30 Ապրիլ, 2020
ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Երեքշաբթի, 28 Ապրիլին, միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն: Տէրունական Աղօթքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը ներկայ աշխարհէն եւ յատկապէս հայ կեանքէն ներս, լայնօրէն անդրադառնալով մեր թեմերուն եւ հոն կատարուող աշխատանքներուն: Ան գնահատեց մեր առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն կողմէ տարուած ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ այդ աշխատանքներուն՝ իրենց բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը բերողներուն: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ «ծառայութիւնը եկեղեցւոյ էութեան մաս կը կազմէ, անոր գոյութեան պատճառն է ու նպատակը. մեր Սուրբ Աթոռին հոգեւորականները այս գիտակցութեամբ ու վերանորոգ յանձնառութեամբ պէտք է շարունակեն իրենց ժողովրդանուէր ծառայութիւնը»։

Հայրապետը նաեւ շեշտեց Աստուծոյ խօսքը քարոզելու հրամայականը. « Ծառայութեան առընթեր , Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն քարոզութիւնը եկեղեցւոյ կոչումն է։ Հոգեւորականը նախ պէտք է ապրի ու ապա քարոզէ Աստուածաշունչը » ։ Ան միաժամանակ զգուշացուց, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ ներկայ ժամանակներու աժան ու մակերեսային հոգեւորութենէ ու քարոզութենէ : « Ժողովուրդին յոյս պէտք է ներշնչել , անոր հաւատքը պէտք է զօրացնել , որպէսզի կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուար պայմանները », ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ։

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց վանաբնակ միաբաններուն , որոնք հոգեմտաւոր աշխատանքներու ճամբով իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցւոյ ազգանուէր ծառայութեան։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ հակիրճ կերպով ներկայացուց Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող մարդասիրական աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. ԱՊՐԻԼ 24Ը ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԻՄԱՍՏԱՒՈՐՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԸՆ Է
Անթիլիասի Մայրավանքի Ս . Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերը ղօղանջեցին 24 Ապրիլ, 2020 ի առաւօտուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 105 ամեակին։ Ս . Պատարագին հանդիսապետեց Ն . Ս . Օ . Տ . Տ . Արամ Ա . Կաթողիկոս, իսկ պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ . Տ . Շահէ Եպս . Փանոսեան։

Պատարագի ընթացքին , Վեհափառ Հայրապետը մեր ժողովուրդին ուղղեց իր Հայրապետական ոգեշունչ պատգամը։ Ան ըսաւ , թէ Ապրիլ 24- ը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող թուական մըն է , որ միաժամանակ կը բովանդակէ ու կը մարմնացնէ մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կամքն ու անխորտակելի հաւատքը . « Ահա թէ ինչո՛ւ սովորական օր մը չէ այս օրը՝ խորհուրդ մըն է մեր կեանքը իմաստաւորող , պատգամ մըն է մեր կեանքին ուղղութիւն ու նպատակ տուող » ։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց , որ Ապրիլ 24 ի խորհուրդով շաղախուած է իւրաքանչիւր հայու կեանքն ու գոյութեան պայքարը եւ աւելցուց , որ « հայ դատը հայ ժողովուրդի՛ դատն է։ Քո՛ւ դատդ է , ժողովո՛ւրդ հայոց , եւ հետեւաբար հայ դատը մե՛նք պիտի շարունակենք համահայկական մաշտապ ով , համահայկական գործակցութեամբ , համահայկական կամքով եւ վճռակամութեամբ » ։

Իր պատգամի ընթացքին , Հայրապետը բազմիցս յորդորեց ըլլալ իրապաշտ ու կազմակերպ՝ մանաւանդ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ , որոնք ցաւօք սրտի հիմնուած են ազգերու եւ գերպետութիւներու տնտեսական ու քաղաքական շահերուն վրայ։ « Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը , դժբախտաբար , թուղթի վրայ մնացած է , իսկ ազգերու իրաւունքները եւ Աստուածատուր արդարութիւնը մարդկային կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուին » ։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հայ դատին այժմէականացման եւ իրաւական հիմքերով քաղաքականացման հրամայականին եւ շեշտեց Հայաստանի պետութեան եւ Սփիւռքի դերակատարութիւնը՝ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ մօտեցումներով . « Մենք մէ՛կ դատ ունինք . այդ դատը Հայաստանի՛ դատն է , մեր ազգի՛ն դատն է , մեր Եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր հայո՛ւն դատն է։ Այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ , վերանորոգ հոգիով եւ հաւատքով պէտք է շարունակենք մեր դատի հետապնդումը միջազգային շրջանակներէն ներս՝ ընդարձակելով մեր բարեկամներու շրջանակը , ծաւալելով մեր քաղաքա-դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ միշտ շեշտը դնելով քաղաքական եւ իրաւական տարածքներուն վրայ » ։

Շարունակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց պահանջատիրական պայքարի հետեւողականութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ . « Մենք իրաւազրկուած ժողովուրդ ենք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի՛նք եւս իրաւազրուած է , իր պատմական հողերէն , կալուածներէն դուրս դրուած է։ Սա պատմութեան էջերուն չի պատկանիր միայն։ Պահանջատիրութիւնը մեր ժողովուրդին համար լոզունք չէ՛, այլ ամէնօրեայ տագնապ , ապրում եւ ձգտում է » ։ Ան յիշեցուց , որ անկարելի է պահանջատիրութիւնը պատմութեան էջերուն յանձնել, մանաւանդ , երբ Թուրքիա կը շարունակէ իր արարքը՝ իւրացնելով ազգապատկան մեր կառոյցները , փոխելով անոնց նկարագիրը ու ոչնչացնել փորձելով ամէն տեսակ հայկական հետք , ու հարցականի տակ դրաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ - ի նման միջազգային մշակութային հարստութիւններու պաշտպան կազմակերպութիւններու լռութեան պատճառը՝ ի տես մշակութային ցեղասպանութեան։

Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն վերանորոգելու պահանջատիրական հաւատքը , կամքի վճռակամութիւնն ու յանձնառութիւնը , եւ այդ ոգիով շարունակելու հաւաքական պայքարը՝ ի խնդիր մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման։

Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներուն նուիրուած Ս . Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեան , նախարարներ ու երեսփոխաններ , պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ , ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու , միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Աւարտին , ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին կանգնեցուած Սփիւռքի մէջ առաջին յուշարձան՝ Սրբոց Նահատակաց մատուռ , ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում՝ ի յարգանս աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն։

«ԻՐԱՐՄՈՎ ԵՒ ԻՐԱՐՈՒ ՀԱՄԱՐ»
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատգամ յղած է լիբանանահայութեան
Անցեալ Սեպտեմբերէն ի վեր, լիբանանահայութիւնը տնտեսական ահաւոր տագնապի մը մէջէն կ՚անցնի, որ աւելի եւս բարդացած է՝ պսակաձեւ ժահրի համավարակի ընկերային ու առողջապահական յարուցած դժուարութիւններուն պատճառով։ Երկուշաբթի, 27 Ապրիլին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հետեւեալ պատգամը յղեց Լիբանանի հայութեան։
 
«Սիրելի Լիբանանահայ եղբայրներ եւ քոյրեր ,
Պսակաձեւ ժահրի ստեղծած համաշխարհային տագնապի կողքին, վերջին ութը ամիսներու ընթացքին լիբանանեան մեր երկրորդ հայրենիքի քաղաքական , տնտեսական եւ ընկերային կեանքի ահաւոր ալիքներու դիմաց ձեր բացառիկ դիմադրութեան հետեւելով՝ ովկիանոսներէն անդին , իմ խոր հիացումս կ՚ուզեմ յայտնել բոլորիդ ու ըսել, թէ մեր ժողովուրդի յետ եղեռնեան ողբերգական բայց նոյնքան եւ աւելի հպարտանքի արժանի վերածնունդի   յառաջխաղացքին մէջ լիբանանահայ գաղութը ունի իր որոշադրիչ դերը՝ Հայ կեանքը ցոլացնող կրօնական , քաղաքական , բարեսիրական , մշակութային , մարմնակրթական եւ այլ ծիրերէ ներս :

Լիբանանահայութիւնը որակաւորող գլխաւորագոյն յատկանիշը եղած է հետեւեալը . ան ապրած է ո՛չ միայն ինքնիրեն համար , այլ բառին վաւերական իմաստով համայն հայութեան համար : Այո՛ , մերթ ընդ մերթ վայելած է այլ գաղութներու բարիքները , սակայն միշտ իր սիրտը տրոփած եւ նոր արիւն ներարկած է , ի խնդիր համահայկական երազներու եւ իտէալներու իրագործման :

Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Աթոռին զինուորագրեալ միաբան մը , որ իր աչքերը բացած է մայրիներու երկնակամարին տակ , սրտի խօսքս ձեզի հետ բաժնելով , կ՛ըսեմ . Աստուծմով խարսխուած , հինգհազարամեայ Հայկեան ազատատենչ ոգիով մաքառած ու գոյատեւած , եւ Ապրիլեան նահատակներու ուխտով դարբնուած մեր երթին մէջ երբե՛ք չտկարանանք ու չյուսալքուինք , այլ իրարմով եւ իրարու համար նշանաբանով՝ յաղթահարենք ներկայի դժնդակ կացութեանց , նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի մարգարէաշունչ՝ վարդահեղեղ նոր արշալոյսներու ակնկալութեամբ»

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀՐԱՏԱՊ ՆԻՒԹԵՐՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ՄԸ
Հինգշաբթի, Ապրիլ 30ին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» (In Defense of Christians) կազմակերպութեան տեսաժողովի մը, որուն գլխաւոր բանախօսն էր Քանզաս նահանգի քոնկրէսմէն Ռոն Էսթիս։ Քննարկման ընթացքին արծարծուեցան զանազան հրատապ նիւթեր, ինչպէս քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքի մէջ, արեւելեան քրիստոնեայ համայնքներու դերը Միացեալ Նահանգներու մէջ, պսակաձեւ ժահրի համավարակը, եւ այլն։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան կրօնական խորհրդակցական մարմնի անդամներէն մէկն է։

