Այսօր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնն է, որ կը նշուի Զատիկէն քառասուն օր ետք։ Տիեզերական եկեղեցին Համբարձումը տօնած է 4րդ դարէն սկսեալ։ Ըստ Ս. Գիրքին, Համբարձումը տեղի ունեցաւ Բեթանիա գիւղին մէջ, Ձիթենեաց լերան վրայ։ Աշակերտներուն Իր հրահանգներն ու օրհնութիւնները տալէ ետք, Տէրը «երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ» (Մարկ.16:19), եւ «ամպ մը ծածկեց զինք անոնց տեսողութենէն» (Գործ 1:9)։ Մարկոսի եւ Ղուկասի աւետարանները կ՚աւարտին Համբարձումով։
Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն, Համբարձումը ամենէն ժողովրդական տօներէն մէկն էր, որ կը նշուէր ուրախութեամբ ու տօնախմբութեամբ։ Այս տէրունական տօնին հետ կապուած բազմաթիւ հայկական աւանդութիւններ կան։ Թերեւս ամենէն ծանօթը վիճակախաղն է, յատկապէս՝ երիտասարդ աղջիկներու համար, որոնք իրենց ապագան կը կանխատեսեն, ինչպէս այնքան յիշարժան ձեւով նկարագրուած է Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերային մէջ։
«Որ համբարձաւն այսօր աստուածային իշխանութեամբ ի հայրական ի կառս, սպասաւորելով ի հրեշտակական դասուցն, որք նուագէին ասելով, համբարձէք իշխանս զդրունս ձեր ի վեր, եւ մտցէ թագաւոր փառաց։
Հիացան վերնական իշխանութիւնքն եւ սոսկալի ձայնիւ աղաղակէին առ միմեանս, ով է սա թագաւոր փառաց, եկեալ մարմնով եւ սքանչելի զօրութեամբ. համբարձէք իշխանք զդրունս ձեր ի վեր, եւ մտցէ թագաւոր փառաց։
Եղանակէին ձայնիւ, երգէին երգ նոր ասելով. սա ինքն է թագաւոր փառաց, փրկիչ աշխարհի եւ ազատիչ ազգի մարդկան. համբարձէք իշխանք զդրունս ձեր ի վեր, եւ մտցէ թագաւոր փառաց»։
(Մեր Տէրը այսօր աստուածային իշխանութեամբ հայրական կառքին մէջ երկինք համբարձաւ սպասաւորուելով հրեշտակներու դասերէն որոնք կը նուագէին ըսելով՝ իշխաններ, վերցուցէք ձեր դռները, փառքի թագաւորը պիտի մտնէ։
Երկնային իշխանութիւնները հիացած՝ սոսկալի ձայնով իրարու կ՚աղաղակէին՝ ո՞վ է մարմնով եւ սքանչելի զօրութեամբ եկած այս փառաց թագաւորը. իշխաններ, վերցուցէք ձեր դռները, փառքի թագաւորը պիտի մտնէ։
Հրաշալի ձայնով նոր երգ կ՚երգէին ըսելով՝ սա ինքն է փառաց թագաւորը, աշխարհի Փրկիչը եւ մարդկային ցեղի ազատիչը. իշխաննե՜ր, վերցուցէք ձեր դռները, փառքի թագաւորը պիտի մտնէ)։
|
|
ՄՈՒՇԵՂ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ ՄԱՀՆ
ՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄԸ
|
|
Չորեքշաբթի, 29 Մայիսին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս կատարեց Մուշեղ Ա. քհնյ.
Տէր Գալուստեանի վերջին օծումը՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ
|
|
Արեւելեան թեմի հոգեւորականները մասնակցեցան վերջին օծման։ Անուշաւան Սրբազան Հօր հետ նկարուած են՝ ձախէն աջ, Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ, Տ. Վազգէն Ա. քհնյ. Պեքիարեան՝ արտահաս քահանայ, Տ. Ստեփան քհնյ. Պալճեան՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր) հոգեւոր հովիւ, Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան՝ Կրօնական Ժողովի ատենապետ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ֆիլատելֆիա) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան՝ Ս. Վարդանանց (Փրովիտընս) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
|
|
Ուրբաթ, 24 Մայիսին, իր մահկանացուն կնքեց Արժ. Տ. Մուշեղ Ա. քհնյ. Տէր Գալուստեան (1932-2019), Նիւ Եորքի մէջ, խորունկ ցաւի մատնելով Արեւելեան թեմի ամբողջ ընտանիքը։ Նորոգ հանգուցեալ եկեղեցականը աւելի քան կէս դարու ծառայութիւն ունէր Արեւելեան թեմին մէջ։ 1959-1968ին, ան պաշտօնավարած էր իբրեւ հոգեւոր հովիւ՝ Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Ս. Յակոբ եւ Ուստրի (Մասաչուսեթս) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներուն մէջ, իսկ 1968-1998ին ծառայած՝ իբրեւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ 2000 թուականին հանգստեան կոչուելէ ետք, ան շարունակած էր ծառայել թեմին իբրեւ արտահաս եկեղեցական։ Հանգուցեալի ընկերային եւ սրամիտ անհատականութիւնը մագնիսի պէս կը գրաւէր մարդիկ՝ երիտասարդ թէ տարեց, հայ թէ ոչ-հայ։ Մայր Եկեղեցւոյ շրջակայքի մանուկները սովոր էին զինք կոչել «Father Mike»։
Մուշեղ Ա. քհնյ. Տէր Գալուստեանի տան կարգն ու վերջին օծման Ս. Պատարագը տեղի ունեցան Երեքշաբթի, 28 Մայիսին եւ Չորեքշաբթի, 29 Մայիսին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Մարմինը ամփոփուեցաւ Սիտըր Կրով գերեզմանատան մէջ (Ֆլաշինկ, Նիւ Եորք), որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեճաշ մը՝ Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք երէցկին Վարդուհիին, զաւակներուն, թոռներուն, քոյրերուն եւ ընտանեկան պարագաներուն։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ՝
“Rev. Moushegh Orphan Fund”
նշումով։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։ Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի։
|
|
ԱՂՕԹՔ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
|
|
Անցեալ Կիրակի, 26 Մայիսին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս օրհնեց ամերիկեան ու հայկական դրօշակները Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ
|
|
