SHARE:  
11 Ապրիլ, 2019
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ Է
«Ցնծա՛, Երուսաղէմ, եւ զարդարեա զառագաստ քո, Սիոն, քանզի՝ ահա թագաւոր քո Քրիստոս նստեալ ’ի յաւանակի նորոյ՝ հեզութիւն ցուցանելով գայ մտանէ յառագաստ քո։ Եւ մեք աղաղակեմք, ո՛վսաննա օրհնեալ եկեալ ’ի յանուն Տեառն, որ ունի զմեծ ողորմութիւն» (Ծաղկազարդի Ժամամուտ)։

ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏԻ ԾՈՒԽԻ 85ԱՄԵԱԿԸ
Անուշաւան արքեպիսկոպոս եւ Տ. Պետրոս՝ ծխականներու հետ 
Կիրակի, 7 Ապրիլին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Տեղի ունեցաւ Ս. Մկրտիչի աջով թափօր եւ Ջրօրհնէք։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը նախագահեց ծուխի 85ամեակի տօնակատարութեան։ Հանդիսութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որով եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Պետրոս քհնյ. Շիթիլեանին կը շնորհուէր ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք։ Տ. Պետրոս «տարուան ծխական»ի վկայագրով պարգեւատրեց ծխականներէն տիկ. Շուշան-Սու Լանձագիսը։ Ան խաչքար մը յանձնեց պրն. Էտուըրտ Ղազարեանին, յատկապէս գնահատելով անոր երկարամեայ նուիրումը՝ եկեղեցւոյ Արանց Ակումբին։ 

Անուշաւան Սրբազան Հայրը կը կարդայ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոնդակը՝ Տ. Պետրոս քհնյ. Շիթիլեանին շնորհելով ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունքը 
Սրբազան Հայրը եւ Տ. Պետրոսը՝ Շուշան-Սու Լանձագիսի հետ
Սրբազան Հայրը եւ Տ. Պետրոսը՝ Էտուըրտ Ղարիպեանի հետ
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՑՄԱՆ ԱՂՕԹՔԸ Կ՚ԸՆԷ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻ ՄԷՋ
Անուշաւան արքեպիսկոպոս եւ Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեան՝ Քոնկրէսի հայկական խմբակի հիմնադիր համա-ատենապետ Ֆրանք Փալոնի (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ղեկավարներու հետ։ 
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի գլխաւոր հեղինակները՝ Ատամ Շիֆ (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա) եւ Կուս Պիլիրաքիս (հանրապետական, Ֆլորիտա), խոստացան անոր ի խնդիր ճնշում բանեցնել՝ ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Քոնկրէսին մէջ՝ ծայրէ ծայր լեցուն սրահի մը մէջ։ Ըստ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հետզհետէ աւելի համաձայն են ընդդիմանալու Թուրքիոյ լռեցման փորձերուն։

Այս տարուան ոգեկոչումը, որ տեղի ունեցաւ Ծերակոյտի «Հարթ» շէնքի ամենէն վերի յարկը, կեդրոնացած էր, մեծ մասով, թէ՛ Ներկայացուցիչներու Տան եւ թէ՛ Ծերակոյտի մէջ նոր մուտք գործած ու ցեղասպանութեան վերաբերող օրէնսդրութեան վրայ։ Այս միջոցառումներուն նպատակն է հաստատել, որպէս պաշտօնական քաղաքականութիւն, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակական ոգեկոչման, կը մերժէ ժխտումի որեւէ ձեւ առանց այլեւայլի եւ կը խրախուսէ հանրային կրթութիւնը՝ այս ոճիրի փաստերուն ու դասերուն մասին։ Ծերակոյտի տարբերակը այսօր՝ Հինգշաբթի, 11 Ապրիլին, ներկայացուեցաւ ծերակուտականներ Ռոպըրթ Մենենտէզի (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) եւ Թէտ Քրուզի (հանրապետական, Թեքսաս) կողմէ՝ 14 պաշտօնակիցներու առընթեր։ Ներկայացուցիչներու Տան բանաձեւը (H. Res 296) Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլին ներկայացուեցաւ՝ 76 հովանաւորներով։

Ոգեկոչման մասնակցող ներկայացուցիչներու շարքին էին Քոնկրէսի հայկական խմբակի համա-ատենապետները՝ Ֆրանք Փալոն (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի), Կուս Պիլիրաքիս (հանրապետական, Ֆլորիտա) եւ Ճէքի Սփայըր (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), փոխ-ատենապետ Ատամ Շիֆ (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), ինչպէս եւ Ճուտի Չու (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Քաթրին Քլարք (դեմոկրատ Մասաչուսեթս), Ճիմ Քոսթա (դեմոկրատ, Քալիֆորիա), Թ. Ճ. Քոքս (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Ճոշ Կոթհայմըր (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի), Ռաժա Քրիշնամուրթի (դեմոկրատ, Իլինոյ), Պրատ Շնայտըր (դեմոկրատ, Իլինոյ), Պրատ Շերմըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա) եւ Փիթըր Վիսքլոսքի (դեմոկրատ, Ինտիանա)։