ԿԱՆԱՉ - ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
Հայաստանեայց Եկեղեցին այսօր, Ս. Յարութեան երրորդ Կիրակին՝ ծանօթ Կանաչ, նաեւ Աշխարհամատրան Կիրակի անունով, մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու եկեղեցւոյ էութեան մասին՝ Վերնատան ընդմէջէն, ուր մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս փափաքած էր ունենալ իր Վերջին ընթրիքը։

Վերնատունը յետ Յարութեան հանդիսացաւ այն վայրը, ուր աշակերտները կը հաւաքուէին ու կ՚աղօթէին, սպասելով մեր Տիրոջ խոստումին, ստանալու համար Սուրբ Հոգիի շնորհները։ Ահա հոսկէ կը ծնի Վերնատան՝ Աշխարհամատուռ կոչումը, այլ խօսքով Քրիստոնէական առաջին մատուռ՝ աղօթքի հաւաքավայրը - եկեղեցին, ուր Առաքեալները կը փառաբանէին զԱստուած, գոհութիւն կը յայտնէին Իր երեւելի ու աներեւոյթ բարիքներուն համար, եւ կը պատրաստուէին իրենց առաքելութեան:

Վերնատունը իւրայատուկ է ո՛չ միայն որպէս մեր Տիրոջ եւ իր աշակերտներուն վերջին ընթրիքը հիւրընկալող յարկը եւ աղօթավայրը, այլ նաեւ այն իրողութեամբ, որ յետ յարութեան այդտեղ հաւաքուած առաքեալները՝ ըստ շարականագիր վարդապետի բառերուն, միասիրտ ու միախորհուրդ կ՚աղօթէին։ Այո՛, աղօթքը իր էութեամբ որքան որ հրաշալի ազդակ մըն է հաղորդակցութեան՝ Արարիչին ու արարածներուն միջեւ, նոյնքան եւ աւելի հզօր ուժանիւթ է, երբ հաւաքական է ու կը բխի սրտի խորերէն, ինչպէս մեր Տէրը ըսաւ, «հոն ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունով, եւ խնդրանք ներկայացնեն, պիտի կատարուի» (Մտ 18.19)։ Հետեւաբար, եկեղեցին, որպէս հաւաքական աղօթավայր, հաւատքը ամրապնդող անառիկ բերդ է: Վստահաբար մեր օրերուն առաւել եւս կ՚ըմբռնենք զօրութիւնը աղօթքին, մանաւանդ՝ հաւաքական աղօթքին, երբ բժիշկներ անգամ, որոնք հերոսական ոգիով լծուած են կեանքեր փրկելու, որպէս վերջին յոյս, իրենց հիւանդներուն յաճախ կը թելադրեն աղօթել ու Աստուծոյ ապաւինիլ:  

Այս օրուան հոգեւոր սնունդի համար մեր Հայրերը Ս. Գրքի ընթերցումներուն մէջ կարգաւորած են Պետրոս Առաքեալի Թուղթը, ուր ան կ՚ըսէ. «Դուք եւս որպէս ապրող քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք, իբրեւ հոգեւոր տաճար» (Ա Պետ թ. 1-10)։ Պետրոս Առաքեալ այս հոյակապ հաստատումով մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ կենսական զոյգ կէտերու վրայ.

Առաջին, կը գնահատէ իւրաքանչիւր անհատի կարեւորութիւնը ընդհանուր կառոյցի մէջ դիտուած՝ ծառայելով գերագոյն նպատակի մը, նման իւրաքանչիւր բջիջի որ իր կենսական դերը ունի առողջ մարմնի գործունէութեան մէջ: Ընկերութեան հիմքը անհատն է, եւ որքան այդ անհատը իր գոյութիւնը Աստուծմով իմաստաւորէ, այնքան կը պտղաւորուի ե՛ւ իր կեանքը, ե՛ւ ընկերութիւնը:  

Երկրորդ, մարդ արարածը պատկերաւոր ձեւով կենդանի, ապրող ու շնչող քարեր նկատի ունենալով՝ Քրիստոսի Վէմին վրայ կառուցուած իբրեւ հոգեւոր տաճար, Առաքեալը կը պատգամէ, թէ նիւթականէն վեր գոյութիւն ունի հոգեւոր եկեղեցին՝ հաւատացեալներու խմբակցութիւնը: Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ ստեղծած համակառոյցին մաս կը կազմէ Սուրբ Հոգիի շնորհքով վերածնած իւրաքանչիւր հաւատացեալը, որ իր արժեւորումը պէտք է տեսնէ ո՛չ թէ մարդկային պրիսմակի ընդմէջէն՝ դրական ըլլայ կամ ժխտական, այլ Աստուծոյ անհուն սիրոյն ընդմէջէն: Այս հասկացողութեամբ, որեւէ հաւատացեալի որ վերածնած է յարութեան յաղթանակով, թոյլատրուած չէ ինքն իր մասին մտածելու որպէս անօգուտ տարր մը, եւ կամ հարցականի տակ առնել իր գոյութեան վսեմ նպատակը, որ կ՚անդրանցնի մահն ու գերեզմանը: Աւելի՛ն. պէտք չէ ընկրկի ճգնաժամային պահերու փորձութեանց, ինչպիսին են անորոշութիւնը, յուսահատութիւնը, անձնասպանութիւնը եւ այլ արարքներ։ Ընդհակառակը, Քրիստոսի Վէմին վրայ հաստատուած ապրող քարը, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ խօսքով թրծուած հաւատացեալը, մոմի նման՝ որ մինչեւ վերջին ակնթարթը լոյս կը սփռէ, ինք եւս՝ անխափան, իր դրական մասնակցութեան ու ծառայութեան լոյսը կը տարածէ ստեղծագործութեան տաճարին մէջ։

