ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ»
ԻՆ
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆ
ՖԼՈՐԱՆՍ ԱՒԱԳԵԱՆ
|
|
Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին եղանակը մշուշոտ, անձրեւոտ ու ցուրտ էր, բայց Քուինզի (Նիւ Եորք) Terrace on the Park սրահին մէջ տիրող մթնոլորտը արեւով, լոյսով ու ելեկտրականութեամբ ողողուած էր։
Աւելի քան 375 հոգի կը մասնակցէր Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի ընտրութեան նուիրուած ու շատ սպասուած այս ձեռնարկին, որուն տոմսակները սպառած էին շաբաթներէ ի վեր։ Ներկաները եկած էին ԱՄՆ արեւելեան ափի տարբեր նահանգներէ, ինչպէս եւ Շիքակոյէն, Տիթրոյիթէն, Գանատայէն, Գալիֆորնիայէն, Ֆրանսայէն ու Լիբանանէն։
Սիրուած առաջնորդը, որ նոյն օրերուն արքեպիսկոպոսական աստիճանի արժանացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի կոնդակով, այդ առաւօտ Ս. Պատարագ մատուցած էր Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան կատարած էր սրբատառ կոնդակին ընթերցումը։
Ճոխ ընդունելութենէ մը ետք, որ հարստացած էր ջութակահար Արսէն Կէտիկեանի երաժշտութեամբ, ներկաները շքեղ սրահը մտան, ուր սեղանները զարդարուած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եկեղեցական աստիճանը խորհրդանշող ճերմակ ու մանիշակագոյն ծաղիկներով։
Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք, Ազգային Վարչութեան քարտուղարուհի եւ ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Սիւզըն Չիթճեան-Էրիքսըն, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ մեծարեալ Սրբազան Հօր ուղղուած կենաց մը առաջադրեց։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ
|
|
Առաջնորդարանիս ծուխերուն իր այցելութիւններու շարքը շարունակելով, Անուշաւան Սրբազան Հայրը պիտի ճամբորդէ Թրոյ (Նիւ Եորք), ուր Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին պիտի պատարագէ ու քարոզէ։
Ուրբաթ երեկոյեան, թեմիս առաջնորդը ներկայ պիտի գտնուի Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աղ ու լոյս» քրիստոնէական դաստիարակութեան խումբի ու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) Կաղանդի համատեղ ձեռնարկին։
Շաբաթ երեկոյեան, Սրբազան Հայրը ներկայ պիտի գտնուի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք «Հայաստանի Մանուկներ ֆոնտ»ի (COAF) 15րդ տարեկան ձեռնարկին։
|
|
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ
|
|
Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ Արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան դպրաց դասի, խորանի ծառաներու եւ հաւատացեալներու հետ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
|
|
Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, Անուշաւան Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցանեց ու քարոզեց Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ մաս կը կազմէր այս տարի իւրաքանչիւր ծուխ այցելելու իր ծրագրին։
|
|
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ծխականներ Ս. Պատարագի ընթացքին
|
|
Աւագ սարկաւագութեան տիտղոս տրուեցաւ Յարութիւն սարկաւագ Գազանճեանին
|
|
Անուշաւան Սրբազան Հայրը եւ Տէր Ներսէսը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիներու հետ
|
|
ՅՈՎՆԱՆ ՔՀՆՅ. ՊՕԶՈՅԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեան ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ պատարագին
|
|
Շաբաթ, 8 Դեկտեմբերին, Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սբ. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով ներկայ գտնուեցաւ Հ. Հեկիւմէն Ապտելսայէտի 25ամեակի յոբելինական պատարագին, որ տեղի ունեցաւ Ճըրզի Սիթիի Ս. Մարկոս Ղպտի եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Յովնան քհնյ
․