Քոնկրէսի ղեկավարներու կողքին, խօսք առին տիար Վարուժան Ներսէսեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը ԱՄՆի մէջ, տիար Ռոբերտ Աւետիսեան՝ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ ԱՄՆի մէջ, Ճոն Էվընզ՝ ԱՄՆ նախկին դեսպան Հայաստանի մէջ, եւ Մարիա Մարտիրոսեան՝ Քոնկրէսի Անձնակազմի Հայ Անդամներու Ընկերակցութեան համա-ատենապետ։ Ոգեկոչման մասնակցեցաւ նաեւ Լորիկ Չարխուտեան՝ Մէրիլէնտի Ընդհ. Ժողովի պատգամաւոր։

Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան յուզիչ բացման աղօթք մը կատարեց։ Անուշաւան Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին, յանձնառու կ՚ըլլանք ապագայի նկատմամբ եւ կոչ կ՚ընենք բոլոր մարդոց՝ անմարդկայնութեան ապագայ արարքներ կանխելու։ Անցեալը կը յիշենք ո՛չ թէ որպէս վրիժառութեան արարք, բայց որպէս մարդկութեան հաւաքական յիշողութիւնը ուժեղացնելու ձեւ։ Կը յիշենք այն յոյսով ու հաւատքով, որ յիշելը պիտի օգնէ ուշադրութիւն ընծայելու այսօր կատարուող նմանօրինակ վայրագութիւններու»։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթքը աւարտեց այս խօսքերով. «Ծունկի կու գանք աղօթելով մեր նահատակուած սուրբերուն առջեւ եւ կը հայցենք անոնց միջնորդութիւնը՝ բոլորին համար կեանքի, ազատութեան օրհնութիւններուն, եւ երջանկութեան հետապնդումին համար։ Լսէ՛, ով Տէր, Քու ծառաներուդ աղաչանքները։ Մեզ արժանի ըրէ երախտապարտութեամբ փառաբանելու զՔեզ, Քու Որդիիդ եւ Սուրբ Հոգւոյդ հետ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։ 

Փակման աղօթքը կատարեց Արեւելեան թեմի (էջմիածնական) նուիրակ Գերշ. Տ. Վիգէն արք. Այգազեան։ ՀՄԸՄի սկաուտական խումբը՝ թիւ 1918, ամերիկահայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւններու շարքին էր։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեան՝ Պեթեստայի (Մէրիլէնտ) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ շրջանի եկեղեցւոյ ծխականներ, ներառեալ Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։

Անուշաւան արքեպիսկոպոս կը հանդիպի ներկայացուցիչ Ատամ Շիֆի հետ (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա)
Անուշաւան արքեպիսկոպոս եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ծրագիրներու տնօրէնուհի Թերեզա Երիմեան շնորհակալութիւն կը յայտնեն ծերակուտական Թէտ Քրուզին (հանրապետական, Թեքսաս) իր ունեցած գլխաւոր դերին համար՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ԱՄՆի մնայուն քաղաքականութիւն մը ապահովելու համար
Անուշաւան արքեպիսկոպոս եւ ներկայացուցիչ Ճէֆ Ֆորթէնպէրրի (հանրապետական, Նեպրասքա) 
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ
75ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԵՐԳԻՆ
Ուրբաթ, 5 Ապրիլին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ ծանօթ դաշնակահար Շահան Արծրունիի 75ամեակի համերգին։ Նկարին մէջ՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ եպս. Մաշալեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Արեւելեան թեմի (էջմիածնական) առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Դանիէլ վրդ. Ֆնտըքեան եւ փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան։

Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ
Շաբաթ, 6 Ապրիլի առաւօտեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան ընդունեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի անդամներու այցելութիւնը` Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ:
Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆՅ. ԼԱԳԻՍԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Շաբաթ, 30 Մարտին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան ներկայացուց Անուշաւան արքեպիսկոպոսը, Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած համերգին։ Համերգը կազմակերպուած էր «Ուղղակի օգնութիւն հայ ժողովուրդին» կազմակերպութեան կողմէ ու նուիրուած՝ անոր 20ամեակին, ինչպէս եւ «Հայ երիտասարդ տաղանդ» երաժշտական մրցոյթի 10ամեակին։

Տ. Մեսրոպ քհնյ. իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդ երաժիշտներուն եւ կարդաց Անուշաւան Սրբազան Հօր ուղերձը։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց տոքթ. Սվետլանա Ամիրխանեանին, որ ներկայացուցած է հայ երիտասարդ երաժիշտներ Նիւ Եորքի հայ համայնքին, խրախուսելով հայ եւ ոչ-հայ երգահաններու գործերու մեկնաբանութիւնը։ 

