SHARE:  
19 Դեկտեմբեր, 2019
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
Հաւատով Խոստովանիմ ԺԴ․ աղօթք

Կը կարդայ՝ Գայանէ Կարապետեան
(Ս․ Սարգիս եկեղեցի, Տիրպորն, Միշիկըն)

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ Ս. ԾՆՈՒՆԴ (ԲԱՅՑ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾ ՄԱՍԸ ՊԷՏՔ Է ՍՊԱՍԷ)
451 թուականի Քաղկեդոնի ժողովը ո՛չ միայն պատճառ դարձաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բաժանումին, այլ նաեւ հաստատեց 25 Դեկտեմբերը՝ իբրեւ Ծննդեան պաշտօնական օր։ Աւանդութիւնը դար մը առաջ սկսած էր Հռոմի մէջ, ուր տօնը հաստատուած էր զուգադիպութիւն մը ստեղծելու համար նախաքրիստոնէական Սատուրնալիա տօնին հետ, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր, ու այսպիսով՝ հեթանոս մնացած հռոմէացիները սիրաշահելու համար։

Աստուածաշունչը Յիսուսի ծննդեան բուն թուականը չի յիշեր։ Հայաստանեայց Եկեղեցին հաւատարիմ մնացած է Յունուար 6 թուականին, որ քրիստոնէական աշխարհի կողմէ նշուած սկզբնական օրն էր։ Բոլոր Եկեղեցիները Աստուածայայտնութիւնը կը նշէին Յունուար 6ին (Աստուածայայտնութիւնը կը համադրէր Ծնունդը, Յորդանան գետի մէջ մկրտութիւնը Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռամբ, Կանայի հարսանիքի առաջին հրաշքը եւ երեք մոգերուն այցելութիւնը)։ 

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԱՅՐ ՈՒ ՈՐԴԻ
ՕՆՆԻԿ ԵՒ ԱՐԱ ՏԻՆՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի անունով, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը յանձնեց երգիչ Օննիկ Տինքճեանին՝ հայ տոհմիկ երգի մէջ իր ունեցած երկարամեայ վաստակին համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Կոմիտաս» մրցանակը յանձնեց Օննիկի որդիին՝ երաժիշտ եւ ուտի համաշխարհային վարպետ Արա Տինքճեանին՝ հայ երաժշտութեան միջազգային տարածման բերած անոր նպաստին համար։ Երկու պարգեւներուն յանձնումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերի երեկոյեան, "Club 27"ի տօնական խրախճանքին՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Տինքճեանները, որոնց նախահայրերը տիգրանակերտցի վերապրողներ եղած են, ծանօթ են իբրեւ հայ ժողովրդական երաժշտութեան մեկնաբաններ։ Օննիկի ձայնագրութիւններու շարքին են “ Voice of Armenians ” and “ The Many Sides of Onnik ” գործերը՝ Տիգրանակերտի բարբառի երգերով։ Արա քանի մը ձայնագրութիւններ կատարած է իր “Night Ark” խումբին հետ, ներառեալ՝ “ Treasures” , “ In Wonderland” եւ “ Moments” ։ Ձայնագրած է նաեւ մենանուագներ եւ բարեկամներու հետ գործեր, ինչպէս “An Armenian in America” եւ “ 1915-2015: Hope & Truth ”, այլոց շարքին։ Ի շարս բազմաթիւ գործերու, նաեւ յօրինած է 2004ի Աթէնքի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին մեկնաբանուած “Dinata” երգին երաժշտութիւնը։
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ “SIMPLY CHRISTMAS” ՀԱՄԵՐԳԸ
Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցին իր տարեկան "Simply Christmas" համերգը կազմակերպեց եկեղեցւոյ մէջ, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ։

Այս տարի ելոյթ ունեցան Էլի Պէրպէրեան, Մոնթրէալի «Արեակ» երգչախումբը եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Տաթեւիկ» մանկական երգչախումբը։ Տարեկան "Simply Christmas" համերգը աւանդաբար Յիսնակի շրջանի նուիրուած յայտագիր մը կը ներկայացնէ, սակայն այս անգամ համերգին մէկ մասը՝ «Արեակ» երգչախումբի եւ Էլի Պէրպէրեանի մասնակցութեամբ, նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան, նշելով թէ՛ այս ձեռնակին տասնամեակը եւ թէ՛ Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակը։

Փակման խօսքին մէջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ համերգին, միաժամանակ իր երախտապարտութիւնը յայտնելով հաւատացեալներուն մնայուն զօրակցութեան համար։
ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ
Ձախէն աջ՝ Արա Պարսումեան, Արամ Գայսերեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Վահէ Թանաշեան (ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ), Շանթ Ժամկոչեան եւ Յարութիւն Խաչատուրեան։ (Նկարէն կը բացակային՝ Վրէժ Յակոբեան եւ Փօլ Գոզուքեան)։
Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան շրջանի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր զօրակցութիւնը յայտնեց մարզական այս մեծ կազմակերպութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչականներուն։ 
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Ս. Պատարագին պիտի նախագահէ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ պիտի գտնուի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք Կաղանդի համերգին, որուն պիտի մասնակցին Հայկ Արսէնեան, Անահիտ Զաքարեան եւ Անահիտ Ինճիկիւլեան։
ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ՝ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ 
Ազգ. Առաջնորդարանը պիտի հովանաւորէ Մայքլ Փափազեանի նոր գիրքին՝ “The Doctor of Mercy: The Sacred Treasures of St. Gregory of Narek” ի ներկայացումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Առաջնորդարանին մէջ։

