SHARE:  
19 Փետրուար, 2020
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
«Հաւատով Խոստովանիմ» ԻԳ  աղօթք
 
Կը կարդայ՝ Յակոբ Արի Մախուլեան
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Պայքար՝ վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց
Սրբոց Վարդանանց նոր օծուած սրբապատկեր
«Աւարայրը մեզի համար հայոց պատմութեան սովորական ճակատամարտներէն մէկը չէ եւ չեղաւ երբեք, այլ եղաւ մեր պատմութեան պատգամ փոխանցող, վճռադրոշմ ճակատամարտ մը», ըսած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ «Եւ այսօր մեր ժողովուրդը անցեալէն եկող՝ հաւատարմութեամբ, նուիրումով, յանձնառութեամբ ունկնդիր պէտք է դառնայ Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց պատգամին»։

Վաղը՝ Հինգշաբթի, 20 Փետրուար, ազգովին կը յիշենք Սրբոց Վարդանանց տօնը, ի պատիւ բոլոր հերոս նահատակներուն, որոնք ինկան 451 թուականի պատերազմին ընդդէմ զրադաշտական Պարսկաստանի՝ ի պաշտպանութիւն քրիստոնէութեան։ Պարսիկ թագաւոր Յազկերտ Բ. հրահանգած էր բոլոր հպատակ քրիստոնեաներուն, որ ուրանային իրենց կրօնքը եւ զրադաշտականութիւնը ընդունէին։ Սակայն, հայոց հոգեւոր եւ աշխարհական ղեկավարները մերժեցին ենթարկուիլ եւ ուխտեցին պայքարիլ ընդդէմ ճշմարտութեան թշնամիներուն։ Աւարայրի դաշտին վրայ երկու բանակներուն ճակատագրական կռիւի նախօրեակին, հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան այսպէս ըսաւ իր զինուորներուն. «Ան, որ կը կարծէր, թէ մենք քրիստոնէութիւնը իբրեւ զգեստ ունինք հագած, այժմ չի կրնար մեզ փոխել՝ ինչպէս մարմնի գոյնը կարելի չէ, գուցէ այլեւս չկարենայ մինչեւ վերջ: Որովհետեւ ասոր հիմքերը հաստատ կերպով դրուած են անշարժ վէմի վրայ, ո՛չ թէ երկրի վրայ, այլ վերը՝ երկնքի մէջ, ուր ո՛չ անձրեւներ կու գան, ո՛չ քամիներ կը փչեն եւ ոչ ալ հեղեղներ կը յարուցանեն: Եւ մենք ալ, թէպէտեւ մարմնով երկրի վրայ ենք, բայց հաւատքով հաստատուած ենք երկնքի մէջ, ուր ո՛չ ոք կրնայ հասնիլ Քրիստոսի անձեռագործ շինուածքին»:

Քանակով նուազ հայոց բանակը ուժեղ դիմադրութիւն ցուցաբերեց հզօր թշմամիին դէմ։ Վարդանն ու բազմաթիւ հայ զինուորներ նահատակուեցան, բայց պարսիկները ա՛լ աւելի մեծ թիւով մեռելներ ունեցան, եւ վերահասու եղան քրիստոնէութեան հանդէպ հայոց ուժեղ յանձնառութեան։ Այս ճակատամարտով, հայ ժողովուրդը փաստեց, որ քրիստոնէութիւնը այլեւս իր ինքնութեան մաս կը կազմէր։

Հայաստանեայց Եկեղեցին Վարդանանց հերոսները սրբացուց 5րդ դարուն իսկ։ Ներսէս Շնորհալիի հեղինակած Վարդանանց տօնի օրհնութեան շարականը կ՚ըսէ.

«Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց, վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու, Վարդան քաջ նահատակ որ վանեցեր զթշնամին, վարդագոյն արեամբդ քո պսակեցեր զեկեղեցի։

... Գոհութեամբ փառատրութիւն երրորդութեանդ նուագեմք, բազմութեամբ պսակելոցս զմեօք մածեալ առաքինեացս, եկեղեցիք Հայաստանեայց պայծառապէս զարդարեցան, ունելով միշտ բարեխօս զճգնութիւն մարտի սոցա»։

(«Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինիներու, Հոգիի զէնքով արիաբար զինուեցար մահուան դէմ. Վարդան, քաջ նահատակ որ թշնամին վանեցիր, վարդագոյն արիւնովդ եկեղեցին պսակեցիր։

... Գոհաբանութեամբ օրհնութիւն կ՚երգենք սուրբ Երրրոդութեանդ, մեզի՝ առաքինիներուս միացած մարտիրոսներու բազմութեամբ, Հայոց եկեղեցիները պայծառապէս զարդարուեցան, միշտ բարեխօս ունենալով անոնց նահատակութիւնը»)։

484ին, Վարդանի եղբօրորդին՝ Վահան Մամիկոնեան, որ գլուխը անցած էր հայոց ընդդիմութեան՝ պարսկական նոր սադրանքներու դէմ, աննահանջ ոգիով պայքարելէ ետք՝ յաջողեցաւ կնքել Նուարսակի դաշնագիրը, որ կրօնական ազատութիւն եւ ինքնավարութիւն շնորհող առաջին փաստաթուղթն է։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, այսօր, Չորեքշաբթի, 19 Փետրուարին, ներկայ պիտի գտնուի Հայաստանի զինեալ ուժերու 28ամեակի առիթով հիւրասիրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ, Նիւ Եորք։

Վաղը՝ Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի պատարագէ ու քարոզէ Սրբոց Վարդանանց տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով՝ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ուրախ ենք յայտնելու, որ այս տարի եւս, ըստ անկալեալ աւանդութեան, Յովնանեան վարժարանի աշակերտները կը մասնակցին Ս. Պատարագին ու կը հաղորդուին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տփղի ունեցող հիւրասիրութեան ընթացքին, աշակերտները գեղարուեստական յայտագիր մը պիտի ներկայացնեն։

Շաբաթ, 22 Փետրուարին, Անուշաւան Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ սարկաւագաց սեմինարին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։