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ՝ 2-4 ՅՈՒԼԻՍԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ, հայ մամուլին նուիրուած համաժողով մը տեղի պիտի ունենայ՝ յառաջիկայ 2-4 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Համաժողովին արձանագրութեան պայմանաժամը Երկուշաբթի, 15 Ապրիլ է։ Մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմեն Կաթողիկոսարան՝ պրն. Խաչիկ Տէտէեանին, հետեւեալ հասցէով՝ info@armenianorthodoxchurch.org , կամ հեռաձայնով՝ +961 4 410001։ Մասնակցողները կը ստանձնեն ճանապարհածախսը, իսկ Կաթողիկոսարանը կը հոգայ կեցութիւնը։

Համաժողովը, որ կ՚արձանագրուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած Հայ Մամուլի տարուան ծիրին մէջ, համահայկական բնոյթ պիտի ունենայ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մամուլի խմբագիրներու եւ մամուլի գործիչներու մասնակցութեամբ։ Պիտի քննարկուին հայկական լրատուադաշտին մերօրեայ մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական ապահովութեան խնդիրները, ապատեղեկատուութեան յարուցած դժուարութիւններն ու ընկերային ցանցերու դերը լրատուական աշխարհին մէջ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 14 ԱՊՐԻԼ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 4: 4-7
Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ’ըսեմ՝ ուրախ եղէք: Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք: Շուտով Տէրը կու գայ: Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են:

ՄԱՏԹԷՈՍ 20:29-21:17

Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Երիքովէն դուրս կ’ելլէին, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն: Ճամբու եզերքին նստած երկու կոյրեր, երբ լսեցին որ Յիսուս կ’անցնի, սկսան աղաղակել.
Ողորմէ՛ մեզի, Յիսո՜ւս, Դաւիթի՛ Որդի:
Ժողովուրդը սաստեց զանոնք որ լռեն, բայց անոնք աւելի բարձր ձայնով շարունակեցին աղաղակել.
Ողորմէ՛ մեզի, Տէ՜ր, Դաւիթի՛ Որդի:
Յիսուս կանգ առաւ, իր մօտ կանչեց կոյրերը եւ հարցուց.
Ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ ձեզի:
Անոնք պատասխանեցին.
Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին:
Յիսուս գթաց եւ անոնց աչքերուն դպաւ: Կոյրերը անմիջապէս սկսան տեսնել եւ հետեւեցան Յիսուսի:

Երբ Երուսաղէմի մօտեցան եւ հասան Բեթփագէ, Ձիթենեաց լեռան կողին, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով.
Գացէք սա դիմացի գիւղը եւ անմիջապէս հոն կապուած էշ մը պիտի գտնէք իր աւանակին հետ. քակեցէք եւ ինծի բերէք: Եւ եթէ մէկը առարկէ, ըսէք. «Տէրը պէտք ունի», եւ անմիջապէս թոյլ պիտի տայ ձեզի:
Ասիկա պատահեցաւ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը ըսած էր մարգարէին բերնով.-      «Երուսաղէմի ըսէք.-
Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ.
անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ»:
Աշակերտները գացին եւ կատարեցին ինչ որ Յիսուս պատուիրեց իրենց: Բերին էշն ու աւանակը եւ իրենց վերարկուները անոնց վրայ դրին: Ապա Յիսուս նստաւ աւանակին վրայ: Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ: Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ’երթար կամ կը հետեւէր իրեն, կ’աղաղակէր.-
«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,
օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով:
Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին»:
Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ:
Ո՞վ է ասիկա,- կը հարցնէին քաղաքի բնակիչները:
Եւ ամբոխը կը պատասխանէր.
Ասիկա Յիսուս մարգարէն է, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն:
Ապա Յիսուս տաճար մտաւ եւ դուրս վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարի շրջափակին մէջ առուծախ կ’ընէին. լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց եւ ըսաւ անոնց.
Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի», մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք:
Տաճարին մէջ Յիսուսի մօտեցան կոյրեր ու կաղեր, եւ անիկա բժշկեց զանոնք: Երբ աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները տեսան Յիսուսի կատարած հրաշքները եւ լսեցին աղաղակը մանուկներուն, որոնք տաճարին մէջ կը գոչէին. «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին», բարկացան եւ Յիսուսի ըսին.
Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք:
Յիսուս պատասխանեց.
Այո՛, չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքին սա խօսքը, թէ «Մանուկներու եւ կաթնկեր երեխաներու բերնով գովեստ հիւսեցիր»:
Ապա Յիսուս զանոնք ձգելով քաղաքէն դուրս ելաւ՝ դէպի Բեթանիա, եւ հոն գիշերեց:
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Երգ Երգոց 1:1-2:3
Զաքարիա 9:9-15
ՂԱԶԱՐՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ
Շաբաթ, 11 Ապրիլին, կ՚ոգեկոչենք Ղազարոսի յարութիւնը, ինչպէս նկարագրուած է Յովհաննէսի Աւետարանի 11րդ գլուխին մէջ։ Ղազարոսն ու իր քոյրերը՝ Մարիամ եւ Մարթա, Յիսուսի լաւ բարեկամներն էին։ Յիսուս Բեթանիա անոնց տունը կը մնար՝ Երուսաղէմի մօտերը, ամէն անգամ, որ Երուսաղէմ կը գտնուէր։ Ղազարոսի յանկարծական մահը խոր սուգի մատնեց անոր քոյրերը։ Յիսուսն ալ լացաւ իր բարեկամին համար։ Յովհաննէսի Աւետարանը կը շեշտէ այն իրողութիւնը, որ Ղազարոս մահացած էր, ընդգծելով, որ անոր մարմինը արդէն գերեզմանն էր։ Յիսուսի կողմէ Ղազարոսի յարութիւնը բազմաթիւ մարդիկ համոզեց, որ ան առանձնակի կարողութիւն ունէր, իսկ, ըստ Յովհաննէսի, իշխանութիւնները քայլերու ձեռնարկեցին՝ զայն լռեցնելու համար։

