ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԶՈՅԳԵՐԸ ԿԱՊ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՀԵՏ
|
|
Հիւրերը հաւաքուած են Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հիւրընկալ զոյգին՝ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեանի շուրջ
|
|
Շաբաթ, 23 Մարտին, Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեան նախագահեց բացառիկ ձեռնարկի մը, որ տեղի ունեցաւ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեան ամոլին տան մէջ (Ափըլ Սէտըլ Ռիվըր, Նիւ Ճըրզի)։ Երեկոյեան նիւթը՝ «Ժողովուրդի Առաջնորդարանը», կոչուած էր համայնքի անդամները քով-քովի բերելու՝ նոր գաղափարներ ու ծրագիրներ քննարկելու, որոնք ուղղուած ըլլան ընտանիքներն ու երիտասարդութիւնը ներգրաւելու Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդարանի աշխատանքներուն նուիրուած տեսերիզ մը ցոյց տուաւ անոր լայնատարած գործունէութիւնը։ Անուշաւան արքեպիսկոպոս պատասխանեց ու նկատի առաւ բազմաթիւ հարցումներ ու թելադրանքներ։ Մտերմական մթնոլորտը մղեց շատերը արտայայտելու իրենց ցանկութիւնը՝ Առաջնորդարանին ու Եկեղեցւոյ օգտակար ըլլալու։
Առցանց ներկայութեան յաւելեալ ջանքեր ընելու թելադրանքին մասին, օրինակ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատասխանեց, թէ դաստիարակչական ու այլ բնոյթի նոր առաջարկներ արդէն իսկ ծրագրուած են ։ Ան նաեւ քաջալերեց աշխոյժ կերպով հետեւելու Առաջնորդարանի առցանց հասցէներուն եւ բաժանորդագրուելու “Crossroads”ին։
Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ Ֆիլատելֆիայի համայնքներէն հիւրեր ներկայ էին ու խոստացան նման ձեռնարկներ կազմակերպել Նիւ Եորքի եւ Ֆիլատելֆիայի մէջ՝ երկխօսութիւնը շարունակելու եւ աւելի երիտասարդ ընտանիքներ քաջալերելու, որ այս գործունէութեան մաս կազմեն։
Անուշաւան Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Չաղլասեան ամոլին այս յաջող նախաձեռնութեան համար եւ գնահատագիր մը յանձնեց, որ ի միջի այլոց կ՚ըսէր. «Շնորհակալութիւն Ազգ. Առաջնորդարանի ձեր նուիրումին եւ անոր ծառայութեան առաքելութեան ձեր աջակցութեան»։
Մինչ երեկոն իր աւարտին կը հասնէր, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ հիւրընկալներ յոյս յայտնեցին, թէ ասիկա նման շատ մը ձեռնարկներու առաջինը պիտի ըլլայ։
|
|
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատագիր մը կը յանձնէ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեանին
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՀԱՆՐԱԺՈՂՈՎԻՆ
|
|
Անուշաւան արքեպիսկոպոս պիտի մասնակցի Ուրբաթ, 29 Մարտ, երեկոյեան ժամը 6:30ին կայանալիք հանրաժողովին, ուր ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան։ Հանրաժողովը կազմակերպուած է ԱՄՆի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ եւ պիտի կայանայ էջմիածնական Առաջնորդարանի «Գաւուքճեան» սրահին մէջ (Նիւ Եորք)։ Մուտքը ազատ է, բայց կը խնդրուի արձանագրուիլ՝ գրելով
rsvp.armembassyusa@mfa.am
հասցէին։
Շաբաթ, 30 Մարտի առաւօտեան, Անուշաւան արքեպիսկոպոս բարի գալուստի հանդիպում մը պիտի ունենայ Պաշտպանութեան նախարարին հետ՝Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ
,
Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան ընկերակցութեամբ ։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ԵՒ ԼՈՆԿ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ
|
|
Անուշաւան արքեպիսկոպոս այս Կիրակի պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին եւ Արեւագալի արարողութեան Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)
Սրբազան Հայրը բացման աղօթքը պիտի կատարէ ծուխի անդամական ժողովին, որ պիտի կայանայ եկեղեցական արարողութենէն ետք։
Աւելի ուշ, Սրբազան Հայրը պիտի մեկնի Լոնկ Այլընտ՝ մասնակցելու համար Հիւս. Ամերիկայի Ս. Թովմաս Միջ-Եկեղեցական Դաշնակցութեան գործունէութեան բացումին եւ աղօթքին՝ Սալեմ Մար Թոմա եկեղեցւոյ մէջ (Տիքս Հիլլզ, Նիւ Եորք)։
