Այս շաբթուան ձեր ընթերցումը սկսեցէք Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»էն
աղօթքով
։ Ընթերցումը կը կատարէ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ
դեռատի
ծխական Աննա Տօնապետեանը։
|
|
Այս Կիրակի, 29 Սեպտեմբեր, մեր Եկեղեցւոյ յատուկ՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնն է, որ կը նշուի Խաչվերաց տօնէն երկու շաբաթ ետք։ Հայաստան գալով, Հռիփսիմեանց կոյսերը բնակութիւն հաստատած էին Վարագայ լերան մօտերը։ Հռիփսիմէ կոյսը իր հետ բերած էր իրական խաչափայտէն մասունք մը, զոր ի պահ դրած էր լերան ժայռերուն մէջ՝ Վաղարշապատ մեկնելէ առաջ իր ընկերուհիներուն հետ։ 653 թուականին, Թոդիկ անունով ճգնաւոր մը թաքնուած խաչը գտած էր՝ հետեւելով փայլուն լոյսի մը, որ Վարագայ լերան կատարը կը լուսաւորէր, եւ որ զինքը առաջնորդեց դէպի վանքի եկեղեցին, որուն խորանին վրայ խաչը գտաւ։ Լոյսը փայլած էր 12 օր շարունակ։ Այս դէպքին ի յիշատակ, Ներսէս Շինող Կաթողիկոս հաստատեց Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, ու այս առթիւ գրեց «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ» իմաստալից ու գեղեցիկ շարականը։
Ս. Նշանի վանքը (Վարագավանք) շինուած էր Վարագայ լերան վրայ՝ Վանի հարաւ-արեւելեան կողմը, ու շրջանի ամենամեծ գրադարաններէն ու թանգարաններէն մէկը ունէր։ Հոն բազմաթիւ հին ու ժամանակակից գիրքեր ու գեղարուեստի գործեր կային։ Վանքին նշանականութիւնը բարձրացաւ, երբ Խրիմեան Հայրիկ տպարան մը եւ դպրոց մը հաստատեց՝ յուսալով, որ վանքը կը դառնար կրթական կեդրոն մը, եւ հիմնեց պատմական Հայաստանի մէջ տպուած առաջին թերթը՝ «Արծիւ Վասպուրական»։ 1915ի Մեծ Եղեռնը ո՛չ միայն Հայրիկի յոյսերն ու ծրագիրները ի դերեւ հանեց, այլեւ շա՛տ աւելին ըրաւ։ 30 Ապրիլ 1915ին, Վանի ինքնապաշտպանութեան ընթացքին, թրքական բանակին թնդանօթները քանդեցին Վարագավանքը։
«Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քո Քրիստոս պահպանեա զմեզ մարդասէր յաներեւոյթ թշնամւոյն. զի դու միայն ես թագաւոր փառաց օրհնեալ յաւիտեան։
Որ ի վերայ սորա տարածեցեր զանարատ բազուկս քո, եւ յեղեր զարդիւնդ ի փրկութիւն տիեզերաց. զի դու միայն ես թագաւոր փառաց օրհնեալ յաւիտեան։
Ի միւսանգամ քո գալստեանն յերեւիլ սուրբ նշանիս, արժանի արա զծառայս քո վերստին նորոգման. զի դու միայն ես թագաւոր փառաց օրհնեալ յաւիտեան»
(Մարդասէր Քրիստոս, քու անարատ խաչիդ նշանով մեզ աներեւոյթ թշնամիէն պահպանէ, որովհետեւ միայն դուն յաւէտ օրհնեալ փառաց Թագաւոր ես։
Դուն ասոր վրայ քու անարատ բազուկներդ տարածեցիր եւ ամբողջ աշխարհի փրկութեան համար արիւնդ թափեցիր, որովհետեւ միայն դուն յաւէտ օրհնեալ փառաց Թագաւոր ես։
Քու երկրորդ գալուստիդ երբ այս սուրբ նշանը երեւի, քու ծառաներդ վերստին նորոգման արժանի ըրէ, որովհետեւ որովհետեւ միայն դուն յաւէտ օրհնեալ փառաց Թագաւոր ես)։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԻՇԻԿԸՆ ՊԻՏԻ ՃԱՄԲՈՐԴԷ
|
|
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, այս շաբաթավերջին Միշիկըն պիտի մեկնի, ուր Կիրակի, 29 Սեպտեմբերին, պիտի պատարագէ ու քարոզէ Տիրպորնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագի ընթացքին, ան պիտի կատարէ նաեւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն։
|
|
ԱՂՕԹՔ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
|
|
Տ. Ներսէս Ա. քհն. Մանուկեան՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, կը ներկայացնէ ծխականի մը կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած եռագոյն դրօշակը, որ ծածանած է Մասիս լերան գագաթին
|
|
Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրահանգով, Արեւելեան թեմի բոլոր եկեղեցիները յատուկ աղօթքներ մատուցեցին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28ամեակին առիթով։ Հոգեհանգիստի ընթացքին յիշատակուեցան Արցախի անկախութեան ի խնդիր ինկած նահատակները։
Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Ներսէս Ա. քհն. Մանուկեան, օրհնեց յատկապէս շրջանակուած եռագոյն դրօշակ մը, որ ծածանած էր Մասիս լերան գագաթին, յայտարարելով, որ դրօշակը եկեղեցւոյ նուիրուած էր երիտասարդ ծխական Սմբատ Տրամկոչեանի կողմէ։ Տէր Հայրը ըսաւ. «Այս դրօշակը պիտի կախուի մեր սրահին մէջ եւ պիտի ներշնչէ մեզ, որ մեր հայրենիքին ի խնդիր ոտքի կանգնինք ու բոլոր կարելի միջոցներով սատարենք մեր հայրենակիցներուն՝ ազատութեան ու անկախութեան այդ պարգեւը մշտապէս պահպանելու համար»։
|
|
ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Ս. Պատարագ ընթացքին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կատարեց երեք սարկաւագներուն ձեռնադրութիւնը
|
|
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան, ստացաւ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք՝ իր երկար տարիներու ծառայութեան համար
|
|
Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուր սարկաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագներ՝ Պերճ Յակոբեանը, Ռաֆֆի Նէնէճեանը եւ Ռազմիկ Նէնէճեանը։ Սրբազան Հայրը նաեւ կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեանին ծաղկեայ փիլոն գործածելու իրաւունքը կու տար՝ առ ի գնահատումն անոր 15ամեայ անձնուէր ծառայութեան։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊՐՈՒՔԼԻՆԻ ՄԷՋ
|
|
Ամերիկեան օրհներգի երգեցողութեան ժամանակ, ձախէն աջ՝ Պրուքլինի թաղապետութեան նախագահ Էրիք Ատըմզ, Լիբանանի Արտաքին Գործոց նախարար Ճպրան Պասիլ, Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի առաջնորդ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մետրոպոլիտ Ճոզէֆ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս Մաժտի Ռամատան
|
|
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ պրն. Էրիք Ատըմզի հետ (կեդրոն) եւ «Հայ Կեանք»ի խմբագիր
Աբօ Չափարեան
|
|
Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս՝ Մաժտի Ռամատանի եւ Պրուքլինի թաղապետութեան նախագահ՝ Էրիք Ատըմզի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Ճպրան Պասիլ։ Ընդունելութեան ընթացքին, պրն. Ատըմզ մեծարեց Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի առաջնորդ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մետրոպոլիտ Ճոզէֆը։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԱՆՐԱԺՈՂՈՎԻՆ
|
|
Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանրաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի «Հայկ եւ Ալիս Գաւուքճեան» լսարանին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ԱՄՆի մօտ Հայաստանի դեսպանատան եւ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ։
|
|
Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ «Գառնըկի» ընկերութեան նախագահ դոկտ. Վարդան Գրիգորեան
|
|
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
|
|
Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց այցելութիւնը Հ. Յ. Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ՝ Շաղիկ Մարուխեանի, որուն կ՚ընկերանային Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Վալոդ Աթախանեան եւ Անի Չաղլասեան։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան ազգային հետաքրքրութիւն ներկայացնող զանազան նիւթեր։
|
|
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ “TEACH FOR ARMENIA”Ի ՀԵՏ
|
|
Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց “Teach for Armenia” կազմակերպութեան զարգացման տնօրէն պրն. Արթուր Մարտիրոսեանը, որուն կ՚ընկերանային դաստիարակներ՝ Շուշաննա Մանճիկեան եւ Ամալիա Յարութիւնեան։ “Teach for Armenia”ն կարեւոր առաքելութիւն մը ստանձնած է՝ մեծապէս սատարելով կրթական հնարաւորութիւններու ընդլայնումին Հայաստանի բոլոր երեխաներուն համար, յատկապէս՝ գիւղական շրջաններուն մէջ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէնուհի՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանը եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ
|
|
Ամէն տարի, «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ը շեշտը պիտի դնէ Ազգ. Առաջնորդարանի բազմակողմանի առաքելութեան մէկ երեսին վրայ։ Այս նոր աւանդութեան հիմքը պիտի դրուի Կիրակի, 17 Նոյեմբերին։ Առաւօտեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն)։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ՝ Terrace on the Parkի մէջ (Քուինզ, Նիւ Եորք)։ Հիւրասիրութիւնը պիտի սկսի ժամը 2:00ին, իսկ ճաշկերոյթն ու յայտագիրը՝ ժամը 3:00ին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ուան յղացումը ուղղուած է «մեր ժողովուրդին, առանց բացառութեան, շնորհակալութիւն յայտնելու՝ Առաջնորդարանի հովանաւորած ծրագիրներուն՝ անոր բերած անսակարկ նուիրումին համար։ Հետեւաբար, ամէն տարի յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք տարբեր ծրագրի մը։ Առաջին ձեռնարկին որոշած ենք մեծարել հայրենիքի մէջ, Առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած «Մեծն Ներսէս» Բարեգործական ու Ընկերային Կազմակերպութեան բերած ծառայութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդին։ Թէեւ այս աշխատանքին արմատները կը հասնին մինչեւ 1988ի երկրաշարժը, բարեգործական գրասենեակին պաշտօնական հաստատումը տեղի ունեցաւ աւելի քան 25 տարի առաջ։ Արդարեւ, «Մեծն Ներսէս» պաշտօնապէս նշած է իր 25ամեակը։ Հետեւաբար, Նոյեմբեր 17ին պիտի նշենք անոր 25 + 1 տարեդարձը, այսինքն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ 26 տարուան սիրոյ գործը»։
|
|
ՈՐԲԵՐՈՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԸ ԻՐ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ ԲՈԼՈՐԵՑ
|
|
Ամառնային ծրագրի տասնամեակի տօնակատարութիւն
|
|
Որբերու տարեկան ամառնային ճամբարը յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ (Հայաստան)՝ աւելի քան 100 մանուկներու մասնակցութեամբ։ Ճամբարի հիմնադիր եւ համատնօրէն Տ. Արամ Ա. քհն. Ստեփանեան իր շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բազմաթիւ անձերուն, որոնք աջակցած են այս ծրագրին իր գոյութեան տարիներուն։
Ծրագիրը ցարդ աւելի քան 1.000 երեխաներ հովանաւորած է, որոնցմէ շուրջ 200ը մկրտուած են՝ իրենց խնամակալներուն աջակցութեամբ ու հաւանութեամբ։ Թէեւ ճամբարի շրջանը աւարտած է, ծրագրին մէկ մասը ամբողջ տարուան ընթացքին կը շարունակուի։ Օրինակ՝ Կիրակի օրերուն, ճամբարի խորհրդականները եկեղեցի կը տանին մասնակիցները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, անոնք կը մասնակցին ընկերային պահերուն եւ յաճախ տարբեր շրջապտոյտներ կը կատարեն։ Վերջերս նուէր ստացուած է մարդատար ինքնաշարժ մը, որ կարեւոր օժանդակութիւն կը բերէ այս գործունէութեան։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ
ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉ ՏՕՆ
ՄԱՏԹԷՈՍ 24: 30-36
Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:
Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ է: Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:
–
Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը:
* * *
ԹՈՒՂԹ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6: 14-18
Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար: Կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ, այլ՝ նոր արարած ըլլալը: Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը ըլլան բոլոր անոնց հետ, որոնք այս սկզբունքին համաձայն կ’ապրին. բոլոր անոնց՝ որոնք իր ընտրեալ ժողովուրդը կը կազմեն:
Այսուհետեւ, խնդրեմ, ոեւէ մէկը աշխարհիկ հոգերով թող զիս չնեղէ, որովհետեւ ես Յիսուսի կը պատկանիմ, ինչպէս մարմնիս վրայ վէրքերուն սպիները կը վկայեն:
Եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ: Ամէն:
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Առած. 3:18-26
Ես. 65:22-25
|
|
Շաբաթ, 28 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս. Գէորգ Զօրավարը։ Ս. Գէորգ 3րդ դարու հռոմէացի զօրավար մըն էր, որ մարտահրաւէր կարդացած է կայսեր՝ քրիստոնեաներու հալածանքը հրամայող անոր հրովարտակը պատռելով եւ կոչ ուղղելով, որ ուրիշներ հետեւին իր օրինակին։ Մինչեւ օրս, ան կը մնայ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդական սուրբ մը, որ զինուորներու եւ սկաուտներու հովանաւոր սուրբն է։ Ինչպէս շատ մը այլ պարագաներու, հայերը ազգային նկարագիր տուած են Ս. Գէորգին։ Անոր տօնը միշտ կը նշուի Վարագայ Ս. Խաչի տօնին նախորդող Շաբաթ օրը, որուն կը նախորդէ պահքի շաբաթ մը (Երկուշաբթի-Ուրբաթ)։ Թէեւ պահքը Ս. Գէորգի հետ կապ չունի, դարերու ընթացքին ժողովուրդին կողմէ «Ս. Գէորգի պահք» անուանումը ստացած է։
Այս շաբաթ կ՚ոգեկոչուին նաեւ՝
Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր՝ Բարաղամ, Անթիմոս եւ Երանոս հայրապետներ
Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր՝ Ս. Դաւիթ Դւնեցի։
Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր՝ Ս. Եւստաքէոս։
Հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբեր՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Համազասպ իշխաններ։
|
|
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ
|
|
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանը երկար տարիներու աւանդ մը ունի՝ պատանի սերունդները ի մի հաւաքելու եւ անոնց միտքերը լուսաբանելու հաւատքի, հայ ինքնութեան, պատմութեան ու մշակոյթի այլազան նիւթերով։
Այս տարի, «Սիամանթօ» լսարանը կը վերսկսի իր ընթացքը,
Մշակոյթի Ամսուան երկրորդ շաբաթը՝ Հոկտեմբեր 12ին,
ժամը 10:00էն 12:30, Ազգային Առաջնորդարանիս յարկէն ներս։ Հանդիպումները առայժմ կը շարունակուին ամիսը մէկ անգամ՝ ունենալով մասնագէտ հիւր դասախօսներ։ Դասընթացքին մասնակցողները պիտի հետեւին, պատմականին կողքին՝ այժմէական նիւթերու, ինչպէս միշտ, իրենց արմատներուն կողքին զիրենք կապելու նաեւ առօրեային։ Լսարանս միաժամանակ առիթ պիտի ըլլայ նոր ընկերներու ծանօթալու։
Քաջալերելու համար լսարանի գործունէութիւնը, Ազգ. Առաջնորդարանը որոշած է, որ այս տարի դասընթացքը անվճար ըլլայ։
Արձանագրութեան համար հաճեցէք հեռաձայնել Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակ՝ տնօրէնուհի Մարի Կիւլիւմեանին՝ 212-689-7231 թիւին։ Ել-նամակ՝
ANEC@armenianprelacy.org
։
|
|
ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԱՍԻՆ
|
|
Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր, ժամը 7:00ին, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը, «Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ» Տեղեկատուական Կեդրոնը եւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութիւնը կը կազմակերպեն «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. մարտահրաւէրներ եւ նոր առաջարկներ» խորագրով կլոր սեղան մը Ազգ. Առաջնորդարանի «Վահագն եւ Յասմիկ Յովնանեան» դահլիճին մէջ։ Բացումը պիտի կատարէ Ուս. Խորհուրդի տնօրէնուհի տիկ. Մարի Կիւլիւմեան։ Դոկտ. Քրիստոֆըր Շխլեան պիտի վարէ զրոյցը, որուն պիտի մասնակցին դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, պրն. Ճեսի Արլեն եւ տիկ. Կիլտա Քիւփէլեան։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք
anec@armenianprelacy.org
հասցէին կամ հեռաձայնեցէք
212-689-7231
թիւին։
|
|
ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ 150ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՀԱՄԵՐԳ ՈՒ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
|
|
Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան՝ Լիլիթ Արտեմեանի եւ Կոստանդին Պետրոսեանի հետ
|
|
Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, դաշնակահարուհի Լիլիթ Արտեմեան շահեկան դասախօսութիւն-համերգ մը տուաւ՝ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակին առիթով, եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ։ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւով հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան, ներկայացուց հիւրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մաէսթրօ Կոստանդին Պետրոսեանին եւ տոքթ. Սվետլանա Ամիրխանեանին՝ երեկոն կազմակերպելու իրենց համագործակցութեան համար։
Լ. Արտեմեան Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի շրջանաւարտ է (2007) եւ արուեստագիտութեան թեկնածու՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկէն (2012)։ Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է՝ Հայաստանեան եւ միջազգային դաշնակի մրցումներու ընթացքին, եւ տասնեակներով համերգներ տուած՝ Հայաստանի մէջ։ Շուրջ մէկ ժամ տեւող պատկերազարդ դասախօսութեան ընթացքին, ան ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կեանքն ու երաժշտական ժառանգութիւնը, հարստացնելով իր դասախօսութիւնը կոմիտասեան գործերու մեկնաբանութիւններով։
|
|
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ Կ՚ԱՂՕԹԷ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
ՈՒ ԿԸ ՆՇԷ ԾԽԱԿԱՆԻ ՄԸ 100ԱՄԵԱԿԸ
|
|
Նիւ Պրիթէնի (Գընեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Տ. Վահան քհն. Գույումճեան, կ՚աղօթէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար՝ անկախութեան 28րդ տարեդարձին առիթով։
|
|
Տ. Վահան քհն. եւ երէցկին Մակի՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ պատուոյ հովիւ՝ Տ. Արամ Ա. քհն. Ստեփանեանի եւ երէցկին Մարկրէթի հետ։ Տ. Արամ Ա. քահանայ նոր վերադարձած էր Հայաստանէն, ուր որբերու 10րդ ամառնային ճամբարը ղեկավարած էր։
|
|
Տ. Վահան քհն. եւ երէցկին Մակի կը շնորհաւորեն գնդաղետ Չարլզ Արաքսը՝ իր
100
րդ տարեդարձին առթիւ, յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցած դաշտահանդէսին ընթացքին։
|
|
ՎԵՐԱՄՈՒՏ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ
|
|
Ֆիլատելֆիայի Հայկազեան վարժարանի վերամուտը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 9ին։ Աշակերտները դպրոց ներկայացան շատ ուրախ տրամադրութեամբ։ Այս տարի, դասագիրքերուն զուգահեռ, պիտի օգտագործուին I-Pad-եր ուսուցման համար, որոնք օժտուած են զանազան հայկական խաղերով։ Այդ հայերէն խաղերու միջոցաւ աշակերտները պիտի ծանօթանան ու սորվին այբուբենը, ձեւերը, գոյները, կենդանիներու եւ պտուղներու անունները եւ այլ գիտելիքներ։ Ուսուցման այս արդիական ձեւով կ՚ակնկալուի, որ հայերէնի դասաւանդութիւնը տեղի ունենայ աւելի հաճելի ու դիւրին կերպով։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։ Այս շաբթուան նամակը գրած է Էվելինան, որուն հովանաւորը՝ Թագուհի Քէքլիկեանն է։
|
|
Բարեւ, սիրելի հովանաւոր,
Ես Էվելինա … եմ։ Ես սովորում եմ գիւղ Գեղամասարի միջնակարգ դպրոցի ութերորդ դասարանում։ Ես սովորում եմ գերազանց, սիրում եմ մաթեմատիկա առարկան։
Ունեմ մեծ քոյր եւ փոքր եղբայր։ Ազատ ժամանակ խաղում եմ փոքր եղբօրս հետ։ Քոյրս ինձ օգնում է գրել տնայիններս։
Տատիկս եւ պապիկս եւս մեզ հետ են ապրում։ Ես շատ եմ սիրում նրանց։
Ամենից շատ սիրում եմ մայրիկիս, ով ցանկացած հարցում պատրաստ է ինձ օգնել։
Ես չեմ մտածում լաւ հագնուելու կամ թանկարժէք իրերի մասին։ Իմ մեծ երազանքն է հնարաւորութեան դէպքում շարունակել ուսումս եւ դառնալ հաշուապահ։
Շնորհակալ եմ ձեզ մեծ ուշադրութեան եւ հոգատարութեան համար։ Թող Աստուած պահապան լինի ձեզ եւ ձեր ընտանիքին։
|
|
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,
սեղմեցէք այստեղ
արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։
|
|
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ (ծնունդ՝ 30 Սեպտեմբեր, 1919
)
|
|
Այս տարի Գէորգ Էմինի ծննդեան հարիւրամեակն է։ Ան հանդիսացած է 20րդ դարու երկրորդ կէսի Հայաստանի բանաստեղծութեան կարեւոր անուններէն մէկր՝ Եղիշէ Չարենցի մահէն ետք, Համօ Սահեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Հրաչեայ Յովհաննիսեանի եւ մանաւանդ՝ Պարոյր Սեւակի կողքին։
Աւազանի անունով՝ Գէորգ Մուրադեան, ծնած է 30 Սեպտեմբեր, 1919ին, Աշտարակ քաղաքին մէջ։ 1930ական թուականներուն, «կոմունիստական մկրտութիւններ»ու ժամանակ, ստիպուած է Կառլեն անունը որդեգրել։ 1940ին աւարտած է Երեւանի Կ. Մարքսի անուան պոլիտեխնինկական ինստիտուտի (այժմ՝ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարան) ջրային թեքնիքի բաժինը։ Սակայն, շուտով անցած է գրականութեան կալուածը։ Նոյն տարին, լոյս ընծայած է իր երեխայրիքը՝ «Նախաշաւիղ» հատորը, զոր ստորագրած է Գէորգ Էմին անունով։ 1940-1942ին աշխատած է Մատենադարանին եւ Վարդենիսի շրջանին մէջ։ 1942-1944ին զինուորագրուած է ու մասնակցած՝ Բ. Աշխարհամարտին, ուր եւ վիրաւորուած է։
1949-1950ին Գ. Էմին մեկնած է Մոսկուա, ուր ուսանած է գրականութեան հիմնարկին կից հայ գրողներու աշխատանոցին մէջ։ Վերադառնալով Հայաստան, Մոսկուայի գրական շաբաթաթերթ «Լիտերատուրնայա Գազետա»յի երեւանեան թղթակիցը եղած է 1951-1954ին։ 1951ին ստացած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակը «Նոր ճանապարհ» հաւաքածոյին համար, որ լոյս տեսած էր երկու տարի առաջ։ 1954ին դարձեալ մեկնած է Մոսկուա, ուր մինչեւ 1956 հետեւած է Խորհրդային Միութեան Գրողներու Միութեան կից բարձրագոյն գրական դասընթացքներուն։
Ստալինեան տարիներուն, Էմին սկսած էր իր սեփական ձայնը գտնել՝ հակառակ գաղափարական սահմանափակումներուն եւ քննադատութիւններուն։ Անոր բանաստեղծութիւնը, ուր մարդկութեան, հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի մասին մտորումները յօրինումի աւելի ազատ ոճով կ՚արտայայտուէին, 1960ական թուականներէն արժանացան գրաքննադատներու յատուկ ուշադրութեան։ 1968-1972ին Գ. Էմին Հայաստանի Գրողներու Միութեան ռուսերէն պաշտօնաթերթին՝ «Լիտերատուրնայա Արմենիա» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր եղած է։ Այնուհետեւ, իբրեւ աւագ գիտաշխատող աշխատած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկին մէջ։ 1976ին երկրորդ անգամ արժանացած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին՝ «Հող, սէր, դար» ժողովածուին համար, իսկ 1979ին ստացած է «Չարենց» մրցանակը Հայաստանի մէջ։
Բանաստեղծական մնայուն արտադրած կողքին, որ ամփոփուած է շուրջ երկու տասնեակ հատորներու մէջ, Գէորգ Էմին նաեւ փորձագրութիւններու եւ ակնարկներու բեղուն հեղինակ է, որոնք նոյնպէս լոյս տեսած են քանի մը հատորներով, որոնցմէ ամենէն ժողովրդականը «Եօթը երգ Հայաստանի մասին»ն է (1974)։ Վերջինը բխած է 1967ի Գրիգոր Մելիք-Աւագեանի համանուն վաւերագրական ֆիլմէն, որուն բեմագիրը գրած է բանաստեղծը, եւ որ շահած է մրցանակներ Երեւանի եւ Լենինկրատի (Ս. Փեթերսպուրկ) մէջ։ Գէորգ Էմին եղած է բեղուն թարգմանիչը եւ իր լաւագոյն գործերը ամփոփուած են «Գիրք թարգմանութեանց» (1984) հատորին մէջ։ Միաժամանակ, անոր բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներով, ներառեալ՝ անգլերէնով (1988)։
Էմին ոչ-յարմարող ու ըմբոստ նկարագրով գրագէտ մը եղած է, որ 1988էն սկսեալ իր փորձագրութիւններով վեր հանած է խորհրդային անցեալի մինչ այդ թաքուն էջեր։ Ան իր մահկանացուն կնքած է 11 Յունիս 1998ին, 78 տարեկանին։
|
|
ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
|
|
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք
crossroads@armenianprelacy.org
հասցէին պէտք է յղուին։
Crossroadsին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
