SHARE:  
30 Յունուար, 2020
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
«Հաւատով Խոստովանիմ» Ի  աղօթք

Կը կարդայ՝ Մայքլ Համբարձումեան
Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)

ԱՌԱՋԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՊԱՀՔԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ
Կիրակի, 2 Փետրուարին, Առաջնաւորներու Պահքի Բարեկենդանն է։ Առաջաւորը մկրտութեան պատրաստուելու ատեն հաւատքի մասին հիմնական դաստիարակութիւն ստացող անձն է։ Ասիկա տեղի կ՚ունենայ Բուն Բարեկենդանէն երեք եւ Ս. Զատիկէն տասը շաբաթ առաջ։ Առաջաւորաց պահքը կ՚ենթադրէ հինգ օր խիստ ծոմ պահել։ Աւանդաբար Առաջաւորները օրական քանի մը ժամ դաստիարակութիւն կը ստանային, եւ անոնցմէ կը պահանջուէր, որ ոտքի մնային իւրաքանչիւր եկեղեցական արարողութեան ընթացքին՝ մկրտուած հանրութենէն հեռու։ Ասիկա կը շարունակուէր մինչեւ Զատիկ, երբ առաջաւորները կը մկրտուէին ու կ՚օծուէին եւ իրենց առաջին հաղորդութիւնը կը ստանային։ 

Այս պահքը առանձնայատուկ է Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ երբ քրիստոնէութիւնը ընդունուած է իբրեւ պետական կրօնք։
Ն . Ս . Օ . Տ . Տ ԱՐԱՄ   Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   ԸՆԴՈՒՆԵՑ   ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՆՈՐ   ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ   ՎԱՐԴԻՆԷ   ՕՀԱՆԵԱՆԸ
Չորեքշաբթի , 22 Յունուարին , Ն . Ս . Օ . Տ . Տ . Արամ Ա . Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի նոր նշանակուած Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի նախարարուհի՝ տիկ. Վարդինէ Օհանեան - Գէորգեանի այցելութիւնը , որուն կ՚ընկերանար հայ երեսփոխանական պլոքի ղեկավար՝ Յակոբ Բագրատունի : Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը հաղորդեց նոր նախարարուհիին :

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան ամենէն երիտասարդ նախարարն է : Ծնած է 1984- ին , յաճախած է ազգային «Եղիշէ Մանուկեան» քոլէճ եւ ապա ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլէճ : Աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը : Ունի նաեւ « Ծրագիրներու կառավարման » վկայական՝ Հայկազեան համալսարանէն :

Ան 2017 էն տնօրէն է « Զուարթնոց » յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի, որուն ընկերային ծառայողը եղած է 2013 - 2017: 2007-2008 ին իբրեւ ընկերային ծառայող՝ աշխատած է Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ, իսկ 2005 - 2008 ին նոյն պաշտօնը վարած է « Թռչնոց բոյն » ի մէջ:

Լիբանանը քաղաքական տագնապի մէջ էր Հոկտեմբեր 2019էն ի վեր, երբ եղծանումի (corruption) ու յարանուանական բաժանման հանդէպ խորացող դժգոհութիւնը պարտադրած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարիլ։ Նոր նշանակուած վարչապետ՝ Հասան Տիապ, նոր կառավարութեան կազմութիւնը յայտարարեց 21 Յունուարին, իբրեւ հետեւանք նախագահ Միշէլ Աունի եւ Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ հանդիպումի մը։ 

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՁԵՐ ՏՈՄՍԱԿՆԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎԵՑԷՔ
« Միւզիքըլ Արմինիա » յի 37 րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15 ին , կէսօրէ ետք ժամը 2:00 ին , աշխարհահռչակ « Գառնըկի » համերգասրահի « Ուէյլ » սրահին մէջ։ 2020 ին երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիներ այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն , շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը ։

« Միւզիքըլ Արմինիա », որ 1982 ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք . Աշճեանի եւ Ազգ . Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով , նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու մեկնաբանութեան սատարելու։ Անցնող 38 տարիներուն , ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են ։

2020 ի համերգին ելոյթ պիտի ունենան՝ դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան , սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան։  