Իսկ Կիրակի, 23 Փետրուարին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ ու քարոզէ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, դարձեալ եկեղեցւոյ անունակոչութեան առթիւ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը սարկաւագ պիտի ձեռնադրէ Շանթ Եղիայեանը, Արիս Խաչատուրեանը եւ Արի Նալպանտեանը։ 

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. ողջունեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը, որ վերջերս վաւերացուած էր սուրիական Խորհրդարանին կողմէ։ Նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին ու խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Եուսէֆ Սապպաղին ուղղուած նամակով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց ճանաչումի փաստը:

« Դուք ցեղասպանութիւնը ճանչցած եղաք, երբ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր զաւակներուն հետ Սուրիոյ ժողովուրդը կիսեց իր հացն ու ջուրը», ըսաւ Արամ Ա.: «Ահա թէ ինչու մեր ժողովուրդը Սփիւռքին մէջ յատուկ ուրախութեամբ կ'ողջունէ սուրիական Խորհրդարանի այս որոշումը»:

Հինգշաբթի, 13 Փետրուարին, օրէնսդիր մարմինը քուէարկեց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, այսպիսով ձեւակերպելով նախապէս կառավարութեան կողմէ Եղեռնի զոհերուն ոգեկոչումը։ Բանաձեւը ներկայացուած էր Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբին կողմէ։

Երեւանի մէջ, Սուրիոյ դեսպանը՝ Մոհամմէտ Հաճ Իպրահիմ, ճանաչման որոշումը պատմական իր ծիրին մէջ ներկայացուց։ «Այսօրուան ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որոնք զարհուրելի արարքներ կը գործեն սուրիացի ժողովուրդին դէմ, թոռներն են անոնց, որոնք անցեալին ցեղասպանութիւն գործած են հայոց եւ ուրիշներու դէմ», ըսաւ Իպրահիմ։ 

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑԻ ՀԱՒԱՔ 
Երեքշաբթի, Փետրուար 18ին, Սրբոց Ղեւոնդեանցի տօնին առթիւ Նիւ Ինկլընտի հոգեւորականներու հաւաք տեղի ունեցաւ Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։ Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ եկեղեցական յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծեց Սրբոց Վարդանանց նոր սրբապատկերը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սրբոց Վարդանանց սրբապատկերը կ՚օծէ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս)
Ձախէն աջ՝ Անդրանիկ Ա. քհն. Պալճեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, սրբապատկերի բարերար՝ Անահիտ Նաճարեան, եւ դուստրը՝ Սոնիկ Նաճարեան
Նիւ Ինկլընտի հոգեւորականներու դասը նորաօծ սրբապատկերին առջեւ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆԻ ՄԷՋ 
Կիրակի, 16 Փետրուարին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց եկեղեցական արարողութեան Նիւ Պրիթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Քընէթիքըթ) մէջ։ Նկարին մէջ՝ Սրբազան Հայրը ծխականներուն հետ։

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հրամանով, բոլոր ծուխերը հոգեհանգիստ պիտի կատարեն այս Կիրակի, 23 Փետրուարին, ի յիշատակ բոլոր այն հայերուն, որոնք 1988-1990ին զոհ դարձան ատրպէյճանական ջարդերու՝ Սումկայթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ։ Այդ ջարդերուն հետեւանքով, հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուեցան եւ հարիւր հազարաւորներ բռնագաղթի ենթարկուեցան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թելադրած է երկրորդ պնակ մը շրջագայել՝ ի նպաստ նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն։

ՀՕՄ-Ի ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հրահանգած է բոլոր ծուխերուն նշել ՀՕՄ-ի յիշատակի օրը, այս Կիրակի, 23 Փետրուարին, հոգեհանգիստ կատարելով Հայ Օգնութեան Միութեան բոլոր մահացած անդամներուն եւ բարերարներուն յիշատակին։ Մասնաւորապէս պիտի յիշուին ՀՕՄ-ի հիմնադիրը՝ Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան)՝ սպանութեան 105րդ ամեակին առիթով, ինչպէս եւ հետեւեալ բարերարները՝ Ճորճ եւ Պէաթրիս Լազարեան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Գարեգին եւ Վիրճինիա Սիրունեան, Սամուէլ եւ Ակնէս Երեմեան, Արաքսի Բրուտեան, Հայկանոյշ Կարապետեան, Տորիս Նորեան-Լենցի, Ալիս Նորեան, Արփքէս Քիլէրճեան, Յակոբ Ժագ եւ Փըրլ Մուրատեան, Ալիս Հայկազեան-Պըրմըն, Ճընեւիեւ Եկէշեան, Երուանդ եւ Հէլըն Թերզեան, Ալպերթ եւ Թագուհի Պէկեան, Կիրակոս Վաբորսիեան, Գուրգէն Ասատուրեան, Մարկրէթ Ասատուրեան եւ Քաթրին Թայեան։   

ԹԵՀՐԱՆԻ «ԱԿՈՒՆՔ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու Թեհրանի «Ակունք» կեդրոնը վերջերս բացած է իր արուեստի ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Ցուցահանդէսը կը վայելէր Թեհրանի թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հովանաւորութիւնը, որ ներկայ էր բացման հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ ճարտգտ. Նորայր Արամեանը։

Յունուար 30ին տեղի ունեցած բացման հանդիսութեան, Սեպուհ Արքեպիսկոպոս դրուատած է կեդրոնի աշակերտները, ինչպէս եւ անոր տնօրէնութեան ու անձնակազմի կատարած աշխատանքը՝ այս ցուցահանդէսը կազմակերպելու համար։

«Ակունք» կեդրոնը հիմնուած է 1998ին, Թեհրանի մէջ, նպատակ ունենալով մտային տարբեր կարողութիւններու տէր պատանիներուն առիթը տալ՝ զարգացնելու իրենց ուսումը, մտաւորական ու ֆիզիքական հմտութիւնը, ինչպէս նաեւ խրախուսել իրենց ձիրքերը։ Արդէն աւանդութիւն դարձած ցուցահանդէս-վաճառքը այդ նպատակները իրագործելու ծրագիրներէն մէկն է։

Կեդրոնի անձնակազմը համայնքի ունի մասնագէտներ, որոնք ամէնօրեայ կերպով կը զբաղին աշակերտներու կրթութեամբ։ Այս իմաստով, «Ակունք»ը առանձին երեւոյթ մըն է Սփիւռքի մէջ։

