SHARE:  
11 Յուլիս, 2019
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Հայ Մամուլի տարուան հռչակման առիթով կազմակերպուած համահայկական համաժողովը տեղի ունեցաւ 2-4 Յուլիսին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Վեհափառին:
Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ գործող տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի շուրջ 100 տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ:
Կաթողիկոսի պատգամին, ինչպէս նաեւ համաժողովի ընթացքին ներկայացուած զեկոյցներուն լոյսին տակ, ներկաները հանգամանօրէն քննարկեցին, ի շարս այլոց, հետեւեալ հարցերը՝ 

- Հայկական լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները

- Նորարար արհեստագիտութեան ներմուծած մարտահրաւէրները

- Ընկերային ցանցերու վրայ լրատուական գործունէութիւն ծաւալելու երեւոյթը

- Տեղեկատուական անվտանգութեան եւ հաւաստիութեան խնդիրները

- Միջազգային հանրային կարծիքի ստեղծման նպաստող գործօնները

- Մամուլ-ինքնութիւն եւ մամուլ-մշակոյթ կապը

- Մամուլի մէջ բազմակարծութեան եւ խօսքի ազատութեան դրսեւորման անհրաժեշտութիւնը

- Համազգային պահանջատիրութեան մէջ մամուլին ունենալիք դերը:

Համաժողովը հաստատեց, թէ «մամուլ հասկացողութիւնը ժամանակակից աշխարհի նորարար պայմաններուն մէջ կը շարունակէ ապրիլ ձեւափոխութիւններու գործընթաց մը», ուր դասական լրատուամիջոցներու դէպի համացանց անցում կատարումը հասանելիութեան առաւելութիւնը կ՚արձանագրէ, բայց միաժամանակ կը դիմագրաւէ «անպատասխանատուութեան սահմանը» յաճախ հատելու հարցը՝ «բացարձակ ազատութեան սկզբունքին տակ խորքին մէջ անմակարդակ լրատուութիւն տարածելով»։ Ան դիտել տուաւ, թէ մամուլը միայն տեղեկատու միջոց մը չէ, «այլ յստակօրէն կը կրէ դաստիարակիչ առաքելութիւն», որ սկսած է նուազիլ՝ մարդուժի բացակայութեան, լեզուի տիրապետումի ոչ-մխիթարական վիճակին եւ նուազող տպաքանակին պատճառով։ 

Շեշտուեցաւ, թէ «բազմակարծութիւնն ու ազատ խօսքի իրաւունքի դրսեւորումը աւելի քան անհրաժեշտ են մամուլին համար», ինչ որ կ՚ենթադրէ, որ «կառուցողական քննադատութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը յաճախ պէտք է երեւին հայ մամուլի էջերուն մէջ՝ մեր հանրային հասարակական կեանքի յոռի երեւոյթները սրբագրելու միտումով»։

Հրատարակչական գործունէութեան առընթեր, մամուլը ժողովուրդ-մամուլ կապի ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահելիութեան կը սատարէ քննարկումներ կատարելով մամուլի ակումբներու միջոցով եւ հաւաքական խնդիրներու արձագանգելով։

Հայ մամուլը պիտի շարունակէ զբաղիլ համազգային տարողութիւն ունեցող հիմնահարցերով, ինչպէս հայրենիքի հզօրացումը, Արցախի միջազգային ճանաչումը եւ Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքները, անոնց այժմէական բնոյթը ընդգծելով։ Համաժողովը նաեւ ընդգծեց, թէ մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւնները գործնական լուծումներ կը պահանջեն, ինչպէս հիմնադրամներու յառաջացում, լրագրողներու պատրաստութիւն, լեզուի դասընթացքներ, փոխադարձ այցելութիւններ, եւ այլն։ Մասնակիցները շեշտեցին միասնական նոր ռազմավարութեան մը մշակման եւ համապատասխան նախաձեռնութեան մը դիմելու հրամայական կարեւորութիւնը։
ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊ՝ ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐԸ
Լեզուն պարզ հաղորդամիջոց չէ եղած մեզի համար։ Կրնանք ապահովաբար ըսել, թէ հայ ազգը գոյատեւած պիտի չըլլար ինքնութեան նկատելի դիմագիծով, եթէ երկու գործօններ դեր ունեցած չըլլային՝ Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Լեզուն։ Հայ լեզուն իբրեւ ազգային գոյատեւման ազդակ՝ միայն կը զիջի հայ ժողովուրդի դարձին եւ ազգային եկեղեցիի մը հաստատումին։
Հետեւաբար, լեզուն կրկնակ դեր մը խաղացած է հայոց համար՝ թէ՛ իբրեւ հաղորդամիջոց եւ թէ՛ իբրեւ ազգային գոյապահպանման սատարող ուժ։
Հայոց այբուբենի գիւտը 406 թուականին, Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ լեզուական ուշագրաւ գործիք մը ստեղծեց։ Այբուբենը ստեղծուած էր միայն ու միայն հայոց լեզուին համար՝ իբրեւ խօսակցական լեզուի կատարեալ հնչիւնային վերարտադրութիւն։ 

