27 Օգոստոս, 2020
Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
ԱՐԴԷՆ ԻՍԿ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 200.000 ՏՈԼԱՐ ՀԱՆԳԱՆԱԿԱԾ ԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Նիւ Եորք նահանգի Քուինզ քաղաքին մէջ գլխաւոր մայրուղի մը կայ Cross Island Parkway անունով։ Անոնք որ ծանօթ են շրջանին, գիտեն որ որոշ բաժին մը մայրուղիին զուգահեռ յատուկ ճամբայ մը կայ՝ բոլոր անոնց համար որ կ՚ուզեն քալել, վազել, հեծանիւ քշել կամ մարզական նորարար գործիքներով ման գալ։ Ամէն երեկոյ գրասենեակի աշխատանքէս ետք, անշուշտ երբ ժամանակացոյցս ներէ, մեծ հաճոյքով հեծանիւ կը քշեմ 12 մղոն, որ շուրջ 20 քիլոմեթր կ՚ընէ, առողջութեան կողքին վայելելով կապոյտ երկինքն ու ովկիանոսի հոյակապ տեսարանը։ Անցեալ Կիրակի ուշադրութիւնս գրաւեց գետնին վրայ արձանագրութիւն մը՝ «ՍէՐ ԵՂԻՐ»։ Անկասկած որ առաջին անգամ չէր որ կը կարդայի այս բառը, որ մեր գոյութեան համար՝ շնչառութեան եւ սնունդի կենսական տարրերու կողքին, նոյնքան հրամայական է։

Այնուհանդերձ, այս խօսքը զիս մղեց նոր պրիսմակով հասկնալու անոր խորիմաստ պատգամը։ Մեր ծնունդէն ի վեր ամէնքս ալ կ՚ուզենք սիրուիլ, հասկցուիլ, ազնիւ վերաբերմունք եւ ներողամտութիւն վայելել։ Եկէ՛ք սակայն հարց տանք մենք մեզի. որքա՞ն մե՛նք կը սիրենք ու կը հասկնանք ուրիշները, ազնուութեամբ եւ ներողամտութեամբ կը վարուինք ուրիշներու հետ եւ փոփոխութիւն կը բերենք իրենց կեանքին մէջ։ Շատ զարմանալի կերպով, չեմ գիտեր թէ ովկիանոսէն եկած զեփիւռ մը կամ կապոյտ երկինքէն մրմունջ մը յիշեցուց ինծի մեր Տիրոջ խօսքերը- «Կատարեալ եղէք ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը է» (Մտ 547), նաեւ՝ «Գթած եղէք ինչպէս ձեր Հայրը է (Ղկ 636)։ Արդարեւ, Տէրունական այս խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն, որ որպէս Աստուծոյ պատկերը կրող արարածներ, ստեղծագործ մեր Հայրը մեր մէջ ցանած է անհուն կերպով մենք մեզ գերազանցելու սերմերը եւ դառնալու աղբիւր բարիքներու։ Այո՛, կը հաւատամ որ երբ մենք ՍԷՐ ԸԼԼԱՆՔ, ազնուութիւն, հասկացողութիւն, ներողամտութիւն ցուցաբերենք, այդ առաքինութիւնները որքան որ ուրիշներու համար բարերար ազդեցութիւն կ՚ունենան, նոյնքան եւ աւելի կը փոխակերպեն մեզ եւ կ՚ողողեն ներքին երջանկութեամբ մը, որ այնքան վսեմ արժէքներ կրնանք իրագործել եւ իսկապէս հասկնալ մեր գոյութեան նպատակը։

Այս առթիւ կ՚ուզեմ ամենայն խոնարհութեամբ յայտնել երախտագիտութիւնս Ամենակալ Աստուծոյ, որ մեր հովիւներու թանկագին գործակցութեամբ եւ մեր առատաձեռն նուիրատուներու օժանդակութեամբ արդէն իսկ $202.023 տոլար հանգանակած ենք լիբանանահայ կարօտեալ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։ Երրորդ անգամ ըլլալով ղրկեցինք 50.000ի գումար մը, նկատի ունենալով որ միանուագ չենք կրնար այդ գումարէն աւելի փոխանցել։ Առ ի յիշեցում, սոյն նուէրները կը բաշխուին Լիբանանի մէջ ահաւոր աղէտին հետեւանքով նորահաստատ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնին կողմէ, որ բաղկացած է բոլոր յարանուանութիւններէն, կուսակցութիւններէն եւ բարեսիրական հաստատութիւներէն։

Բարեգութն Աստուած, օրհնէ մեզ եւ առաջնորդէ որպէսզի մեր եղբայր ու քոյրերուն արցունքները վերածենք ուխտի վերադառնալու համար բնականոն կեանքի։
 
Աղօթարար՝

ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ

Սեղմեցէք այստեղ՝ նուիրատուութիւններու երրորդ ցանկը կարդալու, եւ այստեղ՝ ամբողջական ցանկը կարդալու համար։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՇՈՒՏՈՎ ՍԿՍԻԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ»  
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու միացեալ նիստ տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ:
 
Նիստին սկիզբը, Վեհափառ Հայրապետը ամփոփ գծերով ներկայացուց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք իր կողմէ կատարուած աշխատանքները.- այցելութիւններ հայկական թաղեր ու եկեղեցիներ, հանգանակութեան կոչ, գնահատանքի ու շնորհակալութեան նամակներ՝ իր կոչին ընդառաջած ազգայիններուն ու ազգային մարմիններուն, եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ու ազգային իշխանութեան կողմէ կատարուելիք աշխատանքներուն հետապնդում: Ապա, Շահէ Արքեպիսկոպոս մանրամասն զեկոյց մը տուաւ՝ Լիբանանահայութեան Վերականգումի Մարմինի կազմութեան, ենթայանձնախումբերու գործունէութեան, կատարուած վնասներու արժեւորման եւ այլ յարակից հարցերու շուրջ: Զեկոյցին յաջորդեց քննարկում մը։

