ԿԸ ՍԳԱՆՔ ՍՐԻ ԼԱՆՔԱՅԻ ՀԱՄԱՐ
|
|
Մեր ցաւը կը յայտնենք Սրի Լանքայի քրիստոնեաներուն դէմ՝ Զատիկի օրը տեղի ունեցած յարձակումներուն առիթով։ Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, յարձակումներու ընթացքին սպաննուած են աւելի քան 250 հոգի, իսկ վիրաւորներու թիւը 500է աւելի է։ Աղօթենք բոլոր զոհերուն հոգիներուն համար եւ խնդրենք Ամենակալէն, որ մխիթարէ իրենց սիրելիները կորնսցուցած ընտանիքները։ Թող սիրոյ եւ յոյսի Յարութեան պատգամը հնչէ աշխարհիտարածքին։
|
|
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
|
|
Մեր եկեղեցիները ծխականներով լեցուն էին՝ Աւագ Շաբթուան եւ Զատկուան արարողութիւններուն ընթացքին, ինչպէս կը վկայեն այս շաբաթ մեզի հասած կարգ մը լուսանկարներ։
|
|
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, Նիւ Եորք
|
|
Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան Զատկուան Պատարագը մատուցանեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Նկարին մէջ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Լագիսեանի եւ խորանի ծառայողներու հետ։
|
|
Փոքրիկ ծխականներ կը հաւաքուին Անուշաւան արքեպիսկոպոսի շուրջ՝ հաւկթախաղէն առաջ:
|
|
Ս. Սարգիս եկեղեցին, Տիրպորն (Միշիկըն)
|
|
Տ. Հրանդ քհնյ. Գէորգեան Զատկուան Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տիրպորն)
|
|
Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցի, Կլենվիւ (Իլինոյ)
|
|
Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բենդեզեան Ս. Զատկուան քարոզը կու տայ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ (Կլենվիւ)
|
|
Ս. Ստեփանոս եկեղեցի, Ուոթըրթաուն (Մեսեչուսեթս)
|
|
Տ. Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան հաղորդութիւն կու տայ Զատիկին
|
|
Ս. Խաչ եկեղեցի, Պեթեստա (Մէրիլէնտ)
|
|
Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեան Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն ընթացքին (Ս. Խաչ եկեղեցի, Պեթեստա)
|
|
Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ)
|
|
Տ. Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեան՝ Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն ընթացքին (Ս. Յակոբ եկեղեցի, Ռէյսին)
|
|
Ս. Յակոբ եկեղեցի, Ռէյսին (Ուիսքոնսըն)
|
|
Տ. Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեան՝ Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն ընթացքին (Ս. Յակոբ եկեղեցի, Ռէյսին)
|
|
Ս. Սարգիս եկեղեցի, Տակլըսթըն (Նիւ Եորք)
|
|
Նարեկ քհնյ. Թրթռեան եւ Օշական արք. Չօլոյեան՝ Զատկուան պատարագի ընթացքին
|
|
Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Ռիճֆիլտ (Նիւ Ճըրզի)
|
|
Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեան եւ խորանի ծառայողներ Զատկուան ընթացքին՝ Ս. Պատարագէն ետք թափօրի ընթացքին
|
|
Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Ուայթինսվիլ (Մեսեչուսեթս)
|
|
Տ. Միքայէլ քհնյ. Տէր Խոսրովեան Ս. Պատարագ կը մատուցանէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընսվիլ)
|
|
Ս. Խաչ եկեղեցի, Թրոյ (Նիւ Եորք)
|
|
Տ. Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեան՝ Ոտնլուայի ընթացքին Թրոյի (Նիւ Եորք) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ
|
|
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Գարագաս (Վենեզուելա)
|
|
Հոգշ. Տ. Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Գարագասի (Վենեզուելա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ
|
|
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ «ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆ
|
|
Եկեղեցականները՝ Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի բարձր դասարաններու աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ վարչական պատասխանատուներու հետ
