25 Յուլիս, 2019
ՌՈՊԸՐԹ ՄՈՐԿԸՆԹԱՈՒ ՈՉ ԵՒՍ Է
(31 ՅՈՒԼԻՍ 1919 – 21 ՅՈՒԼԻՍ 2019)
Ռոպըրթ Մորկընթաու, որ աւելի քան 40 տարի ծառայած էր իբրեւ հարաւային Նիւ Եորք նահանգի գլխաւոր դաշնակցային դատախազ եւ Մանհաթընի ամենէն երկարամեայ շրջանային դատախազը, իր մահկանացուն կնքեց Կիրակի, 21 Յուլիսին, 99 տարեկանին, իր հարիւրերորդ տարեդարձէն օրեր առաջ։

Մորկընթաուի մեծ հայրը՝ հռչակաւոր Հենրի Մորկընթաու աւագը, Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին, հանդիսանալով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը հաստատող նշանաւոր ձայներէն մէկը։ Հայրը՝ Հենրի Մորկընթաու կրստեր, ԱՄՆ նախագահ Ֆրէնքլին Տ. Ռուզվելթի ելեւմտից նախարարն էր։

Ռոպըրթ Մորկընթաու հետեւեցաւ իր մեծ հօր ու հօր քայլերուն՝ իբրեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման երկարամեայ պաշտպան, եւ յաճախ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման ու Հայ Դատի պաշտպանութեան ձեռնարկներու իր մասնակցութիւնը բերաւ։

Մորկընթաուի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր, Հինգշաբթի, 25 Յուլիսին, Նիւ Եորքի մէջ։ Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի անունով արարողութեան ներկայ էր առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան։

Թող Տիրոջ յաւերժական լոյսը միշտ փայլի անոր վրայ։
Նիւ Եորքի ոստիկանութեան պատուոյ պահակները կը շրջապատեն Ռոպըրթ Մորկընթաուի դագաղը՝ յուղարկաւորութեան ընթացքին Էմանու-Էլ տաճարին մէջ

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ 33ԱՄԵԱԿԸ 
Թեմիս բարեջան առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս՝ շրջապատուած 2019ի «Տաթեւ» ծրագրի դասատուներուն եւ անձնակազմին կողմէ
Ինչպէս գրած էինք, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը իր 33րդ տարեշրջանը բոլորեց այս տարի՝ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս, տասներկու ծուխերէ եկած 40 աշակերտներու, ինչպէս եւ 16 եկեղեցական ու աշխարհական դասատուներու եւ անձնակազմի մասնակցութեամբ։

Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կազմակերպած այս ծրագիրը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը։ Զայն վարեց թեմիս առաջնորդական փոխանորդ եւ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հ. Սահակ Ծ. վրդ Եմիշեան։ Ծրագրի դասատուներն էին՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոս, Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան, Կոմիտաս Ա. սրկ. Պաղսարեան, Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեան, Ստեփան քհնյ. Պալճեան, Վահան քհնյ. Գույումճեան, Ճորճ Ա. սրկ. Լէյլէկեան եւ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան։ Անձնակազմը բաղկացած էր հետեւեալ անձերէն՝ Յարութ սրկ. Թագւորեան (խորհրդական), Պետրոս սրկ. Գալաճեան (խորհրդական), երէցկին Ալիս Պալճեան (հիւանդապահուհի), երէցկին Մակի Գույումճեան (դասատու եւ խորհրդական), Թամար Լագիսեան (խորհրդական), տոքթ. Ալթա Միքայէլեան (խորհրդական) եւ տոքթ. Արի Նալպանտեան (դասատու եւ բժիշկ-խորհրդական)։