Կեդրոնը կրնայ օրինակ մը նկատուիլ այլ համայնքներու համար, յատկապէս երբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2020 թուականը հռչակած է յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի։ «Ակունք»ի ձեռնարկները միշտ կը վայելեն իրանահայ համայնքի ու բարերարներու նեցուկը։

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ 37ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ՄԱՐՏ 15ԻՆ
«Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00 ին, աշխարհահռչակ «Գառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ Երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիներ՝ դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան, այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։

Ահա առիթ մը եւս ծանօթանալու տաղանդաւոր ու նորափթիթ հայ արուեստագէտներու գործին, որոնք իրենց անունը կը հնչեցնեն միջազգային բեմերու վրայ։ Ի դէպ, «Նիւ Եորք Թայմզ»ը կը տեղեկագրէ, թէ Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիքը 2020-2021 տարեշրջանին պիտի մեկնաբանէ մեր յայտագրի 2018ի մասնակիցի՝ երգահան Մէրի Գույումճեանէն գործեր։  

«Միւզիքըլ Արմինիա» 1982ին հաստատուած է օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով։ Այս յայտագիրը նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու տարածման սատարելու։ Անցնող տարիներուն ելոյթ ունեցող բազմաթիւ երաժիշտներ յայտնի անուն դարձած են իրենց ասպարէզին մէջ։

Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար), ոսկի (300 տոլար) եւ արծաթ (200 տոլար)։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։

Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարան՝ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։ 
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, ՓԵՏՐՈՒԱՐ 23
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 6:1-21

Զգո՛յշ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն:
Երբ ողորմութիւն կ’ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ’ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ: Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ’ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ’ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս:

Նմանապէս, երբ կ’աղօթես՝ կեղծաւորներուն մի՛ նմանիր, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կեցած աղօթել, որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Դուն երբ կ’աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ: Եւ Հայրդ որ անտեսանելի է ու կը տեսնէ կատարածդ, քեզի պիտի հատուցանէ յայտնապէս:

Տակաւին, երբ կ’աղօթէք, մի՛ շատախօսէք հեթանոսներուն նման, որոնք կը կարծեն որ եթէ շատ խնդրեն՝ լսելի պիտի դառնան: Արդ, մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ինչ որ պէտք է ձեզի, նոյնիսկ երբ տակաւին իրմէ խնդրած չէք: Ուրեմն այսպէս աղօթեցէք.-
Հայր մեր երկնաւոր,
սրբաբանուի՛ անունդ.
թող գայ արքայութիւնդ,
թող կատարուի քու կամքդ,
ինչպէս որ երկինքի մէջ՝
այնպէս ալ երկրի վրայ։
Ամէնօրեայ մեր հացը
այսօր եւս մեզի տուր։
Ներէ՛ մեր յանցանքները,
ինչպէս որ մենք կը ներենք
անոնց՝ որոնք մեզի դէմ
նոյնպէս յանցանք գործած են։
Եւ թոյլ մի՛ տար
որ փորձութեան մէջ իյնանք.
այլ մեզ չարէն ազատէ՛:
Որովհետեւ քուկդ են միշտ
արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը։ Ամէն:
Որովհետեւ եթէ մարդոց ներէք իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի: Իսկ եթէ մարդոց չներէք իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեր յանցանքները:
Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: 
Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս:
Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատը քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատը քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ’ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը:


ԹՈՒՂԹ ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 13:11-14:23

Սիրոյ այս սկզբունքով ընթացէք, գիտնալով թէ ի՛նչ ժամանակի մէջ կ’ապրինք: Ժամանակն է որ քունը թօթափենք եւ արթննանք, որովհետեւ հիմա փրկութիւնը աւելի մօտ է մեզի, քան այն ատեն՝ երբ հաւատացինք: Գիշերը ահա կ’անցնի եւ ցերեկը մօտ է: Ուստի խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք, ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ, կամ նախանձով ու հակառակութեամբ ապրելու: Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկարագիրը ձեր վրայ առէք, եւ մարմնի ցանկութիւնները կատարելու հետամուտ մի՛ ըլլաք:

Հաւատքի մէջ տկարացած մէկը ընդունեցէք՝ առանց իր խիղճը տանջող կասկածները քննադատելու: Օրինակ, մէկը կը հաւատայ՝ թէ ամէն ինչ կարելի է ուտել: Ուրիշ մը, որ կասկած ունի այդ մասին, բան­ջարեղէն կ’ուտէ միայն: Ամէն ինչ ուտողը թող չարհամարհէ չուտողը, իսկ չուտողը թող չքննադատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած զայն ընդուներ է: Ո՞վ ես դուն, որ Աստուծոյ ծառան կը դատես: Տէրը ի՛նք միայն գիտէ՝ իր հաւատքին մէջ կանգո՞ւն է անիկա, թէ ինկած: Բայց վստահ եղէք որ կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ Տէրը կրնայ զայն կանգուն պահել:
Նոյնպէս, ոմանք կը խորհին՝ թէ զԱստուած պաշտելու համար այսինչ օրը աւելի կարեւոր է քան միւս օրը, մինչ ուրիշներու համար բոլոր օրերը նոյնն են: Իւրաքանչիւրը թող իր համոզումը պահէ: Կը բաւէ որ թէ՛ յատուկ օր մը փնտռողը եւ թէ՛ օրերու միջեւ խտրութիւն չդնողը երկուքն ալ Տէրը պատուել կը խորհին: Նոյնպէս ալ, թէ՛ ամէն ինչ ուտողը Տէրը կը պատուէ եւ թէ՛ չուտողը, երբ երկուքն ալ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնեն:
Մեզմէ ոեւէ մէկը ինքն իր անձին համար չ’ապրիր, ո՛չ ալ ինքն իրեն համար կը մեռնի: Եթէ կ’ապրինք՝ Տիրոջ համար կ’ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք, որ կը նշանակէ թէ՝ ըլլա՛յ կեանքի եւ ըլլա՛յ մահուան մէջ՝ Տիրոջ կը պատկանինք: Ատոր համար ալ Քրիստոս մեռաւ եւ վերակենդանացաւ, որպէսզի Տէրը ըլլայ բոլորին, թէ՛ ապրողներուն եւ թէ՛ մեռածներուն հաւասարապէս: Ինչո՞ւ կը դատես ուրեմն եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ զայն կ’արհամարհես: Բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք, որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.-
«Ես ինձմով կ’երդնում,- կ’ըսէ Տէրը,-
որ ամէն ծունկ պիտի խոնարհի առջեւս
եւ ամէն լեզու պիտի խոստովանի
թէ ես եմ Աստուածը»:

Քանի ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ, այսուհետեւ դադրի՛նք իրար քննադատելէ, եւ փոխարէնը ջա­նանք մեր եղբայրներուն գայթակղութեան եւ մեղանչումին պատճառ չդառնալ:
Յիսուս Քրիստոսով հետեւեալը ապահովապէս գիտեմ, թէ ինքնին պիղծ բան չկայ: Բան մը պիղծ կ’ըլլայ ա՛յն մարդուն համար, որ զայն պիղծ կը համարէ: Եթէ գիտես թէ քու ուտելովդ եղբօրդ խղճմտանքը կը վիրաւորես, սիրով շարժած չես ըլլար՝ երբ ուտես: Քու կերակուրովդ պատճառ մի՛ դառնար որ կորսուի եղբայրդ, որուն համար Քրիստոս իր կեանքը տուաւ: Առիթ մի՛ տար որ բարի եւ ուղիղ սեպած բանդ հայհոյութեան պատճառ դառնայ: Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն՝ Սուրբ Հոգիէն տրուած: Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ’ըլլայ:
Արդ, այսուհետեւ խաղաղութիւն փնտռենք եւ աշխատինք իրարու հաւատքը ամրապնդել: Չըլլա՛յ որ կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը քանդես: Ամէն բան ինքնին մաքուր է. բայց սխալ է բան մը ուտել, երբ ատիկա ուրիշ մը կը գայթակղեցնէ: Աւելի ճիշդ է՝ ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ ուրիշ ոեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը գլորի կամ կը գայթակղի կամ կը տկարանայ: Այս մասին քու համոզումդ՝ քու եւ Աստուծոյ միջեւ թող մնայ: Երանի՜ անոր որ ինքզինքը դատապարտութեան չ’ենթարկեր այնպիսի բաներով՝ որով իր ընկերոջ փորձութեան պատճառ կ’ըլլայ: Միւս կողմէ, եթէ մէկը կասկած ունի իր կերածին անմաքրութեան մասին, Աստուծոյ դատապարտութեան ենթակայ է՝ եթէ ուտէ, որովհետեւ իր արարքը հաւատքի արդիւնք չէ: Եւ ինչ որ հաւատքէն չի գար՝ մեղք է:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 58:1-14

ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Շաբաթ, 22 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշատակէ Կ. Պոլսոյ տիեզերական ժողովին 150 հայրերը։ Թէոդոս կայսեր կողմէ 381ին գումարուած այս երկրորդ տիեզերական ժողովը հաստատեց Նիկիոյ ժողովի աշխատանքները եւ աւելցուց հինգ յօդուածներ Նիկիական Հանգանակին՝ Սուրբ Հոգիի, Եկեղեցւոյ, Մկրտութեան եւ Յարութեան մասին։ Պոլսոյ ժողովը Հայց. Եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած երեք տիեզերական ժողովներէն մէկն է։  

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Կիրակի, 23 Փետրուարին , Բուն Բարեկենդան է՝ Մեծ Պահոց նախատօնակը։ «Բուն» բառի գործածութիւնը կը զատորոշէ այս բարեկենդանը ուրիշներէ, որոնք եկեղեցական տօնացոյցին մէջ նշուած են՝ պահքի ուրիշ շրջաններու նախօրեակին։

Բարեկենդանը յատկանշուած է առատ ուտելիքով, ուրախութեամբ, զուարճութեամբ եւ զանազան տօնախմբութիւններով։ Աւանդաբար տան կերակուրները, որոնք Պահքի շրջանին արգիլուած են, Բարեկենդանին կը սպառին կամ ոչ-քրիստոնեայ դրացիներու կը տրուին։ Բոլոր կենդանական արտադրանքները, ներառեալ կաթնեղէն եւ հաւկիթ, արգիլուած են Մեծ Պահքի շրջանին։ Հին հայկական աւանդութիւնը ա՛լ աւելի խիստ էր. անոր համար ալ կը կոչուէր «աղուհաց»ի պահք:

 ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐ
Մեծ Պահքը կը սկսի Երկուշաբթի, 24 Փետրուարին։ Ան եկեղեցական տօնացոյցի պահքի ամենէն երկար շրջանն է։ Կը սկսի Բարեկենդանի յաջորդ օրը եւ կը տեւէ 40 օր՝ մինչեւ Ղազարի յարութեան նշումը՝ որ Ծաղկազարդի նախորդող Շաբաթ օրն է։ Յաջորդ պահքի շրջանը կը զուգադիպի Աւագ Շաբթուան հետ։

Բուն Բարեկենդանը հաւատացեալները կ՚առաջնորդէ դէպի Մեծ Պահքի շրջանը։

Մեծ Պահքը՝ աղօթքի, քաւութեան, պահեցողութեան եւ բարեպաշտութեան ժամանակաշրջան մը, խիստ անձնական հոգեկան ճամբորդութիւն մըն է, որուն հիմքը Քրիստոսի անապատին մէջ անցուցած 40 օրն է՝ մկրտութենէն ետք։

«Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մատթէոս 4:1-2)

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ՝ ՊԱՀՔԻ ՇՐՋԱՆԻՆ 
Պահքի շրջանին, ընկերային ձեռնարկներ ու տօնախմբութիւններ (ներառեալ՝ հարսանիքներ) տեղի չեն ունենար, որովհետեւ Պահքը աղօթքի, խորհրդածութեան եւ ներհայեցողութեան ժամանակաշրջան մըն է՝ Մեր Տիրոջ յարութեան նախապատրաստուելու համար։ Կը թելադրենք մեր հաւատացեալներուն եւ եկեղեցւոյ հետ կապուած բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ այս աւանդութիւնը յարգեն՝ ձեռնարկներ ծրագրելու ժամանակ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻ
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 26ԻՆ
Ըստ աւանդութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու յայտագիրը պիտի կատարուի Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իրերայաջորդ վեց շաբթուան ընթացքին, սկսելով Չորեշքաբթի, 26 Փետրուարին։
Յայտագրին մաս կը կազմեն՝
– Հսկումի կարճ արարողութիւն՝ ժամը 7:00ին,
– Դասախօսութիւն՝ ժամը 7:30ին
– Ընթրիք՝ ժամը 8:00ին։