Ղազարոս կը ներկայացնէ մարդկութիւնը, իսկ Բեթանիա՝ ամբողջ աշխարհը։ Այս օրուան գլխաւոր նիւթերը Քրիստոսի գալիք յաղթանակն է մահուան վրայ, սիրոյ գերագոյն զոհողութիւնը եւ յարութիւնը՝ իբրեւ սիրոյ գերագոյն յաղթանակը։

Մեծ Պահքի քառասուն օրերը իրենց աւարտին կը հասնին՝ Ղազարոս յարութեան ոգեկոչումին նախորդող Ուրբաթ օրուան երեկոյեան ժամերգութեամբ։ Աւագ Շաբթուան ծոմի նոր շրջան մը կը սկսի Երկուշաբթի օր ու կը շարունակուի մինչեւ՝ Աւագ Շաբաթ։
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Կիրակի, 14 Ապրիլին Ծաղկազարդ է։ Կը տօնենք Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ Աւագ Շաբթուան սկիզբը։ Եկեղեցին ցնծութեան մէջ է՝ քառասուն օրուան ապաշխարութենէ ետք։ Քրիստոս Երուսաղէմ կու գայ Տիրոջ անունով՝ մարգարէութիւնը գործադրելու համար (Զաքարիա 9: 9-16)։

«Ցնծա՛, Երուսաղէմ, եւ զարդարեա զառագաստ քո, Սիոն, քանզի՝ ահա թագաւոր քո Քրիստոս նստեալ ’ի յաւանակի նորոյ՝ հեզութիւն ցուցանելով գայ մտանէ յառագաստ քո։ Եւ մեք աղաղակեմք, ո՛վսաննա օրհնեալ եկեալ ’ի յանուն Տեառն, որ ունի զմեծ ողորմութիւն» (Ծաղկազարդի Ժամամուտ)։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ
Ստորեւ կը ներկայացնենք թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի ժամանակացոյցը Աւագ Շաբթուան ընթացքին.

Ծաղկազարդ, 14 Ապրիլ. Սրբազան Հայրը պիտի պատարագէ, քարոզէ ու նախագահէ Դռնբացէքի արարողութեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս)։

Աւագ Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ. Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ Ոտնլուայի եւ Խաւարումի արարողութիւններուն՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս)։

Աւագ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ. Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ Թաղման արարողութեան՝ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։

Աւագ Շաբաթ, 20 Ապրիլ. Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ Ս. Յարութեան Ճրագալոյցին՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։

Զատիկ, 21 Ապրիլ. Սրբազան Հայրը պիտի պատարագէ ու քարոզէ՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երեքշաբթի, 16 Ապրիլին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս եւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան պիտի ընդունին Հոլիվուտի (Քալիֆորնիա) «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտներու եւ ուսուցիչներու այցելութիւնը՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ամէն տարի, դպրոցին 8րդ դասարանի աշակերտութիւնը ճամբորդութիւն կը կատարէ դէպի Նիւ Եորք, Ֆիլատելֆիա եւ Ուաշինկթըն։

Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս պիտի այցելէ «Յովնանեան» վարժարանը Նիւ Միլֆըրտի մէջ (Նիւ Ճըրզի), ուր պիտի հանդիպի աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ նաեւ հայկական ծերանոցը (Էմերսըն, Նիւ Ճըրզի), ուր նոր շէնքի հիմնարկէքին պիտի մասնակցի։ Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ Էմերսընի քաղաքապետ` Տանիէլլ Տի Փաոլա։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ
 Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ՝ Մեծ Պահքի վեց դասախօսութիւններու շարքին վեցերորդն ու վերջինը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Յայտագիրը հովանաւորեցին Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը։

