«Հաւատով Խոստովանիմ» ԺԸ
․
աղօթք
Կը կարդայ՝ Նարէ Վարդանեան,
ՀՕՄի «Մարզպետ» վարժարանի եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ
(Ռէյսին, Ուիսքանսըն) Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտ
|
|
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ
ԱՄԵՆ. Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
|
|
Շաբաթ, 11 Յունուար 2020-ին, Պոլսոյ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութեան արարողութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ նուիրապետական աթոռի նորընտիր գահակալ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան՝ առաջնորդ Յունաստանի թեմին, եւ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան՝ առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին:
Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ողջոյնի գիրերը։
Իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այսօր Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատմական Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուի: Վստահ ենք, որ նորընտիր Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազանը մօտէն ճանչնալով իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հօտը՝ իր կարիքներով եւ սպասումներով, ինչպէս նաեւ իր շրջապատը՝ իր իւրայատկութիւններով եւ զգայնութիւններով, խոհեմութեամբ ու նուիրումով պիտի կատարէ իր հոգեւոր ծառայութիւնը»:
Ապա Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ «Մեր ժողովուրդին զաւակները կ'ապրին զանազան միջավայրերու մէջ եւ կը դիմագրաւեն թէ' մեր ազգին ու եկեղեցւոյ առնչուած եւ թէ տուեալ միջավայրին յատուկ մարտահրաւէրներ ու խնդիրներ: Արդ, մեկնելով մեր եկեղեցւոյ ու ազգին ընդհանրական շահերէն եւ մեր ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու յանձնառութենէն, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով տեղական պայմանները, մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայելու իր հոգեւոր հոգածութեան կարիքը ունեցող ժողովուրդին՝ դառնալով սերմնացանը Քրիստոսի աշխարհ բերած յաւիտենական ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն»:
Իր պատգամի աւարտին, եղբայրական սէրն ու ողջոյնը փոխանցելով նորընտիր Պատրիարքին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «ինչպէս գիտէք, պատմական կապեր գոյութիւն ունին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միջեւ: Այսօր, մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ սպասումն է, որ Նուիրապետական չորս Աթոռներուն միջեւ, նո՛յն եւ մէկ եկեղեցւոյ պատկանելիութեան անխախտ սկզբունքէն մղուած, ներքին գործակցութիւնը աւելի սերտանայ ու ծաւալի: Ահա այս յոյսով կ'ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը եւ կը սպասենք որ անցեալէն ժառանգուած մեր Նուիրապետական Աթոռներուն եղբայրական կապերը վերանորոգ թափով շարունակուին՝ ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել կենսագործման»:
|
|
ԱՂՕԹՔ՝ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
|
|
Ամէն առաւօտ, թեմիս
առաջնորդ՝
Գերշ
.
Տ
.
Անուշաւան
արք
.
Դանիէլեան
,
եւ
Ս
.
Ստեփանոս
եկեղեցւոյ
(
Նիւ
Պրիթըն
,
Քընեթիքըթ
)
հովիւ՝
Արժ
.
Տ
.
Վահան
քհն
.
Գույումճեան
,
հայկական
նաւապտոյտի
ճամբորդներուն
հետ
միասին
առաւօտեան
ժամերգութիւն
ու
աղօթք
կատարեցին։
|
|
Երկուշաբթի
, 13
Յունուարին
,
Անուշաւան
Արքեպիսկոպոս
դասախօսութիւն
մը
տուաւ
հայկական
նաւապտոյտին՝
«
Հայ
քրիստոնէական
ինքնութիւնը
պատմութեան
ընթացքին
»
նիւթին
շուրջ։
Տ
.
Վահան
քհն
.
Գույումճեան
նաեւ
մասնակցեցաւ
դասախօսութեան՝
Առաջնորդ
Սրբազան
Հօր
կողքին։
|
|
Անցնող 13 Յունուարին նշուեցաւ Պաքուի հայ բնակչութեան ջարդին 30ամեակը։ Ատրպէյճանի պետական հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած կոտորածը պատճառ դարձաւ սերունդներով քաղաքը ապրած հայերու մահուան ու բռնագաղթի։ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան, գլխաւորեց ոգեկոչական արարողութիւն մը Եռաբլուրի գերեզմանատան մէջ, ընկերակցութեամբ՝ Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ., ինչպէս եւ այլ կառավարական պաշտօնատարներու։ Վարչապետ Փաշինեան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորապէս ըսուած է, թէ «հայերի բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման նոր փորձերի հնարաւորութիւն չեն տալու»։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Ա. ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՆԴԵԱՆ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 2:1-11
Յիսուսի Գալիլեա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր: Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին: Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը իրեն ըսաւ.
