2 Յունուար, 2020
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
Հաւատով Խոստովանիմ ԺԶ․ աղօթք

Կը կարդայ՝ Կարօ Դարբինեան
Կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներու աշակերտ եւ դպիր
(Ս․ Վարդանանց եկեղեցի, Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)

2020 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ ԹՈՂ ԸԼԼԱՅ
Սիրելի հայրենակիցներ,

Փառք կու տամ ամենակալ Աստուծոյ, որ արժանի ըրաւ համայն մարդկութիւնը ընդհանրապէս եւ հայ ժողովուրդը ի մասնաւորի` դիմաւորելու 2020 տարին։ Առհասարակ տարիները, տօները օրացուցային կրկնութիւն կը թուին ըլլալ, սակայն մեզի՝ բանական արարածներուս համար, անոնք հոյակապ առիթ են, ե՛ւ ինքնանորոգման, ե՛ւ կեանքը տարբեր հասկացողութեամբ վերարժեւորելու։

Այս հասկացողութեամբ, ես կ՚ուզեմ 2020 տարին դիտել դէպի Բեթղեհէմ ուղեւորուող երեք մոգերու պրիսմակին ընդմէջէն։ Երեք մոգերը, որոնք կը ներկայացնեն ժամանակակից իրենց ընկերութեան կրօնական, արքայական, ինչպէս նաեւ երկնային մարմիններու շարժումները հետազօտող դասակարգը։ Այլ խօսքով՝ մերօրեայ աստղաբաշխերն ու գիտնականները հոյակապ տիպար մըն են մարդկային ցեղին համար, հետեւողական եւ գիտակից լուրջ պրպտումներու յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ յոյսի։

Պատահականութիւն չէր, որ դէպի մսուր առաջնորդող աստղը յայտնուեցաւ երեք մոգերուն։ Անոնք երկար պրպտումներ կը կատարէին, որոնք պսակուեցան երկնային խորհուրդի իրենց պարգեւատրումով։ Եւ անգամ մը, որ յայտնաբերեցին այդ երկնային պարգեւը, անոնք յանձնառութեամբ երկար ճամբորդութեան, տաժանալի ճամբորդութեան սկսան, յոյսով լեցուն, որ ի վերջոյ պսակուեցաւ, օ՜ զարմանք, գերագոյն խոնարհութեան պատգամով, մսուրին առջեւ ծունկի գալով, եւ իրենց սրտի նուէրները ներկայացնելով թագաւորներու թագաւորին, տէրերու տիրոջ, մանուկ Յիսուս Քրիստոսին։

Ահաւասիկ, սիրելի հայորդիներ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ լուրջ եւ գիտակից պրպտում, քննութիւն, յաջորդող յանձնառութեամբ եւ տոկուն յոյսով լեցուն մարդկային վերաբերումին։ Եւ ես կը հաւատամ, որ 2019 տարին իսկապէս մեզի համար եղաւ՝ այս լոյսին տակ դիտուած, խոստումնալից տարի մը։

Տասնամեակներու վրայ տարածուած, երկար աշխատանքներէ ետք, համայնական մեր բոլոր կազմակերպութեանց, եկեղեցական, աշխարհական, քաղաքական, բոլոր կազմակերպութեանց հաւաքական աշխատանքներէն ետք, որքան մեծ աւետիս էր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը համարեա միաբերան յայտարարեցին, ճանչցան եւ ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ անառարկելի եւ անուրանալի ճշմարտութիւն է։

Ո՞վ կը հաւատար, որ Եղեռնէն քանի մը տարի ետք, առաջին հանրապետութիւնը պիտի հիմնուէր։ Ո՞վ կը հաւատար, որ սովետական կարգերը փլուզումի պիտի ենթարկուէին եւ մեր ներկայ հանրապետութիւնը պիտի հաստատուէր։ Ահա՛, սիրելի հաւատացեալներ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ յանձնառութիւն եւ յոյսով ապրիլ։

Այս ճշմարտութեամբ ես կ՚ուզեմ մեր 2020 տարին ողողուի, որովհետեւ մենք, ինչպէս մեր յուշատետրին մէջ յայտարարեցինք, 2020 տարիով պիտի նշենք Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակը, Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան երկու հարիւրամեակի ոգիով տոգորուած։ Այո՛, երբե՛ք եւ երբե՛ք տեղի չտանք ժամանակի դժուարութիւններու արգելքներուն, այլ ընդհակառակը, ինչպէս ըսի, մեր աչքերը յառելով դէպի Բեթղեհէմ առաջնորդող երկնաւոր աստղին, այսինքն՝ յանձնառութիւն եւ յոյս եւ հաւաքական ժրաջան աշխատանք, վստահաբար մեր երազները պիտի իրագործուին։