|
|
Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլին, թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան՝ ընկերակցութեամբ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեանի, Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի եւ Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեանի, Նիւ Միլֆըրտի (Նիւ Ճըրզի) «Յովնանեան» վարժարանը այցելեց։ Եկեղեցականները հանդիպեցան աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ տնօրէնութեան հետ։
|
|
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԵՐԱՆՈՑ
|
|
Անուշաւան Սրբազան Հայր հիմնարկէքի արարողութեան կը մասնակցի
|
|
Եկեղեցականները՝ ծերանոցի բնակիչներուն հետ
|
|
Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլին, Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան այցելեց Էմերսընի (Նիւ Ճըրզի) հայկական ծերանոցը, ուր մասնակցեցաւ նոր բաժանմունքներու հիմնարկէքի արարողութեան, որուն ներկայ էր նաեւ Էմերսընի քաղաքապետուհին՝
Տանիէլ Տի Փաոլան։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 28 ԱՊՐԻԼ
ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ
Ընթերցումներ՝
Ղուկ. 4:14-30, Առաքեալներու Գործեր 5:31-6:7, Յակոբ 3:1-12; Յովհ. 1:1-17,
Երեկոյեան Աւետարաններ՝
Յովհ. 21: 15-25, Մատթ. 27:60-61, Յովհ. 20:26-31.
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐ 5:31-6:7
Աստուած իր աջով զայն բարձրացուց, որպէսզի մեր Առաջնորդն ու Փրկիչը ըլլայ, եւ Իսրայէլին ապաշխարութեան առիթ եւ մեղքերուն թողութիւն տայ: Այս իրողութիւններուն վկաներն ենք մենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգին, որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդողներուն:
Երբ անոնք այս խօսքերը լսեցին՝ կատաղութեամբ լեցուեցան, եւ կ’ուզէին սպաննել զանոնք:
Այն ատեն Ատեանին մէջ ոտքի ելաւ Գամաղիէլ անունով մէկը, որ Փարիսեցիներէն էր եւ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ յարգուած Օրէնքի ուսուցիչ մը, եւ հրամայեց որ նախ առաքեալները դուրս տանին, եւ ապա ժողովականներուն ըսաւ.
–
Ո՛վ Իսրայէլացիներ, լաւ մտածեցէք եւ ապա որոշում առէք այս մարդոց մասին: Կը յիշէք թէ ժամանակ մը առաջ Թեւդաս անունով մէկը ելաւ, որ ինքզինք երեւելի մէկը կը յայտարարէր, եւ շուրջ չորս հարիւր հոգիներ իրեն միացան. բայց ինք սպաննուեցաւ եւ բոլոր իրեն միացածները քայքայուեցան ու ցրուեցան: Իրմէ ետք Գալիլեացի Յուդա մը ելաւ մարդահամարի օրերուն եւ բազմաթիւ ժողովուրդ ապստամբութեան մղեց իրեն հետ. սակայն ան ալ կորսուեցաւ, եւ բոլոր անոնք որ իրեն յարած էին՝ ցրուեցան: Գալով ասոնց, կ’ըսեմ ձեզի.- Այդ մարդոցմէ ձեռք քաշեցէք եւ ձգեցէք զիրենք: Որովհետեւ, եթէ անոնց խորհուրդն ու գործը մարդոցմէ է՝ պիտի խափանուի. իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար խափանել, եւ թերեւս այդ ձեւով Աստուծոյ դէմ պայքարած կ’ըլլաք:
Ժողովականները հաւանեցան Գամաղիէլի խօսքերուն, եւ առաքեալները կանչել տալով՝ ծեծել տուին. ապա պատուիրելով անոնց՝ որ ա՛լ Յիսուսի անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք: Իսկ առաքեալները Ատեանէն հեռացան, ուրախանալով որ Տիրոջ անունին համար անարգանքի արժանացան: Ամէն օր, թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ իրենց տուներուն մէջ, անդադար կը սորվեցնէին՝ Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով:
Ժամանակ մը ետք, երբ Յիսուսի հետեւորդները շատցան, յունախօս Հրեաները սկսան տրտնջալ եբրայախօս Հրեաներուն դէմ, որովհետեւ ամենօրեայ նպաստի բաշխումին մէջ իրենց այրիները կ’անտեսուէին: Այն ատեն, տասնըերկու առաքեալները կանչեցին բոլոր հաւատացեալները եւ ըսին.
