Այս շաբթուան “Crossroads”ին համար, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ծխականներէն Անահիտ Ինճիկիւլեան կը կարդայ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»ի հինգերորդ աղօթքը։
|
|
ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԵՐԽՈԻԺՈՒՄԸ
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՍՈՒՐԻԱ
ԿԱՊՈՒԵՑԷՔ ՁԵՐ ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
|
|
Միջազգային դատապարտութիւնը եւ պատիժներու սպառնալիքները չեն յաջողած կասեցնել Թուրքիոյ ներխուժումը հիւսիսային Սուրիա։ Մարդկային իրաւանց խումբերը հաստատած են, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները նոր սպառնալիքներ կը դիմագրաւեն՝ վերջին զարգացումներուն պատճառով։ Ուաշինկթընի «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» (In Defense of Christians) կազմակերպութիւնը, ի շարս այլոց, ուժեղ դիրք մը բռնած է ընդդէմ թրքական վերջին գործողութիւններուն։
|
|
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. մնայուն կապի մէջ է Կաթողիկոսական Փոխանորդ Լեւոն քհն. Եղիայեանի հետ, որ կը գտնուի թրքական ռազմական յարձակման եւ անոր պատճառած մարդասիրական աղէտին կիզակէտին մէջ։
Տ. Լեւոն տեղեկացուց Վեհափառ Հայրապետին, թէ ներկայիս Քամիշլիի շրջանի հայութիւնը՝ թրքական սահմանին մօտ, անմիջական վտանգի տակ չէ։ Մօտակայ շրջաններու մէջ ապրող կարգ հայ ընտանիքներ վկայ եղած են ու վնասներ կրած են՝ թրքական ռմբակոծումներուն պատճառներով։
Վեհափառ Հայրապետը գումար մը դրած է Տ. Լեւոնի ու Քամիշլիի համայնքին տրամադրութեան տակ՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն պէտքերը հոգալու համար։
Դիրք ճշդեցէք հիւսիսային Սուրիոյ թրքական ներխուժման դէմ։ Գրեցէք ձեր ծերակուտականներուն եւ ներկայացուցիչներուն՝ Թուրքիոյ դէմ հնարաւոր ամենէն ուժեղ պատիժները դնելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրէնսդրութիւնը վաւերացնելու համար (
S. Res. 150 and H. Res. 296)
։ Ի հարկին, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Հայկական Համախմբումի կայքէջերը նամակներու պատրաստ նմոյշներ ունին, որոնք կրնաք օգտագործել ձեր անունով ստորագրելով։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանը դրամական նուիրատուութիւններ կ՚ընդունի, որոնք պիտի ուղարկուին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ յատկապէս այս թրքական արշաւանքին պատճառով վնաս կրած ընտանիքներու օգնութեան համար։ Չէքերը պէտք է գրուին Armenian Apostolic Church of Americaի անունին եւ ղրկուին հետեւեալ հասցէին՝ Armenian Prelacy, 138 East 39
th
Street, New York, NY 10016։ Հաճեցէք նշել “Syrian Armenian Relief” համապատասխան տողին մէջ։
|
|
ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ
|
|
Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերուն՝ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի առաջնորդներն ու եկեղեցականները համագումար մը կը կազմակերպեն երկու տարին անգամ մը՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով։ Այս տարուան համագումարը կազմակերպուած էր Արեւմտեան թեմին կողմէ եւ տեղի ունեցաւ Մոնթէպէլլոյի (Գալիֆորնիա) Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ, 8-11 Հոկտեմբերին։ Համագումարին կը նախագահէին երեք առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Գերշ. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան, եւ հիւրընկալութիւնը կը կատարէին Մայր Տաճարին տեսուչը, հոգեւոր հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը։
Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըս համախմբուած 40 հոգեւորականներուն ի պատիւ ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Մայր Տաճարը «Թումանեան» սրահին մէջ, որուն մասնակցեցան հոգաբարձութիւններու, Տիկնանց Միութիւններու, քոյր կազմակերպութիւններու, դպրաց դասերու անդամներ, երեսփոխաններ եւ «Ալեք եւ Ռոզ Փիլիպոս» վարժարանի աշակերտներն ու ելոյթ ունեցող արուեստագէտները։ Համագումարը պաշտօնապէս սկսաւ Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Արեւագալի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց Գերպ. Տ. Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բէնդէզեանի հոգեւոր խորհրդածութիւնը՝ հաւատքի մասին։ Կարդացուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը համագումարի մասնակիցներուն, որուն մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շեշտէր Եկեղեցւոյ բնոյթը որպէս առաքելութիւն, ընդգծելով, որ հոգեւորականները կոչուած են Քրիստոսի առաքեալներուն գործը շարունակելու։ Այս գիտակցութեամբ է, որ հոգեւորական դասը պէտք է մօտենայ իր կոչումին եւ Եկեղեցին տանի ժողովուրդին՝ հաւատքով ու սիրով զինուած։
Տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն։ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ, եւ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէկեան՝ Գանատայի թեմի առաջնորդական փոխանորդ, ատենապետութեան պաշտօնին ընտրուեցան, մինչ Արժ. Տ. Գարեգին քհն. Պետուրեան (Արեւմտեան թեմ) եւ Արժ. Տ. Թորգոմ քհն. Չորպաճեան (Արեւելեան թեմ) վարեցին ատենադպրութիւնը։
