14 Նոյեմբեր, 2019
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
Այս շաբաթ, Քաթրին Ճեմեան՝ Արեւելեան թեմի Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային լսարանի աշակերտ (Ուոքիկըն, Իլինոյ), կը կարդայ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»ի իններորդ աղօթքը։

ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻ ՏՈՄՍԱԿՆԵՐԸ ՍՊԱՌԱԾ ԵՆ
Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ այս Կիրակի օրուան Գոհաբանութեան ճաշկերոյթի տոմսակները սպառած ենք։ Կը յուսանք ողջունել ձեզմէ շատերը Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի պատարագէ թեմիս բարեխնամ առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, իսկ այնուհետեւ՝ Գոհաբանութեան ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Terrace on the Parkի մէջ (Ֆլաշինկ Մէտոզ)։ Ազգային Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օրուան գաղափարը յղացուած է մեր համայնքին շնորհակալութիւն յայտնելու՝ Առաջնորդարանիս բոլոր ծրագիրներուն հանդէպ անոր անսակարկ նուիրումին համար։ Այս առաջին ձեռնարկին, լուսարձակները պիտի կեդրոնանան «Մեծն Ներսէս» բարեգործական-հասարակական կազմակերպութեան վրայ՝ Առաջնորդարանի բարեսիրական գրասենեակը Հայրենիքի մէջ։
ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵԼ
Շնորհակալութիւն յայտնել մարդկային շատ սովորական արարք մըն է, յատկապէս քրիստոնեաներու համար, որոնք միշտ գիտակից են այն բազմաթիւ պարգեւներուն, որոնք մեզի ընծայուած են մեր Տիրոջ ու Փրկչին կողմէ։ Ճիշդ երկու շաբաթէն պիտի տօնենք ամերիկեան Ազգային Գոհաբանութեան Օրը, որ Միացեալ Նահանգներէն աւելի հին աւանդութիւն մըն է եւ բոլոր ամերիկացիներուն կողմէ նշուած աւանդութիւն մը՝ անկախաբար կրօնական, ազգային կամ քաղաքական պատկանելիութենէ։ Մինչ ուրիշ ազգեր ալ «երախտագիտութեան օրեր» ունին, ո՛չ մէկը հասած է ամերիկեան տօնի խորութեան ու յարատեւութեան։
ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ 
Գոհանամք զքէն, Տէր Աստուած մեր, որ երեւելի լուսով քով զուարճացուցեր զամենայն արարածս քո. իսկ իմանալի լուսով պատուիրանաց քոց՝ զամենեսեան լուսաւորեցեր զհաւատացեալս ի քեզ։ Զօրացո եւ զմեզ, Տէր, ի պահպանութիւն պատուիրանաց քոց՝ ի տուընջեանս յայսմիկ եւ յամենայն ժամանակի։ Որպէս զի լուսաւորեալ մտօք՝ միշտ զհաճոյս քո արասցուք, եւ հանդերձեալ բարեացդ հասցուք ընդ ամենայն սուրբս քո։ Շնորհօք եւ մարդասիրութեամբ տեառնդ մերոյ եւ փրկչիդ Յիսուսի Քրիստոսի, որում վայել է փառք իշխանութիւն եւ պատիւ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
(Շնորհակալութի՜ւն քեզի, ո՛վ Աստուած՝ մեր Տէրը, որ քու տեսանելի լոյսովդ ուրախացուցիր մեզ՝ քու բոլոր արարծներդ, իսկ քու պատուիրաններուդ հոգեւոր լոյսովը լուսաւորեցիր քեզի հաւատացողները։ Մե՛զ ալ զօրացուր, Տէ՜ր, որպէսզի կարենանք քու պատուիրաններդ պահել այսօր եւ ամէն ատեն, որպէսզի լուսաւորուած միտքով՝ միշտ քու կամքդ կատարենք եւ քու պատրաստած բարիքներուդ հասնինք բոլոր սուրբերուդ հետ միասին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւած շնորհքովն ու մարդասիրութեամբը։ Անո՛ր կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։)