Հեղինակը ներկայ պիտի ըլլայ ու պիտի խօսի Հայց. Եկեղեցւոյ հանճարեղ բանաստեղծ սուրբին ու աստուածաբանին կեանքին հանդէպ իր հետաքրքրութեան ծնունդին մասին, յատկապէս այն պահէն ետք, երբ Ֆրէնսիս Պապը Գրիգոր Նարեկացին նշանակած է իբրեւ Եկեղեցւոյ Վարդապետ։ Նարեկացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարդապետներու ցանկին մէջ միակն է, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ չէ պատկանած։

“The Doctor of Mercy” ներածութիւն մըն է Նարեկացիի գրական գործերուն, աստուածաբանութեան ու հոգեկանութեան, եւ ցոյց կու տայ անոր գործերուն մերօրեայ կարեւորութիւնը։  

Դոկտ. Մայքլ Փափազեան փիլիսոփայութեան դասախօս է Պերրի Գոլէճի ն մէջ (Ռոմ, Ճորճիա) 1998էն ի վեր։ Հոն կը դասաւանդէ փիլիսոփայութեան տարբեր նիւթեր, ինչպէս եւ Նոր Կտակարանի յունարէն։ Ուսանած է Ճոնզ Հոփքինզ եւ Վըրճինիայի համալսարանները, վերջինէն ստանալով իր դոկտորականի տիտղոսը։ Յունարէն փիլիսոփայական գրութիւններու հայկական թարգմանութիւններն ու մեկնութիւնները ուսումնասիրելու համար, գրաբար սորված է Օքսֆորտ համալսարանին մէջ, ուր ստացած է գրաբարի մագիստրոսի տիտղոս՝ 1995ին։ Հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ հին յունական փիլիսոփայութեան եւ միջնադարեան հայկական աստուածաբանութեան մասին։

Դոկտ. Փափազեանի նոր գիրքէն օրինակներ վաճառքի պիտի դրուին։ Տրամադրելի պիտի ըլլան անոր երկու նախորդ գիրքերը՝ “ Light from Light: An Introduction to the History and Theology of the Armenian Church” , եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի «Չորս Աւետարանիչներու մեկնութեան» թարգմանութիւնը։

Տեղեկութիւններու եւ տեղ ապահովելու համար, հաճեցէք հեռաձայնել 212-689-7810 թիւին։ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի հայաստանեան գրասենեակը՝ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը, շուտով պիտի շարունակէ հովանաւորութեան իր ծրագիրը բոլոր այն որբերուն համար, որոնք 18 տարեկանը կը բոլորեն եւ կ՚արձանագրուին բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ՝ իրենց կրթութիւնը շարունակելու համար։

Համալսարանականներու հովանաւորութեան այս ծրագիրը պիտի սկսի գործադրուիլ 2020ին։ Տարեկան գումարը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։

Ասիկա վերջին նորութիւնն է ծրագրի մը մէջ, որուն սկիզբը դրած էր 31 տարի առաջ թեմիս օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեան, 1988ի աղէտալի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք։ Այն ատեն, առաջնահերթութիւնը երկրաշարժի վերապրողներուն օժանդակութիւնն էր։ Շուտով, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը արդէն հազարաւոր մանուկներու իր նպաստը բերաւ ու կը շարունակէ։ Օշական արք. Չօլոյեանի պաշտօնավարութեան շրջանին, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը օժտուեցաւ իր սեփական նոր գրասենեակով։

Ծրագիրները աճած ու ծաղկած են, ներառնելով՝ մանկատուներու, դպրոցներու, աշակերտներու, երէցներու, հաշմանդամ ազատամարտիկներու օժանդակութիւն, եւ ամառնային ճամբար մը։

Այս բոլորը բաւարար չէ։ Ինչպէս հայրենիք այցելուները կրնան վկայել, Հայաստանի յուսահատութեան մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են, յատկապէս՝ թուրք-ազերի շրջափակման եւ Արցախի պատերազմի ամենադաժան տարիները։ Երեւանը ներկայիս ծաղկուն քաղաքն է, ուր ամբողջ աշխարհէն այցելուներ կը ժամանեն։ Բայց երկրի ու Արցախի երկայնքին, բոլորս ալ գիտակից ենք, որ բազում մարտահրաւէրներ կան։ Յաճախ՝ կրթութիւնը բանալի է զանոնք յաղթահարելու համար։

Հայաստան այժմ ծանօթ է շրջանին մէջ, իբրեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կեդրոն մը, ինչ որ բազմաթիւ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ, որոնց համար կարող ու անհրաժեշտ դաստիարակութեամբ մասնագէտներու պէտքը կայ։ «Մեծն Ներսէս»ի կողմէ հովանաւորուած որբ երեխաները այժմ Հայաստանի տնտեսութեան պէտք ունեցած աշխատուժը դառնալու ճամբուն են։

Տասնամեակներէ ի վեր, բազմաթիւ նուիրատուներու յանձնառութեան շնորհիւ, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը «Մեծն Ներսէս»ի գործունէութեան կեդրոնական մասերէն մէկը հանդիսացած է։ Նուիրատուները երեխաներու աճին վկայ եղած են եւ յաճախ ուժեղ կապեր հաստատած անոնց հետ։

