Այսօր, Հինգշաբթի, Օգոստոս 1ին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Եսայի մարգարէն, որ յայտնի է իր անունը կրող՝ Հին Կտակարանի ամենէն երկար (66 գլուխ) գիրքին համար։ Եսայի մարգարէ կը կանխատեսէ Մեսիային ծնունդը կոյսի մը կողմէ եւ կը նկարագրէ Մեսիային եկեղեցւոյ տառապանքը։ Յիսուսի ուսմունքներէն շատերը կ՚անդրադառնան Եսայի մարգարէի գիրքին։ Վերջինս ճանչցուած է իբրեւ Հին Կտակարանի աւետարանիչ, հաշուի առնելով անոր մարգարէութիւնը Քրիստոս Փրկիչի մասին։ Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած չէ, կը կարծուի, որ Եսայի մարգարէն նահատակուած է հրեայ թագաւոր Մանասէի հրահանգով։ Մարգարէին նշխարները կը պահպանուին Յունաստանի Աթոս լերան յոյն ուղղափառ Խիլենտարիա վանքին մէջ։
|
|
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԻՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷ
ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
|
|
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, այս շաբաթավերջին կ՚աւարտէ Լիբանան այցելութիւնը։ Կիրակի, 4 Օգոստոսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի մասնակցի Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց տարեկան դաշտահանդէսին եւ խաղօղօրհնէքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրէնքլինի (Մասաչուսեթս) «Հայաստան» քէմփին մէջ։ Խաղաղօրհնէքն ու մատաղը տեղի պիտի ունենան կէսօրէն ետք ժամը 3:30ին՝ Անուշաւան Սրբազան Հօր նախագահութեամբ։ Կ՚ակնկալուի Նիւ Ինկլընտի շրջանի հաւատացեալներուն խուռներամ մասնակցութիւնը։
|
|
ՄԱԷՍԹՐՕ ԳՐԻԳՈՐ ՓԻՏԷՃԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
(1935-2019)
|
|
Արեւելեան թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը խոր ցաւով իմացան, որ Երեքշաբթի, 30 Յուլիսին իր մահկանացուն կնքած է ծանօթ երաժշտագէտ ու խմբավար` պարոն Գրիգոր Փիտէճեանը, 83 տարեկանին։ Պրն. Փիտէճեանը միջազգային ճանաչում ստացած էր իբրեւ տաղանդաւոր երաժշտագէտ, որուն գիրքերն ու յօդուածները գիտական կարեւոր նպաստ բերած են հայ ազգային ու կրօնական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, եւ իբրեւ դպրաց դասերու եւ երգչախումբերու հիմնադիր ու խմբավար՝ տարբեր երկիրներու մէջ։
Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ այսօր, Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 6:00-9:00ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթ Փլէյնզ, Նիւ Եորք)։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 2 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 11:00ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը պիտի ամփոփուի Սիտըր Կրով գերեզմանատան մէջ (Ֆլաշինկ, Նիւ Եորք)։ Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին այրիին՝ տիկ. Պերճուհի Քաջեան-Փիտէճեանին, զաւակներուն՝ Անդովկին ու Տաթեւին, եւ անոնց ընտանիքներուն։
Գրիգոր Փիտէճեան ծնած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), 17 Օգոստոս, 1935ին, երաժշտական հակումներով ընտանիքի մը մէջ։ Ուսումը ստացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, միաժամանակ ուսման հետեւելով Պէյրութի երաժշտանոցին մէջ։ Դպրեվանքին մէջ, երաժշտական կրթութիւնը ստացած է աշակերտելով ծանօթ երաժշտագէտ՝ Համբարձում Պէրպէրեանին՝ խորանալով ազգային ու կրօնական երաժշտութեան մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ստանձնած է Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի դպրապետի պաշտօնը։ Իր մասնագիտական ուսումը շարունակած է Նիւ Եորքի «Ման» դպրոցին եւ «Հանթըր» գոլէճին մէջ, ուր ստացած է մագիստրոսական աստիճանը։ Խմբավարական իր գործունէութեան առընթեր, նաեւ բեղուն ուսումնասիրող մը եղած է պարոն Փիտէճեան։ Իր ուսումնասիրական գործերէն են՝ «Անձինք նուիրեալք», «Հայ յեղափոխական երգերուն տեղը հայ երաժշտութեան մէջ», «Հայ Եկեղեցւոյ երգերը», «Գրիգոր Նարեկացի՝ շարականագի՞ր» եւ «Քրիստափոր Կարա-Մուրզա»։ Ի շարս այլոց, Առաջնորդարանիս հովանաւորութեամբ հրատարակուած է «Երպապսակ Ապրիլեան Նահատակներուն» անունով գործին ձայնապնակը, զոր կը կատարեն Երեւանի Կամերային Երգչախումբն ու Ալան Յովհաննէս սենեկային նուագախումբը՝ պրն․ Փիտէճեանի խմբավարութեամբ։
«Մեր եկեղեցիներուն մէջ երգուող խօսքերը, որոնք երկինք կը բարձրանան, աղօթքի ամենահարազատ ձեւն են»
(Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՕԳՈՍՏՈՍ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՄԱՆ
Ա. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:25-31
Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը, որ Յոյներ յիմարութիւն կ’որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային ոեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն:
Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց: Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով: Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները: Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ Աստուած ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը, որպէսզի, ինչպէս մարգարէութեան մէջ գրուած է. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ»:
ՄԱՏԹԷՈՍ 18:10-14
Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը. գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս: Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար:
Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարներէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր ինըսունինը ոչխարները լեռան վրայ եւ չ’ե՞րթար փնտռելու կորսուած ոչխարը: Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստահ եղէք որ աւելի՛ կ’ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ ինըսունինը ոչխարներուն համար, որոնք կորսուած չեն: Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ’ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի:
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 3:16-4:1
|
|
Շաբաթ, Օգոստոս 3ին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս. Թադէոս առաքեալը՝ Հայաստանի մէջ քարոզած զոյգ առաքեալներէն մէկը, եւ Ս. Սանդուխտը՝ Սանատրուկ թագաւորի դուստրը, որ մեր Եկեղեցւոյ առաջին սուրբը եղած է։ Չափազանցութիւն չէ ըսել, թէ Թադէոս առաքեալն ու Սանդուխտ կոյսը քրիստոնէութիւնը Հայաստան բերելու գործին ռահվիրաները եղած են Ա. դարուն։
Սանդուխտ իշխանուհին քրիստոնէութեան լոյսին հասաւ Թադէոս առաքեալի շնորհիւ, եւ իր կարգին, շատ ուրիշներ դարձի բերաւ։ Անոր հայրը նախ փորձեց զինք հրաժարիլ տալ նոր դաւանանքէն եւ, ի վերջոյ, ընտրել տուաւ թագի եւ սուրի միջեւ։ Սանդուխտ ընտրեց սուրը եւ դարձաւ քրիստնէութեան առաջին վկան Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին սուրբը։ Անոր նահատակութենէն ետք, Թադէոս առաքեալն ալ նահատակուեցաւ Արտազի մէջ (այսօր՝ հիւսիսային Իրան)։ Ս. Թադէի վանքը շինուած է սուրբին գերեզմանին վրայ։ Անցեալ դարու սկիզբին, վանքը ճամբորդներու եւ ուխտագնացներու կարեւոր հանդիպման վայր մըն էր։ Այս տօնին զուգադիպելով, աշխարհի հայերու տարեկան ուխտագնացութիւն մը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս ամսուն։ Քառօրեայ այս ձեռնարկին ընթացքին, հազարաւոր մարդիկ կը մնան վանքի տարածքին զետեղուած վրաններու մէջ։
