SHARE:  
18 Ապրիլ, 2019
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐԸ ՄԵՐ ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՓԱՌԱՒՈՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆՆ Է
ԱՅՍՕՐ ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ Է
Աւագ Հինգշաբթի է այսօր։ Աւագ Հինգշաբթին կ՚ոգեկոչէ քանի մը իրադարձութիւններ՝ Վերջին Ընթրիքը, ինչպէս նկարագրուած է Աւետարաններուն մէջ, եւ Ոտնլուան, որ տեղի ունեցաւ երբ աշակերտները կը վիճէին, թէ ո՞վ անոնցմէ ամենէն մեծը պիտի ըլլար։ Իր աշակերտներուն այս տխուր վարմունքը տեսնելով, Յիսուս «մեծութեան» կենդանի օրինակ մը ցուցաբերեց՝ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով, ի նշան՝ ճշմարիտ համեստութեան։ Հինգշաբթի օրուան մեծ հսկումը կ՚անցնի դէպի Աւագ Ուրբաթ՝ Խաւարման արարողութեամբ, որ կը յիշէ Յիսուսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքը եւ մահավճիռը։ Խաւարման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ աշակերտները խորհրդանշող տասներկու եւ Յիսուսը ներկայացնող աւելի մեծ մէկ մոմի լոյսին տակ։ Արարողութեան ընթացքին, որ կ՚ընդգրկէ երբեւէ գրուած ամենագեղեցիկ շարականներէն մէկ քանին, մոմերը հետզհետէ կը մարին, մինչեւ որ միայն կը մնայ մեծ մոմին լոյսը՝ Մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Լոյսը։
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.Ի
ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՒԷՐ ՝
ՄԱՀԷՆ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔ ԸՆԹԱՆԱԼՈՒ
Պօղոս Առաքեալ, Եփեսոսի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ'ըսէ, թէ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (2.5)։ Առաքեալին այլ նամակներուն մէջ եւս շեշտուած յիշեալ հաստատումը, նպատակը կը կազմէ Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութեան, եւ հետեւաբար, առանցքը՝ քրիստոնէական հաւատքին։

«Մահ»ը աստուածաշնչական հասկացողութեամբ սոսկ ֆիզիքական գոյութեան վախճանը չէ. այլ Աստուծմէ հեռացում է, մեղքերու տիրապետութեան ենթակայ ըլլալ է։ «Կեանք»ը Աստուծոյ ներկայութիւնն է, մարդուն հաւատարմութիւնն է՝ իր Երկնաւոր Հօր։ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան սկիզբը ըսաւ «ես եկայ, որպէսզի կեանք ունենաք» (Յհ 10.10)։ Աստուած իր Որդւոյն, Քրիստոսի ճամբով իրագործեց իր փրկագործական ծրագիրը՝ մարդուն վերստին կեանք պարգեւելով։ Ա՛յս հայեցակէտով հարկ է մօտենալ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան, ինչպէս նաեւ երկրաւոր առաքելութիւնը կազմող դէպքերուն, հրաշքներուն եւ ուսուցումներուն։ Խաչով կերտուած յարութիւնը դարձաւ գագաթնակէտը՝ մարդուն վերստին կեանք շնորհելու Քրիստոսի փրկագործական առաքելութեան։

Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած քրիստոնէական հաւատքը կը յիշեցնէ մեզի, թէ.-

Քրիստոսի յարութեամբ ազատագրուեցանք մեղքի կապանքէն։ Մեղանչած էր մարդը Աստուծոյ պատուիրաններուն դէմ եւ դաւաճանած իր աստուածատուր կոչումին։ Մարդուն պատճառաւ ապականած էր նաեւ իր խնամքին յանձնուած ստեղծագործութիւնը։ Ինչպէս Առաքեալը կը վկայէ՝ «Քրիստոսի արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն գտանք» (Եփ 1.7)։ Խաչին վրայ թափած իր արիւնով Աստուծոյ Որդին սրբեց մարդուն մեղքը։ Խաչ բարձրանալով Քրիստոս մարդը ազատագրեց իր մեղքէն ու առաջնորդեց դէպի յաւիտենական կեանք։