Ինչպէս միշտ, ձեր աջակցութիւնը մեծ դեր կը կատարէ։

Այն հովանաւորները, որոնք տարիներու երկայնքին առատաձեռն կերպով օժանդակութիւն բերած են, այժմ կրնան շարունակել իրենց դերակատարութիւնը՝ երէկուան մանուկներուն օգնելով, որ հասուննան իբրեւ երիտասարդ մասնագէտներ։

Նախապէս հովանաւորուած որբեր այժմ համալսարանական ուսանողներ են եւ նոր հովանաւորներու կարիքը պիտի ունենայ։ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը, թափանցիկ ու բարձր մակարդակի իր գործունէութեամբ, պիտի շարունակէ հնարաւոր թեկնածուներ գտնել եւ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել։

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը կամ Որբերու ծրագրով երեխայ մը հովանաւորել,  սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։  

ԿՈՉ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ 
Կամաւորները ուտելիքի ծրարներ կը պատրաստեն կարիքաւոր ընտանիքներու համար։ Այս ծրագիրը կը ղեկավարուի կամաւորներու կողմէ, ուստի բոլոր նուիրատուութիւնները ուտելիքներու եւ ապրանքներու բաշխումին կը յատկացուին։ 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէութեան Դաստիարակութեան բաժանմունքը՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեամբ, այս տարի եւս կը ծրագրէ նիւթապէս օժանդակել լիբանանահայ շուրջ 200 կարիքաւոր ընտանիքներու, որոնք, յատկապէս երկրի ներկայ անորոշ պայմաններուն մէջ, կեանքի ամենատարրական պէտքերը հոգալու դժուարութիւն ունին։

Գրասենեակը կը ձգտի իւրաքանչիւր ընտանիքի պահածոյ ուտեստեղէնէ, ընդեղէնէ, մսեղէնէ, մաքրութեան դեղերէ եւ այլ տարրական պէտքերէ բաղկացած նպաստ մատակարարել։ Այս նպաստը պիտի բաշխուի Նոր Տարուան օրերուն՝ Ս. Ծննդեան առիթով, յատուկ ուրախութիւն պարգեւելով մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Ինչպէս անցեալ տարի, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը դիմած է Արեւելեան թեմին, որպէսզի մեր հաւատացեալները իրենց օժանդակութիւնը բերեն այս մարդասիրական նախաձեռնութեան, ինչ որ միեւնոյն ժամանակ պիտի խորհրդանշէ մեր զօրակցութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին, որ կ՚անցնի դժուարին օրերէ։ Նկատի ունեցէք, որ 100 տոլարի նուիրատուութիւն մը պիտի ծառայէ վերոյիշեալ նպաստը հայթայթելու ընտանիքի մը համար, այլապէս՝ կրնաք ձեր ուզած գումարը նուիրել։

Տօնական օրերու առթիւ այս նուիրատուութիւնը մեծապէս պիտի գնահատուի։ Հաճեցէք ուղարկել ձեր վճարագրերը հետեւեալ հասցէին՝ Armenian Prelacy, 138 East 39 th   Street, New York, NY 10016։ Հաճեցէք ձեր չէքերը գրել Armenian Apostolic Church of Americaի անունին, իսկ memoի բաժինին մէջ արձանագրել՝ Gift for the Needy։ Ձեր նուիրատուութիւնը տուրքերէ զերծ է՝ ըստ օրէնքի արտօնած չափին։ 
ԱՊԱՀՈՎԵՑԷՔ ՁԵՐ ՏՈՄՍԱԿՆԵՐԸ «ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՀԱՄԱՐ
«Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, աշխարհահռչակ «Գառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ 2020ին երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիներ այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։

«Միւզիքըլ Արմինիա», որ 1982ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով, նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու մեկնաբանութեան սատարելու։ Անցնող 38 տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։

2020ի համերգին ելոյթ պիտի ունենան դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան։

Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար), ոսկի (300 տոլար) եւ արծաթ (200 տոլար)։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։

Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ (18:9-14)


Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են, եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:
Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:
Կ’ըսեմ ձեզի,- եզրակացուց Յիսուս,- մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:


ԹՈՒՂԹ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ (4:16-5։10)

