7 Մարտ, 2019
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ, 
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻ ԱՌԻԹՈՎ
Հինգշաբթի , 28 Փետրուարին , Վարդանանց տօնի առթիւ , թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ . Տ . Անուշաւան արք . Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց Ռիճֆիլտի ( Նիւ Ճըրզի ) Ս . Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Խորանին վրայ կը ծառայէին Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան եւ նորօծ Տ. Վահան քնհյ. Գույումճեան, որ կը ծառայէ իբրեւ արտահաս եկեղեցական։ Պատարագին ներկայ էին նաեւ Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան եւ Պեթեստայի (Մէրիլէնտ) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուքեան։
 
Ամէն տարուան պէս, Ս. Պատարագին կը մասնակցէին «Յովնանեան» վարժարանի 4-8րդ դասարաններու աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնուհիին հետ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, աշակերտներն ու հաւատացեալները մասնակցեցան ճաշկերոյթի մը, զոր կազմակերպած էր եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը, ուր աշակերտները յաւուր պատշաճի երգերէ եւ արտասանութիւններէ բաղկացած յայտագիր մը ներկայացուցին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն նուիրումը հայ մշակոյթին հանդէպ։  
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ 
Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ը յիշատակելի օր մը եղաւ Փրովիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց Անուշաւան արքեպիսկոպոս։ Եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութեան խորհուրդը աւելի իմաստալի դարձաւ շնորհիւ դպիրի եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութեան՝ ձեռամբ Սրբազան Հօր։ 
 
Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գաբրիէլ Նազարեանի խնդրանքով, փոքրիկն Պետրոս Փիթըր Զէյթունեան դպիր ձեռնադրուեցաւ, ստանալով եկեղեցւոյ չորս փոքր աստիճանները։ Սրբազան Հօր այցելութիւնը ա՛լ աւելի յատկանշական դարձաւ եկեղեցւոյ խորանին ծառայող երկու պատանիներու՝ Արմէն Եկեանի եւ Ներսէս Տօնոյեանի ուրարակիր ձեռնադրութեամբ։ Աւարտին, Սրբազան Հայրը ոգեշունչ քարոզ մը տուաւ, շեշտելով, թէ մենք բոլորս անխտիր, որպէս Աստուծոյ կամքը կատարող Քրիստոսի կամաւոր զինուորներ, պէտք է մղենք այն հոգեւոր պատերազմը, որ մեր առաջ դրուած է, գօտեպնդուած՝ Վարդանանց հերոսներու անխախտ հաւատքով ու վճռակամութեամբ։ 
 
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ «Արամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ Տիկնանց Միութեան եւ Արանց Ակումբի պատրաստութեամբ։ Բացման խօսքը կատարեց հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ՝ պրն. Յակոբ Տօնոյեան։ Ճաշի սպասարկութենէն ետք խօսք առաւ ատենապետը՝ պրն. Ճէյսըն Սիմոնեան, որ շնորհաւորեց  ձեռնադրուող դպիրին եւ ուրարակիրներուն ընտանիքները եւ օրուան պատուոյ հիւրը՝ պրն. Սթիւ Էլմասեանը։
 
«Մուրատ» ազգ. վարժարանի բարձրագոյն կարգերու աշակերտները, ղեկավարութեամբ՝ երաժշտութեան ուսուցչի Ռաֆֆի Ռշտունիի, կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին։
 
Արժ. Տ. Գաբրիէլ Նազարեան, իր շնորհաւորական խօսքը յայտնելէ ետք ձեռնադրուող դպիրին, կիսասարկաւագներուն եւ անոնց ծնողներուն, ներկայացուց պրն. Ս. Էլմասեանի կենսագրականը, վեր առնելով անոր բարեմասնութիւնները որպէս լրագրող եւ ժրաջան ու հաւատարիմ ծառայող՝ եկեղեցւոյ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մէջ։ Սրբազան Հայրը պրն. Էլմասեանին յանձնեց յուշատախտակ մը, գնահատելով անոր երկարամեայ նուիրումը Փրովիտընսի գաղութին։ 
 
Հանդիսութեան աւարտին, Անուշաւան Սրբազան շնորհաւորեց Փրովիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ընտանիքը, որուն կենսունակութիւնը յատուկ գնահատանքի արժանի է։ Ան յայտնեց իր հիացմունքը աշակերտներուն նկատմամբ, անոնց մէջ տեսնելով շարունակողները՝ մեր հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային արժէքներուն։  
ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ՝
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հռչակուած Հայ Մամուլի տարուան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ հայ մամուլի նուիրուած համահայկական համաժողով մը, 2-4 Յուլիս, 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
 
