ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
|
|
Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան ճամբորդած է Անթիլիաս, ուր այս շաբաթավերջին պիտի կատարէ չորս սարկաւագներու քահանայական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը։ Ձեռնադրուող սարկաւագներն են՝ Ճորճ Աբրահամեան, Մուշեղ Գարակէօզեան, Շահէ Եագուպեան եւ Ճորճ Պրինխանեան, խարտաւիլակութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք վրդ. Աշըգեանի։
|
|
ՈՒՍՏԸՐԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԸ ՄԱՂԹԷ ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԻՆ
|
|
Տ. Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեան իր պատգամը կը յղէ Ուստըրի համայնքին
|
|
Անուշաւան արքեպիսկոպոս՝ Վազգէն Ա. քհնյ. Պեքիարեանի եւ Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեանի հետ, Ս. Պատարագի ընթացքին
|
|
Կիրակի, 9 Յունիսին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ներկայացնելով եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեանը եւ իր ընտանիքը։ Այս նշանակումէն առաջ, Տ. Թորգոմ քահանայ ծառայած էր իբրեւ Կրանիթ Սիթիի (Իլինոյ) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ուստըրի մէջ ծառայած՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան այժմ Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ է եւ Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ի պատիւ՝ նոր հոգեւոր հովիւին եւ իր ընտանիքին։
|
|
Տէր Հայրը կ՚օրհնէ հաւատացեալները
|
|
Տ. Թորգոմ եւ երէցկինը կը կտրեն բարի գալուստի կարկանդակը
.
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 16 ՅՈՒՆԻՍ
Ա. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ
ՅԱԿՈԲ 5:16-20
Հետեւաբար ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ’օգնէ: Եղիա մեզի նման կիրքերու ենթակայ մարդ էր. բայց երբ աղօթեց որ անձրեւ չգայ, երեքուկէս տարի չանձրեւեց երկրի վրայ: Ապա դարձեալ աղօթեց, եւ երկինքը անձրեւ տեղաց ու երկիրը իր բերքը տուաւ:
Եղբայրնե՛րս, երբ ձեզմէ ոեւէ մէկը ճշմարտութեան ուղիէն մոլորի, եւ ուրիշ մը յաջողի զայն վերադարձնել, գիտցէք՝ թէ մեղաւորը իր մոլար ճամբէն դարձնողը թէ՛ անոր հոգին մահուընէ կը փրկէ եւ թէ՛ իր բազմաթիւ մեղքերուն թողութիւն կը գտնէ:
ՂՈՒԿԱՍ 4:25-30
Ձեզի օրինակներով խօսիմ: Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ այրիներ կային Եղիայի օրերուն, երբ երեքուկէս տարի երկինքը չանձրեւեց եւ ամբողջ երկրին մէջ սաստիկ սով տիրեց: Բայց Եղիա անոնցմէ ոեւէ մէկուն չղրկուեցաւ, այլ ղրկուեցաւ Սիդոնի մօտիկ Սարեփթա գիւղը բնակող այրի կնոջ մը: Նոյնպէս, Եղիսէ մարգարէի օրերուն Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ բորոտներ կային, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը բժշկուեցաւ, այլ միայն Նէեման անունով Ասորի մը:
Այս ակնարկութիւնները լսելով՝ ժողովարանին մէջ գտնուողները բարկութեամբ լեցուեցան: Ելան, Յիսուսը քաղաքէն դուրս հանեցին եւ, գահավէժ ընելու նպատակով, զայն տարին մինչեւ կատարը այն լեռան, որուն վրայ շինուած էր իրենց քաղաքը: Բայց Յիսուս անոնց մէջէն անցաւ գնաց:
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Գ. Թագ. 18:29-46, Դ. Թագ. 2:1-15
|
|
|
Այս Կիրակի, 16 Յունիս, Հայ Եկեղեցին կը յիշէ մարգարէ Եղիան՝ Հին Կտակարանի մեծագոյն մարգարէն (Գ. եւ Դ. Թագաւորներու գիրքեր), որուն տօնը Կիրակի օրուան կը զուգադիպի միշտ։ Ան Այլափոխման ժամանակ Մովսէսի հետ երեւցած է ՝ որպէս կեանքի եւ նոր ուխտի մարգարէ, մինչ Մովսէս հին ուխտի ներկայացուցիչն է։ Հայ Եկեղեցին, բոլոր Արեւելեան եկեղեցիներուն նման, մեծ յարգանք կը տածէ Եղիա մարգարէի հանդէպ։ Եղիա չէ մահացած, այլ երկինք համբարձած է՝ Աստուածամօր պէս։ Այսպէս կը յիշուի հոգեհանգստեան ժամանակ երգուող «Ի վերին Երուսաղէմ» շարականին մէջ.
