SHARE:  
21 Նոյեմբեր, 2019
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
Այս շաբաթ, Նայիրի Ղարիպեան՝ Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ ծխական, կը կարդայ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»ի 10րդ աղօթքը։

ԸՆԾԱՅՈՒՄ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Այսօր, Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս. Աստուածածնի Ընծայումը՝ մեր տօնացոյցին մէջ Աստուածամօր նուիրուած ութը տօներէն մէկը։ Հինգերորդ դարուն, Եփեսոսի տիեզերական ժողովը հաստատած է եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը Սրբազան Մօր մասին՝ իբրեւ Աստուածամայր/Աստուածածին։

Ս. Աստուածածնի Ընծայումի տօնը միշտ կը նշուի 21 Նոյեմբերին։ Աստուծոյ տաճարը մտնելով երեք տարեկանին, ան դուրս եկած է տասնհինգ տարեկանին՝ ամբողջական մաքրութեամբ։ Տաճարին մէջ անցուցած տասներկու տարուան ընթացքին, ան իր կրօնական հմտութիւնը զարգացուցած է մեծագոյն գիտնականներու հովանիին տակ, ինչ որ սովորաբար ընդունելի չէր աղջիկներու համար՝ այդ ժամանակներուն։ Ս. Յովհաննէս Կարապետի հայրը՝ Զաքարիա քահանան, Մարիամի խնամակալն էր։ 
ՕԺԱՆԴԱԿԵՑԷՔ 2019Ի ԹԵԼԵԹՈՆԻՆ
ՅԱՏՈՒԿ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի տնօրինումով, Արեւելեան թեմի բոլոր եկեղեցիները անցեալ Կիրակի, 17 Նոյեմբերին, եւ այս Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, յատուկ հանգանակութիւն պիտի կատարեն, յօգուտ 2019-ի Թելեթոնին, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կը կազմակերպուի Գոհաբանութեան Տօնին՝ Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբերին: Թելեթոնը տեղւոյն վրայ կը սփռուի Երեւանէն եւ Լոս Անճելըսէն ամբողջ աշխարհի հանդիսատեսին համար:

«Իմ սիրելի Հայաստանին» բնաբանին ներքոյ կայանալիք 22րդ տարեկան թելեթոնին հասոյթը պիտի յատկացուի Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերուն մէջ արեգակնային ուժի համակարգերու տեղադրման գործին, ինչպէս նաեւ ըմպելի ջուրի եւ ոռոգման ցանցերու կառուցման: Տարեկան Թելեթոնի գումարներով կայանալիք ծրագիրները կը ներառնեն արեգակնային վահանակներու, ջեռուցիչներու եւ ենթակայաններու տեղադրում, ջրատարներու եւ բաշխիչ ցանցերու շինութիւն եւ խորունկ ջրհորներու փորիչներ եւ առաջատար կաթիլային ոռոգման համակարգերու կառուցում:

Թելեթոնին հեռատեսիլով հետեւելու համար, «Հայաստան» հիմնադրամի կողմէ յատուկ պատրաստուած ամբողջական ցանկը կրնաք գտնել՝ 2019 Telethon TV Broadcast Guide խորագրին տակ Armeniafund.org կայքէջին մէջ։


ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Կիրակի, 17 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի առաջին Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը եւ բոլոր ներկաները համաձայն են, որ շատ պատշաճ տուրք մըն էր Արեւելեան թեմի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան կատարած երախտաշատ գործունէութեան` Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ «Քսանվեց տարուան գործող սէր Հայաստանի ու Արցախի մէջ» նշանաբանով, ճաշկերոյթը մեծարեց քանի մը բացառիկ նուիրատուներ, ինչպէս եւ անդրադարձաւ բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք օգտուած են «Մեծն Ներսէս»ի կազմակերպութենէն։

Յառաջիկայ շաբաթներուն, պիտի անդրադառնանք ճաշկերոյթին ընդարձակօրէն, ներառնելով կարգ մը ճառեր ու տեսերիզներ, ինչպէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը։