|
|
ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ՝ 2-4 ՅՈՒԼԻՍԻՆ
|
|
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ, հայ մամուլին նուիրուած համաժողով մը տեղի պիտի ունենայ՝ յառաջիկայ 2-4 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
Համաժողովը, որ կ՚արձանագրուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած Հայ Մամուլի տարուան ծիրին մէջ, համահայկական բնոյթ պիտի ունենայ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մամուլի խմբագիրներու եւ մամուլի գործիչներու մասնակցութեամբ։ Պիտի քննարկուին հայկական լրատուադաշտին մերօրեայ մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական ապահովութեան խնդիրները, ապատեղեկատուութեան յարուցած դժուարութիւններն ու ընկերային ցանցերու դերը լրատուական աշխարհին մէջ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները։
Համաժողովին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմեն Կաթողիկոսարան՝ պրն. Խաչիկ Տէտէեանին, մինչեւ 15 Ապրիլ, հետեւեալ հասցէին՝
info@armenianorthodoxchurch.org
, կամ հեռաձայնին՝ +961 4 410001։ Մասնակցողները կը ստանձնեն ճանապարհածախսը, իսկ Կաթողիկոսարանը կը հոգայ կեցութիւնը։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԲԵՄԱԴՐԻՉԸ
|
|
Անուշաւան արքեպիսկոպոս կը շնորհաւորէ բեմադրիչ Կարինէ Քոչարեանին՝ «Չարլիի մօրաքոյրը» թատերախաղի ներկայացումէն ետք (Մահուա, Նիւ Ճըրզի), Շաբաթ, 23 Մարտի երեկոյեան։ «Վլատիմիր Քոչարեան» թատերախումբի այս ներկայացումը միասնաբար կազմակերպուած էր «Սփիւռքի ձայնը» հեռատեսիլի յայտագրին հետ։ Հակառակ նախապէս այլ պարտաւորութիւն մը ունենալու, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաջողեցաւ երկրորդ արարին ներկայ ըլլալ։
|
|
Կիրակի, 17 Մարտին, «Գառնըկի»ի (West 57
th
Street & Seventh Avenue, Նիւ Եորք) Weill Recital Hall համերգասրահը լեցնող բազմութիւնը վայելեց սքանչելի երաժշտութեան յետմիջօրէ մը, շնորհիւ երեք տաղանդաւոր երաժիշտներու՝ Քարա Պօղոսեան (ջութ), Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ) եւ Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։
Կը նշուէր «Միւզիքըլ Արմինիա»յի 36ամեակը՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան հովանաւորութեան տակ։
Համերգը սկսաւ Քարա Պօղոսեանի դժուար կտորի մը մեկնաբանութեամբ՝ Պախի 7 շարժումներով սուիթը, ուր օժտեալ երաժիշտը ցոյց տուաւ իր վարպետութիւնն ու ինքնավստահութիւնը։ Յայտագրի շարունակութեան մէջ, երեք արուեստագէտները մէկ մարդու պէս մեկնաբանեցին Պէթհովէնի վշտալի սոնաթ մը՝ բացառիկ որակով։
Յայտագրին մաս կը կազմէին քանի մը հայ երգահաններ, ներառեալ Կոմիտաս վարդապետը։ Կոմիտասի գործերը մեկնաբանելէ առաջ, Էդուարդ Պօղոսեան խօսք առաւ երեք արուեստագէտներուն անունով, անոնց գնահատանքը յայտնելով, ու ըսաւ. «Մեծցանք լսելով ու մեկնաբանելով Կոմիտասի երաժշտութիւնը»։ «Երկինքն ամպել ա»ի զուարթ ոգին յատուկ նկատողութեան արժանի էր։ Ներկայացուեցաւ նաեւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի հանրածանօթ «Այ վարդ»ը։
Համերգին ներկայացուեցան ժամանակակից հայ երգահաններ, որոնց շարքին՝ Տիգրան Մանսուրեանի խոհական «Չորս հայրեններ»ը եւ Էդուարդ Միրզոյեանի ոգեկոչական թաւջութակի եւ դաշնակի սոնաթը, որոնք կը ներկայացնէին ժամանակակից եւ հոգեւոր մոթիֆներու միախառնումը։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ Ե. ԿԻՐԱԿԻ – ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ
ՓԻԼԻՊՑԻՆԵՐՈՒՆ 3:1-4:9
Հետեւաբար, եղբայրնե՛րս, Տիրոջմով ուրախացէք: Նոյն բաները գրելը ինծի համար ձանձրոյթ չէ, բայց ձեզ ճշմարտութեան մէջ կը հաստատէ:
Զգուշացէք այն մարդոցմէ, այն շուներէն, որոնք չարիք կը սերմանեն՝ ստիպելով որ թլփատուիք: Իսկական թլփատուածները մե՛նք ենք, որովհետեւ Աստուծոյ Հոգիով լեցուած պաշտամունք կը կատարենք եւ միայն Քրիստոս Յիսուսի միացած ըլլալով կը պարծենանք, եւ ո՛չ թէ Օրէնքին գործադրութեամբ կամ Աբրահամի մարմնաւոր զաւակը ըլլալով: Եթէ ատոնք բաւարար ըլլային փրկուելու համար, ինծի ոչինչ պիտի պակսէր. եւ եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ թէ մարմնական այդ կապին կրնայ վստահիլ, ես աւելիով կրնամ, քանի ութօրեայ թլփատուած Իսրայէլացի մըն եմ, Բենիամինի ցեղէն, զտարիւն Եբրայեցի եւ օրինապահ Փարիսեցի: Ա՛յնքան նախանձախնդիր էի, որ Քրիստոսի եկեղեցին կը հալածէի. եւ արդար էի այնքան՝ որքան Օրէնքին անթերի գործադրութիւնը կրնար տալ: Սակայն այս բոլորը, որ ժամանակ մը առաւելութիւն կը սեպէի, հիմա վնաս կը համարեմ՝ Քրիստոսի սիրոյն համար: Եւ իրաւ, ամէն ինչ վնաս կը համարեմ՝ համեմատած այն գերազանց շահին հետ, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալն է: Այդ գիտութիւնը ունենալու համար՝ ամէն ինչ թողուցի, ոչնչութիւն սեպելով, որպէսզի Քրիստոսը շահիմ, եւ կատարելապէս անոր միանամ: Այնպէս որ, իմ արդարութիւնս այլեւս Օրէնքի գործադրութենէն չի՛ գար, այլ՝ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատքէս, եւ այդ արդարութիւնը Աստուծմէ եկած արդարութիւնն է, հիմնուած՝ հաւատքի վրայ: Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը, անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով, որպէսզի ես ալ արժանի ըլլամ մեռելներէն յարութիւն առնելու:
Չեմ ըսեր թէ արդէն յաջողած եւ կատարելութեան հասած եմ, բայց հասնելու կը ձգտիմ, որովհետեւ ճիշդ ատոր համար Քրիստոս Յիսուս զիս պահեց: Եղբայրնե՛ր, ինքզինքս դեռ կատարելութեան հասած չեմ համարեր. բայց կ’աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ, եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը, իբրեւ մրցանակ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած, Քրիստոս Յիսուսով:
Արդ, մենք որ կատարեալ ենք՝ նոյն ձեւով խորհինք: Իսկ եթէ դուք որոշ կէտերու շուրջ տարբեր կը խորհիք, Աստուած ինք ձեզ պիտի լուսաբանէ: Ամէն պարագայի, միասնաբար քալենք այն կանոններով, որոնցմով ընթացանք մինչեւ հիմա:
Եղբայրնե՛ր, ինծի՛ նմանեցէք, եւ հետեւեցէք անոնց՝ որոնք ձեզի տուած մեր օրինակով կ’ընթանան: Որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կ’ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ’ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին: Անոնց վերջը կորուստ է, որովհետեւ իրենց աստուածը իրենց փորն է: Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին: Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել:
Ուստի, սիրելի՛ եւ կարօտալի եղբայրներ, դուք՝ որ իմ ուրախութիւնս էք եւ պսակս, այսպէս ամրօրէն Տիրոջ միացած մնացէք, սիրելինե՛ր:
Եւոդիային ու Սինտիքին կ’աղաչեմ, եւ կը թելադրեմ՝ որ իրարու հետ հաշտուին, քանի Տիրոջ միացած են: Դո՛ւն ալ, ո՜վ հաւատարիմ լծակիցս, կը խնդրեմ որ օգնես այս երկու կիներուն, որովհետեւ ինծի հետ պայքարեցան Աւետարանին տարածման համար, Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ միասին, որոնց անունները Կեանքի գիրքին մէջ արձանագրուած են:
Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ’ըսեմ՝ ուրախ եղէք: Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք: Շուտով Տէրը կու գայ: Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են:
Ի վերջոյ, եղբայրնե՛ր, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի: Եւ գործքո՛վ կատարեցէք այն՝ ինչ որ ինձմէ սորվեցաք եւ ընդունեցիք, ինձմէ լսեցիք եւ իմ վրաս տեսաք. եւ Աստուած, որ խաղաղութիւն կու տայ, ձեզի հետ պիտի ըլլայ:
ՂՈՒԿԱՍ 17:20-18:14
Փարիսեցիներ Յիսուսի հարցուցին, թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Անիկա պատասխանեց.
–
Աստուծոյ թագաւորութիւնը արտաքնապէս տեսանելի նշաներով պիտի չգայ. կամ պիտի չըսեն թէ «Ահա հոս է կամ՝ հոն», որովհետեւ ահա Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ կը գտնուի:
Ապա իր աշակերտներուն ըսաւ.
