SHARE:  
16 Մայիս, 2019
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ՝ «ՎԵՐՍՏԻՆ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԵՑԷՔ ԵՒ ՎԵՐԱԳՏԷՔ ՁԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» ԲՆԱԲԱՆՈՎ
Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը՝ Ուայթընսվիլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ այս յետմիջօրէին, 16 Մայիսին։ Ժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 18 Մայիս։ Հոգեւորականներու համագումարը տեղի ունեցաւ երէկ։ Երեփոխանական Ժողովին զուգահեռ, տեղի կ՚ունենայ Տիկնանց Միութիւններու Ազգային Միութեան տարեկան ժողովը։

Երեսփոխանական Ժողովին այս տարուան բնաբանն է «Վերստին ներգրաւուեցէք եւ վերագտէք ձեր եկեղեցին»։ Ժողովին համա-ատենապետներ ընտրուեցան Արամ Սիմոնեան եւ Սիմոնէ Թոփուզեան, իսկ ատենադպիրներ՝ Տ. Թորգոմ Չորպաճեան հայերէն ատենագրութեան համար եւ Էնտրիւ Ասատուրեան՝ անգլերէն ատենագրութեան։
Բացման նիստին, բարի գալուստի խօսքեր ըսին Ուայթընսվիլի Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Միքայէլ քհնյ. Տէր Խոսրովեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Րաֆֆի Սամքիրանեան։ Արեւելեան թեմի (էջմիածնական) առաջնորդ՝ Դանիէլ եպս. Ֆընտըգեանի անունով խօսք առաւ՝Ուստրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Աւետ քհնյ. Թէրզեանը։

Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, իր ուղերձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ծուխին՝ իր ստանձնած պատասխանատուութեան համար։ Իր խօսքին մէջ, Անուշաւան Սրբազան Հայր խօսեցաւ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին եւ ըսաւ, թէ «այս մարտահրաւէրները լուրջ քննարկում եւ հետեւողական աշխատանք կը պահանջեն»։  

Յառաջիկայ շաբաթ, “Crossroads”ի մէջ պիտի ներկայացնենք Երեսփոխանական Ժողովին նուիրուած համապարփակ ու պատկերազարդ թղթակցութիւն մը։ 

ՄԱՐՈՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԱԽԿԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ՝
ԾԻՐԱՆԱՒՈՐ ՆԱՍՐԱԼԼԱՀ ՊՈՒԹՐՈՍ ՍՖԷՅՐ ՈՉ ԵՒՍ Է
Ծիրանաւոր Մորան Մոր Նասրալլահ Պութրոս Սֆէյր՝ Անտիոքի հանգստեան կոչուած պատրիարքը, իր մահկանացուն կնքած է Կիրակի, 12 Մայիսին, Լիբանանի մէջ, 99րդ տարեդարձէն երեք օր առաջ։ Լիբանանի Մարոնի եկեղեցւոյ նախկին պատրիարքը եղած է քրիստոնէական իրաւունքներու յամառ պաշտպան եւ բանականութեան հզօր ձայն մը՝ լիբանանեան տասնհինգամեայ պատերազմին ընթացքին։ Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ սիւննի մահմետական է, երկօրեայ ազգային սուգ յայտարարած է՝ կիսովին պարզուած դրօշակներով։ Յուղարկաւորութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, Մայիս 16ին, արձակուրդ յայտարարուած է։

Անուշաւան արքեպիսկոպոս, որ կը պատրաստուէր Մասաչուսեթս ճամբորդելու՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին մասնակցելու համար, Ազգ. Առաջնորդարանի անունով խօսեցաւ եւ ցաւակցական նամակ մը ուղարկեց Արեւելեան ԱՄՆի Մարոնի եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Կրէկըրի եպս. Մանսուրին։ Իր նամակին մէջ Սրբազան Հայրը դրուատեց Պատրիարքը՝ իր ղեկավարի ձիրքերուն եւ իր եկեղեցւոյն ու ժողովուրդի անսակարկ ծառայութեան համար։