|
|
Ս. ԿԻՊՐԻԱՆՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԵՒ 45 ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ
|
|
Երկուշաբթի, Օգոստոս 5ին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Կարթագէնի եպիսկոպոս Ս. Կիպրիանոսը եւ 45 նահատակներ։ Կիպրիանոսը ափրիկեան Եկեղեցւոյ կարեւոր աստուածաբան ու գրագէտ մըն էր։ Լատիներէնով գրուած անոր գործերէն շատերը՝ նամակներ, ճառեր, հովուական թուղթեր, հասած են մեզի, որոնցմէ ամենէն ծանօթներէն է «Եկեղեցւոյ միութեան մասին» գործը։ Ան յորդորած է քրիստոնեաները, որ Տէրունական Աղօթքը ըսեն ամէն օր՝ խորհրդածելով իւրաքանչիւր նախադասութեան մասին։ Գրած է Տէրունական Աղօթքի մեկնութիւն մը՝ զայն իբրեւ աղօթքի օրինակ նկատելով։
Կիպրիանոս ծնած է 200 թուականին՝ հարուստ ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Ըլլալով հռետորութեան եւ գրականութեան ուսուցիչ, միջին տարիքին քրիստոնեայ դարձած եւ հոգեւորական օծուած է՝ ընտրուելով որպէս Կարթագէնի եպիսկոպոս։ Հալածանքի ենթարկուած է եւ 258 թուականին գլխատուած՝ 45 նահատակներու հետ միասին։
«
Երբ կ՚աղօթենք, պէտք է վստահ ըլլանք, որ կը հասկնանք մեր գործածած բառերը։ Պէտք է համեստ ըլլանք, գիտակից՝ մեր սեփական տկարութիւններուն, եւ պատրաստ՝ Աստուծոյ շնորհը ստանալու։ Մեր մարմնի կեցուածքը եւ մեր ձայնի հնչիւնը պէտք է ցոլացնեն այն փաստը, որ աղօթքի միջոցով Աստուծոյ կը ներկայանանք։ Աստուծոյ բարձր ձայնով խօսիլ՝ անամօթ պիտի ըլլար, հետեւաբար՝ պատշաճ է լուռ ու համեատ եղանակը։ Տէրը մեզի դաստիարակած է, որ պէտք է սովորաբար աղօթել մենք մեզի համար, նոյնիսկ մեր սեփական ննջասենեակներուն մէջ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած ամէնուրեք է, որ կը տեսնէ ու կը լսէ ամէն ինչ, եւ որ կը թափանցէ մեր սրտերուն ամենախոր գաղտնիքներուն»
(Կիպրիանոս Կարթագենացիի «Տէրունական Աղօթքին մասին» մեկնութենէն)
Այս շաբաթ նաեւ կ՚ոգեկոչուին
Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս՝ Ս. Աթանագինէ եպիսկոպոս, տասը աշակերտները եւ հինգ վկաներ
|
|
ԼԻԼԻԱՆ ՆԵՏՈՒՐԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
(1926—2019)
|
|
Ցաւով իմացանք, որ անցեալ 17 Յուլիսին տիկ. Լիլիան Նետուրեան իր մահկանացուն կնքած է Վէլի Ֆորճի մէջ (Փենսիլվենիա)։ Ան իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Հէրի Նետուրեանի հետ, 50 տարի ապրած է Էնկըլվուտ Քլիֆսի մէջ (Նիւ Ճըրզի)։ Նետուրեան ընտանիքի անդամները Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հիմնադիր ընտանիքներէն են, ինչպէս եւ հիմնադիր՝ Նիւ Ճըրզիի հայկական վարժարանին (այժմ՝ «Յովնանեան» վարժարան, Նիւ Միլֆըրտ, Նիւ Ճըրզի)։