–
Ժամանակ պիտի գայ, երբ դուք պիտի ցանկաք Մարդու Որդիին այս օրերէն մէկը տեսնել, բայց պիտի չտեսնէք: Եւ եթէ ձեզի ըսեն՝ «Ահա հոս է կամ հոն», մտիկ մի՛ ընէք, մի՛ հետեւիք անոնց: Որովհետեւ՝ ինչպէս կայծակը փայլատակելով կը լուսաւորէ երկնակամարին մէկ կողմէն մինչեւ միւսը, նոյնպէս պիտի ըլլայ Մարդու Որդին իր գալստեան օրը: Սակայն նախ պէտք է որ անիկա շատ չարչարանքներ կրէ եւ մերժուի այս սերունդէն: Եւ ինչպէս որ Նոյի ժամանակ Աստուծոյ պատիժը յանկարծակի վրայ հասաւ, նոյնպէս պիտի պատահի Մարդու Որդիին օրերուն ալ: Անոնք ալ կ’ուտէին, կը խմէին, այր կամ կին կ’առնէին, մինչեւ այն օրը, երբ Նոյ տապան մտաւ, եւ ջրհեղեղը եկաւ բնաջնջեց զանոնք: Կամ ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ. կ’ուտէին, կը խմէին, կը գնէին, կը ծախէին, կը տնկէին ու կը շինէին. բայց այն օրը որ Ղովտ Սոդոմը ձգեց, երկինքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բնաջնջեց բոլորը: Նոյնը պիտի պատահի այն օրը, երբ Մարդու Որդին յայտնուի:
Այդ օրը, ան որ տանիք ելած է՝ վար իջնելէ ետք թող տուն չմտնէ՝ հոն գտնուող իր գոյքերը առնելու համար: Նոյնպէս, ան որ դաշտին մէջ է՝ թող տուն չվերադառնայ ունեցածները առնելու համար: Յիշեցէ՛ք Ղովտի կնոջ պարագան: Ով որ կը ջանայ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն: Կ’ըսեմ ձեզի, այդ գիշեր եթէ մէկ անկողինի մէջ երկու հոգի ըլլան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ երկու կին միասին ցորեն կ’աղան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ արտին մէջ երկու հոգի ըլլան, անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի:
Աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.
–
Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի պատահի ատիկա:
Անիկա պատասխանեց.
–
Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ:
Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու: Եւ ըսաւ.
–
Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ’ամչնար: Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր, ըսելով․ «Իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս»: Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»:
Ապա Տէրը շարունակեց.
–
Լսեցէք թէ ի՛նչ կ’ըսէ անիրաւ դատաւորը: Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն: Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ: Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ:
Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են, եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:
–
Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:
–
Կ’ըսեմ ձեզի,- եզրակացուց Յիսուս,- մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 65:8-25
|
|
Արդէն Մեծ Պահքի կէսը անցած ենք (Չորեքշաբթի, 27 Մարտին Միջինք էր)։ Կիրակի, 31 Մարտին, Դատաւորի Կիրակի է։ Այս օրուան ընթերցումը Յիսուսի առածն է այրիի մը եւ դատաւորի մը մասին (տե՛ս վերի ընթերցումը)։ Առածին դատաւորը կը նկատուի որպէս յամառ եւ անսկզբունք, առանց Աստուծոյ երկիւղ կամ մարդոց հանդէպ կարեկցութիւն ունենալու։ Միեւնոյն քաղաքը ապրող այրի մը վատ վերաբերմունքի արժանացած է եւ դատաւորին ներկայացած՝ արդարութեան պահանջով։ Թէեւ անոր դատը արդար է, սակայն դատաւորը կարեւորութիւն չի տար։ Սակայն, ան կը յարատեւէ եւ կրկին ու կրկին միեւնոյն դիմումը կը կատարէ, մինչեւ որ դատաւորը կ՚որոշէ արդարութիւն տնօրինել, բայց ո՛չ թէ արդարութեան սիրահար ըլլալուն, այլ՝ այրիէն ձերբազատելու նպատակով։ Առածը կը պատգամէ, որ պէտք է յարատեւենք իրաւունքի ու արդարութեան մեր հետապնդումին մէջ այն վստահութեամբ, որ յարատեւութիւնը, յատկապէս՝ աղօթքի պարագային, իր հատուցումը կը ստանայ։
|
|
ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ
|
|
Շաբաթ, 30 Մարտին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Սեբաստիոյ քառասուն նահատակները։ Թէեւ քառասուն երիտասարդ զինուորներունինքնութիւնը ծանօթ չէ, կը կարծուի, որ անոնք Փոքր Հայքէն կու գային եւ ծառայած են հռոմէական բանակին մէջ։ Ըստ Ս. Բարսեղ Կեսարացիի, քառասուն քրիստոնեայ զինուորներ մերժած էին պաշտել հռոմէացի կայսրը, երբ մաս կը կազմէին Սեբաստիոյ հռոմէական կայազօրին` 320 թուականին։ Անոնք հաւատարիմ մնացած են իրենց քրիստոնէական հաւատքին, որուն համար դատի ենթարկուած են եւ դատապարտուած մահուան՝ քարկոծումով։ Հրաշքով, երբ դատավճիռը կը գործադրուէր, քարերը՝ փոխանակ դատապարտուած զինուորները հարուածելու, ետ ցատկած ու քար նետողները զարկած են։ Այնուհետեւ, զինուորները նետուած են սառած լիճի մը մէջ, ուր մնալու էին մինչեւ որ հրաժարէին իրենց հաւատքէն։ Քառասունէն միայն մէկ հոգի ետդարձ կատարած է, բայց ուրիշ զինուոր մը, տառապող քրիստոնեաներու օրինակէն մղուած` ինքզինք քրիստոնեայ հռչակած եւ ուրացողին տեղը առած է։ Ի վերջոյ, քառասուն զինուորները մահացած են։
