Այսօր, 6 Յունիս, կը նշուի D-Dayի 75ամեակը (զինուորական լեզուով, D-Day կը կոչուի այն օրը, երբ ռազմական գործողութիւն մը կը սկսի), երբ 1944ին ամերիկեան, բրիտանական եւ գանատական զօրքերը պատմութեան մէջ ծովային ամենամեծ յարձակումը սկսան Ֆրանսայի ծովափին վրայ։ Այս պատմական դրուագը անկիւնադարձային նշանակութիւն պիտի ունենար Բ. Աշխարհամարտին մէջ, որուն պիտի հետեւէին Փարիզի ազատագրումը եւ, ի վերջոյ, պատերազմին աւարտը Եւրոպայի մէջ։
Յիշենք բոլոր անոնք, ներառեալ հայ զինուորները, որոնք իրենց ծառայութեամբ ու զոհողութեամբ աշխարհը փրկեցին բռնատիրութեան ամեհի վտանգէն։
|
|
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՈՒՍՏՐ ՊԻՏԻ ՃԱՄԲՈՐԴԷ՝
ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ
|
|
Տ. Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեան
|
|
Այս Կիրակի, 9 Յունիսին, թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան պիտի այցելէ Ուստրի (Մասաչուսեթս) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուր պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին։ Ան համայնքին պիտի ներկայացնէ նոր հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեանը, որ առաջին անգամ պիտի պատարագէ իբրեւ հովիւ։
Տ. Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեան (աւազանի անունով՝ Մուրատ) ծնած է Հալէպ, 1990ին, եւ մկրտուած՝ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Մեծցած է Հալէպ՝ եկեղեցւոյ ծառայելով փոքը տարիքէն իբրեւ՝ դպիր ու դպրաց դասի անդամ, եւ այնուհետեւ՝ կիսասարկաւագ ու սարկաւագ։ Անթիլիասի դպրեվանք ընդունուած է ու ամբողջացուցած անոր եօթնամեայ ուսումնական ծրագիրը, սորվելով՝ եկեղեցւոյ պատմութիւն, Հին ու Նոր Կտարականներ, ծիսագիտութիւն, հովուական աստուածաբանութիւն եւ եկեղեցւոյ երաժշտութիւն։ Այս ժամանակամիջոցին հետեւած է նաեւ աստուածաշնչական եւ հովուական դասընթացքներու՝ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան Դպրոցին մէջ։ 2013ին շրջանաւարտ ըլլալով դպրեվանքէն, ամուսնացած է օր. Շողեր Բրուտեանին հետ ու քահանայ ձեռնադրուած՝ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ձեռամբ՝ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Թորգոմ վերանուանելով։
Այնուհետեւ, Տէր Հայրն ու երէցկինը Միացեալ Նահանգներ ծառայութեան կոչուեցան, հաստատուելով Կրանիթ Սիթի (Իլլինոյ), ուր եւ կազմեցին իրենց ընտանիքը տեղւոյն փոքր, բայց գործօն համայնքին մէջ։ Մինչեւ վերջերս, ան ծառայեց իբրեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Այս շաբաթավերջին, Տ. Թորգոմ պիտի ստանձնէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովուութիւնը Ուստրի մէջ, որ ԱՄՆի հայ ամենահին համայնքներէն մէկն է։
|
|
ԱՀԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ԵՄԻՇԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
|
|
Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան կը քարոզէ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ
|
|
Հաւատացեալները ուշադրութեամբ կը լսեն Հ. Սահակի պատգամը
|
|
Կիրակի, 2 Յունիսին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին՝ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս ներկայացուց եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, որ իր առաջին պատարագը տուաւ իբրեւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան ու դրօշակներու օրհնութեամբ, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան հանդիպելու Հ. Սահակին։
|
|
Հ. Սահակը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ հոգաբարձութեան անդամներ՝ յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցած ճաշկերոյթին ընթացքին