Այս տարի Մեծ Պահքի յայտագիրըկը բաղկանար երեք մասերէ՝ եկեղեցական կարճ արարողութիւն՝ ժամը 7:00ին, 20 վայրկեաննոց դասախօսութիւն՝ ժամը 7:30ին, եւ ընթրիք՝ ժամը 8:00ին։

Վերջին դասախօսութեան նիւթն էր՝ «Քալել տուն տանող ճամբան», իսկ դասախօսը՝ փրոֆ. Շոպան Նաշ-Մարշալ։ Եթէ դասախօսութեան ուղղակի պատկերասփռումը չէք դիտած, կրնաք դիտել զայն՝ սեղմելով  այստեղ ։
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 
Արդէն կարելի է արձանագրուիլ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրին։ Կրօնական այս եզակի ծրագիրը նախատեսուած է 13-18 տարեկան պատանիներու համար։ Տեղի պիտի ունենայ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս՝ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել  այստեղ ։

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԿԻՆԸ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ 
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ 
Ս. Ստեփանոս վարժարանի ուսուցիչներ եւ պաշտօնեաներ Յովհաննէս Ղազարեանի, Տ. Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի, տիկ. Աննա Յակոբեանի, տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Պոյամեանի եւ դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի հետ
Ուրբաթ, 5 Ապրիլին, տիկ. Աննա Յակոբեան՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը, այցելեց Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը, ընկերակցութեամբ Հայաստանի դեսպան՝ Վարուժան Ներսէսեանի, «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Յովհաննէս Ղազարեանի եւ «Ժպիտների քաղաք» հիմնադրամի տնօրէն՝ Եսթեր Դեմիրճեանի։ 

Տիկ. Յակոբեան ջերմօրէն ընդունելութեան արժանացաւ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի կողմէ։ Հայկական տարազներ հագած երկու աշակերտներ ողջունեցին առաջին տիկինը՝ աւանդական աղ ու հացով, մինչ միւս աշակերտները՝ եռագոյն դրօշակներ իրենց ձեռքին, կ՚երգէին ազգային օրհներգ՝ «Մեծ հայրենիք»ը։

Բարի գալստեան իր խօսքերուն մէջ, տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Պոյամեան տեղեկութիւններ տուաւ դպրոցի մասին, բացատրելով, որ Մեծագոյն Պոստընի շրջանին մէջ, ուր երկրի հանրային ու մասնաւոր լաւագոյն դպրոցները կը գործեն, Ս. Ստեփանոս միշտ պահած է բարձր կրթական չափանիշեր՝ ծնողները քաջալերելով իրենց զաւակները հայկական դպրոց ուղարկելու։ Որակաւոր կրթութեան կողքին, դպրոցը ամէն սերունդի կը ջամբէ հայ լեզուն, մշակոյթն ու պատմութիւնը, միաժամանակ ներարկելով ինքնութեան ու հայրենասիրութեան զգացումներ։ Այս պատճառով, իւրաքանչիւր Մայիսի, դպրոցը շրջանաւարտ դասարանի աշակերտութեան Հայաստան ճամբորդութիւնը կը կազմակերպէ։ Տնօրէնուհին աւարտեց իր խօսքերը տիկ. Յակոբեանին մաղթելով յաջողութիւն իր բարեսիրական աշխատանքներուն մէջ։

Աշակերտները կարճ յայտագիր մը ներկայացուցին, որմէ ետք տիկ. Յակոբեանն ու իր ընկերակիցները դասարանները այցելեցին եւ զրուցեցին աշակերտներուն հետ, որոնք զիրենք հիացուցին իրենց հարցումներով, արտասանութիւններով եւ սահուն հայերէնով։

«Ընդհանրապէս, հարստացուցիչ փորձառութիւն մըն էր, եւ խորապէս կը գնահատենք, որ Հայաստանի առաջին տիկինը ժամանակ գտած ըլլայ՝ Արեւելեան Մասաչուսեթսի մէջ դպրոցին ստեղծած ուժեղ հայ համայնքին ծանօթանալու», ըսաւ տիկ. Պոյամեան։ 
Հիւրերը՝ վարի դասարաններու աշակերտներուն հետ
«ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ «ԿԸ ԶՐՈՒՑԵՆ»

Կիրակի, 7 Ապրիլին, «Հայկազեան» վարժարանին մէջ (Ֆիլատելֆիա) տեղի ունեցաւ հայերէնի գիտելիքներու մրցում մը։

Աշակերտները ամբողջ տարին սորված էին Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի (ANEC) «Զրուցենք» (Let's Chat) գրքոյկներու շարքէն հատուածներ։ Ուսուցչուհիները կազմակերպեցին մրցում մը, որուն մասնակցեցաւ երեք դասարաններու աշակերտութիւնը։ Աշակերտները ընտրեցին իրենց խումբերուն անունները՝ Արարատ եւ Մասիս։