ՕԺԱՆԴԱԿԵՑԷՔ 2019 ԹԵԼԵԹՈՆԻՆ
ՅԱՏՈՒԿ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի տնօրինումով, Արեւելեան Թեմի բոլոր եկեղեցիները յառաջիկայ երկու Կիրակի օրերուն, 17 եւ 24 Նոյեմբերին, յատուկ հանգանակութիւն պիտի կատարեն յօգուտ 2019-ի Թելեթոնին, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կը կազմակերպուի Գոհաբանութեան Տօնին՝ Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբերին: Թելեթոնը տեղւոյն վրայ կը սփռուի Երեւանէն եւ Լոս Անճելըսէն ամբողջ աշխարհի հանդիսատեսին համար:


«Իմ սիրելի Հայաստանին» բնաբանին ներքոյ կայանալիք 22րդ տարեկան թելեթենին հասոյթը պիտի յատկացուի Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերուն մէջ արեգակնային ուժի համակարգերու տեղադրման գործին, ինչպէս նաեւ ըմպելի ջուրի եւ ոռոգման ցանցերու կառուցման: Տարեկան Թելեթոնի գումարներով կայանալիք ծրագիրները կը ներառնեն արեգակնային վահանակներու, ջեռուցիչներու եւ ենթակայաններու տեղադրում, ջրատարներու եւ բաշխիչ ցանցերու շինութիւն եւ խորունկ ջրհորներու փորիչներ եւ առաջատար կաթիլային ոռոգման համակարգերու կառուցում:

Թելեթոնին հեռատեսիլով հետեւելու համար, «Հայաստան» հիմնադրամի կողմէ յատուկ պատրաստուած ամբողջական ցանկը կրնաք գտնել՝ 2019 Telethon TV Broadcast Guide խորագրին տակ Armeniafund.org կայքէջին մէջ։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՊԵԹԵՍՏԱՅԻ ՄԷՋ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Կիրակի, Նոյեմբեր 10ին պատարագեց՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մերիլընտ) 55ամեակին առիթով։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծեց Ս. Գէորգի նկարը, որ եկեղեցւոյ նուիրուած է Լոս Անճելըսէն տէր եւ տիկ. Փօլ եւ Լենա Ճարեաններու կողմէ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատագիրներ յանձնեց Ազնիւ Ֆստըգճեան-Աշըգեանին եւ Ալիս Ֆստըգճեան-Էտուըրտզին՝ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց տարիներու ծառայութեան համար։ Սրբազան Հայրը նաեւ Սարգիս սրկ. Տուտագլեանին յանձնեց «Հովիւ»ի մրցանակը՝ նուիրումի ու խորանի ծառայութեան անոր տարիներու առ ի գնահատութիւն։ 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի անունով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս աւագ քահանայութեան աստիճանը շնորհեց Արժ. Տ. Սարգիս քհն. Ագթաւուգեանին

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ խորանի ծառայողներու եւ հոգաբարձութեան անդամներու հետ 

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Ժ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
(Յիսնակաց Պահոց Բարեկենդան)

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:44-50
Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը:
Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան: Միւս կողմէ ալ, կը վախնային իրեն հարցնելու այս մասին:
Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը: Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով՝ ըսաւ.

Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ, եւ ով որ զիս կ’ընդունի՝ ընդունած կ’ըլլայ զիս ղրկողը: Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը:
Յովհաննէս ըսաւ.

Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր:
Յիսուս ըսաւ.

Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն:

***

ԹՈՒՂԹ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-11
Պօղոս եւ Տիմոթէոս՝ Քրիստոս Յիսուսի ծառաներս, կը գրենք ձեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի միացած բոլոր հաւատացեալներուդ, որ Փիլիպպէի կողմերը կը բնակիք, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն ու սարկաւագներուն:

Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:

Ամէն անգամ որ ձեզ յիշեմ, գոհութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս: Ամէն անգամ որ ձեր բոլորին համար կ’աղօթեմ, ուրախութեամբ կ’աղօթեմ, որովհետեւ առաջին օրէն մինչեւ հիմա ձեր մասնակցութիւնը բերիք աւետարանչութեան գործին: Եւ վստահ եմ, թէ Աստուած, որ այդ բարի գործը սկսաւ ձեր մէջ, զայն իր կատարումին պիտի հասցնէ մինչեւ Քրիստոս Յիսուսի օրը գայ: Իրաւունք կը համարեմ այսպէս խորհիլ ձեր բոլորին մասին, եւ ձեզ սրտիս մէջ ունիմ, որովհետեւ բոլորդ ալ մասնակից եղաք ինծի վիճակուած շնորհքին, ըլլա՛յ բանտարկութեանս ընթացքին, ըլլա՛յ երբ ազատ վիճակով Աւետարանը կը պաշտպանէի ու կը հաստատէի: Միայն Աստուած գիտէ՝ թէ որքա՜ն կարօտցած եմ ձեզ, Քրիստոս Յիսուսի գորովովը:

Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստացած՝ պատճառ ըլլաք որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 25:9-26

ԱՆԴՐԷԱՍ ԵՒ ՓԻԼԻՊՊՈՍ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ
«Առաքեալ» բառը կ՚ակնարկէ Յիսուսի աշակերտներու յատուկ շրջանակին։ Յիսուս իր աշակերտները ընտրած է, որպէսզի Իրեն ընկերանային՝ Իրմէ սորվելու, Իր ցուցմունքներուն հետեւելու եւ Իր գործը շարունակելու համար։
Շաբաթ, 16 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշատակէ Անդրէաս ու Փիլիպպոս առաքեալները։ Անդրէասը գալիլեացի ձկնորս մըն էր եւ Քրիստոսի հետեւորդներու շարքին առաջինը կանչուած՝ իր եղբօր Սիմոնի հետ (այնուհետեւ՝ Պետրոս կոչուած)։ Փիլիպպոսը Պէթսայտայէն էր եւ, առաքեալ դառնալէ ետք, իր հետ բերած էր Նաթանայէլը (այնուհետեւ՝ Բարդողիմէոս կոչուած)։  

ՅԻՍՆԱԿԱՑ ՊԱՀՈՑ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Կիրակի, 17 Նոյեմբեր, Յիսնակաց Պահոց Բարեկենդանն է։ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ տեւող այս պահքը կ՚առաջնորդէ Յիսնակի առաջին Կիրակիին, որ յառաջիկայ Կիրակի, 24 Նոյեմբերին է։

Յիսնակը Քրիստոսի ծնունդին ու մկրտութեան տանող շրջանն է, որ կը սկսի Յունուար 6էն յիսուն օր առաջ։ Յիսնակը աղօթքի եւ խոկումի լուռ ժամանակ մըն է, որպէս պատրաստութիւն՝ մարդեղութեան խորհուրդին։