–
Գինի չունին:
–
Մա՜յր, մեզի ի՛նչ,- պատասխանեց Յիսուս,- իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած:
Սակայն իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն.
–
Ինչ որ ըսէ ձեզի, կատարեցէ՛ք:
Հրեաներու ծիսական մաքրութեան սովորութեան համաձայն, հոն քարէ վեց կարասներ կային, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ութսունէն հարիւր լիթր կ’առնէր: Յիսուս ըսաւ սպասաւորներուն.
–
Կարասները ջուրով լեցուցէք:
Եւ սպասաւորները լեցուցին մինչեւ բերան: Յետոյ ըսաւ անոնց.
–
Հիմա առէք եւ սեղանապետին տարէք:
Անոնք ալ տարին: Սեղանապետը համտեսեց գինիի փոխուած ջուրը, բայց չգիտցաւ թէ ուրկէ էր. թէեւ սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցած էին, գիտէին: Այն ատեն սեղանապետը փեսային ըսաւ.
–
Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա:
Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ: Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն:
Ա. ԹՈՒՂԹ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻ 1:1-11
Ես՝ Պօղոս, որ Քրիստոս Յիսուսի առաքեալն եմ՝ մեր փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի հրամանով, քեզի՛ կը գրեմ, հաւատքի հարազատ որդիս, Տիմոթէոս: Թող Հայրն Աստուած եւ մեր Տէրը Քրիստոս Յիսուս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի:
Երբ Մակեդոնիա կ’երթայի, խնդրեցի որ Եփեսոս մնաս եւ խօսիս քանի մը հոգիներու, որպէսզի դադրին օտար վարդապետութիւններ ուսուցանելէ եւ չզբաղին սկիզբ ու վերջ չունեցող առասպելներով եւ ազգահամարներով, որոնք վէճերու դուռ կը բանան, փոխանակ օգնելու մարդոց հաւատքին եւ Աստուծոյ ծրագրին իրականացման: Գերագոյն պատուիրանը սէրն է. անարատ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէն բղխած սէրը: Շատեր այս պատուէրները մոռցած, դատարկ վիճաբանութեանց մէջ մտնելով՝ մեզի Օրէնք սորվեցնելու ելեր են, մինչդեռ ո՛չ իրենց խօսածը գիտեն, ո՛չ ալ Աստուծոյ Օրէնքը, որուն մասին այնքան վստահութեամբ կը ճառեն:
Գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է՝ երբ պէտք եղած ձեւով գործադրուի: Սակայն գիտենք նաեւ, թէ Օրէնքը արդարներուն համար դրուած չէ, այլ՝ անօրէններուն եւ անհնազանդներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, սրբութիւնները ոտնակոխ ընողներուն ու պիղծերուն, հայր ու մայր անարգողներուն, մարդասպաններուն, պոռնկութիւն ընողներուն, արուագէտներուն, մարդ առեւանգողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն, եւ բոլոր այն արարքներուն համար, որոնք հակառակ են իմ փոխանցած առողջ ուսուցումներուս. պատուէրներու՝ որոնք համաձայն են երանելի Աստուծոյ փառքը պատմող Աւետարանին, որ ես հաւատարմօրէն քարոզեցի:
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 54:1-14
|
|
Ս. ԹԷՈԴՈՍ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵՒ ԵՓԵՍՈՍԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ
|
|
Երկուշաբթի, 20 Յունուարին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Թէոդոսը՝ հռոմէացի կայսրը, որ վերջ դրաւ հեթանոսութեան եւ արիոսական հերձուածին՝ կայսրութեան մէջ։ Ան ճանչուեցաւ իբրեւ «արդար ու հզօր քրիստոնեայ կայսր» ու կոչուեցաւ «Մեծ»։ Ան իր տիրակալութեան շրջանին, Թէոդոս մեծ ջանք ու ժամանակ տրամադրեց տիեզերական եւ ուղղափառ հաւատքի հաստատման։ Հերձուածողներու պաշտամունքի վայրերը եկեղեցի պիտի չկոչուէին։ Ան կը յիշուի նաեւ իր բարեպաշտ վարքին համար։ Երբ Միլանի եպիսկոպոսը՝ Ամբրոսիոս, անոր եկեղեցի մուտքը արգիլեց՝ Սելանիկի մէջ գործած ջարդին իբրեւ պատիժ, Թէոդոս հնազանդեցաւ եւ միայն ութ ամիս զղջումէ ետք կրկին պատարագի մասնակցեցաւ։
