անոր նշանակումը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր գործունէութեան մէջ։ «Նման պաշտօն մը մեծ պատասխանատուութիւն կ՚ենթադրէ», յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յորդորելով շարունակել իր դրական ներդրումը բերել հայրենիք հզօրացման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման։

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻՆ ԾԱՌԱՅԱԾ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Ս. Ղեւոնդեանց տօնին զուգընթաց, Արեւելեան թեմի ծուխերը յատուկ հոգեհանգիստ պիտի կատարեն այս Կիրակի, 16 Փետրուարին, թեմիս ծառայած հանգուցեալ հոգեւորականներու յիշատակին։

Երախտագիտութեամբ եւ մեծարանքով կը յիշենք՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս եւ Ծայրագոյն Պատրիարք Ամենայն Հայոց, Հրանդ արք. Խաչատուրեան, Մեսրոպ արք. Աշճեան, Սմբատ արք. Լափաճեան, Տ. Վաղինակ վրդ. Սիսակեան, Տ. Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Մարդուկէսեան, Տ. Նշան վրդ. Փափազեան, Տ. Պարոյր վրդ. Էքմէքճեան, Տ. Օշական Ծ. վրդ. Մինասեան, Տ. Մեսրոպ քհն. Ամրիկեան, Տ. Արսէն քհն. Վարժապետեան, Տ. Մատթէոս Ա. քհն. Մաննիկեան, Տ. Պետրոս քհն. Մամբրելեան, Տ. Ստեփանոս քհն. Կարապետեան, Տ. Մեսրոպ քհն. Տէր Յովհաննէսեան, Տ. Յուսիկ քհն. Նախնիքեան, Տ. Ատոմ քհն. Մելիքեան, Տ. Եղիշէ քհն. Գասպարեան, Տ. Ղեւոնդ քհն. Խոսրովեան, Տ. Պետրոս քհն. Գասարճեան, Տ. Սահակ Ա. քհն. Պալեան, Տ. Ղեւոնդ Ա. քհն. Փափազեան, Տ. Բաբգէն Ա. քհն. Գասպարեան, Տ. Սահակ քհն. Եղիկեան, Տ. Ներսէս Ա. քհն. Շահինեան, Տ. Պսակ քհն. Սարգիսեան, Տ. Եղիշէ Ա. քհն. Մխիթարեան, Տ. Սուրէն Ա. քհն. Բաբախեան, Տ. Արսէն Ա. քհն. Սիմէոնեանց, Տ. Մովսէս Ա. քհն. Տէր Ստեփանեան, Տ. Մամբրէ քհն. Պիպեռեան, Տ. Խաչատուր Ա. քհն. Կիրակոսեան, Տ. Երուանդ Ա. քհն. Երէցեան, Տ. Կոմիտաս քհն. Տէր Թորոսեան, Տ. Մովսէս Ա. քհն. Շրիգեան, Տ. Տիգրան Ա. քհն. Խոյեան, Տ. Սմբատ Ա. քհն. Տէր Մխսեան, Տ. Վահան Ա. քհն. Ղազարեան, Տ. Աշոտ Ա. քհն. Գոչեան, Տ. Արշաւիր քհն. Սեւտալեան, Տ. Գուրգէն Ա. քհն. Եարալեան, Տ. Արսէն Ա. քհն. Յակոբեան, Տ. Սարգիս Ա. քհն. Անդրէասեան, Տ. Սահակ Ա. քհն. Անտէքեան, Տ. Հմայեակ Ա. քհն. Մինոյեան, Տ. Գրիգոր Ա. քհն. Հայրապետեան, Տ. Ասողիկ Ա. քհն. Գլըճեան, Տ. Վարանդ քհն. Պետրոսեան, Տ. Սահակ Ա. քհն. Վրթանէսեան, Տ. Վարդան քհն. Գասպարեան, Տ. Թորգոմ Ա. քհն. Յակոբեան, Տ. Անուշաւան Ա. քհն. Արթինեան, Տ. Գեղարդ Ա. քհն. Պապողլեան, Տ. Արշակ Ա. քհն. Տաղլեան, Տ. Վաչէ Ա. քհն. Նագգաշեան, Տ. Վահրիճ Ա. քհն. Շիրինեան, Տ. Վարդան Ա. քհն. Առաքելեան, Տ. Կորիւն Ա. քհն. Շրիգեան, Տ. Զաւէն քհն. Փոլատեան, Տ. Արմէն Ա. քհն. Իշխանեան, Տ. Մեսրոպ Ա. քհն. Թաշճեան, Տ. Նարեկ Ա. քհն. Շրիգեան, Տ. Մուշեղ Ա. քհն. Տէր Գալուստեան։

Կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր լուսոյ խորաններուն մէջ հանգչեցնէ վերոյիշեալ հոգեւորականներու հոգիները, եւ նոր հոգեւոր հովիւներ պարգեւէ՝ ի խնդիր Հայրատունկ այգւոյն հզօրացման։

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՁԵՐ ՏՈՄՍԱԿՆԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎԵՑԷՔ
«Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00 ին, աշխարհահռչակ «Գառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ Երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիներ այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։

«Միւզիքըլ Արմինիա» 1982ին հաստատուած է օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով։ Այս յայտագիրը նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու տարածման սատարելու։ Անցնող 38 տարիներուն ելոյթ ունեցող բազմաթիւ երաժիշտներ յայտնի անուն դարձած են իրենց ասպարէզին մէջ։

Համերգին ելոյթ պիտի ունենան՝ դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան։  

Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար), ոսկի (300 տոլար) եւ արծաթ (200 տոլար)։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։

Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարան՝ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։ 
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Ե. ԿԻՐԱԿԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ 

ՏԻՏՈՍ 1:1-11

Ես՝ Պօղոս, Աստուծոյ ծառան եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, կոչուած եմ Աստուծոյ ընտրեալները բերելու հաւատքի եւ ճշմարտութեան ճանաչումին, այն ճշմարտութեան՝ որ աստուածպաշտութեամբ կը գտնուի, որպէսզի յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենան: Յաւիտենական ժամանակներէն իսկ առաջ՝ անսուտն Աստուած ինք խոստացաւ այդ կեանքը, իսկ հիմա՝ յարմար ժամանակը հասած համարելով՝ այդ խոստումը յայտնեց իր Աւետարանով, որուն քարոզութեան կոչուեցայ մեր փրկիչ Աստուծոյն հրամանով:
Ո՛վ Տիտոս, մեր հասարակաց հաւատքի ճամբով իմ հարազատ որդիս, թող Հայրն Աստուած եւ մեր փրկիչը Քրիստոս Յիսուս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի:
Քեզ Կրետէ թողուցի, որպէսզի եկեղեցիին պէտքերը հոգաս եւ զայն կազմակերպես՝ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ երէցներ կարգելով, ինչպէս որ քեզի պատուիրեցի: Երիցութեան թեկնածուն պէտք է անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր ըլլայ եւ հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեամբ եւ անհնազանդութեամբ ամբաստանուած չըլլան: Արդարեւ, եպիսկոպոսը՝ որպէս Աստուծոյ տնտես, պէտք է անմեղադրելի ըլլայ: Պէտք չէ յանդուգն, բարկացող, գինեմոլ, կռուազան կամ շահամոլ ըլլայ, այլ՝ հիւրասէր, բարին սիրող, զուսպ, արդար, մաքուր եւ ժուժկալ: Պէտք է ամրօրէն պահէ իր սորված վստահելի վարդապետութիւնը, որպէսզի կարենայ ուղիղ ուսուցումով յորդորել ուրիշները եւ յանդիմանել հակառակորդները:
Որովհետեւ բազմաթիւ անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ կան, մանաւանդ հրէութենէ դարձածներուն մէջ, որոնց բերանը պէտք է փակել, որովհետեւ անոնք ամբողջ տուներ կը քանդեն, շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել:
 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 7:37-52

Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ’ըսէր.
Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ: Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին»:
Յիսուս ասիկա կ’ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. իսկ Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր:
Ժողովուրդէն ոմանք երբ լսեցին այս խօսքերը, ըսին.
Ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն:
Ուրիշներ կ’ըսէին.
Քրիստոսն է:
Իսկ ոմանք ալ կ’ըսէին.
Միթէ Գալիլեայէ՞ն պիտի գայ Քրիստոսը: Սուրբ գիրքը չ’ը՞սեր՝ թէ Քրիստոս Դաւիթ թագաւորի սերունդէն պիտի ըլլայ եւ Դաւիթի քաղաքին՝ Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնի:
Եւ Յիսուսի պատճառով տարակարծութիւններ յառաջ եկան ժողովուրդին մէջ: Ոմանք ուզեցին ձերբակալել զինք, բայց ոչ ոք համարձակեցաւ ձեռք զարնել:
Երբ տաճարին պահակները վերադարձան, աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները հարցուցին անոնց.
Ինչո՞ւ զինք հոս չբերիք:
Պահակները պատասխանեցին.
Այս մարդուն պէս խօսող երբեք չենք տեսած:
Փարիսեցիները ըսին.
Ի՞նչ, դո՞ւք ալ խաբուեցաք: Իշխանաւորներէն կամ Փարիսեցիներէն ոեւէ մէկը հաւատա՞ց անոր: Մեր Օրէնքը չգիտցող տգէտ ամբոխը միայն հաւատաց: Անոնք արդէն իսկ նզովուած են:
Նիկոդեմոս, Փարիսեցիներէն մէկը, որ նախապէս գիշերով եկած էր Յիսուսի մօտ, ըսաւ անոնց.
Արդեօք մեր Օրէնքը մարդս կը դատէ՞ նախքան զինք լսելը եւ գիտնալը թէ ի՛նչ ըրած է:
Անոնք պատասխանեցին Նիկոդեմոսի.
Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլեայէն ես. քննէ՛ Սուրբ գիրքերը եւ պիտի տեսնես, թէ Գալիլեայէն մարգարէ չ’ելլեր:
 

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 63:18-64:12
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ
Վաղը՝ Ուրբաթ, 14 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը տօնէ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի նուիրումը տաճարին՝ Տեառնընդառաջը (նաեւ ծանօթ՝ Տրնդէզ ժողովրդական անունով)։ Այս տօնը մնայուն կերպով կը նշուի 14 Փետրուարին՝ Ս. Ծնունդէն 40 օր ետք։
 
Այդ օր Մարիամ եւ Յովսէփ մանուկ Քրիստոսը ընծայեցին տաճարին՝ ըստ մովսիսական օրէնքի (Թիւեր 18:15)։ Տաճարին մէջ, Սիմէոն անունով ուղղամիտ եւ աստուածանուէր մարդ մը, որուն յայտնուած էր, թէ մահը պիտի չտեսնէր՝ Տէրը տեսնելէ առաջ, Յիսուսը իր ձեռքը առաւ, զԱստուած գոհաբանեց եւ ըսաւ.
 « – Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝
ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի.
որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը,
որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն,
որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու
 եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու» (տե՛ս Ղուկաս 2: 22-40):
 