Դասախօսութիւններու յայտագիրը հետեւեալն է

Փետրուար 26
Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան՝ «Յատուկ կարիքներ ունեցող մարդոց խնամքը եւ Աստուածաշունչը»

Մարտ 4
Տոքթ Վահան քհն. Գույումճեան՝ «Յատուկ կարիքներ ունեցող մարդիկը հասկնալու գեղեցկութիւնը»

Մարտ 11
Նարեկ քհն. Թրթռեան՝ «Համեստութիւնը ծառայութեան մէջ»

Մարտ 18
Լուիզ Քանեան՝ «Յատուկ կրթութեան ծառայութիւններ»

Մարտ 25
Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան՝ «Հայց. Եկեղեցւոյ աղօթքի հիմնական աղբիւրներ»

Ապրիլ 1
Փրոֆ. Շըվան Նաշ-Մարշալ՝ «Իմ զօրութիւնս ամբողջապէս կը յայտնուի՝ մարդուս տկարութեանը մէջ» (Բ. Կորնթ. 12:9)


Յայտագիրը կը հովանաւորեն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը։ 

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ «Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» 34ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԵՐԻԶՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ՝ «ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԸ»
Ազգ. Առաջնորդարանը ձեռնարկած է «Մկրտութեան իմաստը» վերնագրով ուսուցողական կարճ տեսերիզներու շարքի մը։ Երկրորդ բաժինը նուիրուած է Մատթէոսի Աւետարանի 3րդ գլուխին։ Երկշաբաթեայ շարքը կը վարէ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան։  
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
 
Այս շաբթուան նամակը գրած է Մոնիկան, որուն հովանաւորը Քոլէթ Կիւլեանն է։

«Ես Մոնիկա …… եմ, 17 տարեկան, սովորում եմ Օխտարի [Սիւնիքի գիւղ] միջնակարգ դպրոցի 12րդ դասարանում։ Եկաւ հերթական նամակի օրը եւ ես սիրով շտապում եմ ներկայացնել ապագայ պլաններիս ու նախասիրութիւններիս մասին։ Չնայած նրան, որ կարծես թէ ոչինչ չի փոխուել ինձ մօտ, բացառութեամբ նրան, որ նախասիրութիւններիս մէջ աւելացել են մարդկանց նկարելը, որ շատ հաճոյքով ու սիրով եմ անում, եւ աւելի սիրով կ՚անեմ այն ժամանակ, երբ արդէն ձեռք բերած կը լինեմ լուսանկարչական տեսախցիկ եւ անհրաժեշտ պարագաներ։ Բայց մինչեւ դրանք իրականացնելը ունեմ աւելի կարեւոր պլան՝ ընդունուել համալսարան եւ սովորել բանասիրական բաժնում։

Ապագայի հետ դեռեւս մեծ պլաններ չեմ կազմել, որովհետեւ առաջնայինը ինձ համար համալսարան ընդունուելն է։ Հիմա յաճախում եմ մասնաւոր հայոց լեզուի պարապմունքների, դրա հետ մէկտեղ շարունակում եմ գրել բանաստեղծութիւններ, խօսքեր ու շարադրանքներ, հետագայում յաջողութիւն լինելու դէպքում կը տպագրեմ գիրքս։ Ունեմ երազանքներ, որին հասնելու համար պէտք է իրականացնել նպատակներս»։
 
ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՅ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,   սեղմեցէք այստեղ  արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org)    կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը այժմ ընդլայնած է իր ծրագիրը, ընդգրկելով բոլոր այն որբերը, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Տարեկան գումարը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։ Ծրագիրը սկսած է գործադրուիլ այս տարուան սկիզբը։

Հովանաւորները այժմ կրնան շարունակել երէկուան մանուկներուն օգնել, որ հասուննան իբրեւ երիտասարդ մասնագէտներ։ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ թեկնածուներ գտնել եւ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել։

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) նոր համակարգիչներ (Chromebook) գնած է վերջերս՝ Հայկական Երիտասարդական Հիմնադրամի արհեստագիտական դրամաշնորհի մը միջոցով։

Ուսուցիչները եւ աշակերտները յաճախ կ՚օգտագործեն Chromebookեր եւ iPadեր իրենց հետազօտական եւ ուսումնական կարիքներուն համար։ Հիմնադրամը զօրավիգ կանգնած է վարժարանի արհեստագիտական կարիքներուն աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր։ 1988ին առաջին անգամ գումար մը տրամադրած էր աշակերտական համակարգիչներու դասարանի մը համար։ Այնուհետեւ, բազմիցս տարբեր գործիքներու գնումի ծախսերը հովանաւորած է։ «Երախտապարտ ենք Հայկական Երիտասարդական Հիմնադրամին՝ աշակերտական ուսման մէջ արհեստագիտութեան գործածութեան օգուտը հասկնալու եւ դրամաշնորհի մեր դիմումին ընդառաջելու համար», յայտնեց դպրոցի տնօրէնուհին՝ տիկ. Հուրի Պոյամեան։ 