Ինչպէս անցեալին , « Միւզիքըլ Արմինիա » յի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն ), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար ), ոսկի (300 տոլար ) եւ արծաթ (200 տոլար Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։

Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար , հաճեցէք կապուիլ Ազգ . Առաջնորդարան՝ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։ 
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Գ. ԿԻՐԱԿԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ
(ԱՌԱՋԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՊԱՀՔԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)

ԱԻԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:15-21
 
Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձինն:
 
Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում: Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած: Լիճը զօրաւոր հովէն կ’ալեկոծէր:
 
Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին: Բոլորը սարսափեցան: Յիսուս ըսաւ անոնց.
 
Ես եմ, մի՛ վախնաք:
 
Անոնք կ’ուզէին զինք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ’երթային:
 

Բ. ԹՈՒՂԹ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻ 2:15-26
 
Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ’ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը:
 
Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն: Այդ պիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս: Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է: Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ: Անոր վրայ գրուած է. «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»:
Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ ու կաւէ անօթներ: Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք: Արդ,
ով որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու:
 
Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ու սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սրտով կ’աղօթեն Աստուծոյ: Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին: Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտ ըլլայ, որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակողները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կու տայ որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան, եւ զգաստանալով՝ դուրս գան Սատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն:
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 61:10-62:9
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆ
Շաբաթ , Փետրուար 1ին , Հայց . Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս . Գրիգոր Աստուածաբանը , որ նաեւ ծանօթ է Ս . Գրիգոր Նազիանզացի անունով եւ արեւելեան եկեղեցիներու մեծ հայրերէն մէկը կը նկատուի։ Ան Նազիանզոսի ( Կապադովկիա ) եպիսկոպոսի որդին էր ու մեծ հռետոր մը , որուն հռչակաւոր աստուածաբանական հինգ ճառերը հաւատքի հզօր յայտարարութիւններ եւ ուղղափառութեան խօսուն պաշտպանութիւն հանդիսացած են , որուն համար « Աստուածաբան » տիտղոսին արժանացած է։ Ս . Գրիգոր նաեւ գրած է բանաստեղծութիւններ ու նամակներ , եւ կազմած է Որոգինէսի գրութիւններէն հաւաքածոյ մը՝ Ս . Բարսեղ Կեսարացիի հետ։  

ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Այս շաբթուան խորհրդածութեան մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվենիա) հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Ներսէս Ա. քհն. Մանուկեան կ՚անդրադառնայ Ս. Ծննդեան յաջորդող այս երրորդ Կիրակիին՝ Առաջաւորաց Պահքի Բարեկենդանի ընթերցումներուն։ 

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱՆՑԵԱԼ «ՄԱՐԶՊԵՏ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ
Այս ուսուցողական միջոցը ո՞վ կը յիշէ ։
 
Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) «Մարզպետ» վարժարանէն տիկին Սիլվան նկարին մէջ կ՚օգտագործէ այբուբենի ցուցակը , որ պատրաստութիւնն էր Ուսումնական Խորհուրդին՝ արդէն հեռաւոր դարձած 1980 ականներուն։
Աշակերտը տոպրակէն կը քաշէ գիր մը եւ կը յայտարարէ ո՛ր գիրը ըլլալը , ապա կը տեղաւորէ նոյն այդ գիրին գրպանիկին մէջ ։
 
Այբուբենը սորվեցնելու ինչ - ինչ միջոցներու կը դիմենք ․․․

Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
 
Այս շաբթուան նամակը գրած է Վարդուհին, որուն հովանաւորը Արթըր Պետրոսեանն է։ 
Բարեւ ձեզ,

Ես Վարդուհին եմ։ 11 տարեկան եմ։ Ապրում եմ Աշտարակի Կարին գիւղում, սովորում եմ նոյն գիւղի միջնակարգ դպրոցի VI դասարանում։ Միջին աստիճանի սովորող եմ, շատ եմ սիրում սովորել, եւ նկարել։ Սիրում եմ նկարել, հէքեաթներ կարդալ, պարապում եմ անգլերէն եւ ռուսերէն՝ այդ առարկաների գնահատականները աւելի բարձրացնելու համար։