|
|
ԱՂՕԹՔՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
|
|
Արեւելեան թեմի ծուխերը գոհաբանութեան մաղթանք կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան համար եւ օրհնեցին հայկական ու ամերիկեան դրօշակները վերջին երկու շաբաթավերջերուն։ Ահաւասիկ քանի մը նկարներ եւս։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԴՐՕՇԱԿԸ Կ՚ՕՐՀՆԷ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
|
|
Անուշաւան արքեպիսկոպոս դրօշակները կ՚օրհնէ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ
|
|
ԴՐՕՇԱԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ
|
|
Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան կ՚օրհնէ ՀՄԸՄի սկաուտներուն կողմէ ներկայացուած դրօշակները Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Ս
․
Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Երկու հայկական դրօշակներ օրհնուեցան, որոնցմէ մէկը եկեղեցւոյ դրօշաձողին համար էր, իսկ միւսը յանձնուեցաւ ՀՄԸՄի Պոսթընի մասնաճիւղին՝ ի գնահատութիւն դրօշակի օրհնութեան անոր մասնակցութեան եւ համայնքի ծառայութեան։
|
|
Նոր օրհնուած եռագոյն դրօշակը կը բարձրացուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ
|
|
ԱՂՕԹՔՆԵՐ ԵՒ ԴՐՕՇԱԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
|
|
Գոհաբանութեան մաղթանքը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ առաջին հանրապետութեան 101ամեակին առիթով, ինչպէս եւ դրօշակներու օրհնութիւնը տեղի ունեցան Կիրակի, 26 Մայիսին, Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ ՀՄԸՄի Փրաւիտընսի մասնաճիւղի անդամներ՝ Յարութ Թաշեան եւ Թալին Տօնոյեան դրօշակները բերին խորան։ Հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ նաեւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն ինկած հերոսներուն, ինչպէս եւ Արցախի պայքարի նահատակներուն համար։
|
|
ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՔՆԱՐԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
|
|
Տիրամայր Քնարիկ Ստեփանեան (ծնեալ՝ Իսքենտէրուն, 1929ին) իր մահկանացուն կնքեց անցեալ Ուրբաթ, 31 Մայիսին՝ իր բնակարանին մէջ։ Ան երէցկինն էր հանգուցեալ Տ. Տարօն քհնյ. Ստեփանեանին (վախճանած՝ 1981ին), մայրը՝ Տ. Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեանի եւ երէցկին Սօսի Ստեփանեանի եւ տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Մարալ Մինասեանի, մեծ մայրը՝ Յակոբ Մինասեանի (մահացած՝ 2004ին), տէր եւ տիկ. Վիգէն եւ Նորա Մինասեանի, տէր եւ տիկ. Տարօն եւ Ֆաթիմա Ստեփանեանի, Ստեփան Ստեփանեանի, եւ մեծ-մեծ մայրը՝ Յակոբ ու Արման Մինասեանի եւ Սիսիլիա Գոհար Ստեփանեանի։
Տան կարգը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 5 Յունիսին, Տիրպըրնի (Միշիկըն) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Հինգշաբթի, 6 Յունիսին, նախագահութեամբ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել՝ Ս. Սարգիս (Տիրպորն, Միշիկըն), Ս. Յակոբ (Ռէյսին, Ուիսքանսըն) կամ Ս. Պօղոս եկեղեցիներուն (Ուոքիկըն, Իլինոյ)։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՅՈՒՆԻՍ
ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 2:1-21
Երբ Պենտէկոստէի օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին: Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին: Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար:
Այն օրը Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ Հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին: Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի: Ամէնքն ալ սքանչացումով եւ զարմանքով կ’ըսէին իրարու.
