SHARE:  
27 Փետրուար, 2020
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Սրբոց Վարդանանց տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով՝ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տարի եւս, ըստ աւանդութեան, Յովնանեան վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան Ս. Պատարագին ու հաղորդութիւն ստացան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին։
Յովնանեան վարժարանի աշակերտները կ՚երգեն Սրբոց Վարդանանց տօնին ընթացքին՝ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ

ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
Տօնական այս իւրայատուկ շաբթուան ընթացքին, Կիրակի, 23 Փետրուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս սարկաւագ ձեռնադրեց Շանթ Եղիայեանը, Արիս Խաչատուրեանը եւ տոքթ. Արի Նալպանտեանը։ Ձեռնադրութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քարոզեց՝ նոր սարկաւագները քաջալերելով, որ շարունակեն Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայկական իրենց ժառանգութեան ծառայելու յանձնառութիւնը։ Ան յիշեցուց հաւատացեալներուն Ս. Վարդանի եւ անոր հետեւորդներուն հերոսական զոհաբերութիւնը եւ յորդորեց, որ երբեք մեր քրիստոնէական արժէքները չզիջին աշխարհիկ կեղծ չափանիշներու դիմաց։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Վարդանանցի օրուան աւանդական ճաշկերոյթը, կազմակերպութեամբ՝ Տիկնանց Միութեան եւ Արանց Ակումբին։ Անոր ընթացքին, Մանուկ Գաբրիէլեան, Ճոյս Երեմեան եւ Արմանտ Քիպարեան արժանացան Ազգ. Առաջնորդարանի վկայագրին, ի գնահատանք իրենց նուիրեալ աշխատանքին՝ ֆիզիքական եւ հոգեկան խնամքի կարօտ անձերու օժանդակութեան համար։ Պրն. Գաբրիէլեան աշխատած էր 1988ի երկրաշարժի եւ Ատրպէյճանի հետ պատերազմի վերապրողներու հետ, տիկ. Երեմեան՝ պատերազմէն հայ փախստականներու հետ, իսկ պրն. Քիպարեան՝ տնանկ ու կարիքաւոր մարդոց հետ՝ Փրաւիտընս քաղաքին մէջ։ 

«Մուրատ» ազգ. Վարժարանի աշակերտները Ս. Վարդանանց նուիրուած երգերու եւ բանաստեղծութիւններու յայտագիր մը ներկայացուցին, ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Ռաֆֆի Ռշտունիի։ Յայտագրի աւարտին, հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գաբրիէլ քհն. Նազարեան իր խոհերը ներկայացուց։ Փակման խօսքին մէջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս գնահատեց Փրաւիտընսի հայ համայնքի օրինակելի կազմակերպութիւնը՝ գրեթէ ութսուն տարուան գոյութեան ընթացքին։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Տ. Գաբրիէլ քհն. Նազարեան, խորանի ծառայողները եւ դպրաց դպրաց դասը

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Տ. Գաբրիէլ քհն. Նազարեան, խորանի ծառայողներ եւ ՀՄԸՄի սկաուտներ  
Ձախէն աջ՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Ճէյսըն Սիմոնեան, Արմանտ Քիպարեան, Գաբրիէլ քհն. Նազարեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ճոյս Երեմեան եւ Մանուկ Գաբրիէլեան
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) Մուրատ ազգ. Վարժարանի աշակերտները երգ մը կը մեկնաբանեն Ս. Վարդանանց տօնին առիթով

ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐ՝ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, Արեւելեան թեմի Կրօնական Ժողովը սարկաւագներուն նուիրուած սեմինար մը կազմակերպած էր Շաբաթ, Փետրուար 22ին, Ս. Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ մէջ։ Սեմինարին ներկայ էին սարկաւագներ ու կիսասարկաւագներ միջ-ատլանտեան շրջանի հետեւեալ եկեղեցիներէն.- Ս. Խաչ եկեղեցի (Պեթեստա, Մէրիլընտ), Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Ս. Խաչ եկեղեցի (Թրոյ, Նիւ Եորք), Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցի (՚Նիւ Եորք)։  

