ՌԷՅՍԻՆԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 80ԱՄԵԱԿ
|
|
Անուշաւան Սրբազան եւ Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեան, շրջապատուած՝ խորանի ծառայողներով եւ ծխականներով։
|
|
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ճուլի Տէր Կարապետեան՝ վերջինիս նուիրած գունազարդ ապակեայ պատուհանին առջեւ։ Աջին՝ Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեան, իսկ ձախին՝ հոգաբարձութեան ատենապետ Վահան Մահտեսեան։ Սրբազանը գնահատագիր մը յանձնեց օր. Տէր Կարապետեանին՝ եկեղեցւոյ եւ համայնքին մատուցած երկարամեայ ծառայութեան առիթով։
|
|
Կիրակի, 28 Հոկտեմբերին
, թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեան
պատարագեց ու քարոզեց Ռէյսինի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազանը նախագահեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 80ամեակի հանդիսութեան Meadowbrook Country Club-ի մէջ։
|
|
ԿԼԵՆՎԻՈՒԻ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 75ԱՄԵԱԿԸ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ
|
|
Այս շաբաթավերջին, Անուշաւան Սրբազան Իլլինոյ նահանգ պիտի ճամբորդէ, ուր Կիրակի օր պիտի պատարագէ ու քարոզէ Կլենվիուի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հ. Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բէնթէզեանը պիտի ծառայէ խորանին վրայ։ Շաբաթ օր, Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ դպրոցը, իսկ երեկոյեան պիտի նախագահէ ծուխի 75ամեակի ճաշկերոյթին ու գեղարուեստական յայտագրին, եկեղեցւոյ «Շահնազարեան» սրահին մէջ։
|
|
ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄԸ՝ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2ԻՆ
|
|
Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին, Անուշաւան Սրբազանի ընտրութիւնը պիտի նշուի յատուկ տօնախմբութեամբ Նիւ Եորքի մէջ։ Թեմիս Կրօնական Ժողովը եւ Ազգային Վարչութիւնը հաւատացեալները կը հրաւիրեն մասնակցելու առաւօտեան Ս. Պատարագին եւ անոր յաջորդող ճաշկերոյթին։
Անուշաւան Սրբազան պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (221 East 27
th
Street, Նիւ Եորք)։ Ժամերգութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին։ Այնուհետեւ, ճաշկերոյթ մը տեղի պիտի ունենայ Terrace on the Parkի մէջ (Ֆլաշինկ Մէտոզ, Նիւ Եորք)։ Ընդունելութիւնը պիտի սկսի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, իսկ ճաշի սպասարկութիւնն ու յայտագիրը՝ ժամը 3:30ին։
Տոմսեր ապահովելու կամ տեղեկութիւններ ստանալու համար, հաճեցէք ելեկտրոնային նամակով (
email@armenianprelacy.org
) կամ հեռաձայնով (212-689-7810) կապուիլ Առաջնորդարանին հետ։
|
|
ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆԻ «SECRET NATION» ՀԱՏՈՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
|
|
Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբերին, լրագրող Աւետիս Հաճեանի “Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey” («Գաղտնի ազգ. Թուրքիոյ թաքնուած հայերը») գիրքը ներկայացուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, լեցուն սրահով։ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը հեղինակը ներկայացուց։ Պրն. Հաճեանը անդրադարձաւ այն պարագաներուն, որոնք զինք մղեցին «թաքուն» եւ իսլամացած հայերու հետազօտութեան, յանգելով այս համապարփակ ու գրաւիչ ուղեգրութեան։ Սահիկներու ցուցադրութեամբ, ան ներկաները հաղորդակից դարձուց անոնց ետին գտնուող մարդկային պատմութիւններուն եւ շարք մը յուզիչ դրուագներու։ Հարց ու պատասխանի բաժին մը հետեւեցաւ հեղինակի խօսքերուն։ Փակման խօսքը կատարեց Անուշաւան Սրբազանը, շնորհաւորելով հեղինակը իր կատարած աշխատանքին համար եւ նիւթին աւելցնելով կարգ մը շահեկան մանրամասնութիւններ։
|
|
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
ՆՈՐ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ
|
|
Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան եւ կրթաթոշակ ստացողները՝ Պետրոս Վաննէս, Աննա Մանուկեան եւ Մեղրի Թիւթիւնճեան
|
|
Կիրակի, 28 Հոկտեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին յայտարարեց, թէ երեք համալսարանականներ կրթաթոշակներ ստացած են։ Պետրոս Վաննէս, Աննա Մանուկեան եւ Մեղրի Թիւթիւնճեան գործօն մասնակցութիւն ունեցած են եկեղեցւոյ եւ մեր համայնքի կեանքին մէջ։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան յայտնեց Մայր Եկեղեցւոյ երախտագիտութիւնը հանդէպ նուիրատու տիկ. Լիլի Մարգարեանին, որ կրթաթոշակը հաստատած է ի յիշատակ իր զաւակին՝ Արմէն Մարգարեանի, նպատակադրելով երիտասարդները քաջալերել իրենց կրթութեան մէջ։
Այս տարի, Մայր Եկեղեցին արդէն վեց կրթաթոշակներ տուած էր «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարան եւ Հ.Ե.Դ.ի «Քէմփ Հայաստան» յաճախող պատանի ծխականներու։ Այս տարի յանձնուած կրթաթոշակներու ընդհանուր գումարը կը հասնի 4.500 տոլարի։
|
|
ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Յայտնութեան գիրքի սերտողութիւնը մը կը շարունակուի Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ղեկավարութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Շանթ սրկ. Գազանճեանի։ Սերտողութիւնը իրերայաջորդ Հինգշաբթի օրերուն տեղի պիտի ունենայ մինչեւ 13 Դեկտեմբեր (բացառելով Գոհաբանութեան օրը)։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով (
office@stilluminators.org
) կամ հեռաձայնով (212-689-5880)։
|
|
ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
|
|
Project SAVE-ի հիմնադիր Ռութ Թովմասեան, տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեան եւ աշակերտներ՝ Մշակոյթի Օրուան ընթացքին
|
|
Հինգշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, Ուաթըրթաունի Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը ճոխ ու այլազան յայտագրով նշեց Հայ Մշակոյթի օրը։ Առաջին հերթին, տիկ. Ռութ Թովմասեան՝ Project SAVE-ի հիմնադիր ու նախագահ, հայկական արխիւային լուսանկարներու մասին ներկայացում մը կատարեց շրջանաւարտ դասարանին համար։ Այնուհետեւ, բոլոր աշակերտները հաւաքուեցան մարզարանին մէջ, ուր 5րդ դասարանը ներկայացուց Հայաստանի տարբեր մարզերը։
Յաջորդաբար, դպրոցի տարբեր դասարաններու երգչախումբերը ելոյթ ունեցան, որունհետեւեցաւ առաջին մինչեւ հինգերորդ դասարանի բազմաթիւ աշակերտներու գեղարուեստական ձիրքերու ներկայացումը՝ հայ բանաստեղծներու եւ երգահաններու գործերով, որոնք մեծապէս խանդավառեցին ներկայ ծնողները։
|
|
Աշակերտները հայ գրական ու երաժշտական գործեր կը ներկայացնեն
|
|
ՀՄԸՄ-Ը ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ
|
|
Անցեալ շաբաթ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց ՀՄԸՄի ղեկավար անդամներու այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։ Ձախէն աջ՝ Կեդր. Վարչութեան ԱՄՆի Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Հրաչ Մեսրոպեան, Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան եւ ԱՄՆի Արեւելեան շրջանի 100ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Թանաշեան։ Այս տարի ՀՄԸՄը կը նշէ իր հիմնադրութեան 100ամեակը։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
Այս Կիրակի, 4 Նոյեմբեր, Խաչվերացի 8-րդ Կիրակին է։ Սուրբ Գիրքի ընթերցումներն են՝ Եսայի 22:15-25, Եփեսացիներուն 1:1-14, Ղուկաս 8:17-21։
Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ: Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կ’ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի:
Յիսուսի մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց խուռն բազմութեան պատճառով չկրցան իրեն մօտենալ: Լուր տուին իրեն, ըսելով.
–
Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ’ուզեն քեզ տեսնել:
Յիսուս ըսաւ.