Համագումարի օրերը լի էին այժմէական հարցերու մասին (թմրեցուցիչներու օգտագործում, մարդկային յարաբերութիւններ) դասախօսութիւններով, ինչպէս եւ քննարկումներով տարբեր տօնակատարութիւններու մասին, ինչպէս Հայ Մամուլի Տարին։ Տեղի ունեցան այցելութիւններ հայկական դպրոցներու եւ այլ վայրերու։ Իւրաքանչիւր օր աւարտեցաւ աղօթքով եւ խոկումով։
Համագումարին մէկ կարեւոր մասը երեք առաջնորդական փոխանորդներուն կողմէ ներկայացուած զեկոյց մըն էր՝ գործունէութեան տասնօրեայ ծրագրի յառաջընթացին մասին։ Տեղի ունեցան խորհրդակցութիւններ համագործակցական ծրագիրներու մասին։
Ներշնչող հանդիպումներով եւ արարողութիւններով հարուստ օրերէ ետք՝ հոգեւորականները իրենց վերջին այցելութիւնը կատարեցին Արեւելեան թեմի Ազգ. Առաջնորդարան, ուր համախմբուեցան Ս. Տրդատի եւ Ս. Աշխէնի մատրան մէջ։ Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ յատուկ Ս. Պատարագ՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցին, որ լեցուն էր հաւատացեալներով։ Ս. Պատարագին կը հանդիսապետէին Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդները՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Մուշեղ Արքեպիսկոպոս, եւ կը պատարագէր Գանատայի թեմի առաջնորդը՝ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, բոլոր հոգեւորականներուն մասնակցութեամբ՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով։
Մասնակիցները վերադարձան իրենց թեմերը՝ հարստացած ու ներշնչուած, նոր թափով շարունակելու համար իրենց ծառայութիւնը։
|
|
CAMECT-Ի ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ
|
|
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս (ձախին)՝ “Christian Arab and Middle Eastern Churches Together” (Քրիստոնեայ Արաբ եւ Միջին Արեւելեան Եկեղեցին Միասին, CAMECT) կազմակերպութեան ատենապետ, եւ Կրեկըրի եպս. Մանսուր՝ ատենադպիր (աջին), այսօր, 17
Հոկտեմբերին
, այցելեցին արքեպիսկոպոս Պերնարտիթօ Աուզային, որ ՄԱԿի մօտ Վատիկանի առաքելական նուիրակն է եւ վերջերս նշանակուած է առաքելական նուիրակ Սպանիոյ մէջ։ Հիւրերը շնորհաւորեցին պապական նուիրակին նոր նշանակումը եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր առաքելութեան մէջ։
|
|
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ Կ՚ՕԾԷ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ
|
|
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խորանի ծառաներուն եւ հաւատացեալներուն հետ
|
|
Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծեց եկեղեցւոյ նոր սրբապատկերները, որոնք վերջերս պատրաստուած էին Ուաշինկթընէն արուեստագէտներ՝ Արմէն եւ Նինա Գանգանեանի կողմէ։
|
|
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կը կատարէ նոր նկարներուն օծումը։
|
|
ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍԵՒԵՌԻ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
|
|
17 Նոյեմբերի Գոհաբանութեան Օրուան տոմսակներու եւ նուիրատուութիւններու ժամկէտը շատ մօտ է։ Վերջին վայրկեանին մի՛ սպասէք, որովհետեւ կ՚ակնկալուի, որ ճաշկերոյթին տոմսակները սպառին։
|
|
Ամէն տարի, «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ը շեշտը պիտի դնէ Ազգ. Առաջնորդարանի բազմակողմանի առաքելութեան մէկ երեսին վրայ։ Այս նոր աւանդութեան հիմքը պիտի դրուի Կիրակի, 17 Նոյեմբերին։ Որպէս օրուան սկիզբ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն), առաւօտեան ժամը 10:30ին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ՝ Terrace on the Parkի մէջ (Քուինզ, Նիւ Եորք)։ Հիւրասիրութիւնը պիտի սկսի ժամը 2:00ին, իսկ ճաշկերոյթն ու յայտագիրը՝ ժամը 3:00ին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ը յղացուած է «մեր ժողովուրդին, առանց բացառութեան, շնորհակալութիւն յայտնելու՝ Առաջնորդարանի հովանաւորած ծրագիրներուն՝ անոր բերած անսակարկ նուիրումին համար։ Հետեւաբար, ամէն տարի յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք տարբեր ծրագրի մը։ Առաջին ձեռնարկին որոշած ենք մեծարել հայրենիքի մէջ, Առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած «Մեծն Ներսէս» Բարեգործական ու Ընկերային Կազմակերպութեան բերած ծառայութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդին։ Թէեւ այս աշխատանքին արմատները կը հասնին մինչեւ 1988ի երկրաշարժը, բարեգործական գրասենեակին պաշտօնական հաստատումը տեղի ունեցաւ աւելի քան 25 տարի առաջ։ Արդարեւ, «Մեծն Ներսէս» պաշտօնապէս նշած է իր 25ամեակը։ Հետեւաբար, Նոյեմբեր 17ին պիտի նշենք անոր 25 + 1 տարեդարձը, այսինքն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ 26 տարուան սիրոյ գործը»։
Ձեր տեղերը պահելու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար,
սեղմեցէք այստեղ։
Կամ, եթէ կը նախընտրէք, հեռաձայնեցէք Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակ (212-689-7810)։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Զ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 4:14-23
Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ իր համբաւը տարածուեցաւ: Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ’ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին:
Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց: Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը, իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը: Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ’ըսէր.-
«Տիրոջ Հոգին վրաս է.
որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝
աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու,
սրտաբեկները մխիթարելու,
գերիներուն ազատութիւն բերելու,
կոյրերուն աչքերը բանալու,
հարստահարուածները ազատելու
եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը,
երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»
։
Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ: Ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին, երբ ըսաւ.
–
Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ:
Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ’ըսէին.
–
Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞:
Յիսուս ըսաւ.
–
Անկասկած ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ»: Եւ ինչ որ լսեցինք որ գործեր ես Կափառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ։
****
ԹՈՒՂԹ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:3-18
Նոյնն է մեր ալ պարագան: Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ’ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք: Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք:
Ճիշդ է որ նախապէս երբ զԱստուած չէիք ճանչնար, չաստուածներու կը ծառայէիք: Բայց հիմա որ զԱստուած ճանչցանք եւ մանաւանդ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս կրկին կը վերադառնաք բնութեան տկար ու խեղճ ոյժերու պաշտամունքին եւ վերստին կ’ուզէք անոնց ծառայել. յատուկ կարեւորութիւն կու տաք որոշ օրերու եւ ամիսներու, որոշ ժամանակներու կամ տարիներու: Կը վախնամ որ ձեզի համար տարած ամբողջ աշխատանքս զուր անցած ըլլայ:
Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, ինծի պէս եղէք, քանի ես ալ ժամանակ մը ձեզի պէս էի:
Ձեզի դէմ բնաւ գանգատ մը չունիմ: Ընդհակառակը. հարկաւ գիտէք թէ սկիզբը, երբ Աւետարանը ձեզի քարոզելու եկայ, տկար էի մարմնով. եւ հակառակ անոր որ հիւանդ վիճակովս փորձանք եղայ ձեզի, չանարգեցիք զիս, ո՛չ ալ արհամարհեցիք. այլ զիս ընդունեցիք այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ հրեշտակը կամ Քրիստոս Յիսուսը պիտի ընդունէիք. եւ ուրախութեամբ ըրիք ատիկա: Հիմա ի՞նչ պատահեցաւ: Կրնամ վկայել ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար՝ ձեր աչքերը կը հանէիք եւ կու տայիք ինծի: Միթէ ճշմարիտը խօսած ըլլալուս համար թշնամի՞ եղայ ձեզի: Մի՛ կարծէք թէ ձեզի հանդէպ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերող այդ մարդիկը ձեր բարիքը կը խորհին: Ո՛չ: Անոնք կ’ուզեն ձեզ ինձմէ բաժնել, որպէսզի ամբողջութեամբ իրենց հետեւիք: Բայց երանի տե՛ւաբար բարիին նախանձախնդիր ըլլայիք, եւ ո՛չ միայն երբ որ ես ձեր մէջ ներկայ եմ։
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 20:2-21:6
|
|
ՉՈՐՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐՈՒՆ ՏՕՆԸ
|
|
Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Սուրբ Աւետարանիչները՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս։ «Աւետարանիչ» թարգմանութիւնն է յունարէն Euaggelistes բառին, որ կը նշանակէ «ան որ բարի լուրեր կը բերէ»։ Սուրբ Հոգին աւետարանիչներուն մասնայատուկ կարողութիւնը կու տայ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը պարզ ու մեկին հաղորդելու։ Տիեզերական եկեղեցւոյ առաջին օրերուն, աւետարանչականութիւնը առաքեալներուն գործն էր։ 3րդ դարուն, չորս կանոնական Աւետարաններուն հեղինակները իբրեւ Սուրբ Աւետարանիչներ ճանչցուեցան, իսկ Եկեղեցւոյ աճը պատճառ դարձաւ, որ «աւետարանիչ» բառը սկսէր սահմանել յատուկ պաշտօն մը, որ կը ներառնէր «առաքեալներ, մարգարէներ, աւետարանիչներ, հովիւներ եւ ուսուցիչներ» (Թուղթ Եփեսացիներուն, 4:11-12)։ Չորս աւետարանիչները նահատակներ դարձան։
|
|
|
Մատթէոս
Եկեղեցւոյ առաքելութեան հովանաւորն է։ Մատթէոսի Աւետարանը կը փակուի Յիսուսի հրահանգով Իր աշակերտներուն ու հետեւորդներուն. «
Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք: Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մատթ. 28: 19-20)։
|
|
|
Մարկոս
կարեւոր դեր խաղացած է քրիստոնէութեան յառաջդիմութեան մէջ։ Թէեւ Մարկոսի Աւետարանը Յիսուսի կեանքի պատում մըն է, աստուածաբանները զայն աշակերտութեան ձեռնարկ մը կը նկատեն։ Անոր տիրական պատգամը այն է, որ քրիստոնեայ ըլլալը ո՛չ միայն Քրիստոսի հաւատալ է, այլեւ Յիսուսի հաստատած օրինակով ապրիլ։ Ըստ աւանդութեան, Մարկոս Աղեքսանդրիոյ առաջին եպիսկոպոսը եղած է։ Անոր նշխարները կը պահուին աշխարհի ամենէն հոյակապ տաճարներէն մէկուն մէջ, որ սուրբին անունը կը կրէ եւ Վենետիկ կը գտնուի։
|
|
|
Ղուկաս
հեղինակած է երրորդ Աւետարանը եւ Գործք Առաքելոցը։ Բժիշկներու եւ արուեստագէտներու հովանաւորը կը համարուի։ Ղուկասի Աւետարանը Յիսուսը կը նկարագրէ իբրեւ աշխարհի ցաւերը բուժող։ Այս Աւետարանը կը բնորոշուի աղքատներու, կիներու եւ ընկերութենէն մերժուածներու նկատմամբ իր մտահոգութեամբ։ Ան չի վերջանար Յարութեամբ, այլ կ՚անդրադառնայ Հոգեգալուստին եւ Քրիստոսի յաւերժական ներկայութեան։ Աւանդաբար կը կարծուի, որ Ղուկաս մաս կը կազմէր Յիսուսի կազմած 72 առաքեալներու խումբին եւ որ Էմմաւսի ճամբուն վրայ Յիսուսին հանդիպած անանուն աշակերտն էր։
|
|
|
Յովհաննէս,
յաճախ՝ «սիրեցեալ աշակերտ» կոչուած, չորրորդ Աւետարանի հեղինակն է։ Տասներկու աշակերտներէն միակն է, որ Քրիստոսը լքած չէ եւ Խաչին ներքեւ կանգնած է։ Խաչելութեան օրը, Յիսուս իր մայրը վստահած է Յովհաննէսին։ Յովհաննէսի Աւետարանին ամենածանօթ համարը հետեւեալն է. «
Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։
Ըստ աւանդութեան, Յովհաննէս ձգած է Երուսաղէմը առաջին տիեզերական ժողովէն ետք ու Փոքր Ասիա մեկնած, հաստատուելով Եփեսոսի մէջ։ Այնուհետեւ աքսորուած է Պատմոսի կղզին, ուր գրած է Յայտնութեան գիրքը, թէեւ վերջերս գիտնականները եզրակացուցած են, որ Յովհաննէս Առաքեալն ու Յովհաննէս Պատմոսցին երկու տարբեր անձեր եղած են։
|
|
Այս շաբաթ կը յիշուին նաեւ հետեւեալ սուրբերը.
|
|
Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր՝
Դիոնիսոս Արիոպագացի։
Երկուշաբթի, 21 Հոկտեմբեր՝
Ղունկիանոս հայրապետ, Յովսէփ Աստուածահայր, Յովսէփ Արիմաթացի, Մարթա եւ Մարիամ։
Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր՝
Թէոդիտոն քահանայ, Զենոն զինուոր, Մակար, Եւդոքս եւ Ռամել։
|
|
ՆՈՐ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ.
ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԱՍԻՆ
|
|
Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի, «Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ» Տեղեկատուական Կեդրոնի եւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեամբ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. մարտահրաւէրներ եւ նոր առաջարկներ» խորագրով կլոր սեղան մը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի «Վահագն եւ Յասմիկ Յովնանեան» դահլիճին մէջ։ Խիստ աննպաստ եղանակը արգելք չէր եղած, որ բազմաթիւ անձեր ներկայ ըլլային այս ձեռնարկին։ Բացումը կատարեց Ուս. Խորհուրդի տնօրէնուհի տիկ. Մարի Կիւլիւմեան։ Զրոյցը վարեց «Զօհրապ» Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Քրիստափոր Շխլըեանը, ու անոր մասնակցեցան՝ Ազգ. Առաջնորդարանիս դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, Գալիֆորնիոյ համալսարանի (Լոս Անճելըս) դոկտորականի թեկնածու պրն. Ճեսի Արլեն եւ էջմիածնական թեմի Առաջնորդարանի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ տիկ. Կիլտա Քիւփէլեան։ Զրոյցը ընթացաւ հայերէնով եւ անգլերէնով, առիթ հանդիսանալով, որ խօսողները՝ մեկնելով իրենց տարաբնոյթ փորձառութենէն, արտայայտուէին թէ՛ մանկավարժական մօտեցումներու թարմացման անհրաժեշտութեան
եւ թէ՛ լեզուական ուսուցման հարցին մէջ նիւթական յանձնառութիւն ստանձնելու կարեւորութեան մասին։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ շահեկան հարց ու պատասխանի բաժին մը։
Զրոյցին շարժառիթն էր Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած յօդուածերու անգլերէն հատորը՝ «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. մարտահրաւէրներ եւ նոր մօտեցումներ», խմբագրութեամբ Պետրոս Տէր Մաթոսեանի եւ Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի։ Այս հատորէն օրինակներ կարելի է ապահովել դիմելով Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութին (books@armenianprelacy.org)։
|
|
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ 2 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
|
|
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանին առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, ժամը 10:00էն 12:30, Ազգային Առաջնորդարանիս յարկէն ներս։
Հանդիպումները առայժմ կը շարունակուին ամիսը մէկ անգամ՝ ունենալով մասնագէտ հիւր դասախօսներ։ Դասընթացքին մասնակցողները պիտի հետեւին, պատմականին կողքին՝ այժմէական նիւթերու, ինչպէս միշտ, իրենց արմատներուն կողքին զիրենք կապելու նաեւ առօրեային։ Լսարանս միաժամանակ առիթ պիտի ըլլայ նոր ընկերներու ծանօթանալու։
Ազգ. Առաջնորդարանի որոշմամբ այս տարուան դասընթացքը անվճար է։
Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք հեռաձայնել Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակի տնօրէնուհի Մարի Կիւլիւմեանին՝ 212-689-7231 թիւին։ Ել-նամակ՝
ANEC@armenianprelacy.org
։
|
|
ՍԵՄԻՆԱՐ՝ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
|
|
Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան, միօրեայ սեմինար մը պիտի վարէ՝ «Մկրտութիւն-Դրոշմ. Մեր քրիստոնէական կեանքի հիմքը» նիւթին շուրջ, Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար՝ հեռաձայնել տիկ. Շիրլի Սարեանին՝ 414-282-1919 թիւին։
|
|
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏՕՆԵԼՈՒ
ԻՐ 35ԱՄԵԱԿԸ
|
|
Հուրի Պոյամեան
Տնօրէնուհի
|
|
Նիկոլ Պապիկեան Հաժժար
Յանձնախումբի ատենապետուհի
|
|
Տիրան Աբէլեան
Գլխաւոր բանախօս
|
|
Լիզա Կիւլեսէրեան
Հանդիսավարուհի
|
|
Ս. Ստեփանոս ազգ. վարժարանը (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) կը պատրաստուի տօնելու իր հիմնադրութեան 35-ամեակը: Տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 16 Նոյեմբերին, Westin Waltham պանդոկին մէջ, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի:
Տնօրէնուհին՝ Հուրի Բանեան Պոյամեան, որ 31 տարիէ ի վեր դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէ, ըսաւ, թէ ձեռնարկի հասոյթը պիտի յատկացուի Կրթաթոշակի Ֆոնտին, առիթը տալու համար աւելի մեծ թիւով աշակերտներու հայեցի կրթութիւն, ինչպէս նաեւ բարձրորակ ամերիկեան ուսում ստանալու:
Ձեռնարկի յանձնախումբի ատենապետուհին՝ Նիքոլ Պապիկեան Հաժժարը, որուն երեք զաւակները շրջանաւարտ են Ս. Ստեփանոս ազգ. վարժարանէն, յայտնեց, թէ տարբեր շրջանակներէ աւելի քան 400 հոգի ներկայ պիտի ըլլայ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելու դպրոցին, նկատի առնելով անոր կարեւոր դերը հայապահպանման ու համայնքի աշխուժացման համար։
Ձեռնարկի հանդիսավարը՝ Լիզա Կիւլեսէրեան, հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի դասատու է Հարվըրտ համալսարանի մէջ եւ անխոնջ պահապան՝ հայերէն լեզուի։ Օրուան բանախօսը պիտի ըլլայ փրոֆ. Տիրան Աբէլեան, որ անդամ է Միացեալ Նահանգներու Երկրաչափութեան Ազգային Ակադեմիային, ինչպէս նաեւ Հնարողներու Ազգային Ակադեմիային, եւ համահիմնադիր՝ Armenia Project Center-ի Երեւանի մէջ: Երաժշտական բաժնին մէջ, ելոյթ պիտի ունենայ երգիչ եւ երգահան Արթիւր Յակոբեան:
Յանձնախումբը գործի լծուած է ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու համար: Տոմսակներ ապահովելու համար, այցելեցէք
www.mkt/ssaes
. իսկ հարցումներու համար՝
35@ssaes.org
կամ 617-926-6979։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
Այս շաբթուան նամակը գրած է Արմանը, որ կը վայելէ Սարգիս եւ Արտեմիս Թշոյեանի հովանաւորութիւնը։
|
|
«Բարեւ ձեզ, ես՝ Արման … եմ, աւարտեցի արդէն իններորդ դասարանս եւ շատ ծանրաբեռնուած պարապմունքների եմ յաճախում Հայաստանի հաւաքական թիմի հետ։ Ես դպրոցի հետ համատեղում եմ սպորտը, ունեմ սպորտային յաջողութիւններ. այս յունիսին գնալու եմ Եւրոպա մրցումների։ Ես շատ շնորհակալ եմ այն ընտանիքից որ օգնում է մեզ, որ իմ մայրս կարողանում է իր երկու տեղի աշխատավարձով եւ ձեր հոգատար աջակցութեամբ ինձ հասցնի իմ նպատակին։ Ես պէտք է անպայման իմ ձգտումներով հասնեմ յաջողութեան թէ՛ ուսման թէ՛ սպորտի ասպարէզում որ ինձ վրայ ծախսուած գումարները աննպատակ չլինի։
Թող ձեր եւ մեր բոլորիս ընտանիքներում Աստծու հաւատքն ու յոյսը չմարի։ Շնորհակալութիւն»։
|
|
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,
սեղմեցէք այստեղ
արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով (
sophie@armenianprelacy.org
) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։
|
|
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
|
|
Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերին, համայնքը պիտի նշէ ծանօթ գրագէտ, բեմադրիչ ու դերասան Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակը եւ ծննդեան 80ամեակը։ Ձեռնարկը կը վայելէ Հայց. Եկեղեցւոյ օրհնութիւնը, ԱՄՆի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի եւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեանի, ինչպէս եւ Համազգային Կեդր. Վարչութեան հովանաւորութիւնը։ Կը մասնակցին Համազգայինի Շրջ. Վարչութիւնը եւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղը։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Theatre in the Parkի մէջ (Ֆլաշինկ Մէտոզ, Քուինզ, Նիւ Եորք)։ Մէկ տոլար մուտքը ուղղուած է աջակցելու Հայաստանի ու Արցախի զինուորներուն կարիքներուն։ Տեղերը սահմանափակ են, եւ կարելի է զանոնք ապահովել՝ գրելով
libra6productions@gmail.com
հասցէին կամ հեռաձայնելով 845-300-8442 թէժ գիծին։
Վերջին կէս դարուն, դոկտ. Մարգարեան արժէքաւոր նպաստ մը բերած է Ազգ. Առաջնորդարանի բազմաթիւ մշակութային արտադրութիւններու, ի շարս այլոց՝ Խրիմեան Հայրիկ, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը, Անիի հազարամեակը, Նուարսակի դաշնագիրը եւ բազմաթիւ Ապրիլ 24ի ոգեկոչումներ։
Կը շնորհաւորենք դոկտ. Մարգարեանը այս յոբելեանին առիթով եւ կը ցանկանք իրեն ու իր ընտանիքին նորանոր յաջողութիւններ։
|
|
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱԿԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ՍՏՈՒԳԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
|
|
Եթէ ձեզ կը հետաքրքրէ հայկական մականուններու ծագումը եւ կ՚ապրիք Նիւ Եորք/Նիւ Ճըրզի շրջանին մէջ, կրնաք ներկայ գտնուիլ սահիկներով դասախօսութեան մը՝ «Ի՞նչ կայ անունի մը մէջ», որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ մէջ (Թենըֆլայ, Նիւ Ճըրզի), ժամը 1:30ին, եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ։ Դասախօսը՝ C.K. Garabed (Չարլզ Կարապետ Գասպարեան), տարիներու հետազօտութեամբ կուտակուած նիւթի իր լայն ծանօթութիւնը պիտի մատուցէ ունկնդիրներուն։ Տեղեկութիւններու համար՝
ckgarabed@aol.com
։
|
|
