SHARE:  
4 Յուլիս, 2019
4 ՅՈՒԼԻՍ՝ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Այսօր՝ Հինգշաբթի , 4 Յուլիս , Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 243 րդ տարեդարձը կը նշուի։ Առաջին Քոնկրէսին կողմէ երկրի Անկախութեան հռչակագրի վաւերացման տօնն է։

Այս ճշմարտութիւնները ինքնին բացայայտ կը նկատենք .  

որ մարդիկ հաւասարապէս ստեղծուած են ,  

որ իրենց Արարիչին կողմէ օժտուած են որոշ անբռնաբարելի իրաւունքներով ,  

որ անոնց շարքին են կեանքը , ազատութիւնը եւ երջանկութեան հետապնդումը ,  

որ կառավարութիւնները հաստատուած են մարդոց մէջ՝ այս իրաւունքները ապահովելու համար , իրենց արդար լիազօրութիւնները ածանցելով կառավարուողներու հաւանութենէն։  

Որ երբ կառավարութեան որեւէ ձեւ կործանարար կը դառնայ այդ նպատակներուն համար , ժողովուրդի իրաւունքն է փոխել կամ ջնջել զայն , եւ նոր կառավարութիւն հաստատել՝ անոր հիմքը դնելով այնպիսի սկզբունքներու վրայ եւ անոր լիազօրութիւնները կազմակերպելով այնպիսի ձեւով , որ աւելի հաւանաբար անոնց ապահովութիւնն ու երջանկութիւնը յառաջ պիտի բերէ։  
(Հատուած՝ ԱՄՆի Անկախութեան հռչակագրէն)

Հռչակագրի գլխաւոր հեղինակը՝ Թոմըս Ճէֆըրսընը , մաս կը կազմէր յատուկ յանձնախումբի մը՝ Ճոն Ատամզի եւ Պենճըմին Ֆրէնքլինի հետ։ Ան Հռչակագիրը նկարագրած է որպէս «կոչ մը՝ աշխարհի դատաստանին»։ Հռչակագիրը երբեւէ գրուած ամենէն կարեւոր փաստաթուղթերէն մէկը կը նկատուի եւ իր ազդեցութիւնը կը շարունակէ պահել մարդկութեան մտածողութեան վրայ։ Անոր մարմնաւորած սկզբունքները հնչած են արար աշխարհին։ Բոլոր բարենորոգիչները , ուր որ եղած ըլլան եւ ինչ դատ ալ հետապնդած ըլլան , հանրութեան յիշեցուցած են , որ « մարդիկ ստեղծուած են հաւասար » ։ Պայքարելով հակաժողովրդավարական վարչակարգերու դէմ , մարդիկ միշտ յիշեցուցած են , արձագանգելով Ճէֆըրսընի խօսքերուն , թէ կառավարութիւնները կը քաղեն « իրենց արդար լիազօրութիւնները կառավարուողներու հաւանութենէն » ։

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Անթիլիասի մէջ , 2 Յուլիսին , Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը : Այնուհետեւ հնչեցին Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քայլերգները , որմէ ետք Արամ Ա . կաթողիկոս իր պատգամը փոխանցեց համագումարին մասնակցողներուն :

Արամ Ա , Վեհափառը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանէն , Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէ Անթիլիաս ժամանած հիւրերուն , որոնք միասնաբար պիտի քննեն եւ արժեւորեն մամուլին առանցքային տեղը հայ կեանքին մէջ ՝ համագործակցութեան նոր ուղիներ ճշդելով : « Հայ մամուլի ծառայութեան լծուած մշակներու համախումբ ու միատեղ ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է մամուլին ներկայացուցած համահայկական կարեւորութեան եւ անոր վիճակուած ճշդորոշիչ դերին », ընդգծեց Վեհափառը :

Վեհափառ Հայրապետին պատգամին յաջորդեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը , զոր կարդաց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, եւ համագումարի պատուոյ հիւր Աննա Յակոբեանի ելոյթը :

Յիշեցնենք , որ հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը պիտի վերջանայ այսօր, 4 Յուլիս :