Աշակերտները առաւօտեան երեք եւ երեկոյեան երկու դասերու մասնակցեցան։ Ուսումնական ծրագիրը չորս տարուան երկայնքին կ՚ամբողջանայ՝ մէկ շաբաթ իւրաքանչիւր ամրան։ Իւրաքանչիւր տարի, աշակերտները շուրջ 20 կրթական պահեր ունին։ Ուսումնական ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Աստուածաշունչը, խորհուրդները՝ շեշտը դնելով Ս. Պատարագին վրայ, հայկական եկեղեցական տօներն ու սուրբերը, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու դաւանանքը, աղօթք եւ պաշտամունք, ինչպէս ժամանակակից բարոյական հարցերու մասին քննարկումներ։ Շրջանաւարտները, եթէ կը փափաքին, կրնան վերադառնալ յետ-աւարտական դասերու։ Ուսուցման հինգ մակարդակները միաժամանակ կ՚ընթանան։

Ամառնային ծրագրի այս խտացած ընթացքը տարբեր մարզախաղերով (վոլիպոլ, ֆութպոլ եւ լող) եւ զբօսանքներով ճոխացած էր։ French Creek Pool լող-զբօսապտոյտ մը եղաւ, ինչպէս եւ 4 Յուլիսի դաշտահանդէսը։

Ծրագիրը աւարտեցաւ Կիրակի, 7 Յուլիսին, Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագով, նախագահութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Պատարագեց ու քարոզեց Թրոյի (Նիւ Եորք) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, ՀՕՄի Ֆիլատելֆիայի «Արտեմիս» մասնաճիւղը ամբողջ խումբը ճաշկերոյթով հիւրասիրեց, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը շրջանաւարտներուն։

Այս տարի շրջանաւարտ եղան Փիթըր Յակոբեան (Ս. Սարգիս եկեղեցի, Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Լիաննա Իսախանեան (Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եւ Կարօ Մինասեան (Ս. Խաչ եկեղեցի, Թրոյ, Նիւ Եորք)։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ
ՀՕՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան բացման խօսքը կատարեց Արեւելեան ԱՄՆի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Ժողովին։ Այս տարուան ժողովը Մասաչուսեթսի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Գեմպրիճի «Շուշի» եւ Ուոթըրթաունի «Լէօլա Սասունի» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ։ 

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՅՈՒԼԻՍ
ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
(ՎԱՐԴԱՎԱՌ)


Ա. ԹՈՒՂԹ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 1:1-7
Մենք լսեցինք, մեր աչքերով տեսանք եւ մեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր: Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ: Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ: Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան որ մենք ունինք Հօրը եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ, եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ: Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը:
Պատգամը, որ իրմէ լսեցինք եւ ձեզի կը փոխանցենք, սա է՝ թէ Աստուած լոյս է, բնաւ խաւար չկայ անոր մէջ: Արդ, եթէ ըսենք՝ «Հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր: Իսկ եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս ինք լոյսի մէջ է, այն ատեն ճշմարտապէս հաղորդակից կ’ըլլանք իրարու, եւ իր Որդւոյն Յիսուսի արիւնը կը սրբէ մեզ ամէն մեղքէ:

ՄԱՏԹԷՈՍ 17:1-13

Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան: Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ: Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.
– Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ’ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար:
Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ’ըսէր.
– Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք:
Երբ աշակերտները լսեցին ասիկա, սարսափահար՝ երեսի վրայ գետին ինկան: Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ.
– Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք:
Աշակերտները իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան:
Եւ մինչ լեռնէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց, ըսելով.
– Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք:
Այն ատեն աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.
– Հապա ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ’ըսեն թէ նախ Եղիան պէտք է գայ:
Յիսուս պատասխանեց.
– Ճիշդ է, Եղիան նախ գալով՝ պիտի պատրաստէ ամէն ինչ. բայց գիտցէք որ Եղիան արդէն իսկ եկած է, սակայն մարդիկ զայն չճանչցան եւ անոր հետ վարուեցան ինչպէս որ ուզեցին: Նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնց կողմէ:
Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կը խօսէր ան:

ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՏՕՆ ՆՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Շաբաթ, 27 Յուլիսին, Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Հին Տապանակն ու Նոր Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնը։ Այս զուգորդուած տօները տեղի կ՚ունենան Այլակերպութեան Տօնի նախորդող Շաբաթ օրը։ Հինն ու նորը միատեղ տօնելը կը հաստատէ եկեղեցւոյ շարունակականութիւնը։ Աստուած ինքզինք աստիճանաբար յայտնեց մարդ արարածին Ադամի, Նոյի, Աբրահամի, Մովսէսի եւ մարգարէներուն միջոցաւ։ Եկեղեցին գոյութիւն ունէր սկիզբէն, եւ ահա այդ պատճառով է որ Հին Կտակարանը ընդունուած է որպէս Աստուածաշունչին մէկ մասը եւ ճանչցուած որպէս Նոր Կտակարանին տանող նախաբան։ Այս օրուան յատկացուած շարականը կը հաստատէ   «Որ ի սկզբանէ իմաստութեամբ հաստատեցեր զեկեղեցի հօր իմաստութիւն  զոր նախանկար տեսութեամբ նշանակեալ Մովսս խորանան երկնահանգոյն ի Սինա լերինն, լուսաւորելով փառօքն Աստուծոյ»  (Իմաստութիւն Հօր, դուն սկիզբէն իմաստութեամբ հաստատեցիր եկեղեցին զոր Մովսէս նախանկար տեսութեամբ նշանակեց երկնանման Խորանով Սինա լերան վրայ, լուսաւորուած Աստուծոյ փառքով)։

ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Կիրակի, 28 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ իր հինգ կարեւորագոյն՝ «տաղաւար» կոչուած տօներէն մէկը՝ մեր Տիրոջ Այլակերպութիւնը, նաեւ ծանօթ՝ Վարդավառ անունով։ Այս տօնը կը նշուի Զատիկէն տասնչորս շաբաթ ետք, եւ հետեւաբար թուականը կրնայ տարուբերիլ 28 Յունիսէն մինչեւ 1 Օգոստոս։ Ան կ՚ոգեկոչէ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Պետրոսի կողմէ արձանագրուած Նոր Կտակարանի մէկ դրուագը՝ Քրիստոսի վերելքը Թաբոր լեռ՝ Յովհաննէս, Յակոբ եւ Պետրոս աշակերտներուն հետ։

Այլակերպումը տեղի ունեցաւ «սրբազան լերան» վրայ (կը կարծուի, որ Թաբոր լեռն է), ուր Յիսուս գացած էր իր երեք աշակերտներուն հետ։ Անոր աղօթքի ընթացքին, «դէմքը արեւու նման փայլեցաւ եւ հագուստները լոյսի պէս ճերմակ դարձան»։ Մովսէս մարգարէ՞ն պատրիարքն ու Եղիշէ մարգարէն անոր կողքին յայտնուեցան։ Այդ պահուն, անոր երեւոյթը «այլակերպուեցաւ», ու Ան ինքզինք յայտնեց իբրեւ Աստուած իր աշակերտներուն, մինչ վերէն ձայն մը կ՚ըսէր. «Ասիկա իմ սիրեցեալ Որդիս է, որմէ շատ գոհ եմ։ Մտիկ ըրէք զինքը»։ Յիսուս պնդեց իր աշակերտներուն, որ լուռ մնային իրենց տեսածին մասին, բայց դէպքը արձանագրուեցաւ Աւետարաններուն մէջ։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ միացուց Վարդավառի նախաքրիստոնէական տօնը Այլակերպութեան քրիստոնէական տօնին հետ։ Հեթանոսական ժամանակներուն, հայերը սիրոյ, գեղեցիկութեան, բեղունութեան եւ ջուրի աստուածուհի Աստղիկի տաճարը վարդերով կը զարդարէին, աղաւնիներ կը թռցնէին եւ ջրախաղեր կը կատարէին։ Հինգերորդ դարուն, Եղիշէ պատմիչը գրած է այն աղօթքը, որ այս տօնին առիթով կ՚արտասանուի եկեղեցւոյ մէջ. «Օրհնեա՛, Տէր, զամս այս, եւ զպտուղ տարւոյս այսորիկ՝ պահելով անփորձ յամենայն ցասմանէ, լինելով աջ քո Տէր ի վերայ մեր ի սկզբանէ տարւոյս մինչեւ ցկատարումն»  (Օրհնէ՛, Տէր, այս տարին, եւ պտուղն այս տարուան՝ պահելով անփորձ ամենայն վտանգէ, քու աջը ըլլալով մեր վրայ՝ տարուան սկիզբէն մինչեւ վերջը)։