Մարոնի եկեղեցին, որ կը հետեւի Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան ծէսին, Լիբանանի ամենամեծ քրիստոնէական համայնքը կը կազմէ։ Ծիրանաւոր Սֆէյր 1986ին պատրիարք ընտրուած էր, իսկ 1994ին ծիրանաւորի աստիճանը ստացած՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապէն։ Ան պատրիարքական իր պաշտօնը վարած է մինչեւ Փետրուար, 2011։

Թող մեր Տէրը իր ծառան յիշէ դատաստանի օրը։ 

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 29 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (9 Յունիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։


ԳԱՂ. 6:14-18
Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար: Կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ, այլ՝ նոր արարած ըլլալը: Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը ըլլան բոլոր անոնց հետ, որոնք այս սկզբունքին համաձայն կ’ապրին. բոլոր անոնց՝ որոնք իր ընտրեալ ժողովուրդը կը կազմեն:
Այսուհետեւ, խնդրեմ, ոեւէ մէկը աշխարհիկ հոգերով թող զիս չնեղէ, որովհետեւ ես Յիսուսի կը պատկանիմ, ինչպէս մարմնիս վրայ վէրքերուն սպիները կը վկայեն:
Եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ: Ամէն:


ՄԱՏԹ. 24:30-36
Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:
Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ է: Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:
Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
(1) Ղուկ. 11:33-12:12, (2) Գործ. 17:1-15, 1 Յովհ.1:1-10, Յովհ. 7:14-23,(3) Մատթ. 13:53-58,Յովհ. 19:25-30, (4) Մարկ. 6:30-44.
ԵՐԵՒՈՒՄՆ Ս. ԽԱՉԻ
Կիրակի, 19 Մայիսին, Հայց. Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Խաչի Երեւումը։ Խաչի Երեւումը Ս. Խաչին նուիրուած առաջին տօնն է մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ։ Կը յիշատակէ խաչի նշանին երեւումը Երուսաղէմի վրայ՝ 351 թուականին, քանի մը ժամուան տեւողութեամբ։ Խաչի նշանը՝ արեւէն աւելի փայլուն, տարածուած է Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռը (շուրջ երկու մղոն), եւ ամէն ոք տեսած է զայն Երուսաղէմի մէջ։ Եկեղեցւոյ վարդապետներէն Կիւրեղ Երուսաղէմացի պատրիարքը, որ մեր Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յիշուած է, առիթը օգտագործած է Բիւզանդիոնի Կոստանդ կայսեր յիշեցնելու անոր հօր՝ Կոստանդինոս Մեծի ուղղափառ հաւատքին մասին։ Կիւրեղ պնդած է, որ Երեւումը յաւելեալ պատճառ էր՝ ուղղափառութեան վերադառնալու։

Աւանդաբար, այս տօնին կը կարդացուի Կիւրեղի ուղերձին հայերէն թարգմանութիւնը՝ Աւետարանի ընթերցումին կանխող Անդաստանի արարողութեան ժամանակ։ Երեւումը կը տօնուի Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներուն կողմէ։ Յոյն Եկեղեցին զայն կը նշէ 7 Մայիսին, իսկ հայկական թուականը շարժական է, ըստ Զատկուան թուականին։ Կը համապատասխանէ Զատկուան հինգերորդ Կիրակիին։

«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 
Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի արձանագրութիւնը բացուած է։ Կրօնական բովանդակութեամբ այս եզակի ծրագրին կը մասնակցին 13-18 տարեկան պատանիներ։ Այս տարի տեղի պիտի ունենայ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս՝ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ ։  

ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐՈՒՀԻ ԿԱՐԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ CARNEGIE HALL
Ազգ. Առաջնորդարանի Musical Armenia ծրագրի 2004ի համերգին մասնակիցներէն մէկն էր Կարինէ Պօղոսեան, որ Հինգշաբթի, 30 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:30ին ելոյթ պիտի ունենայ Carnegie Hallի «Զանգել» սրահին մէջ, ներկայացնելով «Հոգիիս երաժշտութիւնը» յայտագիրը, զոր շատեր կը նկատեն անոր ամենէն հարազատ արտայայտութիւնը։ Դաշնակահարուհին պիտի մեկնաբանէ իր ամենէն սիրած ու յատկանշական գործերէն մէկ քանին, ինչպէս՝ Մանուէլ տէ Ֆալլայի Fantasia Betica եւ Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պալէի «Ատաճիո»ն, ինչպէս եւ Ֆրանց Լիսթէն քանի մը յօրինումներ։ Պօղոսեան գնահատուած է «մեկնաբանած գործերուն սրտին հասնելու կարողութեամբ»։

Musical Armeniaի համերգէն ասդին, որ մեծ յաջողութիւն ունեցած էր, դաշնակահարուհին ելոյթ ունեցած է բազմաթիւ սրահներու մէջ՝ քննադատներու դրուատիքին արժանանալով։ 30 Մայիսի համերգը «Զանգել» սրահին մէջ (ուր ան նախապէս համերգ տուած է) կը հովանաւորուի ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ։

Տոմսակները $20էն $40 կ՚արժեն։ Զանոնք կարելի է ապահովել Carnegie Hallի տոմսարկղէն (57 th  Street and Seventh Avenue), CarnegieChargeէն (212-247-7800) կամ  www.carnegiehall.org  կայքէջէն։

ԳՈՒՐԳԷՆ ԱԼԷՄՇԱՀ (ծնունդ՝ 22 Մայիս, 1907)
Վաղամեռիկ երգահան Գուրգէն Ալէմշահ անցեալ դարու առաջին կէսին Սփիւռքի արդէն ծանօթ անուն մըն էր, ու անոր երգերը մինչեւ այսօր երաժշտական յայտագիրներու մէջ կարելի է գտնել։

Ալէմշահ ծնած է Պարտիզակ հայաբնակ գիւղին մէջ (Արեւմտեան Թուրքիա), 22 Մայիս 1907ին։ Տարրական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Բերայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, աւարտելով 1918ին։ Այնուհետեւ, միաբանութեան Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը  մտած է ու շրջանաւարտ եղած՝ 1923ին։ Դպրոցին մէջ արդէն ցոյց տուած է իր խոստմնալից ապագան՝ իբրեւ դաշնակահար, եւ այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Միլանի երաժշտանոցին մէջ։ Անոր ուսուցիչները տեսած են իր մէջի բացառիկ տաղանդը, եզակի ներշնչումը, եւ արեւելեան երաժշտութիւնն ու ժողովրդական տարրերը եւրոպական թեքնիքի հետ միախառնելու կարողութիւնը։

1930ին աւարտելով երաժշտանոցը, Ալէմշահ հաստատուած է Փարիզ, ուր դասաւանդած է Մխիթարեաններու Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը, ինչպէս եւ իտալական երկրորդականներու մէջ։ Երգահանի իր բեղուն գործունէութեան կողքին, կազմակերպած է «Կիլիկիա» երգչախումբը, որ քաջածանօթ դարձած է ֆրանսահայ համայնքին մէջ։ Հազիւ 26 տարեկան, 1933ին ընտրուած է Ֆրանսայի Երաժշտական Հեղինակներու, Երգահաններու եւ Հրատարակիչներու Ընկերակցութեան անդամ։ 1930ական թուականներուն, Ժան Վալտոն կեղծանունով եւրոպական ներշնչումով բազմաթիւ գործեր յօրինած է։