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան պատուիրած էր իւրաքանչիւր ծուխի, որ անցեալ Կիրակի, 26 Մայիսին, կամ այս Կիրակի, 2 Յունիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան գոհաբանական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի ունենայ: Հարիւր մէկ տարի առաջ, հայ ժողովուրդը հրաշալի յարութիւն առաւ ցեղասպանութենէն ետք` Աստուծոյ սուրբ հովանաւորութեամբ եւ շնորհիւ խիզախ ու նուիրեալ եկեղեցական եւ աշխարհական առաջնորդներուն։ Անոնք յաղթականօրէն ստեղծեցին առաջին ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ապահովելով վերապրումը հայ ազգին։
|
|
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԻՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
|
|
Այս Կիրակի, 2 Յունիս, Անուշաւան արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին՝ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ եկեղեցւոյ նոր հովիւը՝ Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանը, որ առաջին անգամ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ իբրեւ՝ Ս. Վարդանանցի հովիւ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն ընթացքին հաւատացեալները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու եւ ողջունելու Հ. Սահակը։
Գերպ. Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան ծնած է Հայաստան, 1983ին։ Անթիլիասի դպրեվանքէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Մայիս 2006ին, իսկ վարդապետ՝ 2010ին։ Ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը ստացած է՝ 2016ին։ Կաթողիկոսարանին ծառայած է տարբեր պաշտօններով՝ արխիւներու վարիչ, Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ, դպրեվանքի դասախօս եւ Սելանիկի (Յունաստան) հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Հ. Սահակ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ 2013ին՝ Արեւելեան թեմին ծառայելու համար։ 2013-2019ին պաշտօնավարած է իբրեւ՝ Ուստրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ուստր ծառայութեան ընթացքին, բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Պոսթըն գոլէճի մէջ եւ Մայիս 2018ին վկայուած գերազանցութեամբ՝ աստուածաբանութեան եւ հովուութեան մագիստրոսի աստիճանով։ Հայր Սուրբը յաջողութեամբ պաշտպանած է իր աւարտաճառը՝ «Սուրբ Հոգին ըստ Հայ Եկեղեցւոյ Հոգեգալստեան շարականներուն» նիւթով։ 2017ին Արեւելեան թեմի Կրօնական Ժողովի անդամ ընտրուած էր, իսկ անցեալ տարի՝ առաջնորդական փոխանորդնշանակուած։ Ան պիտի շարունակէ վարել այս պաշտօնը իր հովուական պարտականութեան զուգընթաց։
|
|
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ՝ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԵԼՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐԱԳՏՆԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՈՎ
(Շարունակութիւն՝ անցեալ շաբթուան թիւէն)
|
|
Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա.ի ուղերձը
Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի ուղերձը ուղղուած էր Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերուն ու իրենց Երեսփոխանական Ժողովներուն։ Նորին Սրբութեան ուղերձը, զոր կարդաց Հոգշ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, ի մասնաւորի կ՚ըսէր.
«Ինչպէս կը նշմարէք, այս տարի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերուն նոյն պատգամը կը յղենք, նկատի ունենալով՝ ձեր թեմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ յառաջիկային ձեր ունենալիք միջ-թեմական խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը։
Վերջին Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին ուղղուած հայրապետական Մեր պատգամին մէջ յատուկ տեղ յատկացուցած էինք թեմերու վերակազմակերպումին։ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու վերակազմակերպումին գծով, 26 Յունուար, 2017, թուակիր Մեր նամակով ձեզի փոխանցած էինք աշխատանքային ծրագիր մը (plan of action)։ Ապա, թեմերուն ուղղուած Մեր շրջաբերականով եւ ժողովական աշխատանքներու ընթացքին Մեր ընդհանուր պատկերացումը փոխանցեցինք ձեզի։ Բոլոր թեմերը, վստահաբար նաեւ ձեր թեմերը, արդէն լծուած են այս աշխատանքին։ Որպէսզի այս յոյժ կարեւոր գործընթացքը ծրագրուած ըլլայ, յիշեցումի կարգով, կ՚ուզենք հետեւեալ կէտերը ընդգծել»։
Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց երեք կէտեր.
ա) Վերակազմակերպութեան գործընթացը,
բ) Ժողովուրդին ծառայութիւնը՝ մեր ծուխերու ընդմէջէն,
գ) Բանիմաց, փորձառու եւ նուիրուած երիտասարդ հոգեւորականներու պատրաստութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը աւարտեց իր պատգամը թելադրելով, որ վեց ամիսէն, երեք թեմերը հանդիպում մը ունենան Անթիլիասի մէջ՝ միասնաբար քննելու եւ քննարկելու անոնց կատարած գործը։
|
|
2018-2019 թուականներու Կրօնական Ժողովը եւ Ազգային Վարչութիւնը
|
|
Համակարգող՝ Քարէն Ճէհանեան, ներկայացուց հետեւեալ խմբական ժողովներու նիւթերը՝ Կիրակնօրեայ դպրոցներ (Գերպ. Հ. Սահակ Ծ. վրդ Եմիշեան), Youth Ministry (Անի Օվանէսեան), Ծուխերու ներգրաւում (Մելինէ Մեսրոպեան), Ծուխերու ներդրումներ եւ ծխականներու հանդէպ պատասխանատուութիւն (Րաֆիի Ուրլեան), Ծուխերու ապահովագրութեան ծրագիր (Մարք Ֆիլիփս), Կանոնագրութիւն, Պիւտճէ (Րաֆֆի Ուրլեան)։
Երեսփոխանները արձանագրուեցան իրենց նախընտրած խմբական ժողովին, որ Երեսփոխանական Ժողովին ներկայացուելիք գործունէութեան բանաձեւեր մշակեց։