Այո՛, տաճար մըն է հանուր տիեզերքը, որուն մէջ հրաւիրուած է իւրաքանչիւր անհատ, մանաւանդ քրիստոնեայ անձ, ամէնօրեայ, բայց մանաւանդ տագնապալից պահերուն իր մտածումներու, խօսքերու ու գործերու աղօթքներով փառաբանելու զԱստուած, եւ իր օրինակով իր շրջապատին դառնալու Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ աղբիւր:

Սիրելի հաւատացեալներ, գիտնալով որ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անունով պիտի հրաւիրէ իր թագաւորութեան մէջ (տե՛ս Ես 43.2), այս կեանքի մէջ մեզի վերապահուած անզուգական դերը արժեւորենք, հաւատքով կատարենք երկրէն երկինք մեր երկրաւոր ճանապարհորդութիւնը՝ դալար մարգագետիններու թէ մահուան ձորին ընդմէջէն։ 

Եւ այս երթին մէջ վստահ ըլլանք, որ Աստուած մեր հետն է ինչպէս բոլոր ժամանակներուն, մանաւանդ համաշխարհային համավարակի այս շրջանին, երբ Ան կը գործէ բժիշկներու ու հիւանդապահուհիներու հերոսական յանձնառութեանց եւ բժշկական հաստատութեանց ընդմէջէն, նաեւ գիտական աշխարհի հետազօտողներուն միջոցաւ, որոնք պետական շրջանակներու քաջալերանքով իրենց առաքելութեան մէջ լծուած են համավարակին դարմանը գտնելու:

Թող որ եկեղեցիներու մէջ մատուցուած սուրբ Պատարագները եւ տուներու մէջ հաւատացեալներու աղօթքները իրարու միանալով, ինչպէս սաղմոսասացը կ՚ըսէ. «խունկի նման վեր բարձրանան եւ ընդունելի ըլլան Բարեգութ Աստուծոյ» (Սղ 140.2), եւ մենք դարձեալ ողջունենք կեանքը առաւել գիտակցութեամբ եւ երախտագիտութեամբ, փառաւորելով ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ՄԱՅԻՍ 3
ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 20 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (31 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Գործ. 13:16-43, 1 Պետր. 5:1-14
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:19-30

Յիսուս ըսաւ անոնց .
Հաստատ գիտցէք , թէ Մարդու Որդին ինք իրմէ ոչինչ կը կատարէ , այլ կը կատարէ միայն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ : Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ , Որդին ալ նոյնը կը գործէ : Հայրը կը սիրէ Որդին եւ անոր ցոյց կու տայ ինչ որ ինք կը կատարէ : Տակաւին ձեր տեսածներէն աւելի սքանչելի գործեր ալ ցոյց պիտի տայ Որդիին , այնպէս որ դուք պիտի զարմանաք : Ինչպէս որ Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ անոնց , նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ իր ուզածներուն : Եւ Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր , այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին , որպէսզի բոլորն ալ պատուեն Որդին , ինչպէս որ Հայրը կը պատ ­ ուեն : Ան որ չի պատուեր Որդին , չի պատուեր Հայրը որ զայն ղրկած է :
Լաւ գիտցէք , ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց , յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի , որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է : Հաստա՛տ գիտցէք , ժամանակ կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է , երբ մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին : Որովհետեւ , ինչպէս որ Հայրը կեանք պարգեւելու զօրութիւնը ունի իր մէջ , այդ զօրութիւնը տուած է նաեւ Որդիին : Նոյնպէս ալ դատելու իշխանութիւնը տուաւ Որդիին , որովհետեւ անիկա Մարդու Որդին է : Ուրեմն մի՛ զարմանաք որ ըսի , թէ ահա կու գայ ժամանակը , երբ բոլոր անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս գան . անոնք որ բարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ ապրին , իսկ անոնք որ չարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ դատապարտուին : Ես ինձմէ չեմ կրնար դատել , այլ կը դատեմ այնպէս՝ ինչպէս Հօրմէս կը լսեմ . եւ ուրեմն իմ դատաստանս արդար է , որովհետեւ կը գործադրեմ ո՛չ թէ իմ կամքս , այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց :
ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ
Կիրակի, 3 Մայիս, երրորդ Կիրակին է Ս. Յարութենէն ետք։ Կը կոչուի Կարմիր Կիրակի, թէեւ անունը եկեղեցական ծագում չունի։ Կարմիրը արեան գոյնը ըլլալով, ասիկա յարմար ժամանակ մըն է առաջին քրիստոնեայ նահատակներու յիշատակը մեծարելու։ Կը կարծուի, որ «Կարմիր Կիրակի» անուանումը կը վերաբերի հողէն գունաւոր բխումին, որ կը յաջորդէ անպտուղ ձմրան։ Անցեալ շաբթուան Կանաչ Կիրակիին նման, բնութեան ու կեանքի տօն մըն է, որ կը խորհրդանշէ վերածնունդը՝ մեր Տիրոջ Յարութենէն ետք։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՌՑԱՆՑ
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ ԼՍԱՐԱՆԸ ԱՌՑԱՆՑ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Պսակաձեւ ժահրի՝ ներկայ համավարակի (pandemic) ստեղծած աննախադէպ տագնապին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանի «Տաթեւ» լսարանի աւանդական դասընթացքը, որ տեղի կ՚ունենայ Փենսիլվանիոյ մէջ, իր ձեւաչափը պիտի փոխէ եւ արհեստագիտութեան ընձեռած Zoomի միջոցով տեղի պիտի ունենայ:
 