Այս շաբաթ, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք Ս. Պատարագէն եւ ճաշկերոյթէն լուսանկարներ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ՈՂՋԵՐԹԻՆ
Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի, ներկայ գտնուեցաւ հրաժեշտի հիւրասիրութեան մը՝ ի պատիւ Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս Մաժտի Ռամատանիի։ Ողջերթին  ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամուհի՝ տիկ. Անի Փամփանինի։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
ՅԻՍՆԱԿԱՑ Ա. ԿԻՐԱԿԻ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:13-31
Ժողովուրդէն մէկը Յիսուսի ըսաւ.
Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս, որ մեր հօր ձգած ժառանգութենէն իմ բաժինս տայ ինծի:
Յիսուս պատասխանեց.
Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժանարար կարգեց ձեր վրայ:
Ապա դառնալով ժողովուրդին, շարունակեց.
Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն:
Յիսուս անոնց առակ մըն ալ խօսեցաւ եւ ըսաւ.
Հարուստ մարդ մը կար, որուն արտերը առատ բերք տուին: Անիկա կը մտածէր ու կ’ըսէր. «Ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց: Այո՛, գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ: Պիտի քակեմ շտեմարաններս, աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս: Ապա ես ինծի պիտի ըսեմ.- Ով մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»: Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»:
Եւ Յիսուս եզրակացուց.
Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու:
 
Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
Ահա թէ ինչո՛ւ կ’ըսեմ ձեզի.- Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, եւ ո՛չ ալ ձեր մարմինին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք: Որովհետեւ կեանքը աւելի կարեւոր է քան ուտելիքը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր՝ քան հագուստը: Դիտեցէ՛ք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը
սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ շտեմարաններ եւ ո՛չ ալ ամբարներ ունին, սակայն Աստուած կը կերակրէ զանոնք: Իսկ պիտի չկերակրէ՞ ձեզ, դուք՝ որ իր աչքին թռչուններէն գերազանց էք: Մտահոգուիլը կանգունով մը կ’երկարէ՞ ձեր հասակը: Եթէ նուազագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուիք: Դիտեցէք եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ’աճի դաշտի շուշանը: Ո՛չ կ’աշխատի, ո՛չ կը հիւսէ: Հաւատացէք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ: Եթէ Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ խոտը՝ որ այսօր դաշտին մէջ է եւ վաղը կրակը պիտի նետուի, ձեզ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞, թերահաւատնե՛ր: Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ո՛չ ձեր ուտելիքով եւ ո՛չ ալ ձեր խմելիքով, եւ մի՛ մտատանջէք դուք ձեզ, որովհետեւ ասոնք բոլորը հեթանոսներուն յատուկ են: Ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք: Այլ, ուզեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։

***
Ա. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-10
Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձեզի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի: Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի:
 
Մեր աղօթքներուն մէջ միշտ կը յիշենք ձեզ եւ անդադար ձեզի համար գոհութիւն կը մատուցանենք Աստուծոյ: Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ի՛նչպէս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն, եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք:

Եղբայրնե՛ր, գիտէք թէ Աստուած ձեզ սիրեց եւ ընտրեց, որովհետեւ մեր քարոզութեամբ Աստուած իր Աւետարանը յայտնեց ձեզի՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, եւ կատարեալ վստահութիւն ներշնչեց ձեզի: Դուք լաւ գիտէք, թէ ձեր մէջ ի՛նչպէս ապրեցանք, ձեզի օրինակ ըլլալու համար: Մեզի նմանելով՝ դուք Տիրոջ նմանած եղաք, քանի որ՝ հակառակ ձեր կրած բոլոր նեղութիւններուն, Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ ընդունեցիք մեր քարոզութիւնը, եւ ձեր այս ընթացքով օրինակ եղաք Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի բոլոր հաւատացեալներուն: Արդարեւ, դուք ձեր օրինակով Տիրոջ խօսքը հռչակեցիք ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ, այլեւ ամէն տեղ ուր Աստուծոյ վրայ ունեցած ձեր հաւատքին համբաւը տարածուեցաւ: Այնպէս որ, այլեւս ո՛չ պէտքը կը զգանք բան մը աւելցնելու, ո՛չ ալ մենք մեզ ներկայացնելու, որովհետեւ ո՛ւր որ երթանք՝ մարդիկ իրենք մեր մասին կը պատմեն, թէ ի՛նչպէս ձեզի եկանք, ի՛նչպէս դուք կուռքերը ձգելով Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար, եւ թէ ի՛նչպէս կը սպասէք որ երկինքէն վերստին գայ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուսը, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, եւ որ մեզ պիտի փրկէ գալիք բարկութենէն :