Սիրում եմ ընկերներիս հետ ուսուցողական մուլտֆիլմեր նայել եւ ուրախ եւ հետաքրքիր ժամանակ անցկացնել, նոր ընկերներ ձեռք բերել։ Այս ամառ ես մասնակցեցի Ծաղկաձորում կազմակերպուած ճամբարին եւ շատ սիրեցի այդ օրերը։ Ճամբարի շնորհիւ ես ձեռք բերեցի նոր ընկերներ, նոր գիտելիքներ, այնտեղ ես մկրտուեցի, ինձ բացատրեցին մկրտուելու, խաչակնքուելու էութիւնը։ Ես առաջին անգամ էի ճամբարում եւ ինձ շատ դուր եկաւ։

Վերջերս մենք ճամբարի խմբով գնացինք Բջնի։ Ինձ համար հաճելի էր ժամանակս ընկերներիս հետ անցկացնելը։ 

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,   սեղմեցէք այստեղ  արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org)    կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը այժմ ընդլայնած է իր ծրագիրը, ընդգրկելով բոլոր այն որբերը, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Տարեկան գումարը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։

Ինչպէս հայրենիք այցելուները կրնան վկայել, Հայաստանի յուսահատութեան մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են։ Երեւանը ներկայիս ծաղկուն քաղաքն է, ուր ամբողջ աշխարհէն այցելուներ կը ժամանեն։ Բայց բոլորս ալ գիտակից ենք, որ երկրի ու Արցախի երկայնքին բազում մարտահրաւէրներ կան։ Յաճախ՝ կրթութիւնը բանալի է զանոնք յաղթահարելու համար։

Հայաստան այժմ ծանօթ է շրջանին մէջ իբրեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կեդրոն մը, ինչ որ բազմաթիւ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ, որոնց համար կարող ու անհրաժեշտ դաստիարակութեամբ մասնագէտներու պէտքը կայ։ «Մեծն Ներսէս»ի կողմէ հովանաւորուած որբերը այժմ տնտեսութեան պէտք ունեցած աշխատուժը դառնալու ճամբուն են։

Բազմաթիւ նուիրատուներու յանձնառութեան շնորհիւ, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը «Մեծն Ներսէս»ի գործունէութեան գլխաւոր կէտերէն մէկը եղած։ Նուիրատուները երեխաներու աճին վկայ եղած են եւ յաճախ ուժեղ կապեր հաստատած՝ անոնց հետ։ Հովանաւորները այժմ կրնան շարունակել երէկուան մանուկներուն օգնել, որ հասուննան իբրեւ երիտասարդ մասնագէտներ։

«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ թեկնածուներ գտնել եւ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել։

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԻԼԻԿԻԱՆ»
Տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան
«Կիլիկիոյ մասին ծանրակշիռ ուսումնասիրութիւններ գրուած են իրմէ առաջ եւ վերջ ալ, սակայն Բժ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանի անունը սերտօրէն կապուած պիտի մնայ Հայկական Կիլիկիոյ հետ։ Տէր Ղազարեանի գործին առաւելութիւնը եւ կարեւորագոյն արժանիքը կարելի է նկատել այն, որ իր միջոցաւ Կիլիկիոյ պատմութիւնն ու անցեալի փառքերը դարձան ժողովրդական լայն խաւերու սեփականութիւնը, այլ խօսքով ան իր մեծ ներդրումը ունեցաւ Կիլիկեան Հայաստանի պատմութիւնը, անցեալի հարուստ ժառանգութիւնը մասնագիտական, պատմագիտական նեղ շրջանակներէ դուրս բերելու եւ մատուցելու իր բնաշխարհի ժողովուրդին» (Զաւէն Եկաւեանի յառաջաբանէն)։
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք  books@armenianprelacy.org  հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ (30 Յունուար, 1975)
Խորհրդահայ մեծագոյն բանաստեղծը՝ Եղիշէ Չարենց (1897-1937), ձերբակալուած է ստալինեան մաքրագործումներուն ընթացքին եւ, ծանրօրէն հիւանդ, բանտին մէջ մահացած՝ 27 Նոյեմբեր, 1937ին։ Նորագոյն հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ այլապէս, բանաստեղծը դատապարտուած էր գնդակահարուելու խորհրդային գաղտնի ոստիկանութեան եղեռնագործ որոշումով։