Աւանդաբար, Յիսնակի ամբողջ շրջանը պահք էր։ Այժմ հնգօրեայ երեք պահք կայ Յիսնակի ընթացքին՝ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու կանոնաւոր պահքերուն կողքին, որոնք ծանօթ են Յիսնակաց Պահք, Սուրբ Յակոբայ Պահք եւ Ծննդեան Պահք անուններով։  
Այս շաբաթ նաեւ կը յիշատակուին
Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբեր.  Ս. Գուրիաս, Սամոնաս, Աբիբաս սարկաւագ, Ռոմանոս միայնակեաց, Մանկան Խոստովանող եւ Հիւսիքոս զինուոր։ 
ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէնը՝ Բարշ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան, ներկայացուց նորատիպ “Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church” («Աղօթելով Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հետ») գիրքը։ Սոյն հատորը կը պարունակէ մեր Եկեղեցւոյ Ժամագիրքի աղօթքներուն անգլերէն թարգմանութիւնը, կատարուած՝ գրաբարէն։ Ժամագիրքը կը պարունակէ հրապարակային պաշտամունքի արարողութիւններու ամէնօրեայ շարքը՝ Գիշերային ժամ, Առաւօտեան ժամ, Արեւագալի ժամ, Ճաշու ժամ, Երեկոյեան ժամ, Խաղաղական ժամ եւ Հանգստեան ժամ։
Այս ամէնօրեայ արարողութիւնները կ՚ընդգրկեն Սաղմոսներ եւ Ս. Գրային ընթերցումներ, շարականներ ու երգեր, սարկաւագներու քարոզներ, աղօթքներ եւ զանազան ծէսեր։ Հատորը միայն աղօթքներուն թարգմանութիւնը կը պարունակէ։

Հրատարակութիւնը հովանաւորուած է «Տ. Ներսէս Ա. քհն. Մանուկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ին կողմէ։ Տ. Ներսէս քհն. կատարած է հրատարակութիւնը ի յիշատակ իր հոգեւոր հօր՝ հոգելոյս Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Աշճեանի։

“Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church” տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Գինը 10 տոլար է, առաւել՝ առաքման ծախսը։ Օրինակ ապսպրելու համար, գրեցէք  books@armenianprelacy.org  հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
«ՀԱՄԱՍՏԵՂ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՈՒՍԱՆԵԼԻ ԱՅՑԸ
«Համաստեղ» վարժարանի աշակերտներուն Հայաստանի հիւպատոսարանի այցը
Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, «Համաստեղ» վարժարանի 6րդ, 7րդ եւ 8րդ կարգերու եւ 2018-2019 տարեշրջանին աւարտած աշակերտները Ուաշինկթընի Հայաստանի դեսպանատունը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA) գրասենեակը այցելեցին։ Աշակերտները պատմութեամբ, զարգացմամբ եւ արդարութեան յոյսով լեցուն օր մը վայելեցին։ Արամ Համբարեան, որ վարժարանի հայոց պատմութեան եւ քաղաքական նիւթերու գերազանց միտքն է, Հայոց Ցեղասպանութեան Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ վերջին ճանաչման եւ հարցին վերջին զարգացումներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ։

Աշակերտներուն Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի այցը
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրած է Անին, որ կը վայելէ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեաններու հովանաւորութիւնը։  

Բարեւ, իմ սիրելի հովանաւոր,

Ես արդէն 10 տարեկան եմ, սովորում եմ 5-րդ դասարանում։ Այս տարի իմ ծննդեան օրը ընկերներս ինձ հիւր էին եկել։ Մենք շատ ուրախացանք այդ օրը։

Ես այս ամառ գնացել էի ռազմական ճամբար։ Այնտեղ մեզ սովորեցրել են ինչպէս պաշտպանուել թշնամուց եւ տարբեր զինավարժութիւններ։ Ես մայրիկիս օգնել եմ անտառից ցախ բերել, այգուց միրգ հաւաքել։ Այս տարի մեր դասագրքերը աւելացել են պատմողական առարկաներով։ Մենք անցնում ենք հայրենագիտութեան առարկան։ Ես սովորում եմ թէ ինչպէս է առաջացել մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը։ Դասերից յետոյ ես լսում եմ երաժշտութիւն, սիրում եմ խաղալ ֆուտբոլ։ Օգնում եմ մայրիկիս տան գործերում։ Շուտով ձմեռ կը գայ։ Գիւղում շատ ցուրտ է լինում, բայց ես սիրում եմ ձնագնդի խաղալ եւ ձնեմարդ պատրաստել։