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 36:1-9
ՅԻՍՆԱԿԱՑ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՐԱԿԻ
Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, Յիսնակաց առաջին Կիրակին կը նշուի։ «Յիսնակ» բառը, անշուշտ, «յիսուն» բառէն կը բխի։ Յիսնակի Պահքի շրջանին, հաւատացեալը ինքնամաքրումի, աղօթքի ու խոկումի ընթացք մը կը բոլորէ՝ նման Մեծ Պահքի շրջանին։ Այս շրջանը, որ կը յիշեցնէ Քրիստոսի երբեմնի Սուրբ Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան նախապատրաստութիւնը, իր լրումին կը հասնի Ծննդեան Ճրագալոյցի պատարագով եւ Ջրօրհնէքի պատարագով, որ նուիրուած է Քրիստոսի Մկրտութեան ու Աստուածայայտնութեան։

Արդի ժամանակներուն, Ս. Ծննդեան տօնին առաջնորդող շրջանը հեռու է հանդարտ ըլլալէ։ Բայց եւ այնպէս, յարմար ժամանակն է դադար մը առնելու եւ անդրադարձ մը կատարելու Մեր Տիրոջ ու Փրկիչի ծննդեան իմաստին։

Ծննդեան իսկական ոգին մեզմէ կը պահանջէ չմոռնալ, որ տարուան այս օրերը, թէեւ ուրախութեամբ լեցուն են շատերու համար, առանձնութեան ու տխրութեան զգացումներ կը պարունակեն ուրիշներու համար։ Մօտեցէք առանձին ապրող երէց անձի մը, հիւանդի մը կամ իր սիրեցեալին կորուստը սգացողի մը եւ մխիթարական խօսք մը կամ ընթացք մը ունեցէք։
Այս շաբաթ յիշուող սուրբեր՝
Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր՝ Ս. Գրիգոր եւ Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետներ եւ Միւռոն եպիսկոպոս։

Երկուշաբթի, 25 Նոյեմբեր՝ Ս. Յուլիանէ եւ Ս. Վասիլուհի կոյսեր, եւ Ս. Աբրահամ եւ Ս. Խորէն։

Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր՝ Ս. Ղունկիանոս քահանայ, Ս. Տարագրոս, Ս. Պրոբոս, Ս. Անդրոնիկոս, Ս. Ոնեսիմոս եւ Ս. Պօղոսի այլ աշակերտներ։ 
ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 16 Նոյեմբերին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եւ Կրօնական Ժողովի հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան թեմի Նիւ Ինկլընտի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներու, կիսասարկաւագներու եւ ուրարակիրներու յատուկ միօրեայ համագումար: Համագումարը տեղի ունեցաւ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, անոր հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Թորգոմ քհն. Չորպաճեանի, ինչպէս նաեւ Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ստեփան քհն. Պալճեանի ղեկավարութեամբ: Տիկնանց Միութիւնը ստանձնած էր օրուան հիւրասիրութիւնը։

Առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, Տ. Թորգոմ Քահանայ վարեց Ս. Գիրքի սերտողութիւն մը, որպէս նշանաբան առնելով՝ Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսի գրած Ա. նամակէն Գ. գլուխի 8-13 համարները, ուր Պօղոս Առաքեալ կը շեշտէ հաւատարմութեան, սրբութեան եւ ծառայասիրութեան յատկանիշները, զորս պէտք է պահանջել Աստուծոյ Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ սպասարկող բոլոր սարկաւագներէն: Այնուհետեւ, Տէր Հայրը Ս. Պատարագի երգեցողութեան փորձ մը կատարեց մասնակիցներուն հետ եւ գրաբար լեզուի ներածական եւ հիմնական գիտելիքներ դասաւանդեց:

Յետմիջօրէին, Տ. Ստեփան Քահանայ դասախօսեց «Սարկաւագի դերը ծխական կեանքէն ներս» նիւթին շուրջ, ընդգծելով սարկաւագի մը ծառայութեան կարեւոր ու արժէքաւոր կերպերը, մանաւանդ՝ յընթացս Ս. Պատարագի։ Օրուան վերջաւորութեան, Անդրէաս եւ Փիլիպպոս առաքեալներու տօնին առիթով, կատարուեցաւ Կիրակնամուտի ժամերգութիւն։ 
ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ
Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման միջազգային օրուան առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը ՄԱԿի մէջ կազմակերպած է կլոր սեղան մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի ՄԱԿի կեդրոնի ECOSOC սրահին մէջ։ Կլոր սեղանին նիւթն է՝ «Յիշողութիւն եւ կրթութիւն իբրեւ կանխարգիլման հզօր զէնքեր. դասեր քաղել՝ փոփոխութեան համար»։ “Global Center for the Responsibility to Protect”ի գործադիր տնօրէն դոկտ. Սայմըն Ատամզի ղեկավարութեամբ, կլոր սեղանի մասնակիցները պիտի ըլլան պրն. Ատամա Տիէնկ, դոկտ. Հենրի Թերիօ, դոկտ. Եոհաննա Վոլհարտ եւ դոկտ. Էրիք Տ. Վէյց։ Բացման խօսքը պիտի կատարէ Հայաստանի ՄԱԿի մէջ մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Մհեր Մարգարեան։