–
Այս խօսողները բոլորն ալ Գալիլեացիներ չե՞ն միթէ. ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք: Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ Պարթեւներ, Մարեր, Ելամացիներ, Միջագետացիներ, Հրէաստանցիներ, Կապադովկիացիներ, Պոնտացիներ, Ասիացիներ, Փռիգիացիներ եւ Պամփիլիացիներ, Եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն Լիպիացիներ, Հռոմէն եկած Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբիացիներ: Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին:
Ապշահար, եւ շփոթի մատնուած՝ կը հարցնէին իրարու.
–
Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել ասիկա:
Իսկ ոմանք ծաղրանքով կ’ըսէին.
–
Նոր գինիով գինովցած են:
Այն ատեն, Պետրոս տասնըմէկ առաքեալներուն հետ ոտքի ելաւ եւ բարձրաձայն սկսաւ անոնց խօսիլ.
–
Ո՜վ Հրէաստանցիներ եւ դուք բոլորդ որ հիմա Երուսաղէմ կը գտնուիք. իրականութիւնը գիտնալու համար՝ լսեցէք ինչ որ պիտի ըսեմ: Դուք կը կարծէք թէ ասոնք գինով են. բայց
այդպէս չէ, որովհետեւ առտուան ժամը ինն է դեռ: Մինչդեռ ասիկա կատարումն է Յովէլի մարգարէութեան, որ կ’ըսէ.-
«Այնուհետեւ երբ վերջին օրերը գան,-
կ’ըսէ Աստուած,-
իմ Հոգիս պիտի թափեմ բոլոր մարդոց վրայ.
ձեր տղաքն ու աղջիկները
իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի,
ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան
եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն:
Այն օրերուն իմ Հոգիս պիտի թափեմ նաեւ
իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ,
եւ անոնք եւս
իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի:
Երկինքի բարձունքին վրայ
հրաշքներ պիտի ցոյց տամ,
եւ նշաններ՝ վարը երկրի վրայ.
աշխարհ արիւնով, կրակով եւ թանձր ծուխով
պիտի լեցուի
արեւը պիտի խաւարի,
եւ լուսինը արիւնի գոյն պիտի առնէ,
նախքան Տիրոջ մեծ եւ փառահեղ օրուան գալը:
Այն ատեն ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝
պիտի փրկուի»:
***
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 14:25-31
Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ: Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի:
–
Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք: Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ՝ «Ահա կ’երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի»: Եթէ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ’երթամ, որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է: Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախքան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք: Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի: Բայց աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ: Ելէ՛ք, երթանք այստեղէն:
|
|
Այս Կիրակի, 9 Յունիսին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Հոգեգալուստի տօնը՝ Սուրբ Հոգիի էջքը առաքեալներուն, եւ Եկեղեցւոյ ծնունդը։ Յիսուս պատուիրած էր իր Առաքեալներուն. «Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք» (Մատթէոս 28:19)։ Հասկնալով այս մեծ պարտաւորութեան դժուարութիւնը, Քրիստոս իր աշակերտներուն խորհուրդ տուած էր չսկսիլ իրենց դաստիարակչական առաքելութեան մինչեւ «Սուրբ Հոգիին էջքը»։