Ուստի համարձակօրէն մօտենանք Աստուծոյ շնորհքի աթոռին, ողորմութիւն գտնելու եւ շնորհք ստանալու համար, որպէսզի անոնք մեզի օգնեն անհրաժեշտութեան պարագային:
Արդարեւ, ամէն քահանայապետ, որ մարդոց մէջէն կ’ընտրուի, պաշտօն ունի՝ մարդոց կողմէ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու եւ անոնց մեղքերուն համար նուէրներ եւ զոհեր մատուցանելու: Եւ որովհետեւ ինք ալ մարդ է, կրնայ հասկնալ մարդոց տգիտութիւնն ու փորձութիւնները եւ կարեկցիլ անոնց, քանի ինք եւս նոյն տկարութիւնները ունի: Ատոր համար է, որ ինչպէս ժողովուրդին՝ այնպէս ալ իր սեփական մեղքերուն համար պէտք է զոհեր մատուցանէ:
Գիտէք նաեւ, թէ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար ինքն իրեն քահանայապետութեան պատիւը առնել, այլ՝ Աստուած է որ զայն այդ պաշտօնին կը կանչէ, ճիշդ ինչպէս Ահարոն կոչուեցաւ: Նոյնպէս ալ Քրիստոս, ինքն իրեն չառաւ քահանայապետութեան պատիւը, այլ զայն ստացաւ Աստուծմէ, որ իրեն ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես. այսօ՛ր քեզ ծնայ» , իսկ ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելքիսեդեկ քահանային պէս»:
Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, Յիսուս մեծ աղաղակով ու արցունքով աղօթեց եւ աղաչեց Աստուծոյ, որ կրնար զինք մահուընէ փրկել: Եւ Աստուած զինք լսեց, որովհետեւ խոնարհ էր ան եւ հնազանդ: Թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց իր չարչարանքներու փորձառութեամբ սորվեցաւ՝ թէ ի՛նչ բան է հնազանդութիւնը: Եւ այսպէս, կատարեալ ըլլալէ ետք, յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ բոլոր անոնց համար, որոնք իրեն կը հնազանդին, քանի Աստուած զինք քահանայապետութեան կոչած էր, Մելքիսեդեկ քահանային պէս:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 40:18-31
ԴԱՒԻԹ ՄԱՐԳԱՐԷ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ՏԵԱՌՆԵՂԲԱՅՐ
Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Դաւիթ Մարգարէն եւ Յակոբ Տեառնեղբայրը։

Ութը եղբայրներու կրտսերն էր Դաւիթ, որ մեծցաւ իբրեւ հովիւ՝ քաջութիւն, քնքշութիւն եւ հոգատարութիւն սորվելով, ապա հասնելով թագաւորական գահին իբրեւ՝ Իսրայէլի երկրորդ արքայ։ Աստուածաշունչին մէջ, միայն ան «Յիսուսի նախահայր» անունը կը կրէ։ Նոր Կտակարանը կը պարունակէ աւելի քան 50 ակնարկութիւններ Դաւիթին, ներառեալ Յիսուսին տրուած տիտղոսը՝ Դաւիթի Որդի։ Բանաստեղծ Դաւիթը հեղինակած է քանի մը սաղմոսներ։  

Յակոբ Առաքեալը, որ հաւանաբար Յիսուսի հետ մտերիմ յարաբերութեան պատճառով Տեառնեղբայր կոչուած է, արժանացած է Տիրոջ յատուկ յայտնութեան՝ Յարութենէն ետք։ Կը կարծուի, որ ան Տիրոջ առաջին զարմիկն էր, կամ, ինչպէս կարգ մը մասնագէտներ ենթադրած են, Յովսէփի որդիներէն մին։ Յարութենէն ու Համբարձումէն ետք, մինչ միւս առաքեալները ցրուած են աշխարհով մէկ, Յակոբ Երուսաղէմ մնացած է, ուր ծառայած է իբրեւ եպիսկոպոս եւ սկզբնական եկեղեցւոյ բանբեր։  
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ՝ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ ՆԱԽԱՎԿԱՅ 
Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբերին, Հայ Եկեղեցին կը յիշէ Ս. Ստեփանոսը՝ առաջին սարկաւագն ու նախավկան։

Քրիստոսի համբարձումէն ետք, առաքեալները սկսան Խօսքը տարածել։ Շուտով յայտնի եղաւ, որ եկեղեցական աճող համայնքին ծառայող աւելի մեծ թիւով մարդոց կարիքը կար։ Եօթը արժանի անձեր կանչուեցան Ս. Խորանին ծառայելու եւ ստացան «սարկաւագ» անունը։ Այս եօթնեակէն ամենէն արժանին՝ Ստեփանոսն էր, որ ներկայացուած է իբրեւ «հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը» (Գործք 6:5)։ Ս. Ստեփանոսի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդական ու կարեւոր տօնակատարութիւն մըն է։ Այդ օր բոլոր սարկաւագները կը մեծարուին։ Ստեփանոս դարձաւ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակը, որուն պատճառով «նախավկայ» կը կոչուի (վկայ՝ «նահատակ» իմաստով)։ Անոր կեանքին ու մահուան մասին միակ տեղեկութիւնները կը գտնուին Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ (Գործք 6:8 եւ 8:2)։
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԱՐԱ ՏԻՆՔՃԵԱՆ Կ՛ԱՌԻՆՔՆԷ
«ՆԱՐԵԿ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Հռչակաւոր հայ երաժիշտ Արա Տինքճեան Նիւ Ճըրզիի «Նարեկ» վարժարանի մատղաշ սերունդը հմայեց։ Տինքճեան, որ «ուտ»ի աշխարհահռչակ կատարող է եւ մանաւանդ օտար շրջանակներու մէջ ծանօթ երաժիշտ, աշակերտներուն խօսեցաւ այս նուագարանին հանդէպ իր սիրոյ ծագման մասին ու ապա ներկայացուց զանազան լարային գործիքներ, որոնք կ՛օգտագործուին Հայաստանի, Փոքր Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի տարբեր ժողովուրդներու կողմէ։ 

Ա Տինքճեանի նուագն ու զրոյցը առինքնեցին Նարեկ վարժարանի ուսանողները, անոնց մէջ իրենց հայկական ժառանգութեամբ հպարտութիւնը արթնցնելով։

ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ
ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ԴԻՄԱՒՈՐԵԼՈՒ
Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին խմբուած էին Նոր Տարուան յատուկ հանդէսի պատրաստութեան փորձերը ընելու՝ տնօրէնուհի տիկ. Սօսի Ճգնաւորեանի ղեկավարութեամբ։ Անոնք նաեւ զարդարեցին այս տարուան տօնածառը «Ճաֆարեան» սրահին մէջ։
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ծխականները հաւաքուեցան «Բաշալեան» սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նորատիպ “Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church” գիրքին ներկայացումը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի կողմէ։

Ժամագիրքը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ օրական արարողութիւնները կը պարունակեն։ Այս արարողութիւննետուն մաս կը կազմեն սաղմոսները ու սուրբ գրային ընթերցումները, շարականները, երգերը, աղօթքները եւ զանազան ծէսեր։

 “Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church” կը պարունակէ Ժամագիրքի աղօթքներուն թարգմանութիւնը՝ գրաբարէն անգլերէն, զոր կատարած է Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանը։

Գիրքը տրամադրելի է Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Գինը 10 տոլար է, որուն պէտք է աւելցնել առաքման ծախսը։ Ապսպրելու համար, գրեցէք books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

“SALT AND LIGHT”Ի ՅՈՒԶԻՉ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ս ՄԱՐԻ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ
Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս Սարգիս եկեղեցւոյ “Salt and Light” պատանեկան խմբակի 17 հոգի Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեանի եւ 4 օժանդակներու ընկերակցութեամբ ու առաջնորդութեամբ այցելեցին Պէյսայտի (Նիւ Եորք) Ս Մէրի մանկական հիւանդանոցը։ Անոր նախօրեակին, խմբակի մասնակիցները կոկիկ գումար մը հաւաքելով մօտ 430 տոլար արժողութեամբ մանուկներու խաղալիք նուէրներ գնած էին ու զանոնք յանձնեցին հիւանդանոցի մանուկներուն։ Այցի տեւողութեան մեր պատանիները, հիւանդանոցի յատուկ առիթներու յատկացուած սրահին մէջ, աշխատեցան հիւանդանոցի մանուկներուն հետ մէկ առ մէկ, Ծննդեան ձեռային աշխատանքներու պատրաստութեան՝ տօնական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Մթնոլորտը տօնական ու հաճելի էր, իսկ մեր պատանիները հոյակապ գործ ըրին ուրախութեան նշոյլ մտցնելով հիւանդ մանուկներուն սրտերէն ներս։ Տունդարձէն առաջ, Տէր Նարեկ քահանան հաւաքեց պատանիները, որպէսզի այս փորձառութեան առիթով իրենց տպաւորութիւնը տան։ Ան յիշեցուց Աստուծոյ միշտ շնորհակալ ըլլալ, որ զիրենք օժտած է առաւելութիւններով, ու զգուշացուց որ ագահութիւնը աչքերը չկուրցնէ ու միշտ օգնութեան հասնին իրենց նման արարածներուն, որոնք բանի մը կարիքը ունին։

Ստորեւ քանի մը տպաւորութիւն մեր պատանիներէն -  

«Ս Մէրի հիւանդանոցի մանուկները այցելելը շատ տպաւորիչ փորձառութիւն մըն էր, որ երբեք պիտի չմոռնամ։ Այցը մեզ՝ երիտասարդ խմբակս աւելի մօտեցուց իրար, որովհետեւ այս մանուկներուն պարագաները տեսանք։ Շատ զգացական փորձառութիւն էր, որովհետեւ հիւանդները տարիքով մեզի մօտ էին, եւ հիւանդութիւնը մանկութիւնը խլած էր իրենցմէ։ Այս այցը աչքերս բացաւ ու հիմա երախտապարտ եմ Աստուծոյ ինծի շնորհած ամէնէն պարզ իսկ բաներուն համար, ինչպիսին են՝ երկու ոտք, տաս մատ ունենալը։ Շաբաթ օրուան այս այցը ինծի համար բաւարարութիւն մըն էր, որ կ՛ուզեմ կրկնուի»։
Օլիվիա Ապաճեան


«“Salt and Light” երիտասարդական խմբակը Ս Մէրի հիւանդանոցի մանուկներուն այցելեց անցեալ Շաբաթ օր։ Մենք նուէրներ ու ձեռային աշխատանք բերինք մանուկներուն։ Անձամբ՝ ուրախ եմ այցելութեան համար, որովհետեւ խոնարհութեան ոգին արթնցուց մէջս՝ շահեկան ըլլալով մէկտեղ։ Հիմա աւելիով արժէքը գիտեմ իմ ունեցածներուս ու կը հասկնամ, որ տարբեր-տարբեր հիւանդութեամբ մարդիկ կրցանք երջանկացնել։ Ժամանակին մեծ մասը անցուցի խօսելով Քրիս անունով պատանիի մը հետ։ Քրիսը 15 տարեկան է եւ գամուած աթոռի։ Որոշ պահու մը ըսաւ, թէ չի սիրեր մարզական խաղերու մասնակցիլ, որովհետեւ քալել չի կրնար։ Սիրտս ճմլեցաւ, մտածելով որ պատանին սովորաբար հոս ու հոն կը վազվզէ, կը խաղայ՝ առանց մտածելու այդ առաւելութեան մասին, մինչ Քրիսի նման անկէ զրկուածներ կան, որոնց համար վազելը՝ քալելն անգամ երազ է։ Քրիսն ու ես մեր ժամանակը անցուցինք Ծննդեան յատուկ ձեռային աշխատանք ընելով, որ իր հիւանդանոցային սենեակը զարդարեց։ Ապա հանդիպեցայ 8 տարեկան աղջնակի մը, որ անդադար կը ժպտար, հակառակ իր ունեցած դժբախտութեան։ Այդ ժպիտը իմ օրս փոխեց։ Ես կրկին կ՛ուզեմ մեր այս “Salt and Light” ծրագրով այս հիւանդանոցը այցելել»։
Էնտրիւ Կորկիսեան