–
Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն (Ղուկ. 8:17-21):
***
Ես՝ Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Քրիստոս Յիսուսի առաքեալը, կը գրեմ Եփեսոս բնակող եղբայրներուդ, Քրիստոս Յիսուսի հաւատացողներուդ: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:
Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ: Անիկա աշխարհի գոյութենէն իսկ առաջ մեզ ընտրած էր՝ Քրիստոսի միջոցաւ իրեն պատկանելու համար, որպէս սուրբ եւ անարատ ժողովուրդ, եւ իր սիրով մեզ նախասահմանեց՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով իր որդիները ըլլալու, որովհետեւ ա՛յդ էր իր կամքը եւ ծրագիրը:
Ուստի գովենք զինք այն փառքին համար, որ մեզի շնորհեց իր սիրելի Որդիին միջոցաւ: Արդարեւ, անով փրկուեցանք եւ անոր արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն գտանք: Որքա՜ն մեծ է իր շնորհքը, որ առատօրէն տուաւ մեզի՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ: Որովհետեւ իր կամքին համաձայն մեզի յայտնեց շատ կանուխէն պատրաստած իր ծրագիրը, որ Քրիստոսով պիտի իրագործուի: Եւ այդ ծրագիրը սա է, որ երբ ժամանակները իրենց լրումին հասնին, Քրիստոս իրմով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ որ կայ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ:
Քրիստոսի միջոցաւ է որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան: Աստուած, որ ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագրին ու կամքին, անով առաջուց հրաւիրեց մեզ՝ իր փառքը գովերգելու. մենք՝ որ Քրիստոսի յուսացողներուն առաջիններէն եղանք: Դուք ալ, երբ լսեցիք ճշմարիտ քարոզութիւնը, այսինքն Աւետարանը որ ձեզի փրկութիւն բերաւ, հաւատացիք Քրիստոսի եւ խոստացուած Սուրբ Հոգիով կնքուեցաք: Եւ Սուրբ Հոգին գրաւական է, թէ պիտի ժառանգենք Աստուծոյ խոստումը, երբ Աստուած պիտի փրկէ իր սեփական ժողովուրդը, որպէսզի իր փառքը գովերգենք (Եփես. 1:1-14):
|
|
Այսօր, Նոյեմբեր 1, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Յովհան Ոսկեբերանը՝ նշանաւոր եկեղեցական ու քարոզիչ Սուրիոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ։ Ան յայտնի եղած է իր պերճախօսութեամբ, որուն համար արժանացած է «ոսկեբերան» մականունին։ Ուղղափառ Եկեղեցին զինք կը պատուէ որպէս սուրբ եւ երեք աւագ վարդապետներէն (Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ուսուցիչ) մէկը՝ Բարսեղ Մեծի եւ Գրիգոր Նիւսացիի հետ։ Ան նաեւ ճանչցուած ու մեծարուած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Անգլիոյ Եկեղեցւոյ կողմէ։
Յովհան 21 տարեկանին քրիստոնէութիւնը ընդունած է՝ 368 թուականին։ Մեծ ժառանգութենէ եւ խոստմնալից իրաւաբանական ասպարէզէ մը հրաժարելով, քաշուած է լեռնային քարանձաւ մը՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Եկեղեցականձեռնադրուելէ ետք, անոր քարոզները մեծ լսարաններ հրապուրած են։ Ան մարտահրաւէր կարդացած է հարուստ քրիստոնեաներու, որոնց առատաձեռնութիւնը կը սահմանափակուէր թանկագին իրերու նուիրաբերութեամբ՝ եկեղեցիներու մէջ ցուցադրուելու համար։
Յովհան Ոսկեբերանի սուր քննադատութիւնները լաւ աչքով դիտուած չեն եւ ան քանիցս աքսորուած է։ Եկեղեցականի խօսքն ու գործը խոր ազդեցութիւն ունեցած են Հայց. Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ու աստուածաբանութեան վրայ։ Անոր կարեւոր գործերէն մէկ քանին միայն հայերէն թարգմանութեամբ հասած են մեզի։
|
|
Շաբաթ, 3 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ամենայն Սրբոց տօնը, Նորոց եւ Հնոց, Յայտից եւ Անյայտից։ Այս տօնը կը ներառէ բոլոր այն սուրբերը, որոնք Եկեղեցւոյ ցանկէն կրնան բացակայ ըլլալ եւ որոնք մեզի յայտնի չեն։ Արեւմտեան եկեղեցիները նոյն տօնը Նոյեմբեր 1ին կը նշեն։ Ըստ մեր եկեղեցական աւանդութեան, թուականը փոփոխական է ու կապուած՝ Խաչի տօնին հետ։ Հետեւաբար, Հոկտեմբերի վերջաւորութեան կամ Նոյեմբերին կրնայ նշուիլ։
Այս շաբաթ նաեւ կը յիշուին.