ԱՐՑԱԽԸ՝ ՆԱՐԵԿ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Նիւ Ճըրզիի Նարեկ շաբաթօրեայ վարժարանի 5րդ, 6րդ եւ 7րդ դասարանի աշակերտները մօտէն ծանօթացան Արցախին։ Շաբաթ, Փետրուար 15ին, խնամակալ մարմնի անդամներէն Փօլին Տոսթումեան սահիկներով ներկայացուց Արցախը, պատմութիւնը, ներկան, պատերազմը, անկախացումը, բնութիւնը, ժողովուրդը եւ իր աննկուն կամքը գոյատեւելու, յաղթելու եւ պաշտպանելու իր հայրենի հողը։ Աշակերտները խանդավառ եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերին։ Աւարտին, իւրաքանչիւր աշակերտ նամակ մը գրեց Արցախի սահմանը պաշտպանող հայ զինուորին։
ՍԻՒԶԸՆ ԱՐՓԱՃԵԱՆ-ՃՈԼԼԻ ԵՒ ԱԼԱՆ ԱՐՓԱՃԵԱՆ ԿԸ ՇԱՀԻՆ
«ՄԻՆԱՍ ԵՒ ԳՈՀԱՐ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ 
Ալլան Արփաճեանի եւ Սիւզըն Արփաճեան Ճոլլիի “Out of My Great Sorrows: The Armenian Genocide and Artist Mary Zakarian” հատորը ստացած է «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2019ի մրցանակը, ըստ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջ. Վարչութեան յայտարարութեան։ Դատակազմի անդամներն էին. դոկտ. Սիմա Աբրահամեան Յովհաննէսեան (Մոնթրէալ), օր. Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), դոկտ. Կարէն Ջալլաթեան (Գալիֆորնիա)։  Իւրաքանչիւր մրցանակակիրի նիւթական պարգեւն է 1,500 տոլար: Այս մրցանակի նիւթական յատկացումը կատարած են տէր եւ տիկ. Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններ (Սան Ֆրանսիսքօ)։

“Out of My Great Sorrows” նուիրուած է Ֆիլատելֆիա հաստատուած արուեստագէտ Մարի Զաքարեանի կեանքին, որ ձեւաւորուած է Եղեռնի վերապրող իր մօր փորձառութեամբ։ Հատորին հեղինակները նկարիչի քրոջ աղջիկն ու որդին են։ Պատումը կը քննէ արուեստագէտի կեանքի բարդութիւնները բազմաթիւ հարցերու առնչութեամբ՝ ազգութիւն, սեռ, գաղթականութիւն եւ ձուլում։ Գլխաւորաբար հոգեխոցի (trauma) պատմութիւն մըն է, որ կ՚անդրադառնայ անոր հետեւանքներուն վերապրողին վրայ, սերունդներու փոխանցման եւ արուեստագէտի փորձառութեան մէջ անոր դերին։ Զաքարեան նկարչութիւնը մտասեւեռումի վերածած է եւ հետզհետէ ճանաչումի արժանացած։ Բայց, միաժամանակ, մօր չպատմուած պատմութիւնը զինք հետապնդած է, որուն հետեւանքով վճռած է Եղեռնի ողբերգութիւնը իր արուեստով դրսեւորել։ Հոգեխոցն ու յանցանքը արուեստով բացայայտելու փորձը դարձած է մօր հետ յարաբերութեան խնդրայարոյց կէտ մը եւ Զաքարեանի անձնական դժուարութիւններուն հիմքը։ Այս քննարկումը թոյլ կու տայ հեղինակներուն նոր ձեւով թափանցել մեր փորձառութեան ուսումնասիրութեան մէջ։ 

Մարի Զաքարեան, իր ծնողներուն ու երեք եղբայր ու քոյրերուն հետ, երկար տասնամեակներ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւոիչ եկեղեցւոյ հաւատարիմ ու գործօն անդամները եղած են։ Մարի դասաւանդած է Կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ ու անոր տնօրէնր եղած՝ երկար տարիներ։ Ան նաեւ քանիցս իր արուեստագէտի ձիրքերուն բաժնեկից ըրած է եկեղեցին։ Քոյրը՝ Ռոզ, եւ ամուսինը՝ Վազգէն Արփաճեան, գիրքի հեղինակներուն ծնողները, իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան եկեղեցւոյ անդամ եղած են։ Մարի Զաքարեանի միւս քոյրը՝ Սօսի, եւ ամուսինը՝ տոքթ. Ռուբէն Խաչիկեան, Ազգ. Առաջնորդարանի սերտ գործակիցներ եղած են, յատկապէս՝ Մեսրոպ արք. Աշճեանի պաշտօնավարութեան շրջանին՝ զանազան հրատարակութիւններ հովանաւորելով։ Տոքթ. Խաչիկեան տարիներով Ազգ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ եղած է մինչեւ իր մահը։ Մարիի եղբայրը՝ Փօլ Զաքարեան, նոյնպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական եղած է, ինչպէս եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի դասատու եւ տնօրէն։ 

«ՎԱՆ-ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԲՆՈՐՈՇ ԵՐԳԱՅԻՆ ՆՄՈՒՇՆԵՐ»

Պետրոս Ալահայտոյեան
«Ալահայտոյեան բանահաւաքի, երաժշտագէտ մտաւորականի կատարած երաժշտագիտական եւ ազգագրական մանրամասն վերլուծումներն ընթերցելը անկարելի է ընկալել առանց ուկնդրելու այս երգերը։ Աստիճանական ընթացքն է. լսել երգը, կարդալ բառերը, յետոյ կարդալ Ալահայտոյեանի վերլուծումը, ապա դարձեալ լսել ու համաձայնուել կամ ոչ։ Այսինքն կատարուած աշխատանքի վրայ կատարել մի այլ, սեփական աշխատանք՝ որեւէ կարծիք տալուց առաջ։
(…) Ահա հումքի աղբիւր։ Եւ հաւաքածոն, ընդհանրապէս, կարելի է ընդունել որպէս հսկայածաւալ հում ատաղձ մեր երաժիշտների համար, թէ՛ կատարելու, թէ՛ ուսումնասիրելու եւ թէ մշակման ենթարկելու դրանք։ Մշակութասէր լայն շրջանակները եւս կարող են օգտուել այս վաւերականացած աշխատանքից, ներկայացնելու համար պատմական Հայաստանի այս շրջանի երաժշտական մշակոյթը» (Կարինէ Տէր Գէորգեանի յառաջաբանէն)։

Այս հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը, որուն մէջ ներկայացուած երգերը գրանցուած են հեղինակին կողմէ՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, նաեւ կը պարունակէ երկու խտասալիկներ։
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք  books@armenianprelacy.org  հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԵՐԻՑԵԱՆ (մահ՝ Փետրուար 21, 1902)
Հայագիտութեան մէջ, Ալեքսանդր Երիցեանի անունը անոնցմէ է, որ գրեթէ բոլորովին անծանօթ մնացած է կամ պարզապէս վերածուած՝ մատենագիտական քանի մը տեղեկութիւններու, թէեւ ան եղած է ռահվիրայ մը տարբեր կալուածներու մէջ։