Մեր Եկեղեցւոյ մեծ հայրերէն մէկ քանին, ինչպէս՝ Բարսեղ, Գրիգոր Նիւսացի, Եփրեմ Ասորի եւ Սիսիանոս Սեբաստացի, ներբողեաններ գրած են քառասուն նահատակներուն մասին, որոնք իւրաքանչիւր տարի Մեծ Պահքին կը յիշուին՝ Միջինքի յաջորդ Շաբաթ օրը։ Բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ աշխարհի մէջ քառասուն մանուկներու (
մանուկ
բառը թէ՛ «երիտասարդ» եւ թէ՛ «զինուոր» կը նշանակէ գրաբարով) անունը կը կրեն, ինչպէս օրինակ՝ Հալէպի հռչակաւոր Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին, որ այս Շաբաթ օր պիտի վերաօծուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ահաբեկիչներու կողմէ ծանր վնասներու ենթարկուելէ ետք ։
|
|
Մեծ Պահքի Արեւագալի արարողութիւնը իր ուրոյն գեղեցկութիւնը ունի։ Աւանդաբար, այս արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտներուն, սակայն ներկայիս ան յատկապէս՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Կիրակի օրերուն կը կատարուի՝ փակ խորանով Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք։
Քանի մը տարի առաջ, Ազգ. Առաջնորդարանը Արեւագալի շարականներուն նուիրուած խտասալիկ (CD) մը հրատարակած էր։ Հոգեկան մեծ բաւարարութիւն պատճառող եւ երաժշտական հարուստ երանգներով այս շարականներուն շարքին են՝ «Յարեւելից», «Ճգնաւորք», «Լոյս արարիչ լուսոյ» եւ «Ճանապարհ»՝ իրենց տարբերակներով։ Խտասալիկը կը ներառէ 12 էջնոց գրքոյկ մը՝ շարականներու հայերէն բնագրով, տառադարձութեամբ եւ անգլերէն թարգմանութեամբ։ Երգչախումբը կը ղեկավարէ՝ խմբավար Յարութիւն Օտապաշեանը, Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ երբեմնի խմբավար եւ Արարատեան թեմի նախկին գլխաւոր խմբավար։
Արեւագալի շարականներու նուիրուած այս խտասալիկը կը ծախուի Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութին մէջ։ Գինը՝ 10 տոլար, առաւել առաքման ծախսը։ Պատուիրելու համար, հաճեցէք գրել գրախանութին
books@armenianprelacy.org
հասցէով կամ հեռաձայնել
212-689-7810
թիւին։
|
|
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՎԱՐԻՉԸ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
|
|
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի (ANEC) գործադիր տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան հրաւիրուած է Անթիլիաս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կրթական բաժանմունքին կողմէ, իբրեւ հրաւիրեալ դասախօս արդի հայ գրականութիւն դասաւանդելու հայագիտական կեդրոնի դասընթացքին՝ 27 Մարտէն մինչեւ 5 Ապրիլ։ Դոկտ. Մատթէոսեան նաեւ պիտի դասախօսէ Անթիլիասի դպրեվանքին ու «Հայկազեան» համալսարանին մէջ եւ պիտի ներկայացնէ հրապարակային դասախօսութիւն մը։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
|
|
Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Մեծ Պահքի վեց դասախօսութիւններու շարքին չորրորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 27 Մարտին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Երեկոյեան նիւթն էր «"Լոյս"՝ կրօնական պարբերաթերթ մը», իսկ դասախօսը՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան։ Եթէ դասախօսութեան ուղղակի պատկերասփռումը չէք դիտած, կրնաք դիտել զայն՝ սեղմելով
այստեղ
։
Յաջորդ դասախօսը պիտի ըլլայ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան՝ Փրաւիտենսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, որ Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլին պիտի խօսի «Ապրիլ Խաչի աստուածային կանչը» նիւթին շուրջ։
Յայտագիրը կը հովանաւորեն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը։ Ան կը բաղկանայ երեք մասերէ՝
– եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը՝ ժամը 7:00ին
– 20 վայրկեաննոց դասախօսութիւն մը՝ ժամը 7:30ին
– ընթրիք՝ ժամը 8:00ին։
|
|