Չարենցի անունը, իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի», յաջորդ 17 տարիներուն հանրային յիշատակութենէ անհետացած է։ Ան վերականգնուած է 1954ին եւ անոր գործը սկսած է հրատարակուիլ եւ ուսումնասիրուիլ մինչեւ օրս՝ երբեք չմարող հետաքրքրութեամբ։ Խորհրդային Հայաստանի Նախարարաց Խորհուրդի որոշումով, 8 Փետրուար, 1964ին, երբեմնի Սունդուկեան փողոցի թիւ 6ի տունը (այդ ատեն՝ Լենինի պողոտայ, թիւ 17), ուր Չարենց ապրած էր 1935-1937 թուականներուն՝ դարձած է թանգարան։ Տասը տարուան նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը հանրութեան բացուած է 30 Յունուար, 1975ին։

Տուն-թանգարանի բոլոր տնօրէնները, ի դէպ, կիներ եղած են՝ Նուարդ Բաղդասարեան (1975-1983), Էմմա Բուդաղեան (1983-1989), Լիլիթ Յակոբեան (1989-2016) եւ Անահիտ Ասատրեան (2016էն ի վեր)։ Խորհրդային վարչակարգի անկումէն ետք, հասցէն դարձած է Մաշտոցի պողոտայ թիւ 17։

1987ին, հայրենի կառավարութեան որոշումով, տուն-թանգարանին տարածքը ընդլայնուած է։ Ներկայիս 626,3 քառակուսի մեթր է (6.741 քառակուսի ոտք), ներառնելով երեք սրահներ եւ յուշատուն մը, եւ ունի աւելի քան 8.000 արժէքաւոր ցուցանմուշներ։ Սրահներէն մէկը վերապահուած է ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու եւ թանգարանային ձեռնարկներու համար, մինչ միւս երկու սրահները՝ կը ներկայացնեն Չարենցի կեանքն ու գործը եւ կը ցուցադրեն Չարենցի ու իր ժամանակակիցներուն քանդակները։

Յուշատունը վերականգնած է կարելի հարազատութեամբ Չարենցի ու իր ընտանիքի երբեմնի բնակարանը, ընդգրկելով սկզբնական կահոյքն ու զարդարանքը, ինչպէս եւ բանաստեղծին աշխատասենեակը։ Չարենցի գրադարանը, որ շուրջ 6,000 գիրք կը պարունակէր 1930ական թուականներուն, մեծաւ մասամբ փճացած է ձերբակալութենէն ետք։ Այսուհանդերձ, շուրջ մէկ քառորդը կարելի եղած է պահպանել. գրադարանը ներկայիս 1,422 գիրք կը հաշուէ։ Հաւաքածոն կը ներառնէ հայերէն, ռուսերէն եւ այլ լեզուներով գիրքեր, ուր կան արժէքաւոր ու եզակի հատորներ՝ գրականութեան, արուեստի, կրօնքի եւ այլ բնագաւառներու մասին։ Անոնցմէ շատերը Չարենցէն ինքնագիրներ եւ լուսանցքային նշումներ ունին, իսկ շատ մը գիրքեր հայ եւ ոչ-հայ իրենց հեղինակներուն ձօները ունին։