Եփեսոսի եօթը մանուկներուն առասպելը կու գայ 3րդ դարէն՝ քրիստոնեաներու դէմ Դեկիոս կայսեր հալածանքներու օրերէն։ Հանրածանօթ մարդոց եօթը որդիները գաղտնաբար մկրտուեցան ու կոչուեցան Մաքսիմիանոս, Մարկիանոս, Եամպլիքոս, Դիւնիսոս, Կոստանդին, Անտոնիոս եւ Յովհաննէս։ Երբ մատնուեցան որպէս քրիստոնեաներ, փախուստ տուին Եփեսոսէն 250 թուականին եւ ապաստան գտան քարայրի մը մէջ՝ քաղաքի պարիսպներէն դուրս, դար ու կէս քնանալով հոն։ Երկրաշարժ մը քարայրը բացաւ եւ զանոնք արթնցուց 389ին՝ Թէոդոսի թագաւորութեան ժամանակ։ Երբ մարդիկ աստուածային հրաշքին իրազեկ դարձան, թագաւորն ու Եփեսոսի բնակիչները մեծ յարգանքով ու պատիւով վերաբերեցան հալածուած քրիստոնեաներուն հանդէպ։ Եօթը պատանիները քարայրը վերադարձան եւ հոն մահացան ու թաղուեցան։ Անոնց թաղման վայրը սրբարանի վերածուեցաւ։
|
|
Այս շաբաթ նաեւ կ՚ոգեկոչուին՝
|
|
Երեքշաբթի, Յունուար 21՝ Ս. Կիրակոս եւ իր մայրը՝Յուղիտա։ .
|
|
ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
|
|
Այս շաբթուան խորհրդածութեան մէջ, Գերպ. Տ. Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բէնդէզեան կ՚անդրադառնայ Յովհաննէսի Աւետարանին, շահեկան ակնարկ մը նետելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գործած հրաշքին, երբ Կանայի հարսանիքին ջուրը գինիի վերածեց (Յովհ. 2:1-11)։
|
|
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԵՒ ՏՆՕՐՀՆԷՔԸ
|
|
Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Ծննդեան երեկոյեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր աւանդական Տնօրհնէքին, հրաւիրուած էին տիկ. Հուրի Սահակեան-Փափազեանը՝ «Սիամանթօ» լսարանի հիմնադիրն ու երկար տարիներու տնօրէնուհին, նաեւ՝ դասատուներն ու աշակերտները, որոնք ամիս մը առաջ զարդարած էին Առաջնորդարանի ծառը։ Վերամուտի առաջին օրը եւ երեկոյ ըլլալուն, հազիւ երեք աշակերտներ կրցած էին ներկայ ըլլալ։ Ասիկա յարմար առիթ մը եղաւ յիշատակի նկար մը ունենալու տիկ. Փափազեանին հետ։
|
|
«ՍԻԱՄԱՆԹՈ»ՅԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԵՑԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
|
|
Շաբաթ, Յունուար 11ին, «Սիամանթօ» լսարանի հիւր դասախօսն էր մրցանակակիր սրնգահար՝ Սաթօ Մուղալեանը։ Ան գեղարուեստական ղեկավարն է «Perspectives Ensemble»ին, որ կ՛ուսումնասիրէ ու կը համադրէ երաժիշտներու եւ նկարիչներու գործերը։
Սաթօ Մուղալեան վերջերս հրատարակած է “Feast of Ashes: The Life and Art of David Ohannessian” գիրքը, որ նուիրուած է անոր մեծ հօր՝ Դաւիթ Օհաննէսեանի կեանքին։ Տասը տարի առաջ, հեղինակը մեծ հօր հետքերէն նիւթեր հաւաքած է, ճամբորդելով Թուրքիա, Անգլիա, Իսրայէլ, Պաղեստին եւ Ֆրանսա, եւ ընթացքին յօդուածներ հրատարակած ու խօսած, նիւթ ընելով՝ Երուսաղէմի մէջ հայ խեցեգործութեան ծնունդը, որուն հիմը դրած է Դաւիթ Օհաննէսեան։ Մեծ Եղեռնի օրերուն, վերջինս իր ծննդավայր Քէօթահիայէն Երուսաղէմ տարած է գործին գաղտնիքը եւ փոխած՝ տեղւոյն ճարտարապետութեան դիմագիծը։ Երուսաղէմի քարքարոտ փողոցներուն մէջ, շէնքերու պատերուն կամ դռներուն, մինչեւ ներսը սենեակներուն կամ նոյնիսկ Երուսաղէմի «Ռոքֆելըր» թանգարանին մէջ փայլփլուն ու գունագեղ սալերն ու իրերը, որոնք «սուրբ քաղաք»ին իւրայատկութիւնն են, Դաւիթ Օհաննէսեանի գործն են։