Ամփոփելով կատարուած քննարկումները, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ազգային իշխանութեան գնահատելի աշխատանքը, որ վստահաբար նոյն ոգիով ու նուիրումով պիտի շարունակուի։ Լիբանանահայութեան օժանդակելու պատրաստակամութիւն կայ Հայաստանի, Արցախի, թեմերու ու համայնքներու մէջ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու ու անհատներու կողմէ։
 
Լիբանանահայութիւնը իր ամբողջութեան մէջ ներկայացնող Վերականգնումի Մարմինը արդէն գործի լծուած է։ Հետեւաբար, բոլոր աշխատանքները պէտք է կատարուին յիշեալ յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կամ անոր հովանաւորութեամբ կամ համակարգումով: Այլ խօսքով, կազմակերպութիւններու կամ անհատներու կողմէ օժանդակութիւնը պէտք է ներդաշնակուի յանձնախումբին հետ, որպէսզի վերականգնումի գործընթացքը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու հեզասահ։

Կաթողիկոսարանը լիբանանահայութեան վերականգնումի օժանդակութեան յատուկ հաշիւ մը բացած է Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ: Անոր հասնող գումարները ուղղակի եւ անմիջական կերպով պիտի փոխանցուին Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ Լիբանանի չորս դրամատուներու մէջ բացուած յատուկ հաշիւներուն։ Լիբանանահայութեան վերականգնումի ի նպաստ կատարուող դրամահաւաքը պէտք է ուղղուած ըլլայ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին։

Ցարդ շուրջ 600.000 ամերիկեան տոլարի եկամուտ եղած է լիբանանահայութեան վերականգնումին համար: Յիշեալ գումարները արդէն իսկ Ժընեւէն փոխանցուած են Ազգ. Առաջնորդարանի դրամատնային հաշիւներուն։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է շուտով սկսիլ վերաշինութեան աշխատանքներուն, յստակ առաջնահերթութիւն տալով մեր ընտանիքներուն վնասուած տուներուն, ապա միայն եկեղեցիներուն, կրթական օճախներուն եւ համայնքային կեդրոններուն։
 
Լիբանանի տնտեսական պայմաններուն հետեւանքով, անցնող շաբաթներուն թէ՛ Կաթողիկոսարանը, թէ՛ Ազգ. Առաջնորդարանը եւ թէ՛ կազմակերպութիւնները գնահատելի աշխատանք տարած են լիբանանահայութեան կենցաղային կարիքներուն օգտակար ըլլալու։ Տէր եւ Տիկ. Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին կողմէ մէկ միլիոն տոլարի համարժէք կատարուած օժանդակութեան ծրագիրը՝ 3000 ընտանիքներու, արդէն իսկ սկսած է՝ բարերարներու անմիջական հսկողութեամբ եւ յատուկ մարմնի ճամբով։

Ամփոփելով իր խօսքը, Հայրապետը ըսաւ. «Ըսած ենք ու կը կրկնենք, լիբանանահայութեան վերականգնումը համահայկական առաջնահերթ յանձնառութիւն է ու պէտք է զայն իրագործել միասնաբար: Իւրաքանչիւր հայ, գաղութ, թեմ ու կազմակերպութիւն այս գծով ընելիք ունի՝ մասնակից դառնալով այս անյետաձգելի աշխատանքին»։

ԱՂՕԹՔ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ
Երեքշաբթի, 25 Օգոստոսին, «Լիբանանի Տիրամօր» Մարոնի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Պրուքլին, Նիւ Եորք) տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք մը, նուիրուած՝ Լիբանանին ու Օգոստոս 4ի աղէտալի պայթումի զոհերուն ու վերապրողներուն։ Արարողութեան մասնակցեցաւ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ նախագահն է CAMECTի՝ արաբ քրիստոնեայ եւ միջին արեւելեան եկեղեցիներու համախմբումին։ Սրբազան Հօր ընկերակցեցան Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, եւ Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի խօսքը տեսնել մեր անգլերէն բաժնին մէջ։
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՏԱՒՈՒՇԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Ձախէն աջ՝ Արմէն Մորեան (Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ատենապետ), Ալբերտ Գէորգեան, Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Տ. Վահան քհն. Գույումճեան, օր. Նայիրի Ամիրեան (խորհրդական) եւ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան (փոխատենապետ)։
Կիրակի, 23 Օգոստոսին, Արեւելեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ անցեալ Յուլիս ամսուն հայրենի քաջարի զինուորներու՝ Գարուշ Համբարձումեանի, Սօս Էլբակեանի, Սմբատ Գաբրիէլանի, Գրիշա Մաթեւոսեանի, Արթուր Մուրադեանի եւ Աշոտ Միքայէլեանի հոգիներուն համար, որոնք իրենց արեան հեղումով՝ հերոսաբար դիմադրեցին մեր հայրենիքի դէմ շղթայազերծուած անակնկալ յարձակումը։

Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, ընդ նախագահութեամբ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Օրուան պատարագիչն էր հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան: Պատարագին ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի ներկայացուցչութեան խորհրդական՝ պրն. Ալբերտ Գէորգեան:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով նորագոյն նահատակներու արեամբ ձեռք ձգուած Յուլիսեան յաղթանակին, ըսաւ.

