15 Նոյեմբեր, 2018
ԱՂՕԹՔ՝ ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՄԱՐ 
Հրդեհները կը շարունակուին Գալիֆորնիոյ մէջ՝ սփռելով մահ, կորուստ եւ տեղաշարժ հարիւր հազարաւոր մարդոց։ Փարատայզ (Դրախտ) անունով քաղաքը գրեթէ ամբողջութեամբ անհետացած է։ Ամերիկայի տարբերնահանգներէ հրշէջներ կ՚ուղղուին դէպի աղէտի շրջանը՝ իրենց աջակցութիւնը բերելու «Գալիֆորնիոյ պատմութեան ամենէն մահացու հրդեհներէն մէկը» կոչուած այս աղէտին դէմ պայքարին։

Դժուար թէ կարենանք ֆիզիքապէս օգնել, բայց կրնանք հոգեպէս օժանդակել՝ հայցելով Աստուծոյ օգնութիւնը, որպէսզի Գալիֆորնիա այս ողբերգութենէն կարենայ դուրս գալ։ Կ՚աղօթենք նաեւ, որ զոհեր չըլլան մեր հայրենակիցներուն մէջ։  

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ 
Ուրբաթ, 9 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեան ընդունեց Գանատայի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի այցելութիւնը։

Բաբգէն արքեպիսկոպոս պաշտօնապէս շնորհաւորեց Անուշաւան Սրբազանի ընտրութիւնը որպէս թեմակալ առաջնորդ։ Բաբգէն Սրբազանին կ՚ընկերանար Գանատայի Առաջնորդարանի դիւանապետուհի տիկ. Տանիա Օհանեան-Գարագաշեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը խօսեցան թեմերու համագործակցութեան եւ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման շուրջ, ինչպէս՝ Նոր Կտակարանի եւ Նարեկ աղօթագիրքի հրատարակութեան, մանկապատանեկան հետաքրքրական կրօնական օգտակար ծրագիրներու պատրաստութեան եւ այլ հնարաւորութիւններու մասին։

Սիրալիր հանդիպումին աւարտին, Բաբգէն Սրբազան յաջողութեան եւ բեղուն գործունէութեան իր մաղթանքները հաղորդեց Անուշաւան Սրբազանին։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր, Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբերի առաւօտեան, Անուշաւան Սրբազան Հայրը ընդունեց Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան պատուիրակութեան մը այցելութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Կեդր. Վարչութեան անդամ պրն. Հրայր Պարոնեան, Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան եւ փոխատենապետուհի տիկ. Յասմիկ Աբրահամեան։ Հիւրերը շնորհաւորեցին Սրբազան Հօր ընտրութիւնը ու քննարկեցին համագործակցութեան կարելիութիւնները տեղական եւ շրջանային մակարդակներով։  

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԻՇԻԿԸՆ
ՊԻՏԻ ՃԱՄԲՈՐԴԷ
Այս շաբաթավերջին, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան կը ճամբորդէ Տիրպորն, Միշիկըն, ուր Կիրակի, 18 Նոյեմբերին, պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ ծուխին իր այժմու վայրի հաստատման 54ամեակը նշելու համար, եւ միաժամանակ նորընտիր Առաջնորդին հանդիպելու եւ ողջունելու առիթ մը ընծայելով ծխականներուն։ 

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 54ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ 
Անուշաւան Սրբազան, Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուքեան, ԱՄՆի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան, շրջապատուած՝ երգչախումբի անդամներով, սարկաւագներով, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեամբ, ՀՄԸՄի վարչութեան անդամներով եւ սկաուտներով

Անուշաւան Սրբազան՝ «Համաստեղ» դպրոցի աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ  
Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Պեթեստայի (Մէրիլէնտ) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Նախորդ երեկոյեան, Անուշաւան Սրբազան Հայրը նախագահած էր եկեղեցւոյ 54ամեակի տօնակատարութեան։ Տօնակատարութեան պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկ. Շանթ եւ Հիլտա Քեհեայեանները։