Շատ աշխոյժ մրցակցութենէ ետք, մրցումը աւարտեցաւ եւ երկու խումբերն ալ յաղթական եղան։ Աշակերտները նուէրներ ստացան դպրոցին կողմէ, որմէ ետք ներկանները հիւրասիրուեցան համեղ ուտեստներով։

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 7 Ապրիլին, դոկտ. Մելինէ Անումեան ներկայացուց իր «Ճանաչում և դատապարտում. Երիտթուրքերի դատավարութիւնները 1919-1921 և 1926թ.» մենագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպած էին Մայր Եկեղեցին եւ «Համազգային»ի Շրջ. Վարչութիւնը։

Թուականը կը նշէր գիրքի թարգմանիչին՝ դոկտ. Արա Գաբրիէլեանի մահուան չորրորդ տարելիցը։ Դոկտ. Գաբրիէլեան, կարդալով այս գործը, անմիջապէս ըմբռնած էր անոր կարեւորութիւնը եւ թարգմանութեան ձեռնարկած։ Սակայն, անոր անժամանակ մահով, ծրագիրը կիսատ մնացած էր։ Հանգուցեալին կինը՝ Արեւիկ Գաբրիէլեան, ամբողջացուցած էր աշխատանքը, իսկ անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս ընծայուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամին կողմէ։

Մելինէ Անումեան իր դոկտորական ատենախօսութիւնը պաշտպանած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ։ Ներկայիս, Արեւմտահայոց Հետազօտական Կեդրոնի թրքական բաժանմունքի պատասխանատուն է Երեւանի մէջ, ու հայկական նիւթերով թրքերէն յայտագիրներ կը ձայնասփռէ Հայաստանի պետական ռատիոյէն՝ թրքախօս հայերու համար։ Ան հեղինակած է գիտական յօդուածներ ու դասախօսած տարբեր նիւթերով, ինչպէս՝ հայոց ցեղասպանութիւնը, Երիտասարդ Թուրքերու դատավարութիւնները, իսլամացած հայերը եւ հայախօս գնչուները Թուրքիոյ մէջ։ Անոր մենագրութիւնները թարգմանուած են անգլերէնի եւ թրքերէնի, իսկ անոր թարգմանութեամբ հայերէն լոյս տեսած են Թանէր Աքչամի, Քեմալ Եալչընի եւ այլոց գործերը։

Իր բացման խօսքին մէջ, Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան անդրադարձաւ Գաբրիէլեան ընտանիքին ու Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կապերուն, դոկտ. Անումեանի նպաստը ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան եւ դոկտ. Արա Գաբրիէլեանի դերակատարութեան այդ ծիրին մէջ։ 

Իր հակիրճ խօսքով, տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Մեսրոպ քահանային եւ հոգաբարձութեան՝ այս եւ նմանօրինակ մշակութային ու դաստիարակչական ձեռնարկներ կազմակերպելուն համար։ Ան դիտել տուաւ, թէ Մայր Եկեղեցւոյ մեր համայնքի կրօնական, մշակութային ու ընկերային կարիքներուն մեծապէս ծառայող կեդրոն մը դարձած է վերջին տարիներուն։ 
ԼԵՆԻՆԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ՏԱՊԱԼՈՒՄԸ (13 Ապրիլ, 1991)
Խորհրդային ժամանակներուն, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը Լենինի հրապարակ կը կոչուէր, ու Խորհրդային Միութեան հիմնադիր՝ Վլատիմիր Լենինի հսկայական արձան մը հրապարակի տիրական առանձնայատկութիւնն էր աւելի քան կէս դար։

Արդի Երեւանի իր նախագիծերուն մէջ, ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան ապագայի արձանին տեղը որոշած էր հրապարակին ու քաղաքի ծառուղիին (ներկայ Վ. Սարգսեանի փողոց) խաչմերուկին վրայ։ 1920ական թուականներու վերջերուն, երկու մեթր բարձրութեան կոթող մը զետեղուած էր հոն՝ արձանի ապագայ տեղադրութիւնը նշող արձանագրութեամբ։
Լենինի արձանին բաց մրցոյթ մը տեղի ունեցած էր 1938ին։ Յաղթականներ հանդիսացած էին Խ. Միութեան ժողովրդական նկարիչ՝ Սերգէյ Մերկուրով (1881-1952) եւ երկու երիտասարդ ճարտարապետներ, որոնք Թիֆլիս կ՚ապրէին՝ Լեւոն Վարդանով (Վարդանեան) ու Նաթալիա Փարեմուզովա ամոլը։