աղօքթով մը Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ եւ հաղորդութիւն տուաւ ծխականներուն։ Արարողութեան կը նախագահէին՝ Մանուֆիայի թեմի մետրոպոլիտ Բենիամինը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի հայրապետական էքզարք եւ Նիւ Եորքի ու Նիւ Ինկլընտի առաջնորդ Դաւիթ եպիսկոպոսը։
|
|
Տ. Յովնան եւ Դաւիթ եպիսկոպոս
|
|
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
|
|
Մուշեղ եւ Անուշաւան արքեպիսկոպոսները Առաջնորդարանին մէջ
|
|
Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց Ազգ. Առաջնորդարանը, ընկերակցութեամբ Ֆրէզնոյէն տէր եւ տիկ. Ֆիլիփ եւ Ֆլորանս Փառնակեաններու։ Հիւրերը շնորհաւորեցին Անուշաւան Սրբազան Հայրը իր ընտրութեան եւ արքեպիսկոպոսական աստիճանի ստացման զոյգ առիթներով եւ հանդիպեցան Առաջնորդարանի անձնակազմին հետ, որմէ ետք երկու առաջնորդները եւ հիւրերը առանձին հանդիպում մը ունեցան։
|
|
Առաջնորդները տէր եւ տիկ. Ֆիլիփ Փառնակեանի եւ Առաջնորդարանի անձնակազմին հետ
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
Դ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ (17:1-10)
Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
–
Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ’իյնան: Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր: Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք: Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն: Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ «Կը զղջամ», պէտք է ներես իրեն:
Առաքեալները ըսին Տիրոջ.
–
Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը:
Տէրը ըսաւ.
–
Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թթենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ», պիտի հնազանդի ձեզի:
–
Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը ծառայ մը ունի, որ հողագործ է կամ հովիւ: Երբ ծառան դաշտէն դառնայ եւ տուն մտնէ, տէրը իրեն կ’ըսէ՞. «Անմիջապէս գնա՛, ճաշդ կեր»: Բնականաբար ո՛չ: Ընդհակառակը, անոր կ’ըսէ. «Ընթրիքս պատրաստէ եւ գոգնոցդ կապելով սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ ընթրիքս վերջացնեմ, անկէ ետք կրնաս ուտել ու խմել»: Կը կարծէ՞ք որ տէրը իր ծառային երախտապարտ պէտք է ըլլայ իր հրահանգները կատարելուն համար: Չեմ կարծեր: Դուք ալ նոյնպէս, երբ կը կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի, ըսէք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»:
ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1: 1-14
Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ: Աստուած զինք ամէն բանի ժառանգորդ կարգեց եւ անոր միջոցաւ էր որ տիեզերքը ստեղծեց: Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան, աջ կողմը:
Անիկա շատ աւելի բարձր է հրեշտակներէն, ինչպէս Աստուծմէ իրեն տրուած գերազանց անունը ցոյց կու տայ. որովհետեւ ո՞ր մէկ հրեշտակին երբեւիցէ Աստուած ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, այսօր քեզ ծնայ»: Կամ ո՞ր մէկ հրեշտակին ըսաւ. «Ես անոր Հայր պիտի ըլլամ եւ անիկա՝ ինծի Որդի»: Դարձեալ, երբ իր անդրանիկ Որդին աշխարհ կը ղրկէր, ըսաւ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակները թող պաշտեն զայն»:
Աստուած իր հրեշտակներուն մասին խօսած ատեն, կ’ըսէ.-
«Աստուած իր հրեշտակները ստեղծեց
որպէս պատգամաւոր հոգիներ,
եւ իրեն ծառայողները՝ կրակի բոցի պէս»:
Մինչդեռ Որդիին կ’ըսէ.-
«Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտենական է.
արդարութեամբ կ’իշխես թագաւորութեանդ վրայ:
Արդարութիւնը կը սիրես
եւ անիրաւութիւնը կ’ատես:
Ահա թէ ինչու, ո՛վ Աստուած,
քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ,
քու ընկերներէդ աւելի»:
Դարձեալ, ուրիշ տեղ մը Որդիին կ’ըսէ.-
«Դուն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն ստեղծեցիր երկիրը:
եւ երկինքը քու ձեռագործդ է:
Անոնք պիտի կորսուին.