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան սեմինարի մասնակիցներուն հետ
|
|
Շաբաթ, 23 Մարտին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը կազմակերպած էր սեմինար մը Ս. Պատարագի մասին՝ 50 հոգիի մասնակցութեամբ։ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան ղեկավարեց չորս ժամ տեւող սեմինարը, ընդառաջելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի եւ հոգաբարձութեան հրաւէրին։ Սեմինարը սկսաւ Տ. Մեսրոպի կատարած եկեղեցական կարճ արարողութեամբ։
Իր ներկայացումին սկիզբը, Շանթ սարկաւագ պաշտամունքի ու Ս. Պատարագի աստուածաշնչական հիմքը տուաւ։ Այնուհետեւ, ան ներկաները առաջնորդեց պատարագի տարբեր հանգրուաններէն՝ անհրաժեշտ մեկնաբանութիւններով, որոնց կ՚ընկերանային պատարագէն նկարահանուած բաժիններ եւ մանրամասն ուրուագիծ մը՝ Առաջնորդարանի Ս. Պատարագի հատորի օժանդակութեամբ։ Ներկայացումը ճոխացաւ զուգընթաց հարցումներով եւ քննարկումներով։
|
|
“SALT & LIGHT”
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ
|
|
Շաբաթ, 23 Մարտին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն) “
Salt and Light”
պատանեկան խումբը հանդիպեցաւ՝ Ս. Պատարագի մասին սորվելու համար, աւելի 40 պատանիներու ներկայութեամբ։ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան խօսեցաւ պատարագի իմաստին ու կարեւորութեան մասին Հայց. Եկեղեցւոյ եւ մեր հաւատքին մէջ։ Ան ներկայացուց պատարագի ծագումը՝ Յիսուսի ու իր աշակերտներուն Վերջին Ընթրիքէն, խօսելով անոր երաժշտութիւնը յօրինող սուրբերուն մասին։ Տէր Հայրը շեշտեց Ս. Պատարագին մասնակցելու եւ հաղորդութիւն ստանալու կարեւորութիւնը։
|
|
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑ Է
|
|
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի կազմակերպումը արդէն ընթացքի մէջ է։ Կրօնական դաստիարակութեան այս եզակի ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութիւնն է։ Ան տեղի պիտի ունենայ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ, 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել
այստեղ
։
|
|
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
|
|
«Հայաստանի Ծառատունկ ծրագրի» ղեկավարները Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ
|
|
Ժան-Մարի
Բաբելեան՝ «Հայաստանի Ծառատունկ ծրագրի» գործադիր տնօրէնուհի, շնորհակալութիւն կը յայտնէ Անուշաւան արքեպիսկոպոսին, որ խոստացաւ ծառեր տնկել Հայաստանի մէջ այդ կազմակերպութեան միջոցով
|
|
«Հայաստանի Ծառատունկ ծրագրի» (ATP) գործադիր տնօրէնուհի՝ Ժան-Մարի Բաբելեան եւ փոխտնօրէն Ճէյսըն Սողիկեան այցելեցին Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ աշակերտներուն խօսեցան կազմակերպութեան ու Հայաստանի բնական ժառանգութեան մասին։ «Հայաստանի Ծառատունկ ծրագիր»ը, որ ներկայիս իր 25ամեակը կը նշէ, կարեւոր դեր մը խաղացած է Հայաստանի միջավայրի պահպանման մէջ։ Կազմակերպութիւնը հազարաւոր ծառեր տնկած է՝ ապրուստի մակարդակը բարելաւելու եւ միջավայրը պահպանելու համար։ Ան նաեւ միջավայրային դաստիարակութիւն կը հայթայթէ եւ իրագործելի (sustainable) զարգացման նախաձեռնութիւններու կ՚աջակցի։
|
|
«Մուրատ» ազգ. վարժարանի աշակերտները աշխարհի տարբեր տեղեր տպուած հայկական թերթերու մասին որմազդեր ստեղծեցին
|
|
Փրաւիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Մուրատ» ազգ. վարժարանի աշակերտները կը տօնեն Հայ Մամուլի Տարին՝ հետազօտելով հայկական պարբերականներ, որոնք կը հրատարակուին Հայաստանի, Արցախի, Պէյրութի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Պոլսոյ, Իրանի եւ Եգիպտոսի մէջ։ Թերթերու լուսանկարներու որմազդեր պատրաստելու կողքին, անոնք նաեւ պատրաստեցին առաջին հայ տպագիր գիրքի, առաջին Աստուածաշունչի եւ առաջին թերթի որմազդ մը։ Իրենց հետազօտութիւնը նուիրելով մամուլի տարուան, անոնք մեծապէս ճոխացուցին իրենց գիտելիքները, անդրադառնալով ի մասնաւորի, որ ընկերային ցանցերը եւ համացանցը լրատուութեան միակ աղբիւրները չեն։
|
|
«ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ»՝ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխը առիթը ունեցաւ դիտելու Խրիմեան Հայրիկի նուիրուած ու եւ դոկտ. Հրանտ Մարգարեանի գրած ու բեմադրած մենախօսութիւնը, զոր ցարդ ներկայացուցած է Հայաստանի, Արցախի, Կիպրոսի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ։