Առաքեալներու Գործերուն մէջ, կը կարդանք, որ Հոգեգալուստի այդ օրը Առաքեալները տեղ մը հաւաքուեցան, եւ յանկարծ ուժեղ քամի մը թուեցաւ լեցնել այն տունը, ուր հաւաքուած էին, զանոնք համակելով Սուրբ Հոգիով (տե՛ս վերի ընթերցումը)։ Հրէական Պենտէկոստի (
Շապուոթ
) տօնն էր, որ կը նշէ Սինա լերան վրայ օրէնքի տախտակներուն յանձնումը։ Տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ մարդիկ եկած էին Երուսաղէմ։ Անոնք հիացան, որ Առաքեալներուն խօսքերը կրնային հասկնալ։ Այս օր, երբ Սուրբ Հոգին իջաւ Առաքեալներուն վրայ, սկսաւ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ Բարի Լուրը տարածելու ամբողջ աշխարհին մէջ։
Ձեւով մը, Պենտէկոստէն հակառակն է Բաբելոնի աշտարակի՝ Հին Կտակարանի պատմութեան, երբ Աստուած, դժգոհելով երկինք հասնելու կոչուած աշտարակի մը շինութենէն, շփոթ ստեղծեց՝ աշխատաւորները տարբեր լեզուներով խօսեցնելով, ու այսպէս՝ անոնք անկարող եղան զիրար հասկնալ։ Իսկ Պենտէկոստէին, Ան աշակերտներուն կարողութիւնը տուաւ ուրիշ լեզուներ խօսելու եւ բոլորին կողմէ ամէնուրեք հասկցուելու։
|
|
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի արձանագրութիւնը բացուած է։ Կրօնական բովանդակութեամբ այս եզակի ծրագրին կը մասնակցին 13-18 տարեկան պատանիներ։ Այս տարի տեղի պիտի ունենայ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս՝ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել
այստեղ
։
|
|
ՄԵՍՐՈՊ ԹԱՂԻԱԴԵԱՆ (մահ՝ 10 Յունիս, 1858)
|
|
Մեսրոպ Թաղիադեան՝ գրող ու ճանապարհորդ, գունագեղ կեանք մը ունեցած է 19րդ դարու առաջին կէսին։ Արեւելահայ մշակոյթէն, յատկապէս` Հնդկաստանի եւ Պարսկաստանի հայ գաղութներուն մէջ յառաջդիմական ու պահպանողական գաղափարներու խառնուրդ մը ներարկած է։
Ծնած է 2 Յունուար, 1803ին, Երեւանի Ձորագիւղ թաղամասին մէջ։ Ուսումը ստացած է Ս. Էջմիածնի մէջ, ժամանակի մը, երբ Արեւելեան Հայաստանը տակաւին կը գտնուէր պարսկական տիրապետութեան տակ եւ կրթական մեթոտները շատ լուսաւորեալ չէին։ Սակայն, բախտը ունեցած է երկու տարի աշակերտելու լաւ ուսուցիչի մը՝ Պօղոս վրդ. Ղարադաղցիի (շ. 1790-շ. 1860)։ Շրջանի գիւղերուն մէջ ժողովրդական երգեր ու առասպելներ հաւաքած է։ Սարկաւագ ձեռնադրուած է, սակայն հոգեւորական չէ դարձած։
Թաղիադեանի հարցասիրութիւնն ու արկածախնդիր ոգին զինք տարած են Կալկաթա, ուր 1826-1830ին ուսանած է Bishop’s Collegeի մէջ։ Ուսման ընթացքին, անգլերէնէ ու լատիներէնէ շարք մը թարգմանութիւններ կատարած է։ 1830ին հրատարակած է իր առաջին հատորը՝ «Դիցաբանութիւն»։ Ձգելով Կալկաթան, մեկնած է նախ՝ Նոր Ջուղա, ուր դպրոց մը հիմնած է, եւ ապա՝ Էջմիածին, ուր տարի մը աշխատած է իբր տպարանի ու մատենադարանի վարիչ, ինչպէս եւ Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսի քարտուղար։ Այնուհետեւ, Նոր Ջուղայի ու Էջմիածնի միջեւ ապրած է, աւելի ուշ՝ Պոլիս երթալով, եւ ի վերջոյ, բազմաթիւ արկածներէ ետք՝ կրկին հասած է Կալկաթա, հոն հաստատուելով 1840ի շուրջ։