«Արդի արհեստագիտութեան անհամեմատելիօրէն գերազանց զինամթերքով յղփացած թշնամին անգամ մը եւս նահանջ արձանագրեց շնորհիւ հայրենիքի սիրով բոցավառ ու ռազմական հանճարով օժտուած Հայ բանակին, որ նոր նուաճում մը աւելցուց 1918ով սկսող եւ 1994ով ու 2016ով շարունակուող մերօրեայ յաղթանակներու շարքին։

Փա՜ռք Աստուծոյ, որ իր սուրբ Աջով կը նախախնամէ մեր ժողովուրդը: Պատի՛ւ Հայ զինուորին, որ անվեհեր կուրծք կուտայ տմարդի թշնամիին յարձակումներուն:

Աննահանջ ոգի նահատակներու բոլոր զինակիցներուն:

Հանգի՛ստ նահատակներու հոգիներուն, որոնք միախառնուեցան Հայ Ժողովուրդի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան զոհասեղանին վրայ իրենց կեանքը նուիրած անհամար արի արանց փաղանգին:

Մխիթարութի՜ւն բոլոր պարագաներուն որ նման հերոսներու հետ կիսած են իրենց կեանքը:

Յարգա՛նք մեր բոլոր այն մայրերուն որոնք ծնունդ կուտան նման մահկանացու անմահներու:
Հայ երգի բառերը փոխ առնելով կ՛ըսենք. «մենք ձեզ երբեք չենք մոռանար ու միշտ կը յիշենք», աւելին՝ «մեր վէրքերով, մեր երգերով, դարուց դարեր քալենք պիտի»: Այո՛, պիտի քալենք յաղթական, քաջ գիտնալով որ ոգեղէն ներկայութեամբ մեր հետ կը քալեն մեր հերոսները, որպէսզի հազարամեակներու աստուածապարգեւ մեր Հայաստան երկիր դրախտավայրը մնայ միշտ մարդկութեան յոյսի ու լոյսի օրրանը»:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը պրն. Գէորգեանէն խնդրեց որ փոխանցէ հայրենի իշխանութեան, հայ բանակին եւ նահատակներու ընտանիքներուն՝ թեմիս բարեպաշտ ժողովուրդին սրտազգաց աղօթքներն ու մաղթանքները, խորին հիացումը եւ անսակարկ զօրակցութիւնը:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՏԱԿԼԸՍԹԸՆ)
Կիրակի, 30 Օգոստոսին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին եւ քարոզէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պատարագը պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։

 ՄԱՅՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Է
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Կիրակի, Օգոստոս 23ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։
 
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին իննօրեայ տօնախմբումով կը փառաբանէ Աստուծոյ կամքին բոլորանուէր հնազանդութեան տիպար հանդիսացող Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի երկինք վերափոխումը, որ Առաքեալներու կողմէ նախ բերանացի, եւ ապա Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ գրաւոր փոխանցուեցաւ գալիք սերունդներու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ հարստացման համար:

Արդարեւ, ինչպէս որ Աստուծաշունչ մատեանը իր ամբողջութեան մէջ նախքան գրաւոր ըլլալը բերանացի ճշմարտութիւն էր, նմանապէս առ Աստուած մեր հաւատքր զօրացնող աւանդութիւնները, թէկուզ Աստուածաշունչի մէջ տեղ գտած չըլլան, այնու ամենայնիւ ոչինչ կը կորսնցնեն իրենց առաքելաշունչ վաւերականութենէն, որովհետեւ Առաքեալներու առաջնահերթ նախանձախնդրութիւնը տարածել էր Մարդացեալ, խաչեալ ու յարուցեալ Փրկչին աւետիսը, որ միայն յետագային գրաւոր դարձաւ՝ Աւետարան կամ Առաքելական նամակ անունով ծանօթ։ Նմանապէս Առաքեալներու կողմէ պատմուած Վերափոխման եւ այլ աւանդութիւններու արձանագրութիւնը առանձնաշնորհուեցաւ Եկեղեցւոյ հայրերուն, որոնք Աստուածաշունչը որպէս հաւատքի գերագոյն հեղինակութիւն որդեգրելով եւ զայն կանոնականացնելով հանդերձ, աստուածաշնչական հաւատքը հարստացնող Առաքեալներու ժամանակակից դէպքերն ու աւանդութիւնները մեզի աւանդ թողուցին:

Այս հասկացողութեամբ, Եկեղեցին ինը օրեր շարականագրին բառերով կը տօնախմբէ «երկրէն երկինք ընծայուած հարսին»՝ Աստուածամօր Վերափոխումը: Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումը Աւետարան ըստ Ղուկասու Ա. գլուխ 39-59 համարներն էին, Գաբրիէլ Հրեշտակապետի Աւետման յաջորդող անմիջական անցուդարձի մասին: Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ Մարիամ Աւետումէն ետք կ՚աճապարէ լեռնակողմ քաղաք երթալ անզուգական այս աւետիսը բաժնելու համար իր ազգականուհի՝ Եղիսաբէթին հետ, որ իր կարգին վեց ամիսէ ի վեր յղի էր իր զաւկին՝ Յովհաննէս Մկրտիչով: Եղիսաբէթին տրուած այս այցելութիւնը ենթադրել կու տայ որ անոր մայրը՝ Աննա, արդէն իսկ մահացած էր:

Այս առթիւ հետեւեալ երեք մտածումները կ՚ուզեմ բաժնել ձեր հետ:

ա. Այնքան պարզ թուացող այս պատումը կ՚ընդգրկէ համամարդկային հոգեբանական եւ ընկերային գեղեցիկ երեւոյթ մը, այն որ մարդ արարածը կր սիրէ, կը փնտռէ առօրեայի իր պարզ կամ փոթորկալից, յաջող կամ ձախող փորձառութիւնը, ապրումները բաժնել վստահելի անձի մը հետ, որ կրնայ նոյնանալ իր հետ՝ ուրախ, բայց մանաւանդ տագնապալի պահերու: Վստահելի այս տիպարը մենք կը տեսնենք աստուածավախ Եղիսաբէթի մէջ, որ Ս. Հոգիէն առաջնորդուած, հազիւ կը լսէ իր տան սեմին կանգնած Մարիամի ողջոյնը, մանուկ Յովհաննէսը կը խաղայ իր որովայնին մէջ, ուրախութեամբ կը դիմաւորէ զինք, բացագանչելով. «Կիներու մէջ օրհնեալ ես դուն եւ օրհնեալ է զաւակը որ կը կրես»: Արդարեւ, որքան որ օրհնեալ է Մարիամ, նոյնքան օրհնեալ է Եղիսաբէթ, որ զօրավիգ կանգնեցաւ պարմանուհի Մարիամին ճակատագրական պահուն, քաջալերելով զինք՝ որ Ամենակալին խոստումին հաւատայ եւ Անոր կամքին հնազանդի:

բ. Իգական սեռի ներկայացուցիչ մատղաշ եւ փորձառու այս երկու մայրերու միջեւ սրտբաց խօսակցութիւնը որքան որ զուտ անձնական բնոյթ կը կրէ, ունի նաեւ կարեւոր այլ երես մը զոր կարելի չէ բաց թողել, այն է՝ Նախախնամութեան տնօրինումը, հոգածութիւնը: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ կամ բացատրել այն իրողութիւնը որ իրարմէ մղոններ հեռու ապրող երկու աստուածավախ կիներ երբ իրարու կը հանդիպին, մին կը բացայայտէ միւսին ունեցած խորհրդաւոր եւ այնքան անձնական փորձառութիւնը: Զուգադիպութի՞ւն, վեցերորդ զգայարա՞նք, կա՞մ բնազդ: Աստուածաշունչին ծանօթ անձ մը առանց թափառելու թէականութեան լաբիւրինթոսին մէջ, յստակ կերպով կը տեսնէ Նախախնամութեան ներկայութիւնը:

գ. Ուշագրաւ է Աւետարանիչին մանրազնին այն արձանագրութիւնը, թէ Մարիամի ողջոյն տալու պահուն, Եղիսաբէթ որովայնին մէջ զգաց իր մանկան խաղալը: Ղուկասի նման ասպարէզով բժիշկ մը միայն կրնար լուսարձակի տակ բերել նման գողտրիկ մանրամասնութիւն մը, որուն մասին կարելի է ընդարձակօրէն խօսիլ: Այստեղ միայն կ՛արժէ ըսել, թէ նախախնամութեան տնօրինումով իգական սեռի այս փորձառութիւնը առանձնաշնորհում մըն է, որով կը սկսի մօր ու մանկան նուիրական կապը, որ ի վերջոյ կ՚առաջնորդէ երկունքով ձեռք բերուած ծնողական անզուգական սիրոյն: 

Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումը մեզի կը յուշէ երեք կէտեր.

ա. Պէտք է գիտնանք թէ որու հետ կը բաժնենք մեր անձնական հարցերը։ Մեծ բախտաւորութիւն է աստուածավախ եւ աստուածակեդրոն հարազատ մը, բարեկամ մը կամ այլ անձ մը ունենալ որ որպէս սրտակից Աստուծոյ իմաստութիւնն ու խաղաղութիւնը կը բերէ մեր կեանքին մէջ։

բ. Եօթնօրեայ ստեղծագործութեան պատմութիւնը կը շարունակուի շնորհիւ այր եւ կնոջ միաւորութեամբ, բայց մանաւանդ մայրական յղացման, ծննդաբերութեան, սնանեցման անպատմելի խորհուրդով ու սիրով։ Այս սէրը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ արարչագործ Աստուծոյ տիեզերական սիրոյն մանրանկարը: Այո՛, եթէ կ՚ուզենք պեղել ու հասկնալ աստուածային սիրոյ էութիւնը, հերիք է հետեւիլ մօր ու մանկան ամէնօրեայ յարաբերութեան եւ այդտեղ պիտի բիւրեղանայ սիրոյ ու զոհողութեան, հասկացողութեան ու ներողամտութեան, համբերութեան եւ նման անհատնում առաքինութեանց բնական ընթացքը, որ կը ցոլացնէ Աստուծոյ մարդկութեան հանդէպ ցուցաբերած սէրը: Ահա թէ ինչու մայրութիւնը նուիրակա՛ն եւ սո՛ւրբ առաքելութիւն է՝ տնօրինուած Աստուծոյ կողմէ, որով մայր մը կը դառնայ Արարիչին գործակից, միաժամանակ՝ ծնող ու իր զաւկին խնամատար, նաեւ մտաւոր ու հոգեւոր առաջին դաստիարակ: Աւելին, ինչպէս Արարիչին սէրը պայմանական չէ իր արարածներուն փոխադարձ վերաբերումէն, նմանապէս ծնողական բայց մանաւանդ մայրական սէրը՝ անկախ իր զաւակներուն դրական կամ ժխտական վերաբերումէն, ցկեանս կը բաշխուի իր զաւկին կամ զաւակներուն վրան։

գ. Աւելորդ պիտի չըլլայ ըսել, թէ ինչպէս որ գիտութիւնը հիմնուած է դէպքերու փորձառական ճշմարտութեան վրայ, աստուածագիտութիւնը եւս մեզ կ՚առաջնորդէ նո՛յն ճանապարհով: Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուած դիմաւորեց Մարիամը: Ս Գրքին մէջ արձանագրուած բազմաթիւ նման դէպքերու կը հանդիպինք, ինչպիսիք են Գործք Առաքելոցի մէջ Ս. Հոգիէն առաջնորդուելով Անանիայի եկեղեցւոյ հալածիչ Սօղոսը ընդունիլն ու բուժելը, Պետրոս Առաքեալի հարիւրապետ Կուռնելիոսի տունը երթալն ու զայն հանդերձ ընտանեօք մկրտելը եւ այլ պարագաներ, զորս որեւէ ողջմիտ անձ մը կարդալէ ետք պիտի եզրակացնէ որ այս բոլորը ո՛չ թէ պատահականութիւն է, այլ Աստուած կը նախախնամէ տիեզերքը, եւ առ հասարակ անիմանալի, բայց երբեմն տեսանելի կերպով կը միջամտէ պատմութեան մէջ։ Անոր ճամբաները ամբողջութեամբ կրնան մեզի ըմբռնելի չըլլալ, սակայն ինչ որ կը տնօրինէ՝ միշտ մարդոց բարիքին եւ երջանկութեան համար է: Աստուաածամօր եւ բոլոր սուրբերուն նման մե՛նք եւս վստահինք Աստուծոյ եւ վայելենք ներկայի եւ յաւիտենականի բարիքները, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։  

ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 30
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԳՕՏԻԻ ԳԻՒՏԻՆ ՏՕՆԸ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 9:8-19
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 4:35-41
Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք:

Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր: Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային: Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը: Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար: Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին.
Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք:
Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.
Դադրէ՛,- եւ լիճին ըսաւ.- Հանդարտէ՛:
Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց: Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք:
 
Բ. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-12
Ես՝ Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը, կը գրենք ձեզի՝ Կորընթոսի մէջ հաստատուած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ ամբողջ Աքայիայի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուդ: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:
 
Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ հայրաբար կը գթայ եւ որպէս Աստուած կը մխիթարէ ու կը զօրացնէ մեզ՝ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի մենք կարենանք Աստուծմէ մեր վայելած օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը տալ անոնց՝ որոնք ամէն տեսակի նեղու­թեանց մէջ են: Որովհետեւ, որքան շատ բաժնեկից կ’ըլլանք Քրիստոսի չար­չարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի: Մենք նեղութեանց կ’ենթարկուինք՝ ձեզի օգնելու եւ Աստուծոյ փրկու­թիւնը ձեզի բերելու համար. եւ եթէ Աստուած կ’օգնէ մեզի՝ կրկին ձեզի օգնե­լու համար է, որպէսզի մեր օրինակով սորվիք, թէ Աստուած ձեզ ալ պիտի զօրացնէ՝ որ համբերութեամբ կարենաք տանիլ այն չարչարանքները, որ մենք հիմա կը կրենք: Ուստի ձեր վրայ հաստատուն յոյս ունինք, գիտնալով որ՝ քանի մեր չարչարանքներուն մասնակից էք, մեր ունեցած մխիթարութեան ալ մասնակից պիտի ըլլաք:
 
Եղբայրնե՛ր, կ’ուզեմ որ գիտնաք՝ թէ ի՜նչ նեղութիւն կրեցինք Ասիա նահանգին մէջ: Մեր կարողութենէն ա՛յնքան վեր էր բեռը, որ գրեթէ ապրելու յոյսը կորսնցուցինք: Զգացինք որ մահուան վճիռը կախուած է մեր վրայ: Բայց ատիկա եղաւ, որպէսզի սորվինք մենք մեզի չապաւինիլ, այլ՝ Աստուծոյ, որ կը յարուցանէ մեռելները: Ա՛ն էր որ այդպիսի ահաւոր մահուընէ մը փրկեց մեզ, կը փրկէ, եւ վստահ ենք որ յառաջիկային եւս պիտի փրկէ՝ մեզի համար ձեր կատարած աղօթքներուն օգնութեամբ: Եւ ձեր աղօթքները, որոնց շնորհիւ Աստուած իր հովանին անպակաս պիտի ընէ մեր վրայէն, պատճառ պիտի ըլլան որ շատեր մեզի համար գոհութիւն տան Աստուծոյ:
 
Պարծանքով կրնամ ըսել, եւ խիղճս ալ կը վկայէ, որ բոլորին հանդէպ ու մանաւանդ ձեզի հանդէպ եղած եմ պարզ ու անկեղծ, ինչպէս Աստուած կը կամենայ. ո՛չ թէ մարդկային իմաստութենէ մղուած, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքովը:
ԵՐԵՄԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷ
Ըստ մեր տօնացոյցին, այսօր Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Երեմիայի տօնը։ Երեմիա՝ Աստուածաշունչի մեծագոյն մարգարէներէն մէկը, իր կոչումը ստացած է հրեայ ժողովուրդի հոգեւոր վերանորոգման մէկ շրջանին։ Սակայն, Յուսիա թագաւորի մահը եւ անոր յաջորդներուն տկար քաղաքականութիւնը պատճառ դարձան Երուսաղէմի գրաւումին եւ հրեայ ազգի աքսորին։ Այս պատմութիւնը նկարագրուած է «Մարգարէութիւն Երեմիայի» եւ «Ողբք Երեմիայի» գիրքերուն մէջ։ Երեմիայի խօսքերը, թէեւ ցաւով լեցուն (Երեմիա ծանօթ է «ողբացող մարգարէ» անունով), աստուածահաճոյ եւ յուսատու են, դառնալով ժամանակը զանցող դաս մը բոլորիս համար։  
ՏՕՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ԳՕՏԻԻ ԳԻՒՏԻՆ
Աստուածամօր պատկանող իրերու գիւտին առթած ուրախութիւնը դժուար կարելի է երեւակայել։ Այս Կիրակի, 30 Օգոստոս, Վերափոխման յաջորդող երրորդ Կիրակին, Ս. Աստուածածնի գօտիի գիւտի տօնն է։ Աստուածամայրը երկինք փոխադրուած ըլլալով, երկրային մարմինէն նշխարներ գոյութիւն չունէին, հետեւաբար՝ անոր անձնական իրերը յարգանքի առարկայ դարձան եւ վաղ Եկեղեցւոյ շրջանին, երբ քրիստոնեաները հալածանքի ենթարկուած էին, թաքուն ու գաղտնի պահպանուեցան։ Անոր գօտին առաջին առարկան եղաւ, որ յայտնաբերուեցաւ Երուսաղէմի մէջ՝ 5րդ դարուն։ Այս գիւտը Ս. Աստուածածնին նուիրուած ութը տօներէն մէկն է մեր տօնացոյցին մէջ։
ԵԶԵԿԻԷԼ, ԵԶՐԱՍ ԵՒ ԶԱՔԱՐԻԱ ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐԸ
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Եզեկիէլ, Եզրաս եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի հայր՝ Զաքարիա սուրբ մարգարէներու տօնը։ Եզեկիէլ մարգարէացած է շուրջ 28 տարի։ Եզեկիէլի գիրքը, որ բաղկացած է 48 գլուխներէ, երրորդ տեղը կը գրաւէ մեծ մարգարէութիւններու շարքին։ Օժտուած է հարուստ պատկերներով, մարգարէական տեսիլքներով եւ այլաբանութիւններով։ Եզրաս գիտուն եւ բարեպաշտ քահանայ մըն էր Բաբելոնի մէջ։ Եզրասի գիրքը կը նկարագրէ դէպի Սիոն վերադարձը՝ բաբելոնեան գերեվարութենէն ետք։ Զաքարիա՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի հայրը, ամուսնացած էր Եղիսաբէթի հետ, իսկ Յովհաննէս ծնած է անոնց ծերութեան շրջանին։ Հրեշտակ մը Զաքարիային հաղորդած է Տիրոջ խոստումը՝ որդի մը ունենալու։ 