Առաւօտեան արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց բոլոր ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց մեծ թիւով մասնակցիներու ներկայութեան համար։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեան խօսեցաւ եկեղեցական կեանքին մէջ սարկաւագի դերին մասին։ Այնուհետեւ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեան, ներկայացուց Արեւագալի եւ Հսկումի արարողութիւնները։ Կէսօրուան արարողութենէ ետք, ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ։ Երկրորդ նիստին, առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հ. Սահակ Ծ. վրդ Եմիշեան, խօսեցաւ շարականներու ծագման ու զարգացման մասին, որուն հետեւեցաւ աշխատանքային նիստ մը Ս. Պատարագի մասին, զոր կը ղեկավարէր Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլընտ) հոգեւոր հովիւ՝ Տ Սարգիս Ա. քհն. Ագթաւուգեան։ Սեմինարը փակուեցաւ երեկոյեան արարողութեամբ։

Մասնակից սարկաւագները խանդավառօրէն արձագանգեցին այս դասընթացքին։ Յաջորդ շրջանային սեմինարը տեղի պիտի ունենայ Շիքակոյի մէջ, Մարտ 21ին, որուն պիտի հետեւի ընդհանուր սեմինար մը Արեւելեան թեմի բոլոր եկեղեցիներու սարկաւագներուն համար, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 12-13ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Նիւ Ճըրզի) եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄԻՆ
Ձախէն աջ՝ գնդ. Տիգրան Յովհաննիսեան՝ ներկայացուցչութեան զինուորական խորհրդատու, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, գնդ. Քարոլ Լուքան՝ Խրուաթիոյ ՄԱԿի մօտ մշտական ներկայացուցչութեան զինուորական խորհրդատու, եւ գնդ. Յովհաննիսեանի կողակիցը՝ տիկ. Ալիսա Ալթունեան։
Չորեքշաբթի, 19 Փետրուարի երեկոյեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ հիւրասիրութեան մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու 28րդ տարեդարձին առիթով։ Ողջունելով այս տօնը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց հայ բանակի գոյութեան ունեցած դերը՝ մեր ինքնութեան մէջ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ 

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ՄԱՐՏ 15ԻՆ
«Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00 ին, աշխարհահռչակ «Գառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ Երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիներ՝ դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան, այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։

Ահա առիթ մը եւս ծանօթանալու տաղանդաւոր ու նորափթիթ հայ արուեստագէտներու գործին, որոնք իրենց անունը կը հնչեցնեն միջազգային բեմերու վրայ։ Ի դէպ, «Նիւ Եորք Թայմզ»ը կը տեղեկագրէ, թէ Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիքը 2020-2021 տարեշրջանին պիտի մեկնաբանէ մեր յայտագրի 2018ի մասնակիցի՝ երգահան Մէրի Գույումճեանէն գործեր։  

«Միւզիքըլ Արմինիա» 1982ին հաստատուած է օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով։ Այս յայտագիրը նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու տարածման սատարելու։ Անցնող տարիներուն ելոյթ ունեցող բազմաթիւ երաժիշտներ յայտնի անուն դարձած են իրենց ասպարէզին մէջ։

Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար), ոսկի (300 տոլար) եւ արծաթ (200 տոլար)։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։

Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարան՝ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։ 
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

ԿԻՐԱԿԻ, ՄԱՐՏ 1
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ
ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

ԹՈՒՂԹ ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:1-13:10

Ուստի, եղբայրնե՛ր, քանի Աստուած ա՜յնքան ողորմած եղաւ մեզի հանդէպ, կ’աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը: Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ:
 
Ինծի տրուած Աստուծոյ շնորհքով հետեւեալ պատուէրը կու տամ իւրաքանչիւրիդ.- Մեծամիտ մի՛ ըլլաք. ընդհակառակը, միշտ համեստ եղէք եւ միայն Աստուծմէ ձեզի տրուած հաւատքին չափով գնահատեցէք դուք ձեզ: Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն, այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով, մենք բոլորս մէկ մարմին ենք: Թէպէտ որպէս անդամներ իրարու կապուած ենք, բայց Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք: Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունինք՝ պէտք է պատգամենք մեր հաւատքին համեմատ: Եթէ ծառայելու շնորհքը տրուած է՝ պէտք է ծառայենք: Եթէ ուսուցանելու ձիրքը ունինք՝ պէտք է ուսուցանենք: Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք՝ պէտք է յորդորենք: Իր ունեցածը ուրիշներուն բաժնողը առատօրէն թող բաշխէ: Վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի: Ողորմութիւն ընողը խնդութեամբ թող ընէ:
 
Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ: Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք: Եղբօր պէս իրար սիրեցէք գորովանքով: Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք: Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու: Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք: Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք: Կարիքի մէջ եղող եղբայրներուն օգնեցէք եւ միշտ հիւրասէր եղէք: Օրհնեցէ՛ք ձեզ հալածողները. մի՛ անիծէք, այլ օրհնեցէք: Ուրախացողներուն հետ ուրախացէք եւ լացողներուն հետ լացէք: Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդոց ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք:
 
Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք: Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է: Որքան կրնաք՝ ամենուն հետ խաղաղ ապրեցէք: Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. ե՛ս պիտի հատուցանեմ», իսկ ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ.-
    «Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն.
եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր:
    Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ’այրէ»:
Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին:
 
Ամէն մարդ պէտք է հնազանդի պետական իշխանութեանց, որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են: Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է
որ հակառակած կ’ըլլայ, եւ հակառակողները իրենք զիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն: Իշխողները վախ չեն պատճառեր բարիք գործողներուն, այլ միայն չարագործներուն: Դուն կ’ուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ: Բարի՛ք գործէ, եւ անկէ գովասանք կը լսես. որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա, քու բարիքիդ համար կարգուած: Իսկ եթէ չար գործես՝ վախցի՛ր անկէ, որովհետեւ զուր տեղը չէ որ սուր կը կրէ. որպէս Աստուծոյ պաշտօնեայ՝ բարկութեամբ կը դատէ եւ կը պատժէ չարագործները: Ահա թէ ինչու՝ պէտք է իշխանութեանց հնազանդիլ. ո՛չ միայն պատիժէն զերծ մնալու, այլ մանաւանդ խիղճով հանգիստ ըլլալու համար: Ատոր համար է նաեւ, որ իշխանութեանց տուրք կը վճարէք, որպէսզի իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեաներ՝ շարունակեն իրենց այդ դերը կատարել: Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք, տուրքը տալով անոր՝ որուն տուրք պէտք է տաք, մաքսը տալով անոր՝ որուն մաքս պէտք է տաք, հնազանդելով անոր՝ որուն հնազանդութիւն կը պարտիք եւ յարգելով ան՝ որուն յարգանք կը պարտիք:
 
Ոեւէ մէկուն ոեւէ բանով պարտական մի՛ մնաք. միմիայն իրար սիրելու պարտաւորութիւնը ունեցէք, քանի որ իր ընկերը սիրողը կատարած կ’ըլլայ Աստուծոյ Օրէնքը: Որովհետեւ Աստուծոյ պատուիրանները, «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, մի՛ ցանկար» եւ միւս բոլորը, խտացած են սա միակ պատուիրանին մէջ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Ով որ իր ընկերը կըսիրէ, չարիք չ’ըներ անոր: Ուրեմն սիրել՝ կը նշանակէ Աստուծոյ Օրէնքը լման գործադրել:
 
 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:17-48
 
Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու: Հաստատ գիտցէք, որ բոլոր Օրէնքն ու մարգարէութիւնները կէտ առ կէտ պիտի իրականանան՝ առանց բառ մը իսկ դուրս ձգելու, մինչեւ գայ այն օրը, երբ այս երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին: Ով որ ամենափոքր պատուիրանն իսկ զանց ընէ եւ ուրիշներուն ալ այդպէս սորվեցնէ, երկինքի արքայութեան մէջ յետինը պիտի նկատուի: Իսկ ով որ գործադրէ պատուիրանները եւ ուսուցանէ, մեծ պիտի ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ: Կ’ըսեմ ձեզի.- Եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ՝ պիտի չմտնէք երկինքի արքայութիւնը:
 
Լսեր էք որ անցեալին ըսուած է. «Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի: Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի: Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ:
 
Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս: Վստահ եղիր, թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես:
 
Լսեր էք որ ըսուած է. «Մի՛ շնար»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ անոր հետ: Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք ձգուիս: Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք ձգուիս:
 
Ըսուած է նաեւ. «Ով որ իր կինը կ’արձակէ, անոր արձակման թուղթ թող տայ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Ան որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը կ’արձակէ, ինք պատճառ կը դառնայ անոր շնութիւն ընելուն: Նոյնպէս, շնութիւն ըրած կ’ըլլայ ան՝ որ կ’ամուսնանայ արձակուած կնոջ հետ:
 