Ահա այս հաւատքով, այս յոյսով եւ այս սիրով, ինչպէս Պօղոս Առաքեալը կ՚ըսէ, երբ ձեր ձեռքը մաճի վրայ կը դնէք, միշտ յառաջ նայեցէք։ Մենք եւս, երեք մոգերուն հետ, ընթանանք դէպի յոյսի եւ խոստումներու իրագործման առաջին մեր կոչը՝ Յիսուս Քրիստոսին, եւ ըսենք իրարու, երբ Յունուար 6-ը գայ, «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։ Եւ 2020 տարուան նորոգութեան այդ ոգիով մենք կարենանք իբրեւ հայ, որպէս քրիստոնեայ հայեր, նորոգուիլ մեր ուխտագնացութեան մէջ կեանքէն դէպի յաւերժական կեանք։

Անգամ մը եւս բոլորիդ կը մաղթեմ ու կ՚ըսեմ՝ Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ, Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզ եւ մեզ մեծ Աւետիս։ 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Առաջնորդ` ԱՄՆ Արեւելեան թեմի

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Արդարեւ, անցեալէն՝ ապագային եւ հինէն՝ նորին անցնելու սա պահը մեզ կը հրաւիրէ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան եւ ապա՝ ապագայատեսիլ ոգիով ճշդելու մեր ազգն ու հայրենիքը առաւել հզօրացման առաջնորդող ճամբան:

Կը գտնուինք մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռադրոշմ հանգրուանին: Եկէք իրապաշտ մօտեցումով դիտենք մեր շուրջը.

– Մեր ժողովուրդի արիւնով ազատագրուած Արցախը միշտ ենթակայ է պատերազմի վտանգին:

– Հայաստանը կարիքը ունի իր պետական կառոյցներու եւ օրէնքի գերակայութեան առաւել ամրապնդման ու տնտեսութեան զարգացման:

– Բազմազան ու այլազան մարտահրաւէրներով շրջապատուած Սփիւռքը, հակառակ իր հայապահպանման ամէնօրեայ պայքարին, հետզհետէ կը գունաթափի:

Այս կացութեան դիմաց, իրաւունք չունինք յուսահատելու կամ անտարբեր մնալու: Պէտք է մերժենք պարտուողականութեան որեւէ մտածում կամ մօտեցում: Պէտք է պայքարի՛նք: Այսպէ՛ս եղած է մեր ողջ պատմութիւնը: Պէտք է պայքարի՛նք՝ հաւատքով կռանուած, յոյսով գօտեպնդուած ու միասնականութեամբ զօրացած: Ա՛յս է մեր ազգին պաշտպանութեան ամուր վահանը: Ա՛յս է մեր ազգին յաղթանակի ճամբան:

Հետեւաբար, բացուող Նոր Տարուան սեմին, հաւատարիմ մեր պապերու ուխտին ու մեր պատմութեան ձայնին, եկէք, ժողովո՛ւրդ հայոց.

– Առաջին, վերահաստատենք մեր անխախտ հաւատարմութիւնը՝ մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն եւ մեր ազգին գերագոյն իղձերուն:

– Երկրորդ, հեռու մնանք ներքին բեւեռացումներ յառաջացնող մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ, եւ փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի հրամայականը դարձնենք մեր կեանքի անշեղ սկզբունքը:

– Երրորդ, լծուինք Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման անյետաձգելի աշխատանքին՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի առաւել հզօրացման եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման:

Ահա մեր կեանքին առջեւ բացուող համահայկական երեք առաջնահերթութիւնները:

Համախմբուինք համահայկական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ:

Այս ոգիով ու տեսլականով ապրինք ու գործենք:

Ա՛յս ոգիով ու յանձնառութեամբ զիրար շնորհաւորենք ըսելով՝

Շնորհաւոր Նոր Տարի:

Կ՛աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ իր հովանիին ներքեւ մեր ազգն ու հայրենիքը պահէ անվթար, հիւանդներուն առողջութիւն պարգեւէ ու գործոց յաջողութիւն եւ մեր զաւակներուն կեանքը ծաղկեցնէ երկնային բարիքներով:

  ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ 2020Ը ՀՌՉԱԿԵՑ «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»
Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, 2020ը հռչակեց «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»:

Հաշմանդամներու նուիրուած Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Կիրակի, 12 Յունուարին:

Յայտնենք, որ Վեհափառը 2003էն ի վեր իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէք մը կամ երեւոյթ մը լուսարձակի տակ բերած է:

Կաթողիկոսի պատգամին լոյսին տակ, այդ նիւթերը ամբողջ տարուան ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձած են մեր եկեղեցիներուն եւ ազգային կառոյցներուն ու միութիւններուն կազմակերպած ձեռնարկներուն ընթացքին: Առ ի յիշեցում, ստորեւ կու տանք անցնող 16 տարիներուն հռչակումները.

  • 2003՝ Աստուածաշունչի տարի

  • 2004՝ Հայ Ընտանիքի տարի

  • 2005՝ Ազգային Պահանջատիրութեան տարի

  • 2006՝ Հայ Դպրոցի տարի

  • 2007՝ Հայ Լեզուի տարի

  • 2008՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան տարի

  • 2009՝ Երիտասարդութեան տարի

  • 2010՝ Հայ Կնոջ տարի

  • 2011՝ Հայ Մանուկի տարի

  • 2012՝ Հայ Գիրքի տարի

  • 2013՝ Հայ Մօր տարի

  • 2014՝ Տարեցներու տարի

  • 2015՝ 100ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան (Կոնդակ)

  • 2016՝ Ծառայութեան տարի

  • 2017՝ Վերանորոգման տարի

  • 2018՝ 100ամեակ Հայաստանի Հանրապետութեան

  • 2019՝ Հայ Մամուլի տարի։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 5 Յունուարին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, պիտի մասնակցի Նիւ Պրիթընի (Քընէքթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ առաւօտեան ժամերգութեան, իսկ երեկոյեան պիտի նախագահէ Ճրագալոյցի արարողութեան Ս. Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։

Երկուշաբթի երեկոյեան, ժամը 6:00էն 8:00, Առաջնորդ Սրբազան Հօր աւանդական Ս. Ծննդեան տնօրհնէք-հիւրասիրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ազգ. Առաջնորդարանի «Վահագն եւ Յասմիկ Յովնանեան» դահլիճին մէջ։

ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 29 Դեկտեմբերին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագութեան կարգ շնորհեց եկեղեցւոյ դպիրներ՝ Արամ Գույումճեանին, Անդրանիկ Էսէնտիրին, Արման Չարխուտեանին, Շանթ Տողրամաճեանին եւ Արթիւր Քեսենճիին։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը այս ուրախ առիթով, որմէ ետք Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ “Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church” հատորի ներկայացումին՝ Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանին կողմէ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ 

Ձախէն աջ՝ Արթուր Քեսենճի, Արամ Գույումճեան, Շանթ Տողրամաճեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան, Արման Չարխուտեան եւ Անդրանիկ Էսէնտիր։

ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԵՐ ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Ա. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ (10:1-4)

Եղբայրնե՛ր, մի՛ մոռնաք որ Եգիպտոսէն ելլող մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին առաջնորդութեան եւ պահպանութեան տակ էին եւ բոլորն ալ Կարմիր ծովէն անցան, եւ Մովսէսի հետեւելով՝ բոլորն ալ մկրտուեցան ամպին եւ ծովուն մէջ: Բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ուտելիքը կերան
եւ բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ըմպելիքը խմեցին, որովհետեւ խմեցին հոգեւոր ժայռէ մը, որ իրենց հետ կ’երթար. եւ այդ ժայռը Քրիստոս ինքն էր:


ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ (1:18-25)

Այսպէս պատահեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Իր մայրը՝ Մարիամ, նշանուած էր Յովսէփի հետ, սակայն նախ քան ամուսնութիւնը Մարիամ յղի մնաց Սուրբ Հոգիէն:

Յովսէփ՝ անոր նշանածը, արդար մարդ մը ըլլալուն՝ չուզեց հանրութեան առջեւ խայտառակել զայն, այլ խորհեցաւ լռելեայն ետ ընել իրենց նշանախօսութիւնը: Մինչ այս մասին կը մտածէր, ահա Տիրոջ հրեշտակը երազի մը մէջ երեւցաւ իրեն եւ ըսաւ.
Յովսէ՛փ, Դաւիթի՛ որդի, մի՛ վախնար ամուսնանալու նշանածիդ՝ Մարիամի հետ, որովհետեւ իր մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է: Որդի մը պիտի ծնի եւ զայն պիտի կոչես Յիսուս, որովհետեւ անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ:
Այս բոլորը պատահեցան, որպէսզի կատարուի այն ինչ որ Տէրը ըսաւ Եսայի մարգարէին միջոցաւ.-
 «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի,
եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ»,
որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ:
Երբ Յովսէփ արթնցաւ, կատարեց ինչ որ Տիրոջ հրեշտակը հրամայեց իրեն եւ ամուսնացաւ իր նշանածին՝ Մարիամի հետ. բայց չյարաբերեցաւ անոր հետ, մինչեւ որ իր անդրանիկ զաւակը ծնաւ, եւ զայն Յիսուս կոչեց:
 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ (3:1-17)
 
Այդ օրերուն, Յովհաննէս Մկրտիչ սկսաւ քարոզել Հրէաստանի անապատին մէջ, ըսելով.
Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը մօտեցած է:
Այս Յովհաննէսն էր այն անձը, որուն համար Եսայի մարգարէ խօսեր էր, ըսելով.-
«Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ’ըսէ.-
Տիրոջ ճամբան պատրաստեցէք,
հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները»:
Յովհաննէս ուղտի մազէ շինուած հագուստ մը ունէր եւ մէջքին՝ կաշիէ գօտի: Իր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր էր: Երուսաղէմէն, ամբողջ Հրէաստանէն եւ Յորդանան գետի բոլոր շրջաններէն մարդիկ իրեն կ’երթային եւ իրենց մեղքերը խոստովանելով, անոր ձեռքով կը մկրտուէին Յորդանան գետին մէջ:
Երբ Յովհաննէս տեսաւ շատ մը Սադուկեցիներ եւ Փարիսեցիներ, որոնք իրմէ մկրտուելու եկած էին, ըսաւ անոնց.
Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ ըսաւ ձեզի թէ կրնաք Աստուծոյ տալիք պատիժէն փախչիլ: Ասկէ ետք՝ գործո՛վ ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք: Դուք ձեզի մի՛ խորհիք թէ կրնաք պատիժէն ազատիլ, ըսելով. «Մենք Աբրահամի որդիներ ենք»: Կ’ըսեմ ձեզի, որ Աստուած այս քարերէն ալ կրնայ Աբրահամի որդիներ հանել: Կացինը արդէն իսկ պատրաստ է ծառերը իրենց արմատներէն կտրելու: Այն ծառը որ բարի պտուղ չի տար, պիտի կտրուի եւ կրակ նետուի: Ես ձեզ ջուրով կը
մկրտեմ ապաշխարութեան իբրեւ նշան, բայց ան որ ինձմէ ետք կու գայ, անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ: Անիկա ինձմէ աւելի հզօր է, եւ ես անոր կօշիկները կրելու իսկ արժանի չեմ: Հեծանոցը իր ձեռքին, ան պիտի մաքրէ իր կալը, ցորենը հաւաքէ շտեմարանին մէջ, իսկ յարդը այրէ անշէջ կրակով:
Այդ օրերուն, Յիսուս Գալիլեայէն Յորդանան գետ եկաւ Յովհաննէսի մօտ՝ անկէ մկրտուելու համար: Բայց Յովհաննէս ընդդիմացաւ անոր, ըսելով.
Ե՛ս պէտք ունիմ քեզմէ մկրտուելու, եւ դո՞ւն ինծի կու գաս:
Յիսուս պատասխանեց.
Հիմա թո՛յլ տուր որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այսպիսով կատարած պիտի ըլլանք Աստուծոյ արդար կամքը:
Եւ Յովհաննէս թոյլ տուաւ: Յիսուս մկրտուելէ ետք, անմիջապէս ջուրէն դուրս ելաւ: Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի նման կ’իջնէր եւ կու գար իր վրայ: Եւ ահա երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ’ըսէր.
Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ:


ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ (ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ) ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ՝
Տիտոս 2:11-15, Մատթէոս 2: 1-12, Ղուկաս 2:8-14։

ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ (ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ) ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ Տիտոս 2:1-15, Մատթէոս 1:18-25։

ՋՐՕՐՀՆԷՔ՝
Ա. Կորնթացիներուն 10:1-4, Մատթէոս 3:1-17։
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Նիւ Ճըրզիի (Ռիճֆիլտ) Ս Վարդանանց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները տօնախմբեցին Քրիստոսի ծնունդը Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին։