Այս շաբաթ կը յիշուին նաեւ հետեւեալ սուրբերը՝
Շաբաթ, 29 Օգոստոս՝ Սուրբ Առաքեալներ Թովմաս, Յակոբ եւ Շմաւոն։
Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս՝ Սուրբ Ստեփանոս Ուլնեցի եւ վկաներ՝ Գոհարինոս, Ռատիկոս, Ծամիդոս եւ Տուքիկոս։
Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ 
Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան, Պօղոս Առաքեալի առ Փիլեմոն ուղղուած թուղթին առցանց սերտողութիւն մը վարեց։ Երեք մասերով սերտողութիւնը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 10, 17 եւ 24ին, աւելի քան 40 հոգիի հետեւողութեամբ, որոնք փափաք յայտնեցին շուտով մասնակից դառնալու նոր սերտողութեան մը։ 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՅՆԵՐԷՆ
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ 2020-2021 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Ամառնային «Սիամանթօ» լսարանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 21 Օգոստոսին, կէսօրէ ետք, կրկին հեռավար (Zoom) ձեւով։

Մեր նուիրուած ուսուցչուհիներէն՝ տիկ. Սիլվա Պետեան (Շիքակօ), օր. Նարինէ Ապրիմեան (Ուոթըրթաուն, ՄԱ) եւ օր. Սօսի Էսաճանեան (Նիւ Ճըրզի), ինչպէդ յիշած ենք նախապէս, հեղինակներն են՝ Հայերէնը որպէս Երկրորդ Լեզու (ASL-Armenian as Second Language) ծրագրին, որ այլեւս հասանելի է Hye Teachers’ Hubի (hyeteachershub.org) եւ Ազգային Առաջնորդարանիս կայքէջին վրայ։ 

Առաջին խմբային հանդիպման, աշակերտները կրկին մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին օր Էսաճանեանի պատրաստած նիւթը, որ այս անգամ հայկական տարբեր գաղութներու ակնարկ մըն էր, կեդրոնանալով Չինաստանի հայ գաղութին վրայ։

Դասարաններու բաժանումի աւարտին, երբ կրկին ի մի հաւաքուեցան, այս անգամ տիկ. Պետեան յանձն առաւ լեզուի զարգացման խաղ մը ընել։

Կարելի է ըսել, թէ հայերէնին նուիրուած այս ամառնային հանդիպումները խիստ օգտաշատ եւ հետաքրքրաշարժ էին աշակերտներուն համար։ Անոնք ո՛չ միայն գոհ էին, այլ յառաջիկայ տարուան «Սիամանթօ» լսարան»ին կարծէք պատրաստ էին աշակերտելու։ Ուսուցիչներն ալ, իրենց կարգին, վարձատրուած զգացին աշակերտներու դրական մօտեցումէն։

2020-2021ի «Սիամանթօ» լսարանի նոր տարեշրջանը պիտի սկսի Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30ին։ Նոր տարեշրջանը պիտի ընդգրկէ մեր բոլոր նահանգներու աշակերտները։

Արձանագրութեան համար հետեւեցէք www.armenianprelacy.org/siamanto.html կապին։
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Զարուկեան» հիմնադրամը նիւթական յատկացումներ կատարեց՝ Ազգային Առաջնորդարանի Հայաստանի «Մեծն Ներսէս» բարեգործական գրասենեակի միջոցաւ, Յուլիս ամսուն նահատակուած վեց հայ զինուորներու ընտանիքներուն: Նիւթական օժանդակութեան հետ ընտանիքները նաեւ ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի մխիթարական եւ երախտագիտական պատգամները: 
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։ 
 
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը Տաւուշի մարզէն Ռոմանի մայրն է։ Ռոմանի, ցաւօք, տակաւին հովանաւոր չունի։
«Բարեւ, յարգելի հովանաւոր,

Ձեզ գրում է …….. Ռոմանի ծնողը։ Ռոմանի ընտանիքը բաղկացած է 4 հոգուց։ Ունի եղբայր 9 տարեկան, տատիկ 75 տարեկան, եւ մաման 42 տարեկան։ պարոն հովանաւոր, ես շատ շնորհակալ եմ Ձեզ, որ իմ երեխային թիկունք եղաք եւ օգնելու էք առաջ քայլել իր կեանքի քարքարոտ ու փշոտ ճանապարհով։ Ձեր օգնութիւնը, որն ամէն ամիս պիտի ստանայ Ռոմանը, նախ ոգեւորում, ապա որոշակի ֆինանսական խնդիրների լուծում է հանդիսանում տղայիս համար։