|
|
«Ի վերին Երուսաղէմ ի բնակարանս հրեշտակաց, ուր Ենովք եւ Եղիաս կանծերացեալ աղաւնակերպ, ի դրախտին եդեմական պայծառացեալ արժանապէս. ողորմած Տէր, ողորմեա հոգւոցն մեր ննջեցելոց»
(Ընդունէ՛ մեզ վերին Երուսաղէմի մէջ, որ հրեշտակներու բնակարանն է, Եդեմի դրախտը, ուր Ենովք եւ Եղիա աղաւնիի անբծութեամբ վայելչապէս պայծառացած՝ հինէն ի վեր կը գտնուին։ Ողորմա՜ծ Տէր, ողորմէ՛ մեր ննջեցեալներու հոգիներուն)։
|
|
ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԵՒ ԳԱՅԻԱՆԷ ՍՈՒՐԲԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԸՆԿԵՐՈՒՀԻՆԵՐԸ
|
|
Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, 17 եւ 18 Յունիսին, Հայ Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Հռիփսիմէ եւ Գայիանէ կոյսերն ու անոնց ընկերուհիները։ Գայիանէի գլխաւորութեամբ՝ 33 կոյսեր Հռոմը լքեցին եւ Հայաստան ապաստան գտան, խոյս տալով հռոմայեցի կայսրէն, որ կը ցանկար կոյսերէն մէկը՝ գեղանի Հռիփսիմէն։ Հայոց Տրդատ թագաւորը, իր կարգին, Հռիփսիմէի գեղեցկութենէն գերուած, ուզեց ամուսնանալ անոր հետ։ Սակայն, մերժումի հանդիպելով, զայրացած թագաւորը Հռիփսիմէն եւ միւս կոյսերը բանտարկել ու չարչարել տուաւ մինչեւ մահ։
Երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապի իր բանտէն դուրս ելաւ, մատուռներ կառուցեց կոյսերու աճիւններուն վրայ, որոնք նորոգուեցան Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի կողմէ՝ 4րդ դարու վերջերուն։ Կոմիտաս կաթողիկոսի կողմէ 7րդ դարուն շինուած Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին ճարտարապետական գլուխ գործոց մը կը համարուի, որ հայկական ճարտարապետութեան յետագայ ընթացքին վրայ ազդած է։ Կաթողիկոսը նաեւ շարական մը գրած է կոյսերուն յիշատակին՝ քաջածանօթ «Անձինք նուիրեալք»ը։
Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Գայիանէ եկեղեցիները, ինչպէս եւ Ս. Շողակաթ եկեղեցին, կը գտնուին Վաղարշապատ քաղաքը, ոչ հեռու՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համալիրէն, որ ԻՒՆԵՍՔՕի կողմէ «Աշխարհի ժառանգութեան» վայր նշանակուած է։
|
|
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի արձանագրութիւնը բացուած է։ Կրօնական բովանդակութեամբ այս եզակի ծրագրին կը մասնակցին 13-18 տարեկան պատանիներ։ Այս տարի տեղի պիտի ունենայ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս՝ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել
այստեղ
։
|
|
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Նոր հոգաբարձութիւնը։ Ձախէն աջ՝ Գէորգ Չաւուշ Մեսրոպեան՝ խորհրդական, Մովսէս Մուսայէլեան՝ խորհրդական, Նայիրի Ամիրեան՝ խորհրդական, Արմէն Մորեան՝ ատենապետ, Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան՝ փոխ-ատենապետ, Միրէյ Պապիկեան՝ գանձապահ, Արտաշ Պետրոսեան՝ խորհրդական, եւ Ալեքս Ալահվերտեան՝ խորհրդական։ Նկարէն կը բացակայի Լուիզ Քանեան՝ ատենադպիր։
|
|