Ես ուզում եմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ, որ օգնում էք ինձ եւ իմ ընտանիքին։

Սիրով՝ Անի

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,  սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։  
ՓՕԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ (մահ՝ 20 Նոյեմբեր, 1993)
Փօլ Կիրակոսեանի վերացական արուսետը արժանացած է քննադատներու լայն գնահատանքին, զինք դարձնելով Լիբանանի ամենէն նշանաւոր նկարիչներէն մէկը։ Մեծ Եղեռնի վերապրողներու այս զաւակը ծնած է Երուսաղէմ, Դեկտեմբեր 25, 1926ին։

Փոքր տարիքէն, կրած է տարագրութեան դառնութիւնները։ Ինք ու եղբայրը՝ Անթուան, գիշերօթիկ դպրոցներ յաճախած են, մեծնալով իրենց մօրմէն հեռու, որ պէտք է աշխատէր անոնց կրթութիւնը ապահովելու համար։
1940ական թուականներուն, Կիրակոսեանն ու իր ընտանիքը փոխադրուած են Եաֆա, ուր ապագայ արուեստագէտը յաճախած է «Եարքոն» արուեստանոցը (1944-1945) իր նկարչական ձիրքերը զարգացնելու համար։ 1947ին, յաջորդ տարուան արաբ-իսրայէլեան պատերազմը կանխող իրարանցումի ու խլրտումներու ժամանակ, ընտանիքը ստիպուած էր փոխադրուիլ Պէյրութ։ Կիրակոսեան սկսած է արուեստ դասաւանդել հայկական դպրոցներու մէջ եւ անձնական պահերով։ Իր անձնական աշակերտուհիներէն մէկն էր երիտասարդ ու տաղանդաւոր նկարչուհի մը՝ Ճուլիէթ Հինտեան, որ իր կինը դարձած է 1952ին։ Անոնք վեց զաւակ ունեցած են, որոնցմէ մէկը մահացած է շատ կանուխ։

1950ական թուականներուն, նկարիչը սկսած է իր սեփական գործը եղբօր հետ, նկարելով շարժապատկերի սրահներու գովազդներ, որմազդներ, եւ գիրքերու պատկերազարդումներ։ 1956ին նկարչութեան մրցանքի մը առաջին տեղը գրաւած է, արժանանալով իտալական կառավարութեան կրթաթոշակի մը՝ Ֆլորանսի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ ուսանելու։ Իտալական քաղաքին մէջ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ տուած է։ Առաջին մրցանակ շահած է 1958ի Փարիզի երկամեային եւ 1961ի Ֆլորանսի երկամեային։

Պէյրութ վերադառնալով 1961ին, յաջորդ տարի ուրիշ կրթաթոշակ մը ստացած է, այս անգամ՝ ֆրանսական կառավարութենէն, Փարիզ ուսանելու եւ նկարելու համար։ 1960ականներու կէսերուն, Կիրակոսեան արդէն լաւ յայտնի էր Լիբանանի ու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, անոր գործերը աւելի գունագեղ դարձած են՝ ժողովուրդին յոյսի պատգամ բերելով։ Անոր տարողունակ գործը մարդկային կերպարի ներըմբռնող հայեացք մը կու տայ՝ վերացականութեան տարբեր աստիճաններով, որոնք գունային ծաւալուն ալիքներու վրայ հիմնուած են։ Կիրակոսեանի գործերը յատկանշող երկարաւուն մարմինները կը ցոլացնեն մայրութեան, hոգեկանութեան, տարագրութեան եւ աշխատանքի նիւթեր, որոնք կ՚արձագանգեն իր անձնական փորձառութիւններուն եւ դիտարկումներուն։ Իր դիմանկարներուն եւ բնանկարներուն կողքին, ան նաեւ ցոլացուցած է հայ կեանքը եւ ցեղասպանութեան ու աքսորի փորձառութիւնը։ 1972ին անձնական ցուցահանդէս մը տուած է Երեւանի մէջ, եւ 1981ին ստացած է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան Մարտիրոս Սարեանի անուան մրցանակը։