Ես որպէս Ռոմանի մայր անչափ շնորհակալ եմ Ձեզ, քանի որ հիմա նոյնիսկ 1 լուման մեծ դեր ունի ընտանիքիս համար, իսկ Ձեր հովանաւորութիւնը մեզ, Աստուած ուղարկեց մեր կեանքի ամենադժուարին պահին։ Թող Աստուած օրհնի եւ պահապան լինի Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքին։

Յարգանքներով՝
Լուսինէ»
ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ անչափահաս որբեր (մինչեւ 18 տարեկան) եւ չափահաս որբեր, որոնք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ։         
 
Մեր սպասման ցուցակին մէջ գտնուող որբ մը հովանաւորելու համար, Ազգ. Առաջնորդարանիս հետ կապուեցէք ելեկտրոնային նամակով՝ sophie@armenianprelacy.org հասցէին, կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել այստեղ։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12ԻՆ
Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական վիճակահանութեան թուականը Սեպտեմբեր 12 է։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլարի արժողութեամբ։
 
Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։ 
 
Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ Առաջնորդարանի գրասենեակ (email@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
ՆՈՐ ՀԱՏՈՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութիւնը (SAS) վերջերս լոյս ընծայած է պատմաբան Պետրոս Տէր Մաթոսեանի խմբագրած հատորը՝ “The First Republic of Armenia (1918-1920) on its Centenary: Politics, Gender, and Diplomacy”։ Այս հատորը Ընկերութեան հրատարակութիւններու մատենաշարին երկրորդն է եւ տասներորդը՝ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի (Ֆրէզնօ) հրատարակչատան հայկական մատենաշարին, որուն ընդհանուր խմբագիրը Պարլօ Տէր Մկրտիչեանն է։ Հատորին հրատարակութիւնը նիւթապէս հովանաւորած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը։ Հատորին նախաբանը գրած է Հայաստանի առաջին անկախութեան վաստակաւոր պատմաբան՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որուն գիրքը ձօնուած է իբրեւ գնահատանք՝ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ անոր 50ամեայ վաստակին։

Գիրքը, որ նկարազարդուած է հազուագիւտ լուսանկարներով, բազմակողմանի մօտեցումով կ՚ուսումնասիրէ առաջին անկախութեան պատմութիւնը, յատկապէս ծանրանալով քաղաքական հարցերու, դիւանագիտութեան եւ հանրային կեանքին կնոջ մասնակցութեան վրայ։ Կազմողն ու խմբագիրը՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, Նեպրասքայի համալսարանի (Լինքըն, Նեպրասքա) Միջին Արեւելքի պատմութեան դասախօս է եւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան նախագահը։ Հատորին մեկնակէտը եղած է 2018ին տեղի ունեցած գիտաժողով մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով, զոր կազմակերպած էին Ընկերութիւնը եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը։

Յօդուածագիրներուն մէկն է Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը, որ ուսումնասիրած է Հանրապետութեան ճանաչման գործընթացքը Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Միւս աշխատակիցներն են՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Հուրի Պէրպէրեան, Արի Շէքէրեան, Սեդա Օհանեան, Ռուբինա Փիրումեան, Եաքուպ Օսիեցկի, Կարապետ Մոմճեան եւ Ճորճ Պուռնութեան։

The First Republic of Armenia (1918-1920) on its Centenary: Politics, Gender, and Diplomacy” հատորը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Կրնաք գնել առցանց (www.prelacybooks.com) կամ դիմել books@armenianprelacy.org հասցէին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնել 212-689-7810 թիւին։
«ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ ԱՏԱՆԱՅԻ ԱՂԷՏԻ» (հատոր Ա., Բ. եւ Գ.)
1909ի Ատանայի կոտորածը պատճառ եղած է, որ հայ գրագէտներ ու քաղաքական գործիչներ անմիջապէս մեկնին Կիլիկիա եւ իրենց վկայութիւնն ու տեղեկագրերը ներկայացնեն աղէտին մասին։ Առաջին հատորը երկու վկայութիւններու՝ Սուրէն Պարթեւեանի «Կիլիկեան արհաւիրքը» (1909) եւ Արշակուհի Թէոդիկի «Ամիս մը ի Կիլիկիա» (1910) երկրորդ հրատարակութիւնը կը ներկայացնէ։ Ականատեսի զգացումով ու պարզ լեզուով գրուած այս վկայութիւնները ցնցիչ վաւերաթուղթեր են դէպքերուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին։ Երկրորդ հատորը վերահրատարակութիւնն է Յակոբ Յ. Թէրզեանի «Կիլիկիոյ աղէտը» աշխատութեան (1912), որ ծաւալուն ու մանրամասն ուսումնասիրութիւն մըն է Ատանայի եւ շրջակայքի ջարդերուն, օժտուած՝ հազուագիւտ փաստաթուղթերով ու լուսանկարներով։ Երրորդ հատորը կը ներկայացնէ Վեր. Համբարձում Աշճեանի վկայութիւնը՝ «Ատանայի եղեռնը եւ Գոնիայի յուշեր» (1950)։ 
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։















 
































ՍՄԲԱՏ ԲՈՐՈՅԵԱՆ (ծնունդ՝ 28 Օգոստոս, 1875)
Ֆետայական շարժման ու ապա՝ 1914-1921ի ռազմական իրադարձութիւններուն գործօն մասնակցութիւն ունեցած դէմքերէն մէկը եղած է զօրավար Սմբատը, ծանօթ՝ Մախլուտօ ծածկանունով։

Բուն անունով՝ Սմբատ Բորոյեան, ծնած է 28 Օգոստոս, 1875ին, Մուշ քաղաքի Ս. Մարինէ թաղամասին մէջ։ Աւարտած է քաղաքի վանական դպրոցը։ 1900ին մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։  Գործակցած է նշանաւոր յեղափոխականներու հետ, ինչպէս Անդրանիկ եւ Հրայր Դժոխք, եւ ահաբեկած է Աղբիւր Սերոբը մատնողներէն մէկը։