Շատերը լսարանին մէջ համաձայն էին, թէ կարծէք նոյնինքն Հայրիկը կը խօսէր, յատկապէս հռչակաւոր «երկաթէ շերեփ»ի քարոզի պահուն։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներ մասնակցեցան կարգ մը տեսարաններու։ Աւարտին, Անուշաւան Սրբազան Հայրը խորապէս գնահատեց դոկտ. Մարգարեանի՝ հայ մշակոյթի ու հայ լեզուի ամբողջական նուիրումի օրինակելի երեւոյթը։
|
|
ՀՄԸՄ-Ի ՍԿԱՈՒՏՆԵՐԸ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
|
|
ՀՄԸՄի սկաուտները եւ Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ)։ Սկաուտները Ուրբաթ, 22 Մարտին մասնակցեցան եկեղեցւոյ Մեծ Պահքի արարողութեան եւ կարդացին «Հաւատով խոստովանիմ»ը
։
|
|
«ՏԱԹԵՒԻԿ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՒ «ՆԱՅԻՐԻ» ՊԱՐԱԽՈԻՄԲԻ ԵԼՈՅԹԸ
|
|
Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Տաթեւիկ» մանկական երգչախումբը եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը ելոյթ ունեցան ՀՕՄի Նիւ Եորքի «Էրեբունի» մասնաճիւղի «Vision 2020» մշակութային ձեռնարկին։ Մանկական երգչախումը հիացուց շուրջ 200 հանդիսատեսները, իսկ «Նայիրի» պարախումբը հայկական աւանդական պարերու բուն գեղեցկութեան վայելքը տուաւ անոնց։
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան յայտագրի աւարտին անդրադարձաւ ելոյթներուն եւ ՀՕՄի կարեւոր դերակատարութեան համայնքին մէջ։
|
|
Ալեքսանդր Յարութիւնեան (մահ՝ 28 Մարտ, 2012)
|
|
Երգահան Ալեքսանդր Յարութիւնեան ծնած է Երեւան, Սեպտեմբեր 23, 1920ին։ Հայրը՝ Գրիգոր Յարութիւնեան, զինուորական մըն էր։ Մտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցի մանկական խումբը 1927ին, իսկ 1934ին ընդունուած՝ երաժշտանոցը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին։ 1941ին գրած է առաջին գործը՝ “Impromptu”, թաւջութակի եւ դաշնակի համար։ Պատերազմէն ետք փոխադրուած է Մոսկուա, մասնակցելով Հայ Մշակոյթի Տան աշխատանոցներուն մէջ (1946-1948), Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ ուսանած շրջանին, զոր աւարտած է 1948ին։
1949
ին Յարութիւնեան շահած է «Ստալին» մրցանակը «Հայրենիք» քանթաթին համար, զոր գրած էր երբ կ՚ուսանէր Մոսկուայի երաժշտանոցը։ Միեւնոյն տարին, ան յօրինած է «Տօնական» նախաբանը, իսկ յաջորդ տարին՝ «Հայկական ռապսոդիա»ն (Առնօ Բաբաջանեանի հետ)։ 1950ին ամուսնացած է Իրինա (Թամարա) Օտենովայի հետ եւ երկու զաւակ ունեցած։
Վերադառնալով Երեւան, 1954-1991ին Յարութիւնեան Հայֆիլհարմոնիայի գեղարուեստակնան ղեկավարն էր։ Անոր գործերուն գնահատանքը շարունակուած է։ Անոնցմէ շատեր ներշնչուած են հայ երաժշտութեան ժողովրդական աւանդութիւններէն, ինչպէս «Ասք հայ ժողովրդի մասին» (1961) երգային համանուագային պոէմը։ 1960ական թուականներուն Յարութիւնեան հակած է դասական ձեւերու եւ աւելի յստակ հնչերանգներու։
Երգահանը գրած է 13 համերգներ տարբեր գործիքներու համար։ 1950ի շեփորի համերգը զինք ծանօթ անուն դարձուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 1988ին յօրինած է «Հայաստան-88» համերգը ջութակի եւ լարային նուագախումբի համար, որ ներշնչուած էր Սպիտակի երկրաշարժէն։
Գրած է նաեւ «Սայաթ-Նովա» օփերան, օգտագործելով մեծ աշուղի երգերէն մէկ քանին (1968), «Հայրենիքիս հետ» երգ-քանթաթը՝ ըստ Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւններուն (1969) եւ «Յուշարձան մայրիկիս» շարքը՝ ըստ Յովհաննէս Շիրազի բանաստեղծութիւններուն (1969)։
Անոր բեղուն արտադրութիւնը կ՚ընդգրկէ թատրոնի եւ շարժապատկերի երաժշտութիւն, ներառեալ «Սիրտը երգում է» (համահեղինակ՝ Կոստանդին Օրբելեան, 1956) եւ «Նահապետ» (1977) ֆիլմերը։
Ալեքսանդր Յարութիւնեան 1962ին Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի, իսկ 1970ին՝ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսները ստացած է։ 1970ին եւս սկսած է դասաւանդել «Կոմիտաս» երաժշտանոցին մէջ (Երեւանի պետական երաժշտանոց)։ Փրոֆեսորի տիտղոսը ստացած է 1977ին եւ շարունակած աշխատիլ՝ մինչեւ 2008։ Անկախութենէն ետք ալ, ան պարգեւուած է մետալներով եւ շքանշաններով։ 1987ին Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոսը ստացած էր։
Շարունակած է արտադրել մինչեւ իր վերջին տարիներր։ Վերջին գործը «Երեխաների ալպոմ»ն էր՝ դաշնակի համար (2004)։
Ալ. Յարութիւնեան իր մահկանացուն կնքած է 28 Մարտ, 2012ին, Երեւանի մէջ։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։