Որոշ հայկական նախաքրիստոնէական սովորութիւններ մտած են այս տօնին մէջ, որոնցմէ մէկը՝ խարոյկ վառելը, որ մնացած է մինչեւ օրս, յատկապէս Միջին Արեւելք եւ Հայաստան, ներկայիս վերակենդանացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ նաեւ։ Նախատօնակին, խորանէն բոցով մը՝ խարոյկ կը վառենք եկեղեցիէն դուրս։ Երիտասարդներ, յատկապէս՝ նորապսակներ, կրակին շուրջ կը հաւաքուին եւ, երբ բոցերը կը սկսին մարիլ, կը ցատկեն բոցերուն վրայէն։ Խարոյկին լոյսը կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, որ յաւերժական Կեանքը եւ աշխարհի Լոյսն է։
Ս. ՈՍԿԵԱՆՔ
Այսօր, Հինգշաբթի, 13 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ Ս. Ոսկեանք հինգ քահանաները։ Անոնք իբրեւ դեսպան Հռոմէն առաքուած էին հայոց Սանատրուկ թագաւորի օրերուն։ Հայաստանի մէջ, հանդիպած էին Թադէոս առաքեալին, որ զիրենք դարձի բերած ու մկրտած էր։ Անոնց ղեկավարին անունը Ոսկի էր։ Քառասուն տարի իբրեւ ճգնաւոր ապրելով լեռներու մէջ, յետոյ քարոզած են արքունիքէն ներս։ Նահատակուած են 107 թուականի շուրջ։

Ս. ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ
Շաբաթ, 15 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կ ոգեկոչէ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը, կուռ եւ մեծ առաջնորդ մը, որ ծանօթ է իբրեւ մեր Եկեղեցւոյ մեծ սուրբերէն մէկը։ Քաղաքական դժուարին պայմաններու տակ անոր իրագործումները հայ ազգի գոյատեւումը ապահովեցին։

Ան Ս. Մեծն Ներսէս կաթողիկոսի որդին էր եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մէկ շառաւիղը։ Փոքր տարիքէն որբացած, ստացած էր բարձրակարգ կրթութիւն, յատկապէս արեւելեան լեզուներու մէջ։ Քաջալերեց ու աջակցեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցին՝ գիրերու գիւտին մէջ։ Այս մեծ իրադարձութենէն ետք, Սահակ կաթողիկոս ձեռնարկեց Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութեան եւ Ոսկեդարու հիմքը դարձած թարգմանական շարժումին զարկ տուած է։ Ան խորապէս կը հաւատար կրթութեան, ինչպէս եւ եկեղեցական կարգապահութեան ու օրէնքին։ Անոր շնորհիւ, Հայաստան պահեց իր եկեղեցական ու ազգային ինքնուրունութիւնը։ 

Կը կարծուի, թէ Ս. Սահակ մահացած է 437ին, 89 տարեկանին, թէեւ որոշ աղբիւրներ աւելի ծեր կը նկատեն զինք։ Անոր մահով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ժառանգական գիծը իր վախճանին հասաւ։

Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՔ
Երեքշաբթի, 18 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Ս. Ղեւոնդեանց տօնը։ Վարդանանց պատերազմէն ետք, խումբ մը հոգեւորականներ եւ սարկաւագներ ձերբակալուեցան պարսից թագաւորին կողմէ եւ բանտարկուեցան, այնուհետեւ չարչարուելու եւ սպաննուելու համար։ Ղեւոնդ Երէցը կը յիշուի իբրեւ խումբին ղեկավարը, որովհետեւ ան Վարդան Մամիկոնեանի խորհրդականն էր, եւ Աւարայրի ճակատամարտի նախօրեակին ներշնչող պատգամ մը ուղղած էր հայոց զօրքերուն։ Ղեւոնդ, որ լայն կրթութիւն ունէր, օժանդակած էր Ս. Սահակին եւ Ս. Մեսրոպին՝ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան ընթացքին։

454ին նահատակուած Ղեւոնդեաններն էին՝ Յովսէփ կաթողիկոսը, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսները, Ղեւոնդ, Մուշեղ, Արշէն, Մանուէլ, Աբրահամ եւ Խորէն երէցները, Գաճաճ եւ Աբրահամ սարկաւագները։