Նոյնքան եւ աւելի հիանալի երեւոյթ մըն էր գրաւոր մշակոյթի ծաղկումը՝ բոլորովին նոր այբուբենի մը օգտագործումով, որ նախընթաց այբուբենի մը զարգացումը չէր։ Եթէ մեր այբուբենը հայերէն գրելու կատարեալ գործիք մը եղած չըլլար, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս եւ Ոսկեդարու ամբողջ գրականութիւնը գոյութիւն պիտի չունենային։

Այսօր, 11 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Թարգմանիչներուն՝ Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տօնը։ Սուրբ Թարգմանիչներուն նուիրուած տօները մեր ամենէն ժողովրդական ոգեկոչումներուն մաս կը կազմեն։ Տօնացոյցին մէջ, Սահակ ու Մեսրոպ երկու անգամ կը մեծարուին՝ Հոգեգալուստէն ետք չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Հինգշաբթի օրը, այսինքն՝ այսօր, եւ Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրը։ Այս երկու անձնաւորութիւններուն հեռատեսութիւնը, որոնք հայկական ուրոյն այբուբենի մը անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը ունեցան, հայոց պատմութեան ընթացքը փոխեց։ Երկու սուրբերը՝ Սահակ եւ Մեսրոպ, յաւերժօրէն դրոշմուած են հայ ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ԲԱՑՄԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ՊԻՏԻ ՄԱՏՈՒՑԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ 
Երկուշաբթի, 15 Յուլիս, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան բացումը կատարելու՝ իբրեւ հիւր հոգեւորական։ Աղօթքը ուղղակի պիտի սփռուի C-SPAN կայանէն եւ HouseLive.gov կայքէջէն։.

ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԱՐՄԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
Արման Կիրակոսեան՝ Հայաստանի երկրորդ անկախութեան շրջանի ամենէն ծանօթ ու փորձառու դիւանագէտներէն մէկը, իր մահկանացուն կնքած է Շաբաթ, 6 Յուլիսին, 62 տարեկանին, Լոնտոնի մէջ, ուր կը ծառայէր իբրեւ Հայաստանի դեսպան Անգլիոյ մէջ։ Ծնած էր Երեւան, 1956ին, եւ որդին էր յայտնի պատմաբան ու դիւանագէտ Ջոն Կիրակոսեանին։ Ամերիկահայ համայնքը ծանօթացած էր իրեն իբրեւ Հայաստանի դեսպանը Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 1999-2005 ժամանակաշրջանին։ Ան նաեւ եղած էր Հայաստանի մշտական դիտորդ Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան մէջ՝ 2001էն սկսեալ։ Դիւանագիտական ասպարէզ մտնելէ առաջ, Ա. Կիրակոսեան գիտական պաշտօններ վարած էր։ Հեղինակած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ հայերէն ու անգլերէն հատորներ։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանիքին, բարեկամներուն եւ պաշտօնակիցներուն Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան մէջ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐՆ ՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՀՄԸՄ-Ի 29ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՆ
Ուրբաթ, 5 Յուլիսի առաւօտեան, թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ Նիւ Եորքի զոյգ հովիւներու՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեանի եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի, օրհնութիւնը կատարեց ՀՄԸՄի (Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն) արեւելեան ափի Նաւասարդեան խաղերուն, որոնք տեղի ունեցան 4-7 Յուլիսին Լոնկ Այլընտի մէջ։ Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Լոնկ Այլընտի համալսարանի «Փոսթ» բաժանմունքի մարզադաշտին մէջ (Պրուքվիլ, Նիւ Եորք)։ Ներկայ էին բազմաթիւ քաղաքներէ (Ալպընի, Շիքակօ, Պոսթըն, Տիթրոյիթ, Նորթ Անտովըր, Ուոթըրթաուն, Ուաշինկթըն, Շարլոթ, Մոնթրէալ եւ այլն) ժամանած մարզիկներ, ծնողներ, բարեկամներ, ինչպէս եւ ՀՄԸՄի գործունէութեան համակիր բազմութիւն մը։

Շաբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան, թեմիս առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան ներկայ գտնուեցաւ մրցանակաբաշխութեան ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Huntington Hilton պանդոկին մէջ (Մելվիլ, Նիւ Եորք)։ Հայր Սուրբը բացման խօսքը կատարեց պանդոկի գլխաւոր դահլիճին մէջ՝ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։ 
ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՏՈՔԹ. ԱՐՄԷՆ ՏԷՐԵԱՆԻ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ուրբաթ, 28 Յունիսին, տոքթ. Արմէն Տէրեան` Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Յունաստանի Ազգ. Վարչութեան նախկին ատենապետ, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ: Ազգային-եկեղեցական հարցերու շուրջ շահեկան զրոյցի մը ընթացքին, յարգելի հիւրը առիթը ունեցաւ ծանօթանալու Արեւելեան թեմի գործունէութեան:
«ՏԱԹԵՒ» ԾՐԱԳԻՐԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՑ 33ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի շրջանաւարտները (ձախէն աջ՝ Փիթըր Յակոբեան, Կարօ Մինասեան եւ Լիաննա Իսախանեան) Անուշաւան արքեպիսկոպոսի եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի հետ
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ «Տաթեւ»ի 2019ի աշակերտներուն, դասատուներուն եւ անձնակազմին հետ 
Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը ամբողջացուց իր 33րդ տարեշրջանը St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա)։ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս, ծրագրին մասնակցեցան 40 աշակերտներ՝ 12 ծուխերէ եւ 16 հոգեւորական ու աշխարհական դասատուներ եւ օգնականներ։  

Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի հովանաւորութեամբ, ծրագիրը կը հրամցնէ առանձնայատուկ քրիստոնէական դաստիարակութեան յայտագիր՝ 13-18 տարեկան պատանիներու, երրեակ նպատակով.- քրիստոնէական դաստիարակութիւն, աղօթք ու պաշտամունք եւ ընկերական գործունէութիւն։ Ծրագրի վարիչն էր՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

Այս տարի, երեք աշակերտներ շրջանաւարտ եղան «Տաթեւ» ծրագրէն՝ ամբողջացուցած ըլլալով քառամեայ ծրագիրը, իւրաքանչիւր ամառ մէկ շաբաթ։ Շրջանաւարտներն են՝ Փիթըր Յակոբեան (Ս. Սարգիս եկեղեցի, Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Լիաննա Իսախանեան (Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եւ Կարօ Մինասեան (Ս. Խաչ եկեղեցի, Թրոյ, Նիւ Եորք)։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՅՈՒԼԻՍ
Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՏՈՒՓԻ ԳԻՒՏԻՆ ՏՕՆԸ

ԹՈՒՂԹ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 9:30-10:4

Ուրեմն ի՞նչ կ’եզրակացնենք: Հեթանոսները, որոնք Աստուծոյ արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարացան, որովհետեւ Քրիստոսի հաւատացին. մինչդեռ Իսրայէլի ժողովուրդը չարդարացաւ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ, որ տրուած էր՝ մարդիկը արդարացնելու համար: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ չհաւատաց Քրիստոսի, եւ կը կարծէր թէ Օրէնքին գործադրութեամբը պիտի արդարանայ: Ատիկա իսկ պատճառ եղաւ որ գլորին «գայթակղութեան առիթ հանդիսացող քար»ին վրայ, այսինքն՝ Քրիստոսի, որուն համար մարգարէութեան մէջ գրուած է.-