201 5ին ՄԱԿի Ընդհ. Ժողովը 9 Դեկտեմբերը նշանակած է իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման եւ արժանապատուութեան միջազգային օր։ Այնուհետեւ, այս օրուան նուիրուած տարեկան ձեռնարկներ տեղի ունեցած են ՄԱԿի մէջ։ Կլոր սեղանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, գրեցէք armmissionun@gmail.com հասցէին։
Եթէ կը փափաքիք ներկայ գտնուիլ, հաճեցէք ձեր տեղը պահել մինչեւ 2 Դեկտեմբեր՝ գրելով  armmissionun@gmail.com   հասցէին։

ՄԱԿի կրծքանշան չունեցող հիւրերը պէտք է արձանագրուին՝ իրենց անունը ղրկելով  armmissionun@gmail.com   հասցէին, եւ իրենց հիւրի անցաթուղթը ձեռք բերեն ՄԱԿի կեդրոնատեղիի այցելուներու կեդրոնին դիմացը (46րդ փողոց եւ 1ին պողոտայ) 14:15ի եւ 14:30ի միջեւ։
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
Ս . ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
35ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ 
Շաբաթ, 16 Նոյեմբերին, աւելի քան 400 հոգի հաւաքուեցաւ The Westin Waltham պանդոկը՝ Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի 35ամեակը տօնելու։ Ձեռնարկը կը վայելէր թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հովանաւորութիւնը։ Բացման ընթացքին, Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան կարդաց Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորական նամակը։

Հանդիսավարուհին էր Լիզա Կիւլէսէրեան՝ Հարվըրտ համալսարանի հայ լեզուի ու մշակոյթի դասատու, իսկ օրուան բանախօսն էր դոկտ. Տիրան Աբէլեան՝ Ուստըրի բազմարուեստից հիմնարկի (WPI) եւ Գալիֆորնիա-Ըրվայնի համալսարանի ճարտարագիտութեան դասախօս։ Իր խօսքին ընթացքին, Աբէլեան ընդգծեց ծագման ու ինքնութեան հպարտութեան գիտակցութիւնը իբրեւ կեանքի յաջողութեան կարեւոր նախադրեալ մը։

Վարժարանի տնօրէնուհին՝ տիկ. Հուրի Պոյամեան, անդրադարձաւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան՝ այսօրուան աշխարհին մէջ, եւ վերանորոգեց իր ուխտը՝ դպրոցը մատչելի պահելու բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք բարձրորակ կրթութեան հետամուտ են իրենց զաւակներուն համար՝ հայկական ամուր հիմքի վրայ։ Դպրոցի Խնամակալ Մարմնի ատենապետը՝ Լեւոն Պարսումեան, խօսեցաւ դպրոցի կրթաթոշակներու ծրագրի մասին եւ մեծարեց տիկ. Պոյամեանը անոր 31ամեայ ծառայութեան համար իբրեւ՝ տնօրէնուհի։

Ձեռնարկին ատենապետուհին՝ տիկ. Նիքոլ Պապիկեան-Հաժար, վեր առաւ դպրոցին դերը համայնքին մէջ, անդրադառնալով 35For35 Challenge նախաձեռնութեան, որ կոչ ուղղած է դպրոցի բոլոր շրջանաւարտներուն՝ դպրոցին 35 տոլար նուիրելու անոր 35ամեակին առիթով։ Այս կոչին արձագանգած են 200 շրջանաւարտներ, շուրջ 7,000 տոլար հաւաքելով։ Տիկ. Հաժար յայտարարեց, թէ տարեդարձին դրամահաւաքի նպատակը՝ 350,000 տոլարի գոյացումը ի նպաստ կրթաթոշակներու ծրագրին, յաջողած էր։ Այդ գումարէն 3,500 տոլար պիտի նուիրուի Քարեգահի (Ղարաբաղ) ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզին։ Տիկ. Հաժար շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքը ծրագրող խումբին, որ բաղկացած է դպրոցի այժմու եւ նախկին ծնողներէ։