–
Մենք չենք ուզեր Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը ձգել եւ ուտելիք մատակարարելով զբաղիլ: Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի ընտրեցէք, որոնք Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան: Զանոնք այս անհրաժեշտ գործին համար կարգենք, իսկ մենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մատակարարման նուիրուինք:
Հաւատացեալները ուղիղ գտան առաջարկը եւ հետեւեալները ընտրեցին.- Ստեփանոսը, որ հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մըն էր, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանորը, Տիմոնը, Պարմենասը եւ Նիկողայոսը, որ հրէութեան դարձած Անտիոքացի մըն էր: Ապա զանոնք բերին առաքեալներուն առջեւ, որոնք աղօթեցին եւ իրենց ձեռքը դրին անոնց վրայ:
Ահա այսպէս, Աստուծոյ խօսքը կը տարածուէր եւ Երուսաղէմի մէջ հաւատացեալներու թիւը մեծապէս կը շատնար: Նոյնիսկ քահանաներէն շատ-շատեր հաւատքը կ’ընդունէին:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 1:1-17
Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր: Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց: Կեանքը անով սկիզբ առաւ: Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է, որ խաւարին մէջ կը փայլի. բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն:
Յովհաննէս, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մըն էր, եկաւ Լոյսին համար վկայութիւն տալու, որպէսզի ամէն մարդ անոր միջոցաւ հաւատայ: Ինք Լոյսը չէր, այլ՝ Լոյսին համար վկայ մը: Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը: Աշխարհի մէջ էր անիկա, աշխարհը իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զինք չճանչցաւ: Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց իր իսկ ստեղծած մարդիկը զինք չընդունեցին: Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով:
Եւ Բանը մարմին եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը. փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն:
Յովհաննէս անոր մասին վկայեց, յայտարարելով.
–
Ասիկա է ան՝ որուն մասին կ’ըսէի. «Ան որ ինձմէ ետք պիտի գայ՝ ինձմէ մեծ է, որովհետեւ ինձմէ առաջ գոյութիւն ունէր»:
Անոր լիառատ շնորհքէն է որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք. որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ:
(John 1:10-17)
|
|
Ընթերցումներուն մասին.