Լսեր էք նաեւ որ անցեալին ըսուած է. «Երդմնազանց մի՛ ըլլար, այլ կատարէ ինչ որ երդուած էիր Տիրոջ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Բնաւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գահն է, ո՛չ երկրի վրայ՝ որովհետեւ անոր ոտքին պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որովհետեւ Մեծ Թագաւորին՝ Աստուծոյ քաղաքն է, եւ ո՛չ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մազ մը իսկ ճերմկցնել կամ սեւցնել: Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ: Անկէ աւելին չարէն կու գայ:
 
Լսեր էք որ ըսուած է. «Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին: Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր: Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր: Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա: Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տո՛ւր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ՝ երես մի՛ դարձներ:
 
Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն: Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ: Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել: Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ’ըլլաք: Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է:
 
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 33:2-22
Ս. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԶՕՐԱՎԱՐ
Theodore the warrior
Շաբաթ, Փետրուար 29ին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշատակէ Թէոդորոս զօրավարը, որ հռոմէական բանակին կը ծառայէր Լիկինիոս կայսեր օրերուն։ Թէոդորոսը ծնած էր քրիստոնէական ընտանիքի ծոցին մէջ եւ կրօնաշունչ դաստիարակութիւն ստացած։ Ծանօթ էր իր քաջութեամբ եւ յատկապէս՝ մարդիկ ու կենդանիներ ահ ու սարսափի մատնող օձ մը սպաննելուն համար։ Սուրով զինուած, Թէոդորոս աղօթած էր Տիրոջ եւ օձը ոչնչացուցած։ Հերակլէայի (Թրակիա) հրամանատար նշանակուելով, ան իր զինուորական պարտականութիւնները համադրեց Աւետարանի քարոզչութեան։ Շուտով գրեթէ ամբողջ քաղաքը քրիստոնեայ դարձած էր։ Լիկինիոս կայսրը քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի ձեռնարկեց ։ Թէոդորոս ձերբակալուեցաւ եւ ստոյգ մահապատիժէ ազատելու առիթը տրուեցաւ իրեն՝ քրիստոնէութենէ հրաժարելու պարագային, բայց մերժեց, ուստի նահատակուեցաւ Հերակլէայի մէջ՝ 319 թուականին։ 

ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Մեծ Պահքի շրջանը սկսած է, եւ եկեղեցին մռայլ, սգաւոր ու ապաշխարող կերպարանք մը ստացած։ Խորանը փակ է, խորհրդանշելով Ադամի ու Եւայի արտաքսումը Դրախտէն (Ծննդոց, գլ. 2 եւ 3)։ Ս. Պատարագի ընթացքին, հաղորդութիւն չի տրուիր։ Ապաշխարութեան եւ խորհրդածութեան շրջան մըն է՝ դէպի Յարութիւն ընթացող մեր հոգեւոր ճամբորդութեան միջոցին։ Աղօթքով ու պահեցողութեամբ կ՚աշխատինք Աստուծոյ հաճելի ըլլալ եւ արարչագործութեան անմեղութիւնը վերականգնել։
 
Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր Կիրակի նիւթ մը ունի։ Այս Կիրակի Արտաքսման Կիրակի է, որուն պատգամը Ադամ ու Եւայի շնորհազրկումն ու Դրախտէն վտարումն է։ Մեծ Պահքի երկրորդ Կիրակին երգուող շարականները մեզի կը յիշեցնեն արտաքսումը եւ կը հրաւիրեն ապաշխարութեան։  
 
«Որ զօրէնս սրբութեան պահոց նախ ի դրախտին աւանդեցեր, զոր ոչ պահելով նախաստեղծիցն ճաշակմամբ պտղոյն ճաշակեցին զդառնութիւն մեղաց եւ մահու. վասն որոյ շնորհեա մեզ Տէր ճաշակել զքաղցրութիւն քոց պատուիրանաց» (Արտաքսման Կիրակին երգուող կանոնէն)
 
(Սուրբ պահքի օրէնքը նախ դրախտին մէջ աւանդեցիր, զոր նախաստեղծները չպահեցին, այլ պտուղին ճաշակմամբ մեղքի եւ մահուան դառնութիւնը ճաշակեցին. ուստի Տէր, պատուիրաններուդ քաղցրութեան ճաշակումը շնորհէ մեզի)։

ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ՍԿՍԱԾ Է
Մեծ Պահքը սկսաւ Երկուշաբթի, Փետրուար 24ին։ Մեծ Պահքը եկեղեցական տօնացոյցի ամենէն երկար պահեցողութեան շրջանն է։ Բարեկենդանի յաջորդող Երկուշաբթին կը սկսի եւ կ՚երկարի 40 օր՝ մինչեւ Ղազարի յարութեան նշումը՝ Ծաղկազարդը նախորդող Շաբաթ օրը։ Յաջորդ պահքի շրջանը կը զուգադիպի Աւագ Շաբթուան հետ։
 
Մեծ Պահքը՝ աղօթքի, քաւութեան, պահեցողութեան եւ բարեպաշտութեան ժամանակաշրջան մը, խիստ անձնական հոգեկան ճամբորդութիւն մըն է, որուն հիմքը Քրիստոսի անապատին մէջ անցուցած 40 օրն է՝ մկրտութենէն ետք։ «Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մատթէոս 4:1-2)  

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՇՐՋԱՆԻՆ
Պահքի շրջանին, ընկերային ձեռնարկներ ու տօնախմբութիւններ (ներառեալ՝ հարսանիքներ) տեղի չեն ունենար, որովհետեւ Պահքը աղօթքի, խորհրդածութեան եւ ներհայեցողութեան ժամանակաշրջան մըն է՝ Մեր Տիրոջ յարութեան նախապատրաստուելու համար։ Կը թելադրենք մեր հաւատացեալներուն եւ եկեղեցւոյ հետ կապուած բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ այս աւանդութիւնը յարգեն՝ ձեռնարկներ ծրագրելու ժամանակ։

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՇԱԲԱԹԸ  
Չորեքշաբթի, Փետրուար 26ի երեկոյեան, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առաւ Մեծ Պահքի յայտագիրը՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ ։ Հետեւելով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2020 թուականի հռչակումին՝ իբրեւ յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի, թ եմիս առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան ներկայացուց «Յատուկ կարիքներ ունեցող մարդոց խնամքը եւ Աստուածաշունչը» նիւթը։
 
Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի եւ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան հովանաւորած յայտագիրը սկսաւ եկեղեցական կարճ արարողութեամբ, որուն հետեւեցան դասախօսութիւնն ու ընթրիքը։
 
Հայր Սուրբին դասախօսութիւնը, որ առաջինն էր վեց դասախօսութիւններու շարքին մէջ, ուղղակի հեռասփռուած էր։ Եթէ առիթը չունեցաք դիտելու, կրնաք սեղմել այստեղ։
ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Այս շաբթուան խորհրդածութեան մէջ, Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պետրոս քհն. Շիթիլեան, կ՚անդրադառնայ Արտաքսման Կիրակիին։

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ «Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» 34ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
 
Այս շաբթուան նամակը գրած է Մուշեղը, որուն հովանաւորները տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեաններն են։ 
«Բարեւ Ձեզ,
Ես Մուշեղն եմ։ Ես 9 տարեկան եմ։ Ես ունեմ զոյգ եղբայր։ Իմ ընտանիքում կայ 12 անդամ։ Ես ունեմ 6 եղբայր, 4 քոյր եւ մի տատիկ։ Ես գնում եմ դպրոց։ Սիրում եմ ֆուտբոլ խաղալ։ Ես ուզում եմ դառնալ ֆուտբոլիստ։ Ես ուզում եմ, որ բոլոր երեխաները ընտանիք ունենան։ Ես ուզում եմ, որ տատիկս չհիւանդանայ։ Ուզում եմ, որ քոյրերս եւ եղբայրներս լաւ սովորեն։ Ես էլ եմ ուզում լաւ սովորել ու լաւ աշխատանք ունենալ։
Ցտեսութիւն»։

ՈՐԲ ԵՐԵԽԱՅ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել,   սեղմեցէք այստեղ  արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org )    կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։
  ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւնը այժմ ընդլայնած է իր ծրագիրը, ընդգրկելով բոլոր այն որբերը, որոնք 18 տարեկանը բոլորելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Ձեր տարեկան նպաստը՝ 250 տոլար, պիտի ծառայէ թեթեւցնելու կրթութեան հետ կապուած ծախսերը։ Ծրագիրը սկսած է գործադրուիլ այս տարուան սկիզբը։

Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ Համալսարանականներու Հովանաւորութեան ծրագրով աշակերտ մը հովանաւորել, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ 
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԵՐԿԼԵԶՈՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ՝ ՀԱՐՎԸՐՏ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) եւ Հարվըրտ համալսարանի Հայ Ուսանողական Ընկերակցութիւնը միասնաբար կը հովանաւորեն «Երկլեզուութիւն. բազմաթիւ աշխարհներու մէջ սորվելու եւ ապրելու մարտահրաւէրներն ու օգուտները» քննարկումը, որ պիտի ներկայացուի NAASR/«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական ժամանակակից հարցերու նուիրուած դասախօսութիւններու շարքին մէջ։ Յայտագիրը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մարտ 5ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Հարվըրտ համալսարանի գիտութեան կեդրոնի “A” լսարանին մէջ ( 1 Oxford Street, Cambridge, MA )։ Մուտքը ազատ է։

Քննարկումը պիտի վարէ համակարգող դոկտ. Աննա Օհանեան (Մասաչուսեթսի Սթոնհիլ քոլէճի քաղաքական գիտութիւններու եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս) եւ պիտի մասնակցին՝ դոկտ. Լիզա Կիւլէսէրեան (Հարվըրտ համալսարանի հայագիտութեան դասատու), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ) եւ դոկտ. Մարիա Լուիզա Փարրա-Վելասքօ (Հարվըրտ համալսարանի լատինական լեզուներու եւ գրականութիւններու աւագ դասատու)։ Անդրադարձ պիտի կատարուի երկլեզու կրթութեան արժէքին, ԱՄՆի եւ աշխարհի այլ ազգային համայնքներու փորձառութեան, հաշուի առնելով հայկական փորձառութեան առանձնայատկութիւնները, ներառեալ արեւմտահայերէնի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի գոյակցութիւնը եւ հայերէն հետազօտելու եւ դասաւանդելու մարտահրաւէրները։
 
Քննարկումին ընթացքին, Ս. Ստեփանոս դպրոցի «Հայկական երկլեզուութիւն Ամերիկայի մէջ. պահպանել լեզու եւ ինքնութիւն» վաւերագրական ժապաւէնէն հատուածներ պիտի ցուցադրուին։

«ԵՂԵՌՆԱՅՈՒՇ ՄԱՍՈՒՆՔ ԿԱՄ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՂՔ ԵՒ ՎԿԱՅՔ ԽԱՉԻ»

Կարինէ Աւագեան
Գիրքը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան բացառիկ վաւերագիր մը։ 1965ին Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարանը հանգրուանած էր ուլունքաշար-համրիչ մը, որուն 99 հատիկներուն վրայ փորագրուած են Ապրիլ 24, 1915ին, Պոլիս ձերբակալուած եւ Չանղըրը աքսորուած հայ մտաւորականութեան մականունները, երբեմն՝ անունները։ Անոնց շարքին կը գտնուին Կոմիտաս Վարդապետը, Ռուբէն Սեւակը, Դանիէլ Վարուժանը եւ ուրիշներ։
Հեղինակը, իր պրպտումներուն շնորհիւ (ըստ վերապրողներու յուշագրութիւններուն, անոնց յետնորդներու արձագանգներուն եւ արխիւային փաստաթուղթերու), ներկայացուցած է աքսորի ընթացքը, ամփոփած է իւրաքանչիւր աքսորեալի անհատական Գողգոթայի պատմութեան պատառիկները եւ, համադրեալ վերլուծումով՝ այլեւայլ մանրամասնութիւններ։
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Ստանալու համար դիմեցէք   books@armenianprelacy.org   հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

  ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ ( ծնունդ՝ Փետրուար 28, 1885 )
Մեծ Եղեռնի զոհ բանաստեղծական երրորդութեան կրտսեր անդամն էր Ռուբէն Սեւակ՝ Դանիէլ Վարուժանի եւ Սիամանթոյի կողքին։ Բուն անունով՝ Ռուբէն Չիլինկիրեան, ծնած է Փետրուար 28, 1885ին, Սիլիվրի գիւղին մէջ (Արեւելեան Թրակիա), Պոլսոյ մօտերը։ Տարրական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն «Ասքանազեան» վարժարանին մէջ եւ ապա՝ Պարտիզակի ճեմարանին մէջ, մինչեւ 1901, երբ փոխադրուած է Պոլիս։