Վարդավառը ուխտագնացութեան աւանդական տօն դարձած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի անունը կրող եկեղեցիներուն։ Ամենէն հռչակաւոր ուխտավայրը Տարօն գաւառի Մշոյ Ս  Կարապետն էր, հիմնուած՝ Ս. Ս  Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ («Կարապետ» բառը կը նշանակէ ռահվիրայ՝ Յովհաննէս Մկրտիչի ակնարկութեամբ)։ Վանքը ընդարձակ էր եւ կառուցուած էր ամրոցի մը պէս լեռներուն մէջ։ Աւելի քան հազար ուխտաւորներ կրնար ընդունիլ: 1915-էն ետք, համալիրը գոյութիւն ունենալէ դադրեր է: Վանքը քանդուած է թրքական բանակին կողմէ, եւ ժամանակի, եղանակի ու աւազակներու գործած աւերը ամբողջացուցած է գործը։ 

Այս Կիրակի անուան տօնն է բոլոր անոնց, որոնք կր կրեն հետեւեալ անուններէն մէկը՝ Վարդգէս, Վարդավառ, Վարդ, Վարդուհի, Ալվարդ, Սիրվարդ, Նուարդ, Լուսվարդ, Հայվարդ, Պայծառ, Վարդանուշ, Վարդիվառ, Վարվառ։

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐ՝ ՄԵՌԵԼՈՑ Է
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հին տաղաւար տօներուն յաջորդող Երկուշաբթի օրը մեռելոց է՝ յիշատակի օր։ 
ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ (մահ՝ 31 Յուլիս 1947)

Համօ Օհանջանեան հայ յեղափոխական շարժման պատմութեան կարեւոր անուն մը եղաւ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան երրորդ վարչապետը։

Բուն անունով՝ Համազասպ Օհանջանեան, ծնած է Ախալքալաք, 1 Փետրուար 1873ին։ Տեղական դպրոցը եւ ապա՝ Թիֆլիսի ռուսական վարժարանը աւարտելէ ետք, մտած է Մոսկուայի համալսարանը՝ բժշկութիւն ուսանելու։ Սակայն, յեղափոխական հետաքրքրութիւններու եւ ուսանողական խլրտումներու մէջ մասնակցելու պատճառով, հեռացուած է համալսարանէն ու Մոսկուայէն։ Ստիպուելով վերադառնալ Թիֆլիս, հոն անոր միացած է ուսանողական տարիներու ընկերուհին՝ ռուս յեղափոխական՝ Օլկա Վաւիլեւնան։ Ամուսնացած են 1897ին եւ ունեցած՝ երեք զաւակ. Մոնիկ, Արիկ եւ Գալիա։ Այս շրջանին մտած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը։

1899ին Զուիցերիա ճամբորդելով, Օհանջանեան բժշկութեան մէջ մասնագիտացած է Լօզանի համալսարան, մինչեւ 1902։ Միաժամանակ շարունակած է յեղափոխական գործունէութիւնը, զոր չէ դադրեցուցած Թիֆլիս վերադառնալէ ետք։ Հանդիսացած է հայ եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման դէմ ուղղուած ժողովրդային շարժման պարագլուխներէն մէկը (1903-1905) եւ Հ.Յ.Դ. «Կովկասեան նախագիծ»ի ճարտարապետներէն մէկը, որ կուսակցութեան գործունէութիւնը Կովկասի մէջ տարածելու շրջադարձին մաս կազմած է։