Հանդէսը սկսաւ հոգեւոր հովիւ՝ Սահակ Ծ վրդ Եմիշեանի աղօթքով, եւ շարունակուեցաւ աշակերտներուն ելոյթներով, որոնց յաջորդեց Կաղանդ Պապայի այցելութիւնը։ 
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ (Ուոքիկըն, Իլինոյ) համայնքը վայելեց Ծնունդի հանդիսութիւնը, զոր ծխականները կազմակերպած էին Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին։

Հանդիսութեան առընթեր, որուն ընթացքին Քրիստոսի Ծնունդի ամբողջական պատումը կատարեցին, ներկաները Ծնունդի եւ տօնական երգեր երգեցին։
ԱՊԱՀՈՎԵՑԷՔ ՁԵՐ ՏՈՄՍԱԿՆԵՐԸ «ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՀԱՄԱՐ
«Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, աշխարհահռչակ «Գառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ 2020ին երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիներ այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։

«Միւզիքըլ Արմինիա», որ 1982ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով, նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու մեկնաբանութեան սատարելու։ Անցնող 38 տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։

2020ի համերգին ելոյթ պիտի ունենան դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան։

Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար), ոսկի (300 տոլար) եւ արծաթ (200 տոլար)։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։

Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրած է Թինան, որուն հովանաւորն է Արթուր Պետրոսեանը։
«Բարեւ ձեզ, յարգելի բարերար,

Ես Թինա …. եմ Գիւմրի քաղաքից, ծնուել եմ 2005 թ., Օգոստոսի 10-ին, սովորում եմ Գիւմրու թիւ 8 միջնակարգ դպրոցի 9րդ դասարանում։ Սովորում եմ գերազանց, նաեւ պատրաստւում եմ աւարտական քննութիւններին։ Դպրոցում շատ եմ սիրում կենսաբանութիւն, Հայոց Պատմութիւն եւ երկրաչափութիւն առարկաները։

Ես դեռ 14 տարեկան եմ եւ շատ ճանապարհ ունեմ անցնելու, 4 տարուց աւարտելու եմ դպրոցս, յետոյ ցանկանում եմ ընդունուել համալսարան, թէ ի՞նչ գծով դեռ չեմ որոշել, բայց հաստատ գիտեմ ցանկանում եմ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ, եւ դառնալ լաւ մարդ։ Սիրում եմ նաեւ գիրք կարդալ, այսքան ժամանակ ես կարդացել եմ շատ ու շատ գրքեր, սիրում եմ նաեւ նկարել։ Դասերից բացի զբաղւում եմ պարով, ես պարուհի եմ, շաբաթական 3 օր ես այցելում եմ պարի Գիւմրու Հայորդաց տանը։ Սովորում եմ՝ դասական, ազգագրական, ռուսական, ժողովրդական, վրացական եւ այլ տեսակի պարեր։ Ես շատ եմ սիրում պարը եւ արդէն 5 տարի է այցելում եմ։

Սիրելու ու շատ յարգելի բարեկամ, նամակիս վերջաբանն ուզում եմ տալ ձեզ յայտնելով իմ շնորհակալութիւնները ձեզ, որ օգնում էք իմ մայրիկին գումարով, որ իմ մաման մի հոգս է թեթեւացնում, ու տեսնում եմ մայրիկիս դէմքի ժպիտը, որը իմ համար թանկ է ու կարեւոր։ Սիրելի բարերար, երկնքի աստղերի չափ շնորհակալ եմ ձեզանից, ձեր մարդ տեսակի համար։

Ձեզ շատ սիրող ու յարգող՝ Թինա»։
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,  սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։   
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի հայաստանեան գրասենեակը՝ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը, շուտով պիտի շարունակէ հովանաւորութեան իր ծրագիրը բոլոր այն որբերուն համար, որոնք 18 տարեկանը կը բոլորեն եւ կ՚արձանագրուին բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ՝ իրենց կրթութիւնը շարունակելու համար։

Համալսարանականներու հովանաւորութեան այս ծրագիրը պիտի սկսի գործադրուիլ 2020ին։ Տարեկան գումարը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։

Ասիկա վերջին նորութիւնն է ծրագրի մը մէջ, որուն սկիզբը դրած էր 31 տարի առաջ թեմիս օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեան, 1988ի աղէտալի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք։ Այն ատեն, առաջնահերթութիւնը երկրաշարժի վերապրողներուն օժանդակութիւնն էր։ Շուտով, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը արդէն հազարաւոր մանուկներու իր նպաստը բերաւ ու կը շարունակէ։ Օշական արք. Չօլոյեանի պաշտօնավարութեան շրջանին, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը օժտուեցաւ իր սեփական նոր գրասենեակով։