բայց դուն կաս եւ կը մնաս:
Անոնք հագուստի պէս պիտի մաշին.
վերարկուի մը պէս պիտի ծալլես զանոնք
եւ հագուստի մը պէս փոխես:
Բայց դուն միշտ նոյնն ես
եւ քու տարիներդ վերջ պիտի չունենան»:
Բայց հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք.-
«Աջ կողմս նստէ,
մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ
որպէս պատուանդան»:
Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն:
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 38:1-8
|
|
Շաբաթ, 16 Դեկտեմբերին, Ս. Յակոբ Մծբնացիի տօնն է։ Ս. Յակոբ Մծբնացի մասնակցած է Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին (325 թ․), ուր մեծ յարգանքի արժանացած է Կոստանդին կայսեր եւ միւս մասնակցիներուն կողմէ։ Ծնած ու մահացած է Մծբին, որ պատմականօրէն Հայոց Միջագետքի մաս կազմած է ու ներկայիս Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը կը գտնուի։ Մծբինը վաղ քրիստոնէական կարեւոր կեդրոն մըն էր Փոքր Ասիոյ մէջ եւ արեւելք ու արեւմուտք ճամբորդող կարաւաններու հանգրուան մը։
Յակոբ Մծբնացի Հայց. Եկեղեցւոյ ամենասիրուած սուրբերէն մէկն է։ Ան նոյնպէս ի պատուի է Արեւելեան Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ, Ղպտի եւ Արեւելեան Կաթողիկէ ու Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցիներու կողմէ։ Մծբինի եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 320 թուականին։
Ս. Յակոբ փորձած է Նոյեան տապանը գտնել՝ չհաւատացողներուն իբր ապացոյց։ Վերելքի նախօրեակին, հրեշտակ մը երեւցած ու յայտնած է իրեն, թէ գագաթը մագլցելու պէտք չունէր, ու իրեն յանձնած՝ տապանի կտոր մը։ Կտորը կը պահպանուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։
«Ուրախացան զօրք երկնից ընդ քո մեծի ճգնութեան, որ ի մարմնի կառուցար նման վերին զուարթնոցն. զքեզ ունիմք բարեխօս առ հայր յերկինս վասն մեր։ (...) Այլ մեք ձայնիւ ցնծութեամբ տօնեմք զքո սուրբ զյիշատակս, պատուեալ վկայ քրիստոսի սուրբ հայրապեդ յակոբ. զքեզ ունիմք բարեխօս առ հայր յերկինս վասն մեր։ Յանձն առեր զչարչարանս վասն նոյեան տապանին. ի հրեշտակէն ընկալար զփայտ փրկութեան աշխարհի. զքեզ ունիմք բարեխօս առ հայր յերկինս վասն մեր»։
(
Երկնքի զօրքերը ուրախացան քու մեծ ճգնութեամբ որ մարմնով երկնային հրեշտակներուն նմանեցար. Երկինքի մէջ, Հօր մօտ քեզ բարեխօս ունինք։ (...) Այլ մենք ցնծութեան ձայնով քու սուրբ յիշատակը կը տօնենք, Քրիստոսի պատուուած վկայ սուրբ Յակոբ Հայրապետ. Երկինքի մէջ, Հօր մօտ քեզ բարեխօս ունինք։ Նոյի Տապանին համար չարչարանք յանձն առիր. հրեշտակէն աշխարհի փրկութեան փայտը ստացար. Երկինքի մէջ, Հօր մօտ քեզ բարեխօս ունինք)։
|
|
Այս շաբաթ նաեւ կը յիշուի՝
Ս. Իգնատիոս Անտիոքացի, Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր
|
|
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՆՇՈՒՄԸ՝ ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՄԲ
|
|
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը կը շարունակէ Ս. Ծննդեան բարեսիրութեան ծրագիր մը լիբանանահայ աւելի քան 100 կարիքաւոր ընտանիքներու համար, զոր սկսած էր տարիներ առաջ։ Վերջերս, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ Հ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեան յատուկ նամակով խնդրած է մեր թեմի հաւատացեալներէն, որ իրենց նուիրատուութիւններով սատարեն այս նախաձեռնութեան։ Անուշաւան Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանի ամբողջական աջակցութիւնը խոստացած է Հայր Սուրբին։ Նկատի ունեցէք, որ 100 տոլարի նուիրատուութիւն մը պիտի ծառայէ մէկ ընտանիքի սննդամթերք հայթայթելու։ Մեր ընթերցողներէն շատերը պիտի յիշեն, որ վերջին տարիներուն Հ. Զարեհը ծառայած է մեր թեմին իր ուսումնառութեան շրջանին։ Ստորեւ կու տանք Հայր Սուրբի նամակէն կարգ մը հատուածներ.