Համաժողովը պիտի ունենայ համահայկական բնոյթ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մամուլի խմբագիրներու եւ մամուլի գործիչներու մասնակցութեամբ։
 
Համաժողովը պիտի քննարկէ հայկական լրատուադաշտին այսօրուան մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները, ապատեղեկատուութեան յարուցած դժուարութիւնները ու ընկերային ցանցերու ունեցած դերը լրատուական աշխարհին մէջ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերաիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները։
 
Համաժողովին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմեն Կաթողիկոսարան՝ պրն. Խաչիկ Տէտէեանին, մինչեւ 15 Ապրիլ, հետեւեալ հասցէին՝ info@armenianorthodoxchurch.org , կամ հեռաձայնին՝ +961 4 410001։

Տ. ՎԱՐԴԱՆ ՔՀՆՅ. ԳԱՍԱՊԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ
Կիրակի, 10 Մարտին, լուսահոգի Տ. Վարդան քհնյ. Գասապեանի մահուան տասնամեակը կը նշուի։ Այս առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ, որուն ան ծառայած էր վեց տարի իբրեւ հոգեւոր հովիւ, երբ անժամանակ մահը վրայ հասաւ 50 տարեկանին։
 
Տէր Հայրը քրիստոնէական հաւատքի եւ Հայց. Եկեղեցւոյ փայլուն պաշտպան մըն էր։ Անոր ընկերային անհատականութիւնը զինք ճանչցողներուն մէջ սէր ու յարգանք կը յառաջացնէր։ Տէր Վարդանը “Crossroads”ի առաջին աջակիցներէն էր, որուն յաճախ աշխատակցած էր խորհրդածութիւններով ու աղօթքներով։
 
Կ՚աղօթենք, որ Տէրը լուսաւորէ անոր հոգին եւ մխիթարէ անոր սիրասուն ընտանիքը։
«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ» 2019
1982էն ի վեր Ազգային Առաջնորդարանը կը ներկայացնէ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգը՝ հայազգի բազմաթիւ տաղանդաւոր արուեստագէտներ բերելով լուսարձակի տակ։ Այս տարուան համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Ասիկա շարքի 36րդ համերգն է, որուն պիտի մասնակցին Քարա Պօղոսեան (ջութ), Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ) եւ Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։

Քարա Պօղոսեան պրոնզէ մետալ ստացած է «Ֆիշոֆ» սենեկային երաժշտութեան ազգային մրցոյթին, որ նմանօրինակ ամենամեծ մրցոյթն է աշխարհի մէջ։ Ան վերջերս ելոյթ ունեցած է NPR ռատիոկայանի “From the Top” յայտագրին մէջ։ Ան ներկայիս «Քըրթիս» երաժշտական հիմնարկի երկրորդ տարուան ուսանող է եւ Հ.Բ.Ը.Մ.էն կրթաթոշակ ստացած։

«Ճուլիըրտ» դպրոցի համերգի մրցոյթի յաղթական հանդիսանալուն՝ Էդուարդ Պօղոսեան ելոյթ ունեցած է դպրոցի նուագախումբին հետ՝ Նիւ Եորքի «Լինքըն» կեդրոնի եւ Շիքակոյի «Հարրիս» թատերասրահին մէջ։ Պօղոսեան ուսանող է Պելճիքայի «Էլիզապէթ թագուհի» երաժշտական մատուռին մէջ եւ «Ճուլիըրտ» դպրոցի շրջանաւարտ է։

Յայտագրին մաս կը կազմեն Պախի, Պէթհովէնի, Պրամզի, Կոմիտաս վարդապետի, Միրզոյեանի եւ Սպենդիարեանի գործեր։ Համերգը տեղի պիտի ունենայ «Գառնըկի»ի Weill Recital Hall սրահին մէջ (West 57 th Street & Seventh Avenue, Նիւ Եորք)։ Տոմսակները (25 տոլար) կարելի է ապահովել «Գառնըկի» սրահէն (212-247-7800) կամ Ազգ. Առաջնորդարանէն (212-689-7810)։

Առաջնորդարանը այս տարեկան համերգը կը ներկայացնէ իբրեւ համայնքի գեղարուեստական իրագործումներու նպաստ մը, մեծ մասամբ շնորհիւ խումբ մը նուիրեալ հովանաւորներու, որոնք ամէն տարի իրենց նիւթական օժանդակութիւնը կը բերեն՝ ծախսերը հոգալու եւ տոմսակներու գինը մատչելի պահելու համար։

«Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւոր դարձէք
«Միւզիքըլ Արմինիա»ն հաստատուած է 1982ին, հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Յանձնախումբի ջանքերով։ Ան նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներու համբաւը եւ հայ երգահաններու երաժշտութեան մեկնաբանութիւնը տարածելու։ Անցնող 37 տարիներուն, տարեկան այս համերգներուն մասնակիցներէն շատերը ամուր դիրք հաստատած են երաժշտական ասպարէզին մէջ։ 

Ինչպէս ըսինք, տարեկան այս համերգներուն մուտքի գինը մատչելի մնացած է շնորհիւ՝ հովանաւորներու աջակցութեան։ Դուք կարեւոր նպաստ մը կրնաք բերել տաղանդաւոր երաժիշտներու զարգացումին ու յաջողութեան՝ իբրեւ հովանաւոր։ Նուիրատուներուն անունները հետեւեալ կարգով կը յիշուին համերգի յայտագրին մէջ.
Diamond $1.000        Platinum $500           Gold $300      Silver $200

Diamond, Platinum, եւ Gold հովանաւորները երկու անվճար տոմսակներ կը ստանան։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու կամ «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւոր դառնալու համար, հաճեցէք կապ հաստատել՝ իմակով ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810 x 26), Սոֆիին հետ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ Բ. ԿԻՐԱԿԻ – ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:1-13


Ուստի, եղբայրնե՛ր, քանի Աստուած ա՜յնքան ողորմած եղաւ մեզի հանդէպ, կ’աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը: Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ:

Ինծի տրուած Աստուծոյ շնորհքով հետեւեալ պատուէրը կու տամ իւրաքանչիւրիդ.- Մեծամիտ մի՛ ըլլաք. ընդհակառակը, միշտ համեստ եղէք եւ միայն Աստուծմէ ձեզի տրուած հաւատքին չափով գնահատեցէք դուք ձեզ: Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն, այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով, մենք բոլորս մէկ մարմին ենք: Թէպէտ որպէս անդամներ իրարու կապուած ենք, բայց Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք: Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունինք՝ պէտք է պատգամենք մեր հաւատքին համեմատ: Եթէ ծառայելու շնորհքը տրուած է՝ պէտք է ծառայենք: Եթէ ուսուցանելու ձիրքը ունինք՝ պէտք է ուսուցանենք: Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք՝ պէտք է յորդորենք: Իր ունեցածը ուրիշներուն բաժնողը առատօրէն թող բաշխէ: Վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի: Ողորմութիւն ընողը խնդութեամբ թող ընէ:

Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ: Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք: Եղբօր պէս իրար սիրեցէք գորովանքով: Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք: Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու: Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք: Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք: Կարիքի մէջ եղող եղբայրներուն օգնեցէք եւ միշտ հիւրասէր եղէք:


ՄԱՏԹԷՈՍ 5:17-48

  Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու: Հաստատ գիտցէք, որ բոլոր Օրէնքն ու մարգարէութիւնները կէտ առ կէտ պիտի իրականանան՝ առանց բառ մը իսկ դուրս ձգելու, մինչեւ գայ այն օրը, երբ այս երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին: Ով որ ամենափոքր պատուիրանն իսկ զանց ընէ եւ ուրիշներուն ալ այդպէս սորվեցնէ, երկինքի արքայութեան մէջ յետինը պիտի նկատուի: Իսկ ով որ գործադրէ պատուիրանները եւ ուսուցանէ, մեծ պիտի ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ: Կ’ըսեմ ձեզի.- Եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ՝ պիտի չմտնէք երկինքի արքայութիւնը:

Լսեր էք որ անցեալին ըսուած է. «Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի: Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի: Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ:

Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս: Վստահ եղիր, թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես:

Լսեր էք որ ըսուած է. «Մի՛ շնար»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ անոր հետ: Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք ձգուիս: Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք ձգուիս:

Ըսուած է նաեւ. «Ով որ իր կինը կ’արձակէ, անոր արձակման թուղթ թող տայ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Ան որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը կ’արձակէ, ինք պատճառ կը դառնայ անոր շնութիւն ընելուն: Նոյնպէս, շնութիւն ըրած կ’ըլլայ ան՝ որ կ’ամուսնանայ արձակուած կնոջ հետ:

Լսեր էք նաեւ որ անցեալին ըսուած է. «Երդմնազանց մի՛ ըլլար, այլ կատարէ ինչ որ երդուած էիր Տիրոջ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Բնաւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գահն է, ո՛չ երկրի վրայ՝ որովհետեւ անոր ոտքին պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որովհետեւ Մեծ Թագաւորին՝ Աստուծոյ քաղաքն է, եւ ո՛չ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մազ մը իսկ ճերմկցնել կամ սեւցնել: Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ: Անկէ աւելին չարէն կու գայ:

Լսեր էք որ ըսուած է. «Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին: Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր: Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր: Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա: Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տո՛ւր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ՝ երես մի՛ դարձներ:

Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն: Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ: Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել: Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ’ըլլաք: Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 33:2-22
Ս. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԶՕՐԱՎԱՐ
Շաբաթ, 9 Մարտին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշատակէ Թէոդորոս զօրավարը, որ հռոմէական բանակին կը ծառայէր Լիկինիոս կայսեր օրերուն։ Թէոդորոսը ծնած էր քրիստոնէական ընտանիքի մը ծոցին մէջ եւ կրօնաշունչ դաստիարակութիւն ստացած։ Ան ծանօթ էր իր քաջութեամբ եւ յատկապէս՝ մարդիկ ու կենդանիներ ահ ու սարսափի մատնող օձ մը սպաննելուն համար։ Սուրով զինուած, Թէոդորոս աղօթած էր Տիրոջ եւ օձը ոչնչացուցած։ Հերակլէայի (Թրակիա) հրամանատար նշանակուելով, ան իր զինուորական պարտականութիւնները համադրեց Աւետարանի քարոզչութեամբ։ Շուտով գրեթէ ամբողջ քաղաքը քրիստոնեայ դարձած էր։ Լիկինիոս կայսրը սկսաւ հալածանքը քրիստոնեաներու դէմ եւ Թէոդորոս անոր գլխաւոր թիրախներէն մէկը դարձաւ։ Ան ձերբակալուեցաւ եւ քրիստոնէութենէ հրաժարելու պարագային ստոյգ մահապատիժէ ազատելու առիթը ունեցաւ, զոր մերժեց, նահատակուելով Հերակլէայի մէջ 319 թուականին։ 
ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Երկուշաբթի օր, Մեծ Պահքի շրջանը սկսաւ, եւ եկեղեցին մռայլ, սգաւոր ու ապաշխարող կերպարանք մը ստացաւ։ Անցեալ Կիրակիէն, որ Բուն Բարեկենդան էր, խորանը փակ է, խորհրդանշելով Ադամի ու Եւայի վտարումը Դրախտէն (Ծննդոց, գլ. 2 եւ 3)։

Ս. Պատարագի ընթացքին, հաղորդութիւն չի տրուիր։ Ապաշխարութեան եւ խորհրդածութեան շրջան մըն է՝ դէպի Յարութիւն ընթացող մեր հոգեւոր ճամբորդութեան ընթացքին։ Աղօթքով ու պահեցողութեամբ կ՚աշխատինք Աստուծոյ հաճելի ըլլալ եւ արարչագործութեան անմեղութիւնը վերականգնել։

Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր Կիրակի նիւթ մը ունի։ Այս Կիրակի Արտաքսման Կիրակի է։ Օրուան պատգամը շարունակութիւնն է վերջին Կիրակի օրուան Բարեկենդանի նիւթին, այսինքն՝ Ադամ ու Եւայի շնորհազրկումն ու Դրախտէն վտարումը։ Մեծ Պահքի առաջին երկու Կիրակիներուն երգուող շարականները մեզի կը յիշեցնեն արտաքսումը, եւ մեղաւորներուն առիթը կու տան արժանաւոր ըլլալու՝ ապաշխարութեան միջոցով։

«Որ զօրէնս սրբութեան պահոց նախ ի դրախտին աւանդեցեր, զոր ոչ պահելով նախաստեղծիցն ճաշակմամբ պտղոյն ճաշակեցին զդառնութիւն մեղաց եւ մահու. վասն որոյ շնորհեա մեզ Տէր ճաշակել զքաղցրութիւն քոց պատուիրանաց» (Արտաքսման Կիրակին երգուող կանոնէն)