Bishop’s Collegeի մէջ, Թաղիադեան ստանձնած է տպարանի հայկական բաժնի վարիչի պաշտօնը։ 1840ին երկու դասագիրք հրատարակած է։ Աւելի ուշ հրատարակուած այլ դասագիրքերու կողքին, աւելի գիտական բնոյթի գործերու լոյս ընծայած է՝ «Պատմութիւն հին Հնդկաստանի յանյիշատակ տարուց անտի ի յարձակումն մահմեդականաց» (1841), «Պատմութիւն պարսից» (1846), «Զուարճախօս առակք պարսից» (1846) եւ «Վկայաբանութիւն սրբոյն Սանդխտոյ» (1847)։1847ին նաեւ հրատարակած է Հնդկաստան, Պարսկաստան ու Հայաստան իր ճամբորդութիւններէն ուղեգրութիւնմը։ Ան նաեւ փորձած է գեղարուեստական արձակը։ Մեսրոպ Թաղիադեանի «Վէպ Վարդգիսի» (1846) եւ «Վէպ Վարսենկան» (1847), թէեւ գրաբարով գրուած, արդի հայ արձակի առաջին լաւ օրինակներէն են։ 1847ին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը՝ «Թութակ Թաղիադեանց», եւ «Սօս եւ Սոնտիպի» սիրային չափածոն։ Հեղինակին բոլոր գործերը գրաբարով գրուած են, որ տակաւին կը մնար իբրեւ գրական լեզու, յատկապէս՝ արեւելահայ իրականութեան մէջ։
1845ին Թաղիադեան սկսած է հրատարակել «Ազգասէր» պարբերականը, որ 1848ին վերանուանուած է «Ազգասէր Արարատեան»։ Այստեղ ան գրած է ընթացիկ հարցերու մասին (կրօնական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական ու գրական)՝ հրամցնելով իր անձնական տեսակէտները։ Թերթը տեւած է մինչեւ 1852։
Միջոցին, 1846ին բացած է Սուրբ Սանդուխտի անունով տղոց եւ աղջկանց դպրոց մը, ուր կիրարկած է եւրոպական յառաջադէմ կրթութեան վրայ հիմնուած մեթոտներ, որոնց գովքը ըրած է «Ճառ դաստիարակութեան աղջկանց» գործին մէջ (1847)։ Ան պնդած է, որ կրթութիւնը, աւելի քան բնածին երեւոյթները, բարոյական յատկանիշերը կը կերտէ։
1858ին, Թաղիադեան որոշած է վերադառնալ Հայաստան եւ իր կեանքը անցընել հոն։ Սակայն, ճանապարհին, հիւանդացած է Շիրազի մէջ (Պարսկաստան) ու մահացած՝ 10 Յունիս, 1858ին։
Շահեկան է յիշել, որ թեմիս երբեմնի առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեան, 1973-1977ին Սպահանի առաջնորդ եղած էր։ Այդ ժամանակ, ան հաւաքած է Թաղիադեանէն բազմաթիւ անտիպ գործեր, ու հրատարակած՝ «Դիւան Մեսրոպ Թաղիադեանց»ի հաստափոր հատորին մէջ, 1979ին։
|
|
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
|
|
Կիրակնօրեայ վարժարանի 2019ի շրջանաւարտները Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեանի եւ ուսուցչուհի՝ Սթէյսի Խաչատուրեանի հետ։ Շրջանաւարտներն են (ձախէն աջ)՝ Ալեքսա Կառեան, Մայքլ Սիմոնեան, Ճան Վարին, Ալեքս Սթիվընս, Մելանի Սիմոնեան։ Նկարուած չեն շրջանաւարտ Սոֆի Փերէյրա եւ ուսուցիչ՝ Ճէյսըն Սիմոնեան։
|
|
Փրաւիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները տօնեցին իրենց ուսման աւարտը՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեանի, երէցկին Տէպիի, ընտանիքի եւ բարեկամներու ներկայութեանը։ Տ. Գաբրիէլ, բացման աղօթքէն ետք, խօսեցաւ այս տարուան ուսումնական ծրագրի կեդրոնական նիւթին մասին, որ Ս. Պատարագի մասին սորվիլ էր։ Իւրաքանչիւր աշակերտ առիթը ունեցաւ աստուածաշնչական իր նախասիրած հատուածը կարդալու եւ բացատրելու, թէ ինչո՞ւ ընտրած էին զայն։ Տէր Հայրը յորդորեց աշակերտները, որ մնան յանձնառու Աստուծոյ հանդէպ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ծառայելու, միաժամանակ՝ կիրակնօրեայ վարժարանի փորձառութեան վրայ կառուցուած հիմքը ամրապնդեն եւ ճոխացնեն։ Արարողութեան աւարտին, իւրաքանչիւր շրջանաւարտ վկայականը եւ Աստուածաշունչ մը ստացաւ։