Պոլսոյ մէջ, 1905ին շրջանաւարտ եղած է «Պէրպէրեան» վարժարանէն։ Նոյն տարին, հրատարակած է իր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Բաժանումի խօսքեր», որդեգրելով Ռուբէն Սեւակ ծածկանունը։ Ծանօթ դարձած է հիմնականին իբրեւ քնարերգու բանաստեղծ, յատկանշուած՝ թարմութեամբ եւ լեզուի ճշգրտութեամբ։ Աշխատակցած է Պոլսոյ եւ արտասահմանի բազմաթիւ հրատարակութիւններու։

Ռ. Սեւակ բարձրագոյն ուսման հետեւած է Լօզանի համալսարանին մէջ (Զուիցերիա)՝ բժշկութիւն ուսանելով։ Ատանայի ջարդերը 1909ին մեծապէս ազդած են երիտասարդ բանաստեղծին վրայ։ 1910ին հրատարակած է բանաստեղծութեան հատոր մը՝ «Կարմիր գիրքը», ուր նաեւ ընկերային անարդարութեան, բողոքի եւ ըմբոստութեան նիւթերը շօշափած է։

Հանդիպելով գերմանացի սպայի մը դստեր՝ Հելեն (Եաննի) Ափելին, ամուսնացած է 1910ին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Վերադառնալով Լօզան, Ռուբէն Սեւակ համալսարանաւարտ եղած է 1911ին եւ յաջորդ երեք տարիներուն իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած է տեղական հիւանդանոցի մը եւ դարմանատան մը մէջ։ Որդին՝ Լեւոն (1912-2005), ծնած է զուիցերիական քաղաքը։ 1914ին որոշած է վերադառնալ Պոլիս, ուր ծնած է աղջիկը՝ Շամիրամ (1914-2016)։ Ա. Աշխարհամարտի սկիզբէն ետք, զօրաշարժի ենթարկուած է եւ իբրեւ զինուորական բժիշկ ծառայած՝ Մաքրիգիւղի զօրանոցին մէջ։

1915 ին, դասախօսութիւններ տուած է հայ բժիշկներու կազմակերպած հիւանդապահութեան դասընթացքին։ Իր դստեր մկրտութենէն երեք օր ետք, Ապրիլ 24ի գիշերը ձերբակալուած է ու Չանղըրը աքսորուած։

Չանղըրըի մէջ, Սեւակ բժշկած է թուրք չէթէ Արապաճը Իսմայիլի աղջիկը։ Վերջինս խորհուրդ տուած է իր աղջկան հետ ամուսնանալ եւ իսլամանալ՝ կեանքը փրկելու համար։ Սակայն, բանաստեղծը մերժած է առաջարկը։ Իր կնոջ ու աներհօր ղրկած բազմաթիւ նամակները՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սոֆիայի ու Պոլսոյ գերման դեսպաններուն, ի զուր եղած են։

Օգոստոս 26, 1915ի, Ռուբէն Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան եւ երեք հայ բախտակիցներ ղրկուած են Այաշ։ Ճանապարհին, Չանղըրըէն վեց ժամ հեռաւորութեան վրայ, Թիւնէյ կոչուած տեղը, թուրք չէթէներու խումբ մը անոնց վրայ յարձակած է՝ տեղւոյն Իթթիհատի քարտուղարի կազմակերպութեամբ, եւ վայրենաբար սպաննած բոլորը։ Սեւակ եղած է վերջին սպաննուողը։

Իր կինը՝ Եաննի, իր զաւակներով Լօզան վերադարձած է Հոկտեմբեր, 1915ին։ Ծանօթ ըլլալով գերմանական մեղսակցութեան, զանոնք ջանացած է հեռացնել գերմանական ինքնութենէն եւ արգիլած՝ գերմաներէն խօսիլ։

Ռուբէն Սեւակ ծրագրած էր իր բանաստեղծութիւնները երեք հաւաքածոներով լոյս ընծայել, բայց ճակատագիրը այլ բան տնօրինած է։ Բանաստեղծութիւնները, ինչպէս եւ «Բժիշկի մը գիրքէն փրցուած էջեր» շարքին պատկանող պատմուածքները հրատարակուած են յետմահու։