Ան իր բազում գործերը տարածած է մինչեւ Եգիպտոս ու Սէուտական Արաբիա, իսկ 1933ին մասնակցած՝ Շիքակոյի հռչակաւոր ցուցահանդէսին։
Իր մեծ հայրը բնաւ չտեսած թոռը անոր հետքերէն քալած ու ի հարկին պատմաբանի ու օսմանագէտի օգնութեամբ մտած է թրքական արխիւները՝ մութ անկիւններ բացայայտող էջեր գտնելով։
Այսքան հետաքրքրական արուեստի մը մասին նոյնքան հետաքրքրական պատումը ունկնդրելով ու պատկերներ դիտելով, «Սիամանթո»ի տղաքն ու աղջիկները տարբեր տեսանկիւնէ ընկալեցին ցեղասպանութիւնը, անոր նախադէպքերն ու հետեւանքները:
Այնուհետեւ, Մուղալեան գործնական փորձ մը ըրաւ պատանիներուն հետ. անոր բերած իրերով, անոնք նկարեցին ու գունաւորեցին խեցեգործութեան յատուկ պատկերներ։
«Սիամանթօ» լսարանը իր յաջորդ հանդիպումը պիտի ունենայ յառաջիկայ 8 Փետրուարին։
|
|
ՋՐՕՐՀՆԷՔ՝ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Կիրակի, 12 Յունուարին, Արժ. Տ. Տարօն Ա. քհն. Ստեփանեան Ջրօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ (Ռէյսին, Ուիսքանսըն)։
|
|
ԱՊԱՀՈՎԵՑԷՔ ՁԵՐ ՏՈՄՍԱԿՆԵՐԸ «ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՀԱՄԱՐ
|
|
«Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, աշխարհահռչակ «Գառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ 2020ին երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիներ այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։
«Միւզիքըլ Արմինիա», որ 1982ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով, նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու մեկնաբանութեան սատարելու։ Անցնող 38 տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։
2020ի համերգին ելոյթ պիտի ունենան դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան։
Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար), ոսկի (300 տոլար) եւ արծաթ (200 տոլար)։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։
Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ 212-689-7810 թիւին կամ գրել
sophie@armenianprelacy.org
հասցէին։
|
|
BENEFIT CONCERT BY MUSIC ARMENIA ALUM
|
|
Բարեգործական համերգ մը տեղի պիտի ունենայ, որուն ամբողջական հասոյթը պիտի յատկացուի Աւստրալիոյ
հրդեհներու աղէտեալներուն
։ Անոր կազմակերպիչներէն մէկն է Ազգ. Առաջնորդարանի «Միւզիքըլ Արմինիա»յի շրջանաւարտներէն՝ ջութակահար Նունէ Մելիք, որ նաեւ ելոյթ պիտի ունենայ։ Համերգը՝
“Strads for Fire”
, տեղի պիտի ունենայ այս Կիրակի, Յունուար 19ին, Նիւ Եորքի «Թենրի» մշակութային հիմնարկին մէջ (տե՛ս Ժամանակացոյցը՝ մանրամասնութիւններու համար)։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
Այս շաբթուան նամակը գրած է Նարեկը, որուն հովանաւորն է Ճէյմզ Ֆանթազեանը։ (Նամակը գրած է Նարեկի մայրը)։
|
|
«Բարեւ Ձեզ, մեր շատ սիրելի հովանաւոր։ Ձեզ է գրում Նարեկ ……..ի մայրը՝ Լուսինէ ……..ը։ Գրում եմ մեծ երախտագիտութեամբ եւ ոգեւորուածութեամբ։ Իւրաքանչիւր մայր մեծ պատասխանատուութիւն է զգում, երբ փորձում է պատմել իր երեխայի մասին։