Տիկ. Նետուրեան սկզբնական անդամներէն մէկը եղած է Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան, որ 1974ին հաստատուած էր թեմիս օրուան առաջնորդ Գարեգին արք. Սարգիսեանի (յետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոս) կողմէ, ու աւելի քան 20 տարի մնացած է Միութեան գործօն անդամ։ Նաեւ գործնապէս մասնակցած է Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ «Յովնանեան» վարժարանի Բարեկամներու Յանձնախումբին։ Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտենք անոր զաւակներուն՝ տոքթ. Կրեկըրի Նետուրեանին, Տեպորա Ռոտմընին եւ Լեսլի Հէյսին, եօթը թոռներուն եւ քոյրերուն՝ Մէրիոն Պազիկեանին եւ Ռոզ Թորիկեանին։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։
|
|
ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԲԷԿԶԱԴԵԱՆ (Օգոստոս 1, 1938)
Համայնավարութեան պատրանքին լծուած իր շատ մը հայրենակիցներուն նման, Ալեքսանդր Բէկզադեան հաւատացած էր, որ անկէ կ՚անցնէր հայութեան փրկութեան ուղին, եւ հայ ազգային ազատագրական պայքարը չէր նկատեր որպէս այդպիսին։ Համաշխարհային յեղափոխութեան հովերը կը մղէին համայնավարները, որ կոչ ուղղէին կայսերապաշտութեան դէմ պայքարելու՝ միանալով օտարազգի գաղափարակիցներու։
Բէկզադեան ծնած է Շուշիի (Արցախ) մէջ, 1879ին, դատական պաշտօնեայի մը ընտանիքին մէջ։ Ընտանեկան բարօրութիւնը իրեն թոյլ տուած է փայլուն կրթութիւն ստանալ։ 1897ին շրջանաւարտ եղած է Շուշիի ռէալական ուսումնարանէն՝ ժամանակի Անդրկովկասի լաւագոյն կրթական հաստատութիւններէն մէկը, ու մտած՝ Քիեւի փոլիթեքնիք հիմնարկի գիւղատնտեսութեան դպրոցը։ 1901ին անդամակցած է Քիեւի համալսարանի սոցիալ-դեմոկորատ կազմակերպութեան, իսկ երկու տարի տք՝ ռուսական Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան բոլշեւիկեան հատուածին։
Քաղաքական գործունէութեան պատճառով, հեռացուած է համալսարանէն ու քաղաքէն։ Պաքու երթալով, ուր իր ընտանիքը տեղափոխուած էր, շարունակած է իր գործունէութիւնը։ Բէկզադեանները քաղաքական բարձր յանձնառութեամբ ընտանիք էին. քոյրերը՝ Մարիամ եւ Էլենա, աւելի ետք ռուսական յեղափոխութեան գաղափարները պիտի որդեգրէին, երկու եղբայրները՝ Տիգրան եւ Յովսէփ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ պիտի դառնային, իսկ Ռուբէն՝ Սոցիալ-Յեղափոխական կուսակցութեան անդամ։
Ալ. Բէկզադեան 1905ին ձերբակալուած ու բանտարկուած է, սակայն, յաջորդ տարի փախուստ տուած է բանտէն ու հաստատուած՝ Զուիցերիա, ուր 1906-1914ին աշխոյժ քաղաքական կեանք վարած է՝ Վլադիմիր Լենինի եւ կովկասեան բոլշեւիկներու միջեւ կապ հանդիսանալով։ Ցիւրիխի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը մտնելով, իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1912ին։
1915ին, Բէկզադեան արտօնութիւն ստացած է Ռուսաստան վերադառնալ, սակայն կառավարական ծուղակի մը մէջ իյնալով, ձերբակալուած ի Պաքու հաստատուելէ ետք ու բանտարկուած մինչեւ Փետրուար 1917ի ռուսական յեղափոխութիւնը։ Ազատ արձակուելով, երադավերադարձած է Պաքու, նահանգային պարենաւորման յանձնախումբի նախագահը դառնալով։ 1918ին անցած է հիւսիսային Կովկաս, եւ յաջորդ տարի բոլշեւիկեան կուսակցութեան կովկասեան կոմիտէի անդամ եղած։ Գործօն մասնակցութիւնը բերած է «բուրժուական» Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ եւ Մայիս 1920ի համայնավար ձախող ապստամբութեան պարագլուխներէն մէկը եղած։