Ձեռնակին ընթացին, տիկ. Սոնիա Մկրտիչեան, տիկ. Էօժէնի Թոսունեան-Սիմոնեան եւ օր. Անահիտ Տէրտէրեան մեծարուեցան եկեղեցւոյ իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար, իսկ Հայաստանի դեսպանատան հաւատարմատար պրն. Արա Մարգարեան գնահատագիր մը յանձնեց տոքթ. Զարեհ Սողոմոնեանին։ Լեւոն Միքայէլեանի ճազային եռեակը երեկոյեան երաժշտական բաժինը ստանձնած էր։

Անուշաւան Սրբազան Հայր եւ Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուքեան մեծարեալներուն հետ
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄԸ՝
2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ 
Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին, Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեան պիտի պատարագէ ու քարոզէ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ժամերգութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին։ Առաջնորդական ընտրութիւնը նշող Ս. Պատարագին պիտի յաջորդէ ճաշկերոյթ մը Terrace on the Parkի մէջ (Ֆլաշինկ Մէտոզ, Նիւ Եորք)։ Ընդունելութիւնը պիտի սկսի ժամը 2:30-ին, իսկ ճաշի սպասարկութիւնն ու յայտագիրը՝ ժամը 3:30ին։

Տոմսեր ապահովելու կամ տեղեկութիւններ ստանալու համար, հաճեցէք ելեկտրոնային նամակով ( email@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810) կապուիլ Առաջնորդարանին հետ։ Տոմսերը ապահովելու կամ Անուշաւան Սրբազան Հօր ի պատիւ նուիրատուութիւններ կատարելու պայմանաժամը Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբերն է։ Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի յիշուին այս առիթով հրատարակուելիք գրքոյկին մէջ։

ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
Անցեալ շաբթուան Սուրբ Գրային սերտողութենէն պահ մը
Յայտնութեան գիրքի սերտողութեան երրորդ բաժինը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ղեկավարութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Շանթ սրկ. Գազանճեանի։ Սկսելէ առաջ, Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի խնդրանքով բոլոր ներկաները վայրկեան մը լռութիւն պահեցին ի յիշատակ Գալիֆորնիոյ մէջ վերջին զանգուածային հրացանաձգութեան զոհերու, ինչպէս եւ հայրենի չորս զինուորներու, որոնք ինքնաշարժի արկածի զոհը եղած էին Գորիս քաղաքի մօտակայքը։ 

Սուրբ Գրային սերտողութիւն տեղի պիտի չունենայ Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբերին, Գոհաբանութեան օրուան առիթով, եւ այնուհետեւ պիտի շարունակուի մինչեւ 13 Դեկտեմբեր։ Կ՚ընդունուին նոր մասնակիցներ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով ( office@stilluminators.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-5880)։
ՍԵՄԻՆԱՐ՝
ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏԻ ՄԷՋ
Հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս քհն. Շիթիլեանի եւ հոգաբարձութեան հրաւէրով, Շաբաթ, 10 Նոյեմբերին, Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Շանթ սրկ. Գազանճեան երեքժամեայ դասախօսութիւն մը – սեմինար– տուաւ, 22 հոգիի մասնակցութեամբ։

Շանթ սարկաւագ անդրադարձաւ դաւանանքներու եւ ի մասնաւորի Նիկիոյ Հաւատամքի զարգացման, ընդգծելով անոնց նպատակն ու պաշտօնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Ինչպէս անցեալին, մեր Եկեղեցւոյ որդեգրած Նիկիոյ Հաւատամքը կը ծառայէ իբրեւ ուղղափառութեան փորձաքար, անդամակցութեան նշան, հաւատքի ամփոփում եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ուսումնական յայտագիր։ Վերջաւորութեան, դասախօսը Հաւատամքը ընթերցելու ձեւ մը ներկայացուց։ Ներկաները այս ու այլ նիւթերու մասին աշխոյժ քննարկումներու անցան։ 

ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ՝
ԹԵՔՍԱՍԻ ՄԷՋ
Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան ճամբորդեց Սան Անթոնիօ (Թեքսաս) մասնակցելու Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան (SAS) գիտաժողովին՝ «Նորարարական մօտեցումներ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատմութեան, 1918-1920» վերնագրին տակ, որ տեղի ունեցաւ այսօր, 15 Նոյեմբեր, Grand Hyatt San Antonio Hotel-ի մէջ։ Դոկտ. Մատթէոսեան զեկուցում մը տուաւ «Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ճանաչումը Հարաւային Ամերիկայի մէջ (1918-1920)» նիւթով։ Ան նաեւ մասնակցեցաւ Ընկերութեան վարչութեան ու անդամական տարեկան ժողովներուն, որոնք տեղի ունեցան Միջին Արեւելքի Ուսումնասիրութիւններու Ընկերութեան (MESA) տարեկան ժողովին զուգընթաց։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Այս Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, Խաչվերացի 10-րդ Կիրակին է (Յիսնակաց Պահոց Բարեկենդան)։ Սուրբ Գիրքի ընթերցումներն են՝ Եսայի 25:9-26, Փիլիպպեցիներուն 1:1-11, Ղուկաս 9:44-50։
 
Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը:
Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան: Միւս կողմէ ալ, կը վախնային իրեն հարցնելու այս մասին:
Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը: Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով՝ ըսաւ.

Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ, եւ ով որ զիս կ’ընդունի՝ ընդունած կ’ըլլայ զիս ղրկողը: Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը:
Յովհաննէս ըսաւ.

Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր:
Յիսուս ըսաւ.

Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն է (Ղուկ 9:44-50):

***

Պօղոս եւ Տիմոթէոս՝ Քրիստոս Յիսուսի ծառաներս, կը գրենք ձեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի միացած բոլոր հաւատացեալներուդ, որ Փիլիպպէի կողմերը կը բնակիք, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն ու սարկաւագներուն:

Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:

Ամէն անգամ որ ձեզ յիշեմ, գոհութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս: Ամէն անգամ որ ձեր բոլորին համար կ’աղօթեմ, ուրախութեամբ կ’աղօթեմ, որովհետեւ առաջին օրէն մինչեւ հիմա ձեր մասնակցութիւնը բերիք աւետարանչութեան գործին: Եւ վստահ եմ, թէ Աստուած, որ այդ բարի գործը սկսաւ ձեր մէջ, զայն իր կատարումին պիտի հասցնէ մինչեւ Քրիստոս Յիսուսի օրը գայ: Իրաւունք կը համարեմ այսպէս խորհիլ ձեր բոլորին մասին, եւ ձեզ սրտիս մէջ ունիմ, որովհետեւ բոլորդ ալ մասնակից եղաք ինծի վիճակուած շնորհքին, ըլլա՛յ բանտարկութեանս ընթացքին, ըլլա՛յ երբ ազատ վիճակով Աւետարանը կը պաշտպանէի ու կը հաստատէի: Միայն Աստուած գիտէ՝ թէ որքա՜ն կարօտցած եմ ձեզ, Քրիստոս Յիսուսի գորովովը:

Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստացած՝ պատճառ ըլլաք որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի (Փիլ 1:1-11):

ԱՆԴՐԷԱՍ ԵՒ ՓԻԼԻՊՊՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ
«Առաքեալ» բարը կ՚ակնարկէ Յիսուսի աշակերտներու յատուկ շրջանակին։ Յիսուս ընտրած էր աշակերտները, որպէսզի Իրեն ընկերանային՝ Իրմէ սորվելու, Իր ցուցմունքներուն հետեւելու եւ Իր գործը շարունակելու համար։
Շաբաթ, 17 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշատակէ Անդրէաս ու Փիլիպպոս առաքեալները։ Անդրէասը գալիլեացի ձկնորս մըն էր եւ Քրիստոսի հետեւորդներու շարքին առաջինը՝ իր եղբօր Սիմոնի հետ (այնուհետեւ՝ Պետրոս կոչուած)։ Փիլիպպոսը Պէթսայտայէն էր եւ, առաքեալ դառնալէ ետք, ան իր հետ բերած է Նաթանայէլը (այնուհետեւ՝ Բարդողիմէոս կոչուած)։

ՅԻՍՆԱԿԱՑ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, Յիսնակաց Պահոց Բարեկենդանն է։ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ տեւող այս պահքը կ՚առաջնորդէ Յիսնակի առաջին Կիրակիին։