1989ին նկարիչը Փարիզ մեկնած է իր գործերը ցուցադրելու համար, հոն մնալով մինչեւ 1991։ Այդ տարիներուն իր ամենամեծ գլուխ-գործոցներէն մէկ քանին նկարած է։

Փօլ Կիրակոսեան մահացած է Նոյեմբեր 20, 1993ին, Պէյրութի մէջ։ Այդ առաւօտ, հոյակապ իւղանկար մը աւարտելէ ետք, իր ընտանիքին յայտնած է, թէ իր լաւագոյն գործն էր, ըսելով, թէ վերջապէս իրագործած էր իր ակնկալութիւնը՝ հինն ու նորը մէկտեղել մէկ նկարի մէջ։ Նկարը, զոր ընտանիքը աւելի ուշ կոչած է «Հրաժեշտը», կը մնայ անստորագիր՝ ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԻՆ ՁԵՌՔԸ
Ինչպէս անգլերէնը ունի “teacher” եւ “educator” բառերը, հայերէնը ունի ուսուցիչ ը, զոր երբեմն դասատու կը կոչենք ( վարժապետը դարձած ըլլալով կէս մը նախատական բառ), եւ դաստիարակ ը։ Վերջինէս, ի շարս այլ բառերու կու գայ դաստիարակութիւն ը, զոր կը գործածենք երբ կը խօսինք հայեցի դաստիարակութեան կամ կրօնական դաստիարակութեան մասին։ Երբեմն ալ կը գործածենք «դաստիարակութիւն»ը իբրեւ հոմանիշ կրթութեան, թէեւ ընդհանրապէս վերջինս կը կիրարկենք բարոյական բաժնին ակնարկելու համար։ Ահա թէ ինչու Ministry of Educationը Կրթութեան նախարարութիւն կը կոչենք եւ ո՛չ թէ… «Դաստիարակութեան նախարարութիւն»։

Ո՞րն է դաստիարակ բառին ծագումը։ Ինչպէս -ակ մասնիկով վերջացող գրեթէ բոլոր բառերը, իրանական ծագում ունի։ Այս պարագային, կապուած է «ձեռք» բառին, որ գրաբարով դաստա էր (համեմատել դաստակ բառը), եւ որուն աղբիւրը պահլաւերէն dast («ձեռք») բառն է։ Բնաւ տարօրինակ բան մը չէ։ Դաստիարակը «ձեռք կու տար» իր աշակերտին՝ գիտութեան եւ բարոյական աճի աշխարհին մէջ։

Այսօր իսկ, դաստիարակները այդ ձեռքը կու տան եւ աւելի՛ն։ Կարելի է ըսել, թէ ելեկտրոնային գործիք մը հազիւ թէ կարենայ զիրենք երբեւէ փոխարինել։ Եթէ նման բան պատահի, ուրեմն պիտի գտնուինք բոլորովին տարբեր… ոչ-մարդկային «դաստիարակութեան» առջեւ։
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Նախագահ Ճորճ Հ. Ու. Պուշ բարի գալուստ կը մաղթէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին՝ Սպիտակ Տուն անոնց այցելութեան առիթով, Փետրուար 1989ին։ Երկու Վեհափառները ճամբորդած էին Միացեալ Նահանգներ՝ միասնաբար ձեռք բերելու անհրաժեշտ օժանդակութիւն, Դեկտեմբեր 1988ի երկրաշարժէն ետք։ Անոնց ճշմարիտ եւ զօրաւոր կապը՝ փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի վրայ հիմնուած, պիտի զարգանար յաջորդող տարիներուն ու պիտի տեւէր ցմահ։ 

ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք   crossroads@armenianprelacy.org   հասցէին պէտք է յղուին։