Երկուշաբթի, 29 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս, ամէն առաւօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ, ժամը 11-12ին պիտի ունենանք խտացուած յայտագիր մը՝ ժամերգութեամբ, Աստուածաշունչ մատեանի ծանօթացումով, հայոց պատմութեամբ ու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ ներկայ հարցերու հաւաքական քննարկումով (panel discussion):
 
Ներկայ յայտարարութեամբ կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր Տաթեւացիներուն: Անոնք, որոնք կ՚ուզեն մասնակցիլ, շուտով պէտք է հարկ եղած ծանօթութիւնը՝ անուն, մականուն, բջիջային հեռաձայնի թիւ, ե-նամակի հասցէ, ուղարկեն Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին՝ skazanjian.sk@gmail.com հասցէին։ Հեռաձայն՝ (212) 689-7810:
 
Դիմում կրնան կատարել անցեալ տարուան եւ նորեկ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներու շրջանաւարտներ: Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին հետագային:

«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։  

Այս շաբթուան նամակին հեղինակը՝ Սամուէլ, կը հովանաւորուի տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեաններուն կողմէ։     

«Սիրելի ընթերցող,

Ես , Սամուէլ ____ ծնուել եմ 2012 թ. Յուլիսի 28ին Երեւանում։ Արդէն 5 տարի է բնակւում եմ Սայաթ-Նովա գիւղում մայրիկիս հետ։ Յաճախելով Սայաթ-Նովայի դպրոց, արդէն 2րդ դասարան եմ։ Այս 2 տարուայ ընթացքում շատ ընկերներ եմ ձեռք բերել։ Ես իմ առաջ նպատակ եմ դրել որ լաւ սովորեմ որպէսզի գոհացնեմ մայրիկիս։  

Շատ եմ սիրում շախմատ, այն ինձ օգնում է կենտրոնանալ ու աւելի կայուն քայլերով արագ շարժուել։ Շատ կ՚ուզէի յաճախել շախմատ ի որպէսզի խորացնեմ գիտելիքներս ու հետագայում լաւ շախմատիստ դառնամ։

Դասերից բացի սիրում եմ ֆուտբոլ խաղալ ընկերներիս հետ, սիրում եմ մայրիկիս օգնել, հողագործութեամբ զբաղուել։ Ինձ բնութիւնը շատ է դուր գալիս։ Երազում եմ ունենալ իմ փոքրիկ հողակտորը եւ այնտեղ ունենալ իմ երազած այգին։

Մայրիկս ինձ շատ դժուարութեամբ է մեծացնում, բայց ես իմ շրջապատում երբեք չեմ ընկճւում։ Ուզում եմ, որ միշտ մայրիկս ժպտայ»։

ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՈՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ
Որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը այժմ երկու բաժիններէ կը բաղկանայ.
 
ա) Անչափահաս որբեր՝ մինչեւ 18 տարեկան։
 
բ) Չափահաս որբեր, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։     
 
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող անչափահաս որբ երեխայ մը հովանաւորել, սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, անչափահաս թէ չափահաս որբերու հովանաւորութեան համար, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։   

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԸ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
«Սիամանթօ» լսարանի Zoom-հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 25 Ապրիլի առաւօտեան։ Օրուան դասախօսը Անահիտ Ուղուրլայեանն էր։
Ապրիլ 24ի ոգեկոչման օրերը ըլլալով, դասախօսը նիւթ ընտրած էր արեւմտահայ նշանաւոր գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանը, որ այնքան խիզախ նկարագիր ու հարուստ կեանք ունեցած է։