Յիսնակը Քրիստոսի ծնունդին ու մկրտութեան տանող շրջանն է, որ կը սկսի Յունուար 6էն յիսուն օր առաջ։ Յիսնակը աղօթքի եւ խոկումի լուռ ժամանակ մըն է, որպէս պատրաստութիւն մարդեղութեան խորհուրդին։

Աւանդաբար, Յիսնակի ամբողջ շրջանը պահք էր։ Այժմ հնգօրեայ երեք պահք կայ Յիսնակի ընթացքին՝ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու կանոնաւոր պահքերուն կողքին, որոնք ծանօթ են Յիսնակաց Պահք, Սուրբ Յակոբայ Պահք եւ Ծննդեան Պահք անուններով։

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԸՆԾԱՅՈՒՄԸ
Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Սուրբ Աստուածածնի Ընծայումը, որ Աստուածամօր նուիրուած ութը տօներէն մէկն է մեր օրացոյցին մէջ։ Մարիամը Աստուածամայր եւ Աստուածածին նկատելու վարդապետութիւնը հաստատուած է 5րդ դարուն Եփեսոսի տիեզերական ժողովին (431)։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Հոգաբարձութեան պաշտօնակալութեան արարողութիւնը 
Ձախէն աջ՝ Յակոբ սրկ. Թէքէեան՝ խորհրդական, Լորիկ Համբարեան՝ փոխատենապետուհի, Պօղոս Օրանճեան՝ գանձապահ, Պօղոս Մինոյեան՝ ատենապետ, Տ. Յովնան քհնյ. Պոզոյեան, Այտա Ղարիպեան՝ ատենադպրուհի, Միքայէլ Միրաքեան՝ խորհրդական, Դաւիթ Համբարձումեան՝ խորհրդական։ Լուսանկարէն բացակայ են Արամ Յարութիւնեան՝ խորհրդական, եւ Մհեր Ազիզեան՝ խորհրդական։ 
Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, Ս. Պատարագի ընթացքին, Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներու պաշտօնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ՝ եօթը անդամներու ներկայութեամբ։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովնան քհն. Պոզոյեան շնորհաւորեց հոգաբարձութեան անդամները եւ առողջութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց առաքելութեան մէջ։ 

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆԻՍՏԻՆ ԱՒԱՐՏԸ 
Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ ամուսնական հարցերու նուիրուած աշխատանիստին հինգերորդ ու վերջին նիստը Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։   Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեան այս անգամ կեդրոնացաւ յանձնառութեան վրայ, մասնաւորապէս՝ փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի։ Սէրը քրիստոնեայ ամուսնութեան ընտրութիւնն է, իսկ ամուսնական խորհուրդը ճանապարհորդութեան սկիզբն է, որուն վերջը յաւերժական կեանքն է։ Տէր Նարեկ քհն. քաջալերեց զոյգերը՝ հետեւելու Աստուծոյ սիրոյ իրենց ընտանիքներուն մէջ եւ այդ սէրը ապրելու իրենց կեանքին մէջ։

Աւարտին, ներկաները իրենց կարծիքը տուին դասընթացքին մասին։ Մեծամասնութիւնը զգացած էր, որ այս շարքը դրական մեկնակէտ մըն էր՝ ամուսնական կեանքը հարստացնելու գլխաւոր կէտերը իւրացնելու համար։ Տէր Հօր ներկայացուցած պատմութիւններն ու օրինակները օգնած էին հասկնալու, թէ ինչպէ՞ս կը բանին այս սկզբունքները։ Տէր Նարեկ քհն. կարգ մը անձերու շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իրենց նիւթական սիրայօժար մասնակցութեան համար։ Ընտանիքները իրենց զաւակներով նկարուեցան։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ
Փրովիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կազմակերպած Armenian Festէն տեսարան մը 
Այս շրջանին, մեր ծուխերէն շատերը իրենց տարեկան փառատօներն ու պազարները կը կազմակերպեն։ Անոնցմէ ամենէն կարեւորներէն մէկը Փրովիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան Armenian Festն է, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին Rhodes-on-the-Pawtuxetի մէջ։ Աւելի քան 200 կամաւորներ երկար ամիսներ աշխատեցան այս փառատօնի իրագործումին համար։ Մեծաթիւ այցելուներ վայելեցին թէ՛ վաճառքի դրուած ուտելիքներն ու անուշեղէնները եւ թէ՛ տարբեր վաճառողներու առաջարկած ապրանքները։ Հայ երաժշտութեան եւ մանկական ձեռնարկներու կողքին՝ Համազգայինի «Արցախ» պարախումբը երկու օրերուն ելոյթ ունեցաւ։ Armenian Festը Ռոտ Այլընտի ոչ-բացօթեայ ամենամեծ փառատօներէն մէկը դարձած է, աւելի քան 3.000 այցելուներով։ Ան լայն ճանաչումի արժանացած է նահանգին մէջ։  