|
|
ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
|
|
Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները՝ իրենց որմնանկարին առջեւ
|
|
Աշակերտները կը ծրագրեն ու կը ներկեն իրենց որմնանկարը Մայր Եկեղեցւոյ բակին մէջ
|
|
Կիրակի, 2 Յունիսին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները շարունակեցին համայնքային ծառայութեան այս տարուան իրենց ծրագիրը։ Ամէն տարի, աշակերտները ծրագիր մը կ՚ընտրեն՝ Մայր Եկեղեցւոյ օգտակար ըլլալու նպատակով, իսկ այս տարուան ծրագիրը բաւական մեծ էր` շրջափակը գործածական դարձնել բոլոր ծխականներուն համար։
Աշնան, Տիկնանց Միութեան եւ կիրակնօրեայ վարժարանի ծնողներու օժանդակութեամբ, անոնք մեծ մաքրութիւն ըրած էին։ Եղանակի բարելաւումով, անցեալ Կիրակի կարողացան շարունակել իրենց ծրագիրը՝ սկսելով որմնանկարի մը պատրաստութեան պատերէն մէկուն վրայ, եւ յաջորդ շաբաթ զայն պիտի վերջացնեն ու կահոյք տեղաւորեն։ Այս աշխատանքը մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կը պատճառէ պատանիներուն։
|
|
Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԸՆԹՐԻՔ
|
|
Տիկնանց Միութեան անդամուհիներ՝ տարեվերջի ընթրիքին
|
|
Տիկնանց Միութեան 2019-2020ի վարչութեան անդամները
|
|
Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան անդամուհիները Չորեքշաբթի, 5 Յունիսին, հաճելի երեկոյ մը ունեցան իրենց տարեվերջի ընթրիքին։ Աւելի քան 30 հոգի ներկայ էին այս տարեկան ձեռնարկին, ուր երկու անդամուհիներ մեծարուեցան իրենց նուիրումին համար։ Այս տարուան մեծարեալներն էին՝ Մարիսա Մեսրոպեան-Ֆիշըր եւ Մարալ Տողրամաճեան։
Տիկնանց Միութեան 2019-2020 թուականի վարչութեան կազմը հետեւեալն է՝ Մակի Գույումճեան, ատենապետուհի, Մարալ Տողրամաճեան՝ համա-ատենապետուհի, Պի Մովսէսեան՝ գանձապահ, Արուս Իշխանեան՝ թղթակցութիւններու քարտուղար, Հիլտա Դաւիթեան՝ ատենադպիր, Լին Մահլէպճեան եւ
Մարիսա Մեսրոպեան-Ֆիշըր՝
խորհրդականներ։
|
|
ՀՕՏԻՆ ՀՈՏԸ
«Աստուած սէր է»
(Յովհ. 4:8)։
Շարք մը հայ եկեղեցիներու խորաններուն վրայ պիտի գտնէք այս նախադասութիւնը։
Եթէ հայերէն ուղղագրութիւն գիտէք, անպայման անդրադարձած կ՚ըլլաք, թէ խօսքը սիրոյ եւ ո՛չ թէ... կաթի սերի մասին է, քանի որ ձեզի ծանօթ է, թէ
սէր
բառը
է-
ով կը գրուի։
Նմանաձայն բառերը ամէն լեզուի մէջ գոյութիւն ունին եւ ուղղագրական սխալները երբեմն անխուսափելի են։ Անգլիախօս գրողը յաճախ կը շփոթէ
lose
(«կորսնցնել») եւ
loose
(«չամրացած») կամ
principal
(«տնօրէն / դրամագլուխ») եւ
principle
(«սկզբունք») բառերը, բազմաթիւ նման օրինակներու շարքին, որովհետեւ նմանահնչիւն են։
Այսպիսի շփոթներ կրնան առաւելագոյնը ծիծաղելի ըլլալ, բայց հայերէնի պարագային, դէպքեր կան, որոնք ծիծաղելիէն անդին կրնան անցնիլ։
Մեկնինք բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի հետեւեալ տողերէն.