Ձեռնարկի ընթացքին, Լոս Անճելըսէն յատկապէս հրաւիրուած MisterX (Արթուր Յակոբեան) տարբեր լեզուներով իր երգացանկը հրամցուց հանդիսականներուն։

Ծ.Խ. Ս. Ստեփանոս վարժարանը արտադրած է գեղեցիկ տեսերիզ մը ի պատասխան բազմաթիւ սփիւռքահայ ծնողներու յաճախակի հարցումին. «Ինչո՞ւ կարեւոր է զաւակս հայկական դպրոց ղրկելը»։ Դպրոցի Կրթական Յանձնախումբը որոշեց տարբեր մօտեցում մը. հայկական դպրոցէ շրջանաւարտներու սերունդի մը տեսակէտը ներկայացնել։ Վարժարանի Կրթական Յանձնախումբի համա-ատենապետուհի Հէտըր Քրաֆեան որոշած էր ձեռնարկել այս աշխատանքին եւ Ս. Ստեփանոսի շրջանաւարտներու անթիւ յիշատակները հաւաքել ու վաւերագրել։ Անոր արտադրած ու բեմադրած տեսերիզին օժանդակած են դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, աշակերտութիւնը եւ շրջանաւարտները։ 
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ 
ՓՐԱԻՒՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ «ԱՐՄԻՆԻԸՆ ՖԵՍԹ»Ի ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ 
«Արմինիըն Ֆեսթ»ի տեսարան մը 
Համադամ ուտելիքներ հրամցուեցան երկօրեայ փառատօնին ընթացքին .
«Մուրատ» ազգային վարժարանի աշակերտներու պարերը 
Փրաւիտընսի «Արմինիըն Ֆեսթ»ի հիւրերը՝ մեծ թէ փոքր, հայ թէ ոչ-հայ, տուն վերադարձած էին աշխարհագրական ընդարձակ գօտիէ մը՝ Նիւ Հէմշիրէն մինչեւ Ֆլորիտա եւ Ճորճիայէն մինչեւ Շիքակօ։ Ռոտ Այլընտ նահանգի ամենամեծ ազգային փառատօնին մէջ, անոնք վայելեցին լաւագոյն ճաշերը։ Դիտեցին Համազգայինի «Արցախ» պարախումբի եւ «Մուրատ» ազգային վարժարանի աշակերտներուն ու շրջանաւարտներուն պարերը, եւ ունկնդրեցին տեղացի երաժիշտներու հայկական նուագը։ Անուշեղէններու բաժնին առջեւ, միշտ սպասող շարք մը կար։ Ներկաները հայկական հագուստներ, գիրքեր ու ձեռագործներ գնեցին, եւ պատմական աննման ցուցադրութիւն մը դիտեցին։ Տեղի ունեցան ժամական վիճակահանութիւններ, գործածուած իրերու վաճառք, լուռ աճուրդ եւ այլ ձեռնարկներ։ Կազմակերպիչներուն կ՚օժանդակէին խորանի ծառայողները, ՀՄԸՄի սկաուտները եւ ՀԵԴի կրտսերները՝ սեղաններու մաքրութեան եւ այլ գործերու համար։ Երկօրեայ ձեռնարկը կը ծանուցուէր ընկերային ցանցի, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի միջոցաւ։