«Արցախ» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ Շաբաթ ու Կիրակի օրերուն 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ «ՄԵԹՐՈՓՈԼԻԹԸՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը իր տարեկան զբօսապտոյտը կատարեց։ Այս տարի, աշակերտները որոշեցին «Մեթրոփոլիթըն» թանգարան երթալ՝ «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսը այցելելու։ Այցելութեան ժամանակ պատմաբան մը ցուցահանդէսին գլխաւոր կէտերը ներկայացուց իրենց։ Աշակերտները լուր դիտողներ չեղան, այլ բազմաթիւ անդրադառնալիք ու ըսելիք ունէին, օրինակ՝ թէ ինչպէ՞ս ցուցանմոյշները իրենց սորվածին հետ կը կապուին, քանի որ իրենց այս տարուան նիւթը՝ սուրբերը, լայնօրէն ներկայացուած են հոն։
Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց
(17 Նոյեմբեր, 1840 – 17 Նոյեմբեր, 1892 )
Խրիմեան Հայրիկի շունչին տակ հասունցած, Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց 19-րդ դարու Հայց. Եկեղեցւոյ նշանաւոր դէմքերէն էր, որուն գործունէութիւնը ուղղուած էր արեւմտահայ պատմական գաւառներու բնակչութեան բարւոքումին, ներառեալ՝ քաղաքական գործունէութիւնը։ Միաժամանակ, իր մտաւորական հետաքրքրութիւնները զինք մղած են դառնալու հայ բանագիտութեան եւ ազգագրութեան ռահվիրան։

Ապագայ եկեղեցականը ծնած է Վան, 17 Նոյեմբեր, 1840ին։ Նախնական ուսումը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, այնուհետեւ աւարտած է Վարագայ Ս. Խաչ վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը։ Նոյն վարժարանին ուսուցիչ էր, երբ 1857ին Խրիմեան Հայրիկ վանահայր նշանակուած է։ Յաջորդ տարին, Վարագայ վանքին մէջ, Հայրիկ վերսկսած է նախապէս Պոլիս լոյս տեսած իր «Արծուի Վասպուրական»ի հրատարակութեան, որուն փոխ-խմբագիր կը նշանակէ երիտասարդ Սրուանձտեանցը, 1860ին։

Խրիմեանի հետ 1860-1861ին հայկական գաւառները շրջագայելով, Սրուանձտեանց նկարագրած է թուրքերու եւ քիւրտերու շահագործումին ենթարկուած հայ գիւղացիներու ցաւալի վիճակը, օսմանեան իշխանութիւններէն գաղտնի հսկողութեան ենթարկուելով։ Ան նաեւ հաւաքած է ժողովրդական բառ ու բանի նմոյշներ եւ նախաձեռնած՝ դպրոցներու բացումին։ 1862ին Վարագայ վանքը ձգելով, Սրուանձտեանց նշանակուած է Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին կից դպրոցին տնօրէն եւ ուսուցիչ, եւ 1863-1865ին խմբագրած է Խրիմեան Հայրիկի հիմնած միւս՝ «Արծուի Տարօնոյ» երկշաբաթաթերթը։ 1866ին հրատարակած է «Նոր ընթերցարան» դասագիրքը Պոլսոյ մէջ։