Ըստ նախագծի, կոթողը 18 մեթր բարձրութիւն պիտի ունենար, ներառեալ՝ պատուանդանը։ Մերկուրով մերժած է արձանը ձուլածոյ պրոնզով պատրաստել, անոր բարձրութեան (7 մերթ) պատճառով, եւ առաջարկած՝ կռածոյ պղինձ գործածել։ Վարդանով-Փարեմուզովա զոյգը նախագծած է կրանիթեայ պատուանդանը՝ հայկական աւանդական զարդարուեստի հիմամբ, ներշնչուելով Գօշ գտնուած խաչքարէ մը։

Արձանին տեղադրումը տեղի ունեցած է 24 Նոյեմբեր, 1940ին, Հայաստանի խորհրդայնացման 20ամեակին առիթով։ Այս մէկը նկատուած էր իբր Լենինի լաւագոյն արձաններէն մէկը՝ ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ։ Հրապարակի նախագիծը 1970ին շահած է Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակը, իսկ Լ. Վարդանեան (յետմահու) եւ Ն. Փարեմուզովա նոյնպէս ստացած էին այդ մրցանակը՝ պատուանդանին համար։
Տարին երկու անգամ, Մայիս 1ին (աշխատաւորներու օր) եւ Նոյեմբեր 7ին (Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան տարեդարձ), խորհրդահայ ղեկավարութիւնը կը կանգնէր երեք ամպիոններուն վրայ, որոնք շինուած էին պատուանդանին վրայ՝ աշխատաւորներու շքերթը ողջունելու համար։ Տասը տարին անգամ մը, անոնց կը միանային միւս տասնըչորս խորհրդային հանրապետութիւններուն առաջին քարտուղարները, որոնք Երեւան կը հասնէին մասնակցելու Խորհրդային Հայաստանի 40ամեակին (1961), 50ամեակին (1970) եւ 60ամեակին (1980)։ Զանոնք նախորդած էին երկրի գերագոյն ղեկավարները՝ 1961ին Նիկիտա Խրուշչեւ եւ 1970ին Լէոնիտ Պրեժնեւ։ Նմանօրինակ վերջին շքերթը տեղի ունեցած է 1988ի Նոյեմբերին։

Անկախութեան հռչակագրէն ետք (23 Օգոստոս, 1990), ուր Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը կու գար փոխարինուելու Հայաստանի Հանրապետութեամբ, ընդամէնը ժամանակի հարց էր, որպէսզի Լենինի արձանը պատմութեան յանձնուէր։ Երեւանի քաղաքային խորհուրդը, 28 Մարտ, 1991ի նիստին, որոշած է արձանը կազմաքանդել՝ երկու դէմ եւ չորս ձեռնպահ քուէներով։ Գործողութիւնը տեղի ունեցած է՝ 13 Ապրիլին։

Անհրաժեշտ գործիքներով, արձանին գլուխը անջատուած է մարմինէն, մինչ բազմութիւն մը խանդավառօրէն կը հետեւէր համայնավար վարչակարգի խորհրդանիշերէն մէկուն տապալումին։ Արձանին երկու մասերը տարիներով մնացած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահի բակին մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ գլուխը պահուած է պատկերասրահի պահեստին մէջ։ 

Դատարկ պատուանդանը իր տեղը մնացած է մինչեւ Յուլիս 1996, երբ հանրապետութեան կառավարութիւնը Երեւանի իշխանութիւններուն թոյլատրած է անոր կազմաքանդումը։ Պատուանդանին մնացորդները կը պահուին քաղաքապետարանի պահեստին մէջ՝ Չարբախի շրջանը։


Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org  
ՍԽԱԼԻԼԸ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ Է
Եթէ բան մը թերի է, վրիպած կամ անճիշդ՝ հայերէն բառ մը կայ բնորոշելու համար այդ բանը. սխալ ։

Այդ բոլոր բառերը, ինչպէս բոլորս գիտենք, ածականներ են, ինչպէս եւ «սխալ» բառը։ Միւս կողմէ, եթէ անգլիացի նշանաւոր բանաստեղծ Ալեքսանտր Փոփի տողը կ՚ուզէք թարգմանել (“To err is human, to forgive divine”), ուրեմն “to err is human” կը թարգմանէք իբրեւ «սխալիլը մարդկային է»։

Ուրեմն՝ «սխալ» ածականը ունինք, ինչպէս եւ «սխալիլ» բայը։ Ինչպէ՞ս կ՚ըսենք թերութիւնը, վրիպումը, անճշդութիւնը հայերէնով։
Սխալ ։

Իսկապէ՞ս։ Միեւնոյն բա՞ռը կը գործածենք իբրեւ գոյական ու ածական։

Տարօրինակ բան մը չկայ։ Արդարեւ, «ցեղասպան» բառը չե՞նք գործածեր իբրեւ ածական ու գոյական։ Կ՚ըսենք «ցեղասպան պետութիւն», բայց նաեւ ցեղասպանութիւն գործող անձը կը կոչենք «ցեղասպան»։