Քրիստոսի յարութեամբ Աստուծոյ որդեգիր զաւակները դառնալու երկնային շնորհքին արժանացանք ։ Աստուծոյ գործակից ըլլալու կոչուած մարդը դարձած էր սատանային գործակից։ Երկնային շնորհներով զարդարուելու պատիւին արժանացած մարդը, իր ազատ կամքով դարձած էր երկրաւոր մոլութիւններու գերին։ Այլ խօսքով, մարդը ուրացած էր իր Երկնաւոր Հայրը եւ դարձած՝ անառակ։ Քրիստոսի յարութեամբ մեղքի ու մահուան տիղմին մէջ թաղուած մարդը յարութեան յոյսով կեանքը ապրելու աստուածային հրաւէր ստացաւ։

Քրիստոսի յարութեամբ փրկութեան ժառանգորդ ըլլալու երկնային պարգեւին արժանացանք ։ Մարդը հեռացած էր Աստուծմէ, արարածը՝ Արարիչէն, զաւակը՝ Հօրմէն։ Մերժած էր մարդը երկնատուր արժէքները ու ճշմարտութիւնները, եւ հիմնած՝ իր արժէքներու համակարգը, իր իշխանութիւնը։ Մահուան անդունդին մէջ գտնուող մարդուն փրկութիւն բերելու համար աշխարհ եկած Աստուծոյ Որդին իր հրաշափառ յարութեամբ՝ մարդուն առջեւ բացաւ դէպի յարուցեալ կեանք առաջնորդող ճամբան։

Աւետարանի վկայութեան համաձայն, Քրիստոսի մարդեղութեամբ սկսած ու յարութեամբ պսակուած աստուածային փրկագործական ծրագրի իրագործումը իր ամբողջական լրումին պիտի հասնի՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստով, երբ Քրիստոս պիտի ոչնչացնէ երկրի «չար իշխանութիւնները, պետութիւնները եւ զօրութիւնները» եւ «վերջին թշնամին որ պիտի բնաջնջուի՝ մահը պիտի ըլլայ» (Ա.Կր 15.25-26)։

Քրիստոսի յարութիւնը երաշխիք է ու միանգամայն հրաւէր, որպէս Աստուծոյ որդեգիր զաւակներ ընթանալու՝

մեղքի ճանապարհէն դէպի փրկութեան ճանապարհ.

մահուան անդունդէն դէպի կեանքի հովիտը.

Գողգոթայի տառապանքէն դէպի յարութեան յաղթանակ։

Աստուած մեզի չարին, մեղքին ու մահուան դէմ յաղթանակ պարգեւեց Քրիստոսի յարութեամբ։ Քրիստոս յարութիւն առաւ, որպէսզի «մենք նորոգուած կեանքով ապրինք» (Հռ 6.4)։

Արդ, հաւատքո՛վ ապրինք, որովհետեւ Քրիստոսով հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ։

Յոյսո՛վ ապրինք, որովհետեւ Քրիստոսի յարութեան մասնակից դառնալու շնորհքին արժանացած ենք։

Քրիստոսո՛վ ապրինք, որովհետեւ Քրիստոսի յարութեամբ վերանորոգուած կեանք ժառանգած ենք։

Ահա՛, ժողովուրդ հայոց, պատգամը Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան։

* * *

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ'ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Արմէն Սարգիսեանը ու Վսեմաշուք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեանը, մաղթելով իրենց նորանոր իրագործումներով լեցուն հայրենանուէր ծառայութիւն։

Եղբայրական ջերմ սիրով կ'ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն։ Կ'ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, մաղթելով իրենց բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ'ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, հայցելով Աստուծմէ, որ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով զօրացած ապրին իրենց կեանքը՝ հաստատ մնալով իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ, եւ հաւատարիմ՝ մեր ազգին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։
ՓԱՐԻԶԻ ՆՈԹՐԸ-ՏԱՄ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ ԾԱՆՐ ՀՐԴԵՀԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՄԱՅԻՍԻՆ՝ ՅԱՏՈՒԿ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ

Աշխարհը սարսափով դիտեց, մինչ Փարիզի Նոթրը-Տամ Մայր Տաճարը հրոյ ճարակ կը դառնար այս շաբաթ։ Դիտելով բոցավառած կրակը, այս հռչակաւոր շինութեան համատարած կործանումը հնարաւոր կը թուէր։ Բարեբախտաբար, աշտարակները դիմացան, ինչպէս եւ դարաւոր գեղարուեստի գործեր ու իրեր։ Եկեղեցւոյ քարէ կամարներուն վերեւը գտնուող աշտարակն ու վերնատունը, սակայն, իրենց փայտեայ կառոյցով՝ ա՛լ աւելի բորբոքեցին կրակը։

Նոթրը-Տամը Փարիզի ամենէն ժողովրդական վայրերէն մէկն է, որուն հռչակը կրօնքէն անդին կ՚անցնի, բոլորին կողմէ սրբազան նկատուելով։ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խոստացած է, որ 850ամեայ եկեղեցին պիտի վերականգնի հինգ տարուան ընթացքին։

Անուշաւան արքեպիսկոպոս յայտարարեց, որ Կիրակի, 5 Մայիսին, Կանաչ Կիրակի (նաեւ ծանօթ՝ Աշխարհամատրան Կիրակի անունով), Արեւելեան թեմի ծուխերը երկրորդ պնակ մը պիտի շրջագայեն՝ Նոթրը-Տամ Մայր Տաճարի ի նպաստ։ «Մեր փոքր բաժինը բերենք՝ Մայր Տաճարի վերանորոգման միջազգային աջակցութեան», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Նուիրատուութիւնները նաեւ կարելի է առաքել Առաջնորդարան (Armenian Prelacy, 138 East 39 th Street, New York, NY 10016)՝ վարը նշելով՝ “Notre-Dame”։ 
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ՝ ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՊՈՍՏԸՆԻ ՄԷՋ 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Դռնբացէքի պահուն
Անուշաւան արք. Դանիէլեան՝ Տ. Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի (աջ), Տ. Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեանի (ձախ) եւ Դռնբացէքի կնքահայր՝ պրն. Զաւէն Թորիկեանի հետ 
Կիրակի, 14 Ապրիլին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց Ուաթըրթաունի (Մէսէչուսեթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ, Ծաղկազարդին, եկեղեցին ընդունած է Անուշաւան Սրբազանին այցելութիւնը՝ պատարագելու, քարոզելու, եւ Դռնբացէքի արարողութիւնը կատարելու համար։ Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Սրբազան Հայրը պատարագած է իբրեւ առաջնորդ։ Դռնբացէքի կնքահայրն էր «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ պրն. Զաւէն Թորիկեան։ Պրն. Թորիկեանի ընտրութիւնը կը բխէր այն իրողութենէն, որ 2019 թուականը Հայ Մամուլի տարի հռչակուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վայելեց Տիկնանց Միութեան պատրաստած հիւրասիրութիւնը՝ բազմաթիւ ծխականներու հետ։ 
ՔԵՆԵԹԻՔԸԹԻ ՄԷՋ
Ծաղկազարդը տօնական մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան պատարագեց ու քարոզեց։ Խորանին կը ծառայէին Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան, Յակոբ սրկ. Հատտատ, Գրիգոր սրկ. Եսայեան եւ Տիգրան սրկ. Գապարաճեան։
ՔԵՆԵԹԻՔԸԹԻ ՄԷՋ
Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան պատարագեց եւ քարոզեց Նիւ Պրիթընի (Քենեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ ՀՕՄի «Հաւատք» մասնաճիւղը կազմակերպութեան 109րդ ամեակը նշեց Մեծ Պահքի ճաշկերոյթով՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան կ՚օրհնէ ճիւղերը՝ ծխականներուն բաժնուելէ առաջ
Տ. Վահան եւ երէցկին Մակի ՀՕՄի անդամուհիներու հետ 