Յատկապէս տպաւորիչ եղած է 1934ին «Կիլիկիա» երգչախումբի համերգը՝ Ալէմշահի ղեկավարութեամբ, Փարիզի «Կաւօ» սրահին մէջ, աւելի քան 1.000 հայ եւ ֆրանսացի ունկնդիրներով, ուր Կոմիտաս վարդապետի գործերուն կողքին, առաջին անգամ ներկայացուած է երիտասարդ երգահանին «Արեւելեան գիշերներ» (1931) գործը եւ երգի ու նուագախումբի համար «Աւարայրի պատերազմը» (1934) կոթողական երկը։ 1936ին, Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի հարիւրամեակին առիթով, Ալէմշահ իր երգչախումբը Վենետիկ տարած է, ուր համերգներ տուած է թէ՛ դպրոցի սրահին մէջ եւ թէ՛ Ս. Մարկոս հրապարակին վրայ, ներկայացնելով կոմիտասեան երգերն ու իր սեփական երգերը՝ ժողովրդական նիւթերով։ 1937ին իր «Հայկական հարսանիք» գործը, ուր միախառնուած են ժողովրդական երգերն ուԱլէմշահի երաժշտութիւնը, քսան ազգերու մասնակցութեամբ Ժողովուրդներու Երաժշտութեան միջազգային մրցահանդէսին երկրորդ մրցանակը շահած է։

1938-1939ին «Ալագեազ» երգչախումբը ղեկավարելէ ետք, 1939ին նշանակուած է «Սիփան Կոմիտաս» երգչախումբի խմբավար, ու այս պաշտօնը պիտի վարէր մինչեւ մահը։ Ալէմշահ ներկայացուցած է Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերան, ինչպէս եւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը՝ կարգ մը ֆրանսական եկեղեցիներու մէջ։

Ալէմշահի երգերուն մէկ մասը հրատարակուած է Փարիզ՝ 1947ին։ Նոյն տարուան աշնան, այցելած է Միացեալ Նահանգները կարգ մը ելոյթներ ունենալու համար։ Հոկտեմբերին հայկական նուագախմբային եւ երգչախմբային երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը ղեկավարած է Նիւ Եորքի «Թաուն հոլ»ին մէջ։ Տիթրոյիթի մէջ, ելոյթ ունենալէ մէկ օր առաջ, սակայն, 14 Դեկտեմբեր, 1947ին, հազիւ քառասնամեայ երգահանը անհանգիստ զգացած ու մինչեւ օգնութիւն հասած՝ մահացած է սրտի կաթուածէ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ՝ Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ երգչախումբի մասնակցութեամբ։ Հանգուցեալ երաժիշտին մարմինը թաղուած է Փարիզի մէջ։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org

ԹԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱԹՈՑԸ ԴԱՐՁԱՒ ԼԻՃ
Միշիկըն եւ Սեւանայ լիճերը մեծ հեռաւորութեամբ բաժնուած են, բայց «լիճ» բառը զանոնք կը մօտեցնէ։

Ինչպէս կրնաք գուշակել, ասիկա կը պատահի, որովհետեւ անգլերէն lake եւ հայերէն լիճ բառերը նոյն աղբիւրէն կու գան։ Երկրորդ զարմիկ են, եթէ կ՚ուզէք։

Երկու բառերուն սկզբնաղբիւրը հնդեւրոպական լեզուներու նախամայրն է, որ կը կոչուի՝ նախահնդեւրոպական լեզու։ Ինչպէս գիտենք, նախահնդեւրոպական լեզուն կազմուած է վերականգնուած բառերով ու արմատներով, եւ հետեւաբար բառերը ներկայացուած են աստղանիշով, քանի որ կ՚ենթադրուի, որ գոյութիւն ունեցած են ըստ փաստերու համեմատութեան։

Արդ, նախահնդեւրոպական *lokus («լիճ, աւազան») բառը ունինք, որմէ բխած է լատիներէն lacus (“լիճ”) բառը, որ իր կարգին ծագում տուած է անգլերէն lacuna («բաց») բառին։ Սակայն, հակառակ ձեր ակնկալութեան (երեւոյթները միշտ խաբուսիկ են), lake եւ lacus բառերը իրարու հետ կապ չունին։
Անգլերէն բառին ծագումը կու գայ նախահնդեւրոպական *leǵ- բառէն, որ կը նշանակէ «կաթիլ»։ Այս բառը երկու ածանցումներ ունեցաւ նախագերմաներէնի մէջ (բոլոր գերմանական լեզուներուն, ներառեալ անգլերէնի «մայրը»)՝ *leqana («կաթիլ») and *lakō («հոսանք, աւազան»)։ Առաջինը տուած է հին անգլերէն lecan եւ անգլերէն leak բառերը, իսկ վերջինը՝ հին անգլերէն laku եւ անգլերէն lake ։