Երեսփոխանական Ժողովի այլ նշելի դէպքեր էին Տ. Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեանի համառօտ զեկոյցը իր կողմէ անցեալ ինը տարիներուն ղեկավարուող ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ամառնային ճամբարին մասին՝ որբերու համար, ինչպէս եւ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքին պատրաստած տեսերիզը Ազգ. Առաջնորդարանի տարբեր յայտագիրներու մասին, որ ցուցադրուեցաւ երեսփոխաններուն եւ գնահատանքի արժանացաւ։ «Հայրենիք» ընկերակցութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչներ հրաւիրուեցան խօսք ուղղելու ժողովին։
|
|
Ուրբաթ երեկոյեան ընթրիք եւ պարգեւներ
|
|
Ուրբաթ երեկոյեան, Ամերիկայի Հայկական Թանգարանին մէջ (Ուոթըրթաուն) տեղի ունեցած ընթրիքի պահուն
|
|
Երեսփոխաններն ու տեղական ծխականները միասնաբար ընթրեցին Ուրբաթ երեկոյեան։ Համադամ ընթրիքն ու վայրին իւրայատկութիւնը (Ամերիկայի Հայկական Թանգարանը, Ուոթըրթաուն) ստեղծեցին մթնոլորտ մը, որ Երեսփոխանական Ժողովի ներգրաւման ու յայտնաբերման թեմային հետ համահունչ էր։ Խիտ, սակայն իմաստալից յայտագիրը վարեց Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Ճէք Մարտոյեանը։ Արժ. Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեան երեսփոխանները ջերմօրէն ողջունեց, սրտագին շնորհակալութիւն յայտնելով Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յանձնախումբին ու ծխականներուն, որոնք սիրով ստանձնած էին Երեսփոխանական Ժողովը կազմակերպելու դժուարին աշխատանքը, որ սովորաբար աւելի մեծ ծուխերու պարտականութիւնն է։
|
|
Անուշաւան արքեպիսկոպոս եւ Ճէք Մարտոյեան Առաջնորդարանի բարձրագոյն պարգեւը՝ «Առաջնորդարանի արծիւը», կը յանձնեն դատաւոր Սարգիս Թշոյեանին։
|
|
Պարպրա եւ Ճան Պէրպէրեան Առաջնորդարանի գնահատագիրներ ստացան՝ Ուայթընզվիլի համայնքին իրենց նշանակալից ծառայութեան համար
|
|
Առաջնորդարանի գնահատագիրը շնորհուեցաւ Տիար Յակոբ Անդրանիկեանին՝ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Առաջնորդարանիս իր մատուցած տարիներու ծառայութեան համար։
|
|
Անուշաւան արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց Ուայթընզվիլի համայնքին եւ բոլոր երեսփոխաններուն, որոնք տեսիլքով ու վճռակամութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին։ Այնուհետեւ, ան յանձնեց շարք մը պարգեւներ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ։ Թէեւ բոլոր ենթակաները անակնկալի եկած էին, սակայն ոչ աւելի քան Ազգ. Առաջնորդարանի բարձրագոյն պարգեւը՝ «Առաջնորդարանի Արծիւ»ը ստացողը՝ դատաւոր Սարգիս Թշոյեան, որ իր կնոջ՝ Արտեմիսին հետ ներկայացաւ։ Դատաւոր Թշոյեան աւելի քան կէս դար Հայ Եկեղեցւոյ ու Առաջնորդարանին զօրավիգ կանգնած է, շնորհալիօրէն վարելով բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ։ Շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր, դատաւոր Թշոյեան բոլորին վստահեցուց, թէ «ստացած է շատ աւելին, քան տուածը»։ Անոր խօսքերուն հետեւող որոտընդոստ ծափահարութիւնը լի էր յարգանքով ու հիացումով՝ Առաջնորդարանիս ամենէն զօրաւոր հիմնաքարերէն մէկուն հանդէպ։ Առաջնորդարանի գնահատագրեր յանձնուեցան՝ Ճան Պէրպէրեանին, Պարպրա Պէրպէրեանին եւ Յակոբ Անդրանիկեանին՝ Ուայթընզվիլի երեք ծխականներ, որոնք խորապէս ներգրաւուած էին այս Ժողովին կազմակերպութեան մէջ։
|
|
Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեանը՝ երիտասարդ Չարլզ Ուիթըլսիի հետ,որ տեղական ծուխին կողմէ գնահատուեցաւ իր ղեկավարական ձիրքերուն ու ծառայութեան համար։
|
|
Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութիւն
|
|
Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութեան 2018-2019ի վարչութեան անդամուհիները
|
|
Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութեան համագումարը տեղի ունեցաւ Երեսփոխանական Ժողովին զուգընթաց։ Երէցկին Մակի Գույումճեան ներկայացուց Ընկերակցութեան տեղեկագիրը Ժողովին։ Իրենց քննարկումներուն ժամանակ, պատուիրակները Ընկերակցութեան շարքերը յաւելեալ յանձնառութեան մղելու եղանակներ քննեցին։ Գլխաւոր բանախօսը Նայիրի Պալճեանն էր։ «Աղօթքի ուժը» նիւթին շուրջ խօսելով, ան հիմնուեցաւ իր անձնական փորձառութեան վրայ, բացատրելով՝ թէ ինչո՞ւ կ՚աղօթենք ու ամէն ինչ Աստուծոյ ձեռքը կը դնենք։ Անոր անձնական պատմութիւնը յուզեց մեծաթիւ ներակները։ 2019-2020 տարեշրջանին, Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութեան վարչութիւնը հետեւեալ կազմը պիտի ունենայ. ատենապետուհի՝ Մարիան Պուտաքեան, փոխատենապետուհի՝ երէցկին Նեկտար Մանուկեան, թղթակցութիւններու ատենադպրուհի՝ երէցկին Մակի Գույումճեան, ատենադպրուհի՝ Ռոզմէրի Խաչատուրեան, գանձապահուհի՝ Մատոննա Գզիրեան, խորհրդական՝ Ճոյս Պաղտասարեան։
Ազգային Երեսփոխական Ժողովի պաշտօնական աւարտէն առաջ, Ֆիլատելֆիայի պատուիրակութիւնը հրաւիրեց երեսփոխաններ, որպէսզի յառաջիկայ տարի մասնակցին 2020ի ժողովին։ Գալիք տարուան ժողովը պիտի հիւրընկալուի Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի տարեկան վիճակահանութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ երեկոյեան ընթրիքի աւարտին։ Անդրանիկ Պուտաքեանի, Յակոբ Անդրանիկեանի եւ այլոց վերջին վայրկեանի ճիգին շնորհիւ, այս տարուան վիճակահանութիւնը երբեւէ լաւագոյններէն մէկը դարձաւ։Վիճակահանութեան արշաւի ընթացքին հաւաքուած գումարը Առաջնորդարանի բազմաթիւ ծրագիրներու հիմնական աղբիւրն է։
2019ի յաղթողները՝
Ա. մրցանակ ($5,000)՝ Liberty Contracting Corp.