1995ին, Երեւանի դպրոց մը վերանուանուած է բանաստեղծին անունով։ Անոր նուիրուած թանգարան մը բացուած է Ս. Էջմիածնի մէջ, 2013ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ). 
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Մայիս 15, 1993 ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին, Մեսրոպ արք. Աշճեան կը ներկայացնէ «Հայաստանի ոգի» տարեկան մրցանակը Քոնկրէսի անդամ Ճոզէֆ Փ. Քենետի որդիին։ Ժողովը տեղի կ՚ունենար Ուաշինկթընի մէջ, կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլընտ)։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ յանձնած էր Պատրիկ Տօնապետեանի եւ Ժան-Միշէլ Թիեռիի «Հայկական արուեստ» անգլերէն նորատիպ հատորէն օրինակ մը, որ լոյս տեսած էր՝ Հառի Ապրամզի եւ Ազգային Առաջնորդարանի միասնական հրատարակութեամբ։ 

ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ “Crossroads”ի խմբագրութեան հասցէին ( crossroads@armenianprelacy.org ) թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի նիւթեր առաքելու պայմանաժամը, այսուհետեւ, Երեքշաբթի երեկոյեան է։

Հաճոյքով կ՚ընդունինք ու կը հրատարակենք խմբագրութեան ուղղուած ձեր անգլերէն կամ հայերէն նամակները։

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
1 Մարտ – «Ընտանեկան բրտութիւն Հայաստանի մէջ եւ այլուր. ինչպէ՞ս կրնանք օգնել»։ Բանախօս՝ տիկ. Մարօ Մաթոսեան, Երեւանի Կանանց Աջակցման Կեդրոնի տնօրէնուհի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)

4 Մարտ —ԱՄՆի Հայաստանի դեսպանատունը եւ PostClassical համոյթը կը ներկայացնեն «Հայկական ոդիսական մը. նուռերու գոյնը»՝ հայ երաժշտութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան բազմամիջոցային կատարում մը, մասնակցութեամբ՝ Ջիւան Գասպարեանի եւ ուրիշ արուեստագէտներու, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Washington National Cathedral, 3101 Wisconsin Avenue, NW, Washington, DC։

5 Մարտ «Երկլեզուութիւն. բազմաթիւ աշխարհներու մէջ սորվելու եւ ապրելու մարտահրաւէրներն ու օգուտները» խորագրով քննարկումը։ Կը ներկայացուի NAASR / «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայոց ժամանակակից հարցերու մասին դասախօսութիւններու շարքին մէջ։ Երեկոյեան 7:30, Հարվըրտ համալսրանի գիտութեան կեդրոնին մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։

14 Մարտ — «Սիամանթօ» լսարանի յաջորդ հանդիպումը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, ժամը 10:00էն 12:30։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7231)։

14 Մարտ —Ազգ. Առաջնորդարանի Pillars ծրագրի ձեռնարկ՝ Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին եւ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներուն մէջ։
 
15 Մարտ — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 
 
 28 Մարտ —“Faith Building Women 2020 Symposium”։ Աստուածաշունչի մէջ կիներու ներկայութիւնը ընդգծելու կոչուած համագումար մը՝ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ չափահասներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Գեմպրիճ, Մասաչուսեթս)։ Գլխաւոր բանախօսներ՝ դոկտ. Ռոպերթա Ըրվայն եւ Արփի Նագաշեան։

29 Մարտ —ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղը կը ներկայացնէ Գեւ Օրգեանը։ Կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ «Ապաճեան» սրահին մէջ։

4 Ապրիլ —Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորակառոյց գմբէթի խաչի օծում։

4 Ապրիլ —Prelacy Parish Partnership ծրագրի ձեռնարկ՝ Ուաթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։

 13-16 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 
 
17 Մայիս —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Հանդիպում՝ պատմաբան ու գրագէտ Ռուբինա Փիրումեանի հետ։

31 Մայիս —Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ 30ամեակի ճաշկերոյթ։

28 Յունիս—5 Յուլիս —Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային ծրագրի 34րդ տարեշրջանը՝ 13էն 18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence Centerին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ կամ կապ հաստատել գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Գազանճեանի հետ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով arec@armenianprelacy.org հասցէին։   

4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։

15 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ։
 
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Rhodes-on-the-Pawtuxet, Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/