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 26ԻՆ
Մեծ Պահքը կը սկսի Երկուշաբթի, 24 Փետրուարին։ Ըստ աւանդութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի յայտագիրը պիտի կատարուի Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իրերայաջորդ վեց շաբաթներ, սկսելով Չորեշքաբթի, 26 Փետրուարին։
Յայտագրին մաս կը կազմեն՝
– Հսկումի կարճ արարողութիւն՝ ժամը 7:00ին,
– Դասախօսութիւն՝ ժամը 7:30ին
– Ընթրիք՝ ժամը 8:00ին։

Խօսք պիտի առնեն՝ Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան (26 Փետրուար), Վահան քհն. Գույումճեան (4 Մարտ), Նարեկ քհն. Թրթռեան (11 Մարտ), Լուիզ Քանեան (18 Մարտ), Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան (25 Մարտ), փրոֆ Շոպան Նաշ-Մարշալ (Ապրիլ 1)։

Յայտագիրը կը հովանաւորեն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը։ 

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ։ 

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ «Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» 34ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Այս շաբթուան խորհրդածութեան մէջ, Տ. Տարօն Ա. քհն. Ստեփանեան կ՚անդրադառնայ Յիսուսի խօսքին. «Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ: Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին» (Յովհ. 7:37):

Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
 
Այս շաբթուան նամակը կու գայ Գառնիկէն, որուն հովանաւորը դոկտ. Վարդան Գրիգորեանն է։ (Նամակը գրած է Գառնիկի մեծ մայրը, որ երեք թոռներու խնամակալն է։ Անոնց ծնողները մահացած են։ Երեք երեխաները կը հովանաւորուին մեր ծրագրին կողմէ։ Գառնիկ 17 տարեկան է եւ սորվելու խիստ անկարողութիւն ունի)։
«Բարեւ ձեզ, իմ սիրելի հարազատներ,
 
Ձեզ գրում է Գառնիկի տատիկը, քանի որ Գառնիկը չի կարողանում գրել։ Նախ եւ առաջ ես կը ցանկանայի իմանալ Ձեր մասին, ինչպէս էք։ Մեր մասին կարող եմ ասել որ ոչինչ, ապրում ենք։ Գառնիկը լաւ է մեծացել։ Ճիշդ է, գրել-կարդալ չգիտի, բայց բաւականին աշխատասէր տղայ է, օգնում է ինձ տանը։

Հիմա սովորում է վարսայարդար, միւս տարի կը վերջացնի։
 
Ես անչափ շնորհակալ եմ Ձեզանից որ օգնում էք մեզ, իմ երեխաներիս։ Աստուած օրհնի Ձեզ, պահի ու պահպանի։
 
Ես հիմա մենակ եմ մեծացնում եմ երեխաներին, քանի որ երեք ամիս է ինչ պապիկը մահացել է։ Կրկին ու կրկին շնորհակալ եմ Ձեզանից»։
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,   սեղմեցէք այստեղ  արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org)    կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը այժմ ընդլայնած է իր ծրագիրը, ընդգրկելով բոլոր այն որբերը, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Տարեկան գումարը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։

Ինչպէս հայրենիք այցելուները կրնան վկայել, Հայաստանի յուսահատութեան մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են։ Երեւանը ներկայիս ծաղկուն քաղաքն է, ուր ամբողջ աշխարհէն այցելուներ կը ժամանեն։ Բայց բոլորս ալ գիտակից ենք, որ երկրի ու Արցախի երկայնքին բազում մարտահրաւէրներ կան։ Յաճախ՝ կրթութիւնը բանալի է զանոնք յաղթահարելու համար։

Հայաստան այժմ ծանօթ է շրջանին մէջ իբրեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կեդրոն մը, ինչ որ բազմաթիւ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ, որոնց համար կարող ու անհրաժեշտ դաստիարակութեամբ մասնագէտներու պէտքը կայ։ «Մեծն Ներսէս»ի կողմէ հովանաւորուած որբերը այժմ տնտեսութեան պէտք ունեցած աշխատուժը դառնալու ճամբուն են։