Բ. մրցանակ ($2,000)՝ Անիթա Մասոյեան։
Գ. մրցանակ ($1,000)՝ Թամար Քանարեան։
Դ. մրցանակ ($1,000)՝ Նայտա Ոսկերիչեան։
Ե. մրցանակ ($1,000)՝ Զապէլ Հաճեան Ազապլար։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՅՈՒՆԻՍ
Բ. ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Ընթերցումներուն մասին.
Երկուշաբթի, 29 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (9 Յունիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին.
1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս
2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս
3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս
4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։
Հոգեգալուստին չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ՝ խաչելութեան պատումը։
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 23:12-35
Յաջորդ
առաւօտ
,
կարգ
մը
Հրեաներ
իրարու
քով
եկան
եւ
իրենք
զիրենք
նզովքի
տակ
դնելով՝
երդում
ըրին
չուտել
ու
չխմել
,
մինչեւ
չսպաննեն
Պօղոսը
:
Քառասուն
հոգիէն
աւելի
էին
այս
երդումը
ընողները
:
Ասոնք
մօտեցան
աւագ
քահանաներուն
ու
երէցներուն
եւ
ըսին
.
–
Մենք
մեզ
նզովքի
տակ
դնելով
երդում
ըրինք՝
բան
չճաշակել
,
մինչեւ
Պօղոսը
չսպաննենք
:
Դուք
Ատեանին
անունով
հազարապետին
լուր
ղրկեցէք
որ
զայն
ձեզի
ղրկէ
,
պատճառաբանելով՝
թէ
կ
’
ուզէք
իր
մասին
աւելի
ստոյգ
տեղեկութիւն
ունենալ
:
Իսկ
մենք
պատրաստ
կ
’
ըլլանք
արդէն
,
եւ
անիկա
տակաւին
հոս
չհասած՝
կը
սպաննենք
զինք
:
Պօղոսի
քրոջ
տղան
այս
դաւադրութիւնը
իմանալով
,
եկաւ
զօրանոց
եւ
Պօղոսին
պատմեց
:
Պօղոս
հարիւրապետներէն
մէկը
կանչելով
,
ըսաւ
.
–
Այս
պատանին
հազարապետին
տար
,
որովհետեւ
իրեն
ըսելիք
մը
ունի
:
Հարիւրապետը
զայն
հազարապետին
տարաւ
եւ
ըսաւ
.
–
Բանտարկեալ
Պօղոսը
զիս
կանչեց
եւ
խնդրեց
որ
այս
պատանին
քեզի
բերեմ
,
որովհետեւ
քեզի
ըսելիք
մը
ունի
:
Հազարապետը
պատանիին
ձեռքէն
բռնելով
մէկ
կողմ
տարաւ
եւ
հարցուց
.
–
Ի՞նչ
ունիս
ինծի
ըսելիք
:
Պատանին
ըսաւ
.
–
Հրեաները
համաձայնեցան
քեզմէ
խնդրել
,
որ
վաղը
Պօղոսը
Ատեան
ղրկես
,
որպէս
թէ
աւելի
մանրակրկիտ
հարցու
-
փորձելու
համար
զայն
:
Բայց
մտիկ
մի՛
ըներ
իրենց
.
որովհետեւ
իրենց
մէջէն
քառասունէ
աւելի
մարդիկ
իրենք
զիրենք
նզովքի
տակ
դնելով
երդում
ըրած
են
չուտել
ու
չխմել՝
մինչեւ
չսպաննեն
զայն
.
եւ
հիմա
դարան
մտած
ու
պատրաստ՝
կը
սպասեն
քու
հրամանիդ
:
Հազարապետը
պատանին
ճամբեց
,
պատուիրելով
.
–
Ոեւէ
մէկուն
մի՛
ըսեր
ինչ
որ
ինծի
յայտնեցիր
:
Ապա
հազարապետը
հարիւրապետներէն
երկու
հոգի
կանչելով
,
ըսաւ
.
–
Երկու
հարիւր
հետեւակ
,
եօթանասուն
հեծեալ
եւ
երկու
հարիւր
տիգաւոր
զինուորներ
թող
պատրաստ
ըլլան
գիշերուան
ժամը
իննին
դէպի
Կեսարիա
ճամբայ
ելլելու
:
Պօղոսին
համար
ալ
գրաստ
պատրաստեցէք
եւ
զայն
ապահով
կերպով
Ֆելիքս
կառավարիչին
հասցուցէք
:
Նամակ
մըն
ալ
գրեց
,
հետեւեալ
բովանդակութեամբ
.-
«
Կլաւդիոս
Լիսիասի
կողմէ՝
նորին
գերազանցութիւն
Ֆելիքս
կառավարիչին
:
Ողջոյն
»:
«
Հրեաներ
բռներ
էին
այս
մարդը
եւ
զինք
սպաննելու
վրայ
էին
:
Իմանալով
որ
Հռոմայեցի
է
,
վրայ
հասայ
եւ
զինք
ազատեցի
:
Ուզեցի
գիտնալ
թէ
ի՛նչ
յանցանքով
կ
’
ամբաստանեն
զինք
.
ուստի
իրենց
Ատեանը
տարի
զինք
.
եւ
հասկցայ
թէ
իրենց
Օրէնքին
վերաբերող
խնդիրներու
համար
կ
’
ամբաստանեն
.