Սարից էր գալիս ոչխարի հոտը,
Գայլը գնում էր հոտին ընդառաջ։
Սարից էր գալիս ոչխարի հօտը,
Գայլը գնում էր հոտին ընդառաջ։
Սարից էր գալիս ոչխարի հոտը,
Գայլը գնում էր հօտին ընդառաջ։
Ինչպէս ընթերցողը գիտէ,
հոտ
կայ եւ
հօտ
կայ, բայց նաեւ՝
յօտ
(«որթատունկի ճիւղ»), որմէ կու գայ
յօտել
բայը՝ «ճիւղեր կտրել»։ Սակայն, հոս մեզ հետաքրքրողը առաջին երկու բառերն են։
Եթէ դուք այս բառերը կարդաք խորհրդահայ ուղղագրութեամբ, ուր միայն
հոտ
կայ, քանի որ բառամէջի
օ-
ն ջնջուած է (բացառութեամբ բարդ բառերու), անկարելի է որ հասկնաք, թէ ե՞րբ գայլը գացած է ոչխարներու խումբին ընդառաջ եւ երբ՝ ոչխարներու հոտին ընդառաջ։
Ամէն լեզու իր տրամաբանութիւնը ունի, եւ եթէ ֆրանսերէնն ու անգլերէնը, սպաներէնն ու գերմաներէնը չեն հրաժարած իրենց ուղղագրութենէն, պատճառ մը չկայ, որ մենք ռահվիրայ ըլլանք այդ բնագաւառին մէջ, եւ այսօրուան աշխարհի մէջ աննախընթաց վիճակը պարզենք (մէկ լեզու, երկու ուղղագրութիւն)։
Հոտ
ի եւ
հօտ
ի
տարբերութեան գոյութիւնը, ամէն պարագայի, պէտք չէ վերագրել Մեսրոպ Մաշտոցի ցանկութեան՝ աշակերտներն ու գրողները չարչարելու։
Ինչպէս հովիւը կը ճանչնայ իր հօտը, նոյնպէս հոգեւոր հովիւը կը ճանչնայ իր հօտը։ Հետեւաբար, եթէ դուք ոչխարներու խումբը
հօտ
կը կանչէք, վստահաբար նոյնը պիտի ընէք հաւատացեալներու
հօտ
ին հետ։ Այլապէս, եթէ
հոտ
կոչէք զանոնք, պարզապէս նախատած կ՚ըլլաք ձեր քահանան կամ որեւէ այլ քահանայ, ինչպէս պատահած է անցեալին։
Օրինակ, կրնայ պատահիլ, որ գրէք հետեւեալ նախադասութիւնը. «Հոտը քահանային կը հետեւի»։
Ընթերցողը հաւանաբար պիտի չգիտնայ ի՞նչ ընել։ Լա՞լ, թէ՞ խնդալ։ Սակայն, եթէ չէք ուզեր ո՛չ լացի եւ ո՛չ ալ խնդուքի առարկայ ըլլալ, թելադրելի է, որ զարկ տաք ընթերցանութեան։ Ինչպէս գործիքները կը ժանգոտին՝ չգործածուելու պատճառով, նոյնը կը պատահի, եթէ կը կարծէք, որ դպրոցին մէջ սորվածը կը բաւէ ձեր ամբողջ կեանքին տեւողութեան...։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Ծրագրին մաս կը կազմէ հովանաւորուած երեխաներուն թղթակցութիւնը իրենց հովանաւորին հետ։ Պարբերաբար այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք “Crossroads”ի մէջ։ Այսօրուան նամակը 4րդ դասարանի գերազանց աշակերտուհիի մը կը պատկանի։
|
|
Բարեւ, իմ սիրելի հովանաւոր։ Ես Մանէն եմ։ Ծնուել եմ 2009 թ. Ապրիլի 8ին։ Սովորում եմ 4րդ դասարանում։ Գերազանց եմ սովորում յատկապէս օտար լեզուները՝ գերմաներէնը եւ ռուսերէնը։ Դասերից յետոյ յաճախում եմ պարի ու շատ լաւ եմ պարում։ Ապրում եմ մայրիկիս, քոյրիկիս եւ եղբօրս հետ։ Քոյրս սովորում է Գորիսի պետական համալսարանի 4րդ կուրսում։ Եղբայրս ծառայում է բանակում Ղարաբաղի հանրապետութիւնում։ Մայրս չի աշխատում. տնային տնտեսուհի է։ Յարգելի հովանաւոր, շատ շնորհակալ եմ ձեր օգնութեան համար։ Մայրս այդ գումարով ինձ համար ձմեռային կօշիկներ եւ հագուստ է գնել։