Բանաստեղծին մահէն ետք ձեռք բերուած կամ փրկուած իրերու շարքին, հետաքրքրական է Չարենցի պատեֆոն ի (Pathé մակնիշի ֆոնոկրաֆ ) պատմութիւնը։ Անոր ձերբակալութենէն ետք, կինը՝ Իզաբելլա Կոդաբաշեան, որոշած է կարգ մը իրեր ծախել իր երկու փոքրիկ աղջիկներուն ապրուստը հոգալու համար։ Խնդրած է ընտանիքի բարեկամ՝ Ռեգինա Ղազարեանին, որ ծախէ այդ գործիքը՝ ինը ձայնապնակներով։ Ռ. Ղազարեան օգնութիւն խնդրած է իր տանտիրուհի՝ Անժելա Մկրտումեանէն։ Միջոցին, Չարենցի, կինը նոյնպէս ձերբակալուած ու աքսորուած է։ Ռեգինա Ղազարեան մեկնած է Մոսկուա եւ պատեֆոն ը մնացած է Ա. Մկրտումեանին տունը։ Ղազարեան վերադարձած է Երեւան Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք եւ իմացած, որ անոր նախկին տանտիրուհին մահացած է ու անոր ապրանքները, ներառեալ գործիքը, եղբօրը՝ Ալբերտ Մկրտումեանին անցած։ ։ Ղազարեան ի զուր փորձած է բացատրել ֆոնոկրաֆ ին ծագումը, որ ձեռք բերէ զայն։ Սեպտեմբեր 1999ին, Ալբերտ Մկրտումեան ծախու դրած է գործիքը Երեւանի Վերնիսաժին մէջ։ Ղազարեանի մէկ բարեկամը՝ Հրանդ Բաբանեան, պատահաբար նկատած է զայն եւ վաճառողէն իմացած, որ աւելի քան վեց տասնամեակ պատկանած էր Չարենցին։ Բաբանեան ստուգած է այս պնդումին վաւերականութիւնը, գնած է պատեֆոն ը եւ նուիրած՝ Ռեգինա Ղազարեանին, որ իր կարգին զայն նուիրած է Չարենցի տուն-թանգարանին, ուր կը գտնուի ներկայիս։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ    ( www.armenianprelacy.org ). 
Թէ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐՆ ՈՒ
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԻՆ ՄԱՅՐԸ ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԵՆ

Բառերուն իմաստները առհասարակ ընդհանրականէն դէպի մասնաւորը կ՚երթան։ Անգլերէն lord բառը նախ նշանակած է «տանտէր, տիրակալ, գլխաւոր. այր ամուսին» 14րդ դարուն շուրջ, իսկ դարու վերջաւորութեան՝ Year of the Lord (լատիներէն anno domini ձեւէն) «Տիրոջ տարի» դարձուածքը երեւան եկած է։ Lord բառը գործածուած է 1540ի շուրջ իբրեւ եպիսկոպոսի մը ուղղուելու քաղաքավար ձեւ։ Հետեւաբար, կը նշանակէ, որ բառը նախ գործածուած է երկրաւոր մարդոց, եւ ապա՝ Երկրաւոր Հօր համար։

Ի՞նչ է հայերէն տէր բառին պարագան։ Հաւանաբար միեւնոյն զարգացումը ունեցած է, թէեւ անկարելի է հասկնալ, թէ ո՞ր իմաստը առաջ գոյութիւն ունեցած է։ Գրաբարով նշանակած է «տէր, մեծ, իշխան, գլխաւոր, յատկապէս՝ Աստուած», իսկ անոր իմաստային դաշտը ընդլայնուած աշխարհաբարի մէջ։ Արեւմտահայերէնի վերջին բառարանը («Հայոց լեզուի նոր բառարան», Պէյրութ, 1992) 22 սահմանումներ ունի, որոնցմէ առաջինն է «այն անձը կամ կազմակերպութիւնը եւ այլնը, որուն կը պատկանի բան մը», 17րդը՝ «Հայր Աստուած» եւ 18րդը՝ «Քրիստոս»։ Այս ցանկին մէջ, տէր կը յայտնուի իբրեւ յարգանքի կոչում որեւէ կուսակրօն քահանայի համար (թիւ 19) ( Հոգեշնորհ Տէր, Գերաշնորհ Տէր, եւ այլն) եւ ամուսնացած քահանայի մը անունին կամ տիտղոսին ընկերացող կոչում (թիւ 21) ( Տէր Պօղոս ) , ուր թերեւս Տէր Հայր ձեւի կրճատում մըն է։

Տէր բառին գործածութիւնը իբրեւ յարգանքի նշան եւ Աստուածորդիի անուն անցած է տիրամայր բառին։ Աստուածածնի յատուկ պաշտամունքը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ (Հայց. Եկեղեցին, ի դէպ, պակաս չէ այդ յարգանքին մէջ) պատճառ դարձած է, որ աշխարհի չորս կողմերը գոյութիւն ունենան եկեղեցիներ, որոնց անունը անգլերէն կ՚ըլլայ Our Lady of… (մեր եկեղեցին կը գործածէ « Սուրբ Աստուածածին» ձեւը)։ Օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան անուանումը՝ Our Lady of Nareg, կը թարգմանուի իբրեւ Նարեկի Տիրամայր ։