Երկուշաբթի, 29 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (9 Յունիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։
|
|
Կիրակի, 28 Ապրիլ, Նոր Կիրակի է։ Զատկուան Կիրակիին կը յաջորդէ յիսուն օրուան շրջան մը (Հինուք)՝ Յարութենէն մինչեւ Հոգեգալուստ, որ նուիրուած է Յարութեան փառաբանման։ Հինուքի եօթը Կիրակիներէն իւրաքանչիւրը յատուկ անուն մը ունի։ Նոր Կիրակին կը կոչուի նաեւ Կրկնազատիկ, որովհետեւ Զատկուան ութերորդհ օրն է եւ Զատկուան կը նմանի՝ ընթերցումներու եւ շարականներու տեսանկիւնէն։
|
|
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
|
|
Արդէն կարելի է արձանագրուիլ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրին։ Կրօնական այս եզակի ծրագիրը նախատեսուած է 13-18 տարեկան պատանիներու համար։ Տեղի պիտի ունենայ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս՝ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել
այստեղ
։
|
|
ՖՐԱՆՍԱ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՕՐ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ
ԱՊՐԻԼ 24-Ը
|
|
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրամանագիր մը ստորագրեց՝ 24 Ապրիլը հռչակելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր։ Ամէն տարի, այս օր, արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ՝ ցեղասպանութեան զոհերը մեծարելով։ Յայտարարութեան ժամանակ, նախագահ Մաքրոն ըսած է. «Ֆրանսան՝ առաջին հերթին, այն երկիրն է, որ գիտէ ինչպէ՛ս նայիլ պատմութեան երեսին, եւ առաջիններէն եղած է, որ 1915-ի հայերու սպանութիւնը կոչած է ցեղասպանութիւն»։
|
|
ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝ ԹԱՅՄԶ ՍՔՈՒԷՐԻ ՄԷՋ
|
|
Հայոց Ցեղասպանութեան տարեկան ոգեկոչումը Թայմզ Սքուէրի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 28 Ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30ին, 43րդ փողոցի եւ Պրոտուէյի խաչմերուկին (Նիւ Եորք)։ Ձեռնարկը կը կազմակերպենՎարդանանց Ասպետներն ու Դուստրերը, համագործակցութեամբ՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Ամերիկայի Հայկական Համախմբումին, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին։Մասնակիցներուն շարքին են բոլոր հայկական եկեղեցիները եւ գլխաւոր կազմակերպութիւնները։ Թայմզ Սքուէր երթուդարձը հանրակառքով տրամադրելի է հետեւեալ շրջաններէն. Նիւ Եորք (կապ՝ Պրիւս Աշպահեան, 718-279-2000 թիւով), Պրուքլին (կապ՝ Տիգրան Սահակեան, 212-245-4145 թիւով) եւ Նիւ Ճըրզի (կապ՝ Լիօ Մանուէլեան, 917-418-3940 թիւով)։
|
|
SHADOW TOLE ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
|
|
Արփի Նարտոնէի Shadow Tole արուեստը, որ հիմնուած է 17-րդ դարու նկարչական ձեւի մը վրայ, պիտի ցուցադրուի Ազգ. Առաջնորդարանի «Վահագն եւ Յասմիկ Յովնանեան» սրահին մէջ։ Նկարին մէջ՝ Վարդգէս Սուրէնեանցի «Աստուածամայրը եւ Յիսուս մանուկը» գործի մեկնաբանութիւնը։
|
|
Ուրբաթ, 3 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00էն 9:00, տեղի պիտի ունենայ Արփի Նարտոնէի Shadow Tole արուեստի ցուցադրութիւն մը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ (138 East 39րդ փողոց)՝ «Համազգային»ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղիկազմակերպութեամբ եւ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ։