(Սուրբ պահքի օրէնքը նախ դրախտին մէջ աւանդեցիր, զոր նախաստեղծները պտուղին ճաշակմամբ չպահելով, մեղքի եւ մահուան դառնութիւնը ճաշակեցին. ուստի Տէր, պատուիրաններուդ քաղցրութեան ճաշակումը շնորհէ մեզի)։
ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ՍԿՍԱԾ Է
Մեծ Պահքը սկսաւ Երկուշաբթի, 4 Մարտին։ Մեծ Պահքը եկեղեցական տօնացոյցի ամենէն երկար պահեցողութեան շրջանն է։ Բարեկենդանը կը սկսի անմիջապէս յաջորդող Երկուշաբթին եւ կ՚երկարի 40 օրերու վրայ՝ մինչեւ Ղազարի յարութեան նշումը՝ Ծաղկազարդը նախորդող Շաբաթ օրը։ Յաջորդ պահքի շրջանը կը զուգադիպի Աւագ Շաբթուան հետ։
 
Մեծ Պահքը՝ աղօթքի, քաւութեան, պահեցողութեան եւ բարեպաշտութեան ժամանակաշրջան մը, խիստ անձնական հոգեկան ճամբորդութիւն մըն է, որուն հիմքը Քրիստոսի անապատին մէջ անցուցած 40 օրն է՝ մկրտութենէն ետք։
 
«Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մատթէոս 4:1-2)

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ՝ ՊԱՀՔԻ ՇՐՋԱՆԻՆ
Պահքի շրջանին, ընկերային ձեռնարկներ ու տօնախմբութիւններ (ներառեալ՝ հարսանիքներ) տեղի չեն ունենար, որովհետեւ Պահքը աղօթքի, խորհրդածութեան եւ ներհայեցողութեան ժամանակաշրջան մըն է՝ Մեր Տիրոջ յարութեան նախապատրաստուելու համար։ Կը թելադրենք մեր հաւատացեալներուն եւ եկեղեցւոյ հետ կապուած բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ այս աւանդութիւնը յարգեն՝ ձեռնարկներ ծրագրելու ժամանակ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ՍԿՍԱՒ ԵՐԷԿ
Մեծ Պահոց շրջանը Երկուշաբթի, 4 Մարտին սկսաւ։ Ըստ աւանդութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի յայտագիրը պիտի կատարուի Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իրերայաջորդ վեց շաբաթներ։
 
Յայտագրին մաս կը կազմեն՝
– եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը՝ ժամը 7:00ին,
– 20 վայրկեաննոց դասախօսութիւն մը՝ ժամը 7:30ին
– ընթրիք՝ ժամը 8:00ին։ 

Առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուեցաւ երէկ, Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, նախագահութեամբ՝ թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Խօսք առաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Հաղորդակցութեան եւ Հրատարակութիւններու բաժնի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Այրիս Փափազեան, որ խօսեցաւ «Փոփոխութեան մարտահրաւէրը. եկեղեցին ու մամուլը թուային դարաշրջանին» նիւթով։

Տիկ. Փափազեան յայտնեց. «Բոլորովին տարբեր աշխարհի մը մէջ կ՚ապրինք, եւ որպէս եկեղեցի, պէտք է տրամադրելի նոր արհեստագիտութիւնն ու գործիքները առնենք ու յարմարցնենք մեր օգտին, ինչպէս որ առաջին քրիստոնեաները ըրին»։ Ան շարունակեց. «Մեր պատգամը իբրեւ քրիստոնեայ Եկեղեցի երբեք չի կրնար փոխուիլ, բայց այդ պատգամը հաղորդելու մեթոտները կրնան եւ պէտք է փոխուին՝ ժամանակին յարմարելու համար»։ Իր բանախօսութիւնը սկսելէ առաջ, տիկ. Փափազեան նշեց, թէ այս դասախօսութիւնները շարքերը սկսած են 1979ին, ու այս տարի անոնց 40ամեակը կը նշուի։ Շարքը սկսած էր հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանը, եւ տարիներու ընթացքին ծանօթ եկեղեցականներու, աստուածաբաններու, պատմաբաններու եւ գիտնականներու մասնակցութիւնը վայելած է։

Երէկ գիշերուան դասախօսութիւնը ուղղակի տեսագրուած էր։ Եթէ լուր չունէիք, հապա հիմա սեղմեցէք այստեղ դիտելու համար։

Չորեքշաբթի, 13 Մարտին, պիտի դասախօսէ Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան՝ «“Ինծի դարձէք ձեր ամբողջ սրտով” (Յովել 2:12)» նիւթով։

Յաջորդ դասախօսները պիտի ըլլան՝
– Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան (20 Մարտ)
– Տ. Ներսէս քհնյ. Մանուկեան (27 Մարտ)
– Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան (3 Ապրիլ)
– Փրոֆ. Շոպան Նաշ-Մարշալ (10 Ապրիլ)։