Հովանաւորուած՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ
|
|
ՄԿՐՏԻՉ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ (ծնունդ՝ 21 Հոկտեմբեր, 1848)
|
|
Մկրտիչ Փորթուգալեան իր կեանքին վերջին կէսը անցուցած էր իր հայրենիքէն հեռու, բայց երբեք չէր դադրած գործելէ անոր համար, դառնալով հայ յեղափոխական շարժման ռահվիրաներէն մէկը։
Ծնած է Գումգափու (Պոլիս), 21 Հոկտեմբեր, 1848ին։ Իր տարրական ուսումը ստացած է Պէզճեան վարժարանին մէջ։ 1859ին կորսնցուցած է հայրը։ 1862ին անցած է Սամաթիոյ Սահակեան վարժարան՝ զայն աւարտելով 1863ին։ Աշխատած է իր ֆրանսացի ուսուցիչ ու գրավաճառ Փիեռ Թրուայի քով, անոր օգնելով «Հայկական Հարցը» հայերէն ու ֆրանսերէն գրքոյկի հրատարակութեան (1864)։
1865ին մօրը մահէն ետք, Փորթուգալեան գրախանութ մը բացած է 1866ին ու երկու տարի հոն աշխատած, մինչ մասնաւոր դասեր կու տար բարեկեցիկ հայերու զաւակներուն։ 1868ին ստիպուած է փակել գրախանութը։ Ծանօթացած ու կապ հաստատած է ժամանակաշրջանի մեծանուն դէմքերու հետ, ինչպէս Խրիմեան Հայրիկ, Գրիգոր Օտեան եւ Ներսէս արք. Վարժապետեան։
1869ին թոքաթցի երկու հայեր իրենց ծախսով զինք ղրկած են, որպէս ուսուցիչ տեղական Ոսկեան ճեմարան։ Աշխատած է բարելաւել դպրոցին ու տեղական հանրային կեանքին մակարդակը։ Ամուսնացած է 1871ին ու բացած՝ Վարդանեան աղջկանց վարժարանը՝ 40 աշակերտներով (1872)։ Կրթական ու հանրային արթնացման իր գործունէութիւնը բախած է պահպանողական տարրերու ընդդիմութեան, որոնք ի վերջոյ զինք մատնած են օսմանեան կառավարութեան իբրեւ՝ յեղափոխական։ Որպէս արդիւնք, Փորթուգալեան ետ կանչուած է Պոլիս։ Սակայն, յաջորդ տարի վերադարձած է՝ պայքարը շարունակելու նպատակով, ափսոս որ՝ ձերբակալուած ու բանտարկուած է։ Միայն Սեբաստիոյ կառավարիչին միջամտութեամբ ազատ արձակուած է 1874ին, որմէ ետք վերադարձած է Պոլիս։
Օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ, ան խմբագրած է «Ասիա» պարբերականը, ուր պահպանողական տարրերու դէմ իր պայքարը շարունակած է։ Սակայն, պարբերականը փակուած է 1875ին։ Փորթուգալեան հիմնած է «Վարազդատեան» ընկերութիւնը՝ դասախօսութիւններով եւ դասընթացքներով ժողովուրդի լուսաւորութեան սատարելու համար, եւ աշխատակցած է պոլսահայ ու կովկասահայ մամուլին՝ կեղծանունով։
Փորթուգալեան 1876ին եղած է «Արարատեան» ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ իր գործունէութեան կեդրոնը հաստատած է Վանի մէջ։ Այդ գործունէութիւնը, ի հարկէ, լաւ աչքով դիտուած չէ իշխանութիւններուն կողմէ։ Իբրեւ արդիւնք, փախուստ տուած է Կովկաս՝ Թիֆլիս մնալով մինչեւ 1879։ Վերադառնալով Վան, հիմնած է ուսուցչանոց մը «Արարատեան» ընկերութեան հովանաւորութեամբ, որ նաեւ կը հովանաւորէր քաղաքի վեց դպրոցները։
Փորթուգալեանի գործունէութիւնը մտահոգութեան աղբիւր էր Պոլսոյ ղեկավարութեան համար։ 1880ին ետ կանչուած է եւ ուսուցչանոցը՝ փակուած։ Սակայն, ան վերադարձած է Վան 1881ին, հիմնելով Կեդրոնական վարժարանը։ Վարժարանը փակուած է 1885ին, բայց նոյն տարին անոր շրջանաւարտները պիտի դառնային հայկական առաջին քաղաքական կուսակցութեան՝ Արմենական Կազմակերպութեան հիմնադիրները։ Հետապնդումներէ խուսափելով, Փորթուգալեան, իր կինն ու երկու դուստրերը մեկնած են արտասահման ու հաստուած՝ Մարսէյլ։ Օգոստոս 1, 1885ին, հոն լոյս կը տեսնէր «Արմենիա» շաբաթաթերթին առաջին թիւը՝ Փորթուգալեանի խմբագրութեամբ։
Անխոնջ հայրենասէրը աշխատած է միացնել քաղաքական բոլոր ճիգերը մէկ կազմակերպութեան շուրջ, 1886ին հիմնելով Հայոց Հայրենասէրներու Միութիւնը։ Սակայն, որոշ անդամներ, որոնց շարքին Աւետիս եւ Մարօ Նազարբէկ զոյգը, ձախողելով Միութիւնը ընկերվարական կազմակերպութիւն մը դարձնելու իրենց նպատակին մէջ, անջատուած են անկէ ու հիմնած է՝ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը 1887ին՝ Ժընեւի մէջ։ Յաջորդ տասնամեակներուն, Փորթուգալեան իր հանրային գործունէութիւնը կեդրոնացուցած է իր թերթին շուրջ, որ իր ազդեցութիւնը տարածած է Եւրոպայի հայերուն վրայ։ Ան «Արմենիա»յի խմբագիրը, սրբագրիչը եւ ցրուիչը պիտի ըլլար, ու իր աղջիկները՝ գրաշարները։ Իր հանրային կեանքի 40ամեակը նշուած է 1913ին Պոլսոյ մէջ։
Մկրտիչ Փորթուգալեան խմբագրած է «Արմենիա»ն մինչեւ իր մահը Մարսէյլի մէջ, 27 Սեպտեմբեր, 1921ին։ Անոր քաղաքական ժառանգութիւնը պիտի շարունակուէր։ Մահէն չորս օր ետք՝ Հոկտեմբեր 1ին, իր շունչին ազդեցութեամբ հիմնադրուած Արմենական Կազմակերպութեան մնացորդացը պիտի միանար երեք այլ քաղաքական կուսակցութիւններու հետ՝ կազմելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։