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)
Կիրակի, 30 Յունիսին, Արեւելեան թեմի եկեղեցիները հայրապետական աղօթքներ եւ օրհնութիւններ մատուցեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան ու օծման 24ամեակին առիթով։ Վեհափառ Հայրապետը օծուած է 1 Յուլիս, 1995ին, ու իր գահակալութեան ընթացքին նոր էջեր բացած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բազմադարեան պատմութեան մէջ, արձանագրելով կրթական, կրօնական եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ, մեր ինքնութեան հզօրացումին ուղղուած ձեռնարկներ, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացում ու ամրապնդում, Հայ Դատի զօրակցութիւն եւ շինարարական մեծաթիւ ծրագիրներու իրագործում։

Նորին Սրբութեան կը մաղթենք առողջութիւն եւ յաջողութիւն՝ Կիլիկեան Աթոռի ղեկավարութեան մէջ։ 

Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)

Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 20ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ՝ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Քսան տարի առաջ՝ 29 Յունիս, 1999ին, իր անժամանակ մահկանացուն կը կնքէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գահին 131րդ գահակալը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Գարեգին Ա. (Սարգիսեան) ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ եղած է 1974-1977, Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ 1977-1995, եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ 1995-1999։ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը սգաց ղեկավարի յատուկ ձիրքերով ու հեռատեսութեամբ օժտուած Վեհափառ Հայրապետին մահը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., այս առիթով յայտարարեց, թէ 20ամեակի հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին, երջանկայիշատակ Վեհափառի գերեզմանին կողքին՝ Ս. Էջմիածին։ Արարողութեան պիտի հետեւին շարք մը ձեռնարկներ՝ ընդունելութիւն՝ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին մէջ, Վեհափառին նուիրուած լուսանկարներու եւ արխիւային նիւթերու ցուցահանդէս, սրբազան երաժշտութեան համերգ եւ գիտաժողով։ Օրուան յայտագիրը պիտի եզրափակուի ընթրիքով՝ նորաբաց Վեհարանին մէջ։ 

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՍԿՍԱՒ
Կիրակի, 30 Յունիսին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը սկսաւ իր 33րդ տարեշրջանը։ Այս տարի, 11 ծուխերէ եկած 39 աշակերտներ կը մասնակցին ծրագրին, որ կը վայելէ թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի բարձր հովանաւորութիւնը։ «Տաթեւ»ը, որ կը կազմակերպուի Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ, քրիստոնէական նիւթերով յայտագիր մը կը հրամցմէ 13-18 տարեկան պատանիներու՝ իւրայատուկ միջավայրի մը մէջ։ Ծրագիրը մէկ շաբաթ կը տեւէ եւ քրիստոնէական կրթութեան կը զուգակցի աղօթք, պաշտամունք եւ ընկերային ու մարզական գործունէութիւն։ «Տաթեւ» ծրագիրը կը վարէ թեմիս առաջնորդական փոխանորդ եւ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան։
« ԱՐԵՆԻ » ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԸ
Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան եւ «Արենի» երգչախումբի երաժշտական ղեկավար 
Արմինէ Վարդանեան
Կիրակի , 30  Յունիսին Տ Մեսրոպ   քհնյ. Լագիսեան ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Արենի» երգչախումբի համերգին, ղեկավարութեամբ՝ Արմինէ Վարդանեանի։ «Կոմիտաս եւ նրա ժառանգները» խորագրուած համերգը նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակին եւ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի «Մերքին» համերգասրահին մէջ։

Իր ուղերձին մէջ, Տ. Մեսրոպ շնորհաւորեց երգչախումբը այս համերգին առիթով եւ շեշտեց. «Մշակոյթը միշտ կարեւոր դեր մը խաղացած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին։ Մեզ համախմբող ուժ մըն է։ Յուզիչ է «Արենի»ի աշխատանքը՝   մշակոյթը կենսունակ պահելու համար մեր համայնքին մէջ»։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց խմբավար Արմինէ Վարդանեանին եւ երգչախումբի անդամներուն իրենց նուիրումին եւ իրագործումներուն համար։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՅՈՒԼԻՍ
Դ. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ


ԹՈՒՂԹ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:25-8:11

Բայց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ , մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ :

Ապա ուրեմն , ես ինքս միտքով Աստուծոյ Օրէնքին կը ծառայեմ , իսկ մարմինով՝ մեղքի օրէնքին :