Մասնակցած է Հ.Յ.Դ.ի երրորդ եւ չորրորդ ընդհանուր ժողովներուն (Սոֆիա՝ 1904, եւ Վիեննա՝ 1907), ու ընտրուած Արեւելեան Բիւրոյի անդամ ։ Ան կազմակերպութան ներքին կարգապահութեան եւ կառոյցին պահպանման երաշխաւորներէն մէկը եղած է, աշխուժօրէն մասնակցելով ռուսական առաջին յեղափոխութեան հետեւած ժողովրդավարական ալիքին եւ հայ-թաթարական հակամարտութեան։

Օհանջանեան ձերբակալուած է 1908ին՝ կուսակցութեան շուրջ երկու հարիւր անդամներու եւ համակիրներու հետ, ռուսական կառավարութեան կողմէ Դաշնակցութիւնը տկարացնելու փորձի շրջագիծին մէջ։ Բանտարկուելով Թիֆլիսի Մետեխի բանտը, ենթարկուած է չարչարանքներու, բայց իր կորովը չէ կորսնցուցած նոյնիսկ երբ «Դաշնակցութեան դատ»ին (1912) դատապարտուած է չորս տարուան բռնի աշխատանքներու՝ հակառակ իր ուժեղ պաշտպանողականին։

Ղրկուած է նախ՝ Խարքով (Ուքրանիա) եւ ապա՝ Սիպերիա, ուր իրեն հետեւած է Ռուբինա Արէշեան՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի երբեմնի գործակիցներէն մէկը։ Անոնք պիտի ամուսնանային սիպիրեան աքսորի տարիներուն։

Ա. Աշխարհամարտի սկիզբէն ետք, ռուս կառավարութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը եւ մերձեցումի քաղաքականութիւն մը որդեգրած՝ Հ.Յ.Դ.ի հանդէպ։ Ուրիշներու շարքին, Օհանջանեան ազատած է աքսորէն ու վերադարձած՝ Թիֆլիս։ Իր բժշկական ձիրքերը ի գործ դրած է ռազմաճակատին մէջ, եւ այնուհետեւ՝ Վանի կարճատեւ ազատագրումին (1915) Արամ Մանուկեանի աջ բազուկը եղած է՝ վերջինիս կառավարութեան շրջանին։

Օհանջանեան մասնակցած է Ղարաքիլիսէի հերոսամարտին, ուր իր աւագ որդին՝ Մոնիկը, զոհ գացած է։ Անկախութենէն ետք, գործօն մասնակցութիւն ունեցած է միջազգային յարաբերութիւններու մշակման մէջ, Հանրապետութեան Պատուիրակութեան մաս կազմելով Եւրոպայի մէջ։ 1919ին, Հ.Յ.Դ. իններորդ ընդհանուր ժողովին կողմէ Բիւրոյի անդամ ընտրուած է։ Վերադառնալով Երեւան, 1920ի սկիզբներուն Արտաքին Գործոց նախարար նշանակուած է։

Մայիսեան ապստամբութենէն ու Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան հրաժարականէն ետք, Օհանջանեան գլխաւորած է Բիւրօ-կառավարութիւնը, որ հանրապետութիւնը վարած է Մայիս-Նոյեմբեր 1920ին, իբրեւ վարչապետ եւ Արտաքին Գործոց նախարար։ Իր որդին՝ Վիգէնը (1920-2009), ծնած է այս ժամանակաշրջանին։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Օհանջանեան ձերբակալուած ու Երեւանի բանտը մնացած է, ուրկէ ազատագրուած է 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, Զանգեզուրի ճամբով անցած է Թաւրիզ (Պարսկաստան), իսկ 1923ին՝ Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը։

1928ին «Համազգային» Հայ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն մէկը եղած է եւ անոր նախագահը՝ մինչեւ մահը։ Կարեւոր դեր խաղացած է Պէյրութի ճեմարանի հիմնադրութեան եւ ամրապնդման գործին մէջ։ Նաեւ վերընտրուած է Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ։