«
Ձեզ կ՚ողջունեմ քրիստոնէական սիրով, ինչպէս սուրբ առաքեալը կը ցանկայ, որ մենք ընենք։ Աւանդաբար, Ս. Ծննդեան շրջանը ծառայած է, որպէսզի մեր ուրախութիւնը նուէրներով բաժնեկցինք ուրիշներու հետ։ Այդ մտքով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը անցեալ տարիներուն տքնաջանօրէն աշխատած է կարօտեալներուն հասնելու։
Այս
առիթով, կ՚ուզեմ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմին մաղթել օրհնաբեր նոր տարի մը, որ լեցուն ըլլայ մեծ իրագործումներով, ծառայութեամբ, երջանկութեամբ ու Տիրոջ բոլոր օրհնութիւններով։ Խորին երախտագիտութեան զգացումներով ընդունեցի ձեր խոստումը՝ այս տարուան Ս. Ծննդեան ծրագրին սատարելու, որ օգնութեան կը հասնի Լիբանանի աւելի քան 100 հայ ընտանիքներու։ Ձեզի կը գրեմ խորին երախտապարտութիւնս յայտնելու համար ձեր առատաձեռնութեան, որ պիտի նպաստէ մեր բաժանմունքի կատարած նշանակալից աշխատանքին։ ...Կ՚աղօթեմ որ մեր Տիրոջ դէմքի օրհնեալ լոյսը եւ Սուրբ Հոգիի պարգեւը միշտ լեցնեն ձեր սրտերն ու հոգիները, կանխայայտ շնորհակալութեամբ ձեր տօնական առատաձեռնութեան համար, եւ լաւագոյն մաղթանքներով այս սրբազան ժամանակներուն»։
Այս նուիրատուութիւնները տօնական օրերու առթիւ շատ տեղին են եւ մեծապէս պիտի գնահատուին։
Հաճեցէք ձեր չէքը գրել Armenian Apostolic Church of Americaի անունին, իսկ memoի բաժինին մէջ արձանագրել՝ Gift for the Needy, եւ ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Prelacy, 138 East 39
th
Street, New York, NY 10016
։
Ձեր նուիրատուութիւնը տուրքէ զերծ է՝ ըստ օրէնքի արտօնած չափին։
|
|
Կամաւորները ուտելիքի ծրարներ կը պատրաստեն կարիքաւոր ընտանիքներու համար։ Այս ծրագիրը կը ղեկավարուի կամաւորներու կողմէ, ուստի բոլոր նուիրատուութիւնները ուտելիքներու եւ ապրանքներու բաշխումին կը յատկացուին։
|
|
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱԿԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
|
|
Ս. Գ. Կարապետ յուշատախտակ մը կը ստանայ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանէն։ Ձախին՝ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան անդամուհի Արեւիկ Գաբրիէլեան, իսկ աջին՝ դասախօսին դուստրը՝ Լուսին Գասպարեան։
|
|
Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրագէտ ու խմբագիր Ս. Գ. Կարապետի (C. K. Garabed) պատկերազարդ դասախօսութիւնը հայկական մականուններու ստուգաբանութեան մասին։ Ձեռնարկը հովանաւորուած էր Մայր Եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Արեւելեան ԱՄՆի Շրջ. Վարչութեան կողմէ։
«Այս եզակի ձեռնարկին հովանաւորութիւնը պատիւ մըն է մեզի համար», ըսաւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ ներկայացուց Կարապետի կենսագրութիւնը։ Ան նկարագրեց, թէ ինչպէս վերջինս ձեռնարկած էր հայկական մականուններ հաւաքելու եւ ուսումնասիրելու աշխատանքին, նախապէս իբրեւ քովնտի զբաղում եւ ապա՝ այլ հայերու օգնելու իրենց անուններու վերծանումին։