Եթէ այդպէս է , կը նշանակէ թէ անոնք որ Քրիստոս Յիսուսի միացած են , դատապարտութեան ենթակայ չեն , քանի մարմնաւորապէս չեն ապրիր , այլ՝ հոգեւորապէս : Որովհետեւ Հոգիին Օրէնքը զիս Քրիստոս Յիսուսի միացնելով կենդանացուց եւ ազատեց մեղքի եւ մահուան ենթակայութենէն : Արդարեւ , ինչ որ Օրէնքը չէր կրնար ընել , մարդկային բնութեան տկար ըլլալուն պատճառով , Աստուած իրագործեց՝ աշխարհ ղրկելով իր Որդին , որ մեղքը յաղթահարելու համար մեր մեղանչական բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ իր մարմինին մէջ դատապարտեց մեղքը , որպէսզի մենք , որ հոգեւորապէս կ ապրինք եւ ո՛չ մարմնաւորապէս , կարենանք լրիւ գործադրել Օրէնքին բոլոր պահանջքները : Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղեկավարուին , անոնց մտածելակերպը մարմնական է . մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ ապրին , անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է : Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ , մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն : Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է , որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր , ո՛չ ալ կրնայ հնազանիլ : Ահա թէ ինչու , անոնք որ մարմնականին կը հետեւին , Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ :

Եթէ իրապէս Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի , կը նշանակէ՝ թէ դուք այլեւս մարմնական ցանկութիւններուն համաձայն չէք ապրիր , այլ՝ Սուրբ Հոգիին կամեցած ձեւով : Իսկ ով որ Քրիստոսի Հոգին չունի , անոր չի պատկանիր : Եթէ Քրիստոս ձեր մէջն է , թէպէտեւ ձեր մարմինները պիտի մեռնին , որովհետեւ մեղանչեցիք , սակայն Սուրբ Հոգին դարձեալ կեանք պիտի տայ ձեզի , որովհետեւ արդարացաք : Այսինքն , եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի , Աստուած՝ որ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց , իր Հոգիին միջոցաւ՝ որ ձեր մէջ կը բնակի , պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները։

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:38-45

Այն ատեն Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին Յիսուսի.
Վարդապե՛տ, կ’ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.

Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ’ուզէք, բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի: Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ: Դատաստանի օրը Նինուէացիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար: Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար: Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս:

Երբ չար ոգին դուրս կ’ելլէ մարդու մը մէջէն, կ’երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար: Եւ երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ’ըսէ. «Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»: Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ պարապ, մաքուր եւ յարդարուած: Ապա կ’երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ’ըլլայ: Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին:
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 1:21-31

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՆՇԽԱՐՆԵՐՈՒ ԳԻՒՏԸ
Շաբաթ, 6 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած երեք տօներէն մէկը՝ անոր նշխարներուն գիւտը։ Լուսաւորիչը՝ մեր եկեղեցւոյ հովանաւոր սուրբը, քրիստոնէութեան լոյսը սփռած է ամբողջ Հայաստանի մէջ, շինած է եկեղեցիներ, որոնց շարքին՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը, հաստատած է առաջին կանոնագիրքը, գրած է բազմաթիւ աղօթքներ եւ կազմակերպած է եկեղեցական արարողութիւնները։

Տարիներու տքնաջան աւետարանչական գործէ ետք, Ս. Գրիգոր ընտրած է առանձնութիւնն ու ճգնաւորական կեանքը, հաստատուելով Սեպուհ լերան քարայր մը, ուր եւ վախճանած է։ Անոր մարմինը գտնուած է հովիւներու կողմէ, որոնք զինք թաղած են քարակոյտի մը տակ՝ առանց անդրադառնալու իր ինքնութեան։ Աւելի ուշ, Գառնիկ Բասենցի անունով ճգնաւոր մը, որ Գրիգորի աշակերտը եղած էր, տեսիլքի մը հետեւելով՝ Սեպուհ լեռ գացած ու թաղման վայրը գտած է։ Ան սուրբին աճիւնները տարած է Թորդան գիւղը՝ Տրդատ թագաւորի գերեզմանավայրը, ու հոն թաղած։

Ս. Գրիգորի աջէն նշխարներ՝ ոսկեայ բազուկի մէջ զետեղուած, կը գտնուին մեր երկու կաթողիկոսարաններէն ներս՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ Աթոռ, Անթիլիաս։ Հինաւուրց աւանդութեան հետեւելով, կաթողիկոսները Ս. Գրիգորի աջով կը խառնեն նոր ու հին միւռոնները իրարու։ 