Հապա՞ մեր լիճ ը։ Նոյն նախահնդեւրոպական * leǵ- արմատը կը թուի ծագում տուած ըլլայ երկրորդական *lēgyeh ձեւին, ուրկէ լիճ բառը եկած կ՚ըլլայ։

Ի դէպ, հայերէն հազուագիւտ բառ մը կայ, որ նաեւ «լիճ» կը նշանակէ, եւ շատ աւելի նման կը հնչէ lake եւ leak բառերուն։ Հայերէն լիկ բառը կը նշանակէ «լիճ» ու «աւազան» եւ միեւնոյն *leǵ- արմատէն կու գայ։ Այնքան հազուագիւտ է, որ միայն վկայուած է գրաբար մէկ աղբիւրի մէջ՝ «Պատմութիւն Աղեքսանդրի»ի հայերէն թարգմանութիւնը, որուն հեղինակը անծանօթ է եւ որ կատարուած է Ոսկեդարուն, այսինքն՝ 5րդ դարուն։ Այս պատումը կը հաւաքէ Աղեքսանդր Մակեդոնացիի կեանքի իրական ու երեւակայական դրուագներ եւ յունարէն բնագիրէն թարգմանուած է շատ մը եւրոպական եւ ասիական լեզուներու։ Հոս է, ուրեմն, որ լիկ բառը կը գտնենք, որ մնացած է գրաբարեան բառապաշարին մէջ, անգործածական՝ արդի ժամանակներուն։

Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ  լիկ  ու  լիճ  բառերը հնդեւրոպական միեւնոյն արմատէն կու գան եւ տարբեր ձեւ կ՚ունենան։ Ահա թէ ինչու յաճախ լեզուաբանները անհամաձայն կ՚ըլլան, մինչեւ որ նոր տեղեկութիւններ կու գան լոյս սփռելու։ Իսկ եթէ որեւէ նոր տեղեկութիւն ըլլայ, ուրեմն յաւերժական անհամաձայնութեան մէջ պիտի ապրինք։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org

“CROSSROADS”Ի ԺԱՄԿԷՏԸ
Կը յիշեցնենք, որ իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի կէսօր պայմանաժամը կը լրանայ՝ նիւթեր եւ լուսանկարներ հասցնելու Հինգշաբթի օրուան “Crossroads” ելեկտրոնային լրատուին համար։ Ձեր գործակցութիւնը թոյլ կու տայ, որ “Crossroads”ի հրատարակութիւնը տեղի ունենայ ճիշդ ժամանակին։ 
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի  դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝  anec@armenianprelacy.org  կամ՝ 212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝  Շաբաթ, 8 Յունիսին։

16-18 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթընսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ։

30 Մայիս —«Հոգիիս երաժշտութիւնը» (Music of my soul), Կարինէ Պօղոսեան (դաշնակ), Zankel Hall, Carnegie Hallի մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30ին։

15 Յունիս —Գառնիկ Սարգիսեանի ազգային-յեղափոխական երգերու համերգ՝ ի պատիւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան։ Ելոյթ կ՚ունենան նաեւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը եւ «Արեգակ» երգչախումբը։ Ս. Աստուածածնի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցի, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի, երեկոյեան ժամը 7:30ին։ Տեղեկութիւններու համար՝  ARFDRO@gmail.com կամ ARSAGNOUNI@gmail.com։

30 Յունիս-7 Յուլիս —33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով, տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ։ 

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 

17 Նոյեմբեր —Կոմիտաս Վարդապետի 150ամեակի ծննդեան տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/