ՌԷՅՍԻՆԻ ՄԷՋ
Տ. Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեան եւ Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 16 Ապրիլին, Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ Տ. Մեսրոպ Լագիսեան ընդունեցին «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի (Հոլիվուտ, Քալիֆորնիա) 8րդ դասարանի աշակերտներուն այցելութիւնը, որոնք իրենց տարեկան այցելութիւնը կատարեցին Մայր Եկեղեցի։ Այս տարի, Քալիֆորնիոյ հիւրերուն միացած էին Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները։
Անուշաւան Սրբազան Հայրը եւ Տէր Մեսրոպը ողջունեցին աշակերտներն ու իրենց ուղեկիցները, որմէ ետք Մայր Եկեղեցին ցոյց տուին՝ կարգ մը պատմական բացատրութիւններով։ Տեղի ունեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւն։
Այցելութեան աւարտին, երկու դպրոցներուն աշակերտները արտասանութիւններով ու երգերով կարճ յայտագիր մը ներկայացուցին ու միասին ճաշեցին «Բաշալեան» սրահին մէջ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 21 ԱՊՐԻԼ
Ս. ԶԱՏԻԿ
ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:15-26
Համբարձումէն քանի մը օրեր ետք, երբ շուրջ հարիւր քսան հաւատացեալներ մէկտեղուած էին, Պետրոս ոտքի ելլելով ըսաւ.
Եղբայրնե՛ր, պէտք էր կատարուէր Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը, այն՝ ինչ որ նախօրօք Սուրբ Հոգին ըսած էր Դաւիթի բերնով՝ Յուդայի մասին, որ Յիսուսը ձերբակալողներուն առաջնորդը եղաւ: Յուդա մեր խումբէն էր, մեզի պէս առաքելական ծառայութեան համար ընտրուած: Բայց իր անիրաւ մատնութենէն ետք, որուն վարձքով ագարակ մը գնեց, երեսն ի վայր ինկաւ այնտեղ եւ փորը ճեղքուելով՝ փորոտիքը դուրս թափեցաւ: Բոլոր Երուսաղէմացիները այս մասին իմացան, եւ այս պատճառով ալ այդ ագարակը իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արեան ագարակ կը կոչեն: Արդ, Սաղմոսներու գիրքին մէջ գրուած է. «Թող անոր տունը աւերակ մնայ, եւ հոն մարդ չբնակի». իսկ ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ. «Իր պաշտօնը ուրիշ մէկը թող առնէ»: Այստեղ կան մարդիկ, որոնք միշտ մեր հետը եղած են Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան, Յովհաննէսի ձեռքով անոր մկրտութենէն մինչեւ երկինք համբարձման օրը: Ասոնցմէ մէկը պէտք է որ տասնըմէկիս միանայ՝ Քրիստոսի յարութեան վկայ ըլլալու համար:
Այն ատեն հաւատացեալները երկու հոգի ներկայացուցին. Բարսաբա կոչուած Յովսէփը, որ Արդար մականուանուեցաւ, եւ Մատաթիան: Ապա հետեւեալ աղօթքը ըրին.
Դուն, Տէ՛ր, որ կը ճանչնաս բոլոր մարդոց սիրտերը, ցոյց տուր մեզի՝ թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկը կ’ընտրես առաքելական այս պաշտօնին համար, որմէ Յուդա ինկաւ՝ իրեն սահմանուած տեղը երթալու համար:
Ապա երկու անուններուն վրայ վիճակ ձգեցին: Վիճակը Մատաթիային ելաւ, եւ անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն կարգին դասուեցաւ:

ՄԱՐԿՈՍ 16:2-8
Շաբաթ օրը երբ անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, եւ Սողոմէն գացին խունկեր գնեցին եւ պատ­րաս­տեցին, որպէսզի երթան եւ օծեն Յիսուսի մարմինը: Կիրակի առաւօտ կանուխ, արեւածագին, գերեզման եկան:
– Ո՞վ պիտի գլորէ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը,- կը հարցնէին իրարու, որովհետեւ քարը շատ մեծ էր:
Սակայն երբ նայեցան, տեսան որ քարը արդէն իսկ գլորուած էր: Գերեզ­մանէն ներս մտան եւ ճերմակ զգեստ հագած երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստած էր, եւ սարսափեցան: Երիտասարդը ըսաւ անոնց.

– Մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ: Տեսէ՛ք, զինք հոս դրած էին: Այժմ գացէք, ըսէք իր աշակերտներուն եւ Պետրոսի, որ ահա ինք ձեզմէ առաջ կ’երթայ Գալիլ­եա. հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի:

Երբ ասիկա լսեցին, դուրս փախան գերեզմանէն, զարհուրած ու ապշա­հար, եւ ոչ մէկուն բան մը ըսին, որովհետեւ կը վախնային:

Երեկոյեան ընթերցումներ՝
Գործեր 1:1-8, Ղուկ. 24:13-36, Յովհ. 20:1-18, Յովհ. 5:24-30, Յովհ. 19:31-37, Յովհ. 20:19-25։ 
ԻՒՂԱԳԻՆ
Հին աւանդութիւն է իւղագինի նուիրատուութիւնը, ի մասնաւորի՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատկուան առիթով։ Ժամանակին ծխականները դրամ կը նուիրէին՝ իւղ գնելու եւ եկեղեցւոյ լուսաւորութիւնը վառ պահելու համար։ Աւանդութիւնը շարունակուած է դարերու ընթացքին՝ մինչեւ մեր օրերը, թէեւ ներկայիս դրամը լամբերու իւղին չի յատկացուիր, այլ՝ լոյսի, ջեռուցումի եւ օդորակումի (air-conditioning) հաշուեցոյցերը վճարելու։ Գաղափարը սակայն բոլորովին ի զօրու է, հետեւաբար մի՛ մոռնաք ձեր իւղագինի նուիրատուութիւնը ընելու՝ մեր եկեղեցիներուն դռները բաց պահելու ու զանոնք հանգստաւէտ վիճակի մէջ պահպանելու համար։ 

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐ՝ ՄԵՌԵԼՈՑ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ, հինգ գլխաւոր տաղաւար տօներուն հետեւող օրը Մեռելոց է։ Աւանդաբար, Մեռելոցի օրը Ս. Պատարագ կը մատուցուի, իսկ այնուհետեւ հաւատացեալները կ՚այցելեն իրենց սիրելիներուն գերեզմանները, զորս քահանան կ՚օրհնէ երգեցողութեամբ ու խնկարկութեամբ։
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Արդէն կարելի է արձանագրուիլ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրին։ Կրօնական այս եզակի ծրագիրը նախատեսուած է 13-18 տարեկան պատանիներու համար։ Տեղի պիտի ունենայ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս՝ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
(24 Ապրիլ, 1970)
Պիքֆայայի յուշարձանի բացում։ Այս լուսանկարը, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ» օրաթերթի յատուկ թիւին կողքին վրայ (9 Մայիս, 1970), կը պատկանի «Ասոշիէյթըտ Փրէս»ի հանգուցեալ լուսանկարիչ (եւ այնուհետեւ Նիւ Եորքի հայ համայնքի անդամներէն) Հէրրի Գունտագճեանին։
1965էն առաջ, Մեծ Եղեռնին նուիրուած միայն երեք յուշարձան կար. Անթիլիասի նահատակաց մատուռը (1938), Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մենաքարը (1939) եւ Պուէնոս Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի շրջափակի յուշարձանը (1961)։ 1965էն սկսեալ, Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ յուշարձաններու շինութեան իսկական պայթիւն մը տեղի պիտի ունենար։

Յիսնամեակի ոգեկոչումը Լիբանանի մէջ յատուկ հնչեղութիւն ունեցաւ։ Թէեւ կառավարութիւնը տեղի տալով թրքական ճնշումներու՝ չէր արտօնած քայլարշաւի մը կատարումը, 85-90.000 հայերու համախմբումը Պուրճ Համուտի մարզաւանին մէջ փաստ դարձած է, որ այնուհետեւ սգատօնի աւանդական ձեւը պատմութիւն պիտի դառնար՝ իր տեղը զիջելով պահանջատիրութեան։