Սուրբ Ստեփանոս, Հռոմի հայրապետ (Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբեր)
|
|
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ
|
|
Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով, Կիրակի, 28 Հոկտեմբերին, Տակլըսըթընի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ Հ.Ե.Դ.ի «Հայորդիք» մասնաճիւղը միասնաբար ձեռնարկ մը կազմակերպեցին։
Օրուան հանդիսավարն էր մասնաճիւղի կրտսերներու խումբի վարչութեան անդամ Արիս Ճիվէլէկեան, որ ներկայացուց Հ.Ե.Դ.ի տարեկան գործունէութեան դրուագներ։ Մասնաճիւղի երկու անդամներ՝ Լարա Ճիվէլէկեան եւ Արէն Պետրոսեան, 800 տոլարի մրցանակ մը շահած էին՝ «Քէմփ Հայաստան» մասնակցելու նպատակով։ Կրտսերներու խումբի ատենապետ Արէն Պետրոսեան կարդաց իր շարադրութիւնը՝ «Ինչպէս կրնամ ազդել մեր հայ ղեկավարներուն վրայ» նիւթով։ Այնուհետեւ, մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Նիքոլ Եազճեան ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ տոքթ. Կարօ Նազարեան, որ Հ.Ե.Դ.ի Լոնկ Այլընտի «Մասիս» մասնաճիւղի նախկին անդամ է։
Տոքթ. Նազարեան ներկայացուց իր վերջին տասնամեակի կամաւորական աշխատանքը Հայաստանի մէջ։ Ան կը մասնակցի ծրագրի մը, որ ամբողջ աշխարհէն ատամնաբոյժեր կը ղրկէ մեր հայրենիքը։ Անոնք գիւղերու մէջ ամառնային ճամբարներ կը վարեն, ուր աղքատ ընտանիքներու զաւակներ կը զուարճանան եւ միաժամանակ անհրաժեշտատամնաբուժական խնամք կը ստանան։
Հ.Ե.Դ.ի անդամուհիներէն Անահիտ Ինճիկիւլեան «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» երգը գեղեցիկ կերպով մեկնաբանեց։ Հ.Ե.Դ.ի Կեդր. Վարչութեան անդամ Քայլ Տինքճեան խօսք առաւ ու Հ.Ե.Դ.ի մասին հարցումներու պատասխանեց։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան խօսեցաւ մեր երիտասարդութեան ու Հայաստանի օգնութեան կարեւորութեան մասին։ Ծխականներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, աւելի քան 4.000 տոլար հաւաքուեցաւ։
|
|
Կոմս Միխայիլ Լորիս-Մելիքով
(ծնունդ՝ 2 Նոյեմբեր, 1824)
|
|
Միխայիլ Լորիս-Մելիքով (Միքայէլ Լորիս-Մելիքեան) 19րդ դարուն Ռուսական կայսրութեան ծառայած զինուորականներուն շարքին յատուկ տեղ մը կը գրաւէ իր քաղաքական գործունէութեամբ։
Լորիս-Մելիքեան ընտանիքը կու գար Լոռիէն, ուր միջնադարուն գաւառի մելիքները եղած էին։ Այնուհետեւ վրացական ազնուականութեան շարքերը համալրած էին, իսկ 1832ին գրանցուած էին իբրեւ ռուսական ազնուականութեան մաս։
Լորի Մելիքով ծնած է 2 Նոյեմբեր, 1824ին Թիֆլիսի մէջ։ Իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է «Լազարեան» ճեմարանին ու ապա զինուորական վարժարանի մէջ։ 1843ին ան մաս կազմած է հուսարներու գունդի մը եւ չորս տարի ետք՝ Կովկաս ղրկուած։ Շուրջ երեսուն տարի անցնելով շրջանին մէջ, ան թէ՛ իբրեւ հեծելազօրի սպա եւ թէ՛ իբրեւ կարող վարչարար փայլուն գործունէութիւն ունեցած է։ 1863-1875ին Թերեքի շրջանի (հիւսիս-արեւելեան Կովկաս) կառավարիչ եղած է։
1875ին հեծելազօրի զօրավարի աստիճանին բարձրացած հայազգի զինուորականը 1877ին զօրաբաժին մը վարած է ռուս-թրքական պատերազմին։ Ան գրաւած է Արտահանի բերդը եւ ապա՝ ջախջախիչ յաղթանակ մը տարած թուրք զօրավար Ահմէտ Մուխթար փաշայի դէմ Ալաճայի մէջ։ Այնուհետեւ, Կարսի բերդը գրաւած է եւ Էրզրումի պաշարման ենթարկած է։ Իր ծառայութեան համար, ցար Ալեքսանդր Բ. իրեն շնորհած է կոմսի տիտղոսը եւ, Ալաճայի յաղթանակին համար, Ս. Գէորգի երկրորդ կարգի շքանշանը։