Դասախօսը քննարկեց հայկական մականուններու ծագումը եւ աւելի քան 40 տարուան ոստիկանական աշխատանքը, որ կ՚ենթադրէ անուններու ակունքներու հետազօտութիւնը եւ շատ անսովոր անուններու վերծանումը։ Տեսողական օրինակներով, Կարապետ շարք մը հայկական անուններու սահմանումը տուաւ, յատկապէս օգտագործելով հանրութեան յայտնի անուններ, ինչպէս խմբագիր Արամ Արքուն, գրագէտ Էտի Առնաւուտեան, օփերայի երգչուհի Լիլի Չուգասըզեան, համբաւաւոր Քիմ Քարտաշեան, գրագէտ Տէյվիտ Խտրեան, օդանաւորդուհի Խաթուն Սեպիլճեան (Սապիհա Կէօքչէն), հայրենասէր Տաճատ Թէրլէմէզեան եւ ակադեմական Խաչիկ Թէօլէօլեան։
Դասախօսութիւնը կը նշէր Կարապետի անգլերէն «Հայկական մականուններու բառարան»ի առցանց հրատարակութիւնը եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի մէջ լոյս տեսնող «Քեռի Կարապետի նոթատետրը» շաբաթական սիւնակին 30ամեակը։ Բառարանէն օգտուելու համար, այցելեցէ՛ք
www.armeniapedia.org/wiki/Dictionary_of_Armenian_Surnames_(In_Process)
հասցէն։
Անդրադառնալով դասախօսութեան «Ի՞նչ կայ անունի մը մէջ» խորագրին, Նիւ Եորքի Համազգայինէն տոքթ. Հրանտ Մարգարեան դիտել տուաւ, որ «դասախօսութեան խորագրի հարցումին պատասխանն է՝ հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը»։ Դասախօսութիւնը կը լուսաբանէր, թէ ինչպէ՞ս հայերը իրենց մականունները ձեռք բերած են, որոնց սահմանումները Երկրի ամէնօրեայ երբեմնի կեանքը կ՚ընդգրկեն։
Փակման խօսքին մէջ, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան կողմէ տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան մէջբերեց Վոլթէրի խօսքը. «Գնահատումը հրաշալի բան մըն է. ուրիշներու մէջ գերազանցը մերը կը դարձնէ նաեւ»։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ անունով, Տէր Մեսրոպ յուշատախտակ մը յանձնեց «Քեռի» Կարապետին, «հայ համայնքին տարիներու նշանակալից ծառայութեան, նպաստներուն եւ յանձնառութեան համար»։
Շահեկան հարց ու պատասխանէ մը ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։
|
|
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻ
|
|
Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան եւ Տ. Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեան դպրաց դասի եւ խորանի ծառայողներու հետ
|
|
Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, Կրանիթ Սիթիի (Իլինոյ) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 64ամեակին առիթով, Գերպ. Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան պատարագեց ու քարոզեց։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, յատուկ ճաշկերոյթով մը եկեղեցւոյ տարեդարձը նշուեցաւ։
|
|
Հ. Սահակ խօսք կ՚առնէ ծուխի 64ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին
|
|
Տ. Տարօն քհնյ. Ստեփանեան կը խօսի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն
|
|
Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները քարոզին կը հետեւին
|
|