Կիրակի, 9 Յունիսին, նորընտիր հոգաբարձութեան պաշտօնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Իր քարոզին մէջ, հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան ըսաւ. «Կամաւորները Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ողնաշարը կը կազմեն։ Երբեք պիտի չկարենայինք իրագործել մեր ըրածները առանց այնքան մարդոց տրամադրած ժամանակին, աջակցութեան, հմտութեան եւ գիտութեան։ Ասիկա շատ յատուկ եւ եզակի առիթ մըն է՝ մեր բոլոր կամաւորներուն շնորհակալութիւն յայտնելու։ Բառերը չեն բաւեր, որպէսզի յայտնեմ իմ երախտապարտութիւնս՝ մեր սիրեցեալ Մայր Եկեղեցւոյ հանդէպ ձեր ցուցաբերած նուիրումին եւ համակրանքին համար»։
|
|
«ԲԱՑ ԽՕՍԱՓՈՂ» Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏ)
|
|
Շուրջ 20 հոգինոց խանդավառ լսարան մը ներկայ գտնուեցաւ «Բաց խօսափող»ի առաջին երեկոյին, որ կազմակերպուած էր Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) Տիկնանց Միութեան կողմէ։ Միութեան անդամուհիներէն՝ Սոֆի Կարապետեան, մասնակիցներուն անունները վիճակահանութեամբ քաշած է։ Ատենապետուհի Ճոյս Պաղտասարեան ժամանակը կը ստուգէր, քանի որ իւրաքանչիւր մասնակից ութը վայրկեան ունէր՝ պատմութիւն մը կամ կատակ մը պատմելու։
Երեկոյեան՝ մասնակիցները իրենց պատմութիւնները պատմեցին ներկաներուն, ինչ որ ուրիշներ ներշնչեց, եւ կարգ մը մասնակիցներ իրենք ալ այլ բազմաթիւ յիշատակելի պատմութիւններ պատմեցին՝ չուզելով որ գիշերը աւարտէր...։
|
|
ԱՐԵԳ ԷԼԻԲԷԿԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Ձախէն աջ՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան, պրն. Արմէն Մորեան, Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, պրն. Արեգ Էլիբէկեան, տիկ. Սոնա Էլիբէկեան, տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան եւ պրն. Արմէն Գաբրիէլեան
|
|
Գանատահայ արուեստագէտ Արեգ Էլիբէկեանի նկարչական ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 9 Յունիսին։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Ճան Փաշալեան» սրահը իսկական պատկերսրահի մը վերածուած էր՝ նկարներու հմտալից ցուցադրութեան եւ կատարեալ լուսաւորութեան շնորհիւ։
Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի իմաստալից բացման խօսքէն ետք, պրն. Էլիբէկեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան՝ իրենց հիւրասիրութեան ու թափած ջանքերուն համար։ Տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան ուրուագծեց արուեստագէտին իրագործումները, անդրադառնալով նաեւ ընտանիքի արուեստագէտներուն՝ Վաղարշակ Էլիբէկեան (Արեգի մեծ հայրը), Ռոբերտ Էլիբէկեան (Արեգի հայրը) եւ Հենրի Էլիբէկեան (Արեգի հօրեղբայրը)։
Արեգ Էլիբէկեանի գործերը կը գտնուին աշխարհի տարբեր թանգարաններու եւ պատկերասրահներու հաւաքածոներուն մէջ։ Անոր գործերը ցուցադրուած են բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ Հայաստան, Լիբանան, Գերմանիա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Գանատա եւ Միացեալ Նահանգներ։
Հետաքրքրուողները տակաւին կրնան դիտել այս կարեւոր ցուցահանդէսը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին հետ (212-689-5880)։
|
|
ՊՈՍԹԸՆԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
|
|
Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարանը իր ամավերջի հանդէսն ու 12րդ դասարանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը ունեցաւ Կիրակի, 9 Յունիսին, Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Հայ Մշակութային ու Կրթական Կեդրոնին մէջ։ Ձախէն աջ՝ ուսուցիչ Վահէ Հապէշեան, շրջանաւարտներ Նշան Կլորիկեան եւ Նորա Մարգարեան, Տ. Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան, տնօրէնուհի Մայտա Մելքոնեան, շրջանաւարտներ Շիրակ Պէրէճիքլեան եւ Գարիլ Աշճեան, Տ. Ստեփան քհնյ. Պալճեան եւ դպրոցի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ Մանուէլ Բարսեղեան
|
|
«ՀԱՄԱՍՏԵՂ» ԴՊՐՈՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ
|
|
Հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուքեան եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Համաստեղ» դպրոցի (Պէթէստա, Մէրիլէնտ) ուսուցիչները՝ 8րդ դասարանի շրջանաւարտներուն հետ։
|
|
Մանկապարտէզի շրջանաւարտները՝ Տէր Հօր եւ ուսուցիչներու հետ։
|
|
ՀԱՅԿ ՇԷՔԷՐՃԵԱՆ (ծնունդ՝ 13 Յունիս, 1886)
Պրիկատիր (brigadier) զօրաւոր Հայկ Շէքէրճեան հայկական ծագումով առաջին շրջանաւարտը եղած է՝ Ուէսթ Փոյնթի հռչակաւոր ռազմական ուսումնարանին, եւ ամերիկեան բանակին մէջ ծառայած՝ ամենաբարձր աստիճանով ամերիկահայերէն մէկը։
Ծնած է 13 Յունիս, 1886ին՝ Ատափազար (Թուրքիա)։ Հինգ տարեկանին Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է իր ծնողներուն հետ։ 1907-1911ին ուսանած է Ուէսթ Փոյնթի մէջ, շրջանաւարտ ըլլալով գիտութեան վկայականով։
Ամերիկեան բանակը մտած է հետեւակազօրի Բ. տեղակալի աստիճանով, եւ Ապրիլ 1916-Փետրուար, 1917ին մասնակցած է Մեքսիքոյի ռազմարշաւին ընդդէմ մեքսիքական յեղափոխական զօրավար Փանչօ Վիլլայի։ Ա. Աշխարհամարտին, ծառայած է իբրեւ զինուորական օգնական կցորդ՝ Յունաստանի մէջ, եւ այնուհետեւ՝ Միջին Արեւելքի դաշնակից բանակներուն մէջ։ 1919ին այցելած է Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստան՝ մաս կազմելով ամերիկեան զինուորական առաքելութեան եւ ականատես ըլլալով հայերու սրտաճմլիկ վիճակին։ 1923ին փոխանցուած է բանակի քիմիական պատերազմի սպասարկութեան, ուր ծառայած է մինչեւ հանգստեան կոչուիլը՝ 1946ին։
Նախագահ Ֆրէնքլին Ռուզվելթի հրամանով՝ Շէքէրճեան ստացած է պրիկատիր զօրավարի աստիճանը 1942ին, դառնալով նման տիտղոսի արժանացող առաջին ամերիկահայը։ 1942-1943ին քիմիական պատերազմի փոխանորդներու մարզումի կեդրոնի հրամանատար նշանակուած է, 1943-1945ին՝ Սիպըրթ ճամբարի (Ալապամա) հրամանատար, եւ 1945-1946ին՝ միջին-արեւելեան ռազմաբեմի բանակի եւ ծովուժի հաշուեյարդարի յանձնախումբի վարիչի տեղակալ։
Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Շէքէրճեան բազմիցս ամերիկահայութեան դիմումներ ըրած է՝ պատերազմական ճիգերուն անոր աջակցութիւնը ապահովելու համար։ Իր ծառայութեան համար, ստացած է Արժանեաց շքանշանը։