|
|
Այս շաբթուան արխիւային լուսանկարը թուագրուած է 2 Մարտ, 1992ին։ Այդ օր, նորանկախ Հայաստանի եռագոյն դրօշակը առաջին անգամ բարձրացաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ։ Եռագոյնը ձախ կողմի առաջին դրօշակն է։ Եթէ ուշադրութեամբ դիտէք լուսանկարի աջ կողմը, պիտի տեսնէք լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանը, որ դէպի վեր կը նայի մինչ դրօշակը կը բարձրանայ։ Ան յաճախ նկարագրած էր այդ պահը իբրեւ իր «ամենէն երջանիկ» յիշատակներէն մէկը։
|
|
28 Սեպտեմբեր
—Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը կը ներկայացնէ երգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ՝«Նայիրի» պարախումբի յատուկ ելոյթ։ Երեկոյեան ժամը 8:00ին, Felician University, Breslin Hall, Lodi, New Jersey։ Տոմսակները միայն առցանց կը վաճառուին՝ yap.events/lilithovhannisyan։
9-12 Հոկտեմբեր
—Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
12 Հոկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
16 Հոկտեմբեր
—«Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. զրոյց մը՝ մարտահրաւէրներու եւ նոր մօտեցումներու մասին»։ Բազմաձայն զրոյց, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի, «Զօհրապ» Տեղեկատուական Կեդրոնի եւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան կողմէ։ Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00ին։ Ներածութիւն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեան։ Զրուցավար՝ դոկտ. Քրիսթոֆըր Շխլեան։ Զրուցողներ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, պրն. Ճեսի Արլէն եւ տիկ. Կիլտա Քիւփէլեան։ Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնեցէք (212) 689-7231 թիւին կամ գրեցէք
anec@armenianprelacy.org
հասցէին։
19 Հոկտեմբեր
—Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակ եւ ծննդեան 80րդ տարեդարձ։ Theatre in the Park, Flushing Meadows, Queens, New York, երեկոյեան ժամը 7:05ին։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։
19 Հոկտեմբեր
—Հայկական պազար, Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս), առաւօտեան ժամը 11։00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00։
26 Հոկտեմբեր
—Հայ Մամուլի տարուան, «Հայրենիք»ի 120ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի 85ամեակի առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանը եւ «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար կը կազմակերպեն միօրեայ գիտաժողով մը՝ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ։
1-2 Նոյեմբեր
—Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) տարեկան 63րդ պազար՝ Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ, 47 Nichols Ave, Watertown, MA։
1-3 Նոյեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Տարեկան կերակուրի փառատօն։ Շաբաթ օր՝ Օննիկ Տինքճեանի ելոյթ։ Տեղեկութիւններ համար՝ 201-943-2950։
9-10 Նոյեմբեր
—Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։
16 Նոյեմբեր
—Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի 35ամեակի տօնակատարութիւն, թեմիս առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ, Westin Waltham պանդոկին մէջ։ Ընդունելութիւն՝ երեկոյեան ժամը 6:30ին, ընթրիք եւ յայտագիր՝ ժամը 7:30ին։ Տոմսերու առցանց ապահովում՝
https://mkt.com/ssaes
։
17 Նոյեմբեր
—Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Պիտի մեծարուի Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 26 տարուան աշխատանքը Հայաստանի ու Արցախի մէջ։
31 Դեկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։
15 Մարտ, 2020
— Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։
13-16 Մայիս, 2020
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|