«Արմինիըն Ֆեսթ»ի Կիրակի օրը, առաջին անգամ ըլլալով, ամերիկեան Վեթերաններու Օրուան առիթով յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ալիշա Ֆիլիփսի եւ Շանթ Եղեանի առաջնորդութեամբ, բոլոր մասնակիցները ամերիկեան օրհներգը երգեցին։ Այնուհետեւ, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գաբրիէլ քհն. Նազարեան, օրհնութիւնը կատարեց եւ աղօթեց բոլոր վեթերաններուն համար։
ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ԾԽԱԿԱՆ ՄԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «ԳԱՐՏԱՇԵԱՆ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ
Արմէն Ճգնաւորեան ստացաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի 2019ի «Վահան Գարտաշեան» մրցանակը անցեալ Նոյեմբերին 9ին՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Մասաչուսեթսի համալսարանի Lowell Inn and Conference Centerին մէջ։ Նկարը կը ներկայացնէ Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգաբարձուներ եւ երեսփոխաններ, որոնք ներկայ էին ձեռնարկին։ Ձախէն՝ Կրեկըրի Մինասեան (Ազգային Երեսփոխանան Ժողովի երեսփոխան), տիկ. Քէրոլ Մինասեան, Սթիվըն Մահլեպճեան (հոգաբարձու), Սիլվիա Մահլեպճեան (հոգաբարձու), Արմէն Ճգնաւորեան («Գարտաշեան» մրցանակ ստացող), տիկ. Սօսի Ճգնաւորեան (երեսփոխան), Տ. Ստեփան քհն. Պալճեան (հոգեւոր հովիւ), Քրիսթին Քուրքունեան (հոգաբարձութեան նախկին ատենապետուհի) եւ Արմէն Քուրքունեան (հոգաբարձու)։  
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրած է Եուրին, որ կը վայելէ Քրիսթոֆըր եւ Սոնիա Ուէլշերու հովանաւորութիւնը։  
Բարեւ ձեզ։ Ես Եուրի … եմ, 16 տարեկան։ Սովորում եմ Սիւնիքի տարածաշրջանային պետական քոլէջում, «Տրանսպորտային միջոցների շահագործում եւ նորոգում բաժնում», II կուրս։ Ունեմ մէկ քոյր, մէկ եղբայր։ Եղբայրս ուսանող է ԲՈՒՀ-ում, իսկ քոյրս այս տարի առաջի անգամ այցելեց մանկապարտէզ։ Իմ օրը ես անց եմ կացնում շատ լեցուն կերպով։ Առաւօտեան արթնանում եմ, քրոջս տանում մանկապարտէզ, որից յետոյ գնում դասի, իսկ դասերից յետոյ գալիս է օրուայ իմ ամենասիրելի պահը՝ ժամանակ անց կացնել ընկերներսիս հետ։ Շաբաթս աւարտում եմ գիւղում։ Այնտեղ տատիկիս օգնում եմ տարբեր աշխատանքներով։ Առհասարակ ես սիրում եմ գիւղը, քանի որ այնտեղ շատ հանգիստ է եւ մաքուր։

Սիրով՝ Եուրի 
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,  սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով  ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։  
ՀԵՆՐԻ Ֆ. Պ. ԼԻՆՉ (մահ՝ 24 Նոյեմբեր, 1913)
“Man” հանդէսին մէջ, գրախօս մը գրած է. «Արդիւնքը՝ ճամբորդական նոթերու եւ տպաւորութիւններու, պատմական եւ հնագիտական հետազօտութեան, քաղաքական խորհրդածութեան եւ աշխարհագրական տեղեկատուութեան՝ հոյակապ կերպով հրատարակուած ու պատկերացարդուած այս խառնուրդն է»։ Խօսքը Հենրի Ֆիննիս Պլոս Լինչի “Armenia: Travels and Studies” («Հայաստան. Ճամբորդութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ») հատորի մասին էր, որ 20րդ դարու սկզբնաւորութեան Հայաստանի մասին պատմական ու աշխարհագրական տեղեկատուութեան առաջնակարգ աղբիւրը դարձած է՝ անգլերէն լեզուով։

Լինչ անգլիացի ճամբորդ եւ քաղաքագէտ մըն էր՝ հայկական ծագումով։ Մօրենական մեծ հայրը՝ Ռոպըրթ Թայլըր՝ անգլիական Արեւելա-Հնդկական Ընկերութեան քսանամեայ զինուորական մըն էր, որ Պարսկաստան ուղարկուած եւ Շիրազի հայ վաճառականի մը 12ամեայ դստեր՝ Ռոզի հետ փախած էր 1790ական թուականներուն։ Անոր դուստրերէն մէկը՝ Գարոլայն, ամուսնացած էր հազարապետ Հենրի Պլոս Լինչի հետ, որ կը պատկանէր Արեւելա-Հնդկական Ընկերութեան նաւատորմիղին։ 1841ին վերջինս հիմնած է «Լինչ եղբայրներ» ընկերութիւնը Պաղտատի մէջ, որ Մեծն Բրիտանիայէն դէպի Միջագետք ապրանք կ՚արտածէր, երկու եղբայրներու հետ։ Այդ եղբայրներէն մէկը՝ Թոմըս, որ Տապլինի Թրինիթի գոլէճի դասական գիտութիւններու մասնագէտ էր, ամսունացած է Գարոլայնի քրոջ՝ Հարիէթի հետ, որ Հ. Ֆ. Պ. Լինչի մայրը դարձած, իսկ միւս եղբայրը՝ Սթիվըն, ամուսնացած է ուրիշ հայ վաճառականի մը աղջկան հետ։