Արփի Նարտոնէ եւ իր արուեստը միջազգային ճանաչում ստացած են, յատկապէս՝ Չարլզ Տիքընսի Լոնտոնը վերարտադրող Անթոն Փիքի նկարներուն վրայ հիմնուած անոր ստեղծագործութիւնները։ Անոր գործերը ցուցադրուած են «Քարթիէ» նշանաւոր ընկերութեան կողմէ, ինչպէս եւ տարբեր քաղաքներու (Նիւ Եորք, Շիքակօ, Հիւսթըն, Սան Ֆրանսիսքօ, Սքոթստէյլ եւ Պեւըրլի Հիլզ) պատկերասրահներու մէջ։
Ցուցահանդէսը պիտի բացուի հանրութեան Հինգշաբթի, 2 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6:00էն 9:00։ Պիտի շարունակուի Ուրբաթ, 3 Մայիսին (երեկոյեան ժամը 5:00էն 9:00) եւ Շաբաթ, 4 Մայիսին, ժամը 2:00էն 8:00։
|
|
ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄԻՍ ԵՒ ԳԻՏԱՀԱՆԴԷՍ՝
ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
|
|
5-րդ դասարանի աշակերտներ կը ներկայացնեն «Ուժանիւթը շարժումի մէջ» նիւթով նախագիծեր
|
|
4-րդ դասարանի աշակերտներ կը ներկայացնեն նախագիծեր ուժանիւթի փոխանցման մասին
|
|
Մարտ-Ապրիլ ամիսները գիտութեան նուիրուած ամիս էին (STEM Month) Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանին (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսեթս) մէջ։ Դասարաններուն մէջ, ստեղծագործ ու նորարար մտածողութիւն զարգացնելու ուղղուած նախաձեռնութիւնը կը ձգտի աճեցնելու գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ թուաբանութեան վրայ դրուող շեշտը։
Այս ամսուան ձեռնարկները կը ներառէին համակարգիչներու ծրագրաւորում, մարդամեքենաներու աշխատանք, ճարտարագիտական նախագծում, թուաբանութիւն, չնաշխարհիկ կենդանիներ եւ պտոյտ մը՝ Հարվըրտհամալսարանի բնութեան պատմութեան թանգարան։
Ամսուան իբրեւ եզրափակում տեղի ունեցած գիտահանդէս մը, ուր մանկապարտէզէն մինչեւ 5-րդ դասարան՝ աշակերտները իրենց ուրոյն ներկայացումները կատարեցին՝ գիտութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ։
Ծնողներ, մեծ հայրեր եւ դպրոցի բարեկամներ վայելեցին աշակերտներուն նախագիծերը։ Աշակերտները յատուկ հիւր մը ունեցան, յանձինս՝ Լիզա Անն Կիւլէսէրեանի, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դասախօս Հարվըրտի մէջ, եւ իր ուսանողներուն։ Ուսանողները աշակերտներուն բաժնեցին իրենց կողմէ հայերէնով պատրաստուած գիտական փաստերու գրքոյկ մը։ Առիթ ունեցան նաեւ հարցազրոյցներ վարելու աշակերտներուն հետ՝ իրենց հայերէնի գիտելիքները փորձելով ու զարգացնելով։
|
|
ԼԷՕ (ծնունդ՝ 26 Ապրիլ, 1860)
|
|
Անցեալ դարու սկիզբին, Լէօ դարձաւ հայոց պատմական ու մտաւորական անցեալի ուսումնասիրութեան հիմնական անուններէն մէկը։ Առաքել Բաբախանեան ծնած էր 26 Ապրիլ 1860ին՝ Արցախի Քարինտակ գիւղին մէջ, այժմու Ստեփանակերտի մօտակայքը։ 1878ին վկայուած է Շուշիի թեմական դպրոցէն։ Իր ընտանիքին համեստ պայմանները աւելին չէին թոյլատրեր, իսկ այնուհետեւ Լէօ գրչանունով ծանօթ այս մտաւորականը ինքնուսուցման բացառիկ ճիգով պիտի դառնար մեր գրականութեան ու պատմութեան լաւագոյն գիտակներէն մէկը։
Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ան աշխատած է Շուշիի եւ Պաքուի մէջ իբրեւ նոտարական գրագիր, հեռագրավար եւ «Արօր» տպարանի կառավարիչ։ Տակաւին ուսանող, 1877ին սկսած էր աշխատակցիլ Թիֆլիսի «Մշակ» օրաթերթին։ Անոր հայեացքները ձեւաւորուած են Րաֆֆիի եւ թերթի հիմնադիր խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի գաղափարներու ազդեցութեան տակ։ Տարիներու ընթացքին, Լէօ պիտի աշխատակցէր բազմաթիւ հրատարակութիւններու՝ Կովկասէն մինչեւ Եւրոպա։ Սկզբնապէս, գրած է հրապարագրական յօդուածներ եւ գեղարուեստական արձակ (պատմուածք ու վէպ)։ Ամենէն կարեւոր գրական գործը «Մելիքի աղջիկը» (1898) վէպը եղած է։ Ան նոյնիսկ գրած է «Վարդանանք» պատմական թատերախաղը (1916)։
1895ին Լէօ փոխադրուած է Թիֆլիս, դառնալով «Մշակ»ի քարտուղար եւ մնայուն աշխատակից՝ մինչեւ 1906։ 1906-1907ին Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը դասաւանդելէ ետք, վերադարձած է Թիֆլիս, ուր ամբողջութեամբ նուիրուած է գրական աշխատանքի։ Արդէն ան մտած էր գիտական հետազօտութեան բնագաւառին մէջ, արտադրելով հարիւրաւոր յօդուածներ եւ տասնեակ գիրքեր։ Գրական քննադատութեամբ զբաղած է, իր քննական (երբեմն՝ վիճելի) մտքերը յայտնելով բազմաթիւ ժամանակակից գրողներու մասին, որոնք մասամբ խտացած են «Ռուսահայոց գրականութիւնը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը» (1904) մենագրութեան մէջ։
Միւս կողմէ, Լէօ յատկանշուած է պատմական բազմաթիւ հարցերու նորովի մեկնաբանութիւններով իր շարք մը հատորներուն մէջ. «Հայկական տպագրութիւն» (2 հատոր, 1901–1902), «Յովսէփ կաթողիկոս Արղութեան» (1902), «Գրիգոր Արծրունի» (3 հատոր, 1902–1905), «Սուրբ Մեսրոպ» (1904), «Հայոց հարցը» (1906), «Հայ գրքի տօնը» (1912), «Վանի թագաւորութիւնը» (1915), «Հայոց հարցի վաւերագրերը» (1915), «Անի» (յետմահու՝ 1946)։ Անոր ամենէն ծաւալուն գործը, որ մնացած է անաւարտ, եռահատոր «Հայոց պատմութիւն»ն է, որոնցմէ միայն առաջին հատորը լոյս տեսած է ողջութեան (1917), իսկ միւս երկու հատորները՝ յետմահու (1946-1947)։ Շուրջ 2,000 էջնոց այս գործը հայոց պատմութիւնը ներկայացուցած է՝ նախապատմութենէն մինչեւ 18-րդ դար (բացի 12-րդ-15-րդ դարերէն)։ Լէոյի հայեացքները թարմ էին ու երբեմն՝ վէճի առարկայ, բայց անվիճելի էր անոր հանրագիտարանային գործածութիւնը հայ եւ օտար սկզբնաղբիւրներու, հնագիտական, վիմագրական, լեզուաբանական ու բանասիրական նիւթերու, ուղեգրութիւններու եւ յուշագրութիւններու, երկրորդական աղբիւրներու, եւ այլն։
1924ին, Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով, Լէօ Երեւան հաստատուած է՝ իբրեւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս։ Անոր դասախօսութիւնները հայոց պատմութեան առաջին համալսարանական դասագիրքը դարձած են՝ Յակոբ Մանանդեանի դասախօսութիւններուն հետ։ Ան ստացած է փրոֆեսորի տիտղոսը 1925ին, երբ նաեւ ընտրուած է Գիտութեան եւ Արուեստի ինստիտուտի (1930ին՝ Գիտութիւններու ինստիտուտ) իսկական անդամ։