Երիցեան ծնած է Հոկտեմբեր 24, 1841ին, Թիֆլիսի մէջ, ցարական կառավարութեան պարզ պաշտօնեայի մը ընտանիքին մէջ։ Ուսումը սկսած է Ներսէսեան վարժարանին մէջ, 1851ին, բայց շուտով լքած է զայն։ 1854ին մտած է քաղաքի ռուսական գիմնազիոնը, բայց վեցերորդ դասարանին ձգած է՝ թոքատապի պատճառով։ Բարձրագոյն կրթութեան պակասը արգելք չէ եղած, որ ինքնակրթութեամբ ժամանակի հմուտ եւ բանիմաս անձնաւորութիւններէն մէկը դառնար։

Մտած է կառավարական ծառայութեան մէջ, իսկ կողմնակի կերպով զբաղած է գրականութեամբ։ Առաջին հերթին, հինգ տարի ծառայած է Կովկասի փոխարքայի պալատին, ապա նահանգային դիւանատան եւ գլխաւոր վարչութեան մէջ՝ այլ պաշտօններու շարքին։ 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, Երիցեան նշանակուած է զօրավարներ Լորիս-Մելիքովի եւ Շէլկովնիկովի յատուկ յանձնարարութիւններու պաշտօնեայ։ Պատերազմէն ետք, 1880ական թուականներուն, պետական գոյքերու նախարարութեան մէջ աշխատած է։ Մասնակցած է Անդրկովկասի պետական գիւղերը ցուցակագրելու եւ նկարագրելու ընդարձակ ծրագրի մը մէջ, հետազօտելով Ղազախի (այժմ՝ Իջեւան) գաւառը։

Պաշտօնական աշխատանքէն դուրս, Երիցեան նուիրուած է պատմութեան, ու հայոց պատմութեան գրեթէ բոլոր շրջաններով զբաղած է։ Յատուկ հետաքրքրութիւն ունեցած է հնագիտութեան նկատմամբ, եւ 1871-1872ին պեղումներ կատարած է Ոռնակի գիւղի հին դամբարանադաշտին մէջ, Տեպետ/Դեբեդ գետի ձորին մէջ։ Պեղած է բազմաթիւ դամբարաններ եւ գտած՝ իրեր, դանակներ, նիզակներ, ապարանջաներ, եւ այլն։ Իր գիւտերը հրատարակած է ռուսական «Կաւկազկայա սթարինա» թերթին մէջ, զոր խմբագրած է 1872-1874ին։ Առաջին անգամ ըլլալով, ենթադրած է պրոնզէ երկու տարբեր դարաշրջաններու գոյութիւնը Անդրկովկասի մէջ։

Երիցեան նաեւ գրած է հին ու միջնադարեան պատմութեան մասին, բայց գլխաւորաբար շահագրգռուած էր արդի շրջանով։ Կազմած է Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան վիճակագրութիւններ (1881) եւ լայնօրէն գրած՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին։ Կազմած է փաստաթուղթերու քառահատոր հաւաքածոյ մը, զոր չէ կրցած հրատարակել նիւթական պայմաններու բերումով, եւ որ մահէն ետք փճացած է, արժէքաւոր փաստաթուղթերու հետ, 1917-1920 շրջանին։ Ան նաեւ հրատարակած է Վենետիկի Մխիթարեաններու մասին մենագրութիւն մը (1883), Գրիգոր Արծրունիի լրագրական գործունէութեան մասին հատոր մը (1890) եւ Ներսիսեան դպրոցի պատմութիւնը (1898), այլ գիրքերու շարքին։

Իր գործին հետ կապուած յաճախակի ճամբորդութիւնները Երիցեանի արդէն փխրուն առողջութիւնը տկարացուցած են եւ 1888ին ստիպուած է լքել պետական ծառայութիւնը։ Կեանքի վերջին 14 տարիները անցուցած է տան մէջ փակուած ու գրական գործերով զբաղած։ Պատմաբանը մահացած է Փետրուար 21, 1902ին, 61 տարեկանին։ Թաղուած է Խոջիվանքի գերեզմանատունը, Րաֆֆի գերեզմանին մօտ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ՄԱՅՐ ՈՒ ԴՈՒՍՏՐ ՄԻՆՉԵՒ ՀԵՌՈՒ ԱՆՑԵԱԼ Կ՚ԵՐԹԱՆ
 
Մայր ու դուստր այն զոյգերէն մէկն են, որ կը փաստեն հայերէնի ու անգլերէնի ազգական լեզուներ ըլլալը։ Երկու բառերը իրենց անգլերէն համապատասխան մօտ ձեւերը ունին՝ mother եւ daughter, եւ ինչպէս կարելի է ենթադրել, այդ յարաբերութեան հիմքը անոնց «մայր»ն է, այսինքն՝ հնդեւրոպական մայր լեզուն կամ նախալեզուն (հնխ.)։

Հնխ. *mater բառէն բխած է նախագերմաներէն mōdēr բառը, որմէ ածանցուած են հին անգլերէն modor, միջին անգլ. moder եւ արդի անգլերէն mother բառերը։ Միեւնոյն ձեւով, հնխ. *dhugheter աղբիւրը եղած է նախագերմաներէն *dhutēr եւ ապա *dokhter բառերուն։ Վերջինէն բխած է հին անգլ. dohter, որ յետոյ դարձած է միջին անգլ. doughter եւ արդի անգլ. Daughter ։

Հայերէն բառերը քիչ մը տարբեր կը հնչեն, բայց ամուր կապ ունին անգլերէնին հետ։ «Մայր» բառը կը գործադրէ հնչիւնական օրէնք մը. Հնդեւրոպական t ( *mater ) կը դառնայ յ (օր. *pater > հայր ), իսկ *dhugheter նախ դարձած կ՚ըլլայ ենթադրեալ հայերէն *dhukter ձեւը, որմէ ետք *k կը դառնայ ս եւ կը ստանանք ներկայ դուստր բառը։

Յիշենք, որ աստղանիշը միշտ կը նշէ բառեր, որոնք լեզուաբաններու կողմէ վերականգնուած են, բայց երբեք գրաւոր ձեւով վկայուած չեն։