Սակայն, կան մարդիկ (դժբախտաբար, թիւը քիչ չէ), որոնք տակաւին կը հաւատան, որ «սխալ» միայն ածական մըն է, եւ ուրեմն կը ձեռնարկեն հայոց լեզուն սրբագրելու։ Գիտեն, որ «ութիւն» մասնիկը կը գործածուի գոյականներ կազմելու՝ ածականներու հիմքին վրայ (կոյր-կուրութիւն, մաքուր-մաքրութիւն), հետեւաբար «ութիւն»ը կ՚աւելցնեն «սխալին» եւ կ՚ունենան... սխալութիւն։

Հարցը այն է, որ «սխալութիւն» բառը գոյութիւն չունի արդի հայերէնին մէջ։ Հարկաւ, այս հաստատումին դիմաց, պիտի գտնուին անոնք, որոնք Ստեփանոս Մալխասեանցի հեղինակաւոր բառարանը պիտի բանան ու մատնանշեն «սխալութիւն» բառին գոյութիւնը։ Չմոռնալով, որ Մալխասեանցի բառարանը հրատարակուած է 1944-1945ին, կը բանանք մեր կարգին ուրիշ հեղինակաւոր աղբիւր մը՝ Էդուարդ Աղայեանի բառարանը (1976), ուր «սխալութիւն» բառին դիմաց «հնացած» բացատրութիւնը կայ։ Ամէն պարագայի, արեւմտահայ բառարանագրութեան վերջին խօսքը՝ երեք հեղինակներու «Հայերէն լեզուի նոր բառարան»ը (Պէյրութ, 1968 եւ 1992), բացարձակապէս չունի «սխալութիւն» բառը։

Սխալներ չգործելու համար, երբեմն լաւագոյն ընտրութիւնը նոր բառարաններ բանալն է։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ
ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
. . . գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։ 
Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “Crossroads”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ Հաճոյքով պիտի հրատարակենք ձեր նամակները։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի  դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝  anec@armenianprelacy.org  կամ՝ 212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝  Շաբաթ, 13 Ապրիլին։

12-14 Ապրիլ —Ս. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը կազմակերպած է Արթըր Փինաճեանի (1914-1999) գործերու ցուցադրութիւն՝ Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ, Նիւ Եորք։ Վաճառքի եկամուտին մէկ մասը պիտի յատկացուի դպրոցին։ 

24 Ապրիլ —«Քայլարշաւ՝ Արդարութեան համար», յիշելով Հայկական Ցեղասպանութեան Նահատակները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Անուշաւան արք Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ։ Ս Պատարագ՝ ժամը 10։00ին, Ս Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 E. 27 th Street, New York City։ Քայլարշաւը կը սկսի ժամը 12։30ին, Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան։ 

27 Ապրիլ —Հայկական Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի յիշատակում Քենեթիքըթի Hall of the House-ի մէջ, State Capitol, 210 Capitol Avenue, Hartford, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ Սալբի Ղազարեան, տնօրէն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական Ուսմանց Հիմնարկին։ 

28 Ապրիլ —Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչում՝ Թայմզ Սքուէրի մէջ (Times Square, 43 rd Street եւ Broadway, New York), կազմակերպութեամբ՝ Վարդանանց Ասպետներու եւ Դուստրերու։ Նիւ Եորքէն ու Նիւ Ճըրզիէն ձրի հանրակառքով փոխադրութիւն։ Մանրամասնութիւններ համար, այցելեցէք www.kofv.org/main/april282019 կայքէջը։ 

28 Ապրիլ —Ռոտ Այլընտի Հայ Նահատակաց Յանձնախումբը Հայկական Ցեղասպանութեան 104ամեակը պիտի նշէ նահատակաց յուշարձանին կողքին՝ Փրաւիտընսի մէջ (North Burial Grounds), ժամը 12:45էն սկսեալ։ Երեք եկեղեցիներու հովիւներն ու խորանի ծառայողները պիտի մասնակցին ոգեկոչումին։ Գլխաւոր բանախօս՝ «Պոսթըն Կլոպ»ի վաստակաւոր խմբագիր եւ լրագրող Սթիվըն Քիւրքճեան։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք joycey41@cox.net հասցէին։ 

3 Մայիս —Արփի Նարտոնէի ցուցահանդէսի բացում Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, կազմակեպրութեամբ՝ Նիւ Եորքի «Համազգային»ի մասնաճիւղին։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ Հինգշաբթի, 2 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6:00էն 9:00, Ուրբաթ, 3 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 5:00էն 9:00 եւ Շաբաթ, 4 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 2:00էն 8:00։

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակի ճաշկերոյթ՝ «60 տարի՝ սերունդէ սերունդ» բնաբանով, եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին Կարապետեան, Միրաքեան, Նաճարեան եւ Սարաճեան ընտանիքները։

16-18 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթընսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ։

30 Յունիս-7 Յուլիս —33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։ 

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ։ 

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 

17 Նոյեմբեր —Կոմիտաս Վարդապետի 150ամեակի ծննդեան տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/