|
|
Մանուկներ կան, որոնք ներկայիս կը սպասեն որբերու հովանաւորութեան ցուցակին մէջ։ Եթէ փափաք ունիք անոնցմէ մէկը հովանաւորել, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ՝ ելեկտրոնային նամակով (
sophie@armenianprelacy.org
) կամ հեռաձայնով (212-689-7810) դիմելով Սոֆիին։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ «ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
|
|
Այս շաբթուան խորհրդածութեան մէջ, Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան, կը խորհրդածէ այս Կիրակի օրուան՝ Հոգեգալստեան տօնի աստուածաշնչական ընթերցումին շուրջ։
|
|
«Սիամանթօ» լսարանի
դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝
anec@armenianprelacy.org
կամ՝ 212-689-7810։ Յաջորդ ու վերջին դասը՝
Շաբաթ, 8 Յունիսին։
9 Յունիս
—Արեգ Էլիբէկանի «Կեանքի գոյները» ցուցահանդէսին բացման հիւրասիրութիւն։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Ճան Փաշալեան» սրահ։ Կէսօրէ ետք ժամը 1:00էն 3:00։ Ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ Յունիսի 10-23։
15 Յունիս
—Գառնիկ Սարգիսեանի ազգային-յեղափոխական երգերու համերգ՝ ի պատիւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան։ Ելոյթ կ՚ունենան նաեւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը եւ «Արեգակ» երգչախումբը։ Ս. Աստուածածնի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցի, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի, երեկոյեան ժամը 7:30ին։ Տեղեկութիւններու համար՝
ARFDRO@gmail.com
կամ ARSAGNOUNI@gmail.com։
16 Յունիս
—Հայրերու օրուան դաշտահանդէս։ Ս. Գրիգոր եկեղեցի, Ինտիըն Օրչըրտ (Մասաչուսեթս)։
30 Յունիս-7 Յուլիս
—33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին։ Տեղեկութիւններու համար՝
arec@armenianprelacy.org
կամ 212-689-7810։
13 Յուլիս
—“Hye Summer Night Dinner-Dance”՝ Ս. Վարդանանց Տիկնանց Միութեան կողմէ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), Crowne Plaza Hotel (Ուորուիք)։ Տեղեկութիւններու համար՝ Ճոյս Պաղտասարեան, 401-434-4467։
9-12 Հոկտեմբեր
—Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով, տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
12 Հոկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։
Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մասաչուսեթս)։
17 Նոյեմբեր
—Կոմիտաս Վարդապետի 150ամեակի ծննդեան տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|