Իմ Նարեկն արդէն սկսել է խօսել համեմատաբար պարզ, հասկանալի, որը ոգեւորում է ինձ։ Ես՝ Ձեզ նախորդ նամակում պատմել էի, որ նա ունի լեզուական խնդիրներ։
Ճիշտ է նա դժուարանում է իր մտքերը պարզ շարադրել, բայց այնուամենայնիւ նա իր վարուեցողութեամբ եւ շարժուձեւով ցոյց է տալիս իր բնաւորութեան դրական գծերը՝ բարի, ընկերասէր, կամեցող, հիւրասէր։ Որպէս մայր ուժ ու եռանդ չեմ խնայում նրա կեանքն աւելի գունեղ եւ յարմարաւէտ դարձնելու համար եւ այդ գործում դո՛ւք եւս ունէք Ձեր նեդրումը։
Կեանքում շատ դժուարութիւններ եւ փորձութիւններ են հանդիպում, բայց մենք չենք ընկճւում. շարունակում ենք կեանքը ապրել սիրով։ Գնահատելով թէկուզ այն փոքրիկ լաւը, որը կայ կեանքում։ Դժուարանում եմ համապատասխան բառեր գտնել, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնեմ Ձեզ՝ Ձեր կատարած բարի գործի համար։ Թող Աստուած Ձեր կեանքում պատահող բոլոր բարիքների առաւելագոյնը տայ»։
|
|
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,
սեղմեցէք այստեղ
արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով
(
sophie@armenianprelacy.org
)
կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
|
|
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի հայաստանեան գրասենեակը՝ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը, սկսած է հովանաւորութեան իր ծրագիրը բոլոր այն որբերուն համար, որոնք 18 տարեկանը կը բոլորեն եւ կ՚արձանագրուին բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ՝ իրենց կրթութիւնը շարունակելու համար։
Տարեկան գումարը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։
Ծրագրին սկիզբը դրած էր 31 տարի առաջ թեմիս օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեան, 1988ի աղէտալի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք։ Մինչ այն ատեն, առաջնահերթութիւնը երկրաշարժի վերապրողներուն օժանդակութիւնն էր, շուտով, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը արդէն հազարաւոր մանուկներու իր նպաստը բերաւ ու կը շարունակէ։ Օշական արք. Չօլոյեանի պաշտօնավարութեան շրջանին, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը օժտուեցաւ սեփական նոր գրասենեակով։
Ծրագիրները աճած ու ծաղկած են, ներառնելով՝ մանկատուներու, դպրոցներու, աշակերտներու, երէցներու, հաշմանդամ ազատամարտիկներու օժանդակութիւն, եւ ամառնային ճամբար մը։
Այս բոլորը բաւարար չէ։ Ինչպէս հայրենիք այցելուները կրնան վկայել, Հայաստանի յուսահատութեան մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են, յատկապէս՝ թուրք-ազերի շրջափակման եւ Արցախի պատերազմի ամենադաժան տարիները։ Երեւանը ներկայիս ծաղկուն քաղաքն է, ուր ամբողջ աշխարհէն այցելուներ կը ժամանեն։ Բայց երկրի ու Արցախի երկայնքին, բոլորս ալ գիտակից ենք, որ բազում մարտահրաւէրներ կան։ Յաճախ՝ կրթութիւնը բանալի է զանոնք յաղթահարելու համար։
Հայաստանն այժմ ծանօթ է շրջանին մէջ, իբրեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կեդրոն մը, ինչ որ բազմաթիւ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ, որոնց համար կարող ու անհրաժեշտ դաստիարակութեամբ մասնագէտներու պէտքը կայ։ «Մեծն Ներսէս»ի կողմէ հովանաւորուած որբ երեխաները այժմ Հայաստանի տնտեսութեան պէտք ունեցած աշխատուժը դառնալու ճամբուն են։