Ծրագիրները աճած ու ծաղկած են, ներառնելով՝ մանկատուներու, դպրոցներու, աշակերտներու, երէցներու, հաշմանդամ ազատամարտիկներու օժանդակութիւն, եւ ամառնային ճամբար մը։

Այս բոլորը բաւարար չէ։ Ինչպէս հայրենիք այցելուները կրնան վկայել, Հայաստանի յուսահատութեան մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են, յատկապէս՝ թուրք-ազերի շրջափակման եւ Արցախի պատերազմի ամենադաժան տարիները։ Երեւանը ներկայիս ծաղկուն քաղաքն է, ուր ամբողջ աշխարհէն այցելուներ կը ժամանեն։ Բայց երկրի ու Արցախի երկայնքին, բոլորս ալ գիտակից ենք, որ բազում մարտահրաւէրներ կան։ Յաճախ՝ կրթութիւնը բանալի է զանոնք յաղթահարելու համար։

Հայաստանն այժմ ծանօթ է շրջանին մէջ, իբրեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կեդրոն մը, ինչ որ բազմաթիւ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ, որոնց համար կարող ու անհրաժեշտ դաստիարակութեամբ մասնագէտներու պէտքը կայ։ «Մեծն Ներսէս»ի կողմէ հովանաւորուած որբ երեխաները այժմ Հայաստանի տնտեսութեան պէտք ունեցած աշխատուժը դառնալու ճամբուն են։

Տասնամեակներէ ի վեր, բազմաթիւ նուիրատուներու յանձնառութեան շնորհիւ, որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը «Մեծն Ներսէս»ի գործունէութեան կեդրոնական մասերէն մէկը հանդիսացած է։ Նուիրատուները երեխաներու աճին վկայ եղած են եւ յաճախ ուժեղ կապեր հաստատած անոնց հետ։

Ինչպէս միշտ, ձեր աջակցութիւնը մեծ դեր կը կատարէ։

Այն հովանաւորները, որոնք տարիներու երկայնքին առատաձեռն կերպով օժանդակութիւն բերած են, այժմ կրնան շարունակել իրենց դերակատարութիւնը՝ երէկուան մանուկներուն օգնելով, որ հասուննան իբրեւ երիտասարդ մասնագէտներ։

Նախապէս հովանաւորուած որբեր այժմ համալսարանական ուսանողներ են եւ նոր հովանաւորներու կարիքը պիտի ունենան։ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը, թափանցիկ ու բարձր մակարդակի իր գործունէութեամբ, պիտի շարունակէ հնարաւոր թեկնածուներ գտնել եւ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել։

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը կամ Որբերու ծրագրով երեխայ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։  
«ՎՐԱՆՆԵՐ ՊՈՂՈՏԱՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ»
Պերճ Ֆազլեան
Լիբանահայ վաստակաւոր բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի (1926-2016) այս յուշագրութիւնը կը ներկայացնէ անոր կեանքի ուղին՝ ծննդավայր Պոլիսէն մինչեւ Հալէպ, ու ապա՝ Պէյրութ։ Համապատասխան երկու մասերու բաժնուած յուշերուն մէջ հեղինակը կը գրէ, «յետադարձ ակնարկով ջանացի վերականգնել բոլոր այն անուննեըը, վայրերն ու դէմքերը, որոնք յիշողութեանս մէջ կուտակուած էին։ Եւ ինքզինքս գտայ կիսափլատակ բազմակամար մութ վայրի մը մէջ։ Կարգ մը կամարներու ներքեւ կային դէմքեր, որոնց վրայ ինկած երկչոտ լոյսը զանոնք կը փրկէր մոռացութեան վիհին մէջ իյնալէ։ (…) Բայց կան նաեւ անուններ ու դէմքեր, որոնք փշրուած ու խորտակուած են իմ մութ կամարներուս տակ եւ հիմա անգտանելի ու անտեսանելի դարձած են»։

Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Ստանալու համար, դիմեցէք books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
ՍՄԲԱՏ ՇԱՀԱԶԻԶ (մահ՝ 5 Յունուար, 1908)
Արեւելահայ բանաստեղծ Սմբատ Շահազիզ (Շահազիզեան) ծնած է 17 Սեպտեմբեր, 1840ին Աշտարակ գիւղին մէջ։ Հայրը քահանայ մըն էր, եւ ինք վեց եղբայրներու կրտսերն էր։ Գիւղական դպրոցը ուսանելէ ետք մինչեւ տասը տարեկան, 1851ին հայրը զինք ղրկած է Մոսկուա՝ «Լազարեան» ճեմարան։ 1862ին շրջանաւարտ ըլլալով, յաջորդ 35 տարիներուն մնացած է իր դպրոցին մէջ իբրեւ հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ։ 1867ին, Ս. Փեթերպուրկի համալսարանի գիտական խորհուրդի որոշումով, ստացած է «արեւելեան լեզուներու թեկնածու»ի աստիճանը։

Շահազիզ սկսած է բանաստեղծութիւն հրատարակել 1859ին։ Յաջորդ տարին հրատարակած է առաջին հատորը՝ «Ազատութեան ժամեր», ուր խմբած է գրաբար ու աշխարհաբար բանաստեղծութիւններ բնութեան, սիրոյ, հայրենասիրութեան եւ պատմական հերոսներու մասին։ Ան մտերիմ կապ պահած է «Հիւսիսափայլ» ամսագրի եւ իր խմբագիրներուն՝ Ստեփանոս Նազարեանցի (անոր ուսուցիչներէն մէկը) եւ Միքայէլ Նալբանդեանի հետ, մինչեւ թերթին փակումը՝ 1866ին։ Շահազիզ նաեւ աշխոյժ հրապարակագիր մը եղած է, եւ աւելի ուշ, աստիճանաբար պիտի լքէր բանաստեղծութիւնը եւ նուիրուէր գաղափարական պայքարին մամուլի եւ կարգ մը գիրքերու միջոցով, ինչպէս «Ամառային նամակներ» (1897)։

1865ին հրատարակած է բանաստեղծութեան երկրորդ հատորը՝ «Լեւոնի վիշտը», որ կը պարունակէր համանուն վիպերգը՝ իր գլուխ-գործոցը, թէեւ Լորտ Պայրընի խորունկ ազդեցութեամբ, ինչպէս եւ ընկերային ու քաղաքական բացայայտ բովանդակութեամբ քերթուածներ։ Այս գիրքին մէջ ընդգրկուած փոքրիկ քնարական բանաստեղծութիւն մը՝ «Երազ», որ գրուած էր 1864ին, Շահազիզի ամենէն մնայուն գործը դարձած է, վերածուելով յայտնի երգի մը։

Բանաստեղծին գրական ու մանկավարժական գործունէութեան 30ամեակը նշուած է 1892ին։ Յաջորդ տարին լոյս տեսած է այդ առիթով խօսուած ճառեր ու գրուած յօդուածներ, ինչպէս եւ 1870ական թուականներուն հրատարակուած եօթը բանաստեղծութիւն պարունակող հատորը։ Այդ հատորի վաճառքէն գոյացած գումարը Շահազիզի կողմէ տրամադրուած է «Աբովեան-Նազարեան» հիմնադրամին, որ այնուհետեւ օժանդակած է հայ կարիքաւոր գրագէտներու։ Բանաստեղծը ստեղծած ու գլխաւորած է Մոսկուայի մէջ գործող յանձնախումբ մը (1898-1898), որ կազմակերպած է համիտեան ջարդերէն ազատած հայ որբերու խնամքն ու կրթութիւնը։

Սմբատ Շահազիզ իր մահկանացուն կնքած է Մոսկուայի մէջ, 5 Յունուար 1908ին, ու թաղուած՝ տեղական հայկական պանթէոնին մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ԱՒԵՏԻՍ
Անգլերէն կ՚ըսեն, թէ հիմա “good tidings” ի ժամանակն է, ակնարկելով Յիսուսի Ծննդեան բարի լուրին։ Մարդ կրնայ կարծել, որ tidings բառը tide ի («ալիք») հետ կապուած է, բայց իրականութեան մէջ, կը կարծուի թէ անոր աղբիւրը հին անգլերէն tidan («պատահիլ») բայն է։