|
|
ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
|
|
. . . գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։
Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “Crossroads”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ Հաճոյքով պիտի հրատարակենք ձեր նամակները։
|
|
«Սիամանթօ» լսարանի
դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝
anec@armenianprelacy.org
կամ՝ 212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝
Շաբաթ, 13 Ապրիլին։
29 Մարտ
—Ժողովրդային հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար՝ պրն. Դաւիթ Տօնոյեանի հետ, կազմակերպութեամբ՝ ԱՄՆի ՀՀ դեսպանատան։ Երեկոյեան ժամը 6:30, «Գաւուքճեան» սրահ, Էջմիածնական թեմի Առաջնորդարան, 630 Second Avenue, NYC։ Տեղ ապահովելու համար, գրեցէ՛ք
rsvp.armembassyusa@mfa.am
հասցէին։
30 Մարտ
—ՀՕՄի «Ակնունի» եւ «Պերկըն» մասնաճիւղերը եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը կը ներկայացնեն «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոն, որ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100ամեակին։ Տեղի կ՚ունենայ սուրիական եկեղեցւոյ մէջ, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի։
1-2 Ապրիլ
—«Մէրի Թ. Քլարք» ձեռնարկ (Reid Castle, Մանհաթընվիլ գոլէճ, Փըրչէյս, Նիւ Եորք)։ Տարբեր բանախօսներ պիտի քննարկեն «Յետ-ճշմարտութեան աշխարհի մը մէջ ապրիլ» նիւթը։ Ձեռնարկը կը վերջանայ 2 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:00ին, տարեկան «Մէրի Թ. Քլարք» դասախօսութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։ Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնեցէք 315-731-0958 թիւին։
7 Ապրիլ
—Դոկտ. Մելինէ Անումեանի “Acknowledgment and Condemnation: The Trials of Young Turks in 1919-1921 and 1926” գիրքը կը ներկայացնէ հեղինակը՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Կազմակերպութեամբ՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան։ Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ, ժամը 1։00ին։
7 Ապրիլ
—«Մեր արմատները գտնելու համար՝ տոհմաբանութիւն», դասախօսութիւն՝ Ճորճ Աղճայեանի (անգլերէն), Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին՝ ճաշէ ետք։
7 Ապրիլ
—Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 85ամեակի նշում եւ ճաշկերոյթ։ Կը պատարագէ ու կը քարոզէ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, առաւօտեան ժամը 10ին։
12-14 Ապրիլ
—Ս. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը կազմակերպած է Արթըր Փինաճեանի (1914-1999) գործերու ցուցադրութիւն՝ Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ, Նիւ Եորք։ Վաճառքի եկամուտին մէկ մասը պիտի յատկացուի դպրոցին։
24 Ապրիլ
—«Քայլարշաւ՝ Արդարութեան համար», յիշելով Հայկական Ցեղասպանութեան Նահատակները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Անուշաւան արք
․
Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ։ Ս
․
Պատարագ՝ ժամը 10։00ին, Ս
․
Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 E. 27
th
Street, New York City։ Քայլարշաւը կը սկսի ժամը 12։30ին, Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան։
27 Ապրիլ
—Հայկական Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի յիշատակում Քենեթիքըթի Hall of the House-ի մէջ, State Capitol, 210 Capitol Avenue, Hartford, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ Սալբի Ղազարեան, տնօրէն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական Ուսմանց Հիմնարկին։
5 Մայիս
—Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակի ճաշկերոյթ՝ «60 տարի՝ սերունդէ սերունդ» բնաբանով, եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին Կարապետեան, Միրաքեան, Նաճարեան եւ Սարաճեան ընտանիքները։
16-18 Մայիս
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթընսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ։
30 Յունիս-7 Յուլիս
—33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։
9-12 Հոկտեմբեր
—Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
12 Հոկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։
17 Նոյեմբեր
—Կոմիտաս Վարդապետի 150ամեակի ծննդեան տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|