1867ին Սրուանձտեանց վարդապետ ձեռնադրուած է Կարինի մէջ, եւ քարոզիչի հանգամանքով Վան առաքուած։ Շուտով Կարինի դպրոցներու ընդհանուր տնօրէն նշանակուած է, իսկ երկու տարի ետք՝ Ս. Կարապետ վանքի վանահօր փոխանորդ։

Ժողովուրդի կրթութեան ու մշակոյթի ջատագով ըլլալով, Սրուանձտեանց միաժամանակ խոյս չէ տուած աւելի յանձնառու գործունէութենէ։ 1872ին մասնակցած է «Միութիւն եւ փրկութիւն» գաղտնի խմբակի հիմնադրութեան։ 1879ին Վանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ նշանակուած է։ 1879-1880ին Պոլսոյ հայոց պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի կողմէ ղրկուած է շրջագայելու հայկական գաւառները եւ մանրակրկիտ զեկոյցներ պատրաստելու՝ հայութեան վիճակին մասին։ Միաժամանակ, ան բանահիւսական բազմաթիւ նիւթեր հաւաքած է ու նկարագրած՝ ծէսեր, սովորութիւններ ու հաւատալիքներ։  

Մինչ այդ, բանագէտը արդէն քանի մը գիրքերով ամփոփած էր իր հաւաքած նիւթերը։ 1874ին լոյս տեսած «Գրոց ու բրոց» հատորին մէջ, Սրուանձտեանց կ՚աւետէր «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպին գիւտը, հրատարակելով իր կողմէ գրի առնուած տարբերակը, որ լաւագոյններէն նկատուած է մինչեւ այսօր ծանօթ աւելի քան 150 տպագիր ու անտիպ փոփոխակներուն մէջ։ Նոյն տարին, տարբեր տպագիր աղբիւրներ ամփոփող «Հնոց ու նորոց» հատորը լոյս ընծայած է։ Ան շարունակած է իր բեղուն հրատարակչական գործունէութիւնը յաջորդ տասնամեակին։ «Մանանայ» (1876) հատորը ներառած է բանահիւսական նիւթեր եւ Վանի թաղամասերու ու պատմական յուշարձաններու նկարագրութիւնը։ Տարբեր բնոյթ ունեցած է «Թորոս Աղբար»ը (1879), որ հայկական գաւառներու տնտեսական վիճակին ու պանդխտութեան անդրադարձած է։ Վերջապէս, «Համով-հոտով» (1884) ընդգրկած է պատմական վայրերու, յուշարձաններու եւ կլիմայի նկարագրութիւն մը, ինչպէս եւ ժողովրդական հէքեաթներ ու տարբեր մատենագիրներու դիմանկարներ։

Սրուանձտեանցի հանրային գործունէութիւնը վերստին օսմանեան կառավարութեան ուշադրութիւնը պիտի գրաւէր։ 1881ին ան կը մասնակցէր ուրիշ գաղտնի խմբակի մը՝ «Սեւ խաչ»ի ստեղծումին, եւ կառավարական հրամանով ստիպուած էր Վանը ձգել։ Այնուհետեւ, ան նախ Բաղէշի եւ ապա Խարբերդի թեմական փոխանորդ նշանակուած է։ 1886ին մեկնելով Ս. Էջմիածին, եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, նշանակուելով նախ Տրապիզոնի եւ ապա Տարօնի առաջնորդ, ուր նաեւ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի վանահայր եղած է։

Սակայն, Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի դժգոհութեան հետեւանքով, պատրիարք Յարութիւն Վեհապետեանը պաշտօնանկ ըրած է Սրուանձտեանցը եւ զինք բերել տուած՝ Պոլիս։ Օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ, ոստիկանական խիստ հսկողութեան տակ, եկեղեցականը շարունակած է իր գործունէութիւնը իբրեւ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ քարոզիչ, նորաստեղծ Կեդրոնական վարժարանի ուսուցիչ եւ Ազգային Ժողովի ատենապետ։ Ազգագրութեան ու հնագիտութեան բնագաւառներուն իր բերած նպաստը պատճառ դարձած է, որ Ս. Փեթերպուրկի հնագիտութեան կայսերական ակադեմիայի պատուոյ անդամ ընտրուի։