Որպէս յիսնամեակի աւարտ, Ապրիլ 1966ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա. կը յայտարարէր, թէ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ յիսնամեակին նուիրուած յուշարձան մը պիտի կառուցուէր։ Ս. Աստուածածնի մատրան մօտ գտնուող ժայռի մը վրայ կառուցուելիք յուշարձանը յայտնի քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի (1932-2018) գործը պիտի ըլլար։

Հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 23 Ապրիլ, 1967ին, ձեռամբ երեք հայ հոգեւոր պետերուն՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոս, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Պատրիարք եւ Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան։ Դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան (ապագայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ապագայ Գարեգին Բ. եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոս) յուշարձանի յանձնախումբին անունով ուղերձ մը կարդաց, ուր ի մասնաւորի յայտնեց.
«Ձեր մարմնոյ աչքերը միայն խարիսխը կը տեսնեն, ամրակուռ ժայռ-պատուանդանը: Բայց կ՚ուզեմ, որ ձեր հոգւոյ աչքերը նոյնքան իրաւութեամբ եւ առաւել եւս հրճուանքով տեսնեն աւելի քան տասներկու մեթր բարձրութեամբ դէպի երկինք կոթողացող պրոնզեայ այն թռիչք-արձանը, որ մարդկային մարմնի մը վերականգնումի պատկերին մէջէն կը խորհրդանշէ ամբողջ ժողովուրդի մը յաղթ վերականգնումը աւազներու եւ աւերակներու, ցնցոտիներու եւ վէրքերու, տանջանքներու եւ խոշտանգումներու մահասարսուռ աշխարհէն դէպի առողջ վերակենդանութեան, տենդոտ ստեղծագործութեան, անյագ շինարարութեան աշխարհը »։

Պրոնզէ յուշարձանը՝ երկինք ուղղուած ձեռքերով ոտքի կեցող կնոջ մը վերացական պատկերը, շինուեցաւ ժողովրդային հանգականութեան շնորհիւ։ Արձանը կանգնած է հինգ մեթր բարձրութեամբ ժայռին վրայ։ Բացումը նախատեսուած էր 24 Ապրիլ, 1969ին, բայց լիբանանեան հերթական քաղաքական տագնապը կանխած է Մեծ Եղեռնի հրապարակային ոգեկոչումը այդ տարի։

Բացումը յետաձգուած է 24 Ապրիլ 1970ին, երբ պիտի դառնար ցեղասպանութեան 55ամեակի գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկը։ Հսկայ բազմութիւնը, որ ըստ կարգ մը գնահատումներու՝ աւելի քան 20.000 հոգի կը հաշուէր, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Պատարագէն ետք փութացած էր Պիքֆայա։ Երթեւեկութեան հոսքը այնքան ծանրացած էր, որ բարձունքի ճանապարհին վրայ շատեր իրենց ինքնաշարժները ձգած ու ոտքով հասած էին վանք։ Ժողովուրդը լեցուցած էր յուշարձանը շրջապատող տարածքը։ Հոգեհանգստեան սրտայոյզ արարողութենէ մը ետք, առաջին բանախօսը եղած է Պօղոս Տուզճեան՝ յուշարձանի յանձնախումբի անունով, որուն հետեւած են Վեր. Ահարոնեան, Մեսրոպ եպս. Թէրզեան (Պաթանեան պատրիարքի անունով) եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոս։ Բացումը հովանաւորած է Լիբանանի նախագահ Շառլ Հելուի անունով՝ Զբօսաշրջութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեան, որ նաեւ գլխաւոր բանախօսը եղած է։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, յուշարձանը ենթարկուած է ռմբահարումի՝ փաղանգաւորներու կողմէ, իսկ անոր ստորին մասը ծանրօրէն տուժած է։ Սակայն, յուշարձանը դիմացած է անարգ ոճիրին ու յետագային՝ վերանորոգուած։

Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով, յուշարձանը կրկին վերանորոգուած է, իսկ նահատակաց նուիրուած խորան մը շինուած՝ մօտակայքը։ Դէպի յուշարձան տանող ժայռերն ու պատերը զարդարուած են հայոց պատմութեան, Հայ Եկեղեցւոյ ու Մեծ Եղեռնի նուիրուած խորհրդանշաններով, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան քարտէս մը աւելցուած է՝ յուշարձանին մօտերը։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org ).
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի  դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝  anec@armenianprelacy.org  կամ՝ 212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝  Շաբաթ, 11 Մայիսին։