Դասախօսը աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը արթնցուց, ցոյց տալով թէ ինչպէս 20րդ դարու առաջին տասնամեակներուն ապրող կին մտաւորական, հանրային գործիչ ու գրագէտ մը կրնար այդպիսի յանդուգն քայլեր առնել այդ օրերուն։ Նման քայլեր զինք եւս զոհ դարձուցին ստալինեան օրերուն, սակայն անոնց արձագանգը յարատեւեց ու Եսայեանի օրինակը աւելի ցցուն կ՚երեւի մեր օրերուն։

Ա. Ուղուրլայեան յաջողեցաւ աշակերտները կապուած պահել ու խորհրդածութեան մղել, միաժամանակ գործի լծելով։ Իրենց արագ արտադրած տողերուն մէջ, նոյնպէս յայտնի էր նիւթի արագ ըմբռնումը, պատկերացնելով ի՞նչ գաղափարներ Եսայեան կրնար հասունցնել եթէ այս օրերուն ապրէր, յատկապէս՝ կիներու կեանքին մէջ եւ հայոց ցեղասպանութեան հարցով։
 
Լսարանի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 30ին։

ԼՈՒՐԵՐ «ՆԱՐԵԿ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ
Ներկայ համաճարակին բերումով , Նիւ Ճըրզիի «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանի խնամակալ մարմնի , տնօրէնութեան և ուսուցչական կազմի միասնական ջանքերով, բոլոր կարգերու դասաւանդութիւնները կը շարունակուին առցանց : Աշակերտները խանդավառ են այս տարբերակով , իսկ ծնողները արտայայտած են իրենց դրական գնահատանքները : Դպրոցը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին այս արդիւնաւէտ և հեզասահ համագործակցութեան համար :

Դասաւադութիւններու կողքին , վարժարանի աշակերտները ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 105- ամեակը , խոնարհելով մեր 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին և պահանջելով մեր ազգային իրաւունքներու համար արդար հատուցում։
«ԽԱՂԲԱԿԵԱՆՔ ԿԱՄ ՊՌՕՇԵԱՆՔ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
Գարեգին Արք. Յովսէփեանց
Այս գործը գլխաւոր աշխատութիւններէն մէկն է Գարեգին Արք. Յովսէփեանցի (1867-1952, հետագային՝ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), որ հայ գեղարուեստի եւ միջնադարեան պատմութեան ռահվիրայ ուսումնասիրողներէն մէկը եղած է։ Յառաջաբանին մէջ, հեղինակը կը յայտնէ, թէ Արեւելեան Հայաստանի մօտ հինգ դարու պատմութիւնը ընդգրկող այդ շրջանը գիտական ուսումնասիրութեան ենթարկուած չէր, ու տասը տարուան անընդհատ աշխատանքով յաջողած է հաւաքել բոլոր այն գրաւոր աղբիւրները եւ լուսանկարել բոլոր այն յիշատակարանները, որոնք անհրաժեշտ էին նման աշխատութեան համար։ «Գարեգին Արքեպիսկոպոս իր այս բանասիրական հատորով մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէ մեր ազգային պատմութեան, անոր կարեւորագոյն շրջաններէն մէկը դնելով նոր քննութեան լոյսին տակ», գրած է Արտաւազդ վրդ. Սիւրմէեան (հետագային՝ արքեպիսկոպոս) «Սիոն»ի մէջ։
Այս գիրքը տրամադրելի է    Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք    books@armenianprelacy.org   հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ՝ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՓՈՒԼԻՆ 
Վերջերս յայտարարուած են 2020ի «Գերազանցութիւն հրատարակութեան մէջ» (Excellence in Publishing) մրցանակներու աւարտական փուլին հասնող գիրքերը։ Դոկտ. Մայքլ Փափազեանի նորատիպ հատորը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մասին՝ “The Doctor of Mercy: The Sacred Treasures of St. Gregory of Narek”, կենսագրական գիրքերու դասակարգի առաջին եօթը գիրքերէն մէկն է։

Այս տարեկան մրցանակը կը պատուէ 16 տարբեր դասակարգերու լաւագոյն հրատարակութիւնները։ Մրցանակակիրները պիտի յայտարարուին Մայիսի վերջաւորութեան։

Այս հատորը, որ հրատարակուած է Liturgical Pressի կողմէ, Նարեկայ վանքի սուրբը կը ներկայացնէ լայն հանրութեան։ Ինչպէս կը յիշուի, 2015ին Ֆրանսիս Պապը Ս. Գրիգոր Նարեկացին «Եկեղեցւոյ վարդապետ» (Doctor of the Church) հռչակած էր, այսպիսով զինք ներառնելով 36 համբաւաւոր սուրբերու առանձնայատուկ դասակարգի մը մէջ։ Հեղինակը՝ դոկտ. Մայքլ Փափազեան, փիլիսոփայութեան դասախօս է Պերրի գոլէճի մէջ (Ռոմ, Ճորճիա նահանգ)։ Փիլիսոփայութեան իր դոկտորականը ստացած է Վըրճինիայի համալսարանէն եւ գրաբար ուսանած Օքսֆորտի մէջ։ Իր ուսումնասիրութիւնները նուիրուած են յունական հին փիլիսոփայութեան եւ հայ միջնադարեան աստուածաբանութեան։