Երկար հիւանդութենէ մը ետք, Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց վախճանած է իր 52րդ տարեդարձին օրը, 17 Նոյեմբեր, 1892ին։ Անոր ձգած ժառանգութիւնը 20րդ դարուն հայ ազգագրութեան ու բանագիտութեան զարգացման հիմնաքարը հանդիսացած է։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։

Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “CROSSROADS”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ 
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած էր վերահրատարակելու հայկական պատմական քաղաքներու եւ գաւառներու նուիրուած յուշամատեանները։ 2012էն ի վեր տպուած հատորները տրամադրելի են Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Ահաւասիկ անոնց ցանկը.

1.     Բիւզանդ Եղիայեան, Ատանայի հայոց պատմութիւն
2.     Կարօ Սասունի, Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի
3.     Գէորգ Ա. Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Ա. հատոր
4.     Գէորգ Ա. Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Բ. Հատոր
5.     Յակոբ Պօղոսեան, Հաճընի ընդհանուր պատմութիւն
6.     Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները
7.     Պետրոս Մինասեան, Պատմագիրք Կիւրինի
8.     Յակոբ Չոլաքեան, Քեսապ

Բոլոր հատորները լաթակազմ են։ Իւրաքանչիւր հատորի գինը 50 տոլար է, որուն պէտք է աւելցնել առաքման ծախսը։

Այս կամ այլ գիրքեր պատուիրելու կամ այլ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութին հետ՝ ելեկտրոնային նամակով ( books@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

Կռիւն ու ռումբերը վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն ու քսակներուն մէջ


Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։

Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39 th Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը «Յովնանեան» վարժարանին մէջ՝ 817 River Road, New Milford, New Jersey։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 17 Նոյեմբերին։ Տեղեկութիւններու համար՝ anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810։

Մինչեւ 13 Դեկտեմբեր (Հինգշաբթի օրեր) —Յայտնութեան գիրքի սերտողութիւն, եօթը մասով։ Բանախօս՝ Շանթ սրկ. Գազանճեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 East 27 th Street, New York City։ Տեղեկութիւններու համար, դիմեցէք եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով ( office@stilluminators.org ) կամ հեռաձայնով՝ (212) 689-5880։

Մինչեւ 13 Յունուար, 2019 —Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած “Armenia!” ցուցահանդէսը կը շարունակուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Ամբողջութեամբ Հայաստանի նուիրուած առաջին ցուցահանդէսն է՝ այս նշանաւոր թանգարանին մէջ, պատրաստութեամբ՝ դոկտ. Հելըն Էվընզի։

18 Նոյեմբեր —Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) 56ամեակ։ Պատարագիչ՝ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Սրբազան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի՝ ընդունելութիւն եւ հանդիպում Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ։

2 Դեկտեմբեր —Թեմիս նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ի պատիւ ճաշկերոյթ։ Ընդունելութիւն՝ ժամը 2:30ին, ընթրիք եւ յայտագիր՝ ժամը 3:30ին։ Terrace on the Park, 52-11 111 th Street, Flushing Meadows Park, New York։

9 Դեկտեմբեր —“What’s in a Name? The Etymology of Armenian Surnames”։ Դասախօսութիւն՝ գրող եւ խմբագիր C. K. Garabed-ի կողմէ։ Կէսօրէ ետք ժամը 1։00ին, «Բաշալեան» սրահ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 East 27 th Street, New York City, Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հովանաւորութեամբ։

16 Դեկտեմբեր —Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) կիրակնօրեայ դպրոցի Կաղանդի հանդէս «Առաքելեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի։

31 Դեկտեմբեր Նոր Տարուան ճաշկերոյթ ու պարահանդէս Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), երեկոյեան ժամը 8։00էն սկսեալ։

5 Յունուար, 2019 Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն), Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն։

17 Մարտ, 2019 —“Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ։ Հետեւեցէ՛ք մանրամասնութիւններուն։ 

5 Մայիս, 2019 —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼ։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/