24 Ապրիլ —Սրբոց Նահատակաց տօն եւ Արդարութեան քայլարշաւ, յիշելով Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Անուշաւան արք․ Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ։ Ս․ Պատարագ՝ ժամը 10։00ին, Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 E. 27 th Street, New York City։ Պատարագիչ՝ Տ. Ստեփան քհնյ. Պալճեան։ Քայլարշաւը կը սկսի ժամը 12։30ին, Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան։ 

27 Ապրիլ —Հայկական Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի յիշատակում Քենեթիքըթի Hall of the House-ի մէջ, State Capitol, 210 Capitol Avenue, Hartford, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ Սալբի Ղազարեան, տնօրէն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական Ուսմանց Հիմնարկին։ 

28 Ապրիլ —Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչում՝ Թայմզ Սքուէրի մէջ (Times Square, 43 rd Street եւ Broadway, New York), կազմակերպութեամբ՝ Վարդանանց Ասպետներու եւ Դուստրերու։ Նիւ Եորքէն ու Նիւ Ճըրզիէն ձրի հանրակառքով փոխադրութիւն։ Մանրամասնութիւններու համար, այցելեցէք www.kofv.org/main/april282019 կայքէջը։ 

28 Ապրիլ —Հայկական Ցեղասպանութեան միասնական ոգեկոչում՝ Հարթֆըրտի (Քենեթիքըթ) Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագին (ժամը 10:30ին) պիտի մասնակցին հետեւեալ եկեղեցիներուն հոգեւորականներն ու հաւատացեալները՝ Ս. Գէորգ, Ս. Յարութիւն (Նիւ Պրիթըն), Ս. Մարկոս (Սփրինկֆիլտ) եւ Ս. Ստեփանոս (Նիւ Պրիթըն)։
28 Ապրիլ —Ռոտ Այլընտի Հայ Նահատակաց Յանձնախումբը Հայկական Ցեղասպանութեան 104ամեակը պիտի նշէ նահատակաց յուշարձանին կողքին՝ Փրաւիտընսի մէջ (North Burial Grounds), ժամը 12:45էն սկսեալ։ Երեք եկեղեցիներու հովիւներն ու խորանի ծառայողները պիտի մասնակցին ոգեկոչումին։ Գլխաւոր բանախօս՝ «Պոսթըն Կլոպ»ի վաստակաւոր խմբագիր եւ լրագրող Սթիվըն Քիւրքճեան։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք joycey41@cox.net հասցէին։ 

3 Մայիս —Արփի Նարտոնէի ցուցահանդէսի բացում Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, կազմակեպրութեամբ՝ Նիւ Եորքի «Համազգային»ի մասնաճիւղին։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ Հինգշաբթի, 2 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6:00էն 9:00, Ուրբաթ, 3 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 5:00էն 9:00 եւ Շաբաթ, 4 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 2:00էն 8:00։

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակի ճաշկերոյթ՝ «60 տարի՝ սերունդէ սերունդ» բնաբանով, եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին՝ Կարապետեան, Միրաքեան, Նաճարեան եւ Սարաճեան ընտանիքները։ ( Տոմսերը սպառած են)։

5 Մայիս ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի Մայրերու Օրուան ճաշկերոյթ՝ Տակլըսթընի «Մանոր» ճաշարանին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուի տիկ. Սոնիա Պզտիկեան։

11 Մայիս —Մայրերու Օրուան ճաշկերոյթ-պարահանդէս (Crowne Plaza, Ուորուիք, Ռոտ Այլընտ), որուն ընթացքին պիտի մեծարուի տարուան մայրը՝ տիկ. Մարօ Տիոնիսոփուլոս։

16-18 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթընսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ։

30 Յունիս-7 Յուլիս —33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։ 

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով, տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ։ 

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 

17 Նոյեմբեր —Կոմիտաս Վարդապետի 150ամեակի ծննդեան տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/