ԴԱՆԻԷԼ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ՈՒ ԻՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
Թորոս Ռոսլինի կողմէ նկարազարդուած Մաշտոց, Սիս, 1266
Երեքշաբթի, 9 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Դանիէլ մարգարէն ու անոր ընկերները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբէթնագօ։ Գերութենէն ետք, Դանիէլն ու ընկերները արժանացած էին Բաբելոնի թագաւոր Նաբուգոդոնոսորի բարեհաճութեան։ Սակայն, անոնք մերժեցին հնազանդիլ թագաւորի հրամանին՝ իր մեծադիր արձանը աստուծոյ նման պաշտելու եւ երեքով նետուեցան խոշոր հնոցի մը մէջ։ Բոցերը դուրս եկան հնոցէն ու յարձակեցան շուրջը գտնուողներուն վրայ, մինչ երեք պատանիները անվնաս կը քալէին անոնց մէջ։ Ասիկա տեսնելով թագաւորը հրամայեց, որ ազատ արձակուէին, իսկ ինք՝ կրօնափոխ եղաւ։ (Ամբողջական պատումին համար, տե՛ս Դանիէլի գիրք, գլ. 1-3)։   
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ՌԷՅՍԻՆԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂԸ
Կիրակի, 30 Յունիսին, Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծուխը իր տարեկան մատաղը ունեցաւ եկեղեցւոյ տարածքին վրայ։ Համայնքի այս աւանդական ձեռնարկը, որ տեղի կ՚ունենայ աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր, քով-քովի բերաւ ծխականները, բարեկամներ ու ընտանեկան պարագաներ՝ ընկերային հաճելի պահ մը պարգեւելով բոլորին։ Հոգեւոր հովիւ` Տ. Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեան կատարեց Անդաստանի արարողութիւնը, հոգեհանգիստը եւ մատաղօրհնութիւնը։   
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Ծրագրին մաս կը կազմէ հովանաւորուած երեխաներուն թղթակցութիւնը իրենց հովանաւորին հետ։ Պարբերաբար այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք “Crossroads”ի մէջ։ Երեխաներուն ինքնութիւնը պահպանելու համար, միայն անոնց անունը կու տանք։ 

Ես Թագուհի .... եմ։ Ծնուել եմ Արճիս գիւղում 2011 թ.-ի յունուարի 7-ին եւ մինչ օրս ապրում եմ այնտեղ։ 6 տարեկանից յաճախել եմ մանկապարտէզ, իսկ 7 տարեկանից՝ դպրոց, հիմա սովորում եմ II-րդ դասարանում։ Դպրոցի առարկաներից շատ սիրում եմ մաթեմատիկան, շախմատը։ Սիրում եմ պարել, խաղալ։ Սիրում եմ նաեւ կենդանիների հետ խաղալ, դաշտային ծաղիկներ հաւաքել եւ մայրիկիս նուիրել։ Սիրում եմ մայրիկիս անակնկալներ մատուցել։ Հոգ եմ տանում մայրիկիս մասին, երբ հիւանդ է լինում։

Ապրում եմ մայրիկիս, քոյրիկիս, պապիկիս հետ։ Պապիկս թոշակառու է, չի աշխատում։ Մայրիկս զբաղւում է մեր խնամքով, նոյնպէս չի աշխատում։ Հայրիկս մահացել է 2010 թ.-ին երբ ես դեռ չէի ծնուել, իսկ տատիկս արդէն 2 տարի է ինչ մահացել է։ Քոյրիկս սովորում է 5-րդ դասարանում, ապրում ենք վթարային բնակարանում։ Երազում եմ ունենալ երկանիւ հեծանիւ։

15.03.2019                                                                              Թագուհի

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻՆ
Հովանաւորութեան սպասող որբերու ցուցակ մը ունինք։ Եթէ կ՚ուզէք հովանաւոր դառնալ, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ՝ Սոֆիին դիմելով կա՛մ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) եւ կա՛մ հեռաձայնով (212-689-7810)։  
ԳՐԻԳՈՐ ՉՈՒԲԱՐԵԱՆ ( ծնունդ՝ 6 Յուլիս, 1888)

Խորհրդային Հայաստանի օրէնքի լաւագոյն մասնագէտներէն մէկն էր Գրիգոր Չուբարեանը, որ ստալինականութեան զոհ դարձած է։