այսինքն՝
մահուան
կամ
բանտարկութեան
արժանի
յանցանք
մը
չունի
:
Բայց
երբ
ինծի
իմացուցին՝
թէ
Հրեաներ
դաւ
մը
լարած
են
իր
կեանքին
դէմ
,
զայն
իսկոյն
քեզի
ղրկեցի
,
հրամայելով
որ
ամբաստանողները
քեզի
ներկայացնեն
իրենց
ըսելիքները
:
Ողջ
եղիր
»:
Հազարապետին
հրամանին
համաձայն
,
հետեւակ
զինուորները
առին
Պօղոսը
եւ
գիշերով
Անտիպատրիս
փոխադրեցին
,
եւ
յաջորդ
օրը
զայն
իրենց
ընկերացող
հեծեալներուն
յանձնելով՝
իրենք
զօրանոց
վերադարձան
:
Հեծեալները
Կեսարիա
հասան
եւ
նամակը
կառավարիչին
տալով՝
Պօղոսն
ալ
անոր
ներկայացուցին
:
Կառավարիչը
նամակը
կարդաց
եւ
Պօղոսին
հարցուց
թէ
կայսրութեան
ո՛ր
նահանգէն
է
.
եւ
հասկնալէ
ետք
թէ
Կիլիկիայէն
է
,
ըսաւ
.
–
Երբ
որ
քեզ
ամբաստանողները
գան
,
կը
լսեմ
քեզ
:
Եւ
հրամայեց
որ
զայն
Հերովդէսի
ապարանքին
մէջ
պահեն
:
ՂՈՒԿԱՍ 19:29-48
Երբ
Յիսուս
մօտեցաւ
Բեթփագէի
եւ
Բեթանիայի
,
մօտիկը
այն
լեռան
որ
Ձիթենեաց
կը
կոչուի
,
աշակերտներէն
երկու
հոգի
ղրկեց՝
անոնց
պատուիրելով
.
–
Գացէք
սա
դիմացի
գիւղը
:
Հազիւ
մտած՝
հոն
կապուած
աւանակ
մը
պիտի
գտնէք
,
որուն
վրայ
ո՛չ
ոք
նստած
է
տակաւին
:
Քակեցէք
զայն
եւ
բերէք
:
Եթէ
ոեւէ
մէկը
հարցնէ
թէ
ինչո՛ւ
կը
քակէք
,
իրեն
ըսէք՝
«
Տէրը
պէտք
ունի
անոր
»:
Երկու
աշակերտները
գացին
եւ
ամէն
ինչ
գտան
այնպէս՝
ինչպէս
Յիսուս
ըսած
էր
իրենց
:
Աւանակը
հոն
էր
:
Եւ
մինչ
կը
քակէին
զայն
,
անոր
տէրերը
ըսին
իրենց
.
–
Ինչո՞ւ
կը
քակէք
աւանակը
:
Անոնք
պատասխանեցին
.
–
Տէրը
պէտք
ունի
անոր
:
Եւ
զայն
բերին
Յիսուսի
:
Ապա
իրենց
վերարկուները
դրին
աւանակին
վրայ
եւ
Յիսուսը
հեծցուցին
անոր
վրայ
:
Եւ
մինչ
կը
յառաջանար
,
ժողովուրդը
վերարկուները
ճամբուն
վրայ
կը
փռէր
:
Երբ
մօտեցաւ
Երուսաղէմի
,
հոն
ուր
Ձիթենեաց
լեռան
զառիվարը
կը
սկսէր
,
աշակերտները
բոլորն
ալ
սկսան
ուրախութեամբ
եւ
բարձրաձայն
զԱստուած
օրհնաբանել՝
իրենց
տեսած
բոլոր
հրաշագործութիւններուն
համար
,
ըսելով
.
«
Օրհնեալ
է
թագաւորը
որ
կու
գայ
Տիրոջ
անունով
.
խաղաղութի՜ւն
երկինքի
մէջ
եւ
փա՜ռք
Բարձրեալին
»:
Փարիսեցիներէն
ոմանք
ամբոխին
մէջէն
ըսին
Յիսուսի
.
–
Վարդապե՛տ
,
աշակերտներդ
սաստէ
որ
լռեն
:
Յիսուս
պատասխանեց
.
–
Կ
’
ըսեմ
ձեզի
,
որ
եթէ
ատոնք
լռեն՝
քարերը
պիտի
աղաղակեն
:
Երբ
Յիսուս
աւելի
մօտեցաւ
Երուսաղէմի
եւ
տեսաւ
զայն
,
լացաւ
անոր
վրայ
եւ
ըսաւ
.
–
Գոնէ
այսօր
գիտնայիր
թէ
ի՛նչ
բանի
մէջ
կը
կայանայ
խաղաղութիւնդ
:
Բայց
այլեւս
պիտի
չկրնաս
տեսնել
:
Որովհետեւ
օրեր
պիտի
գան
,
երբ
թշնամիներդ
շուրջդ
պատնէշ
պիտի
կանգնեն
,
պիտի
պաշարեն
եւ
ամէն
կողմէ
պիտի
նեղեն
քեզ
:
Հիմնայատակ
պիտի
ընեն
քեզ
եւ
սպաննեն
բնակչութիւնդ
:
Քար
քարի
վրայ
պիտի
չձգեն
,
որովհետեւ
չգիտցար
ժամանակը
,
երբ
Աստուած
եկաւ
քեզ
փրկելու
:
Ապա
տաճար
մտաւ
եւ
սկսաւ
դուրս
հանել
աղաւնեվաճառներն
ու
գնողները
,
լումայափոխներուն
սեղանները
շրջեց
եւ
ըսաւ
անոնց
.