Յայտագիրը կը հովանաւորեն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը։ 
ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Թէեւ Արեւագալի ժամերգութեան ակնարկութիւնները Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ կը հասնին 7րդ դարուն, ժամերգութեան այսօրուան ձեւը կը պարտինք Ս. Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին (1102-1173), որուն երաժշտութիւնն ու աղօթքները մեծապէս հարստացուցած են մեր Եկեղեցին։

Մեծ Պահքի ընթացքին, Արեւագալի ժամերգութիւնը, որ աւանդականօրէն տեղի կ՚ունենար Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտեան, կը կատարուի Կիրակի օրերուն՝ փակ խորանով, Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք։

Թէեւ Եկեղեցին սգաւոր կերպարանք մը ունի Մեծ Պահքի ընթացքին, Արեւագալի ժամերգութիւնը բաւական ցնծալից է։ Անոր գլխաւոր նիւթը լոյսն է, որ կը ներկայացնէ մեր Տէրը։ Ժամերգութեան ընթացքին, «լոյս» բառի գործածութիւնը կը գերազանցէ որեւէ այլ բառի օգտագործում, իսկ «խաւար» բառը միայն մէկ անգամ կը գործածուի։ 

Ժամերգութիւնը չորս մասերէ բաղկացած է։ Իւրաքանչիւրը միեւնոյն ձեւը ունի. շարականի մը կը յաջորդէ սարկաւագին քարոզը (litany) եւ քահանային աղօթքը։ Իւրաքանչիւր մաս տարբեր նիւթ ունի։ Ընթերցումները Սաղմոսներու գիրքէն են։

Շարականներու ցնծալից երաժշտութիւնը եւ խռովիչ բառերը Արեւագալը կը վերածեն մեր Եկեղեցւոյ ամենէն հաճելի եւ հոգեպարար ժամերգութիւններէն մէկուն։
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 23 Մարտին, միօրեայ դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի ղեկավարութեամբ՝ «Հետազօտութիւն Ս. Պատարագի» վերնագրով։ Արձանագրութեան ժամկէտը 15 Մարտ է։ Մասնակցիլ փափաքողները տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար կրնան կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ հեռաձայնով (212-689-5880) կամ ելեկտրոնային նամակով՝ office@stilluminators.org։
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑ Է
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի կազմակերպումը արդէն ընթացքի մէջ է։ Կրօնական դաստիարակութեան այս ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, նախաձեռնութիւնն է Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, որ ինչպէս միշտ, տեղի պիտի ունենայ Էլվըրսընի (Փենսիլվէնիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ, 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ ։ 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ 
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՆՇՈՒՄԸ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ
Բարեկենդանը նշուեցաւ Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Տարբեր ձեռնարկներու շարքին էին Յակոբ սրկ. Հատտատի կողմէ տրուած դաստիարակչական սեմինարը, դիմակներ ներկելը օր. Անի Պապայեանին հետ, ճաշկերոյթ մը եւ զանազան խաղեր։ 
 «ՆԱՐԵԿ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԿԸ ՏՕՆԷ
Շաբաթ, 23 Փետրուարին, «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) աշակերտները Վարդանանց տօնին նուիրուած յայտագիր մը ներկայացուցին

Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեան կը գնահատէ աշակերտներուն ելոյթները
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեան Ս. Գիրքի սերտողութիւն կը վարէ Ուրբաթ երեկոները։ Ներկայիս սերտողութեան նիւթը Մատթէոսի Աւետարանն է։ 

ՀՕՄ-Ի ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Ճըրզիի չորս մասնաճիւղերու անդամներ Կիրակի, 28 Փետրուարին ներկայ էին Ս. Պատարագին՝ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ ՀՕՄ-ի հանգուցեալ բարերարներու եւ անդամներու յիշատակին։ 
ԺԱՆՍԷՄ (Ծնունդ՝ 9 Մարտ, 1920)

Ֆրանսահայ ծանօթ նկարիչ Ժանսէմ, բուն անունով՝ Յովհաննէս Սէմէրճեան, ծնած է 9 Մարտ, 1920ին, Պրուսայի շրջանի Սէօլէօզ գիւղը, որ եղած էր հռչակաւոր գրագէտ Յակոբ Օշականի ծննդավայրը։

1922ին փախուստ տալով քեմալական շարժումէն, Սէմէրճեան ընտանիքը հաստատուած է Սելանիկ (Յունաստան), ուր Յովհաննէս անցուցած է իր մանկութիւնը։ Հօրը մահէն ետք, 1931ին Ֆրանսա փոխադրուած է մօր հետ, հաստատուելով փարիզեան Իսի-լը-Մուլինօ արուարձանը։