«Կը կարծեմ, որ այս այցը հոյակապ փորձառութիւն էր եւ շատ իմաստալից։ Կ՚անդրադառնաս, որ, ինչ ալ ըլլան պայմանները, պէտք է մտածել արտայայտուելէ առաջ մանուկներու թէ ինչպիսին են եւ կամ ինչ կ՚ընեն։ Անոնք մանուկներ են մեր բոլորին նման։ Մեզի այս օրը սորվեցուց նաեւ երախտապարտ ըլլալ ամենէն մանր բարիքներուն համար, որոնցմով օժտուած ենք կեանքին մէջ, եւ որոնք մենք շատ սովորական կը նկատենք։ Այս այցը եւ մանուկներուն հետ ժամանակ անցնելը շատ ճիշդ բան էր»։
Թոնի Մարինօ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։ 

Այս շաբթուան նամակը գրած է Եանայի մայրը։ Երկու տարեկան երեխային հովանաւորներն են տէր եւ տիկ. Մանուէլ եւ Յասմիկ Ռագուպեանները։  
 «Ես Եանա Գէորգեանն եմ՝ Կապանից։ Շուտով կը լրանայ իմ երկու տարեկանը, այդ իսկ պատճառով, իմ մասին գրում է մայրս։ Ես շատ աշխոյժ, չարաճճի, համեղ բալիկ եմ։ Սիրում եմ շատ շարժուել, պարել, ուրախանալ։ Ամէն օր անում եմ նորանոր բացայայտումներ, փորձելով ճանաչել աշխարհը։ Դրա համար մեծերը յանդիմանում են ինձ, փորձելով ետ պահել։ Ես լսում եմ եղբօրս՝ Աշոտին, նրա խրատը ինձ համար շատ կարեւոր է։

Սիրում եմ մարդկանց, արեւը… Իմ աշխարհում ամէն ինչ հիասքանչ է ու գեղեցիկ։ Ձեզ շատ սիրող՝ Եանա։ Շնորհակալութիւն ամէնի համար։ Աստուած Ձեզ պահապան»։

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը կ՚ուզէք հովանաւորել, սեղմեցէք այստեղ ՝ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, Առաջնորդարանիս հետ կրնաք կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
«ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ»
Սոնա Զէյթլեան
«Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» աշխատասիրութիւնը անձնական ուղեւորութիւն մըն է հայ կնոջ պատմութեան բազմակողմանի հանգրուաններուն՝ հեթանոսական շրջանէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը։ Հեղինակը կը գրէ. «Իր կեանքի ուղիին բոլոր դարձուածքներուն, հայ կինը ազգային ուղեգիծի յանձնառութիւն ցուցաբերած է եւ տարբեր ժամանակներու ու տարբեր պայմաններու տակ անձնական բարիքը հանրօգուտ գործի վերածած։ (…) Հայ կնոջ կեանքի ուղին կը վկայէ, որ յանուն ազգային գոյատեւման՝ ան իր խօսքով ու գործով նուիրուած է հայութիւնը միաւորող հասարակաց շահերու եւ հայ քրիստոնէական ազգային ինքնութեան»։

Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Ստանալու համար, դիմեցէք books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՄԱՌ
(մահ՝ 20 Դեկտեմբեր, 1934)

Վրացի լեզուաբան, հնագէտ եւ ազգագրագէտ Նիկողայոս Մառ յայտնի կովկասագէտ մը եղած է, որուն հետաքրքրութիւններու ծիրին մէջ մտած է հայագիտութիւնը, ներառեալ՝ լեզուն։ Աւելի ուշ, խորհրդային ժամանակաշրջանը անմիջապէս նախորդող տարիներէն սկսեալ, մխրճուած է լեզուաբանական գործերու մէջ։

Մառ ծնած է Քութայիս (Վրաստան), 6 Յունուար 1865ին, սկովտիացի հօրմէ եւ վրացի մօրմէ։ Հայրը՝ Ճէյմզ Մըռէյ (Մառ՝ հնչիւնական պատշաճեցումով), քաղաքի բուսաբանական այգիի հիմնադիրը եղած է։ Քաղաքի ռուսական կիմնազիան աւարտելէ ետք, 1884ին Մառ մտած է Ս. Փեթերպուրկի համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժանմունքը։ Աւարտելով 1888ին, մագիստրոսական քննութիւնները անցուցած է 1891ին, որմէ ետք հայագիտութեան դասախօս նշանակուած է, 1902ին հայ ու վրացական գրականութեան փրոֆեսոր դառնալով։