|
|
Այս նկարը առնուած է Խորէն արք. Բարոյեանի ԱՄՆ այցելութեան ընթացքին իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի նուիրակ։ 29 Նոյեմբեր, 1957ին, Խորէն Արքեպիսկոպոս կ՚ընդունուի Փրաւիտընսի մէջ՝ քաղաքապետ Ուոլթըր Հ. Ռէյնոլտսի կողմէ։ Խորէն Սրբազան Հօր կ՚ընկերանան՝ Տ. Նշան քհնյ. Փափազեան (ձախին) եւ Տ. Խաչատուր քհնյ. Կիրակոսեան։
|
|
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
|
|
Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները, որոնք
crossroads@armenianprelacy.org
հասցէին պէտք է յղուին։
“Crossroads”ին նիւթեր յանձնելու պայմանաժամը՝ Չորեքշաբթի կէսօր է։
|
|
19 Հոկտեմբեր
—Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակ եւ ծննդեան 80րդ տարեդարձ։ Theatre in the Park, Flushing Meadows, Queens, New York, երեկոյեան ժամը 7:05ին։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մասաչուսեթս)։ Տեղեկութիւններու համար՝ Շաքէ Տէր Աբգարեան (978-808-0598), Ճոն Արզիկեան (603-560-3826)։
19 Հոկտեմբեր
—Հայկական պազար, Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս), առաւօտեան ժամը 11։00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 413-543-4763։
26 Հոկտեմբեր
—Հայ Մամուլի տարուան, «Հայրենիք»ի 120ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի 85ամեակի առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանը եւ «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար կը կազմակերպեն միօրեայ գիտաժողով մը՝ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ։
26 Հոկտեմբեր
—Փրաւիտընսի «Մուրատ» շաբաթօրեայ վարժարանի 85ամեակի տօնակատարութիւն՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, Marriott Downtown պանդոկին մէջ (Փրաւիտընս)։ Ժամը 6:30ին, մասնակցութեամբ՝ երգիչ Գէորգ Արթինեանի ու իր նուագախումբին (Ֆիլատելֆիա)։ Տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել Թալին Պաղտասարեանին՝ (401) 230-0021 թիւին կամ գրել
mourad85thgala@gmail.com
հասցէին։
1-2 Նոյեմբեր
—Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) տարեկան 63րդ պազար՝ Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ, 47 Nichols Ave, Watertown, MA։
1-3 Նոյեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Տարեկան ուտեստեղէնի փառատօն։ Շաբաթ օր՝ Օննիկ Տինքճեանի ելոյթ։ Տեղեկութիւններ համար՝ 201-943-2950։
9-10 Նոյեմբեր
—Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։
10 Նոյեմբեր
—Գոհաբանութեան Օրուան ճաշկերոյթ, կազմակերպութեամբ՝ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին կողմէ (Նիւ Եորք), ի նպաստ՝ Արցախի Մեծ Թաղերի ՀՕՄի մանկապարտէզին։ Byblos ճաշարան, 80 Madison Avenue, New York City, կէսօրէ ետք ժամը 2:00էն մինչեւ 5:30։ Տեղեկութիւններու համար՝ Մինա (917-741-2966) եւ Անայիս (917-225-4326).
16 Նոյեմբեր
—Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի 35ամեակի տօնակատարութիւն, թեմիս առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ, Westin Waltham պանդոկին մէջ։ Ընդունելութիւն՝ երեկոյեան ժամը 6:30ին, ընթրիք եւ յայտագիր՝ ժամը 7:30ին։ Տոմսերու առցանց ապահովում՝
https://mkt.com/ssaes
։
16 Նոյեմբեր
—Նիւ Ինկլընտի սարկաւագներու շրջանային սեմինար (Holy Trinity Church, 635 Grove Street, Worcester, Massachusetts) առաւօտեան ժամը 9:00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, Արեւելեան թեմի շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող բոլոր սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն համար։
17 Նոյեմբեր
—Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Պիտի մեծարուի Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 26 տարուան աշխատանքը Հայաստանի ու Արցախի մէջ։
5 Դեկտեմբեր-
Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ հրատարակուած «Կոմիտաս-150» գիրքի ներկայացում։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
31 Դեկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։
15 Մարտ, 2020
— Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։
13-16 Մայիս, 2020
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|