Հենրի Ֆ. Պ. Լինչ ծնած է 18 Ապրիլ, 1862ին, Լոնտոնի մէջ։ Ուսումը ստացած է Էթոն գոլէճի, Հայտըլպէրկի համալսարանի (Գերմանիա) եւ Գեմպրիճի Թրինիթի գոլէճին մէջ։ Իրաւաբանական կրթութիւն ստանալով, այս ճիւղը ձգած է՝ «Լինչ եղբայրներ»ու մէջ աշխատելու համար։ 1880ական թուականներու վերջաւորութեան, մեկնած է Պաղտատ՝ ընկերութեան գործերուն ծանօթանալու եւ զայն Պարսկաստանի մէջ տարածելու համար։ 1896ին ընկերութեան նախագահը դարձած է։

Մինչ այդ, իր հայկական ծագումը (որուն չէ անդրադարձած գիրքին մէջ) թերեւս զինք մղած է եօթ ամսուան ճամբորդութիւն մը կատարելու թրքական եւ ռուսական Հայաստանի մէջ, 1893-1894ին, որուն ընթացքին ներկայ գտնուած է Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոսական գահակալութեան։ Երկրորդ, չորս ամսուան ճամբորդութիւն մը կատարած է 1898ին՝ Ֆ. Օսվալտի ընկերակցութեամբ, որուն հետ միասին արտադրած է պատմական Հայաստանի ու դրացի երկիրներու մանրամասն քարտէս մը։ Երեք տարի ետք, լոյս ընծայած է իր երկհատոր գիրքը՝ «Հայաստան»։ Գիրքը վերատպուած է 1967ին, 1990ին եւ 2011ին։ 1990ի վերատպումը կատարուած է Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ։ Երկհատոր հրատարակութիւնը՝ քարտէսի գունաւոր վերատպութեամբ, շուտով սպառած է։ Հատորը երկիցս հայերէնի թարգմանուած է (Լոնտոն՝ 1902, եւ Կ. Պոլիս՝ 1913-1914)։ Լինչ գրած է Անիի Մայր Տաճարին մասին. «Այս տարբեր յատկանիշներուն մեր ուսումնասիրութենէն կրած տպաւորութիւնը այն է, որ մեզի ներկայացուած է գեղարուստական բարձրագոյն արժանիք ունեցող յուշակոթող մը, որ ցոյց կու տայ մշակոյթի չափանիշ մը, որ շատ աւելի յառաջացած էր, քան Արեւմուտքի ժամանակակից չափանիշերը»։

1906-1910ին, Լինչ բրիտանական Խորհրդարանի երեսփոխան եղած է՝ Ռիփոն քաղաքի կողմէ։ Յանկարծամահ եղած է Գալէի մէջ (Ֆրանսա), 24 Նոյեմբեր 1913ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ    (   www.armenianprelacy.org   ). 
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս շաբթուան արխիւային լուսանկարը Մայիս 5, 1994ին առնուած է՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած Մայրերու Օրուան ճաշկերոյթի մը, որ տեղի ունեցած է Նիւ Եորք St. Regis պանդոկին մէջ։ Ճաշկերոյթին տեղի ունեցած է հայկական արքայական զգեստներու ցուցադրութիւն մը, որ մեծ գոհունակութեամբ ընդունուած է հիւրերուն կողմէ։ Այս նմոյշներուն ներկայացումը կատարած է դոկտ. Հրանտ Մարգարեան, որ 3000 տարուան հայոց պատմութեան նկարագրականը տուած է։ Աւարտին, փողերախումբ մը նուագած է «Սարդարապատ» երգը, որ «Մեծ Հայրենիք»ի յուզիչ մեկնաբանութեան մը հետ միախառնուած է։ Զգեստներու ներկայացումը բխած ու կազմակերպուած էր Մոնթրէալի Համազգայինի կողմէ։ Նախագծողը եղած է տիկ. Անի Ճէսուրեանը, որ գաղափարը յղացած է կարդալէ ետք յօդուած մը, ուր թուրք պաշտօնատար մը կ՚ըսէր. «Ե՞րբ հայերը թագաւորութիւն մը ունեցած են, որ հիմա հող կը պահանջեն»։ 
ՁԵՐ 2020Ի ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ ՃԱՄԲՈՒ ՎՐԱՅ Է
Ազգային Առաջնորդարանի 2020ի յուշատետրը ճամբու վրայ է եւ շուտով պիտի հասնի ձեզի։ Կողքը կը ներկայացնէ 1920ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագրի պաշտօնական հրատարակութիւնը։ Վարը՝ ձախէն աջ, ներկայացուած են ըստ դաշնագրի՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանները գծող նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրող Աւետիս Ահարոնեանի լուսանկարները։ Լուսանկարներուն միջեւ զետեղուած են դաշնագրի ստորագրութեան համար Ահարոնեանի օգտագործած գրիչը եւ անոր ստորագրութիւնը։