Կովկասագէտը իր գործունէութեան առաջին շրջանը նուիրած է հայ ու վրացական ուսումնասիրութիւններու։ Յայտնաբերած է վրացերէն, հայերէն եւ արաբերէն ձեռագիրներ տարբեր արշաւանքներու ընթացքին դէպի Աթոս լեռ (1898) եւ դէպի Սինա թերակղզի ու Երուսաղէմ (1902)։ Իր յայտնաբերած եւ այլ ձեռագիրները գիտական հրատարակութիւններու լոյս ընծայած է։ Մառ ռահվիրայական պեղումներ կատարած է Անիի (1892-1893, 1904-1917), Գառնիի (1909-1910) եւ Թոփրաքքալէի ուրարտական բերդին մէջ (1916)։ Անոր լեզուաբանական գործերուն մաս կազմած են գրաբարի (1903), լազերէնի (1910) եւ հին վրացերէնի (1925) քերականութիւններ, ինչպէս նաեւ աբխազերէն-ռուսերէն բառարան մը։ Մառ իր գործերուն մեծ մասը ռուսերէնով գրած է, իսկ մէկ մասն ալ՝ վրացերէնով կամ հայերէնով։

Կովկասագիտական աշխատութիւնները լայն գիտական ճանաչում պարգեւած են։ 1909ին ռուսական Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատմա-բանասիրական բաժանմունքի թղթակից անդամ ընտրուած է եւ Ակադեմիայի իսկական անդամ՝ 1912ին։ 1911-1917ին Ս. Փեթերպուրկի համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժանմունքի տեսուչ եղած է, 1915ին ստանալով Ռուսական Հնագիտական Ընկերութեան բարձրագոյն պարգեւը՝ «Ուվարով» մրցանակը։

1900ական թուականներու վերջերուն, Մառ սկսած է համեմտական լեզուաբանութեամբ զբաղիլ։ Մեծ ջանք թափած է «յաբեթական» լեզուներու եւ շարք մը հին լեզուներու (հայերէն, վրացերէն, սումերերէն, էտրուսկերէն, պասկերէն, եւ այլն) կապերը բացայայտելու՝ հասարակաց ծագում բանաձեւելով։ Այս վարկածները կը պահանջէին լայնատարած գաղթերու հիմնաւորումը։ Չունենալով նման փաստեր, Մառ որոշած է «յաբեթական» լեզուներու նմանութիւնները մեկնաբանել տարբեր ձեւով. այսպէս՝ պնդած է, որ «յաբեթական» եւ հնդեւրոպական լեզուները տարբեր ծագում ունեցող լեզուական ընտանիքներու կապուած չէին, այլ կը ներկայացնէին լեզուական ծագման գործընթացի մը իրերայաջորդ փուլերը։ Քայլ մը առաջ անցնելով, յայտարարած է, որ աշխարհի բոլոր լեզուները ծնունդ առած են միակ նախալեզուէ մը, որ բաղկացած էր չորս բացագանչութիւններէ ( sal, ber, yon, rosh )։ Անոնք մարդկային խօսքի առաջին արարքն էին եւ անոնց համակցութիւնները վկայուած մարդկային լեզուներու բոլոր բառերը ստեղծած էին։

Այսօր վարկաբեկուած այս վարկածին պաշտօնական անունն էր «նոր լեզուաբանական ուսմունք»։ Մառ յաջողութեամբ ներկայացուցած է իր ուսմունքը իբրեւ «քաղքենի» համեմատական լեզուաբանութեան միակ մարքսեան այլընտրանքը։ Այսպէս, իր առաջարկած լեզուական զարգացման փուլերը ուղղակի կապած է Մարքսի ու Էնկելսի նկարագրած ընկերա-տնտեսական կազմաւորումներուն։

Մարքսեան դարձուածաբանութեան օգտագործումը օգնած է Մառի անձնական ասպարէզի զարգացման։ 1920ական թուականներուն զանազան գիտական հաստատութիւններու վարիչ եղած է։ Յունուար 1934ին Լենինի անուան շքանշանը ստացած է ու մահացած՝ նոյն տարուան Դեկտեմբեր 20ին, Լենինկրատի մէջ (այժմ՝ Ս. Փեթերպուրկ)։

Մառի կեղծ-գիտական տեսութիւնը շարունակած է խորհրդային ուղղափառութեան մաս կազմել մինչեւ 1940ական թուականներու վերջերը։ Անոր ուսմունքը հակամարքսեան հռչակուած է Ստալինի կողմէ ստորագրուած (եւ թերեւս գրուած) յօդուածի մը մէջ, որ լոյս տեսած է խորհրդային կեդրոնական պաշտօնաթերթին՝ «Փրաւտա»յի մէջ։ Այնուհետեւ, աւանդական պատմական լեզուաբանութիւնը վերականգնուած է։ Այսօր, Մառի ուշ շրջանի գրութիւնները գլխաւորաբար Խորհրդային Միութեան մասնագէտներ եւ լեզուաբանութեան պատմաբաններ կը հետաքրքրեն։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ    (   www.armenianprelacy.org   ). 