Արկածի մը հետեւանքով՝ ոտքի ոսկորները կոտրելով, երեք տարի անցուցած է հիւանդանոցի մէջ։ 1934-1936ին երեկոյեան դասընթացքներու հետեւած Մոնփառնասի եւ Մարէի մէջ՝ ֆրանսական մայրաքաղաքը։ Նկարիչ եւ ուսուցիչ Արիէլ (Յարութիւն) Աճէմեան իրեն սորվեցուցած է գծագրել, բայց ապագայ նկարիչը սպանացի համբաւաւոր նկարիչ Փապլօ Փիքասոյի գործերով իր յայտնութիւնը պիտի կատարէր։

Զարդարուեստի դպրոց մտնելով (1936-1938), գեղարուեստի դպրոցին եւ «Սապաթիէ» արուեստանոցին մէջ միամեայ դասընթացքի մը հետեւած է 1937ին։ Ժանսէմ (Ժան Սէմէրճեան) կեղծանունը որդեգրած է 1940ին՝ գործերու իր առաջին ցուցադրութեան առթիւ։ Նաեւ ծանօթ եղած է Ժան Ժանսէմ անունով։ Նկարներու մռայլ գոյները աւելի լուսաւորուած են Յունաստան իր կատարած ճամբորդութենէն ետք 1950ին, ներշնչուելով յունական գիւղական շրջաններու ստուերոտ կերպարներէն։ Քննադատները զինք սահմանած են իբրեւ՝ թշուառ մարդոց նկարիչը։ Անոր երանգապնակին դեղնականաչ գոյները յաճախ զուգորդուած են կարմիր, զուտ կանաչ եւ նարնջագոյն ին ։

1950ական թուականներուն Ժանսէմ բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է Ֆրանսայի եւ Մեքսիքոյի մէջ։ 1953ին, հազիւ 33 տարեկան, արդէն ստացած է Ֆրանսայի արուեստի ու գրականութեան շքանշանը։ Յաջորդ կէս դարուն, բազմաթիւ ցուցահանդէսներ տուած է Փարիզի, Նիւ Եորքի, Շիքակոյի, Լոնտոնի, Թոքիոյի, Հռոմի, Պրիւքսէլի, Լօզանի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ, իսկ անոր գործերէն շատեր տեղ գտած են եւրոպական եւ ամերիկեան թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ։ Ճափոնի մէջ երկու թանգարաններ նուիրուած են անոր գործին, որոնք բացուած են 1993ին եւ 1997ին։ Հայաստան այցելած է 1973ին եւ ապա՝ 2001ին, երբ իր 34 գործերու նկարաշարքը՝ «Եղեռն», նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտին։ Ստացած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը եւ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն պատուոյ տոքթորական՝ 2002ին։ 2003ին ֆրանսական Պատուոյ Լեգէոնի ասպետի աստիճանին արժանցած է։
Ժանսէմ մահացած է 27 Օգոստոս 2013ին, Սէն-Էնիան-սիւր-Շէրի մէջ (կեդրոնական Ֆրանսա)։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
Կռիւն ու ռմբակոծումները վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն մէջ ու ձեր քսակներէն բաժին յատկացնել։

Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։
Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար, սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
 SYRIAN ARMENIAN RELIEF
Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Prelacy
138 E. 39 th Street
New York, NY 10016
Չէքերը հաճեցէք գրել՝ Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

ՀՍԿՈՒՄ

Ինչպէս ընթերցողը գիտէ, Մեծ Պահքի շրջանին հսկումի զանազան արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Անցեալին, ասիկա կ՚ենթադրէր հսկել ու աղօթել՝ գիշերային ժամերուն արթուն մնալով։

Արդարեւ, անգլերէն vigil բառը՝ հին ֆրանսերէն vigile բառի ճամբով, կը ծագի լատիներէն vigilia էն (հմմտ. սպաներէն  vigilia ), որ կը նշանակէր «արթնութիւն, հսկում», իսկ vigilia ի արմատը... vigil է, որ կը նշանակէ «արթուն»։ Բուն սկզբնական աղբիւրը նախահնդեւրոպական *weǵ- արմատն է («ուժեղ ըլլալ»)։ 