Տասնամեակներէ ի վեր, բազմաթիւ նուիրատուներու յանձնառութեան շնորհիւ, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը «Մեծն Ներսէս»ի գործունէութեան կեդրոնական մասերէն մէկը հանդիսացած է։ Նուիրատուները երեխաներու աճին վկայ եղած են եւ յաճախ ուժեղ կապեր հաստատած անոնց հետ։
Ինչպէս միշտ, ձեր աջակցութիւնը մեծ դեր կը կատարէ։
Տարիներու երկայնքին առատաձեռն կերպով օժանդակութիւն բերած են հովանաւորները այժմ կրնան շարունակել իրենց դերակատարութիւնը՝ երէկուան մանուկներուն օգնելով, որ հասուննան իբրեւ երիտասարդ մասնագէտներ։
Նախապէս հովանաւորուած որբեր այժմ համալսարանական ուսանողներ են եւ նոր հովանաւորներու կարիքը պիտի ունենան։ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը, թափանցիկ ու բարձր մակարդակի իր գործունէութեամբ, պիտի շարունակէ հնարաւոր թեկնածուներ գտնել եւ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել։
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով
(
sophie@armenianprelacy.org
) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
|
|
«ՊՈԼԻՍ ԵՒ ԻՐ ԴԵՐԸ»
Ա.-Դ. հատոր
Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ
|
|
|
«Մերը համեստ փորձ մըն է միայն, գրեթէ ուրուանկար մը։ Սպասելով որ Պոլսոյ հայ գաղութին մենագրութիւնը գրուի օր մը՝ սոյն տողերը գրողը հոս պիտի փորձէ գիծերը տալ դէպքերով ու դէմքերով այնքան հարուստ հայ գաղութի մը, որ աւելի քան հինգ դար տրոփեց, ու դեռ կը փորձէ շնչել, դիմանալ, եւ կ՚ուզէ ինքն ալ տօնել իր հինգ դարերը։
(…) Առանձին փաստերէն լոյս կորզելու ճիգ մըն է միայն մերը, ու այդ լոյսը մարդ միշտ կրնայ կորզել, եթէ դէպքերը յաջողի դատել պաղարիւն, ու չվախնայ նախապաշարումներէն որոնք միշտ ալ կը կաշկանդեն մեզ ամէն անգամ, որ փորձենք ետեւ նայիլ։ Այս ճիգը վաղուան սերունդին ձգելու համար է քանի մը տող մեր տպաւորութիւններէն երէկուան մարդոց մասին, ու մեր իսկ ապրածներէն» (Յ. Ճ. Սիրունի)։
Այս շարքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Ստանալու համար, դիմեցէք books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
|
|
ՌՈՍ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ (մահ՝ 16 Յունուար, 1972)
|
|
Ամերիկեան ժողովրդական մշակոյթի մէջ, իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ “Alvin and the Chipmunks” («Էլվին եւ սկիւռները») կերպարներու շարքը։ Անոնք երգերու մեկնաբանները եղած են, ապա՝ բազմանկարի (cartoon) հերոսներ, վերջապէս՝ շարք մը շարժանկարներու կերպարներ։ Անոնց «հայր»ն էր ամերիկահայ համբաւաւոր գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանի մօրաքրոջ որդին՝ Ռոս Պաղտասարեանը։
Ծնունդով՝ Ռոստոմ Սիփան Պաղտասարեան, ծնած է Ֆրէզնօ (Գալիֆորնիա), 27 Յունուար, 1919ին։ Սան Եոաքին հովիտի շատ մը հայերու պէս, անոր հայրն ալ այգեգործ էր։ Պաղտասարեան իր թատերական գործունէութիւնը սկսած է Պրոտուէյի մէջ, ուր 1939ին խաղացած է թերթավաճառի դերը իր զարմիկ Սարոյեանի նշանաւոր թատերախաղին՝ «Քու կեանքիդ ժամանակը»ի մէջ։ Օդուժի յիսնապետ եղած է Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին, 1941-1945ին Սեւիլլա (Սպանիա) տեղադրուած ըլլալով։ Ասկէ բխած է իր բեմական անունը՝ David Seville (Տէյվիտ Սեւիլ)։
Սարոյեանի հետ հայ ժողովրդական երգի մը մշակումը դարձած է «Եկ իմ տունը» անգլերէն երգը, որ Քէյ Արմէնի (1950) առաջին ձայնագրութենէն ետք, մէկ միլիոն օրինակ ձայնապնակ ծախած է դերասան Ճորճ Գլունիի մօր՝ Ռոզմէրի Գլունիի ձայնագրութեամբ (1951)։ Այս երգը ծախած է 750,000 օրինակ՝ մէկ ամսուան մէջ, ու գրաւած է ամենածախուած ձայնապնակներու առաջին տեղը։