Դեկտեմբեր 1920ին, Բէկզադեան Խորհրդային Հայաստանի առաջին կառավարութիւն հանդիսացած՝ Ռեւկոմի անդամ էր, ստանձնելով Արտաքին Գործոց եւ Պարենաւորման կոմիսարի պաշտօնները։ Դեկտեմբեր, 1920ին եւ Յունուար, 1921ին քեմալական կառավարութենէն պահանջած է, որ դադրեցնէ հայ բնակչութեան դէմ հալածանքներն ու ջարդը եւ բանակցութիւններու սկսի՝ Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը Հայաստանին վերադարձնելու։ Սակայն, Բէկզադեանի գլխաւորած Հայաստանի պատուիրակութիւնը դուրս մնացած է Մոսկուայի բանակցութիւններէն՝ թրքական պահանջով, պատրուակելով Փետրուարեան ապստամբութիւնը։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, Ապրիլին Բէկզադեան վերահաստատուած է իր պաշտօնին մէջ։ Սակայն, որեւէ նպաստաւոր արդիւնք ձեռք բերած չէ Կարսի դաշնագրին ժամանակ, որ նուիրագործած է Կարսի, Արտահանի, Արարատ լերան եւ Անիի կորուստը Հոկտեմբեր, 1921ին։
1922ին մեկնելով Հայաստանէն, Բէկզադեան երկրորդական պաշտօն մր ստանձնած է Պերլինի խորհրդային առեւտրական ներկայացուցչութեան մէջ։ 1926-1930 Անդրկովկասեան Դաշնակցութեան ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդի փոխ-նախագահ եւ Առեւտուրի կոմիսար եղած է։ Այնուհետեւ, վերադարձած է արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին, 1930-1937ին խորհրդային դեսպան ըլլալով՝ Նորվեկիոյ (մինչեւ 1934) եւ Հունգարիոյ մէջ։ Դիւանագիտական ասպարէզը ձգած է 1937ին ու վերադարձած՝ Մոսկուա։
Բազմաթիւ հին բոլշեւիկներու պէս, Ալեքսանդր Բէկզադեան եւս ստալինեան հալածանքնրու զոհ դարձած է՝ Ստալինի հակառակորդ Տրոցկիի կողմնակից ըլլալու եւ հակակառավարական գործունէութեամբ զբաղած ըլլալու շինծու մեղադրանքներու հետեւանքով։ Ամիսներ տեւած դատավարութենէ ետք, Օգոստոս 1, 1938ին, գնդակահարուած է ՆԿՎԴի (ԿԳԲը նախորդող կազմակերպութիւնը) Կոմունարկա գնդակահարման վայրին մէջ, Մոսկուայի մօտակայքը, որ գործած է 1937-1941 թուականներուն եւ դարձած՝ աւելի քան 10.000 գնդակահարուած մարդոց գերեզմանը։ Ստալինի միլիոնաւոր զոհերուն նման, յետմահու արդարացուած է։
|
|
ԿՏԱԿ՝ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
|
|
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին վերջերս ստացած է հանգուցեալ Լեւոն Չթճեանի կողմէ (Էնկլվուտ Քլիֆս, Նիւ Ճըրզի) կտակուած 25.000 տոլարի գումարը։
Տիար Չթճեան իր մահկանացուն կնքած է 17 Յուլիս, 2017ին։ Ծնած էր 25 Օգոստոս 1927ին, Սիմոն ու Փայլուն Չթճեանի անդրանիկ որդին էր։ Անոր ծնողները Մեծ Եղեռնի վերապրողներ էին, որոնք Նիւ Եորք հաստատուելով, Մանհաթընի մէջ նպարատուն մը բացած էին։
Լեւոնը հրաշալի եղբայր, աներձագ, հօրեղբայր եւ բարեկամ էր։ Նուիրումով օգնած էր ընտանիքին եւ բարեկամներուն՝ կարելի բոլոր ձեւերով։ Շրջանաւարտ եղած է Ատելֆի համալսարանէն եւ աշխատած իբրեւ բաժնեթուղթերու միջնորդ՝ «Սթայֆլ Նիքլաս» ընկերութեան համար։ Հանգուցեալին մահը իմանալով, անոր պաշտօնակիցներէն մէկը յայտնած է. «Բոլոր միջնորդներուն շարքին, որոնց հետ աշխատած եմ, Լեւոնը ամենէն ականաւոր ու պարկեշտն էր, ինչ որ հազուագիւտ պարագայ մըն է այսօրուան ներդրումներու շուկաներուն մէջ»։
Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, գրած է հանգուցեալի եղբօրորդի Կէրի Չթճեանին, հայցելով Ամենակալին, որ ընդունի Լեւոն Չթճեանի հոգին Իր արքայութեան մէջ եւ Սուրբ Հոգիի մխիթարանքը պարգեւէ ընտանիքի բոլոր անդամներուն, միաժամանակ յայտնելով իր երախտագիտութիւնը այս առատաձեռն նուիրատուութեան համար, որ պիտի յատկացուի ամերիկահայ երիտասարդ սերունդներու դաստիարակութեան։ Տէր Մեսրոպ աւելցուցած է. «Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայնքի շարունակականութիւնը կախում ունի Լեւոն Չթճեանի պէս մարդոցմէ, որոնք զօրեղ կապեր ունէին Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին հետ»։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Նամակներէն նմոյշներ ներկայացնելով, անոնց անունները միայն կը յիշենք՝ ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Այս շաբթուան նամակը՝ չորս տարեկան Էրիքէն, ուղղուած է անոր հովանաւորներուն՝ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեաններուն (Կլենվիւ, Իլինոյ), ու գրուած՝ Էրիքի մօր կողմէ։ Տոմպալակեան ամոլը մեր յատուկ շնորհակալութեան ու ճանաչման արժանի է՝ Առաջնորդարանիս որբերու ծրագրին հանդէպ ցուցաբերած մնայուն եւ օրինակելի զօրակցութեան համար։ Անոնք սկսած են 2010ին՝ 10 երեխաներու հովանաւորութեամբ, իսկ այսօր այդ թիւը հասած է... 150ի։
|
|
«Ես .... Էրիկս չորս տարեկան եմ։ Դեռ մանկապարտէզ չեմ յաճախում։ Սիրում եմ տանը խաղալ իմ «կենդանաբանական այգու» կենդանիների հաւաքածոյով, իսկ բակում իմ մեծ եղբօրս՝ Սարգիսի հետ գնդակ խաղալ։ Մայրիկս մեզ երբ գիւղ է տանում, այնտեղ էլ հեծանիւ ենք քշում։ Երեկոյեան քնելուց առաջ միշտ համակարգիչով ենք զբաղւում, մուլտֆիլմ դիտում։ Իսկ քնելուց ես միշտ ինձ հետ քնեցնում եմ իմ շատ սիրելի կենդանիներին։ Ես շատ եմ սիրում իմ ընտանիքը»։
|
|
Եթէ կ՚ուզէք մեր ցուցակէն որբ մը հովանաւորել, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ՝ Սոֆիին դիմելով կա՛մ ելեկտրոնային նամակով (
sophie@armenianprelacy.org
) եւ կա՛մ հեռաձայնով (212-689-7810)։
|
|
Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս քհնյ. Շիթիլեանի վերջին առցանց յօդուածը («Ո՞ւր է Յիսուսը») կարդալու համար,
սեղմեցէք այստեղ։
|
|
4 Օգոստոս
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) տարեկան
դաշտահանդէս «Հայաստան» քէմփի մէջ (Ֆրէնքլին, Մասաչուսեթս), հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաղողօրհնէք եւ մատաղ՝ կէսօրէ ետք ժամը 3:30ին։ Տեղեկութիւններու համար՝ եկեղեցւոյ գրասենեակ (401) 831-6399։
4 Օգոստոս
—Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ (Ուոքիկըն, Իլինոյ) տարեկան խաղողօրհնէք եւ դաշտահանդէս՝ ժամը 12:00էն 4:00։ Չի ջնջուիր անձրեւի պատճառով։
11 Օգոստոս
—Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մեսեչուսեթս) տարեկան դաշտահանդէս «Հայաստան» քէմփի մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաղողօրհնէք եւ մատաղ՝ կէսօրէ ետք ժամը 3:00ին։ Տեղեկութիւններու համար՝ 617-924-5762։
11 Օգոստոս
—Ուստրի (Մասաչուսեթս) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէս։ Խաղողօրհնէք՝ կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին, Անուշաւան արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։
16-18 Օգոստոս
—Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) Armenian Fest 2019։ Ուրբաթ՝ երեկոյեան 6:00էն 10:00, Շաբաթ՝ երեկոյեան ժամը 5:00էն 11:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Խաղողօրհնէք՝ Կիրակի օր, կէսօրէ ետք ժամը 4:00։
8 Սեպտեմբեր
—Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս)։ Տարեկան դաշտահանդէս՝ կէսօրէն մինչեւ ժամը 5:30, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոսի։ Խաչի թափօր՝ ժամը 2:30ին։
9-12 Հոկտեմբեր
—Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
12 Հոկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։
17 Նոյեմբեր
—Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
13-16 Մայիս, 2020
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|