1878ին Լորիս Մելիքով Ստորին Վոլկայի շրջանի ժամանակաւոր ընդհանուր կառավարիչ նշանակուած է՝ ժանտախտի համաճարակի մը դէմ պայքարելու համար։ Այնուհետեւ, Կեդրոնական Ռուսաստանի նահանգները փոխադրուած է՝ անիշխանականներու ահաբեկչական գործունէութիւնը չէզոքացնելու նպատակով։
1880ին նշանակուած է Գերագոյն վարչական յանձնաժողովին պետ։ Այս յանձնաժողովը ստեղծուած էր ցարի դէմ ահաբեկման ձախողած փորձէն ետք։ Լորիս Մելիքով կը գերադասէր իրաւական միջոցներու կիրարկումը, հաւատալով, որ չարիքին արմատին հարուածելը լաւագոյն քաղաքականութիւնն էր։ Հետեւաբար, ան Ալեքսանդր Բ.ին յանձնարարած է վարչական ու տնտեսական բարենորոգումներու յայտագրի մը կիրարկումը, որ պիտի օգնէր ընկերային դժգոհութեան պատճառներու դարմանումին։ Ցարը, որ սկսած էր կասկածիլ ոստիկանական ճնշումներու արդիւնաւէտութենէն, յանձնաժողովը լուծարած է Օգոստոս 1880ին եւ նոյն տարուան Նոյեմբերին կոմս Լորիս Մելիքովը Ներքին Գործոց նախարար նշանակած՝ արտակարգ լիազօրութիւններով։
Սակայն, բարենորոգումներու գաղափարը թուղթի վրայ մնացած է։ 13 Մարտ 1881ին, նոյն օրը, երբ ցարը հրովարտակ մը կը ստորագրէր՝ կառավարութեան տարբեր ճիւղերու մէջ բարենորոգումներ ծրագրելու զանազան յանձնաժողովներ ստեղծելով, ան մահափորձի մը զոհը դարձած է։Իր որդին ու յաջորդը՝ Ալեքսանդր Գ., բարենորոգումներու դէմ դիրքորոշուած է՝ իր հօր բարենորոգումները չեղեալ նկատելով։ Հետեւաբար, Լորիս-Մելիքով նախընտրած է իր հրաժարականը ներկայացնել (Մայիս 1881) եւ գործօն կեանքէ քաշուիլ։ Իր կեանքին վերջին տարիներուն, ան գրած է պատմական ու քաղաքական բնոյթի կարգ մը գործեր, ապրելով Գերմանիոյ ու ապա Նիսի մէջ (Ֆրանսա) մինչեւ իր մահը՝ 24 Դեկտեմբեր, 1888ին։ Հայազգի զինուորականին ու քաղաքական գործիչին մարմինը փոխադրուած է Թիֆլիս ու թաղուած՝ հայոց վանքի շրջափակին մէջ։
|
|
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
|
|
Կռիւն ու ռումբերը վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն ու քսակներուն մէջ
Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։
Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։
Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Prelacy
138 E. 39
th
Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)
Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։
|
|
Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբերին, տեղի պիտի ունենայ համերգ մը, որ պիտի ոգեկոչէ Ա. Աշխարհամարտին աւարտը նշող զինադադարին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը, ինչպէս եւ պիտի մեծարէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը։ «Հայաստան 1918/2018» խորագրուած համերգը պիտի կայանայ Saint John the Divine մայր տաճարին մէջ (1047 Amsterdam Avenue at 112
th
Street, New York City)։ Ելոյթ պիտի ունենան Rose of the Compass Ensembleն եւ մայր տաճարին երգչախումբը։ Երգացանկը կ՚ընդգրկէ հայկական ժողովրդական պարեր ու երգեր, ինչպէս եւ կոմիտասեան յօրինումներ։ Տոմսակները կարելի է առցանց գնել (stjohndivine.org), անձամբ կամ հեռաձայնել OvationTix (866) 811-4111 թիւին։
|
|
ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ «ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
|
|
Շաբաթ, 3 Նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30էն մինչեւ 5 «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսին զուգընթաց։ Թանգարանը մուտքը կ՚ապահովէ գիտաժողովին մուտքը, թէեւ պէտք է նախօրօք արձանագրուիլ։ Գիտաժողովը յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ այն գիտնականներուն, որոնք 20րդ դարու երկրորդ կէսին յառաջ տարին հայ արուեստի ուսումնասիրութիւնը ԱՄՆի մէջ, ներառեալ Սիրարփի Տէր Ներսէսեան, Նինա Կարսոյեան, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ Թոմաս Մէթիւզ։
|
|
«ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ»ի ՅՕԴՈՒԱԾԸ՝ «ՄԵԹՐՈՓՈԼԻԹԸՆ»Ի ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ՄԱՍԻՆ
|
|
Հայկական ցուցահանդէսին մասին կարեւոր յօդուած մը լոյս տեսաւ «Նիւ Եորք Թայմզ»ին մէջ Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբերին։ Արուեստի յայտնի քննադատ Ճէյսոն Ֆարակօ իր յօդուածին սկիզբը կ՚անդրադառնայ Հայաստանի երիտասարդութեան նախաձեռնած «թաւշեայ յեղափոխութեան»։ Ան կը գրէ. «Հայաստանը այնքան պատմութիւն ունեցող երկիր մըն է, որ կրնայ ձեզ ճզմել։ Այս գարնան իմացանք, որ անոր ապագան կրնայ այնքան իրադարձութիւններով լեցուն ըլլալ, որքան անցեալը։ Ուստի, ճիշդ պահն է «Հայաստա՛ն»ի համար՝ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի աչք բանալ տուող արժեւորումը արուեստին, ձեռագիրներուն, հիւսուածեղէնին ու կրօնական իրերուն ազգի մը, որ տակաւին անակնկալ գլուխներ կ՚աւելցնէ իր պատութեան»։
Հեղինակը կ՚եզրակացնէ. «Հայերը, ինչպէս այս մեծ ցուցահանդէսը կը վկայէ, երկար ժամանակ դուրս ուժերու ենթակայ եղած են, եւ այս ցուցահանդէսին գեղեցկութիւնը գունաւորուած է նուաճումով եւ ենթակայութեամբ։ Սակայն, այս գարնան Երեւանի մէջ արշաւող ու երգող երիտասարդ յեղափոխականները (յոյսի այնքան անսովոր շող մը՝ բռնատիրութեան այս համաշխարհային դարաշրջանին) գիտէին, որ հայոց պատմութեան ձեռագիրը տակաւին գրուելու ընթացքի մէջ է»։
Կարդացէ՛ք ամբողջ յօդուածը
այստեղ
։
|
|
6 ՆՈՅԵՄԲԵՐ՝ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
|
|
Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբերին, ընտրութեան օր է Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ձեր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու եւ քուէարկելու ժամանակն է։
|
|
Մինչեւ 13 Դեկտեմբեր (Հինգշաբթի օրեր)
—Յայտնութեան գիրքի սերտողութիւն, եօթը մասով։ Բանախօս՝ Շանթ սրկ. Գազանճեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 East 27
th
Street, New York City։ Տեղեկութիւններու համար, դիմեցէք եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով (
office@stilluminators.org
)
կամ հեռաձայնով՝ (212) 689-5880։
Մինչեւ 13 Յունուար, 2019
—Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած “Armenia!” անունով մեծ ցուցահանդէսը կը շարունակուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Ամբողջութեամբ Հայաստանի նուիրուած առաջին ցուցահանդէսն է այս նշանաւոր թանգարանին մէջ, պատրաստութեամբ՝ դոկտ. Հելըն Էվընզի։
2, 3 եւ 4 Նոյեմբեր
—Տարեկան պազար եւ կերակուրներու փառատօն, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, 461 Bergen Boulevard, Ridgefield, New Jersey։