 «Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ քար մը՝
որ գլորումի առիթ պիտի ըլլայ, ժայռ մը՝
որ գայթակղութեան առիթ պիտի հանդիսանայ:
Բայց անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»:

Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը մաղթեմ եւ կ’աղօթեմ որ Աստուած փրկէ Իսրայէլացիները, որովհետեւ կրնամ իրենց մասին վկայել, թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ: Անոնք չհասկցան, թէ Աստուած ի՛նչ ձեւով կ’ուզէր արդարացնել մարդիկը: Արդարանալու իրենց հասկցած ձեւին կառչեցան եւ ուստի չընդունեցին Աստուծոյ արդարութեան ուղին: Մինչդեռ Քրիստոսով Օրէնքը իր վախճանին հասած է եւ միայն Քրիստոսի հաւատացողը կ’արդարանայ:

ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 13:24-30
Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.
Մարդ մը լաւ սերմեր ցանեց իր արտին մէջ: Գիշեր մը, երբ ամէն մարդ քնացած էր, անոր թշնամին եկաւ եւ որոմ ցանեց ցորենին մէջ ու գնաց: Երբ սերմերը աճեցան եւ սկսան հասկ կազմել, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ: Տանտիրոջ ծառաները եկան եւ ըսին անոր. «Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը»: Անիկա պատասխանեց. «Ասիկա թշնամի մարդու գործ է»: Ծառաները ըսին. «Կ’ուզե՞ս որ երթանք եւ որոմը քաղենք»: «Ո՛չ,- պատասխանեց տէրը,- որպէսզի չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեն ցորենն ալ միասին արմատախիլ ընէք: Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակը. այն ատեն հնձուորներուն կ’ըսեմ.- Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ»:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 2:5-11

Ս․ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՈՒՓԻ ԳԻՒՏԻՆ ՏՕՆԸ
Միայն երեւակայել կարելի է ուրախութիւնը Աստուածամօր տուփիկի գտնուելուն առիթով։ Այս Կիրակի, 14 Յուլիսին, տօնն է Աստուածամօր տուփի յայտնաբերման։ Քանի որ ոչ մէկ այլ մասունք ունինք մեզի հասած Ս Աստուածածնի երկրային էութենէն (ան Երկնային է այլեւս), իր անձնական ունեցուածքը կը նկատուի պաշտամունքի առարկայ։ Եկեղեցւոյ գոյութեան առաջին շրջանին, երբ քրիստոնեաները հալածանքի կ՛ենթարկուէին, Աստուածամօր մասունքները կը պահուէին սրբօրէն ու գաղտնի։ Անոր  գօտին էր որ նախ գտնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ 5րդ դարուն։ Այս յայտնագործումը հայոց տոմարին մէջ Աստուածածնի նուիրուած ութը տօներէն առաջինին հիմքն է։

ՏՐԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐԸ, ԱՇԽԷՆ ԹԱԳՈՒՀԻՆ
ԵՒ ԽՈՍՐՈՎԻԴՈՒԽՏ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ
Շաբաթ, 13 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Տրդատ թագաւորը, Աշխէն թագուհին եւ Խոսրովիդուխտ իշխանուհին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը չարչարել ու Խոր Վիրապ նետել տալէ ետք, –որուն հետեւած էր Հռիփսիմեանց կոյսերուն դաժան սպանութիւնը,– Տրդատ թագաւորը զանազան ախտերով վարակուեցաւ։ Աշխէն թագուհի եւ արքայաքոյր Խոսրովիդուխտ (որ գաղտնաբար քրիստոնեայ դարձած էր) համոզեցին թագաւորը, որ միայն Գրիգոր կրնար բուժել զինք։ Գրիգոր ազատ արձակուեցաւ եւ թագաւորի բուժումէն ետք, երեքն ալ օգնեցին անոր, որ քրիստոնէութիւնը տարածէր Հայաստանի մէջ։ Իրենց վերջին տարիներուն, թագուհին ու իշխանուհին ապրեցան Գառնի ամրոցին մէջ, իսկ թագաւորը հանգստեան կոչուեցաւ Ս. Գրիգորի Սեպուհ լերան ճգնարանին մէջ։