ՁԱԽՆ ԱԼ ԼԱՒ Է
Աշխարհի բնակչութեան 90 առ հարիւրը աջլիկ է, իսկ Միացեալ Նահանգներու ձախլիկ մարդոց թիւը աւելի քան 11 առ հարիւր էր 1972ին (1932ին՝ 2,1 առ հարիւր)։ Այսօր, կարգ մը երկիրներու մէջ, ձախլիկ մարդիկ տակաւին կը պարտադրուին աջ ձեռքով գրել։

Այս նշումներով թերեւս կրնանք հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս անգլերէն dexterity բառը (որ կու գայ dexter «աջլիկ» բառէն) կը նշանակէ «գործ կատարելու հմտութիւն», իսկ sinister (որ թերեւս կը բխի լատիներէն sinister «ձախ» բառէն) կը նշանակէ «չարամիտ կամ ոճրային»։ Մէկ խօսքով՝ հին ժամանակներէ տիրող մտայնութիւնն է, որ «աջը լաւ է, իսկ ձախը՝ վատ»։ Այն փաստը, որ կը խաչակնքուինք աջ ձեռքով, անկախաբար թէ ո՞ր ձեռքը գլխաւորաբար կը գործածենք, թելադրական է։ Յիսուս նստեցաւ Աստուծոյ աջ կողմը, իսկ արդարներն ալ պիտի նստին Անոր աջ կողմը ( աջակողմեան դաս ), նոյնիսկ եթէ Աստուծոյ ձախ կողմը դատումի կողմը ըլլայ։

Նման մտայնութիւն նաեւ ցոլացած է հայերէնի մէջ։ Այսպէս, պէտք է յիշել, որ օժանդակ կամ զօրակից մարդը կը կոչուի աջակից եւ ոչ թէ «ձախակից», իսկ գործերը լաւ արդիւնքով պսակող մարդը յաջող կ՚ըլլայ, որ աջ բառէն կու գայ ( յ- ն գրաբարեան ի նախդիրին հնչիւնափոխումն է՝ ա ձայնաւորին առջեւ)։ Երբ որ բարձրակարգ եկեղեցականի մը ձեռքը կը համբուրէ, միշտ աջը պիտի համբուրէք, ինչ որ կը կոչուի աջահամբոյր ։

Անշուշտ, յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան գաղափարները ձեռք-ձեռքի տուած կ՚ընթանան, ուստի, երբ առ նախածանցը կը համադրէք աջ բառին հետ, կը ստանաք առաջ բառը (այսինքն՝ «դէպի աջ»)։ Իր կարգին, առաջ էն ծագած են առաջին (այսինքն՝ «դէպի աջ ըլլալ») եւ առաջնորդ բառերը։

Ի՞նչ կը պատահի ձախին։ Ձախ բառէն կը բխին սխալի հետ կապուած զանազան բառեր՝ ձախորդութիւն, ձախողութիւն, ձախողիլ, եւ այլն։ Սակայն, եթէ նկատի ունենանք, որ Միացեալ Նահանգներու 20րդ դարու եւ 21րդ դարու սկզբնաւորութեան ձախլիկ նախագահներու ցանկը կը կազմեն Հերպըրթ Հուվըր, Հարրի Թրումըն, Ճերըլտ Ֆորտ, Ռոնըլտ Ռեկըն, Ճորճ Հ. Ու. Պուշ, Պիլ Քլինթըն եւ Պարաք Օպամա, որուն կրնանք աւելցնել ուրիշ նշանաւոր ձախլիկներ՝ հին թէ նոր, ինչպէս Պիլ Կէյթս, Օփրա Ուինֆրի, Նափոլէոն Պոնափարթ, Լէոնարտօ տա Վինչի եւ Մարի Քիւրի, ուրեմն դժուար թէ կարենաք ըսել, թէ ձախը անպայման վատ է։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ   ( www.armenianprelacy.org  ). 

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
1988ի երկրաշարժի առաջին տարելիցը ոգեկոչելու համար, Ազգային Առաջնորդարանը հովանաւորեց Հայկական Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի շրջապտոյտ մը երեք քաղաքներու մէջ։ Խմբավար Լորիս Ճգնաւորեան ղեկավարեց նուագախումբը Պոստընի «Սիմֆոնի» սրահին, Ուաշինկթընի «Քենետի» կեդրոնին եւ Նիւ Եորքի «Գառնըկի» սրահին մէջ։ Այս լուսանկարը 7 Դեկտեմբեր 1989ի՝ «Գառնըկի» սրահի համերգէն է, որուն տոմսակները սպառած էին նախօրօք։ Երեք համերգները արժանացան ամերիկեան մամուլի լայն արձագանգին։ 
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՈՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք  crossroads@armenianprelacy.org   հասցէին պէտք է յղուին։

 “Crossroads”ին թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
22 Դեկտեմբեր —Ծննդեան երգահանդէս, ժամը 2։00ին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Ելոյթ կ՚ունենան՝ Անահիտ Զաքարեան (երգ), Հայկ Արսէնեան (դաշնակ) եւ Անահիտ Ինճիկիւլեան (երգ)։

29 Դեկտեմբեր— Նորատիպ "Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church" գիրքի ներկայացում Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի կողմէ, յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ռիճֆիլտ (Նիւ Ճըրզի)։

31 Դեկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։

11 Յունուար, 2020 — «Սիամանթօ Լսարան»ի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։

 15 Մարտ, 2020 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 

 28 Մարտ, 2020 —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

 13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 

31 Մայիս, 2020 —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։ Մանրամասնութիւնները յետագային։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/