Բազմաթիւ նուիրատուներու յանձնառութեան շնորհիւ, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը «Մեծն Ներսէս»ի գործունէութեան գլխաւոր կէտերէն մէկը եղած։ Նուիրատուները երեխաներու աճին վկայ եղած են եւ յաճախ ուժեղ կապեր հաստատած՝ անոնց հետ։ Հովանաւորները այժմ կրնան շարունակել երէկուան մանուկներուն օգնել, որ հասուննան իբրեւ երիտասարդ մասնագէտներ։

«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ թեկնածուներ գտնել եւ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել։

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ 
Շաբաթ, 8 Փետրուարի առաւօտուն, «Սիամանթօ» լսարանի պատանիները կրկին հաւաքուեցան Առաջնորդարանին մէջ՝ գէթ քանի մը ժամ իրենց լեզուի ու մշակոյթի ոլորտին մէջ ըլլալու։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց եւ խրախուսիչ խօսքեր ըսաւ անոնց։
Շատ չանցած զիրենք այցելեցին Առաջնորդարանի երիտասարդ զոյգերու ակումբի յանձնախումբի անդամները, որոնցմէ ոմանք նախկին Սիամանթոյականներ եղած էին։ Անոնք խոստացան մօտ ապագային աւելի յաճախ հանդիպիլ «Սիամանթօ» Լսարան։

Այս հանդիպումին անոնց համար նիւթ դարձան կենցաղավարութեան քանի մը գիծեր գլխաւորաբար՝ հեռաձայնի առկայութիւնը իրենց կեանքէն ներս։

Յետոյ՝ մայրենին սորվելու դժուարութիւնն էր հարցը։ Ամէնքն ալ փափաքը ունէին սորվելու, բայց վեհերոտութիւնը, որ ծայր դրած էր իրենց մէջ, կամաց-կամաց սկսաւ վերանալ, երբ անոնք սկսան լեզու ուսուցանող յաւելուածներ (app) սերտել։ Չէ, դժուար բան չէր հայերէնը, ոչ ալ ձանձրալի, ինչպէս է տպաւորութիւնը շատերուն մօտ։ Հայերէնով խաղա՛լ ալ կարելի էր ուրեմն։ 

Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածելու պահը աշակերտները զարմացուց քայլ առ քայլ, խօսքի մաս առ մաս առնելով, իրե՛նք կ՚եզրակացնէին որ նո՛յն լեզուն էր, եւ համացանցային բառարանի օգտագործումով շատ բան կրնային մասնատել ու հասնիլ իմաստին։

Այս շաբաթ ալ այլ յաղթանակ մըն էր, որովհետեւ անոնց մեծ մասը տպաւորութիւններու բաժնին մէջ արձանագրած էր, թէ հայերէն կ՛ուզէր սորվիլ, իսկ մէկը ափսոսանք յայտնած էր, որ հայերէնին չէր տիրապետեր։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան եւ Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեան երիտասարդ զոյգերու ակումբի յանձնախումբի անդամներու հետ (ձախէն աջ՝ Թալին եւ Վահէ Չաղլասեան, Թալին Չալեան)։

ԲԱԲԳԷՆ Ծ. ՎՐԴ ՉԱՐԵԱՆ

«ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻՆ»
Գանատայի թեմի այժմու առաջնորդ՝ Բաբգէն արք. Չարեանի այս հատորը գրուած է իբրեւ վարդապետական աւարտաճառ։ Ինչպէս կը գրէ հեղինակը, «ամբողջական պատմութիւնը ըլլալէ աւելի՝ ակնարկ մը պէտք է նկատուի, որովհետեւ ամփոփ, թէեւ հարազատ պատկեր մը կը պարզէ հայ հոգեւորականութեան կրած տառապանքին եւ նահատակութեան՝ ցեղասպանութեան սեւ օրերուն»։ Ամփոփ ներածականէ մը ետք, հեղինակը կը ներկայացնէ նահատակ հոգեւորականութեան գլխաւոր դէմքերուն կենսագրականները։ Յաւելուածը կ՚ընդգրկէ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական նահատակ հոգեւորականներու ցուցակ մը։
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք     books@armenianprelacy.org     հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ (մահ՝ 18 Փետրուար, 1921)