Այս շաբաթ նաեւ կ՚ոգեկոչուին՝
Երկուշաբթի, 15 Յուլիս՝ Ս. Կալիստրատոս, 49 վկաները եւ Ղունկիանոս քահանան։
Երեքշաբթի, 16 Յուլիս՝ Ս. Զաքարիա մարգարէ

ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Ծրագրին մաս կը կազմէ հովանաւորուած երեխաներուն թղթակցութիւնը իրենց հովանաւորին հետ։ Պարբերաբար այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք “Crossroads”ի մէջ։ Երեխաներուն ինքնութիւնը պահպանելու համար, միայն անոնց անունը կու տանք։ 

Բարեւ, սիրելի բարերար։

Այս տարի աւարտեցի չորրորդ դասարանը։

Աւարտել եմ հարուածային, պատրաստւում եմ քննութիւն յանձնել մարենի եւ մաթեմատիկա առարկաներից։ Մայրիկս խոստացել է այս ամրանն ինձ տանել մայրաքաղաք։ Ցանկանում եմ այցելել կենդանաբանական այգի, որտեղ երբեւէ չեմ եղել, պատմութեան թանգարան, Երեւանի նորաբաց այգին։ Արձակուրդներին կը գնամ նաեւ տատիկիս գիւղ՝ Սեւաքար, որը Կապանի շրջանի գիւղերից է։ Այն շատ գեղեցիկ գիւղ է, շրջապատուած՝ լեռներով, դաշտերով եւ անտառներով։ Իմ ազգականները գիւղում զբաղւում են անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ։

Շատ եմ ցանկանում բարձրանալ եւ մօտ տարածութիւնից տեսնել Կապանի խորհրդանիշ համարուող Խուստուփ սարը, որի բարձրութիւնը 3206 մ. է, բայց պապիկս ասում է, որ դեռ փոքր եմ։

Յաջորդ նամակում կը նկարագրեմ անցկացրած ամառային արձակուրդի մասին։

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻՆ
Ներկայիս, հովանաւորի սպասող որբեր կան մեր ցուցակին մէջ։ Եթէ կ՚ուզէք անոնցմէ մէկուն հովանաւոր դառնալ, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ՝ Սոֆիին դիմելով կա՛մ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) եւ կա՛մ հեռաձայնով (212-689-7810)։  
ՖՐԵՏԵՐԻՔ ՄԱՔԼԷՐ (մահ՝ 12 Յունիս, 1938)

Հայագիտութիւնը ծաղկած է Արեւմուտքի մէջ աւելի առաջ, քան բուն հայերուն մէջ։ Գլխաւոր կեդրոններէն մէկը եղած է Ֆրանսան, ուր 1811ին հաստատուած Արեւելեան լեզուներու դպրոցը առաջատար դեր մը խաղացած է իր հայագիտական ամպիոնով։ Անցեալ դարու առաջին երեսնամեակին, Ֆրետերիք Մաքլէր ֆրանսական հայագիտութեան ամենէն բեղուն ու կարկառուն դէմքերէն մէկը եղած է։

Մաքլէր ծնած է 16 Մայիս 1869ին Մոնտորէ (Հօ-Սաոնի գաւառ)։ Իր արեւելագիտական ուսումը ստացած է Արեւելեան լեզուներու դպրոցին մէջ, աշակերտելով անոր հայագիտական ամպիոնի վարիչ Օկիւստ Քառիէրին (1881-1902), որուն քով սորված է հայերէն, ասորերէն եւ եբրայերէն։ 1895ին լոյս ընծայած է հայագիտական բնոյթի իր առաջին ուսումնասիրութիւնը՝ «Դանիէլի պարականոն յայտնութիւնները»։