Հանգստեան կոչուելէ ետք, Շէքէրճեան ներգրաւուած է Ճորճ Մարտիկեանի գլխաւորած Անտուն Հայերու Օժանդակութեան Ամերիկեան Ազգային Յանձնախումբի (ԱՆՉԱ) աշխատանքներուն մէջ։ ԱՆՉԱն հազարաւոր հայերու օժանդակած է, որոնք խորհրդային բանակի նախկին ռազմագերիներ էին եւ Եւրոպայի տարածքին, յատկապէս՝ Գերմանիոյ մէջ մնացած։ 1948ին Շէքէրճեան մեկնած է Գերմանիա, ուր ԱՆՉԱյի տեղւոյն ներկայացուցիչը դարձած է՝ Շթութկարթի հայկական ճամբարին մօտ։ Ան գործօն մասնակցութիւն ունեցած է շուրջ 3,500 հայերու տեղափոխութեան մէջ, որոնց մեծ մասը Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է, իսկ մնացեալը՝ Հարաւային Ամերիկա եւ Միջին Արեւելք։
Հայկ Շէքէրճեան մահացած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, 22 Յունուար, 1966ին, 79 տարեկանին։ Թաղուած է քաղաքի ազգային գերեզմանատան մէջ իր կնոջ՝ Հելըն Պէյն Շէքէրճեանի (1892-1982) կողքին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)
|
|
«ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԽՈՒՄԲ
|
|
Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ (ՓՐԱՒԻՏԸՆՍ)
|
|
«Աղ եւ լոյս» պատանեկան խումբի անդամները Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեանի, խորհրդատուներու եւ ծնողներու հետ։
|
|
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Աղ եւ լոյս» խումբը իր առաջին շրջանը եզրափակեց ընթրիքով եւ ծրագրի արժեւորումով։ Խումբը քննարկեց ապագայ ծառայութեան եւ ընկերային պատեհութիւններ, ինչպէս եւ եկեղեցի յաճախումը ամառուան ընթացքին։ Պատանիներն ու իրենց խորհրդատուները վերջին երեք ամիսներուն հանդիպած են երկու շաբաթը անգամ մը՝ Երկուշաբթի օրերը, զուարճախառն մթոլորտի մէջ, իրենց ընկերութիւնը ամրացնելու եւ իրենց հաւատքը հետազօտելու համար։ Իւրաքանչիւր հանդիպումին, երեկոն կը սկսի փոքրիկ ընթրիքով, որմէ ետք տեղի կ՚ունենայ մէկ ժամուան նիստ մը՝ փոքր խումբերու բաժանումով։ Այնուհետեւ, պատանիները քրիստոնէութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ զանազան հարցեր կը քննեն իրենց խորհրդատուներուն հետ։ Պատանեկան այս նախաձեռնութիւնը, որ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած եւ առաջնորդուած է, մեծ գոհունակութեամբ ընդունուած է ծուխին կողմէ։ Ան պիտի վերսկսի Սեպտեմբերին, սպասելով նոր պատանիներու մասնակցութեան։
|
|
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ (ՏԱԿԼԸՍԹԸՆ, ՆԻՒ ԵՈՐՔ)
|
|
«Աղ եւ լոյս» խումբը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, որ Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ այս ծրագիրը
որդեգրող առաջինն էր, յաջող դաշտագնացութիւն մը ունեցաւ իբրեւ տարեշրջանի աւարտ՝ յաջորդ տարուան գործունէութիւնը ծրագրելու համար
|
|
Ուրբաթ, 31 Մայիսին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) «Աղ եւ լոյս» պատանեկան խումբի յանձնախումբը հրաւիրեց անդամները, խորհրդականները եւ անոնց ընտանիքները երեկոյեան դաշտագնացութեան մը՝ Փորթ Ուաշինկթընի Մանորհէյվըն Փարքի մէջ։ Սքանչելի եղանակը նպաստեց, որպէսզի ներկաները ընտանեկան մթնոլորտի մէջ տարբեր խաղեր վայելէին, ինչպէս եւ համադամ ուտելիքներ։ Յաջող ձեռնարկը բոլոր ներկաներուն ուրախութիւն պատճառեց՝ յառաջիկայ տարուան նորանոր յաջողութիւններու ակնկալութեամբ։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Ծրագրին մաս կը կազմէ հովանաւորուած երեխաներուն թղթակցութիւնը իրենց հովանաւորին հետ։ Պարբերաբար այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք “Crossroads”ի մէջ։ Սոյն նամակը գրած է ութ տարեկան Մարինէն իր հովանաւոր Լիւսի Փափազեանին (Ֆրետերիքսպըրկ, Վըրճինիա)։ Երեխաներուն ինքնութիւնը պահպանելու համար, միայն անոնց անունը կու տանք։