Մինչ հայերէնը  Տիրամայր  բառը կը գործածէ իբրեւ  Աստուածամայր  բառի հոմանիշ, սովորական է գործածել  Տիրամայր  բառը նաեւ իբրեւ յարգանքի անուն որեւէ եկեղեցականի (ամուսնացած կամ ոչ) մօր համար, այնպէս ինչպէս կը գործածուին  Տէր Հայր  եւ  Երէցկին  անուանումները։ Այս սովորութիւնը հաւանաբար մասնակիէն (Աստուածամայրը) դէպի ընդհանուրը (Աստուծոյ Խօսքը քարոզող որեւէ եկեղեցականի մայրը) եւ վաւերական կը մնայ մինչեւ օրս։

Անշուշտ, այս անունը նաեւ կը վերաբերի Կաթողիկոսին մօրը։ Սակայն, այս պարագային, փոփոխութիւն մը կ՚ըլլայ. նախկին Տիրամայր ը կը դառնայ Վեհամայրը ։ Նորագոյն կիրարկումը նուիրագործած է այս բառը։ Հայերէն հնագոյն ձեռագիրը (Մատենադարանի թիւ 10680), որ թերեւս ստեղծուած ըլլայ 7րդ դարուն, Աւետարան մըն է, որ 16րդ դարէն պահպանուած էր Արցախի մէջ՝ «Ծեր Աւետարան» կամ «Պահապան Աւետարան» անունով։ 1975ին, Արցախի թեմի առաջնորդ՝ Վահան եպս. Տէրեան, Աւետարան տարած է Ս. Էջմիածին ու նուիրած՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ին։ Վեհափառ Հայրապետը նոյն տարին արժէքաւոր ձեռագիրը նուիրած է Մատենադարանին ի յիշատակ իր մօր՝ Սիրանոյշ Պալճեանի։ Այս պատճառով, կոչուած է Վեհամօր Աւետարան։ Ձեռագրին հնութիւնը պատճառ դարձած է, որ ընտրուի գործածուելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներու երդման արարողութեան համար՝ 1991էն ի վեր։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ    ( www.armenianprelacy.org ). 
ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ԿԷՍՕՐ
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք  crossroads@armenianprelacy.org  հասցէին պէտք է յղուին։

“Crossroads”ին թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը՝  Չորեքշաբթի կէսօր է։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
8 Փետրուար — «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, ժամը 10:00էն 12:30։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուս. Խորհուրդի վարիչ տնօրէն տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7231)։
 
9 Փետրուար —Ս. Սարգիսի տօնակատարութիւն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պիտի պատարագէ ու քարոզէ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին, տեղի պիտի ունենայ Ս. Վարդանանցի սրբապատկերի մը օծումը։
 
18 Փետրուար —Ս. Ղեւոնդեանցի տօնակատարութիւն Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս), նախագահութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, որ պիտի կատարէ Ս. Վարդանանց սրբապատկերի մը օծումը։
 
 4 Մարտ —ԱՄՆի Հայաստանի դեսպանատունը եւ PostClassical համոյթը կը ներկայացնեն «Հայկական ոդիսական մը. նուռերու գոյնը»՝ հայ երաժշտութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան բազմամիջոցային կատարում մը, մասնակցութեամբ՝ Ջիւան Գասպարեանի եւ ուրիշներու, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Washington National Cathedral, 3101 Wisconsin Avenue, NW, Washington, DC։
 
15 Մարտ — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 
 
 28 Մարտ —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

29 Մարտ —ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղը կը ներկայացնէ Գեւ Օրգեանը։ Կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ «Ապաճեան» սրահին մէջ։

 13-16 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 
 
31 Մայիս —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։

28 Յունիս—5 Յուլիս —Ս. Գրիգորի Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանին հետ՝ 212-689-7810 կամ arec@armenianprelacy.org։
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/