Իր նախախորհրդային գործերուն մէջ, Լէօ գերադասած էր անհատի դերը եւ հոգեկան ու աշխարհագրական ազդակներու դերակատարութիւնը շեշտած էր։ 1920ական թուականներուն, ան փորձած է ինքզինք տեղադրել նոր տիրող գաղափարախօսութեան ծիրին մէջ եւ հիմնովին փոխած է իր դիրքորոշումներէն շատեր։ Ըստ երեւոյթին, ցեղասպանութեան փաստը դեր ունեցած է այդ դիրքափոխումին մէջ։ «Անցեալից» աշխատասիրութեան մէջ (1925) ներկայացուած հայ ազատագրական շարժման պատկերը բոլորովին անյարիր էր սկզբնական շրջանի դրական գնահատանքներուն։ Անմիջական անցեալի ժխտական արժեւորումը կրկնուած է «Թրքահայ յեղափոխութեան գաղափարաբանութիւնը» (յետմահու, 1934) երկհատոր աշխատութեան մէջ։ «Խոջայական կապիտալ» (1934) հատորին մէջ, Լէօ նոր ջուղայեցի առետուրի դրամագլուխը նկատած է մեր արդի պատմութեան մղիչ ուժը։
Վաստակաւոր պատմաբանը իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, 14 Նոյեմբեր, 1932ին։ Թաղուած է Պանթէոնին մէջ։ Իր անունով Երեւանի մէջ կան փողոց մը եւ դպրոց մը։ Լէոյի կիսանդրին զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի գլխաւոր մասնաշէնքին մէջ։
|
|
ՄԻ՛ ՇՓՈԹԷՔ
Նմանօրինակ բառեր կան, որոնք նոյնօրինակ չեն եւ չէք կրնար գործածել իբրեւ հոմանիշ։
Ահաւասիկ «նախկին» եւ «նախորդ» բառերուն պարագան։ Երկուքն ալ «նախ» արմատէն կու գան եւ երկուքն ալ տարբեր իմաստներ ունին։
Օրինակ՝ եթէ դուք կը խօսիք Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կամ ԱՄՆի նախագահ Ճիմի Քարթըրի մասին, կը հասկցուի, որ երկուքն ալ
նախկին
նախագահներ են։ Բայց եթէ միեւնոյն նախագահներուն կ՚անդրադառնաք իբրեւ Ռոբերտ Քոչարեանէն եւ Ռոնըլտ Ռեկընէն անմիջապէս առաջ եկողներ, ուրեմն
նախորդ
նախագահներ են։ Հետեւաբար՝ երկուքն ալ
նախկին
ու
նախորդ
են, բայց տարբեր տեսանկիւններէ։
Անշուշտ, բացայայտ սխալ մը պիտի ըլլար ըսել, օրինակ, թէ նախագահ Տէր Պետրոսեան
նախորդ
նախագահն է՝ եթէ խօսքը այժմու նախագահ Արմէն Սարգսեանի մասին է, քանի որ երկու այլ նախագահներ եղած են միջոցին։ Ան միայն
նախկին
նախագահ կրնայ ըլլալ։
Եթէ անցեալէն դէպի ապագայ անցնինք, նմանօրինակ նրբերանգ մը կը գտնենք «յաջորդ» բառի պարագային։ Այս բառը թէ՛ գոյական է եւ թէ՛ ածական։ Իբրեւ գոյական՝ կը գործածուի որպէս յետոյ եկողը («Արմէն Սարգսեան՝ իբրեւ նախագահ, Սերժ Սարգսեանի
յաջորդը
եղաւ»)։ Իբրեւ ածական՝ կը նշանակէ կարգով եկողը («
յաջորդ
տարին»)։
Անշուշտ, պէտք է «յաջորդ»ը զանազանել «յառաջիկայ»էն։ Վերջինս կը գործածուի գալիք բան մը նշելու համար, օրինակ՝ «
յառաջիկայ
ձեռնարկները» կազմակերպութեան մը ժամանակացոյցին մէջ։
Միշտ կ՚ըսուի, թէ լեզուի պարագային կարեւորը հաղորդակցութիւնն է։ Բայց արդեօք դուք կը սիրէ՞ք կարկտան հագուստով փողոց ելլել։ Եթէ ոչ, պէտք է աշխատիլ, որ լեզուական «հագուստ»ը միշտ անթերի ըլլայ։
|
|
«Սիամանթօ» լսարանի
դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝
anec@armenianprelacy.org
կամ՝ 212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝
Շաբաթ, 11 Մայիսին։
27 Ապրիլ
—Հայկական Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի յիշատակում Քենեթիքըթի Hall of the House-ի մէջ, State Capitol, 210 Capitol Avenue, Hartford, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ Սալբի Ղազարեան, տնօրէն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական Ուսմանց Հիմնարկին։
28 Ապրիլ
—Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչում՝ Թայմզ Սքուէրի մէջ (Times Square, 43
rd