1952-1956ին կարգ մը շարժանկարներու մէջ մանր դերեր կատարելէ ետք, Պաղտասարեան իբրեւ երգիչ նշանաւոր դարձած է “Witch Doctor” երգով, որ Տէյվիտ Սեւիլի անունով լոյս տեսած է 1958ին ու ծախած՝ 1,500,000 օրինակ։ Երգը զուգերգ մըն էր իր իսկական ձայնին ու արագացած ձայնային տարբերակի մը, զոր ստեղծած էր ձայնագրիչի մը արագութեան կոճակին հետ փորձեր ընելէ ետք։
Նոյն տարին, Պաղտասարեան ստեղծած է իր սկիւռներու եռեակը, որուն առաջին երգը՝ “The Chipmunk Song (Christmas Don’t Be Late),” հրապարակուած է Նոյեմբեր 1958ին եւ առաջին տեղը գրաւած՝ Նոր Տարիին, ծախելով 4 միլիոն օրինակներ առաջին ամիսներուն եւ շահելով երեք «Կրէմի» մրցանակներ։ Անոնք շարունակած են նոր ու յաջող երգեր հրապարակել 1959-1964ին։ 1961-1962ին, Պաղտասարեան արտադրիչն էր “The Alvin Show” հեռատեսիլի բազմանկարին (CBS կայանէն)։
Ռոս Պաղտասարեան մահացած է սրտի կաթուածէ Պեւըրլի Հիլզի իր տան մէջ, 16 Յունուարին, եւ հրկիզուած՝ Լոս Անճելըսի մէջ։ Ան սկիւռները կտակած է իր կնոջ ու զաւակներուն։ Անոր անդրանիկ որդին, որուն անունը նոյնպէս Ռոս է, սկիւռները վերստին հրապարակ հանած է 1970ական թուականներուն իր կնոջ՝ Ճանիս Քարմանի հետ, եւ անոնց միակ սեփականատէրը դարձած է՝ եղբօրմէն ու քրոջմէն իրաւունքները գնելէ ետք՝ 1990ական թուականներու կէսերուն։ 1987ի “The Chipmunk Adventure” ժապաւէնէն ետք, եօթը երկարաշունչ շարժանկարներ նկարուած են 1999ի եւ 2011ի միջեւ։
|
|
ԹԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՈՏՔՆ ՈՒ ՀԵՏՔԸ ԻՐԵՆՑ ՃԱՄԲԱՆ ԳՏԱՆ
|
|
Յաճախ, “Ped Xing” ցուցանակը տեսանելի է ամերիկեան փողոցներու եւ ճամբաներու մէջ։ Այս խօսքը, որ կարծէք չինարէն ըլլար, խորքին մէջ կը յայտնէ, որ կը մօտենաք փողոցէն քալողներու անցումի մը՝
pedestrian crossing
։ X գիրը, անշուշտ, խաչի նշանն է եւ “cross” (խաչ) կը կարդացուի։
Ո՞վ է
pedestrian
ը։ Որեւէ վարորդ, որ անգլերէն գիտէ, պիտի ըսէ անմիջապէս. քալող մը, ոտքով գացող մը։ Ուրեմն, կրնաք գուշակել, նոյնիսկ եթէ ոչինչ գիտէք ստուգաբանութիւններու մասին, որ
foot
(«ոտք») բառը պէտք է կապ ունենայ
pedestrian
բառի
ped
արմատին հետ։
Եթէ աւելցնէք
biped
(«երկոտանի») բառը, ճիշդ գուշակած էք. լատիներէն
pes
, որուն սեռականը
pedis
է,
կը նշանակէ
foot
։ Ունինք նաեւ լատիներէն
peda
(«հետք») բառը։
Լատիներէնի օրինակը ցոյց կու տայ, որ «ոտք» ու «հետք» բառերը կարգ մը հնդեւրոպական լեզուներու մէջ, ինչպէս սանսկրիտերէն
pad
(«ոտք») եւ
padas
(«հետք»), աւեստերէն (զրադաշատական սրբազան գիրքին՝ «Աւեստա»յի լեզուն)
pad
(«ոտք») եւ
padem
(«հետք»), պարսկերէն
pai
(«ոտք») եւ
pay
(«հետք»), պէտք է միեւնոյն աղբիւրը ունենան. նախահնդեւրոպական *
ped
- «ոտք» բառը եւ անոր ածանցը՝ *
pod-
. Այս է նաեւ նաեւ նախագերմաներէն *
fots
բառին աղբիւրը, որմէ բխած է հին անգլերէն
fot
(«ոտք») բառը, որ մեզի հասած է
foot
ձեւով։
Նոյն
ped-/*pod
արմատը, որ անգլերէն
foot
ի աղբիւրն է, մեզի տուած է հայերէն «ոտք» եւ «հետք» բառերը։ Ինչպէս կը պատահի այլ պարագաներու, կարգ մը լեզուական օրէնքներ (զանց պիտի ընենք անոնց բացատրութիւնը) ցոյց կու տան, որ բառասկիզբի
p
գիրը կորսուած կամ փոխուած է եւ, ի վերջոյ, այդ արմատը գրաբարեան հետեւեալ բառերուն յանգած է.