“The Doctor of Mercy” ուղղուած է Գրիգոր Նարեկացիի գրական գործերուն, աստուածաբանութեան եւ հոգեւոր աշխարհի գիտական ու միաժամանակ մատչելի ներածութիւն մը մատակարարելու, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու անոր գործերուն մերօրեայ կարեւորութեան՝ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի դիմագրաւած հարցերուն առնչութեամբ։

“The Doctor of Mercy” հատորը տրամադրելի է Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութէն, ուր նաեւ կարելի է գտնել փրոֆ. Փափազեանի ուրիշ երկու հատորներ, որոնք հրատարակուած են Առաջնորդարանին կողմէ՝ Light from Light: An Introduction to the History and Theology of the Armenian Church եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի «Մեկնութիւն չորից Աւետարանչաց»ի անգլերէն թարգմանութիւնը (երկլեզու հրատարակութիւն)։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կապ հաստատեցէք գրախանութին հետ ( books@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։ 

ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ (մահ՝ Մայիս 2, 1965)
Մեծ Եղեռնէն վերապրող՝ գրագէտ Հրաչեայ Քոչար, ստալինեան ժամանակաշրջանի պաշտօնական ձայներէն մէկը հանդիսացած է, բայց իր կեանքի վերջաւորութեան, ազգային զարթօնքի ալիքէն տարուած, իր գրական արտադրութեան ամենէն մնայուն գործերը արտադրած է։

Բուն անունով՝ Հրաչեայ Գաբրիէլեան, ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Բագրեւանդ գաւառի Գումլուպուճախ գիւղը, որ կը գտնուէր Նպատ լերան ստորոտին, Փետրուար 1, 1910ին։ 1916ին մայրը մահացած է գաղթի ճամբուն, իսկ 1918ին՝ հայրը, որ խմբապետ էր Անդրանիկի հետ։ Ապագայ գրագէտը համագիւղացիներուն հետ անցած է Արեւելեան Հայաստան, ապաստան գտնելով Վաղարշապատի գաւառի գիւղերուն մէջ։ Գառնարած եղած է ու հանքափոր՝ Ալավերդիի պղինձի հանքերուն մէջ։ 1927ին տեղափոխուած է Երեւան եւ ուսանած՝ պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղին մէջ։
Որդեգրելով հօր անունը՝ Հրաչեայ Քոչար ստորագրութեամբ, առաջին պատմուածքը` «Խաջէ», լոյս տեսած է 1931ին «Նոր ուղի» ամսագրին մէջ։ 1934ին Քոչար խմբագրած է քրտերէն «Ռիա թազա» թերթը։ Նոյն տարին Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ դարձած է եւ հրատարակած է իր առաջին գործը՝ «Վահան Վարդեան» վէպը, որուն հետեւած է երկրորդ վիպական գործ մը «Օգսէն Վասպուրի ճանապարհորդութիւնը» (1937)։

Ստալինեան բռնաճնշումներու օրերուն, 1936-1937ին Քոչար իր գրչակիցներուն դէմ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է՝ հետագային գնդակահարուած ու աքսորուած զանազան գրագէտներ իբրեւ ազգայնական ամբաստանելով։ Հեգնականօրէն, 1955ին, ան գլխաւորած է ստալինականութեան զոհերու արդարացումը քննող յանձնաժողովը։  

Յունիս 1941 գրագէտը իբրեւ կամաւոր՝ ռազմաճակատ մեկնած է եւ 1941-1945ին ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ, մասնակցելով Բ. Աշխարհամարտին։  Հրատարակած է ռազմաճակատէն գրուած ակնարկներու հատորներ։ Այդ գործերուն շարքին, ամենէն նշանաւորը եղած է «Գեներալի քոյրը» պատմուածքը, որ առաջին անգամ տպուած է 1945ին «Փրաւտա»յի մէջ, եւ այնուհետեւ թարգմանուած է 24 լեզուներու։ Այս գործերը նախապատրաստած են «Մեծ տան զաւակները» երկհատոր վէպը (1952)։

Պատերազմէն ետք ներգրաւուելով քաղաքական եւ հանրային կեանքին մէջ, գրելու զուգընթաց՝ Քոչար հրապարակագրութեամբ զբաղած է: 1946-51ին եղած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան վարչութեան քարտուղար եւ «Սովետական գրականութիւն» ամսագրի խմբագիր, իսկ 1954-ին «Ոզնի» երգիծական հանդէսի խմբագիրն էր։ 1956ին Գրած է «Հիւսիսային ծիածան» (Հայֆիլմ, 1961) շարժանկարի բեմագիրը։ Պարգեւատրուած է Կարմիր աստղի շքանշանով։