Այս անխոնջ գիտնականը պիտի արտադրէր գրեթէ հարիւր յօդուածներ ֆրանսերէնով՝ հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան, բանահիւսութեան, երաժշտութեան ու ճարտարապետութեան մասին, եւ շարան մը գիրքեր՝ «Հայկական մանրանկարներ» (1913), «Երաժշտութիւնը Հայաստանի մէջ» (1917), «Արեւելեան խճանկար» (1917), «Հայկական աշխարհի զարդարուեստ» (1924), «Հայաստան եւ Խրիմ» (1930), ի շարս այլոց։ Հայկական նիւթերու նկատմամբ անոր հետաքրքրութիւնը պարզապէս անցեալին հետ կապուած չէր։ Ան գրած է գիրքեր, ինչպէս «Կիլիկիոյ շուրջ» (1916) եւ «Հայ ազգը, անոր անցեալը, անոր դժբախտութիւնները» (1924), ուր արտայայտած է իր խոր համակրանքը հայոց նկատմամբ, եւ չէ վարանած բազմիցս յայտնելէ իր համերաշխութիւնը անոնց հետ, դատապարտելով օսմանեան իշխանութիւններուն ոճրագործ քաղաքականութիւնը։

1911ին, Մաքլէր յաջորդած է մեծ լեզուաբան Անթուան Մէյէին իբրեւ հայագիտական ամպիոնի վարիչ։ Ան հիմնադիրներէն մէկը եղած է Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան՝ 1919ին, խումբ մը գիտնականներու հետ (Վիքթոր Պեռար, Շառլ Տիլ, Անտրէ-Ֆերտինան Հերոլտ, Հ. Լաքրուա, Մէյէ, Կապրիէլ Միյէ եւ Կիւսթաւ Շլումպերկէր)։ Յաջորդ տարի հիմնած է հայագիտութեան ամենէն կարեւոր հանդէսներէն մէկը՝ “Revue des études arméniennes”ը, զոր խմբագրած է Մէյէի հետ մինչեւ 1933։ Մօտ երեք տասնամեակներու դադարէ մը ետք, հանդէսը վերակենդանացած է 1964ին եւ կը շարունակէ իր անխափան հրատարակութիւնը մինչեւ օրս։

Հայկական նիւթերու անխոնջ հետազօտող մըն էր Մաքլէր, որ բազմաթիւ ուսումնասիրական ճամբորդութիւններ կատարած է Եւրոպա (Հոլանտա, Սպանիա, Իտալիա, Աւստրիա, Լեհաստան, Դանիա, Ռումանիա, Պուլկարիա) եւ Միջին Արեւելք (Կ. Պոլիս, Սուրիա), եւ յաճախ հրատարակած անոնց արդիւնքը գիրքերու եւ յօդուածներու մէջ։ Օրինակ, այցելած է Հայաստան 1909ին եւ այդ քառամսեայ այցելութեան արդիւնքները հրատարակած է «Զեկոյց Ռուսահայաստանի եւ Թրքահայաստանի մէջ գիտական առաքելութեան մը մասին» (1911)։ Կազմած է իր այցելած գրադարաններուն մէջ գտնուող հայկական ձեռագիրներու ցուցակներ, ներառեալ Ֆրանսայի Ազգային Գրադարանի մէջ պահպանուած ձեռագիրներուն ցուցակը (1908)։ 1905ին թարգմանած է Սեբէոսի պատմութեան կցուած անանուն հեղինակին գործը, իսկ 1917ին՝ Ասողիկի «Տիեզերական պատմութիւն»ը։ Թարգմանած ու կազմած է ժողովածուներ արդի հայ գրականութեան (1905), ժողովրդական հէքեաթներու (1915 եւ 1928), դիցաբանական պատումներու (1929) եւ արդի լեզուի։

Մաքլէր հանգստեան կոչուած է 1937ին, իբրեւ յաջորդ ունենալով համբաւաւոր հնդեւրոպագէտ Ժորժ Տիւմէզիլ։ Մահացած է 12 Յուլիս, 1938ին, Մոնպէլիարի մէջ (Տուպ գաւառ)։

  Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org )
ԻՆՉՊԷՍ (Չ)ԳՐԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱԿԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Բոլորս գիտենք Համբարձումի տօնին, Համբարձում անձնանունին, եւ Համբարձումեան մականունին մասին։