1901ին Անդրանիկի ղեկավարութեամբ Առաքելոց վանքի կռիւին մասնակցելէ ետք, 1904ին Սասունի ապստամբութեան ժամանակ ղեկավարած է Իշխանաձորի մարտերը Գէորգ Չաւուշի հետ։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի եւ միւս ֆետայիներուն հետ շարունակած է կռուիլ թրքական զօրքերուն դէմ Մշոյ դաշտին մէջ, եւ այնուհետեւ, մասնակցած է Աղթամարի կռիւին (Յուլիս 1904)՝ Անդրանիկի ղեկավարութեամբ։  Անցնելով Կովկաս, Սմբատ գործօն մասնակցութիւն բերած է 1905-1906 թուականներու հայ-թաթարական կռիւներուն, ղեկավարելով Ղամարլուի (Արտաշատ) ինքնապաշտպանութեան մարտերը։ Այնուհետեւ, Դաշնակցութեան որոշումով Իրան անցած է եւ մասնակցած՝ 1908-1912ի իրանական յեղափոխութեան, կռուելով Ուրմիոյ շրջանին մէջ։

1912-1914ին խաղաղ կեանքի ձեռնարկած է Մուշի մէջ, ուր եւ ամուսնացած է։ Սակայն, Ա. Աշխարհամարտը փոխած է ծրագիրները։ Անցնելով Կովկաս, մաս կազմած է Անդրանիկի գլխաւորած առաջին կամաւորական գունդին եւ դարձած՝ անոր օգնականը։ Մասնակցած է Դիլմանի ճակատամարտին (Ապրիլ 1915), Պիթլիսի ազատագրման (Փետրուար 1916) եւ բազմաթիւ այլ մարտերու։

Մայիս 1917ին տեղի ունեցած է արեւմտահայերու առաջին համագումարը, որուն ընթացքին Սմբատ ընտրուած է Արեւմտահայ Ազգային Խորհուրդի անդամ։ Շարունակելով իր ռազմական գործունէութիւնը, 1917ի ամրան նշանակուած է Ալաշկերտ գործող հայկական ջոկատի հրամանատար։ 1918ին, Անդրանիկի հարուածային ջոկատին հետ կռուած է Ջալալօղլիի եւ Էրզրումի մարտերուն (Փետրուար-Մարտ 1918), իսկ յետոյ մասնակցած է Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին (Մայիս 1918)։ Այնուհետեւ, Անդրանիկի հետ Դիլիջանի ճամբով անցած է Ելենովկա (Սեւան)-Նոր Բայազէտ-Նախիջեւան-Ջուղա-Խոյ երթուղիով ու մասնակցած՝ Ջուղայի կամուրջի եւ Խոյի պաշարման ու գրաւման։

Յուլիս 1918ին, Զանգեզուր անցած է Անդրանիկի հետ, մասնակցելով տեղւոյն հայ բնակչութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ընդդէմ թուրք-թաթարական յարձակումներուն։ Բաժնուելով Անդրանիկէն, աշնան վերադարձած է Երեւան ու ընտրուած՝ արեւմտահայ գործադիր մարմնի անդամ։

1919ի ամրան Սմբատ անցած է Սեւանայ լիճի արեւելեան ափերը սասունցիներու զօրամասով՝ նորանկախ հանրապետութեան սահմանամերձ շրջանները պաշտպանելու համար։ Անոր գլխաւորած զօրամասը մասնակցած է թուրք-հայկական պատերազմին 1920ի աշնան։ Ալեքսանդրապոլի անկումէն ետք, արդէն զօրավարի աստիճանին արժանացած Սմբատը նահանջած է Արագածի բարձունքը, ուր մղուած կռիւներուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած ու Երեւան տեղափոխուած է։

Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ, Սմբատ Թալինէն եւ Աշտարակէն դէպի Երեւան շարժող ուժերուն հրամանատարն էր։ Գարեգին Նժդեհի հետ համագործակցելէ ետք Դարալագեազի շրջանին մէջ, նահանջող ուժերուն հետ անցած է Պարսկաստան, ուր երկրորդ անգամ ամուսնացած է։ Այնուհետեւ, Թաւրիզէն մեկնած է Եգիպտոս եւ ապա՝ Միացեալ Նահանգներ, ուր հաստատուած է Ֆրէզնոյի մէջ։

1933ին զօրավար Սմբատ փոխադրուած է Մարսէյլ (Ֆրանսա), ուր սկսած է գործակցիլ խորհրդայնամէտ ուժերու հետ։ 1936ին լոյս տեսած է անոր յուշերու հատորը։ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, ընդյատակեայ գործունէութիւն տարած է ֆրանսական դիմադրական շարժման մէջ։

1947ին վերադառնալով Հայաստան, վաստակաւոր ֆետային նշանակուած է Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պահակ։ Սմբատ Բորոյեան իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, 20 Մարտ, 1956ին։ Ըստ իր ցանկութեան, թաղուած է Ս. Գայիանէ վանքին բակը՝ Րաֆֆիի Խենթի (Սամսոն Տէր-Պօղոսեան) կողքին։ Երեւանի մէջ փողոց կայ իր անունով։ Զօրավար Սմբատի՝ Մախլուտոյի կեանքին նուիրուած է վիպասան Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը» յետմահու հրատարակուած վէպը (Երեւան, 1979)։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)
ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՁԵՐ ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։  
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
12 Սեպտեմբեր —Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ առցանց, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի։ 

26 Սեպտեմբեր — «Սիամանթօ» լսարանի 2020-2021 տարեշրջանի առաջին դաս, առաւօտեան ժամը 10:30ին, առցանց։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/