Կեանքի վերջին տարիներուն, գրական ու բանաւոր ելոյթներով, Քոչար սկսած է զբաղիլ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի մօտալուտ ոգեկոչման հարցերով։ Վերջին յօդուածը՝ այդ առիթով, լոյս տեսած է Ապրիլ 24, 1965ին։ Արդէն հիւանդ գրագէտը մահացած է ութը օր ետք՝ Մայիս 2, 1965ին։ Նոյն տարին, յետմահու, լոյս տեսած է վերջին հատորը՝ «Սպիտակ գիրքը», որ կը պարունակէ ամենէն մնայուն գործերը՝ «Նահապետը» եւ «Կարօտ» վիպակները, որոնք Մեծ Եղեռնի վերապրողներու մասին են։ Առաջինին համար, յետմահու, ստացած է Հայաստանի պետական մրցանակը (1967)։ Երկուքն ալ վերածուած են շարժանկարի՝ 1977ին եւ 1990ին։   
ՍԵՆԵԱԿԷՆ ԴԷՊԻ ԿԱՄԱՐ
Պարբերաբար, այս սիւնակին մէջ խօսած ենք հայերէն եւ անգլերէն բառային զոյգերու մասին, որոնք մօտիկ կամ հեռակայ ազգակիցներ են։ Այս անգամ, խօսք պիտի ըլլայ եռեակի մը մասին։

Բոլորին բուն աղբիւրը յունարէն kamara («կամարաւոր սենեակ») բառն է, որուն ծագումը յայտնի չէ։ Սակայն, ծանօթ են անոր բազմաթիւ փոխառութիւնները տարբեր լեզուներու մէջ։   Հայերէն կամար բառը, որ անշուշտ kamar կը հնչէր գրաբարի մէջ, տարբեր իմաստ մը առած է, ստանալով «աղեղնաձեւ շինուածք» ձեւը (օրինակ՝ յաղթանակի կամար

Բառը նաեւ փոխաբերական իմաստ ստացած է։ Կամար կապել արտայայտութիւնը կը գործածուի անձրեւէն ետք՝ ծիածանի երեւումը նշելու համար, թէեւ անշուշտ ծիածանը «կամար» չի կոչուիր։

Հայերէն կամար ին հետ կապուած են երկու անգլերէն բառեր, որոնք միջնորդ աղբիւրի շնորհիւ մտած են այդ լեզուին մէջ։ Այդ միջնորդ աղբիւրը լատիներէն camera («կամարաւոր սենեակ») բառն է, որ անգլերէնին անցած է թէ՛ ուղղակի եւ թէ՛ անուղղակի ձեւերով։ Առաջին հերթին, ունինք camera բառը, որ նախ գործածուած է իբրեւ լատիներէն camera obscura («մութ սենեակ») բառային կապակցութեան կրճատում (սեւ տուփ մը՝ ապակիով, որ արտաքին առարկաներու նկարներ կրնար լուսարձակել), որ 19րդ դարուն լուսանկարչական գործիքի անունը դարձաւ, իսկ 20րդ դարուն՝ նկարահանող գործիքի։

Միւս կողմէ, նոյն լատիներէն camera բառէն ծնունդ առած է հին ֆրանսերէն chambre բառը («սենեակ»), որ անգլերէնի անցած է chamber («տան սենեակ») ձեւով։ 
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Մայիսը աւանդաբար Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխական Ժողովի ժամանակն է, երբ բոլոր ծուխերէն եկող երեսփոխանները կը գումարեն այս տարեկան ժողովը՝ խորհրդածելու անցած ուղիին մասին եւ նոր ուղղութիւն ճշդելու համար։ Ինչպէս յայտնի է, պսակաձեւ ժահրի համավարակը խախտած է այդ աւանդութիւնը եւ այս տարուան ժողովը, որ պիտի գումարուէր Ֆիլատելֆիա՝ Մայիսի կէսերուն, յետաձգուած է։ Իբրեւ յիշեցում աւելի բարւոք ժամանակներու, ահաւասիկ կը ներկայացնենք մէկ պատկերը Մայիս 15-18, 1979ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի մասնակիցներուն։ Այդ ժողովը տեղի ունեցած է Փրաւիտընսի մէջ, տեղւոյն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ։ Շնորհակալ ենք տիկ. Քարէն Խաչիկեան Մասարին, որ այս եւ ուրիշ նկարներ վերջերս նուիրած է Ազգային Առաջնորդարանին։ 

«ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ՄԱՍԻՆ»
Համավարակի մասին իր նոր յօդուածին մէջ, Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան կը հրաւիրէ մեզ մեր Տիրոջ յայտնութիւնը տեսնել այս մութ ժամանակներուն։ Յօդուածը կրնաք կարդալ այստեղ ։

ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը Երեքշաբթի երեկոյ է։
 
Հաճոյքով կը հրատարակենք “Crossroads”ի խմբագրութեան ուղղուած ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները։
 
Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
13-16 Մայիս (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
 
17 Մայիս (ՋՆՋՈՒԱԾ) Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։
 
31 Մայիս —( ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ) Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։
 
29 Յունիս—3 Յուլիս —Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագիր՝ ԱՌՑԱՆՑ։  
 
26-27 Սեպտեմբեր —  Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ 50ամեակ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
 
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
 
17 Հոկտեմբեր (ՋՆՋՈՒԱԾ) Hye Kef 5 տարեկան պարի երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Բարեկամներ»ու կողմէ։
 
15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/