Համօ Օհանջանեան իր մահկանացուն կնքած է 31 Յուլիս 1947ին։ Թաղուած է Գահիրէի մէջ։ Անոր գերեզմանաքարին վրայ գրուած է՝ «Ապրեցաւ ինչպէս քարոզեց»։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org )
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 
ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ 
Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ աստուածաշնչական ամառնային բանակումին մասնակիցները հիանալի շաբաթ մըն ալ գլորեցին այս տարուան նշանաբանին մասին հետազօտութիւններով՝ «Մինչեւ Հրատ եւ անկէ անդին (Տեսէք թէ Աստուծոյ ուժը մինչեւ ուր կրնայ տանիլ ձեզ)», հաճելի եւ ուսանելի պտոյտներով դէպի Roger Williams Park Planetarium աստղադիտարան եւ Բնութեան Պատմութեան թանգարան։ Շաբաթը աւարտեցաւ յատուկ բացօթեայ ճաշով մը՝ Արանց Ակումբի պատրաստութեամբ եւ Տիկնանց Միութեան հիւրասիրութեամբ։ Յետմիջօրէին, բանակողները ուրախ-զուարթ հանդէս մը պատրաստած էին, շաբաթուան նիւթերուն վրայ հիմնուած եւ Ռաֆֆի Ռշտունիի մասնագիտական ու ճարտար ղեկավարութեամբ։ Բոլոր պատասխանատուները, բանակումի մասնակիցները եւ ծնողները Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեանի հետ միասնաբար իրենց ուրախութեան եւ բաւարարութեան զգացումները արտայայտեցին, սակայն տխուր էին՝ աւարտին հասած ըլլալուն համար։ Ինչպէս միշտ, հիմա ալ ամէն մարդ կը ժամադրուի յաջորդ բանակումին համար։ 
ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Նամակներէն նմոյշներ ներկայացնելով, անոնց անունները միայն կը յիշենք՝ ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Այս շաբաթ, 10ամեայ Անին կը գրէ իր հովանաւորներուն՝ տէր եւ տիկ. Արթըր Պետրոսեանին (Փոմոնա, Նիւ Եորք)։ 
Բարեւ, իմ սիրելի ու յարգարժան բարերար։

Շատ ուրախ եմ, որ պէտք է ծանօթանամ Ձեր հետ։ Ես Անի ...... եմ, 10 տարեկան, ապրում եմ Սիւնիքի մարզ՝ քաղաք Քաջարանում։ Սովորում եմ V-րդ դասարանում, գերազանց գնահատականներով։ Յաճախում եմ նկարչական պարապմունքների, պարի եւ երգչախմբի։

Ունեմ շատ ընկերուհիներ, որոնց շատ եմ սիրում։ Շուտով տեղի կ՚ունենայ մեր գրչախմբի միջոցառում, որը նուիրուած է մայրիկների տօնին։ Ունեմ շատ երազանքներ։ Մայրիկիս ասելով, երազանքներն ու ցանկութիւնները կատարւում են։ Որոշել եմ լաւ սովորեմ եւ մանկաբոյժ դառնամ, որպէսզի բուժեմ եւ օգնեմ բոլոր երեխաներին։ Սիրում եմ գրքեր կարդալ, գեղեցիկ զգեստներ հագնել, համակարգչով զբաղուել, օգնել մայրիկիս։ Խոստացել եմ ամէն ինչ անել, որ մայրիկիս միշտ հպարտ ու երջանիկ տեսնեմ։ Կ՚աշխատեմ կրկնակի հատուցել այն ամէնի համար, ինչ նուիրել է մայրս ինձ, սրբութեամբ կը կատարեմ իմ պարտքը եւ կը զարդարեմ նրա յետագայ ապրած տարիները։

Իմ խորին շնորհակալութիւնն եմ յայտնում եմ Ձեր բարեհոգութեան եւ բարերարութեան համար։ Շնորհակալութիւն ենք յայտնում Ձեզ եւ այն բոլոր հովանաւորներին, որոնց աջակցութեամբ իրականացւում է այս ծրագիրը։ Ես եւ իմ մայրիկը երախտապարտ ենք, որ կան բարի մարդիկ, որոնք անտարբեր չեն մնում իմ եւ իմ պէս երախաների նկատմամբ։ Ցանկանում նք Ձեզ առողջութիւն, երկար տարիների կեանք։ Մաղթում եմ Ձեզ յաջողութիւն Ձեր բարեգործական կեանքում։ Աշխարհի բոլոր մանուկներին ցանկանում եմ երջանիկ, գունեղ, անհոգ մանկութիւն, որ կեանքը լինի իմ մայրիկի պատմած հեքիաթների նման, որտեղ միշտ բարին յաղթում է եւ բոլոր լաւ մարդիկ ապրում են ուրախ ու երջանիկ։