Խմբապետ Համազասպ մաս կազմեց Հայաստանի ազատագրութեան ի խնդիր ապրած ու մեռած հերոսներու փաղանգին։

Համազասպ Սրուանձտեանց եղբօրորդին էր նշանաւոր եկեղեցական, բանահաւաք ու գրագէտ Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցի (1840-1892)։ Ծնած է Վան, 1873ին։ Նախակրթարանը աւարտելէ ետք, սորված է ոսկերչութիւն եւ ժամագործութիւն։

Շուտով մխրճուած է յեղափոխական շարժման մէջ, նախ՝ իբրեւ Արմենական Կազմակերպութեան, ապա՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամակցելով։ Թուրք իշխանութիւններու հալածանքէն փախուստ տալով, ձգած է Վանը ու մեկնած Երեւան ու Շուշի։ Մասնակցած է հայ-թաթարական կռիւներուն (1905-1907), յատկապէս նշանաւոր դառնալով Ասկերանի արիւնոտ մարտին (22 Օգոստոս, 1905)։ Համազասպ կազմակերպած է Գանձակի հայերու ինքնապաշտպանութիւնը թաթարական յարձակումներուն դէմ։

Անձնուէր մարտիկը ձերբակալուած է ցարական կառավարութեան կողմէ 1908ին եւ մահուան դատապարտուած։ Սակայն, անոր դատավճիռը փոխուած է 15 տարուան տաժանակիր աշխատանքի՝ Սիպերիոյ մէջ։ Բանտէն փախուստ տալով 1913ին, մեկնած է Եւրոպա, ուրկէ անցած է Պոլիս։ Օգոստոս 1914ին մասնակցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ը. ընդհանուր ժողովին, ուր կտրուկ կերպով մերժած է Երիտասարդ Թուրքերու հետ որեւէ համագործակցութիւն։

Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Համազասպ գլխաւոր դէմքերէն էր հայ կամաւորական շարժումին` իբրեւ երրորդ գունդի հրամանատար։ Մասնակցած է բազմաթիւ ճակատամարտերու կովկասեան ռազմաճակատին վրայ եւ ապահոված է Բասէնի ու Ալաշկերտի գաղթականութեան անցքը դէպի Արեւելեան Հայաստան։ Մայիս 1915ին Վան ազատագրող կամաւորներու շարքին էր ան։

Փետրուար 1917ի ռուսական յեղափոխութենէն ետք, Համազասպ նշանակուած է Ալաշկերտի զինուորական ոստիկանութեան հրամանատար եւ այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ կովկասեան ճակատի ռուսական զօրքերու պարպումը՝ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք։ Այնուհետեւ մեկնած է Պաքու, ուր կռուած է Պաքուի կոմունային համար իբրեւ հայկական ջոկատի ղեկավար։ Յամառ մարտերով, շուրջ չորս ամիս դիմադրած է օսմանեան զօրքերու յառաջխաղացքին։ Պաքուի անկումէն ետք (Սեպտեմբեր 1918) անցած է Պարսկաստան։

Վերադառնալով Հայաստան, Համազասպ նշանակուած է Նոր Բայազէտի շրջանի զօրագունդերու հրամանատար եւ մասնակցած է Մայիսեան ապստամբութեան եւ թաթարական խռովութիւններու ճնշումին։ Խորհրդային վարչակարգի հաստատումէն ետք (Դեկտեմբեր 1920), Երեւան հրաւիրուած է Յեղկոմի ռազմական կոմիսար Աւիս Նուրիջանեանի կողմէ ու բանտարկուած։