–
Սուրբ
գիրքերուն
մէջ
գրուած
է
. «
Տունս
աղօթքի
տուն
պիտի
ըլլայ
»,
մինչ
դուք
աւազակներու
որջի
վերածած
էք
զայն
:
Յիսուս
ամէն
օր
տաճարին
մէջ
կ
’
ուսուցանէր
:
Աւագ
քահանաները
,
Օրէնքի
ուսուցիչներն
ու
ժողովուրդին
ղեկավարները
կ
’
ուզէին
զինք
սպաննել
:
Բայց
չէին
գիտեր
թէ
ի՛նչպէս
ընեն
,
մանաւանդ
որ
ամբողջ
ժողովուրդը
անոր
բերնէն
կախուած՝
մտիկ
կ
’
ընէր
իրեն
:
|
|
Այս Կիրակի, 2 Յունիս, Բ. Ծաղկազարդ է։ Զատկուան եօթներորդ Կիրակին երկրորդ Ծաղկազարդ կը կոչուի՝ օրուան ընթերցումներուն պատճառով։ Այս օրը Ծաղկազարդի ընթերցումներն ու շարականները կը կրկնուին։ Նոր Կիրակիէն մինչեւ Հոգեգալուստ, Հայ Եկեղեցին չորս Աւետարաններէն կը կարդայ իրենց ճիշդ կարգով։ Ղուկաս կը կարդացուի առաւօտեան, Յովհաննէս՝ կէսօրին, Մատթէոս՝ երեկոյեան սկիզբը, իսկ Մարկոս՝ երեկոյեան վերջը։ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին վերաբերող բաժինները կը զուգադիպին Զատկուան եօթներորդ Կիրակիին հետ, ահա թէ ինչու՝ «Երկրորդ Ծաղկազարդ» անունը։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած քանի մը տօներ կան մեր ծիսական տօնացոյցին մէջ, բայց ըստ աւանդութեան՝ ան նաեւ կը յիշուի Համբարձման չորրորդ օրը, որ Երկրորդ Ծաղկազարդն է։ Խոր Վիրապի մէջ բանտարկութեան տարիներուն, Լուսաւորիչի պահապան հրեշտակը ամէն օր կը յայտնուէր՝ սնունդ տալու համար։ Համբարձման չորրորդ օրը, հրեշտակը չեկաւ, եւ յաջորդ օրը Գրիգոր հարցուց, թէ ինչո՞ւ։ Հրեշտակը ըսաւ իրեն, թէ Համբարձման չորրորդ օրը տօնն է իր չորրորդ կարգի երկնային զօրքին համար, եւ ինք արտօնուած էր երկինք մնալ՝ տօնը նշելու եւ դրախտին մէջ Քրիստոսը վայելելու։
«Մեծահրաշ այս խորհուրդ աւանդութեամբ առ մեզ հասեալ, զոր հոգւոց լուսատուն ի պաշտպանէն իւրմէ լուեալ. եթէ տօն մեծ է այսօր իմոյ դասուն որ է յերկինս։
Քանզի ի յելսն վերին երկնայնոցն տօնէին ուրախութեամբ, ի հրեշտակացն սկսեալ մինչ ի աթոռսն կատարեալ։
Իսկ ի չորրորդն դասէ պաշտպան եղեալ լուսաւորչին, ի դասուն իւր փութացեալ ուրախութեամբ տօնակցութիւն. զոր հարցմամբ ի նմանէ տեղեկանայր մարմնով հրեշտակն։
Եւ քանզի մեծ այս խորհուրդ ի փրկութիւն բանաւորաց, հրեշտակաց եւ մարդկան առ հասարակ կատարեալ. երկոցունց սեռից ի միասին յարմարութիւն»
(Երկինքի մէջ այսօր մեծ տօն է իմ դասին. աւանդութեամբ մեզի հասած մեծահրաշ այս խորհուրդը, հոգիներուն Լուսաւորիչը իր պաշտպան հրեշտակէն լսեց։
Քանզի երբ երկնաւորը երկրէն երկինք ելաւ, երկնայինները դաս առ դաս, ուրախութեամբ տօն կը կատարէին՝ հրեշտակներէն սկսեալ մինչեւ աթոռները։
Իսկ չորրորդ դասէն՝ Լուսաւորչին պաշտպան եղող հրեշտակը ուրախութեամբ փութաց իր դասին տօնակցութեան, որուն մասին հարց տալով կը տեղեկանար մարմնով հրեշտակը։
Եւ քանի այս մեծ խորհուրդը բանաւորներուն՝ հաւասարապէս հրեշտակներուն եւ մարդոց փրկութեան համար կատարուեցաւ, երկու դասերը յարմար է որ միասին տօն ընեն)
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ
|
|
Չորեքշաբթի, 29 Մայիսին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Անուշաւան արքեպիսկոպոս հանդիպեցաւ Լիբանանի Աստուածաշնչական Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար եւ գլխաւոր գործադիր պաշտօնատար` դոկտ. Մայքլ Պասուսի եւ Ամերիկեան Աստուածաշնչական Ընկերութեան համաշխարհային արշաւի զուգընկերութիւններու տնօրէնուհի` տիկ. Ճէյն Ճելկէերհույսի հետ։
|
|
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի արձանագրութիւնը բացուած է։ Կրօնական բովանդակութեամբ այս եզակի ծրագրին կը մասնակցին 13-18 տարեկան պատանիներ։ Այս տարի տեղի պիտի ունենայ 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս՝ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել
այստեղ
։
|
|
ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐՈՒՀԻ ԿԱՐԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԵԼՈՅԹ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ
ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ
|
|
Այս գիշեր, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կարինէ Պօղոսեան՝ Առաջնորդարանի Musical Armenia ծրագրի 2004ի համերգին մասնակիցներէն մէկը, ելոյթ պիտի ունենայ Carnegie Hallի «Զանգել» սրահին մէջ։ Musical Armeniaի համերգէն ասդին, որ արտակարգ յաջողութիւն ունեցած էր, դաշնակահարուհին ելոյթ ունեցած է բազմաթիւ սրահներու մէջ՝ քննադատներու դրուատիքին արժանանալով։ Այս գիշերուան համերգը հովանաւորուած է ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ։ Carnegie Hallը կը գտնուի 57
th
Street and Seventh Avenue (Manhattan)։ Տոմսակները կարելի է ապահովել CarnegieChargeէն (212-247-7800)։
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Ծրագրին մաս կը կազմէ հովանաւորուած երեխաներուն թղթակցութիւնը իրենց հովանաւորին հետ։