ոտ(ն)
հետ
(«ոտքի նշան»)
Աւելի քան 1700 տարի, Աւագ Հինգշաբթի օրուան՝ Յիսուսի աշակերտներուն ոտքերուն լուացումը խորհրդանշող արարողութիւնը,
Ոտնլուայ
անունը կը կրէ, որ կը սերի գրաբարի
ոտն
բառէն (այսինքն՝ «ոտքերու լուացում»)։ Աշխարհաբարի մէջ, բառը դարձած է
ոտք՝
յոգնակիակերտ
ք
մասնիկի յաւելումով։
Գրաբարեան
հետ
բառը իբրեւ արմատ մնացած է կարգ մը արդի բառերու մէջ, ինչպէս
անհետ
(«առանց հետքի») կամ
հետապնդել
(«հալածել»), իսկ նոյն
ք
մասնիկով, աշխարհաբարի մէջ կը գործածուի
հետք
ձեւով։
Պահ մը վերադառնալով այս յօդուածին սկիզբը, կը մնայ ցոյց տալ, թէանգլերէն
pedestrian
բառը ինչպէ՞ս կ՚ըսուի հայերէն։ Բառը գրաբարեան ծագում ունի՝
հետիոտն
(
հետ
+
ի
+
ոտն
), ինչ որ կը բացատրէ անոր կառոյցը։
Արդի Երեւանի մէջ, փողոցէն քալողներու անցքերը
հետիոտնային անցում
կը կոչուին։
Լեզուները կրնան տարբերիլ, բայց երթեւեկութեան օրէնքները ընդհանրական են։ Զգոյշ եղէ՛ք փողոցի անցումներու պարագային։
|
|
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆ ՄԸ. ՆՈՒՌԵՐՈՒ ԳՈՅՆԸ»
|
|
Չորեքշաբթի, 4 Մարտին, PostClassical համոյթը առաջին անգամ կը ներկայացնէ հայ երաժշտութեան, մշակոյթի ու պատմութեան բազմամիջոցային (multimedia) կատարում մը Ուաշինկթընի Ազգային Մայր Տաճարի մէջ (տե՛ս Ժամանակացոյցը)։ Այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած է ԱՄՆի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ միասին, պիտի ներկայացնէ հռչակաւոր դուդուկահար Ջիւան Գասպարեանը, որուն հետ հանդէս պիտի գան թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան, երգահան Վաչէ Շարաֆեան եւ նկարիչ Գէորգ Մուրատ, որ տեղւոյն վրայ արուեստ կը ստեղծէ՝ կենդանի երաժշտութեան ներշնչումով։ PostClassical համոյթին ղեկավարն է Անխէլ Խիլ-Օրտոնիէս։
|
|
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ»՝ ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆ. ՇԻԹԻԼԵԱՆԻ ՆՈՐ ՅՕԴՈՒԱԾԸ
|
|
«Մէկը չի կրնար խուսափիլ այս հարցէն, ոչ ալ մէկը կայ, որ կրնայ անտարբեր ըլլալ այս խնդրին նկատմամբ»։ Այսպէս կը սկսի Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պետրոս քհն. Շիթիլեանի «Աստուծոյ գոյութիւնը» անգլերէն յօդուածը, որ հրատարակուած է “Today’s American Catholic”ի մէջ։ «Աստուած բնազանցական իրականութիւն մըն է. միան կրնանք զգալ եւ ապրիլ Աստուծոյ գոյութիւնը», կը գրէ Տ. Պետրոս։ Յօդուածը կարդալու համար, սեղմեցէք
այստեղ։
|
|
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ “CROSSROADS”Ի ՀԱՄԱՐ
|
|
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք
crossroads@armenianprelacy.org
հասցէին պէտք է յղուին։
“Crossroads”ին թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը՝
Չորեքշաբթի կէսօր է։
|
|
19 Յունուար
—“Strads for Fire”, բարեգործական համերգ՝ Աւստրալիոյ հրդեհներու զոհերուն, երեկոյեան ժամը 6:00ին, Tenri Cultural Institute, 43A W 13
th
Street, New York City։
8 Փետրուար
— «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։
4 Մարտ
—ԱՄՆի Հայաստանի դեսպանատունը եւ PostClassical համոյթը կը ներկայացնեն «Հայկական ոդիսական մը. նուռերու գոյնը»՝ հայ երաժշտութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան բազմամիջոցային կատարում մը, մասնակցութեամբ՝ Ջիւան Գասպարեանի եւ ուիրշներու, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Washington National Cathedral, 3101 Wisconsin Avenue, NW, Washington, DC։
15 Մարտ
— Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։
28 Մարտ
—“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։
13-16 Մայիս
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
31 Մայիս
—Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|