Այս արտայայտութեան զուգահեռը հայերէն աւետիս բառն է, որ կը նշանակէ «ուրախ լուր» եւ գրաբար աւետիք բառի («ուրախ լուր. պարգեւի խոստում») ժողովրդական ձեւն է։ Արմատը աւետ է («ուրախ լուր»), որմէ կու գայ Աւետարան բառը։ Վերջինս պատշաճեցումն է յունարէն Euaggelion բառին, որ բառացիօրէն «լաւ լուր» կը նշանակէ։ Պատշաճեցում մըն է, քանի որ հայերէն բառին աւելցուած է - արան վերջածանցը, ուստի՝ Աւետարան կը նշանակէ «ուրախ լուրի տեղը»։  

Ի դէպ, աստուածաշնչական “Promised Land” արտայայտութեան հայերէն համապատասխան ձեւը Աւետեաց Երկիր է եւ ո՛չ թէ «Խոստացուած Երկիր»։

Արաբերէնի կամ թրքերէնի իմացութիւնը ձեզ պէտք չէ շփոթէ։ Հայերէն աւետիս բառը կապ չունի արաբերէն hawadis ի կամ թրքերէն havadis ի («լուր») հետ։ (Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանուած է Ք.Ե. 5րդ դարուն՝ արաբներու կամ թուրքերու եւ իրենց լեզուներուն Հայաստան երեւնալէն շատ առաջ)։ Իրական
փաստը այն է, որ աւետ բուն հայկական բառ մըն է, որ բխած է նախահնդեւրոպական *aveid («խօսիլ») արմատէն։

Քրիստոնէական ազդեցութիւնը պէտք է նկատել այն փաստին վրայ, որ աւետ, աւետիս եւ աւետիք բառերը նաեւ անձնանուններ են։ Յիշենք գրագէտ ու հանրային գործիչ Աւետիս Ահարոնեանը (1866-1948), բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանը (1875-1957) եւ երգահան Աւետ Տէրտէրեանը (1929-1991)։ Ասոնք ծագումով արեւելահայ են, բայց պէտք է գտնէք նաեւ բազմաթիւ արեւմտահայ կամ սփիւռքահայ անձեր, որոնք Աւետիս եւ Աւետիք անունները կրած են ու կը կրեն։

Աւելի քան երկու հազարամեայ ետք, մեծ աւետիսը երբեք չի դադրիր ժողովրդական ըլլալէ։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ    ( www.armenianprelacy.org ):
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
1983-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ , Արեւելեան թեմ կատարած այցի ընթացքին, թեմիս օրուան առաջնորդ՝ Մեսրոպ եպս. Աշճեանին շնորհեց արքեպիսկոպոսական աստիճանը: Սրբազան Հօր նոր աստիճանի մեծարանքի ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ 22 Յունուար, 1984ին, Նիւ Եորքի «Սէնթ Ռեճիս» պանդոկին մէջ: Այս առիթով գլխաւոր բանախօսն էր CBS հեռատեսիլի կայանի մշակութային եւ կրօնական հեռարձակումներու փոխնախագահ՝ Փամելա Այլոթը: Տիկին Այլոթ՝ Առաջնորդ Սրբազանին եւ Առաջնորդարանին լաւ բարեկամ, հաճելի պատմութիւններ պատմեց իրենց բարեկամութեան մասին, ինչ որ պատճառ եղաւ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի խնդուքի պոռթկումին: Վերջինիս կողքին նստած է Տ. Մուշեղ Ա. քհն Տէր Գալուստեան՝ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւը:

CBS-ի մէջ իր երկարամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին, տիկ. Այլոթ լայն տեղ տուած էր քրիստոնէական տարբեր ճիւղաւորումներու՝ կայանի կրօնական ծրագրաւորման յատկացուած ժամանակին մէջ, ու բազմաթիւ հաղորդումներ պատրաստած էր Հայ Եկեղեցւոյ եւ Առաջնորդարանիս առաքելութեան ու գործունէութեան վերաբերեալ, յատկապէս շաբաթական կէս ժամեայ " Lamp Unto My Feet" յայտագրով, որ աւելի քան երեսուն տարի սփռուած է Կիրակի առաւօտեան։

Յիշենք նաեւ, որ վաղը ՝ Յունուարի 3ին, հանգուցեալ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի ծննդեան 79ամեակն է:

ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ “CROSSROADS”Ի ՀԱՄԱՐ
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք   crossroads@armenianprelacy.org     հասցէին պէտք է յղուին։

  “Crossroads”ին թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
11 Յունուար, 2020 — «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։

 15 Մարտ, 2020 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 

 28 Մարտ, 2020 —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

 13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 

31 Մայիս, 2020 —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։ Մանրամասնութիւնները յետագային։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/