Street եւ Broadway, New York), կազմակերպութեամբ՝ Վարդանանց Ասպետներու եւ Դուստրերու։ Նիւ Եորքէն ու Նիւ Ճըրզիէն ձրի հանրակառքով փոխադրութիւն։ Մանրամասնութիւններու համար, այցելեցէք
www.kofv.org/main/april282019
կայքէջը։
28 Ապրիլ
—Հայկական Ցեղասպանութեան միասնական ոգեկոչում՝ Հարթֆըրտի (Քենեթիքըթ) Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագին (ժամը 10:30ին) պիտի մասնակցին հետեւեալ եկեղեցիներուն հոգեւորականներն ու հաւատացեալները՝ Ս. Գէորգ, Ս. Յարութիւն (Նիւ Պրիթըն), Ս. Մարկոս (Սփրինկֆիլտ) եւ Ս. Ստեփանոս (Նիւ Պրիթըն)։
28 Ապրիլ
—Ռոտ Այլընտի Հայ Նահատակաց Յանձնախումբը Հայկական Ցեղասպանութեան 104ամեակը պիտի նշէ նահատակաց յուշարձանին կողքին՝ Փրաւիտընսի մէջ (North Burial Grounds), ժամը 12:45էն սկսեալ։ Երեք եկեղեցիներու հովիւներն ու խորանի ծառայողները պիտի մասնակցին ոգեկոչումին։ Գլխաւոր բանախօս՝ «Պոսթըն Կլոպ»ի վաստակաւոր խմբագիր եւ լրագրող Սթիվըն Քիւրքճեան։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք
joycey41@cox.net
հասցէին։
3 Մայիս
—Արփի Նարտոնէի ցուցահանդէսի բացում Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Նիւ Եորքի «Համազգային»ի մասնաճիւղին։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ Հինգշաբթի, 2 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6:00էն 9:00, Ուրբաթ, 3 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 5:00էն 9:00 եւ Շաբաթ, 4 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 2:00էն 8:00։
4 Մայիս
—«Աղօթք՝ անձնական եւ համայնական»։ Սեմինարը պիտի վարէ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն Բարշ. Տ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանտեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ), առաւօտեան ժամը 10:30էն մինչեւ 2:00 (կէսօրին՝ ճաշ)։ Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, գրեցէ՛ք
stgregorymass@yahoo.com
հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 413-543-4763 թիւին։
5 Մայիս
—Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակի ճաշկերոյթ՝ «60 տարի՝ սերունդէ սերունդ» բնաբանով, եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին՝ Կարապետեան, Միրաքեան, Նաճարեան եւ Սարաճեան ընտանիքները։
(
Տոմսերը սպառած են)։
5 Մայիս
—
ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի Մայրերու Օրուան ճաշկերոյթ՝ Տակլըսթընի «Մանոր» ճաշարանին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուի տիկ. Սոնիա Պզտիկեան։
11 Մայիս
—Մայրերու Օրուան ճաշկերոյթ-պարահանդէս (Crowne Plaza, Ուորուիք, Ռոտ Այլընտ), որուն ընթացքին պիտի մեծարուի տարուան մայրը՝ տիկ. Մարօ Տիոնիսոփուլոս։
16-18 Մայիս
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթընսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ։
30 Յունիս-7 Յուլիս
—33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։
9-12 Հոկտեմբեր
—Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով, տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
12 Հոկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։
17 Նոյեմբեր
—Կոմիտաս Վարդապետի 150ամեակի ծննդեան տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|