Կրէնիթ Սիթիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ակնդէտ կը սպասեն մօտալուտ Կաղանդի օրերուն։ Դպրոցին տօնածառը կանգուն ու զարդարուած է, եւ, ինչպէս նախորդ տարիներուն, պատրաստ լեցուելու գլխարկներով, ձեռնոցներով ու գուլպաներով, որոնք Վանաձորի որբանոցի անչափահաս բնակիչներուն պիտի ղրկուին։
|
|
Նիկողոս Սարաֆեան
(մահ՝
16 Դեկտեմբեր 1972
)
|
|
Նիկողոս Սարաֆեան Սփիւռքի առաջին բանաստեղծը կը համարուի այն իմաստով, որ իր ստեղծագործութիւնը ցոլացուցած է, առաջին գիրքէն իսկ, սփիւռքեան զգայնութիւնը յատկանշող գեղագիտական վերանորոգումը եւ ինքնութեան ու անցեալի հետ խզումի հարցերը։ Ան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է «Փարիզի դպրոց» անունով ծանօթ ֆրանսահայ գրողներու սերունդին։
Սարաֆեան ծնած է 14 Ապրիլ 1902ին, Պոլիսէն դէպի Վառնա (Պուլկարիա) ճամբորդող նաւու մը վրայ։ Ծնողքը Ակնի Լիճք գիւղէն գաղթած էին՝ 1896ի ջարդերէն ետք։ Վառնայի մէջ, Նիկողոս (ընտանիքի կրտսեր զաւակը) նախ յաճախած է «Ճիէրճեան» եւ ազգային վարժարանները, իսկ այնուհետեւ Սէն-Միշէլ ֆրանսական երկրորդական վարժարանը։ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, ան իր աւագ եղբօր հետ մեկնած է քաղաքէն, նախ դէպի Ռումանիա եւ ապա՝ Պուքրէշէն Կալաց, ուր աստանդական կեանք մը վարած է, անկէ ետք անցած է ռուսական քաղաքներ՝ Օտեսա, Ռոստով եւ Նովորոսիսկ, մինչեւ՝ ռուսական յեղափոխութեան սկիզբը։ Ոտքով Ռումանիան կտրելէ ետք, վերադարձած է Վառնա։ Սակայն, պատերազմի աւարտէն ետք, անցած է Կ. Պոլիս 1919ին, ուր յաճախած է Կեդրոնական վարժարան, զոր աւարտած է (այլ աղբիւրներ կ՚ըսեն՝ թերաւարտ ձգած) 1922ին, ուսուցիչ ունենալով՝ Յակոբ Օշականի ու Վահան Թէքէեանի պէս ականաւոր գրագէտներ։
Իր ապագայ գրչեղբայրներէն շատերուն պէս, Սարաֆեան խոյս տուած է Պոլիսէն քեմալական զօրքերու մուտքէն առաջ՝ Նոյեմբեր 1922ին։ Քանի մը ամիս Պուլկարիա եւ Ռումանիա անցընելէ ետք, 1923ին հաստատուած է Փարիզ, ուր պիտի ապրէր իր ամբողջ կեանքը։ Զանազան գործեր փորձելէ ետք, գրաշար դարձած է։ Իր գիրքերէն մէկ քանին ինք անձամբ տողաշարած է։
Առաջին գիրքը՝ «Անջրպետի մը գրաւումը» (1928), արդէն յայտնաբերած է Սարաֆեանի ինքնատպութիւնը եւ իր խզումը արեւմտահայ բանաստեղծութեան աւանդական գեղագիտութենէն։ «Մենք»ի խումբին միացած է 1931-1933ին, միաժամանակ աշխատակցելով Սփիւռքի գլխաւոր գրական թերթերուն։ Իր խոհական ոճը, սակայն, հեռու պիտի մնար Շահան Շահնուրի յուզական պայթիւններէն եւ Վազգէն Շուշանեանի կրքոտ արտայայտութիւններէն։ Բանաստեղծական երկրորդ գիրքէն ետք («14», հրատարակուած՝ 1933ին), ան հրատարակած է «Իշխանուհին» վիպակը (1934) եւ այնուհետեւ, 1930-1940ական թուականներուն շարք մը վէպեր գրած ու լոյս ընծայած է գրական մամուլին մէջ, որոնք սակայն գիրքով հրատարակուած չեն։
Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնը, սահմանափակ տպաքանակներով լոյս տեսած` հանրութեան գնահատումին պիտի չարժանանար, որովհետեւ իր ժամանակէն առաջ էր, ինչպէս «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» (1939) հատորը ցոյց տուած է։ Հայկական հաստատութենական (institutional) մշակոյթը տասնամեակներ շարունակ անտեսած էր անոր գործը, յատկապէս որովհետեւ այդ բանաստեղծական ոճը դժուարամատչելի էր Սփիւռքի աւանդապահ շրջանակներուն եւ անյարիր՝ Խորհրդային Հայաստանի պաշտօնական չափանիշներուն։ Ան կը համադրէր եւրոպական գրական շարժումներ ցոլացնող տարրեր եւ բանաստեղծական արուեստի մտածողական պաշտօնը, ինչ որ առաջնորդած է Սարաֆեանի դասումին իբրեւ «ուղեղային» բանաստեղծ, այդպիսով՝ զինք ձգելով Սփիւռքի գրականութեան լուսանցքին վրայ։
Կեանքի վերջին քառորդ դարուն, Սարաֆեան հրատարակած է երկու բանաստեղծական հատորներ եւս՝ «Միջնաբերդ» (1946) եւ «Միջերկրական» (1971)։ Անոր վերյայտնութիւնը սկսած է 1960ական թուականներուն, երբ սփիւռքեան զգայնութեամբ ծնած ու սնած սերունդ մը չափահասութեան կը հասնէր։ Բանաստեղծը մահացած է Փարիզի մէջ, 16 Դեկտեմբեր 1972ին։
Զատիկին նուիրուած յայտնի փորձագրութեան մը մէջ, Սարաֆեան գրած է.
«Կը սպասենք բանի մը։
«Կը հասնինք քիչ-քիչ իմացականութենէն վեր ճշմարտութեան մը: Կարելի չէ արդարեւ աւելի մեծ ուժ մը գտնել քան գութը անոր` որ կարեկցութեամբ նայեցաւ իր խաչին շուրջ դարձող զրահակիր ու յաղթիրան ձիաւորներուն, իրենք զիրենք իմաստուն ու քաջ կարծող քահանայապետներուն, եւ դատաւորներուն, որ քար մը կը կրէին միայն սրտի տեղ: Քար մը, որ սակայն շուտով կը փշրի:
«Կարելի չէ աւելի զօրաւոր բան մը գտնել մարդուն մէջ, քան ազնուական այդ եսասիրութիւնը, որ կը մերժէ գռեհիկ անձնամոլութիւնն ու անարդարութիւնը, նախանձն ու մախանքը, բռնակալութիւնն ու դատողութիւնը, մեծամտութիւնն ու վայրագութիւնը:
«Հայը ունի այս բոլորը զգալու կարող սիրտը` թէեւ այդ սիրտը խոնջ է դարերով քարերուն զարնուելով, թախծոտ է եւ թափառական: Կը սպասէ այս բոլորին: Գիտենք, թէ չենք կրնար այլեւս բարութեամբ պատասխանել չարութեանց: Բայց այս բոլորը մեր երիկամունքները այրող կարօտներն են:
«Գիտենք, թէ կ’անցնին բոլոր գեղեցիկ խօսքերը: Բայց կը սիրենք բոլոր գեղեցկութիւնները»:
Սարաֆեանի բանաստեղծական ու արձակ, մամուլի մէջ ցրուած գրութիւններու քանի մը հատորներ հրատարակուած են 1980ական թուականներէն։ Անոր ամենէն ազդեցիկ արձակ կտորներէն մէկը՝ «Վենսէնի անտառը», որ առաջին անգամ լոյս տեսած էր Պէյրութի «Նայիրի» ամսագրին մէջ 1947ին, յետմահու հատորով լոյս տեսած է 1988ին։ Այնուհետեւ թարգմանուած է ֆրանսերէնի (1993) եւ ապա՝ անգլերէնի (2014), վերջինս՝ Քրիսթոֆըր Ադամեանի թարգմանութեամբ։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
|
|
ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ «ԱՂՕԹԱՐԱՆ»Ը՝ ՀԱՅԵՐԷՆ ԵՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆ
|
|
Անուշաւան արք. Դանիէլեանի մեծարանքին առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչականը լոյս ընծայեց ամերիկահայ նշանաւոր գրագէտ Համաստեղի (Համբարձում Կէլէնեան) «Աղօթարան» հատորը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած էր 1957ին եւ երբեք չէր վերահրատարակուած Սփիւռքի մէջ։ Հրատարակութիւնը կը պարունակէ հայերէն բնագիրը եւ անգլերէն թարգմանութիւնը, յատկապէս կատարուած դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի կողմէ։