Պարբերաբար այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք “Crossroads”ի մէջ։ Այս շաբթուան նամակը գրած է Կարապետը։ Երեխաներուն ինքնութիւնը չբացայայտելու համար, միայն անոնց անունը կու տանք։
|
|
Բարեւ սիրելի հովանաւոր,
Ձեզ գրում է Կարապետ... Շատ գոհ եւ շնորհակալ եմ ձեզնից ինձ եւ ընտանիքիս օգնելու համար։ Վերջերս մեր ընտանիքը աւելացաւ եւս մէկ անդամով. աւագ եղբայրս Կարէնը տղայ ունեցաւ եւ մեր ընտանիքը դարձաւ տասը հոգի։ Մենք ապրում ենք առանց ծնողների եղբայրներիս հետ, եղբայրներիցս երկուսը ամուսնացած են, աւագ եղբայրս ունի երեք երեխայ, իսկ կրտսեր եղբայրս մէկ երեխայ, գրեթէ աշխատանք չունեն, եթէ օրավարձով աշխատանքով է լինում դա են անում։ Ես եղբայրներիս եմ օգնում։ Շատ եմ սիրում եղբայրներիս երեխաներին, շուտով երկու ամսական կը դառնայ մեր տան նոր անդամը Արեգը բայց բոլորս նրան շատ ենք սիրում։
Աստուած պահապան լինի ձեր նման մարդկանց որ օգնում են մեզ նման երեխաներին։ Եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւնս եմ յայտնում ձեզնից։
Սիրով
Կարապետ …
|
|
Որբերու հովանաւորութեան ցուցակին մէջ սպասող մանուկներ կան։ Եթէ կը փափաքիք հովանաւորել անոնցմէ մէկը, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ ելեկտրոնային նամակով (
sophie@armenianprelacy.org
) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։
|
|
Մ. ՍՄԲԱՏ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ (մահ՝ 3 Յունիս, 1919)
|
|
Մ. Սմբատ Գաբրիէլեան քաջածանօթ մտաւորական մըն էր ամերիկահայ համայնքին մէջ՝ քսաներորդ դարասկիզբին, ու նաեւ ամերիկահայ մամուլի ռահվիրաներէն մէկը։
Գաբրիէլեան ծնած է Ակն (Սեբաստիա)՝ Սիամանթոյի եւ Միսաք Մեծարենցի ապագայ ծննդավայրը, 15 Դեկտեմբեր, 1856ին։ Իր ուսումը ստացած է Ակնի ու Խարբերդի մէջ։ Այնուհետեւ, երկու տարի հայերէն դասաւանդած է Այնթապ գոլէճին մէջ, ուր բժշկութիւն ուսանած է 1878-1881ին։ Միջոցին, հրատարակած է իր առաջին գիրքը՝ «Հայկական վերականգնում» (1879)։ Ակնի մէջ շրջան մը իբրեւ բժիշկ աշխատելէ ետք, մեկնած է Փարիզ, ուր 1884-1885ին Սորպոնի մէջ բժշկութիւն ուսանած է։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Այնթապ հաստատուած է, միաժամանակ դասաւանդելով Այնթապ գոլէճի մէջ եւ աշխատելով՝ հիւանդանոցի մը մէջ։
Սակայն, Գաբրիէլեանի 1879ի հատորիկը արգիլուած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, եւ հետապնդումներէ խուսափելու համար, 1886ին բժիշկը պարտադրուած է լքելու Օսմանեան կայսրութիւնը եւ մեկնելու՝ Միացեալ Նահանգներ, ուր անցուցած է իր կեանքին յետագայ տարիները։ 1888ին, այսուհանդերձ, Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Հայ բողոքականութեան անցեալն ու ապագան» գիրքը։
Գաբրիէլեան հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր զբաղած է բժշկութեամբ, ինչպէս նաեւ հանրային կեանքով։ Ամերիկահայ անդրանիկ թերթին՝ Հայկակ Էկինեանի «Արեգակ»ի հրատարակութենէն երկու տարի ետք, ան լոյս ընծայած է «Հայք» երկշաբաթաթերթը (1891-1896), որ դարձած է ամսագիր 1896ին։ Այս տեղեկատուական եւ ազգային-քաղաքական թերթը հրատարակած է Հայկական Հարցի մասին նիւթեր, ամերիկեան եւ եւրոպական մամուլին արձագանգները Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու իրավիճակին մասին, եւ ամերիկահայ համայնքի մասին լուրեր։ 1895ին, Գաբրիէլեան ընտրուած է Հայ Հայրենասիրական Դաշնակցութեան նախագահ՝ ոչ-կուսակցական կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակն էր օժանդակել արեւմտահայութեան ազատագրութեան։ Ան նաեւ հրատարակած է հայերէն գիրքեր ու գրքոյկներ, ինչպէս «Արուեստ ատենախօսութեան» (1891), «Խրիմեան Հայրիկ» (1892), «Հայ ազգային քաղաքականութիւն» (1893), «Քրիստոնեայ Հայաստան եւ քրիստոնեայ տէրութիւնք» (1896), եւ անգլերէն հատորներ (“Facts about Armenia, 1895, եւ “Bleeding Armenia”, 1897, Ա. Ուիլիըմզի գործակցութեամբ)։ 1894-1897ին պատմութեան, ընկերաբանութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու դասընթացքներու հետեւած է Գոլումպիա համալսարանին մէջ։
Գաբրիէլեան շարունակած է իր գործունէութիւնը 1900ական թուականներէն ետք, աշխատակցելով «Կոչնակ»ին եւ «Հանդէս ամսօրեայ»ին։ Հրատարակած է շարք մը հատորներ, հաւաքելով իր դասախօսութիւններն ու ճառերը («Հայկական ճգնաժամը եւ վերածնունդ», 1905, Բ. հրատ., 1909, «Հայ ցեղը», 1911), լեզուաբանական հատոր մը («Ակնի գաւառաբարբառը եւ արդի հայ լեզուն», 1912) եւ բժշկական գիրք մը («Սեռային առողջաբանութիւն», 1915)։ Ձգած է շարք մը անտիպ գործեր, որոնցմէ մէկը՝ «Մանուկներ մեծցնելու արուեստը», յետմահու լոյս տեսած է 1920ին։
Այս բեղուն գործիչը մահացած է 3 Յունիս, 1919ին, Ուիհոքընի մէջ (Նիւ Ճըրզի), 63 տարեկանին։
|
|
Today’s American Catholic Online
հրատարակած է Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս) հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս քհնյ. Շիթիլեանի ուրիշ յօդուած մը։ Այս գրութիւնը շարունակութիւնն է նախորդի մը, որ կ՚անդրադառնայ Աստուծոյ գոյութեան։