Ծնած է 6 Յուլիս, 1888ին, Թոփտի հայաբնակ գիւղը՝ Նոր Նախիջեւանի շրջանին մէջ (Դոնի Ռոստով, Հիւսիսային Կովկաս)։ Նոր Նախիջեւանի մէջ իր կրթութիւնը ստանալէ ետք, Եարոսլաւլի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղին հետեւած է, միաժամանակ շրջանաւարտ ըլլալով Մոսկուայի համալսարանի պատմագիտութեան ճիւղէն։ 1913ին վերադառնալով Դոնի Ռոստով, աշխատած է իբրեւ իրաւաբան եւ միաժամանակ զբաղած է լրագրութեամբ։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Չուբարեան մնայուն կերպով հաստատուած է Երեւան։ 1920-1924ին արդարութեան կոմիսարի (նախարար) տեղակալն էր։ Որպէս այդպիսին, գլխաւորած է հանրապետութեան օրէնսդրութիւնը մշակելու, կարգաւորելու եւ հրապարակելու գործը, ներառեալ 1922ի Սահմանադրութիւնը, քրէական դատավարութեան եւ հողային օրէնսգիրքերը, դատարանի կազմութեան եւ այլ տեսակի օրէնքներ։ Անձամբ մշակած է կարգ մը օրէնքներու նախագիծեր։

1920ին Չուբարեան Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս նշանակուած է, ու այդ պաշտօնը վարած մինչեւ 1937, երբիր եղբօր՝ Եղիայի նման (համայնավար գործիչ ու խմբագիր), ստալինեան մաքրագործումներու զոհ դարձած է՝ դատապարտուելով աքսորի։ Անոր բոլոր գործերը փճացած են, սակայն, ի տարբերութիւն եղբօր, որ մահացած է 1937ին, կարողացած է վերապրիլ աքսորէէն ետք։ 1956ին արդարացուելով, շարունակած է աշխատիլ համալսարանին մէջ։ 1957-1962 դասընթացքներ վարած է պետական օրէնքի, խորհրդային օրէնքի, խորհրդային սահմանադրական օրէնքի, քրէական դատավարութեան, քրէական օրէնքի եւ հռետորական արուեստի մասին։

Չուբարեան լաւ ծանօթ էր փիլիսոփայական եւ ընկերա-քաղաքական մտքին, ինչպէս եւ հայոց պատմութեան, գրականութեան ու արուեստի պատմութեան։ Ան կարեւոր նպաստ բերած է հայկական իրաւաբանութեան գիտական եզրաբանութեան ստեղծման, առաջին երկլեզու (ռուսերէն-հայերէն) իրաւունքի բառարանը (1924) համահեղինակելով։ Գրած է շարք մը աշխատութիւններ եւ ծաւալուն յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են հայ մամուլին մէջ 1910-1930ական թուականներուն։ 1961ին ստացած է գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումը։

Գրիգոր Չուբարեան մահացած է 6 Սեպտեմբեր, 1962ին, 74 տարեկան հասակին, Երեւանի մէջ։ Անոր կիսանդրին զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ, խորհրդանշելով անոր դերը այս հաստատութեան կայացման եւ զարգացման մէջ։ Ան հայրը եղած է քանդակագործ Ղուկաս Չուբարեանին (1923-2009)՝ Մատենադարանի ճակատը գտնուող Մեսրոպ Մաշտոցի արձանի հեղինակը, եւ նկարչուհի Անոյշ Չուբարեանին։ 

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org )
ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Եթէ ըսելիք մը ունիք,  մեզի իմացուցէք։ Գրեցէ՛ք ձեր մտածումները  Crossroads@armenianprelacy.org  հասցէին։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
13 Յուլիս —“Hye Summer Night Dinner-Dance”՝ Ս. Վարդանանց Տիկնանց Միութեան կողմէ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), Crowne Plaza Hotel (Ուորուիք)։ Տեղեկութիւններու համար՝ Ճոյս Պաղտասարեան, 401-434-4467։

4 Օգոստոս —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) տարեկան դաշտահանդէս Քէմփ «Հայաստան»ի մէջ (՚Ֆրէնքլին, Մասաչուսեթս), հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաղողօրհնէք եւ մատաղ՝ կէսօրէ ետք ժամը 3:30ին։ Տեղեկութիւններու համար՝ եկեղեցւոյ գրասենեակ (401) 831-6399.

11 Օգոստոս —Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մեսեչուսեթս) տարեկան դաշտահանդէս Քէմփ «Հայաստան»ի մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաղողօրհնէք եւ մատաղ՝ կէսօրէ ետք ժամը 3:00ին։ Տեղեկութիւններու համար՝ 617-924-5762։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։  Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 

17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/