2 եւ 3 Նոյեմբեր
—Ս. Ստեփանոս եկեղեցին (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսեթս) կը ներկայացնէ իր տարեկան 62րդ պազարը Ուոթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ։
3 եւ 4 Նոյեմբեր
—Տարեկան պազար եւ հայկական կերակուրներու փառատօն, Ս. Սարգիս եկեղեցի, Տիրպորն, Միշիկըն։
4 Նոյեմբեր
—Մարդաբանութեան/Հայկական թանգարանը՝ Շարժական Պատկերի թանգարանին (MOMI) հետ միասին, պիտի ներկայացնէ երկու շարժանկարներ՝ «Խոստումը» (“The Promise”) եւ «Կործանելու դիտաւորութիւն» (“Intent to Destroy”)։ Հարց ու պատասխանի բաժնին ելոյթ պիտի ունենայ վերջինիս բեմադրիչ Ճօ Պերլինկըրը։ Տոմսակներ ապսպրելու համար, հեռաձայնել 718-428-5650 թիւին։
4 Նոյեմբեր
—«Հէ՜յ, ջան ղափամա»՝ երաժշտախառն ճաշկերոյթ «Արենի» երգչախումբի կազմակերպութեամբ, Ս. Սարգիս եկեղեցի, 38-65 234
th
Street, Douglaston, New York։ Տոմսակներու համար, հեռաձայնեցէք (732) 98ARENI թիւին։
10 Նոյեմբեր —
«Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ դասը։ Դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը «Յովնանեան» վարժարանին մէջ՝ 817 River Road, New Milford, New Jersey։ Տեղեկութիւններու համար՝
anec@armenianprelacy.org
կամ 212-689-7810։
10 Նոյեմբեր
—«Հաւատամքի հետազօտութիւն», 3-ժամեայ սեմինար Ինտիըն Օրչըրտի (Մէսէչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Բանախօս՝ Շանթ սրկ. Գազանճեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ։ Տեղեկութիւններու համար, դիմեցէք եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով (
stgregorymass@yahoo.com
)
կամ հեռաձայանով՝ (413) 543-4763.
10 եւ 11 Նոյեմբեր
—Armenian Fest 2018, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտ։ Տարեկան կերակուրներու փառատօն՝ Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston, Rhode Island։ «Համազգային»ի «Արցախ» պարախումբը ելոյթ պիտի ունենայ երկու օրերուն։ Տեղեկութիւններու համար՝
www.armenianfestri/food.com
կամ 401-831-6399։
11 Նոյեմբեր
—Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն)։ Ս. Պատարագի նուիրուած չորս դասախօսութիւններու շարք՝ քարոզի ժամանակ։ Երրորդ դասախօսութիւն՝ Հաղորդութեան բաժին եւ արձակման բաժին։
18 Նոյեմբեր
—Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) 56ամեակ։ Պատարագիչ՝ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Սրբազան։ Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ։
2 Դեկտեմբեր
—Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ի պատիւ ճաշկերոյթ։ Ընդունելութիւն՝ ժամը 2:30ին, ընթրիք եւ յայտագիր՝ ժամը 3:30ին։ Terrace on the Park, 52-11 111
th
Street, Flushing Meadows Park, New York։
9 Դեկտեմբեր
—“What’s in a Name? The Etymology of Armenian Surnames”։ Դասախօսութիւն՝ գրող եւ խմբագիր C. K. Garabed-ի կողմէ։ Կէսօրէ ետք ժամը 1, «Բաշալեան» սրահ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 East 27
th
Street, New York City, Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հովանաւորութեամբ։
5 Մայիս 2019
—Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼ։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|