Անգլերէն vigil բառը արմատն է vigilance (հսկողութիւն) եւ vigilant (հսկող) բառերուն, ինչպէս եւ vigilante բառին, որ «պահակ» կը նշանակէ եւ սպաներէնէ փոխառութեամբ։ Անգլերէնով ան կը յատկանշէ այն մարդիկը, որոնք կարգ ու կանոնի կը հետեւէին հոն, ուր պաշտօնական իշխանութիւնը անկատար էր, իսկ այսօր կը կարծենք, որ իրաւասու են նոյն բանը ընելու կարգ մը տեղեր։

Հայերէն հսկում բառին ծագումը անյայտ է։ Գիտենք որ բուն բառը սկում էր, ինչպէս գրուած է Աստուածաշունչի մէջ 5րդ դարուն, եւ հ ձայնը ձեռք բերած է իբրեւ սաստկացուցիչ՝ բառասկիզբի ը ձայնին (հմմտ. սկայ > հսկայ )։ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Լեզուի հիմնարկի երկարամեայ տնօրէն, հանգուցեալ լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանը կ ' ենթադրէր, որ հսկում  կրնար բխած ըլլալ հիթիթերէն hušk  («սպասել») բառէն։

Չմոռնանք, որ հայերէն հսկում բառը նաեւ կը գործածուի քաղաքական իմաստներով, ինչպէս հսկում մը՝ երբ քաղաքական որոշումի մը կը սպասուի գիշերուան ընթացքին, կամ հսկումները, որոնք որոշ գաղութներու մէջ կը կատարուին Ապրիլ 24ի նախօրեակին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
. . . գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։

Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “Crossroads”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ Հաճոյքով պիտի հրատարակենք ձեր նամակները։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝ anec@armenianprelacy.org   կամ՝  212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 9 Մարտին։

9 Մարտ —«Քիրքոսթաս» համերգ (երաժշտութիւն, պար, կատակերգութիւն եւ ընթրիք)։ Հայ-յոյն ամերիկացի դաշնակահար եւ երգահան Մարք Քիրքոսթասի յիշատակին։ 5710 Hewlett Street, Little Neck, New York, երեկոյեան ժամը 7:00ին։

17 Մարտ —“Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։ Երաժիշտներ՝ Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։ 

23 Մարտ —Ս. Պատարագի մեկնաբանութիւն, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, ղեկավարութեամբ՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի (Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի վարիչ)։ Արձանագրութիւն՝ մինչեւ 15 Մարտ։

24 Մարտ —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) Տիկնանց Միութեան Միջինքի ճաշկերոյթ՝ յաւարտ Ս. Պատարագի։

30 Մարտ —ՀՕՄի «Ակնունի» եւ «Պերկըն» մասնաճիւղերը եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը կը ներկայացնեն «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոն, որ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100ամեակին։ Տեղի կ՚ունենայ սուրիական եկեղեցւոյ մէջ, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի։

7 Ապրիլ —«Մեր արմատները գտնելու համար՝ տոհմաբանութիւն», դասախօսութիւն՝ Ճորճ Աղճայեանի կողմէ (անգլերէն)։ Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին՝ ճաշէ ետք։

7 Ապրիլ —Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 85ամեակի նշում եւ ճաշկերոյթ։ Առաւօտեան ժամը 10ին թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան պիտի պատարագէ ու քարոզէ։

12-14 Ապրիլ —Ս. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը կը ներկայացնէ Արթըր Փինաճեանի (1914-1999) գործերու ցուցադրութիւն Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ, Նիւ Եորք։ Վաճառքի եկամուտին մէկ մասը պիտի յատկացուի ի նպաստ դպրոցին։ 

Ապրիլ 24 —«Քայլարշաւ՝ Արդարութեան համար», յիշելով Հայկական Ցեղասպանութեան Նահատակները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Անուշաւան արք Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ։ Ս Պատարագ՝ ժամը 10։00ին, Ս Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 E. 27 th Street, New York City։ Քայլարշաւը կը սկսի ժամը 12։30ին, Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան։ 

Ապրիլ 27 —Հայկական Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի յիշատակում Քընեթիքըթի Hall of the House-ի մէջ, State Capitol, 210 Capitol Avenue, Hartford, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ Սալբի Ղազարեան, տնօրէն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական Ուսմանց Հիմնարկին։

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակի ճաշկերոյթ՝ «60 տարի՝ սերունդէ սերունդ» բնաբանով, եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին Կարապետեան, Միրաքեան, Նաճարեան եւ Սարաճեան ընտանիքները։

16-18 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթընսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ։

30 Յունիս-7 Յուլիս —33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ Մոնթէպէլլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/