Փետրուարեան ժողովրդային ապստամբութեան յաղթանակի նախօրեակին, 21 բանտարկեալներ գնդակահարուած են 16-17 Փետրուար, 1921ի գիշերը, եւ քանի մը տասնեակ եւս գնդակահարուած կամ կացինահարուած են յաջորդ գիշերը։ Փետրուար 18ի առաւօտուն, Երեւանը ազատագրուած էր, Յեղկոմը փախուստ տուած էր եւ հարիւրաւոր կալանաւորներ իրենց կեանքը ազատած էին։ Սակայն, նոյն գիշերը, տեղի ունեցած է Երեւանի բանտին մէջ բոլշեւիկեան վայրագութեան զոհերու ինքնութեան ճշդումը։։ Անոնց շարքին էր Համազասպ Սրուանձտեանց, որ սպաննուած էր Փետրուար 17-18ի լուսցող գիշերը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ    (   www.armenianprelacy.org   ). 
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս շաբթուան արխիւային նկարը առանձնապէս եզակի է։ 1990ական թուականներու պատմական իրադարձութիւնները, ինչպէս եւ քրիստոնէութեան իբրեւ պետական կրօնք ընդունման 1700ամեակի համաշխարհային տօնակատարութիւնը Հայաստան բերին մեր Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան բարձրագոյն դէմքերը, որոնք առիթը ունեցան նաեւ Խոր Վիրապ այցելելու։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բանտարկութեան վայրը այցելող խումբ մը հոգեւորականներու այս նկարը առնուած է 1995ին։ Ձախէն աջ՝ Գարեգին արք. Ներսիսեան (այժմ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.), Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., Օշական արք. Չօլոյեան՝ հետագային Արեւելեան թեմի առաջնորդ, եւ երկու այլ հոգեւորականներ՝ Գրիգոր վրդ. Չիֆթճեան (ետեւը՝ ձախին) եւ Վրոյր վրդ. Տէմիրճեան։ 

ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ԿԷՍՕՐ
“Crossroads”ի խմբագրութեան հասցէին ( crossroads@armenianprelacy.org ) թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը՝  Չորեքշաբթի կէսօր է։

Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
18 Փետրուար —Ս. Ղեւոնդեանցի տօնակատարութիւն Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս), նախագահութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, որ պիտի կատարէ Ս. Վարդանանց սրբապատկերի մը օծումը։
 
1 Մարտ – «Ընտանեկան բրտութիւն Հայաստանի մէջ եւ այլուր. ինչպէ՞ս կրնանք օգնել»։ Բանախօս՝ տիկ. Մարօ Մաթոսեան, Երեւանի Կանանց Աջակցման Կեդրոնի տնօրէնուհի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)

4 Մարտ —ԱՄՆի Հայաստանի դեսպանատունը եւ PostClassical համոյթը կը ներկայացնեն «Հայկական ոդիսական մը. նուռերու գոյնը»՝ հայ երաժշտութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան բազմամիջոցային կատարում մը, մասնակցութեամբ՝ Ջիւան Գասպարեանի եւ ուրիշներու, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Washington National Cathedral, 3101 Wisconsin Avenue, NW, Washington, DC։
 
14 Մարտ — «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, ժամը 10:00էն 12:30։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուս. Խորհուրդի վարիչ տնօրէն տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7231)։
 
15 Մարտ — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 
 
 28 Մարտ —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

29 Մարտ —ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղը կը ներկայացնէ Գեւ Օրգեանը։ Կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ «Ապաճեան» սրահին մէջ։

 13-16 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 
 
31 Մայիս —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։

28 Յունիս—5 Յուլիս —Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանին հետ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով arec@armenianprelacy.org հասցէին։  
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/