Այս յօդուածը «Անձնական Աստուծոյ» մը մասին է։ Կարդացէք յօդուածը այստեղ՝
|
|
“CROSSROADS”Ի ԹՂԹԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
|
|
Նկատի ունեցէք, որ Հինգշաբթի օրուան “Crossroads” ելեկտրոնային լրատուին նիւթեր եւ լուսանկարներ հասցնելու պայնամաժամը Չորեքշաբթի կէսօր է։ Ձեր գործակցութիւնը կարելի կը դարձնէ, որ “Crossroads”ի հրատարակութիւնը տեղի ունենայ ճիշդ ժամանակին։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԷՆ
|
|
ԵՐԿՈՒ ԳԻՐՔԵՐ ԱՄԵՆԷՆ ՊԶՏԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
|
|
Մանուկի կրթական զարգացման համար էական է գիրքերու հետ շփումը, զանոնք շօշափելու, ընթերցումը լսելու եւ, ի վերջոյ, ընթերցելու տեսանկիւնէն։ Այս գողտրիկ գրքոյկները՝ “Kids Reading Armenian” շարքին մէջ, զուարճալի են՝ թէ՛ տեսնելու եւ թէ՛ կարդալու համար։ Հեղինակը Թալին Պատրիկեանն է, նկարազարդողը՝ Լիլի Թէնկ։ Գիրքին չափն ու ամուր էջերը՝ կը դիւրացնեն գործածութիւնը փոքրիկ ձեռքերուն համար։ Գիրքերը հայերէն են՝ անգլերէն թարգմանութեամբ։
|
|
«Աշխատասէր մրջիւններ»
16 էջ, $15.00 առաւել առաքման ծախս
|
|
«Ուրախ խոզուկը»
16 էջ, $15.00 առաւել առաքման ծախս
|
|
Ահա նաեւ քանի մը խաղալիքներ, որոնք ձեռքերն ու մտքերը զբաղած կը պահեն.
|
|
Հայկական քարտէսի գլուխկոտրուկ (puzzle)
Կ՚օգնէ ձեռքի ու աչքի համակարգումը զարգացնելու՝ միաժամանակ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը սորվեցնելով։
$29.99 առաւել առաքման ծախս
|
|
Գիրերն ու քարտեր
Կը ներառէ 38 հայերէն տառերը (փայտով), 38 երկկողմանի քարտեր եւ տուփ մը՝ պահելու համար։
$39.99 առաւել առաքման ծախս
|
|
Հայկական թիւերու գլուխկոտրուկ
Այս խաղալիքով, դիւրին է թիւերը սորվիլ։
$24.99 առաւել առաքման ծախս
|
|
Հայկական թիւերու գլուխկոտրուկ
Այս խաղալիքով, դիւրին է թիւերը սորվիլ։
$24.99 առաւել առաքման ծախս
|
|
Հայկական մագնիսական տառեր
Այս հայկական մագնիսական տառերը կ՚օգնեն այբուբենը ճանչնալու եւ կը խրախուսեն բառախաղը։
Շարքը կը ներառէ 60 տախտակէ մագնիսական տառեր՝ յատուկ տուփի մը մէջ։ (
Մագնիսական աղիւսակը ներառուած չէ
)
$29.99 առաւել առաքման ծախս
|
|
Տեղեկութիւններու եւ ապսպրանքի համար, հաճեցէք գրել Առաջնորդարանի գրախանութին (
books@armenianprelacy.org
) կամ հեռաձայնել 212-689-7810 թիւին։
|
|
«Սիամանթօ» լսարանի
դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝
anec@armenianprelacy.org
կամ՝ 212-689-7810։ Յաջորդ ու վերջին դասը՝
Շաբաթ, 8 Յունիսին։
30 Մայիս
—«Հոգիիս երաժշտութիւնը» (Music of my soul), Կարինէ Պօղոսեան (դաշնակ),
Zankel Hall, Carnegie Hallի մէջ, այս երեկոյեան՝ ժամը 7:30ին։
1 Յունիս
—Համբարձումի տօնակատարութիւն ՀՕՄի «Շաքէ» մասնաճիւղին կողմէ (Նիւ Ճըրզի)՝ Cornetta's ճաշարանին մէջ։ Տեղեկութիւններու համար՝arsnjshakeh@gmail.com.
2 Յունիս
—«Լաւ ըլլալու ուղիներ. մտային առողջութեան քննարկում»։ Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տակլըսթըն), կէսօրէ ետք ժամը 1:30ին։ Տեղեկութիւններու համար՝
stsarkischurch@gmail.com
.
9 Յունիս
—Արեգ Էլիբէկանի «Կեանքի գոյները» ցուցահանդէսին բացման հիւրասիրութիւն։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Ճան Փաշալեան» սրահ։ Կէսօրէ ետք ժամը 1:00էն 3:00։ Ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ 10-23 Յունիս։
15 Յունիս
—Գառնիկ Սարգիսեանի ազգային-յեղափոխական երգերու համերգ՝ ի պատիւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան։ Ելոյթ կ՚ունենան նաեւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը եւ «Արեգակ» երգչախումբը։ Ս. Աստուածածնի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցի, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի, երեկոյեան ժամը 7:30ին։ Տեղեկութիւններու համար՝
ARFDRO@gmail.com
կամ ARSAGNOUNI@gmail.com։
16 Յունիս
—Հայրերու օրուան դաշտահանդէս։ Ս. Գրիգոր եկեղեցի, Ինտիըն Օրչըրտ (Մասաչուսեթս)։
30 Յունիս-7 Յուլիս
—33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին։ Տեղեկութիւններու համար՝
arec@armenianprelacy.org
կամ 212-689-7810։
13 Յուլիս
—“Hye Summer Night Dinner-Dance”՝ Ս. Վարդանանց Տիկնանց Միութեան կողմէ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), Crowne Plaza Hotel (Ուորուիք)։ Տեղեկութիւններու համար՝ Ճոյս Պաղտասարեան, 401-434-4467։
9-12 Հոկտեմբեր
—Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով, տեղի պիտի ունենայ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
12 Հոկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։
Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։
17 Նոյեմբեր
—Կոմիտաս Վարդապետի 150ամեակի ծննդեան տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|