Հաւանաբար կը յիշենք նաեւ խորհրդահայ աշխարհահռչակ աստղագէտ՝ Վիկտոր Համբարձումեանի (1908-1996) անունը, որուն մականունը անգլերէն եւ այլ լեզուներով կը գրուէր Ambartsoumian, այն պարզ ու հասկնալի պատճառով, որ ըլլալով արեւելահայ, Համբարձում անունին բ գիրը կը հնչուէր b։

Իսկ Հ գիրը անհետացած էր հայերէնէ – ռուսերէն – անգլերէն անցման ընթացքին ։ Ինչպէս յայտնի է, ռուսերէնը հ հնչիւնը չունի, եւ այդ հնչիւնով օտար անունները կը տառադարձէ կա՛մ հ հնչիւնը ջնջելով եւ կա՛մ փոխարինելով g հնչիւնով։ Այսպէս է, որ խորհրդահայ բանաստեղծ Հրաչեայ Յովհաննիսեանի (1919-1997) անունը՝ ռուսերէնի խողովակով, լատինական տառադարձութեամբ դարձած է Rachia Oganesian։ Նոյնը պատահած է Համբարձումեան մականունին, որ ճամբուն վրայ հ-ն կորսնցուցած է։

Սակայն, երբեւէ տեսա՞ծ էք, որ Ambartsoumian կամ Rachia Oganesian անունները հայերէնի տառադարձուած ըլլան Ամբարձումեան կամ Րաչեայ Օկանէսեան ձեւով, որովհետեւ հայոց լեզուի ամենէն տարրական օրէնքներու խախտում մը պիտի ըլլար [1] ։

Դժբախտաբար, նման բան կը տեսնենք այսօր։ Կը հանդիպինք մարդոց, որոնց մականունը անգլերէն Ambartsoumian կամ Oganesian կը գրեն, որովհետեւ այդպէս է իրենց ինքնութեան թուղթերուն մէջ։ Սակայն, կը պնդեն, անգիտակից լեզուի օրէնքին, որ անոնց հայերէն գրելաձեւը պէտք է ըլլայ Ամբարձումեան կամ Օկանէսեան ։

Ձեր անունը ձեր պատմութիւնն է։ Գուրգուրացէք անոր ճշդութեան վրայ, որ նաեւ ինքնին մեր ոսկեղնիկ լեզուի գեղեցկութիւնն է։
[1] Ի դէպ, մինչ Օհաննէս անունը Յովհաննէս գրական անունին բարբառային տարբերակ մըն է, նոյնը չէ պարագան Ovannes անունին, որ միայն Յովհաննէս անունին խեղաթիւրումն է ֆրանսերէն անձնագրի մը մէջ։ Թէ՛ Օvannes անունը եւ թէ՛ Օvannesian մականունը, ինչպէս Hovhannes եւ Hovhannesian, պէտք է գրել Յովհաննէս եւ Յովհաննէսեան ձեւերով, առանց ոեւէ այլընտրանքի։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org )

ԳՐԵՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Եթէ ըսելիք մը ունիք, իմացուցէք մեզի։ Գրեցէ՛ք ձեր մտածումները crossroads@armenianprelacy.org հասցէին՝ հայերէնով կամ անգլերէնով։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
13 Յուլիս —“Hye Summer Night Dinner-Dance”՝ Ս. Վարդանանց Տիկնանց Միութեան կողմէ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), Crowne Plaza Hotel (Ուորուիք)։ Տեղեկութիւններու համար՝ Ճոյս Պաղտասարեան, 401-434-4467։

4 Օգոստոս —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) տարեկան դաշտահանդէս Քէմփ «Հայաստան»ի մէջ (՚Ֆրէնքլին, Մասաչուսեթս), հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաղողօրհնէք եւ մատաղ՝ կէսօրէ ետք ժամը 3:30ին։ Տեղեկութիւններու համար՝ եկեղեցւոյ գրասենեակ (401) 831-6399։

11 Օգոստոս Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մեսեչուսեթս) տարեկան դաշտագնացութիւն Քէմփ «Հայաստանի մէջ», հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաղողօրհնէք եւ մատաղ՝ կէսօրէ ետք ժամը 3:00ին։ Տեղեկութիւններու համար՝ 617-924-5762։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։  Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 

17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/