Յարգանքներով՝
Անի

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻՆ
Հովանաւորի սպասող որբերու ցուցակ մը ունինք։ Եթէ կ՚ուզէք անոնց մէկը հովանաւորել, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ՝ Սոֆիին դիմելով կա՛մ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) եւ կա՛մ հեռաձայնով (212-689-7810)։    
ԾԵՐ ՈՒ ՀԻՆ ՄԱՐԴՈՑ ԵՒ ԲԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Էռնեստ Հէմինկուէյի նշանաւոր “The Old Man and the Sea” վիպակը հայերէնի թարգմանուած է «Ծերունին եւ ծովը» խորագրով։ Ինչպէս գիտենք, ծերունի մը տարիքը առած անձ մըն է։ Միւս կողմէ, “old man” կրնաք բառացիօրէն թարգմանել, բայց ո՛չ իբրեւ «ծերունի մարդ», քանի որ «ծերունի» գոյական է, իսկ “old”՝ ածական։ Ահա թէ ինչու ճիշդ թարգմանութիւնը «ծեր մարդ» է։

«Ծեր» հնդեւրոպական ծագումով բառ մըն է, որ *g’er («ծերութիւն, ծերանալ») արմատէն կու գայ։ Բազմաթիւ արմատակից բառեր ունի հայերէնի քոյր լեզուներուն մէջ։ Ամենէն շահեկան պարագան յունարէն geron, geront («հին, երէց») բառն է, որ կամուրջ մը կը ստեղծէ դէպի անգլերէն բառեր (“geriatric” կամ “gerontology”)։ Քոյր լեզուներուն կողքին, բազմաթիւ հայերէն բարդ բառեր ունինք, որոնք «ծեր»ով կը սկսին ու կը վերջանան, որոնցք շարքին՝ ծերակոյտ ։ Վերջինս մեզ կը տանի հռոմէական օրէնքի ստեղծած ու մինչեւ օրս հանրապետական ժողովրդավարութեան հիմքը կազմող հաստատութիւններէն մէկը՝ աւագներու պալատը կամ Senatus (լատ. senex «ծեր»), որ անգլերէն Senate բառն է, իսկ senator՝ «ծերակուտական»ն է։

Լատիներէն senex բառը, սակայն, «ծեր»էն տարբեր՝ նախահնդեւրոպական *sénos («հին») արմատէն կը բխի։ Այս արմատն ալ բազմաթիւ ածանցներ ունեցած է հնդեւրոպական լեզուներուն մէջ, որոնցմէ մեր հետաքրքրութիւնը կը գրաւէ յունարէն énos («հին») բառը, որ բաւական նման է հայերէն քոյր բառին՝ հին։ Վերջինիս պարագային, սակայն, կը թուի, թէ հնդեւրոպական *s- ն ինկած է, իսկ հայերէն բառը սկզբնապէս *ին եղած է։ Բայց իրանական բառերու ազդեցութիւնը պատճառ դարձած է, որ գրական լեզուին ծանօթ հին ձեւը ստեղծուի։

Արդ, հին եւ ծեր մօտիկ իմաստներ ունին, եւ նոյնիսկ եթէ դուք կրնաք ըսել, թէ մէկը հին մարդ է, «հին»ի գործածութիւնը ֆիզիքական տարիքի հետ կապ չունի, այլ՝ մտային։ Այսպէս՝ «հին մարդ» կը նշանակէ հին մտածելակերպի տէր մարդ եւ կամ հին ժամանակներու մարդ, եւ ո՛չ՝ մեծ տարիքով մարդ։ Միւս կողմէ, «հին» բառը, անգլերէնով, ո՛չ միայն “old” կը նշանակէ, այլեւ “ancient”։ Ահա թէ ինչու, երբ «հին դարեր» կ՚ըսենք, կը նշանակէ “ancient centuries” եւ ո՛չ՝ “old centuries”։