Ճիշդ է, որ դուստր բառը այս օրերուն խօսակցական արեւմտահայերէնի մէջ շատ յաճախ չենք լսեր։ Ընդհանրապէս, կը գործածենք աղջիկ, ինչպէս որ կը գործածենք տղայ, փոխանակ որդի ի։ Բայց բառը խօսակցական արեւելահայերէնի մէջ ներկայ է։

Անթիլիասի հանգուցեալ միաբան Ներսէս արք. Բախտիկեան գրի առած է յուզիչ աւանդութիւն մը՝ 1962ին Պարսկաստան կատարած ճամբորդութեան ընթացքին, որ լոյս տեսած է «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ (1967)։ Շահ Աբբաս Բ.ի (1632-1666) օրով, կ՚ըսուի, թէ հրահանգ եղած է քրիստոնեաներուն, որ իսլամ դառնան, փոխարէն հողային մեծ տարածքներ ստանալով իբրեւ հատուցում։ Մինչ վրացիները ընդունած են, հայերը մերժած են ու հալածանքի ենթարկուած։ Չհարմահալ գաւառի Գեանդուման գիւղին մէջ, Սպահանի հարաւ-արեւելքը, մայր ու աղջիկ փախած են դէպի գիւղի արեւելքը գտնուող լեռը։ Ջուր խմած են լերան ստորոտը գտնուող աղբիւրէն, մինչ զանոնք հալածող իսլամ գիւղացիները կը մօտենային։ Մօտենալով աղբիւրին մօտ գտնուող ժայռին, երկու կիները Աստուծոյ աղօթած են, հայցելով, որ գետինը բացուէր եւ զիրենք փրկէր անհաւատներէն։

Ժայռը բացուած է ձմերուկի պէս եւ կիները ներս մտած են, բայց անոնց մազերէն մէկական փունջ մնացած է, երբ ժայռը փակուած է անոնց ետեւէն։ Հրաշալի վայրը ուխտատեղիի վերածուած է գիւղի հայերուն համար, որոնք հոն կ՚երթային իրենց ցաւերուն ու չարիքներուն դարման գտնելու։ Երբ տեղւոյն հայերը գաղթած են, ու տեղական պարսիկները անոնց տեղը առած։ Ի դէպ, միայն կիներ կրնան մտնել այս սրբավայրը։

Աւանդութիւնը չէ պահած կնոջ ու իր աղջկան անունը։ Հայերը վայրը կոչած են Մատար-Դոխտար , իսկ անունը անփոփոխ մնացած է մինչեւ օրս։ Matar պարսկերէն «մայր» բառն է, իսկ dokhtar ՝ «դուստր»։ Dokht արմատը դարձած է դուխտ մասնիկը, որուն կը հանդիպինք հին հայկական անուններու մէջ, ինչպէս Մեծն Տրդատ թագաւորի քրոջ՝ Խոսրովիդուխտը, որ ի հարկէ կը նշանակէ «Խոսրովի դուստր», քանի որ Խոսրով թագաւորի աղջիկն էր։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
1988ի առաջին ամիսները յատկանշուած էին մշտական ցոյցերով՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի տարածքին, բողոքելով ընդդէմ հակահայ ջարդերուն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի մէջ։ Երեւանի մէջ, հարիւր հազարաւոր մարդիկ կը մասնակցէին ցոյցերու (վերի նկար)։ 1989ին, Ապրիլ 24ի դէպի Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի յուշարձան երթին, 14 երիտասարդ հայերը քալեցին ձեռնակապերով, բերանակապով եւ բանտարկեալի հագուստով, խորհրդանշելով Մոսկուայի մէջ բանտարկուած «Ղարաբաղ» կոմիտէն (վարի նկար)։ Նկարները՝ Պերճ Արա Զօպեանինն են։ 
ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ “Crossroads”ի խմբագրութեան հասցէին ( crossroads@armenianprelacy.org ) թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը, այսուհետեւ, Երեքշաբթի երեկոյեան է։

Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։

ՎՐԻՊԱԿ
Խմբագրական թիւրիմացութեան մը պատճառով, անցեալ շաբթուան թիւին մէջ, “Crossroads” սխալմամբ հաղորդած էր, որ ՀՕՄի յիշատակի օրուան հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենար Կիրակի, Փետրուար 16ին։ Հոգեհանգիստը պիտի մատուցուի այս Կիրակի, Փետրուար 23ին։ Կը հայցենք մեր ընթերցողներուն ներողամտութիւնը։ 

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
1 Մարտ – «Ընտանեկան բրտութիւն Հայաստանի մէջ եւ այլուր. ինչպէ՞ս կրնանք օգնել»։ Բանախօս՝ տիկ. Մարօ Մաթոսեան, Երեւանի Կանանց Աջակցման Կեդրոնի տնօրէնուհի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)

4 Մարտ —ԱՄՆի Հայաստանի դեսպանատունը եւ PostClassical համոյթը կը ներկայացնեն «Հայկական ոդիսական մը. նուռերու գոյնը»՝ հայ երաժշտութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան բազմամիջոցային կատարում մը, մասնակցութեամբ՝ Ջիւան Գասպարեանի եւ ուրիշ արուեստագէտներու, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Washington National Cathedral, 3101 Wisconsin Avenue, NW, Washington, DC։
 
14 Մարտ — «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, ժամը 10:00էն 12:30։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7231)։

14 Մարտ —Ազգ. Առաջնորդարանի Pillars ծրագրի ձեռնարկ՝ Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին եւ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներուն մէջ։
 
15 Մարտ — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 
 
 28 Մարտ —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

29 Մարտ —ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղը կը ներկայացնէ Գեւ Օրգեանը։ Կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ «Ապաճեան» սրահին մէջ։

4 Ապրիլ —Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորակառոյց գմբէթի խաչի օծում։

4 Ապրիլ —Prelacy Parish Partnership ծրագրի ձեռնարկ՝ Ուաթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։

 13-16 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 
 
31 Մայիս —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։

28 Յունիս—5 Յուլիս —Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանի հետ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով arec@armenianprelacy.org հասցէին։   

4 Նոյեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։

15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/