Հատորին գինը 10 տոլար է, որուն պէտք է աւելցնել առաքման ծախսը։
|
|
Այս կամ այլ գիրքեր պատուիրելու կամ այլ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութին հետ՝ ելեկտրոնային նամակով (
books@armenianprelacy.org
) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
|
|
Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “CROSSROADS”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։
|
|
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
|
|
Կռիւն ու ռումբերը վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն մէջ ու քսակներէն բաժին յատկացնել։
Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։
Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։
Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Prelacy
138 E. 39
th
Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)
Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։
|
|
«Սիամանթօ» լսարանի
դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։
Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 12 Յունուար։
Տեղեկութիւններու համար՝
anec@armenianprelacy.org
կամ 212-689-7810։
Մինչեւ 13 Յունուար, 2019
—Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսը կը շարունակուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Ամբողջութեամբ Հայաստանի նուիրուած առաջին ցուցահանդէսն է այս նշանաւոր թանգարանին մէջ, պատրաստութեամբ՝ դոկտ. Հելըն Էվընզի։
13 Դեկտեմբեր
—Յայտնութեան գիրքի սերտողութեան վերջին նիստ, Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք։ Բանախօս՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ։
16 Դեկտեմբեր
—Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) կիրակնօրեայ դպրոցի Կաղանդի հանդէս «Առաքելեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի։
23 Դեկտեմբեր
—Կրէնիթ Սիթիի (Իլինոյ) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Կաղանդի տարեկան անուշավաճառք։
31 Դեկտեմբեր
—Նոր Տարուան ճաշկերոյթ ու պարահանդէս Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), երեկոյեան ժամը 8։00էն սկսեալ։
5 Յունուար
—Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն), Ճրագալոյցի նշում։
26 Յունուար
—«Կեանք ու կռիւ»՝ Արցախի հերոսամարտին նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն, Կրէնիթ Սիթիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
17 Մարտ
—“Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ։
Հետեւեցէ՛ք մանրամասնութիւններուն։
5 Մայիս
—Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։
Թուականը նկատի ունեցէք։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|