Հակառակ իրենց յարաբերութիւններուն, «հին» ու «ծեր»ը նուրբ տարբերութիւններ ունին։ Բան մը կրնայ հին ըլլալ, բայց չի նշանակեր, որ ծերացած է։ Այս ժամանակներուն, երբ այսօրուան պատահածը արդէն հին է՝ օրուան վերջաւորութեան, կ՚արժէ յիշել ասիկա։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (  www.armenianprelacy.org  )

ՆԱՄԱԿԱՆԻ
Խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները յղեցէք crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։ Հաճոյքով կը հրատարակենք մեր ստացած նամակներէն նմոյշներ։

Շնորհակալութիւն յանուն Սփիւռքի ձեր օրինակելի աշխատանքին համար՝ «Ի՞նչ պատահեցաւ այս շաբաթ հայոց պատմութեան մէջ» սիւնակէն մինչեւ «Հայ լեզուի անկիւն»ը եւ ա՛լ աւելի անդին։ Միշտ տեղին է, ժամանակին եւ լաւ ներկայացուած։

Հայ ազգը շատ ճակատագրական պահեր կ՚ապրի եւ կը շնորհաւորեմ ձեզ ձեր տաղանդին, արհեստավարժութեան եւ աներեր նուիրման համար՝ մեր հայկական ու քրիստոնէական հպարտ ժառանգութեան պահպանման ի խնդիր, ինչպէս եւ Հայ Դատի ձեր հետապնդման համար։

Յարատեւեցէք եւ մի՛ յանձնուիք։ Աստուած առաջ եւ մինչեւ յաղթանակ։

Նորիս Պալապանեան
Չեւի Չէյս, Մէրիլէնտ

«Առաջնորդարանի Crossroads ելեկտրոնային լրատուն կը ստանամ։
Այս երկտողը կը գրեմ պարզապէս ըսելու համար որ վերջապէս կը կարդամ գրութիւններ, որոնք գրուած են հայերէնով մը որ է այնպէս ինչպէս որ հարկ է։
Շնորհակալութիւններ եւ յաջողութիւններ ձեզի։

Լաւագոյն մաղթանքներով՝
Զուարթ Պալըքճեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
4 Օգոստոս —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) տարեկան
դաշտահանդէս Քէմփ «Հայաստան»ի մէջ (Ֆրէնքլին, Մասաչուսեթս), հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաղողօրհնէք եւ մատաղ՝ կէսօրէ ետք ժամը 3:30ին։ Տեղեկութիւններու համար՝ եկեղեցւոյ գրասենեակ (401) 831-6399։
 
4 Օգոստոս —Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ (Ուոքիկըն, Իլինոյ) տարեկան խաղողօրհնէք եւ դաշտահանդէս՝ ժամը 12:00էն 4:00։ Չի ջնջուիր անձրեւի պատճառով։

11 Օգոստոս Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մեսեչուսեթս) տարեկան դաշտահանդէս Քէմփ «Հայաստան»ի մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաղողօրհնէք եւ մատաղ՝ կէսօրէ ետք ժամը 3:00ին։ Տեղեկութիւններու համար՝ 617-924-5762։
 
11 Օգոստոս —Ուստրի (Մասաչուսեթս) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէս։ Խաղողօրհնէք՝ կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին, Անուշաւան արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։
 
16-18 Օգոստոս —Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) Armenian Fest 2019։ Ուրբաթ՝ երեկոյեան 6:00էն 10:00, Շաբաթ՝ երեկոյեան ժամը 5:00էն 11:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Խաղողօրհնէք՝ Կիրակի օր, կէսօրէ ետք ժամը 4:00։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
 
12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։  Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
 
19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 

17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
 
13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։  
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/