|
|
Սիրելի հովանաւոր, իմ այս նամակը յղում եմ ձեզ։ Ես Մարինէն եմ։ Ես ութ տարեկան եմ, ունեմ փոքրիկ քոյրիկ, նա երկու տարեկան է։ Ես, մայրիկս ու քոյրիկս ապրում ենք տատիկ-պապիկիս տանը, մենք մեր սեփական տունը չունենք։ Ես միշտ երազել եմ որ ունենանք մեր սեփական տունը, եւ միշտ սպասում եմ այդ օրուան։ Տատիկ-պապիկիս տունը փայտից է, անձրեւների ժամանակ տանիքից կաթում է։ Շատ եմ ուրախանում որ օրերը տաքանում են, չենք մրսի։ Մենք շատ շնորհակալ ենք ձեզնից, որ մեզ օգնում էք։ Ձեր տուած գումարով մայրիկս մեզ համար ուտելիքներ է գնում։ Արդէն գարուն է, թող գարնան ջերմութիւնը ձեզ միայն ուրախութիւն եւ երջանկութիւն պարգեւի։
|
|
Հովանաւորութեան սպասող որբեր ունինք ներկայիս մեր ցուցակին մէջ։ Եթէ անոնցմէ մէկուն հովանաւոր դառնալու փափաքը ունիք, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ՝ Սոֆիին դիմելով կա՛մ ելեկտրոնային նամակով (
sophie@armenianprelacy.org
) եւ կա՛մ հեռաձայնով (212-689-7810)։
|
|
Հայրերը, ինչպէս մայրերը, կ՚ուզեն լսել իրենց զաւակներուն ձայնը։ Հետեւաբար, մի՛ մոռնաք հեռաձայնել ձեր հօրը։
Շնորհաւոր Հայրերու Օր մեր բոլոր հայրերուն եւ մեծ հայրերուն։
|
|
10-23 Յունիս
—Արեգ Էլիբէկանի «Կեանքի գոյները» անունով ցուցահանդէս՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Ճան Փաշալեան» սրահ։ Երկուշաբթի-Ուրբաթ, ժամը 12էն 4:00, Կիրակի, ժամը 11էն։ Ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ 10-23 Յունիս։
15 Յունիս
—Գառնիկ Սարգիսեանի ազգային-յեղափոխական երգերու համերգ՝ ի պատիւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան։ Ելոյթ կ՚ունենան նաեւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը եւ «Արեգակ» երգչախումբը։ Ս. Աստուածածնի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցի, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի, երեկոյեան ժամը 7:30ին։ Տեղեկութիւններու համար՝
ARFDRO@gmail.com
կամ ARSAGNOUNI@gmail.com։
16 Յունիս
—Հայրերու օրուան դաշտահանդէս։ Ս. Գրիգոր եկեղեցի, Ինտիըն Օրչըրտ (Մասաչուսեթս)։
30 Յունիս-7 Յուլիս
—33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին։ Տեղեկութիւններու համար՝
arec@armenianprelacy.org
կամ 212-689-7810։
13 Յուլիս
—“Hye Summer Night Dinner-Dance”՝ Ս. Վարդանանց Տիկնանց Միութեան կողմէ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), Crowne Plaza Hotel (Ուորուիք)։ Տեղեկութիւններու համար՝ Ճոյս Պաղտասարեան, 401-434-4467։
9-12 Հոկտեմբեր
—Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
12 Հոկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։
Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։
17 Նոյեմբեր
—Յատուկ ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանին։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|