Ազգ. Առաջնորդարանի յուշատետրը լոյս տեսած է, շարունակական կերպով, 1974էն ի վեր։ Շնորհակալ ենք տարիներու ձեր աջակցութեան ու քաջալերանքին համար։
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք  crossroads@armenianprelacy.org  հասցէին պէտք է յղուին։ Վերջերս Լ. Կէլէնեան գրած է. «Կը վայելեմ ու կը սորվիմ «Հայ լեզուի անկիւն»էն ու կը սպասեմ իւրաքանչիւր համարի»։


“Crossroads”ին թղթակցութիւններ առաքելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
23 Նոյեմբեր Գոհաբանութեան Օրուան ընթրիք, կազմակերպութեամբ Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի, կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Տեղեկութիւններու/տեղ պահելու համար՝ 508-234-3677։

24 Նոյեմբեր Գոհաբանութեան Օրուան ճաշ, կազմակերպութեամբ Ս Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին, ժամը 1։00ին, «Ճան Բաշալեան» սրահէն ներս։ Սակ՝  $30 (12 տարեկանէն վար՝ անվճար), կը ներառնէ՝ ճաշ, գինի եւ ոչ-ալքոլային խմիչքներ։ Տեղի պիտի ունենայ նաեւ երաժշտական յայտագիր եւ վիճակահանութիւն։

5 Դեկտեմբեր- «Կոմիտաս-150» գիրքի ներկայացում, հրատարակութիւն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

7 Դեկտեմբեր— Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս) տարեկան պազար (Pleasant Street Christian Reform Church Hall, 25 Cross Street, Whitinsville), առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30։ Ընթրիքը պիտի սպասարկուի ժամը 11:30ին։

7 Դեկտեմբեր— «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Առաջնորդարանի շէնքին մէջ, առաւօտեան ժամը 10։00էն 12։30։
Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք հեռաձայնել Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակի տնօրէնուհի Մարի Կիւլիւմեանին՝ 212-689-7231 թիւին։ Ել-նամակ՝ ANEC@armenianprelacy.org

14 Դեկտեմբեր— Club 27 . Օննիկ Տինքճեան, Ռաֆֆի Մասոյեան, Սթիւ Ոսպիկեան, Ճիմ Գզիրեան եւ Արա Տինքճեան, «Ճան Բաշալեան» սրահին մէջ, Ս Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, Նիւ Եորք։ Մուտք՝ $25։

15 Դեկտեմբեր— Նորատիպ "Praying with the Armenian Apostolic Orthodox Church" գիրքի ներկայացում Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի կողմէ, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք։

19 Դեկտեմբեր— Մայքլ Փափազեանի “The Doctor of Mercy: The Sacred Treasures of St. Gregory of Narek” նոր գիրքի (The Liturgical Press) ներկայացում՝ երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ (138 E. 39th Street, New York City), հեղինակին ներկայութեամբ։

22 Դեկտեմբեր —Ծննդեան երգահանդէս, ժամը 2։00ին, կազմակերպութեամբ՝ Ս Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Նիւ Եորք, կատարողութեամբ՝ Անահիտ Զաքարեանի, Անահիտ Պօղոսեանի եւ Անահիտ Ինճիկիւլեանի։

31 Դեկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։

 15 Մարտ, 2020 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 

 28 Մարտ, 2020 —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

 13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 

31 Մայիս, 2020 —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։ Մանրամասնութիւնները յետագային։
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/