“Crossroads”ին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
15 Նոյեմբեր — Հայկական գինիի, քոնիաքի եւ ուտելիքի համտեսում, կազմակերպութեամբ Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Նիւ Եորք, երեկոյեան ժամը 7:00էն 10։00։ Այս առիթով նաեւ կրնաք ձեռք ձգել գալիք տօներու յատուկ հայկական առարկաներ։ Մուտքը՝ $25։

16 Նոյեմբեր —Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի 35ամեակի տօնակատարութիւն, թեմիս առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ, Westin Waltham պանդոկին մէջ։ Ընդունելութիւն՝ երեկոյեան ժամը 6:30ին, ընթրիք եւ յայտագիր՝ ժամը 7:30ին։ Տոմսերու առցանց ապահովում՝  https://mkt.com/ssaes ։

16 Նոյեմբեր —Նիւ Ինկլընտի սարկաւագներու շրջանային սեմինար (Holy Trinity Church, 635 Grove Street, Worcester, Massachusetts) առաւօտեան ժամը 9:00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, Արեւելեան թեմի շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող բոլոր սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն համար։

17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Պիտի մեծարուի Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 26 տարուան աշխատանքը Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ 

23 Նոյեմբեր Գոհաբանութեան Օրուան ընթրիք, կազմակերպութեամբ Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի, կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Տեղեկութիւններու/տեղ պահելու համար՝ 508-234-3677։

24 Նոյեմբեր Գոհաբանութեան Օրուան ճաշ, կազմակերպութեամբ Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին, ժամը 1։00ին, «Ճան Բաշալեան» սրահէն ներս։ Սակ՝  $30 (12 տարեկանէն վար՝ անվճար), կը ներառնէ՝ ճաշ, գինի եւ ոչ-ալքոլային խմիչքներ։ Տեղի պիտի ունենայ նաեւ երաժշտական յայտագիր եւ վիճակահանութիւն։

5 Դեկտեմբեր- «Կոմիտաս-150» գիրքի ներկայացում, հրատարակութիւն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

7 Դեկտեմբեր— Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս) տարեկան պազար (Pleasant Street Christian Reform Church Hall, 25 Cross Street, Whitinsville), առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30։ Ընթրիքը պիտի սպասարկուի ժամը 11:30ին։

7 Դեկտեմբեր— «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Առաջնորդարանի շէնքին մէջ, առաւօտեան ժամը 10։00էն 12։30։
Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք հեռաձայնել Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակի տնօրէնուհի Մարի Կիւլիւմեանին՝ 212-689-7231 թիւին։ Ել-նամակ՝ ANEC@armenianprelacy.org

14 Դեկտեմբեր— Club 27 . Օննիկ Տինքճեան, Ռաֆֆի Մասոյեան, Սթիւ Ոսպիկեան, Ճիմ Գզիրեան եւ Արա Տինքճեան, «Ճան Բաշալեան» սրահին մէջ, Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, Նիւ Եորք։ Մուտք՝ $25։

15 Դեկտեմբեր— Նորատիպ "Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church" գիրքի ներկայացում Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի կողմէ, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք։

19 Դեկտեմբեր— Մայքլ Փափազեանի “The Doctor of Mercy: The Sacred Treasures of St. Gregory of Narek” նոր գիրքի (The Liturgical Press) ներկայացում՝ երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ (138 E. 39th Street, New York City), հեղինակին ներկայութեամբ։

22 Դեկտեմբեր —Ծննդեան երգահանդէս, ժամը 2։00ին, կազմակերպութեամբ՝ Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Նիւ Եորք, կատարողութեամբ՝ Անահիտ Զաքարեանի, Անահիտ Պօղոսեանի եւ Անահիտ Ինճիկիւլեանի։

31 Դեկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։

 15 Մարտ, 2020 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 

 28 Մարտ, 2020 —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

 13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/